2013–ի վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը
ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ընթացքին, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը քանի մը անգամ վերանայուած է, բայց 2013–ի տարբերակը ամէնէն շատ փոփոխութիւնները ունի իր մէջ։ Օրինակ՝ անգլերէն բառերուն քանակը 10 առ հարիւր քիչցաւ։ Սուրբ Գիրքի կարգ մը գլխաւոր արտայայտութիւնները վերանայուեցան։ Կարգ մը գլուխներ բանաստեղծական ձեւով դրուեցան եւ յստակացնող ստորանիշներ աւելցան սովորական հրատարակութեան մէջ։ Անկարելի է որ այս յօդուածին մէջ քննարկենք բոլոր փոփոխութիւնները, բայց նկատի առնենք քանի մը գլխաւոր ճշդումներ։
Սուրբ Գիրքի ո՞ր գլխաւոր արտայայտութիւնները փոխուեցան։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածը նշեց՝ «Շէօլ», «Հատէս» եւ «հոգի» բառերուն թարգմանութիւնները վերանայուեցան։ Սակայն ասոնցմէ զատ, ուրիշ արտայայտութիւններ ալ ճշդուեցան։
Օրինակ՝ «impaled» (ցցահարուած) փոխուեցաւ եւ եղաւ «executed on a stake» (ցիցի մը վրայ մահուան դատապարտուած) կամ «nailed to the stake» (ցիցի վրայ գամուած), որպէսզի սխալ գաղափար չտրուի՝ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս մեռաւ (Մատ. 20։19. 27։31)։ «Loose conduct» (անառակ վարք) եղաւ «brazen conduct» (անամօթ վարք), որովհետեւ յունարէն արտայայտութիւնը արհամարհական կեցուածքի գաղափարը կու տայ։ «Long-suffering» (երկայնամտութիւն) եղաւ «patience» (համբերութիւն), որ իմաստը աւելի կը յստակացնէ։ «Revelries»ի (զեղխութիւն) փոխարէն դրուեցաւ «wild parties» (անզուսպ խրախճանքներ), որ աւելի հասկնալի է ներկայիս (Գաղ. 5։19-22)։ Այն աստուածաշնչական արտայայտութիւնը որ շատ անգամներ «հաւատարմութիւն» բառին հետ համընթաց կ’երթայ, նախապէս թարգմանուած էր «loving-kindness» (սիրառատ բարութիւն), սակայն այժմ թարգմանուեցաւ «loyal love» (հաւատարիմ սէր)։ Ասիկա աւելի ճշգրտօրէն կը փոխանցէ իմաստը (Սաղ. 36։5. 89։1)։
Կարգ մը արտայայտութիւններ որոնք միշտ նոյն անգլերէն բառերով թարգմանուած էին, այժմ նիւթին համաձայն թարգմանուած են։ Օրինակ՝ եբրայերէն օհ·լամ բառը, որ անցեալին թարգմանուած էր «time indefinite» (անորոշ ժամանակ), կրնայ «յաւիտեան»ի իմաստը ունենալ։ Բաղդատէ թէ Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ ասիկա ինչպէ՛ս կ’ազդէ Սաղմոս 90։2–ի եւ Միքիա 5։2–ի նման համարներու թարգմանութեան։
«Seed» (սերմ) թարգմանուած եբրայերէն եւ յունարէն արտայայտութիւնները, Աստուածաշունչին մէջ յաճախ կը նշուին թէ՛ երկրագործական իմաստով եւ թէ «offspring» (սերունդ) փոխաբերական իմաստով։ Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին տարբերակները միշտ «seed» բառը գործածած էին, մէջը ըլլալով Ծննդոց 3։15–ը։ Սակայն անգլերէնին մէջ «seed» բառը այլեւս «offspring» իմաստով չի գործածուիր, ուստի 2013–ի տարբերակը «offspring» բառը կը գործածէ Ծննդոց 3։15–ի մէջ, ինչպէս նաեւ ատոր հետ կապ ունեցող համարներու մէջ (Ծն. 22։17, 18. Յայտ. 12։17)։ Ուրիշ տեղեր ատիկա նիւթին համաձայն թարգմանուած է (Ծն. 1։11. Սաղ. 22։30. Եսա. 57։3)։
