Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա21 Յուլիս էջ 1-12
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2021)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒԼԻՍ 5-11
  • ՅՈՒԼԻՍ 12-18
  • ՅՈՒԼԻՍ 19-25
  • ՅՈՒԼԻՍ 26–ՕԳՈՍՏՈՍ 1
  • ՕԳՈՍՏՈՍ 2-8
  • ՕԳՈՍՏՈՍ 9-15
  • ՕԳՈՍՏՈՍ 16-22
  • ՕԳՈՍՏՈՍ 23-29
  • ՕԳՈՍՏՈՍ 30–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 5
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2021)
ժտա21 Յուլիս էջ 1-12

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒԼԻՍ 5-11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 11-12

«Եհովան ինչպէ՞ս կ’ուզէ պաշտուիլ»

it-2 1007 ¶4

Հոգի

Ամբողջ հոգիով ծառայել։ «Հոգի» բառը գլխաւորաբար կը նշանակէ լման անձը։ Բայց կան համարներ, որոնք մեզ կը քաջալերեն որ Աստուած փնտռենք ու սիրենք եւ իրեն ծառայենք ‘մեր բոլոր սրտով եւ բոլոր հոգիով’ (Բ. Օր. 4։29. 11։13, 18), իսկ Բ. Օրինաց 6։5–ը կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ»։ Յիսուս ըսաւ որ կարեւոր է որ մէկը ոչ միայն ամբողջ անձով (հոգիով) եւ զօրութիւնով ծառայէ, հապա նաեւ՝ «բոլոր մտքով» (Մար. 12։30. Ղուկ. 10։27)։ Հարցում մը կը ծագի. լաւ ինչո՞ւ միւս բաները կը նշուին «հոգի»ին հետ, մինչ ատոնք բոլորն ալ հոգիին մէկ մասն են։ Օրինակով մը բացատրենք հաւանական իմաստը. անձ մը կրնայ ինքզինք (իր հոգին) ծախել իբրեւ ստրուկ, եւ այսպիսով իր տիրոջ ստացուածքը ըլլալ։ Բայց թերեւս ան չուզելով ծառայէ իր տիրոջ եւ սրտանց չընէ անոր ուզածը։ Այսպիսով ան իր ամբողջ զօրութիւնով եւ մտային կարողութիւնով ծառայած չըլլար (համեմատէ՛ Եփ. 6։5. Կող. 3։22)։ Ուրեմն միւս բաները «հոգի»ին հետ նշուած են, որպէսզի ատոնց վրայ կեդրոնանանք եւ զանոնք չմոռնանք մինչ կը ծառայենք Աստուծոյ, որուն կը պատկանինք, եւ իր Որդիին, որուն կեանքը մեր փրկագինն է։ Ամբողջ հոգիով Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ՝ ամբողջ անձով, մէջը ըլլալով մարմնին բոլոր անդամները, գործունէութիւնները, կարողութիւնները եւ ցանկութիւնները (համեմատէ՛ Մատ. 5։28-30. Ղուկ. 21։34-36. Եփ. 6։6-9. Փլպ. 3։19. Կող. 3։23, 24)։

it-1 84 ¶3

Զոհասեղան

Իսրայէլացիներուն ըսուեցաւ, որ փլեն բոլոր հեթանոսական զոհասեղանները եւ քանդեն այն արձաններն ու կուռքերը, որոնք սովորաբար ատոնց քով շինուած կ’ըլլային (Ել. 34։13. Բ. Օր. 7։5, 6. 12։1-3)։ Անոնք կռապաշտութիւն պէտք չէր ընէին, ոչ ալ իրենց զաւակները կրակով այրէին, ինչպէս որ քանանացիները կ’ընէին (Բ. Օր. 12։30, 31. 16։21)։ Իսրայէլացիները շատ մը զոհասեղաններ պէտք չէր ունենային, հապա միայն մէկ հատ՝ միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու համար, եւ ատիկա պիտի դրուէր ուր որ Եհովան կ’ընտրէր (Բ. Օր. 12։2-6, 13, 14, 27. ասիկա բաղդատեցէք Բաբելոնին հետ, ուր 180 զոհասեղաններ կային միայն Իշթար չաստուածուհիին համար)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 925-926

Գարիզին, լեռ

Գայի քաղաքը գրաւելէ ետք, Յեսուին առաջնորդութեամբ՝ իսրայէլի ցեղերը Գարիզին լերան եւ Գեբաղ լերան առջեւը հաւաքուեցան, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէս պատուիրէր էր։ Հոն, ժողովուրդին առջեւ կարդացուեցան այն օրհնութիւնները, որ անոնք պիտի վայելէին եթէ Եհովային հնազանդէին, եւ այն անէծքները, որոնք անոնց գլխուն պիտի գային եթէ իրեն չհնազանդէին։ Շմաւոնի, Ղեւիի, Յուդայի, Իսաքարի, Յովսէփի եւ Բենիամինի ցեղերը կանգնեցան Գարիզին լերան առջեւ։ Ղեւտացիները եւ ուխտին տապանակը կը գտնուէին ձորին մէջ, իսկ մնացեալ վեց ցեղերը կանգնեցան Գեբաղ լերան առջեւ (Բ. Օր. 11։29, 30. 27։11-13. Յես. 8։28-35)։ Ըստ երեւոյթին, Գարիզին լերան առջեւ եղող ցեղերը պատասխանեցին այն օրհնութիւններուն, որոնք իրենց կողմը կարդացուեցան, մինչ մնացեալ ցեղերը պատասխանեցին այն անէծքներուն, որոնք Գեբաղ լերան կողմը կարդացուեցան։ Կ’ըսուի որ օրհնութիւնները Գարիզի՛ն լերան կողմը կարդացուեցան, քանի որ ատիկա աւելի անուշիկ եւ բարեբեր էր քան՝ Գեբաղ լեռը, որ աւելի ժայռոտ եւ անբարեբեր էր. բայց Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր ասոր մասին։ Օրէնքը բարձրաձայն կարդացուեցաւ «Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին եւ անոնց կիներուն ու տղաքներուն եւ անոնց մէջ պտըտող օտարականին առջեւ» (Յես. 8։35)։ Երկու լեռներուն առջեւ հաւաքուողները կրնային կարդացուած խօսքերը լսել, հաւանաբար քանի որ իրենց գտնուած լեռնային շրջանը կ’օգնէր որ ձայնը իրենց հասնի։

