-
«Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»Դիտարան 2009 | Ապրիլ 1
-
-
Օրին մէկը, երբ Մովսէս ոչխարները կ’արածէր, արտասովոր տեսարան մը տեսաւ,– մորենի մը կրակով կը վառէր, բայց «չէր սպառեր» (համար 2)։ Հետաքրքրութիւնը շարժելով, ան մորենիին մօտեցաւ։ Եհովա հրեշտակի մը միջոցաւ, կրակին մէջէն Մովսէսի ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է» (համար 5)։ Պահ մը խորհէ. քանի որ հրեշտակը սուրբ Աստուածը կը ներկայացնէր, գետինը սուրբ սեպուեցաւ։
-
-
«Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»Դիտարան 2009 | Ապրիլ 1
-
-
Աստուծոյ կարեկցութիւնը պատճառ կու տայ մեզի, որ յոյս ունենանք։ Իր օգնութեամբ, մենք՝ անկատար մարդիկս, կրնանք որոշ չափով սրբութիւն ձեռք ձգել եւ իրեն ընդունելի ըլլալ (Ա. Պետրոս 1։15, 16)։ Ընկճուածութեան ու վհատութեան հետ մաքառող քրիստոնեայ կին մը, մորենիին մօտ պատահած դէպքէն մխիթարութիւն ստացած է։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ Եհովա կրնայ նոյնիսկ աղտոտ գետինը սուրբ ընել, ուրեմն ինծի համար փոքր յոյս մը կայ։ Այս գաղափարը մեծապէս ինծի օգնած է»։
-