Ինչո՞ւ համար շատ մը տեղեր առաջուան պէս բառացիօրէն չեն թարգմանուած։ 2013–ի տարբերակին A1 յաւելուածը կ’ըսէ թէ Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը, «որոշ բառի մը կամ արտայայտութեան մը ճիշդ իմաստը պիտի փոխանցէ, եթէ ատոր բառացի թարգմանութիւնը իմաստը կը պղտորէ կամ մութի մէջ կը ձգէ»։ Երբ բնագիր լեզուին դարձուածքները ուրիշ լեզուներու մէջ կը հասկցուին, բառացիօրէն կը թարգմանուին։ Այս գաղափարին համաձայն, Յայտնութիւն 2։23–ի «սրտերը կը քննեմ» արտայայտութիւնը շատ մը լեզուներու մէջ կը հասկցուի։ Սակայն «երիկամունքները. . . կը քննեմ» արտայայտութիւնը թերեւս չհասկցուի, ուստի «երիկամունքներ»ուն փոխարէն դրուեցաւ «ամենաներքին մտածումները», ինչ որ բուն իմաստը կը յայտնէ։ Նմանապէս Բ. Օրինաց 32։14–ի մէջ, «the kidney fat of wheat» (ցորենի երիկամնային ճարպը) արտայայտութիւնը թարգմանուեցաւ «the finest wheat» (լաւագոյն ցորենը)։ Նման պատճառով, լեզուներուն մեծամասնութեան մէջ «I speak with difficulty» (ծանրալեզու եմ) արտայայտութիւնը աւելի յստակ է քան՝ «I am uncircumcised in lips» (շրթներով անթլփատ եմ) արտայայտութիւնը (Ել. 6։12)։
Ինչո՞ւ համար «sons of Israel» (Իսրայէլի որդիներ) արտայայտութիւնը այժմ թարգմանուած է «Israelites» (իսրայէլացիներ), իսկ «fatherless boys» (անհայր տղաներ) արտայայտութիւնը՝ «fatherless children» (անհայր զաւակներ)։ Եբրայերէն լեզուին մէջ, բառերը կա՛մ արական սեռին կը պատկանին, կամ ալ իգական սեռին, եւ այսպիսով կը գիտցուի որ տղու կամ աղջկայ մասին կը խօսուի։ Սակայն արական սեռի պատկանող կարգ մը բառեր կ’ընդգրկեն թէ՛ տղաքը եւ թէ աղջիկները։ Օրինակ՝ կարգ մը համարներու շուրջի համարները ցոյց կու տան, որ «the sons of Israel» կը պարփակէր թէ՛ տղամարդիկը եւ թէ կիները, ուստի այժմ այս արտայայտութիւնը ընդհանրապէս թարգմանուած է՝ «the Israelites» (Ել. 1։7. 35։29. Դ. Թագ. 8։12)։
Նմանապէս, Ծննդոց 3։16–ի մէջ այն եբրայերէն արտայայտութիւնը, որ արական սեռի կը պատկանի եւ «sons» (տղաներ) կը նշանակէ, Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին տարբերակներուն մէջ ալ «children» (զաւակներ) թարգմանուած էր։ Բայց Ելից 22։24–ի մէջ, այս նոյն բառը նախապէս թարգմանուած էր «sons», սակայն այժմ թարգմանուած է «children»։ Այս սկզբունքը ուրիշ տեղեր ալ կիրարկելով՝ «fatherless boy» (անհայր տղայ) եղաւ «fatherless child» (անհայր զաւակ) կամ «orphan» (ծնողազուրկ) (Բ. Օր. 10։18. Յոբ 6։27)։ Եօթանասնից թարգմանութիւնն ալ նման բան մը ըրած է։ Նոյն պատճառով, Ժողովող 12։1–ի մէջ «the days of your young manhood» (տղայութեանդ օրերը) արտայայտութիւնը եղած է «the days of your youth» (երիտասարդութեանդ օրերը)։