ՅՈՒԼԻՍ 12-18

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 13-15

«Օրէնքը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Եհովան աղքատներով հետաքրքրուած էր»

it-2 1110 ¶3

Տասանորդ

Այնպէս կ’երեւի թէ ամէն տարի երկրորդ տասանորդ մը կը տրուէր, որ գործածուէր ղեւտացիներուն պէտքերը հոգալէն զատ ուրիշ նպատակներու համար, հակառակ անոր որ ղեւտացիներն ալ ատկէ կ’օգտուէին։ Սովորաբար, ատիկա մեծաւ մասամբ կը գործածուէր իսրայէլացի ընտանիքներուն կողմէ, երբ Երուսաղէմ կը հաւաքուէին տարեկան տօներուն համար։ Եթէ անոնց համար դժուար ըլլար իրենց բերքին տասանորդը տանիլ Երուսաղէմ, անոնք տասանորդը կը ծախէին եւ գումարը կը տանէին ու տօնին ժամանակ կը գործածէին ուտել–խմելու եւ ուրախանալու համար (Բ. Օր. 12։4-7, 11, 17, 18. 14։22-27)։ Իսկ եօթնամեայ շաբաթական շրջանի ամէն երրորդ եւ վեցերորդ տարիներուն վերջաւորութեան, իսրայէլացիները այս տասանորդը իրենց ծախսերուն համար չէին գործածէր, հապա՝ զայն կը տրամադրէին ղեւտացիներուն, օտարականներուն, որբեւայրիներուն եւ որբերուն օգնելու (Բ. Օր. 14։28, 29. 26։12)։

it-2 833

Շաբաթ տարի

Շաբաթ տարին կը կոչուէր «շնորհելու [հաշ·շէմիդ·դա] տարին» կամ «թողութեան տարին» (Բ. Օր. 15։9. 31։10)։ Այդ տարին, հողը լման հանգիստ կ’ընէր, կարծես թէ կը շնորհուէր, քանի որ չէր մշակուեր (Ել. 23։11)։ Պարտքերն ալ կը շնորհուէին կամ կը ներուէին։ Ատոնք Եհովային համար կը ներուէին։ Կարգ մը անհատներ կ’ըսեն որ իրականութեան մէջ պարտքերը չէին ջնջուեր, հապա՝ եբրայեցիի մը պարտք տուողը չէր պահանջեր որ ան իր պարտքը վճարէ, քանի որ հողագործը լման այդ տարուան ընթացքին դրամ չէր շահեր. հակառակ անոր որ պարտք տուողը կրնա՛ր օտարէ մը պահանջել որ իր պարտքը վճարէ (Բ. Օր. 15։1-3)։

it-2 978 ¶6

Ծառայ

Ծառաներուն եւ անոնց տէրերուն փոխյարաբերութիւններուն մասին օրէնքներ։ Իսրայէլացիներուն մէջ, եբրայեցի ծառաներուն պարագան տարբեր էր օտարական կամ պանդուխտ ծառաներուն պարագայէն։ Եբրայեցի ծառան ազատ պէտք էր արձակուէր իր ծառայութեան եօթներորդ տարին կամ Յոբելեան տարին (կախեալ ըլլալով թէ ո՛ր մէկը առաջ կու գար), բայց եբրայեցի չեղող ծառան ազատ չէր արձակուեր եւ թերեւս սերունդէ սերունդ ծառայ մնար (Ղեւ. 25։44-46)։ Եբրայեցի ծառային հետ պէտք էր վարուէին ինչպէս որ գործաւորի մը հետ կը վարուէին (Ել. 21։2. Ղեւ. 25։10. Բ. Օր. 15։12)։ Այն եբրայեցին որ ինքզինք որպէս ծառայ կը ծախէր օտարականի մը, օտարականի մը ընտանիքի մէկ անդամին կամ պանդուխտի մը, կրնար որեւէ ժամանակ ազատ արձակուէր, եթէ ատոր փոխարէն դրամ վճարուէր իր տիրոջ։ Վճարողը կրնար կա՛մ ինքը ըլլալ, կամ ալ անհատ մը որ այդ իրաւունքը ունէր։ Գումարը որ կը վճարուէր կախեալ էր այն բանէն, թէ քանի՛ տարի կար մինչեւ Յոբելեան տարին կամ իր ծառայութեան եօթներորդ տարին (Ղեւ. 25։47-52. Բ. Օր. 15։12)։ Երբ տէրը իր եբրայեցի ծառան ազատ արձակէր, պէտք էր նուէր ալ տար անոր, որպէսզի ան կարենար իր ազատ նոր կեանքը սկսիլ (Բ. Օր. 15։13-15)։

Հոգեւոր գոհարներ

w06 4/1 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ելից 23։19–ին պատուէրէն, որ կ’ըսէ. «Ուլը մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր»։

Մովսիսական օրէնքին այս պատուէրը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ երեք անգամ յիշուած է, մեզի կրնայ օգնել որ ըմբռնենք, թէ Եհովան գիտէ որ ի՛նչ բաներ պատշաճ են ու ի՛նչ բաներ ո՛չ, եւ ան որքա՜ն գութ ունի եւ դիմացինին հետ կը զգայ։ Ատիկա նաեւ ցոյց կու տայ որ ան կ’ատէ սուտ պաշտամունքը (Ելից 34։26. Բ. Օրինաց 14։21)։

Ուլ մը կամ ուրիշ անասուն մը իր մօր կաթին մէջ եփելը հակառակ է Եհովային դրած բնութեան օրէնքներուն։ Աստուծոյ նպատակն է որ ձագը մօր կաթով սնունդ առնէ եւ աճի։ Ուսումնական մը կ’ըսէ որ ձագը իր մօր կաթին մէջ եփելը «կ’անարգէ այն սուրբ կապը, որ Աստուած դրած է ծնողքին եւ ձագին միջեւ»։

Ասկէ զատ, կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն, որ ձագը մօր կաթին մէջ եփելը թերեւս հեթանոսական սովորութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր անձրեւ ստանալ։ Եթէ այդ է պարագան, այս պատուէրը իսրայէլացիները կը պաշտպանէր իրենց շուրջը գտնուող ազգերուն անսիրտ եւ անգութ կրօնական սովորութիւններէն։ Մովսիսական օրէնքը ուղղակի արգիլեց իսրայէլացիները, որ այն ազգերուն սովորութիւններուն հետեւին (Ղեւտացւոց 20։23)։

Այս օրէնքին մէջ Եհովային գութն ալ կը տեսնենք։ Շիտակը, Օրէնքին մէջ կային այսպիսի շատ մը պատուէրներ, որոնք կ’արգիլէին անասուններուն հետ անգթութեամբ վարուիլը եւ բնական օրէնքներուն հակառակ բան մը ընելը։ Օրինակ, Օրէնքը կ’արգիլէր անասուն մը զոհելը, եթէ ատիկա առնուազն եօթը օր չէր անցուցած իր մօր հետ։ Ատիկա նաեւ կ’արգիլէր նոյն օրուան մէջ թէ՛ անասունը եւ թէ ատոր ձագերը սպաննելը, ինչպէս նաեւ թէ՛ մայրը եւ թէ ատոր հաւկիթները կամ ձագերը բոյնէն առնելը (Ղեւտացւոց 22։27, 28. Բ. Օրինաց 22։6, 7)։

Յստակ է որ Մովսիսական օրէնքը պարզապէս խրթին օրէնքներու եւ պատուէրներու շարք մը չէր։ Ատոր սկզբունքները մեզի կ’օգնեն, որ ունենանք բարոյական բարձր չափանիշներ, որոնք ցոյց կու տան Եհովային հիանալի յատկութիւնները (Սաղմոս 19։7-11)։

ՅՈՒԼԻՍ 19-25

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 16-18

«Արդարութեամբ դատելու համար սկզբունքներ»

it-1 343 ¶5

Կուրութիւն

Երբ իրարու հետ հարց ունեցող անհատներէն մէկը դատաւորին նուէր մը տայ, ատիկա կրնայ դատաւորին դատողութեան ազդել՝ որքա՛ն ալ արդար եւ խորատես ըլլայ։ Ան թերեւս նոյնիսկ չանդրադառնայ ասոր։ Աստուծոյ օրէնքը կ’ըսէ որ ո՛չ միայն նուէրը կրնայ կուրցնել անհատը, հապա նաեւ՝ իրեն ըսուած գովելի խօսքերը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք» (Ղեւ. 19։15)։ Ուրեմն դատաւոր մը մարդոց կողմէ սիրուելու եւ պատուուելու համար պէտք չէր հարուստին դէմ վճիռ արձակեր պարզապէս քանի որ հարուստ էր (Ել. 23։2, 3)։

it-2 511 ¶7

Թիւ

Երկու։ Թիւ երկուն շատ անգամ կը յիշուի օրինական նիւթերու մէջ։ Եթէ երկու վկաներ նոյն բանը ըսէին, անոնց ըսածը աւելի ազդեցութիւն կ’ունենար։ Դատաւորներուն առջեւ բան մը փաստելու համար պէտքը կար երկու վկաներու, կամ նոյնիսկ երեք վկաներու։ Քրիստոնէական ժողովքն ալ կը հետեւի այս սկզբունքին (Բ. Օր. 17։6. 19։15. Մատ. 18։16. Բ. Կոր. 13։1. Ա. Տիմ. 5։19. Եբ. 10։28)։

it-2 685 ¶6

Քահանայ

Գլխաւորաբար քահանաները առանձնաշնորհումը ունէին Աստուծոյ օրէնքը բացատրելու, եւ անոնք մեծ դեր կը խաղային իսրայէլացիները դատելու մէջ։ Անոնք իրենց նշանակուած քաղաքներուն մէջ կ’օգնէին դատաւորներուն եւ անոնց հետ լուծում կը գտնէին ամէնէն դժուար հարցերուն, որոնց համար տեղական դատարանները կարողութիւնը չունէին որոշում մը տալու (Բ. Օր. 17։8, 9)։ Քահանաներէն պահանջուած էր որ քաղաքին ծերերուն հետ նկատի առնեն այն պարագաները, ուր յայտնի չէր ըլլար որ ոճրագործը ո՛վ էր։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի անպայման հետեւէին պէտք եղած ցուցմունքներուն, եւ այսպիսով քաղաքը արիւնապարտ չէր ըլլար (Բ. Օր. 21։1, 2, 5)։ Եթէ նախանձ ամուսին մը ըսեր որ իր կինը գաղտնօրէն շնութիւն կ’ընէ, կինը պէտք էր սրբարան բերուէր, ուր քահանան պէտք եղած ցուցմունքներուն հետեւելով Եհովային դատաստանը ուղղակի յայտնի կ’ըլլար եւ կնոջ անմեղ կամ յանցաւոր ըլլալը մէջտեղ կ’ելլէր (Թւ. 5։11-31)։ Ամէն պարագայի, քահանաներուն կամ դատաւորներուն որոշումները պէտք էր յարգուէին։ Ան որ չէր յարգեր՝ կը սպաննուէր (Թւ. 15։30. Բ. Օր. 17։10-13)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 787

Վտարել

Օրէնքին տակ, առնուազն երկու վկաներ պէտք էր ըլլային, որ անհատին յանցաւոր ըլլալը փաստուէր եւ ան սպաննուէր (Բ. Օր. 19։15)։ Օրէնքը կը պահանջէր որ այդ վկաները առաջին անհատները ըլլային, որ յանցաւորը կը քարկոծեն (Բ. Օր. 17։7)։ Ասիկա պիտի ցուցնէր Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ եւ իսրայէլ ժողովուրդին մաքրութեան հանդէպ անոնց նախանձախնդրութիւնը։ Ասկէ զատ, ասիկա պիտի օգնէր, որ մարդիկ սուտ կամ առանց հաշիւի վկայութիւն չտային։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

it-1 519 ¶4

Դատարան

Քրիստոնէական ժողովքը։ Ճիշդ է որ քրիստոնէական ժողովքը աշխարհային դատարանի հեղինակութիւնը չունի, բայց կրնայ հոգեւոր կրթութիւն տալ եւ նոյնիսկ վտարել անկարգ անհատները։ Ասոր համար, Պօղոս առաքեալ ժողովքին կ’ըսէ, որ անոնք որոնք ժողովքը կը ներկայացնեն եւ ատոր վրայ կը վերահսկեն, պէտք է դատեն կազմակերպութեան մէջ եղողները (Ա. Կոր. 5։12, 13)։ Երբ Պօղոս առաքեալ եւ Պետրոս առաքեալ ժողովքներու եւ տեսուչներու նամակներ գրեցին, երկուքն ալ ըսին որ երէցները պէտք է լաւ ուշադրութիւն ընեն ժողովքին հոգեւոր վիճակին եւ օգնեն ու խրատեն այն անհատները, որոնք անմիտ կամ սխալ քայլ կ’առնեն (Բ. Տիմ. 4։2. Ա. Պետ. 5։1, 2. համեմատէ՛ Գաղ. 6։1)։ Անոնք որոնք բաժանումներ կը պատճառեն կամ աղանդներ կը հիմնեն, պէտք է առաջին ու երկրորդ անգամ խրատուին, առաջ որ ժողովքը լուրջ քայլ մը առնէ անոնց նկատմամբ (Տիտ. 3։10, 11)։ Բայց անոնք որոնք կը շարունակեն մեղք գործել, պէտք է ժողովքէն վերցուին ու վտարուին։ Ասիկա կրթութեան մէկ կերպն է, քանի որ մեղք գործողներուն կը ցուցնէ, որ իրենց ըրածը ընդունելի չէ ժողովքին մէջ (Ա. Տիմ. 1։20)։ Պօղոս՝ ժողովքին մէջ դատելու պատասխանատուութիւնը ունեցողներուն կ’ըսէ որ միասին հաւաքուին, որպէսզի այսպիսի հարցեր նկատի առնեն (Ա. Կոր. 5։1-5. 6։1-5)։ Անոնք անհատին մասին ըսուածին ճիշդ ըլլալը կ’ընդունին միայն եթէ երկու կամ երեք վկաներ ըլլան։ Ասկէ զատ, անոնք աչառութիւն չեն ըներ եւ նախապէս կարծիք չեն կազմեր (Ա. Տիմ. 5։19, 21)։