Ինչո՞ւ եբրայերէն շատ մը բայեր աւելի պարզ կերպով թարգմանուեցան։ Եբրայերէն բայերուն գլխաւոր երկու եղանակներն են՝ անկատարը, որ շարունակական գործողութեան կ’ակնարկէ, եւ կատարեալը, որ ամբողջացած գործողութեան կ’ակնարկէ։ Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին տարբերակները եբրայերէն անկատար բայերը միշտ թարգմանած են՝ բայով մը եւ օժանդակ արտայայտութեամբ մը, ինչպէս՝ «proceeded to» (սկսաւ) եւ «went on to» (շարունակեց), որպէսզի ցոյց տրուի որ շարունակական կամ կրկնուող գործողութիւն էa։ Իսկ կատարեալ բայերուն պարագային, արտայայտութիւններ գործածուեցան, ինչպէս՝ «certainly» (վստահաբար), «must» (պէտք է) եւ «indeed» (արդարեւ), որպէսզի ցոյց տրուի որ գործողութիւնը ամբողջացած է։
Այսպիսի օժանդակ արտայայտութիւններ 2013–ի տարբերակին մէջ չեն գործածուած, բացի եթէ իմաստը կը յստակացնեն։ Օրինակ՝ պէտք չկայ շեշտելու թէ Աստուած կրկին անգամ ըսաւ. «Թող լոյս ըլլայ»։ Ուստի 2013–ի տարբերակին մէջ, այս անկատար բայը պարզապէս «ըսաւ» թարգմանուեցաւ (Ծն. 1։3)։ Սակայն Ծննդոց 3։9–ի մէջ «կանչել» բայը շարունակական եղանակով թարգմանուած է՝ «kept calling» (շարունակեց կանչել), քանի որ յստակ է որ Եհովան Ադամը կրկին անգամ կանչեց։ Ընդհանուր առմամբ, բայերը աւելի պարզ կերպով թարգմանուած են, կեդրոնանալով գործողութեան վրայ, փոխանակ կեդրոնանալու եբրայերէն բայերուն անկատար կամ կատարեալ ըլլալուն վրայ։ Ասիկա կ’օգնէ որ գրուածը որոշ չափով եբրայերէնին պէս կարճ ըլլայ։
Բնագիրին բանաստեղծական ոճին հետ ներդաշնակ ըլլալով, այժմ աւելի գլուխներ բանաստեղծական ձեւով գրուած են
Ինչո՞ւ բանաստեղծական ձեւով գրուած գլուխները շատցած են։ Բնագրին մէջ, Աստուածաշունչի շատ մը հատուածներ որպէս բանաստեղծութիւն գրուած են։ Արդի լեզուներու մէջ, բանաստեղծութիւնը յանգաւորումով կը ճանչցուի, մինչդեռ եբրայերէն բանաստեղծութեան մէջ ամէնէն կարեւոր ազդակները՝ զուգահեռականութիւնը եւ հակադրութիւնն են։ Եբրայերէն բանաստեղծութեան մէջ, յանգաւորումը չէ որ ռիթմ կը ստեղծէ, այլ՝ միտքերուն տրամաբանական շարքը։
Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախորդ տարբերակները, Յոբ եւ Սաղմոսաց գիրքերուն մէջ իւրաքանչիւր համար նոր տողի վրայ դրին, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ անոնք շարադրուած են երգելու կամ արտասանելու համար։ Այս ձեւը բանաստեղծական մասերը ցցուն ընելով, գաղափարները կը շեշտէ եւ կ’օգնէ յիշելու։ 2013–ի տարբերակին մէջ, Առակաց գիրքը, Երգ Երգոց գիրքը եւ մարգարէական գիրքերուն մէջ շատ մը գլուխներ նոյնպէս ոտանաւորի ձեւով գրուեցան, որպէսզի ցոյց տրուի որ հատուածները բանաստեղծութիւն են եւ որպէսզի ցցուն ըլլան նմանութիւնները եւ հակադրութիւնները։ Օրինակ՝ Եսայի 24։2–ին մէջ իւրաքանչիւր տող հակադրութիւն մը ունի եւ ուրիշ տողի վրայ հիմնուած է, որպէսզի շեշտուի թէ Աստուած իւրաքանչիւր անհատ պիտի դատէ։ Երբ կարդացողը նկատէ թէ այսպիսի հատուածներ բանաստեղծութիւն են, կը հասկնայ որ գրողը պարզապէս չէր կրկներ ըսածները, այլ՝ բանաստեղծական մեթոտ մը գործածելով կ’ուզէր Աստուծոյ պատգամը շեշտել։