ՅՈՒԼԻՍ 26–ՕԳՈՍՏՈՍ 1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 19-21

«Կեանքը արժէքաւոր է Եհովային քով»

դ17.11 14 ¶4

Եհովային արդարութիւնն ու ողորմութիւնը ընդօրինակէ

4 Եհովան այնպէս մը կարգադրեց վեց ապաստանի քաղաքներուն տեղերը, որ փախստականին համար դիւրին ըլլար հոն հասնիլը։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ, որ Յորդանան գետին երկու կողմն ալ երեք քաղաք զատեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի փախստականը կարենար արագօրէն եւ դիւրութեամբ հասնիլ (Թւ. 35։11-14)։ Այդ վեց քաղաքներուն տանող ճամբաները միշտ լաւ վիճակի մէջ կը պահուէին (Բ. Օր. 19։3)։ Ըստ հրէական աւանդութեան, այդ ճամբաներուն վրայ նշաններ դրուած էին, որպէսզի փախստականին օգնեն այդ քաղաքները հասնելու։ Որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ապաստանի քաղաքներ կային, պատահմամբ մարդ սպաննողը պէտք չունէր օտար երկիր մը փախչելու, ուր վտանգ կար որ սկսէր չաստուածներ պաշտել։

դ17.11 15 ¶9

Եհովային արդարութիւնն ու ողորմութիւնը ընդօրինակէ

9 Ապաստանի քաղաքներուն նպատակներէն մէկն էր, որ իսրայէլացիները անմեղ արեան պարտական չըլլան (Բ. Օր. 19։10)։ Եհովան կեանքը կը սիրէ եւ սպանութիւնը կ’ատէ (Առ. 6։16, 17)։ Քանի որ ան արդար եւ սուրբ է, թեթեւի չ’առներ նոյնիսկ պատահաբար եղած սպանութիւնը։ Ճիշդ է որ անգիտակցաբար սպաննողին հետ ողորմութեամբ կը վարուէին, բայց նախ ան պէտք էր իր հարցը ծերերուն բացատրէր, եւ եթէ դատէին որ սպանութիւնը իրապէս անգիտակցաբար պատահած էր, այն ատեն պէտք էր ապաստանի քաղաքը մնար մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր։ Ան թերեւս իր ամբողջ կեանքը հոն անցընէր։ Այս լուրջ հետեւանքները բոլոր իսրայէլացիներուն ցուցուցին, որ մարդուն կեանքը սուրբ է։ Որպէսզի յարգէին իրենց կեանք Տուողը, պէտք էր ուրիշներուն կեանքը վտանգի տակ չդնէին։

it-1 344

Արիւն

Մարդ արարածը պէտք էր վայելէր Աստուծոյ տուած կեանքը, իսկ այն անհատը որ զինք կը զրկէր այդ կեանքէն՝ Աստուծոյ հաշիւ պիտի տար։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ այն խօսքէն, որ Աստուած ոճրագործ Կայէնին ըսաւ. «Քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ» (Ծն. 4։10)։ Նոյնիսկ այն անհատը որ իր եղբայրը կ’ատէ (եւ այսպիսով կը փափաքի որ ան մեռնի), կամ սխալ բաներ կը խօսի կամ սուտ վկայութիւն կու տայ անոր մասին (եւ անոր կեանքը վտանգի տակ կը դնէ), յանցաւոր եւ արիւնապարտ կ’ըլլայ (Ղեւ. 19։16. Բ. Օր. 19։18-21. Ա. Յովհ. 3։15)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 518 ¶1

Դատարան

Տեղական դատարանը կը գտնուէր քաղաքի մը դուռը (Բ. Օր. 16։18. 21։19. 22։15, 24. 25։7. Հթ. 4։1)։ «Դուռը» այն բացօթեայ տեղն էր, որ կը գտնուէր քաղաքէն ներս՝ դրան մօտ։ Դուռերը այն տեղերն էին, ուր Օրէնքը կը կարդացուէր հաւաքուած ժողովուրդին եւ ուր ուղղութիւններ կը տրուէին (Նէ. 8։1-3)։ Անհատ մը կրնար դրան մօտ դիւրութեամբ վկայ գտնել քաղաքացիական հարցերու համար (ինչպէս՝ ստացուածք մը գնել–ծախել), քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը օրուան ընթացքին կ’ելլեն ու կը մտնեն այդ դռնէն։ Ասկէ զատ, քանի որ դրան մօտ եղող դատաստանը մարդոց առջեւ կ’ըլլար, դատաւորները ուշադրութեամբ եւ արդարութեամբ նկատի կ’առնէին դատերը եւ որոշումներ կու տային։ Ըստ երեւոյթին, դրան մօտ յատուկ տեղ մը կ’ըլլար, ուր դատաւորները կրնային հանգստօրէն դատել (Յոբ 29։7)։ Սամուէլ ճամբորդեց Բեթէլ, Գաղգաղա ու Մասփա եւ «բոլոր այն տեղերը Իսրայէլը կը դատէր»։ Ան Ռամայի մէջ ալ կը դատէր, ուր կ’ապրէր (Ա. Թագ. 7։16, 17)։

ՕԳՈՍՏՈՍ 2-8

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 22-23

«Օրէնքը ինչպէ՞ս ցուցուց որ Եհովան անասուններով հետաքրքրուած է»

it-1 375-376

Բեռ

Անցեալին, մարդիկ շատ անգամ անասունները կը գործածէին, որ անոնց վրայ բեռ դնէին։ Իսրայէլացիներուն ըսուած էր, որ եթէ տեսնէին թէ զիրենք ատող մէկուն էշը բեռի տակ ինկած է, պէտք չէր զայն ձգէին, հապա պէտք էր ‘ազատէին էշը’ (Ել. 23։5)։ Անասունին կրելու կարողութեան համեմատ եղող ծանրութիւնը կը կոչուէր բեռ. օրինակ՝ «երկու ջորիի բեռ» (Դ. Թագ. 5։17)։

it-1 621 ¶1

Բ. Օրինաց

Բ. Օրինաց գիրքին մէջ անասուններուն մասին ալ սիրալիր պատուիրաններ կային։ Իսրայէլացիներուն արգիլուած էր բոյնին վրայ նստող թռչուն մը առնել, քանի որ ատիկա ինքզինք չէր կրնար պաշտպանել մինչ հոն նստած իր ձագերուն վրայ կը հսկէր։ Իսրայէլացիները կրնային ձագերը առնել, բայց պէտք էր մայրը ազատ արձակէին, որպէսզի երթար եւ նոր ձագեր ունենար (Բ. Օր. 22։6, 7)։

դ03 11/1 32 ¶1-2

«Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»

ԻՆՉՊԷՍ պատկերին մէջ կը տեսնէք, միասնաբար հերկող ուղտն ու եզը շատ անհանգիստ են։ Զիրենք միացնող լուծը,– որ նոյն չափը ու զօրութիւնը ունեցող երկու անասուններու համար շինուած է,– իրենց նեղութիւն կը պատճառէ։ Այսպիսի բեռնատար անասուններու բարօրութեամբ հետաքրքրուելով, Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր»։ (Բ. Օրինաց 22։10) Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի եզի մը եւ ուղտի մը պարագային։

Սովորաբար երկրագործ մը իր անասուններուն այսպիսի նեղութիւն չի պատճառեր։ Բայց եթէ ան երկու եզ չունի, թերեւս մատչելի եղող երկու անասուններ միասին լծէ։ Ըստ երեւոյթին, այս էր որ պատկերին մէջի ԺԹ. դարու երկրագործը որոշեց ընել։ Չափի ու ծանրութեան տարբերութեան պատճառով, տկար անասունը պիտի ջանայ միւսին հետ քայլ պահել, իսկ զօրաւոր անասունը բեռին մեծ մասը պիտի կրէ։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 600

Պարտք, պարտական

Պարտք ըսել է բան մը՝ որ մէկը ուրիշին տալիք է, պարտաւորութիւն մը՝ որ ուրիշին բան մը վճարէ կամ տայ։ Անցեալին, իսրայէլացիները պարտքի տակ կը մտնէին գլխաւորաբար երբ դրամական նեղութիւն ունենային։ Երբ իսրայէլացի մը մէկու մը պարտական ըլլար, անոր ծառան կ’ըլլար (Առ. 22։7)։ Ասոր համար, Աստուծոյ ժողովուրդէն պահանջուած էր, որ առատաձեռն գտնուէին դրամական նեղութիւն ունեցող իսրայէլացիներուն հետ, եւ անոնց այս վիճակը չօգտագործէին՝ անձնասիրութեամբ տոկոս առնելու համար անոնցմէ (Ել. 22։25. Բ. Օր. 15։7, 8. Սաղ. 37։26. 112։5)։ Բայց իսրայէլացիները կրնային օտարներէ՛ն տոկոս պահանջել (Բ. Օր. 23։20)։ Կարգ մը հրեայ ուսումնականներ կ’ըսեն, որ այս կարգադրութիւնը առեւտուրի հետ կապ ունեցող պարտքերու համար էր, եւ ոչ թէ՝ նեղութիւն քաշող անհատներու համար։ Օտարները ընդհանրապէս ժամանակաւորապէս եւ առեւտուրի համար կու գային Իսրայէլ։ Ասոր համար, տրամաբանական է որ անոնցմէ տոկոս պահանջուէր, մանաւանդ որ անոնք ալ տոկոս կը պահանջէին, երբ ուրիշին պարտք տային։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

g 4/15 13

Անասուններ

ՄԱՐԴԻԿ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ. Կարգ մը որսորդներ ու ձկնորսներ անասուններ կը մեռցնեն որպէս խաղ, եւ հաճոյք կ’առնեն երբ անասուններ կը հալածեն կամ կը սպաննեն։ Ուրիշներու կարծիքը կը նմանի Լեւ Թոլսդոյ անունով ռուս գրողի մը կարծիքին, որ գրեց թէ անասուն մեռցնելը եւ ուտելը «բարոյական գետնի վրայ ճիշդ չէ»։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ. Աստուած կը ձգէ որ մարդիկ անասուններ մեռցնեն, որպէսզի ինքզինքնին պաշտպանեն կամ որպէսզի հագուստ շինեն (Ելից 21։28. Մարկոս 1։6)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մարդիկ կրնա՛ն անասուններ մեռցնել ուտելիքի համար։ Ծննդոց 9։3–ը կ’ըսէ. «Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ»։ Նոյնիսկ Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց որ ձուկ որսան, եւ անոնք ետքը կերան զանոնք (Յովհաննէս 21։4-13)։

Անդին, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած ‘կ’ատէ բռնութիւն սիրողը’ (Սաղմոս 11։5)։ Ուրեմն տրամաբանական է որ Աստուած չ’ուզեր որ մենք անասուններուն վնաս հասցնենք կամ զանոնք մեռցնենք հաճոյքի համար։

Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ, որ Աստուած շատ արժէք կու տայ անասուններուն կեանքին։

• Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ, որ երբ Աստուած անասունները ստեղծեց, «երկրի գազանները իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու գետնի բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս ըրաւ։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են» (Ծննդոց 1։25)։

• Սուրբ Գիրքը Եհովային մասին կ’ըսէ. «Անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ» (Սաղմոս 147։9)։ Աստուած բնութեան մէջ այնպիսի կարգադրութիւն մը ըրած է, որ լեցուն ուտելիք եւ բնակարաններ ըլլան անասուններուն համար։

• Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես» (Սաղմոս 36։6)։ Օրինակ, Ջրհեղեղին ժամանակ, Եհովան ութ անհատներ եւ ամէն տեսակի անասուններ ազատեց առաջ որ չար մարդիկը մեռցնէ (Ծննդոց 6։19)։

Յստակ է որ Եհովան կը սիրէ իր ստեղծած անասունները եւ կ’ուզէ որ մարդիկն ալ յարգեն զանոնք։

«Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի» (Առակաց 12։10)։

ՕԳՈՍՏՈՍ 9-15

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 24-26

«Օրէնքը ինչպէ՞ս ցուցուց որ Եհովան կիներուն հոգ կը տանի»

it-2 1196 ¶4

Կին

Նոյնիսկ զինուորական օրէնքները հաշուի կ’առնէին ամուսնացած զոյգը։ Օրինակ, նոր ամուսնացած տղամարդը զինուորութեան չէր կանչուեր լման մէկ տարի։ Ասիկա զոյգին առիթ կու տար, որ զաւակ ունենային։ Պզտիկը կրնար շատ մխիթարէր մայրը, երբ իր ամուսինը հեռու ըլլար, եւ մանաւանդ երբ ան պատերազմի մէջ մեռնէր (Բ. Օր. 20։7. 24։5)։

it-1 963 ¶2

Ճռաքաղութիւն

Յստակ է որ աղքատներուն համար եղող այս ճռաքաղութեան կարգադրութիւնը մարդիկը կը քաջալերէր, որ առատաձեռն ու անձնազոհ ըլլան եւ Եհովային օրհնութեան վստահին։ Ատիկա ծուլութիւն չէր քաջալերեր։ Այս կարգադրութիւնը կը ցուցնէր Դաւիթին խօսքին ճիշդ ըլլալը. «Արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25)։ Երբ աղքատները Օրէնքին այս կարգադրութենէն օգտուէին, եւ ատոր համար ծանր աշխատէին, անօթի պիտի չմնային, եւ ո՛չ իրենք, ոչ ալ իրենց զաւակները պիտի ստիպուէին հաց մուրալ։