Միշտ յայտնի չ’ըլլար թէ եբրայերէն գրութիւն մը արձա՛կ է կամ՝ բանաստեղծութիւն։ Ուստի Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններ տարբեր տեղեր բանաստեղծութեան ձեւով գրած են։ Թարգմանիչը պէտք է իր դատողութիւնը գործածէ, որպէսզի որոշէ թէ ո՛ր համարները որպէս բանաստեղծութիւն գրուած են։ Ատոնցմէ ոմանք արձակ գրութիւն են՝ բանաստեղծական բառերով, պատկերաւոր լեզու գործածելով, բառախաղերով ու նմանութիւններով, եւ որոնց նպատակն է՝ կէտ մը շեշտել։
Նաեւ իւրաքանչիւր գիրքի սկիզբը կայ նոր երեսակ մը՝ Բովանդակութեան ուրուագիծը։ Ասիկա մանաւանդ կ’օգնէ որ գիտնանք ո՛վ է խօսողը Երգ Երգոց գիրքին մէջ, որ հին բանաստեղծութիւն մըն է։
Բնագիր լեզուներով ձեռագիրներ սերտելը ինչպէ՞ս ազդեց վերանայուած թարգմանութեան։ Նախկին Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հիմնուած էր եբրայերէն մազօրէթական գրութեան վրայ եւ Ուէսթգոթի ու Հօրթի յունարէն գրութեան վրայ։ Աստուածաշնչական հին ձեռագիրները երթալէն աւելի կ’ուսումնասիրուին, եւ այսպիսով աւելի յայտնի կ’ըլլայ որոշ համարներու բուն գրութիւնը։ Այլեւս Մեռեալ ծովու մագաղաթներու կրկնօրինակները մատչելի են։ Ա՛լ աւելի յունարէն ձեռագիրներ ուսումնասիրուած են։ Այլեւս համակարգիչի վրայ մատչելի են շատ մը ձեռագիրներ, եւ այսպիսով աւելի դիւրին կ’ըլլայ ձեռագիրներուն միջեւ եղած տարբերութիւնները վերլուծելը, որպէսզի որոշուի թէ եբրայերէն կամ յունարէն ո՛ր տարբերակը ամէնէն ստոյգն է։ Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը այս զարգացումները օգտագործեց, որպէսզի որոշ համարներ սերտէ, եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրաւ։
Օրինակ՝ յունարէն Եօթանասնից–ը Բ. Թագաւորաց 13։21–ին մէջ այս խօսքը կը պարունակէ. «Բայց ան չէր ուզեր իր որդիին՝ Ամնոնին զգացումները վիրաւորել, քանի որ իր անդրանիկը ըլլալով՝ զինք կը սիրէր»։ Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին տարբերակները այս խօսքը չդրին, քանի որ չի գտնուիր մազօրէթական գրութեան մէջ։ Սակայն, այս խօսքը գրուած է Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մէջ, եւ այժմ՝ 2013–ի թարգմանութեան մէջ ալ։ Նոյնանման պատճառներով, Առաջին Թագաւորաց գիրքին մէջ Աստուծոյ անունը աւելցուեցաւ հինգ տեղեր։ Նաեւ, յունարէն գրութիւններ սերտելէ ետք, Մատթէոս 21։29-31–ի մէջ գաղափարներուն շարքաւորումը փոխուեցաւ։ Ուստի, կարգ մը փոփոխութիւններ մտցուեցան հիմնուելով շատ մը ձեռագիրներու վրայ, փոխանակ հիմնուելու յունարէն միայն մէկ գլխաւոր գրութեան վրայ։
Ասոնք եղած փոփոխութիւններուն միայն մէկ մասն են, որոնք գրուածը աւելի հասկնալի դարձուցած են այն անհատներուն, որոնք Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կը սեպեն հաղորդակցող Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մը։
a Տե՛ս Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն՝ ծանօթագրութիւններով, յաւելուած 3C, «Շարունակական կամ յառաջդիմական գործողութիւն ցոյց տուող եբրայերէն բայեր»։