w11 3/1 23

Գիտէի՞ր

Անցեալին՝ իսրայէլ ազգին մէջ, եթէ տղամարդ մը մեռնէր առաջ որ տղայ զաւակ ունենար, իր եղբայրէն կ’ակնկալուէր որ ամուսնանար իր այրի կնոջ հետ, որպէսզի ան զաւակներ ունենար եւ մեռնողին սերունդ բերէր (Ծննդոց 38։8)։ Այս կարգադրութիւնը նաեւ դրուեցաւ Մովսիսական օրէնքին մէջ եւ ճանչցուեցաւ որպէս տագրամուսնութիւն, կամ՝ տագրի պարտաւորութիւնը հատուցանել (Բ. Օրինաց 25։5, 6)։ Հռութ գիրքին մէջ յիշուած Բոոսին ըրածը կը ցուցնէ, որ եթէ մեռնողը եղբայր չունենար, անոր ազգականներէն ուրիշ տղամարդիկ կրնային այս պարտականութիւնը ընել (Հթ. 1։3, 4. 2։19, 20. 4։1-6)։

Յայտնի է թէ Յիսուսին օրերուն ալ կար այս կարգադրութիւնը։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Սադուկեցիները ատոր մասին խօսեցան, ինչպէս որ գրուած է Մարկոս 12։20-22–ին մէջ։ Առաջին դարուն ապրող Փլավիոս Յովսեպոս անունով հրեայ պատմաբանը ըսաւ, որ այս կարգադրութիւնը ո՛չ միայն կը պահպանէր ընտանիքին մականունը, հապա նաեւ կը ձգէր որ ընտանիքին ունեցած ստացուածքները մնան ընտանիքին անդամներուն եւ այրի կնոջ ալ հոգ տարուի։ Այդ ժամանակ կին մը չէր կրնար ժառանգել իր ամուսինին ունեցածները։ Բայց եթէ ան իր տագրէն զաւակ ունենար, զաւակը կրնար մեռնողին ունեցածները ժառանգել։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 640 ¶5

Ամուսնալուծում

Արձակման թուղթ։ Ճիշդ է որ կարգ մը իսրայէլացիներ շահագործեցին Մովսիսական օրէնքին ամուսնալուծման կարգադրութիւնը, բայց ասիկա ըսել չէ որ դիւրին էր որ ամուսին մը ամուսնալուծուի իր կնոջմէն։ Ամուսնալուծուելու համար ան պէտք էր պաշտօնական քայլեր առնէր. պէտք էր «անոր արձակման թուղթ մը» գրէր։ Ամուսինը պէտք էր այդ թուղթը ‘անոր ձեռքը տար եւ իր տունէն ճամբէր’ (Բ. Օր. 24։1)։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքին մէջ ասոր մասին աւելի մանրամասնութիւններ չկան, բայց ըստ երեւոյթին այս օրինական քայլը առնելու համար անհատը պէտք էր հեղինակաւոր անհատներու դիմէր, որոնք հաւանաբար փորձէին զոյգը հաշտեցնել իրարու հետ։ Եւ քանի որ ժամանակ կ’առնէր որ արձակման թուղթը պատրաստուէր եւ ամուսնալուծումը կատարուէր, ամուսինը ժամանակ կ’ունենար, որ լաւ մտածէր իր այս որոշումին մասին։ Ան պէտք էր լաւ պատճառ ունենար ամուսնալուծուելու համար։ Երբ այս օրէնքը ճիշդ կերպով գործադրուէր, մէկը առանց հաշիւի այս քայլը չէր կրնար առնէր։ Այսպիսով կնոջ իրաւունքները մէջը չէին երթար։ Սուրբ Գիրքին մէջ չէ գրուած, որ արձակման թուղթին մէջ ի՛նչ գրուած կ’ըլլար։

ՕԳՈՍՏՈՍ 16-22

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 27-28

«Այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին»

դ10 12/1 26 ¶18

Աստուծոյ հոգիով–առաջնորդուած Թագաւորին միջոցաւ օրհնութիւններ քաղէ

18 Մտիկ ընելը վստահաբար կ’ընդգրկէ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ըսուածները եւ իր հայթայթած հոգեւոր սնունդը լրջօրէն նկատի առնել (Մատ. 24։45)։ Ատիկա նաեւ կը նշանակէ հնազանդիլ Աստուծոյ եւ իր Որդիին։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատ. 7։21)։ Եւ Աստուծոյ մտիկ ընելը կը նշանակէ՝ կամովին ենթարկուիլ անոր դրած կարգադրութեան՝ քրիստոնէական ժողովքին, որ նշանակուած երէցներ ունի,– ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ (Եփ. 4։8, ՆԱ)։

դ01 9/15 10 ¶2

Եհովայի օրհնութիւնները ձեր վրայ պիտի հասնի՞ն

2 Բ. Օրինաց 28։2–ի մէջ, ‘շարունակէ մտիկ ընել’ թարգմանուած Եբրայերէն բայը, յարատեւ գործողութիւն ցոյց կու տայ։ Եհովայի ժողովուրդը միայն ժամանակ առ ժամանակ չէր որ իրեն մտիկ պէտք էր ընէին. անոնք պէտք էր շարունակէին իրեն մտիկ ընել իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Միայն այն ատեն էր որ աստուածային օրհնութիւնները իրենց վրայ պիտի հասնէին։ ‘Հասնիլ’ թարգմանուած Եբրայերէն բայը, որսորդութեան հետ առնչուող արտայայտութիւն մըն է, որ շատ յաճախ կը նշանակէ «ետեւէն հասնիլ ու բռնել», կամ՝ «ետեւէն հասնիլ»։

դ10 9/1 11 ¶4

Եհովայի օրհնութիւնը ջանադրութեամբ փնտռէ

4 Իսրայէլացիները ի՞նչ կեցուածքով հնազանդ պէտք էր ըլլային։ Աստուծոյ Օրէնքը նշեց, թէ ան պիտի դժգոհէր եթէ իր ժողովուրդը «ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով» իրեն չծառայէր (կարդալ՝ Բ. Օրինաց 28։45-47)։ Եհովա արժանի է որ իրեն մատուցուի աւելի քան մեքենայական հնազանդութիւն մասնայատուկ հրամաններու, զոր նոյնիսկ կենդանիները կամ դեւերը կրնան ընել (Մար. 1։27. Յակ. 3։3)։ Անկեղծօրէն Աստուծոյ հնազանդիլը սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Անիկա յատկանշուած է ուրախութեամբ, որ յառաջ կու գայ հաւատալէն, թէ Եհովայի պատուիրանները ծանր բան չեն եւ թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ [«ջանադրութեամբ», ՆԱ] զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6. Ա. Յովհ. 5։3)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 360

Սահմանի նշան

Եհովային օրէնքը կ’արգիլէր որ մէկը արտին սահմանին նշանը փոխէր (Բ. Օր. 19։14. տե՛ս նաեւ Առ. 22։28)։ Նոյնիսկ անիծեալ կ’ըլլար այն անհատը, որ ‘իր դրացիին սահմանը կը փոխէր’ (Բ. Օր. 27։17)։ Քանի որ հող ունեցողները իրենց բերքերէն կ’ապահովէին իրենց ապրուստը, եթէ մէկը հողին սահմանին նշանը փոխէր, դիմացինը զրկած կ’ըլլար անոր ապրուստին մէկ մասէն։ Անցեալին ասիկա գողութիւն կը սեպուէր (Յոբ 24։2)։ Բայց շատ մը անխիղճ մարդիկ այս մէկը կ’ընէին։ Ովսէէի ժամանակ, Յուդայի իշխանները նմանցուեցան սահմաններ փոխողներու (Ով. 5։10)։

ՕԳՈՍՏՈՍ 23-29

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 29-30

«Եհովային ծառայելը այդքան ալ դժուար չէ»

w09 11/1 31 ¶2

Եհովան ընտրութեան առջեւ կը դնէ մեզ

Մեզի համար դժուա՞ր է գիտնալ, որ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ, եւ ընե՛լ այդ բանը։ Մովսէս կ’ըսէ. «Քանզի այս պատուիրանքը որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ» (Բ. Օրինաց 30։11)։ Եհովան մեզմէ անկարելի բաներ չի խնդրեր։ Ան տրամաբանական բաներ կը խնդրէ. բաներ որ կրնա՛նք ըմբռնել։ Մենք պէտք չունինք «երկինք» ելլելու, ոչ ալ «ծովուն անդիի կողմը» երթալու, որպէսզի գիտնանք որ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ (Բ. Օրինաց 30։12, 13)։ Սուրբ Գիրքը մեզի շատ յստակօրէն կ’ըսէ, որ ինչպէ՛ս պէտք է ապրինք (Միք. 6։8)։

w09 11/1 31 ¶1

Եհովան ընտրութեան առջեւ կը դնէ մեզ

«ՇԱՏ անգամ կը վախնայի, որ Եհովային հաւատարիմ պիտի չմնամ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ քոյր մը որ կը զգար, թէ այն գէշ փորձառութիւնները որ պզտիկուց ապրած էր կը ձգեն որ ամէն բանի մէջ ձախողի։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Արդեօք մենք բան մը չե՞նք կրնար ընել ասանկ պարագաներու մէջ։ Կրնա՛նք։ Եհովա Աստուած ազատ կամքը որպէս նուէր տուած է մեզի, որպէսզի մենք անձամբ որոշենք ինչպէ՛ս կ’ուզենք ապրիլ։ Եհովան կ’ուզէ որ մենք ճիշդ որոշումներ առնենք, եւ իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ ինչպէ՛ս կրնանք այս մէկը ընել։ Տես Մովսէսին խօսքերը, որոնք գրուած են Բ. Օրինաց 30–րդ գլուխին մէջ։

w09 11/1 31 ¶4

Եհովան ընտրութեան առջեւ կը դնէ մեզ

Եհովային համար տարբերութիւն կ’ընէ՞, որ մենք ի՛նչ ընտրութիւն կ’ընենք։ Անշո՛ւշտ։ Եհովան Մովսէսը ներշնչեց որ ըսէ. «Կեանքը ընտրէ» (Բ. Օր. 30։19)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք կեանքը ընտրել։ Մովսէս բացատրեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛» (Բ. Օր. 30։20)։ Եթէ Եհովան սիրենք, պիտի ուզենք իրեն հնազանդիլ եւ հաւատարմութեամբ իրեն յարիլ, ի՛նչ ալ ըլլայ մեր պարագան։ Այսպիսով կեա՛նքը ընտրած կ’ըլլանք. թէ՛ հիմա լաւագոյն կեանքը կ’ունենանք եւ թէ՝ յաւիտենական կեանքը Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ (Բ. Պետ. 3։11-13. Ա. Յովհ. 5։3)։

Հոգեւոր գոհարներ

it-1 665 ¶3

Ականջ

Եհովան իր ծառաներուն միջոցաւ ըսաւ որ յամառ ու անհնազանդ իսրայէլացիները ‘անթլփատ ականջներ’ ունին (Եր. 6։10. Գործք 7։51)։ Կարծես թէ անոնց ականջները գոցուած են բանով մը, որ չի ձգեր որ լսեն։ Կարծես թէ Եհովան չէ բացած անոնց ականջները։ Եհովան զինք փնտռողներուն կու տայ այնպիսի ականջներ, որ հասկնան եւ հնազանդին։ Անդին, ան կը ձգէ որ իրեն անհնազանդ եղողներուն հոգեւոր ականջները ծանրանան (Բ. Օր. 29։4. Հռով. 11։8)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ պիտի գայ ժամանակ մը, երբ կարգ մը քրիստոնեաներ հաւատուրաց պիտի ըլլան եւ պիտի չուզեն Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը լսել։ Անոնք պիտի ուզեն «հաճելի բաներ լսել», եւ այսպիսով մտիկ պիտի ընեն սուտ ուսուցիչներու (Բ. Տիմ. 4։3, 4. Ա. Տիմ. 4։1)։ Ասկէ զատ, մէկու մը ականջները կրնան ‘խօսիլ’, երբ ցնցիչ լուր մը լսէ, մանաւանդ գէշ լուր մը (Ա. Թագ. 3։11. Դ. Թագ. 21։12. Եր. 19։3)։

ՕԳՈՍՏՈՍ 30–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 31-32

«Ներշնչուած երգի մը մէջի օրինակներէն սորվէ»

դ20.06 10 ¶8-9

«Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»

8 Իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելէ ճիշդ առաջ, Եհովան Մովսէսին ըսաւ երգի մը բառերը (Բ. Օր. 31։19)։ Մովսէս, իր կարգին, այդ երգը ժողովուրդին պէտք էր սորվեցնէր (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։2, 3)։ 2–րդ եւ 3–րդ համարները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Եհովան չ’ուզեր որ իր անունը ծածկուի, սեպելով որ այնքա՛ն սուրբ է որ պէտք չէ հնչուի։ Ան կ’ուզէ որ բոլո՛րը ճանչնան իր անունը։ Իսրայէլացիներուն համար ի՜նչ առանձնաշնորհում էր, որ Մովսէս իրենց սորվեցնէր Եհովայի մասին ու անոր փառաւոր անուան մասին։ Մովսէսի սորվեցուցածը զիրենք կազդուրեց ու թարմացուց, մեղմ անձրեւի նման՝ կանանչեղէնի վրայ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր սորվեցնելու կերպն ալ այդպէս է։

9 Երբ տունէ տուն կը քարոզենք կամ հանրային վկայութեան կը մասնակցինք, կրնանք Աստուածաշունչէն մարդոց ցոյց տալ Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։ Կրնանք անոնց ներկայացնել Եհովան պատուող գեղեցիկ հրատարակութիւններ, ընտիր վիտէօներ եւ մեր կայքին մէջ նիւթեր։ Գործատեղը, դպրոցին մէջ կամ ճամբորդութեան ընթացքին, պատեհութիւններ օգտագործելով կրնանք խօսիլ մեր սիրելի Աստուծոյն ու անոր անձնաւորութեան մասին։ Երբ անոնց կը պատմենք այն սքանչելի բաները, որոնք Եհովան պիտի ընէ մեզի եւ երկրին համար, անոնք թերեւս առաջին անգամ ըլլալով անդրադառնան, թէ Եհովան որքա՜ն մարդկութիւնը կը սիրէ։ Մեր սիրառատ Հօր մասին ճշմարտութիւնը ըսելով, անոր անուան սրբացման մէջ բաժին կը բերենք։ Մարդոց կ’օգնենք հասկնալու, թէ Եհովայի մասին շատ սուտեր սորված են։ Անոնց կը ներկայացնենք մատչելի եղող լաւագոյն կազդուրիչ ու թարմացուցիչ ուսուցումները (Եսա. 65։13, 14)։

w09 5/1 14 ¶4

Սուրբ Գիրքին գործածած օրինակները կը հասկնա՞ս

Սուրբ Գիրքը Եհովան կը նմանցնէ կարգ մը բաներու։ Եհովային մասին կ’ըսուի որ «վէմ» է եւ «ամրութիւն» է (Սաղմոս 18։2. Բ. Օրինաց 32։4, ստորանիշ. Բ. Թագաւորաց 23։3)։ Լաւ, նմանութիւնը ի՞նչ է։ Ճիշդ ինչպէս որ մեծ վէմ մը կամ ժայռ մը հաստատ կ’ըլլայ ու տեղէն չի շարժիր, նոյնպէս ալ Եհովան կրնայ քեզի լման ապահով զգացնել։

դ01 10/1 9 ¶7

Ձեր զաւակները մարզելու ատեն Եհովան ընդօրինակեցէք

7 Նկատի առէք Իսրայելացիներուն հետ իր ունեցած գործառնութեան մէջ Եհովայի ցուցաբերած սէրը։ Մովսէս, նորակազմ Իսրայէլ ազգին հանդէպ Եհովայի սէրը նկարագրելու համար, գեղեցիկ նմանութիւն մը գործածեց։ Կը կարդանք. «Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, կը շարժի իր ձագերուն վրայ, իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ ու թեւերովը կը վերցնէ, այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց»։ (Բ. Օրինաց 32։9, 11, 12) Իր ձագերուն թռչիլ սորվեցնելու համար, մայր արծիւը թափահարելով ու թեւածելով «իր բոյնը կը խառնէ», զանոնք քաջալերելու համար որ թռչին։ Երբ ձագ մը ի վերջոյ դուրս նետուի բոյնէն, որ յաճախ կը գտնուի բարձր ժայռի մը վրայ, մայրը ձագին ‘վրայ կը շարժի’։ Եթէ թուի թէ ձագը գետին պիտի իյնայ, մայրը սուրալով վար կ’իջնէ եւ զայն ‘իր թեւերով կը վերցնէ’։ Սիրալիրօրէն, Եհովա նորածին Իսրայէլ ազգին նոյն կերպով հոգ տարաւ։ Ան ժողովուրդին Մովսիսական Օրէնքը տուաւ։ (Սաղմոս 78։5-7) Ապա Աստուած ուշադրութեամբ հսկեց ազգին վրայ, պատրաստ ըլլալով զանոնք ազատելու, երբ դժուարութեան հանդիպէին։

Հոգեւոր գոհարներ

դ04 10/1 20 ¶14

Բ. Օրինաց գիրքէն աչքառու կէտեր

31։12. Դեռատիները ժողովքային հանդիպումներուն պէտք է նստին չափահասներուն հետ եւ ջանան մտիկ ընել ու սորվիլ։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w07 5/15 15-16

Ինչպէ՞ս կրնամ զաւակներուս օգնել որ իսկական կրթութիւն ունենան

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր զաւակներուն օգնել որ Եհովան սիրեն եւ յարգեն։ Այս հարցումին պատասխանը կրնանք առնել այն Օրէնքէն, որ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ իսրայէլացիներուն տուաւ։ Իսրայէլացի ծնողներուն ըսուեցաւ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսէ՛» (Բ. Օրինաց 6։5-7)։

Այս համարները կարեւոր դասեր կը սորվեցնեն ծնողներուն։ Առաջինը, որպէս ծնող՝ դուն պէտք է լաւ օրինակ ձգես զաւակներուդ։ Եթէ կ’ուզես զաւակներդ Եհովան սիրեն, նախ դո՛ւն պէտք է զինք սիրես եւ իր խօսքերը պէտք է սրտիդ մէջ ըլլան։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ զաւակներդ ամէնէն շատ քեզմէ կը սորվին։ Ի՛նչ որ քեզմէ կը սորվին շատ կ’ազդէ անոնց վրայ։ Ծնողներուն ձգած օրինակը ամէնէն շատ կ’ազդէ զաւակներուն կեանքին վրայ։

Դուն ոչ միայն խօսքերով՝ հապա նաեւ գործերով յայտնի կ’ընես, որ ի՛նչ են քու փափաքներդ, սկզբունքներդ, արժեւորած բաներդ եւ հետաքրքրութիւններդ (Հռովմայեցիս 2։21, 22)։ Զաւակները իրենց պզտիկութենէն շատ բաներ կը սորվին՝ ուշի–ուշի դիտելով իրենց ծնողները։ Պզտիկները կրնա՛ն ըմբռնել որ իրենց ծնողքին համար ո՛ր բաները կարեւոր են, եւ ընդհանրապէս այդ նոյն բաները կարեւոր կը դառնան իրենց համար ալ։ Զաւակներդ կրնան գիտնալ որ դուն իրապէս կը սիրե՞ս Եհովան։ Օրինակ, անոնք կրնան տեսնել, որ Սուրբ Գիրք կարդալը եւ սերտելը իրապէս կարեւոր են քեզի համար։ Անոնք կրնան գիտնալ, որ Թագաւորութեան շահերը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնես (Մատթէոս 6։33)։ Եթէ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կ’ըլլաս եւ ծառայութեան կ’ելլես, անոնք պիտի տեսնեն որ քեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը Եհովային ծառայելն է (Մատթէոս 28։19, 20. Եբրայեցիս 10։24, 25)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել