Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 6-12
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՕՐԻՆԱՑ 33-34
«Ապահովութիւն գտիր Եհովային ‘յաւիտենական բազուկներուն’ մէջ»
it-2 51
Յեսուրուն
Իսրայէլին տրուած պատուական անուն մը։ Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ, «Յեսուրուն» բառը ջերմութիւն ունի իր մէջը եւ կը թարգմանուի՝ «սիրելի»։ Այս անունը պէտք էր իսրայէլ ազգին յիշեցուցած ըլլար, որ անոնք Եհովային ուխտեալ ժողովուրդն են եւ պէտք է ուղղամիտ մնան (Բ. Օր. 33։5, 26, ստորանիշներ. Եսա. 44։2)։ Բ. Օրինաց 32։15–ի ստորանիշին մէջ Յեսուրուն բառը գործածուած է, ինչ որ կը շեշտէ թէ հակառակ անոր որ իսրայէլ ազգը «Յեսուրուն» անունը կը կրէր, բայց այդ անուան համաձայն չապրեցաւ։ Անոնք իրենց Փրկարարին՝ Եհովային կռնակ դարձուցին, անարգեցին եւ անհնազանդ գտնուեցան։
Վստահէ՛ Եհովային, ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’
18 Զօրաւոր եւ ջերմեռանդ երգի մը մէջ, Մովսէս իսրայէլ ազգը հաւաստիացուց. «Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են» (Բ. Օր. 33։27)։ Յետագային, Սամուէլ մարգարէն իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Տէրոջմէն մի՛ խոտորիք ու բոլոր սրտովնիդ Տէրոջը ծառայութիւն ըրէք։ . . .Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր» (Ա. Թագ. 12։20-22)։ Այնքան ատեն որ ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ Եհովային կը կառչինք, ան մեզ բնա՛ւ պիտի չթողու։ Ան հարկ եղած աջակցութիւնը միշտ պիտի տայ մեզի։
Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛
16 Աբրահամի նման, Մովսէս իր կեանքի ընթացքին Աստուծոյ խոստումին կատարման ականատես չեղաւ։ Երբ իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիր մտնելու վրայ էին, Մովսէսի ըսուեցաւ. «Այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։ Ասոր պատճառը այն էր՝ որ նախապէս ան եւ Ահարոն ժողովուրդին ըմբոստութենէն բարկացած՝ ‘Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ [Աստուծոյ] անհնազանդ եղան’ (Բ. Օր. 32։51, 52)։ Մովսէս ո՛չ յուսահատեցաւ, ոչ ալ զայրացաւ։ Ան Եհովայէ խնդրեց որ ժողովուրդը օրհնէ։ Անոր եզրափակիչ խօսքերն էին. «Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տէրոջը ձեռքով փրկուած է. վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է» (Բ. Օր. 33։29)։
Հոգեւոր գոհարներ
Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը
6 Իր կեցուածքը։ Յուդայի նամակը կը նշէ դէպք մը Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան ընթացքին (կարդա՛ Յուդա 9)։ Որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ, Յիսուս «Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր»։ Մտաբերէ որ Մովսէսի մահէն ետք, Եհովան անոր մարմինը անյայտ տեղ մը թաղեց (Բ. Օր. 34։5, 6)։ Սատանան թերեւս ուզեց Մովսէսին դիակը գործածել սուտ պաշտամունք յառաջ մղելու համար։ Ամէն պարագայի, Միքայէլ քաջարի կեցուածք մը բռնեց։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ «դէմ դնել» եւ «կը վիճէր» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնները «նաեւ կը գործածուին օրինական բանավէճի առնչութեամբ» եւ թերեւս կը հասկցնեն, որ «Միքայէլ Մովսէսին մարմինը առնելու ‘Սատանայի իրաւունքին մարտահրաւէր ուղղեց’»։ Բայց Հրեշտակապետը գիտակցեցաւ թէ դատապարտելը իր գործը չէր։ Ուստի ան հարցը Գերագոյն Դատաւորին՝ Եհովային ներկայացուց։ Այսպէս, Միքայէլ իր հեղինակութեան սահմանը չանցաւ, նոյնիսկ դրդումի դիմաց։ Ի՜նչ խոնարհութիւն։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 13-19
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 1-2
«Ինչպէ՞ս կրնաս գործերդ յառաջ տանիլ»
Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան քեզի հետ է
7 Որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելու համար հարկ եղած քաջութիւնը ունենանք, հարկ է որ սերտենք եւ կիրարկենք իր Խօսքը։ Եհովան ճիշդ ա՛յս էր որ Յեսուին ըսաւ որ ընէր մինչ Մովսէսին կը յաջորդէր. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես»։ Ան աւելցուց. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես» (Յես. 1։7, 8)։ Յեսուն յաջողեցաւ քանի որ հետեւեցաւ այդ խրատին։ Եթէ մենք ալ նոյնը ընենք, աւելի քաջասիրտ պիտի ըլլանք եւ յաջողութիւն պիտի գտնենք Աստուծոյ ծառայելուն մէջ։
Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան քեզի հետ է
20 Այս չար աշխարհին մէջ Աստուծոյ կամքը օրէ օր կատարելը դիւրին չէ։ Բայց մենք մինակ չենք. Աստուած մեզի հետ է։ Ժողովքին Գլուխը՝ իր Որդին, նո՛յնպէս մեզի կ’օգնէ։ Ասկէ զատ, աւելի քան 7,000,000 հաւատակիցներ ունինք աշխարհի տարածքին։ Ուստի շարունակե՛նք բոլորս ալ հաւատք դրսեւորել եւ բարի լուրը քարոզել։ Մեր 2013–ի տարուան համարին խօսքերը մեզի պիտի օգնեն ասիկա ընելու. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. . . Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ» (Յես. 1։9)։
Հոգեւոր գոհարներ
Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
2։4, 5—Ռախաբ ինչո՞ւ լրտեսները փնտռող մարդոց սխալ տեղեկութիւն կու տայ։ Ռախաբ իր կեանքը վտանգելով լրտեսները կը պաշտպանէ, քանի որ Եհովայի հանդէպ հաւատք մշակած է։ Ուստի ան պարտաւոր չէ լրտեսներուն պահուըտած տեղը իմացնել այն մարդոց, որ կը ջանան Աստուծոյ ժողովուրդին վնաս հասցնել։ (Մատթէոս 7։6. 21։23-27. Յովհաննու 7։3-10) Իրականութեան մէջ, Ռախաբ «գործերով արդարացաւ», ի ներառեալ թագաւորին գործակալներուն սխալ ուղղութիւն տալը։—Յակոբու 2։24-26
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 20-26
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 3-5
«Եհովան մեզ կ’օրհնէ երբ հաւատքով գործի կ’անցնինք»
it-2 105
Յորդանան
Յորդանան գետին այն մասը, որ Գալիլիայի ծովուն վարը կը գտնուէր, ընդհանրապէս կ’ունենար խորունկութիւն մը, որ միջին հաշուով 1 մեթրէն 3 մեթր էր, իսկ լայնութիւն մը, որ գրեթէ 27 մեթրէն 30 մեթր էր։ Բայց գարնան գետը իր եզերքներէն դուրս կ’ելլէր եւ շատ աւելի լայն ու խորունկ կ’ըլլար (Յես. 3։15)։ Ասոր համար վտանգաւոր էր իսրայէլացիներուն համար (որոնց մէջ կային տղամարդիկ, կիներ ու պզտիկներ), որ այդ ժամանակ Յորդանան գետը կտրէին, մանաւանդ Երիքովի մօտ։ Հոն ջուրի հոսանքը այնքա՛ն զօրաւոր կ’ըլլայ, որ մեր օրերուն հոսանքը շատ անգամ լողացողները առած գացած է։ Բայց Եհովան հրաշքով մը ջուրերը կայնեցուց, եւ իսրայէլացիները կրցան չոր գետնի վրայ քալելով անցնիլ (Յես. 3։14-17)։ Դարեր ետք, այդպիսի հրաշք մը եղաւ թէ՛ Եղիային հետ, մինչ Եղիսէին հետն էր, եւ թէ Եղիսէին հետ, երբ առանձին էր (Դ. Թագ. 2։7, 8, 13, 14)։
Եհովայի յիշեցումները թող քեզ ուրախացնեն
17 Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կ’ամրապնդուի, երբ զինք հաճեցնող արարքներ գործենք։ Պահ մը մտածէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիրը մտնելու վրայ էին։ Եհովան ուխտի տապանակը կրող քահանաներուն ըսած էր, որ Յորդանան գետին մէջ մտնեն։ Բայց մինչ իսրայէլացիները գետին մօտեցան, կրնային նկատել թէ անձրեւին պատճառաւ ջուրերը շատ բարձր եւ արագընթաց էին։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Արդեօք պիտի բանակէի՞ն գետին ափին եւ քանի մը շաբաթ սպասէին մինչեւ որ ջուրերը նուազին։ Ո՛չ։ Անոնք բոլորովին Եհովայի վստահեցան եւ անոր ուղղութեան հետեւեցան։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Երբ քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան, վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ եւ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ’ (Յես. 3։12-17)։ Պատկերացուր իսրայէլացիներուն ուրախութիւնը, երբ տեսան ջուրերուն կասեցուիլը։ Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատքը ամրացաւ, քանի որ իր ուղղութիւններուն հետեւեցան։
Եհովայի յիշեցումները թող քեզ ուրախացնեն
18 Ճիշդ է որ Եհովան ներկայիս իր ժողովուրդին ի նպաստ այսպիսի հրաշքներ չի գործեր, բայց կ’օրհնէ անոնց թափած ջանքերը։ Իր գործօն ուժը զիրենք կը զօրացնէ՝ Թագաւորութեան պատգամը աշխարհի տարածքին քարոզելու։ Իսկ Եհովայի գլխաւոր Վկան՝ յարուցեալ Քրիստոս Յիսուս, իր աշակերտները հաւաստիացուց թէ այս կարեւոր գործին մէջ իրենց պիտի աջակցէր, երբ ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Բազմաթիւ Վկաներ, որոնք անցեալին ամչկոտ կամ վախկոտ էին, կրնան ըսել թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին իրենց քաջութիւն տուած է, դաշտի ծառայութեան մէջ մարդոց քարոզելու (կարդա՛ Սաղմոս 119։46. Բ. Կորնթացիս 4։7)։
Հոգեւոր գոհարներ
Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
5։14, 15—Ո՞վ է «Տէրոջը զօրավարը»։ Մինչ Խոստացեալ Երկրին նուաճումը կը սկսի, Յեսուն զօրացնելու համար եկող զօրավարը հաւանաբար «Բան»ն է,– Յիսուս Քրիստոս իր նախամարդկային գոյութեան մէջ։ (Յովհաննու 1։1. Դանիէլ 10։13) Որքա՜ն սրտապնդիչ է ունենալ այն երաշխիքը, թէ ներկայիս փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ ժողովուրդին հետ է, մինչ անոնք հոգեւոր պատերազմ կը մղեն։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 27–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 3
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 6-7
«Անարժէք բաներէն հեռու մնա՛»
Աչքերդ հեռացուր սնոտի բաներ տեսնելէ
5 Դարեր ետք, իսրայէլացի Աքարի աչքերը զինք հրապուրեցին, որ գրաւուած Երիքովէն կարգ մը իրեր գողնայ։ Աստուած պատուիրած էր, որ այդ քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր բաները կործանէին, բացի որոշ իրերէ, որոնք իր գանձատունը պէտք էր բերուէին։ Իսրայէլացիներուն ազդարարութիւն տրուած էր, որ ամէն կերպով զգուշանային նզովուածէն, որպէսզի չցանկային ու քաղաքէն կարգ մը իրեր առնէին։ Աքար անհնազանդ գտնուելէ ետք, իսրայէլացիները Գայիի մարդոց առջեւէն փախան, զոհեր ալ տալով։ Աքար իր ըրած գողութիւնը չխոստովանեցաւ մինչեւ որ քօղազերծուեցաւ։ Իրերը «տեսայ ու ցանկանալով առի», ըսաւ ան։ Աչքերուն ցանկութիւնը պատճառ եղաւ, որ ան եւ «անոր ամէն բանը» բնաջնջուին (Յես. 6։18, 19. 7։1-26)։ Աքար իր սրտին մէջ ցանկաց ի՛նչ որ իրեն արգիլուած էր։
w97 8/15 28 ¶2
Ինչո՞ւ պէտք է լուր տանք երբ սխալ մը տեսնենք
Պատճառներէն մէկը այն է, որ ասիկա կը ձգէ որ ժողովքը մաքուր մնայ։ Եհովան մաքուր եւ սուրբ Աստուած է։ Ան կ’ուզէ որ բոլոր զինք պաշտողները հոգեւորապէս եւ բարոյապէս մաքուր մնան։ Իր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ. «Հնազանդ զաւակներու պէս՝ մի՛ համակերպիք ձեր անգիտութեան ատենուան նախկին ցանկութիւններուն։ Հապա, ինչպէս ձեզ կանչողը սուրբ է, դո՛ւք ալ սո՛ւրբ եղէք ձեր ամբողջ վարքին մէջ։ Որովհետեւ գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանի որ ես սուրբ եմ’» (Ա. Պետրոս 1։14-16)։ Այն անհատները որոնք սովորութիւն դարձուցած են անմաքուր կամ սխալ բաներ ընելը, կրնան ամբողջ ժողովքը ապականել եւ իրենց պատճառով Եհովան կրնայ ամբողջ ժողովքին չհաճիլ, բացի եթէ ժողովքը քայլեր առաւ որ յանցաւորները սրբագրէ կամ զանոնք ժողովքէն դուրս դնէ (համեմատէ՛ Յեսու 7–րդ գլուխին հետ)։
Աչքերդ հեռացուր սնոտի բաներ տեսնելէ
8 Ճշմարիտ քրիստոնեաները աչքերու եւ մարմնի ցանկութիւններէն զերծ չեն։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր դիտած եւ ցանկացած բաներուն առնչութեամբ ինքնակրթութիւն գործադրենք (Ա. Կոր. 9։25, 27. կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։ Պարկեշտ Յոբ զատորոշեց տեսնելուն եւ ցանկալուն միջեւ եղած զօրաւոր կապը։ Ան ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ կնքած էի. ուրեմն ի՞նչպէս ուշադրութիւն դարձնէի կոյսի մը» (Յոբ 31։1, ԱԾ)։ Յոբ ոչ միայն մերժեց կնոջ մը անբարոյ կերպով դպչիլ, այլ նաեւ թոյլ չտուաւ իր միտքին, որ այսպիսի գաղափար մը սնուցանէ։ Յիսուս շեշտեց թէ միտքը անբարոյ խորհուրդներէ զերծ պէտք է պահուի, երբ ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատ. 5։28)։
Հոգեւոր գոհարներ
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Վաղեմի ժամանակներուն, սովորական էր որ զօրքը պարսպապատ քաղաք մը պաշարէր, առաջ որ վրան յարձակէր։ Եթէ պաշարումը երկար տեւէր, քաղաքին մարդիկը իրենց պահած ուտելիքներուն մեծամասնութիւնը կ’ուտէին։ Երբ զինուորները վերջապէս քաղաքը գրաւէին, ատոր հարստութիւնները կ’առնէին, մէջը ըլլալով մնացած ուտելիքները։ Այս պատճառով հնագէտները շատ քիչ ուտելիք կամ ոչ մէկ ուտելիք գտած են պաղեստինեան քաղաքներու աւերակներուն մէջ։ Սակայն գալով Երիքովի աւերակներուն, անոնք մեծ քանակով ուտելիք գտած են։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ. «Կաւեղէնէն զատ, աւերակներուն մէջ ամէնէն շատ հատեղէն գտնուած է. . . Ընդհանրապէս, կարելի է որ մէկ–երկու կուժ հատեղէն գտնուի, բայց այսպիսի մեծ քանակով հատեղէն գտնուիլը բացառութիւն է» (Biblical Archaeology Review)։
Ըստ Աստուածաշունչին, իսրայէլացիները լաւ պատճառ ունէին որ Երիքովի հատեղէնը չառնէին. Եհովա՛ն իրենց պատուիրած էր որ չառնեն (Յես. 6։17, 18)։ Իսրայէլացիները գարնան եղանակին յարձակեցան, հունձքէն անմիջապէս ետք, երբ հատեղէնին պաշարը շատ կ’ըլլար (Յես. 3։15-17. 5։10)։ Երիքովի մէջ մեծ քանակով հատեղէն մնալը ցոյց կու տայ, որ իսրայէլեան պաշարումը կարճ տեւեց, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 4-10
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 8-9
«Գաբաւոնացիներէն ի՞նչ կը սորվինք»
Մեր անաչառ Աստուածը՝ Եհովան՝ ընդօրինակենք
5 Անկէ ետք, Իսրայէլ գետին մօտակայ դաշտավայրերէն շրջանին կեդրոնական բլուրները բարձրացաւ։ Եհովայի ուղղութեան հետեւելով, Յեսու դարան գործածելու ռազմավարութիւնը կիրարկեց Գայի քաղաքին դէմ։ (Յեսուայ, գլուխ 8) Աղիտալի պարտութեան լուրը պատճառ եղաւ որ Քանանի թագաւորներէն շատեր պատերազմելու համար հաւաքուին։ (Յեսուայ 9։1, 2) Խեւացիներու մօտակայ Գաբաւոն քաղաքին բնակիչները տարբեր կերպով հակազդեցին։ Յեսուայ 9։4–ը կ’ըսէ. «Իրենք ալ վարպետութիւն մը բանեցուցին»։ Ռախաբի նման, անոնք լսած էին թէ Եհովա իր ժողովուրդը ի՛նչպէս ազատագրած էր Ելքի ատեն եւ անոնց յաղթանակ տուած էր Սեհոնի ու Ովգի վրայ։ (Յեսուայ 9։6-10) Գաբաւոնացիները գիտակցեցան թէ դիմադրելը ի զուր էր։ Ուստի Գաբաւոնի եւ մօտակայ երեք քաղաքներուն՝ Կեփիրայի, Բերովթի ու Կարիաթարիմի՝ կողմէ, անոնք պատուիրակութիւն մը ղրկեցին Յեսուի, որ Գաղգաղա կը գտնուէր։ Պատուիրակութիւնը ծպտուեցաւ որպէս թէ հեռու երկրէ մը կու գար։ Այս հնարքը յաջողեցաւ։ Յեսու անոնց հետ ուխտ մը կնքեց, որ իրենց կեանքը կ’ապահովէր։ Երեք օր ետք, Յեսու եւ Իսրայելացիները գիտցան թէ խաբուեցան։ Բայց անոնք ուխտին կառչեցան, քանի որ Եհովայի անունով երդում ըրած էին որ ուխտը պահեն։ (Յեսուայ 9։16-19) Եհովա համաձայն գտնուեցա՞ւ։
«Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»
14 Անկատար ըլլալով, բոլորս,– նոյնիսկ փորձառու երէցներ,– հարկ է որ զգուշանանք, որ որոշումներ կայացնելու ատեն Եհովայէն ուղղութիւն խնդրելու մէջ չթերանանք։ Նկատի առ թէ Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսուն, եւ իսրայէլի ծերերը ինչպէ՛ս ընդառաջեցին, երբ իրենց քով եկան խորամանկ գաբաւոնացիներ, որոնք ծպտուած էին ու կը ձեւացնէին թէ հեռու երկրէ մը եկած էին։ Առանց Եհովայէն ուղղութիւն խնդրելու, Յեսուն եւ ուրիշներ առաջ անցան եւ գաբաւոնացիներուն հետ դաշինք կնքելով խաղաղութիւն ըրին։ Թէպէտեւ Եհովան վերջ ի վերջոյ համաձայնութեան թիկունք կանգնեցաւ, սակայն, ան հոգ տարաւ որ իր ուղղութիւնը չփնտռելու այս դէպքը արձանագրուի Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, յօգուտ մեզի (Յես. 9։3-6, 14, 15)։
«Երկիրը պտըտէ»
14 Այս ներկայացուցիչները ըսին. «Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար»։ (Յեսուայ 9։3-9) Անոնց հանդերձները եւ ուտելիքները հաստատեցին թէ հեռաւոր վայրէ մը եկած էին, բայց Գաբաւոն Գաղգաղայէն միայն 30 քիլոմեթր հեռու էր։ Յեսու եւ իշխանները համոզուելով, Գաբաւոնի եւ անոր յարակից քաղաքներուն հետ խաղաղութեան դաշինք կնքեցին։ Գաբաւոնացիները այս խորամանկութիւնը գործածեցին պարզապէս մահապատիժէ խուսափելո՞ւ համար։ Ո՛չ. անոնք ուզեցին Իսրայէլի Աստուծոյն հաճութիւնը ունենալ։ Եհովա ընդունեց որ Գաբաւոնացիները ‘փայտահատ ու ջրկիր ըլլան, որպէսզի ծառայեն ժողովուրդին եւ Տէրոջ զոհասեղանին’։ (Յեսուայ 9։11-27) Անոնք շարունակեցին Եհովայի ծառայութեան մէջ աննշան պարտականութիւններ ընելու կամեցողութիւն ցոյց տալ։ Հաւանաբար անոնցմէ ոմանք Նաթանայիմներուն մէջ էին, որոնք Բաբելոնէն վերադարձան ու վերակառուցուած տաճարին մէջ ծառայեցին։ (Եզրասայ 2։1, 2, 43-54. 8։20) Կրնանք անոնց վերաբերմունքը ընդօրինակել, ջանալով Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալ եւ ընդունելով իր ծառայութեան մէջ նոյնիսկ աննշան նշանակումներ։
Հոգեւոր գոհարներ
Հարցումներ ընթերցողներէն
Բ. Օրինաց 21։23–ը կը նշէ. «Կախուածը Աստուծոյ անիծածն է»։ «Աստուծոյ անիծած» չարագործի մը դիակը հրապարակաւ ցուցադրելը վստահաբար ազդեցութիւն պիտի ունենար իսրայէլացիներուն վրայ, որպէս ազդարարութիւն ծառայելով։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
it-1 520
Ուխտ
Ուխտը երկու կամ աւելի անհատներու միջեւ եղող համաձայնութիւն մը կամ պայմանագիր մըն է՝ որոշ բան մը ընելու կամ չընելու։ Եբրայերէն պերիթ բառը, որուն ծագումը յայտնի չէ, աւելի քան 280 անգամ կ’երեւի Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ (280–էն 80–ը կ’երեւին Մովսէսին հինգ գիրքերուն մէջ)։ 1927–ին, Եմաթին հարաւ արեւելքը գտնուող իսրայէլի չպատկանող Գաթնա քաղաքին մէջ գտնուած կարգ մը սեպագրական արձանագրութիւններ ցոյց կու տան, որ պերիթ բառին հիմնական իմաստը «ուխտ» է եւ ունի իր մէջ այսօրուան օրինական «պայմանագիր» բառին իմաստը։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ. «Գտնուած 15 արձանագրութիւններէն երկուքին վրայի գրութիւնները պարզ են։ Ա. արձանագրութեան վրայ կայ անուններու ցանկ մը. . . Բ. արձանագրութեան վրայ կայ աշխատավարձերու ցանկ մը. . . Ուրեմն, առաջին ցանկը համաձայնութիւն մըն է, ուր անհատները. . . կը համաձայնին մէկու մը ծառայել կամ որոշ պարտաւորութիւններ ընել։ Ետքը, երկրորդ ցանկը, որ նոյն գրագիրը գրած է, ցոյց կու տայ համաձայնութեան ի՛նչ տեսակ ըլլալը. անհատները իրենց ծառայութեան փոխարէն որոշ աշխատավարձ մը պիտի առնէին. . . ‘ուխտի’ գաղափարը շատ կարեւոր նիւթ մըն էր Եհովական աստուածաբանութեան մէջ» (Bulletin of the American Schools of Oriental Research, փետրուար 1951, էջ 22)։
it-1 525 ¶1
Ուխտ
Ուրիշ ուխտեր. ա) Յեսուն եւ իսրայէլի իշխանները Գաբաւոնացիներուն հետ ուխտ ըրին, որ զանոնք պիտի չմեռցնեն։ Թէեւ անոնք անիծուած քանանացիներ էին, որ իսրայէլացիներուն կողմէ պէտք էր սպաննուէին, բայց ուխտ ընելը այնքան լուրջ բան մըն էր, որ իսրայէլացիները չսպաննեցին զանոնք։ Բայց անոնց վրայ դրուած անէծքը կատարուեցաւ, երբ անոնք իսրայէլացիներուն քով փայտահատ ու ջրկիր եղան (Յես. 9։15, 16, 23-27)։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 11-17
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 10-11
«Եհովան իսրայէլին համար կը պատերազմի»
it-1 50
Ադոնիսեդեկ
Ադոնիսեդեկ Երուսաղէմի թագաւորն էր, երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը կը գրաւէին։ Ան Յորդանան գետի արեւմտեան կողմը գտնուող ուրիշ աննշան թագաւորութիւններու հետ միացաւ, որ Յեսուին յաղթական բանակին դէմ պատերազմի (Յես. 9։1-3)։ Բայց Գաբաւոնի խեւացի բնակիչները խաղաղութեան համաձայնութիւն ըրին Յեսուին հետ։ Որպէսզի թշնամին չշարունակէ յաղթանակներ տանիլ, Ադոնիսեդեկ իր բանակը միացուց ամօրհացիներու չորս թագաւորներու բանակներուն հետ, եւ անոնք Գաբաւոնը պաշարեցին ու անոր դէմ պատերազմեցան։ Յեսուն հրաշալի կերպով ազատեց գաբաւոնացիները եւ յաղթեց այդ միացած բանակներուն, ինչ որ ձգեց որ հինգ թագաւորները Մակեդա փախին ու քարայրի մը մէջ պահուըտին։ Յեսուն Ադոնիսեդեկը եւ միւս չորս թագաւորները մեռցուց իր զօրքին առջեւ եւ զանոնք ծառերու վրայ կախեց։ Ետքը, անոնց դիակները քարայրին մէջ նետուեցան, եւ ատիկա իրենց գերեզմանը դարձաւ (Յես. 10։1-27)։
it-1 1020
Կարկուտ
Եհովային կողմէ գործածուեցաւ։ Ատեններ Եհովան կարկուտը գործածած է, որ իր խօսքը կատարէ եւ իր զօրութիւնը ցուցնէ (Սաղ. 148։1, 8. Եսա. 30։30)։ Աւետեաց երկրին մէջ, ամօրհացիներու հինգ թագաւորներ գաբաւոնացիներուն դէմ պատերազմի ելան։ Երբ իսրայէլացիները Յեսուին առաջնորդութեամբ օգնեցին գաբաւոնացիներուն, Եհովան մեծ կարկուտներ թափեց ամօրհացիներուն վրայ։ Այս դէպքին, կարկուտէն մեռնողները շատ աւելի էին քան՝ սուրով մեռնողները (Յես. 10։3-7, 11)։
Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
10։13—Այս անսովոր երեւոյթը ի՞նչպէս կարելի է։ Երկինք ու երկիր Ստեղծող «Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք»։ (Ծննդոց 18։14) Եթէ ուզէ, Եհովա կրնայ երկրագունդի թաւալումը այնպէս մը ղեկավարել, որ արեւն ու լուսինը կրնան մարդոց համար անշարժ թուիլ։ Կամ, ան կրնայ երկրագունդին ու լուսնին թաւալումը պահել ինչպէս որ է, բայց արեւէն ու լուսինէն եկած ճառագայթները բեկբեկել այնպիսի կերպով մը, որ անոնց լոյսը շարունակէ փայլիլ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, մարդկային պատմութեան մէջ «անոր պէս օր մը չեղաւ»։—Յեսուայ 10։14
Հոգեւոր գոհարներ
w09 3/15 32 ¶5
Հարցումներ ընթերցողներէն
Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքին մէջ կարգ մը գիրքեր յիշուած են եւ ատոնք այդ ժամանակ գործի ծառայեցին, բայց ասիկա ըսել չէ որ ատոնք ներշնչուած էին։ Անդին, Եհովա Աստուած պահպանած է իր «խօսքը» փոխանցող բոլոր գրութիւնները, եւ ատոնք ‘յաւիտեան պիտի մնան’ (Եսա. 40։8)։ Ինչ որ Եհովան զատած է, որ մաս կազմէ Սուրբ Գիրքի 66 գիրքերուն, բաւարար է որ մենք ‘կատարեալ ըլլանք՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած’ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 18-24
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 12-14
«Եհովային սրտանց հետեւէ»
Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
14։10-13. 85 տարեկան ըլլալով հանդերձ, Քաղէբ կը խնդրէ Քեբրոնի շրջանը թշնամիներէն մաքրագործելու դժուար նշանակումը։ Այդ շրջանին մէջ Ենակիմները կը բնակին,– յաղթանդամ մարդիկ։ Եհովայի օգնութեամբ այս փորձառու ռազմիկը կը յաջողի, եւ Քեբրոնը ապաստանի քաղաք կը դառնայ։ (Յեսուայ 15։13-19. 21։11-13) Քաղէբի օրինակը մեզ կը քաջալերէ որ աստուածպետական դժուար նշանակումներէ չխուսափինք։
Քա՛ջ ըլլանք՝ հաւատք ու աստուածավախութիւն ի գործ դնելով
11 Այս հաւատքը սառած վիճակի մէջ չէ։ Անիկա կ’աճի մինչ ճշմարտութիւնը կ’ապրինք, օգուտները ‘կը ճաշակենք’, մեր աղօթքներուն պատասխանները ‘կը տեսնենք’ եւ այլ կերպերով՝ Եհովայի առաջնորդութիւնը կը զգանք մեր կեանքին մէջ։ (Սաղմոս 34։8. Ա. Յովհաննու 5։14, 15) Վստահ ենք որ Յեսուի ու Քաղէբի հաւատքը խորացաւ, երբ Աստուծոյ բարութիւնը ճաշակեցին։ (Յեսուայ 23։14) Հետեւեալ կէտերը նկատի առ. անոնք անապատին մէջ 40 տարուան թափառման վերջաւորութեան ողջ մնացին՝ Աստուծոյ խոստումին համաձայն։ (Թուոց 14։27-30. 32։11, 12) Անոնք Քանանի վեց տարի տեւող նուաճման մէջ գործնական դեր մը խաղցան։ Ի վերջոյ, անոնք երկար ու առողջ կեանք վայելեցին եւ նոյնիսկ իրենց անձնական ժառանգութիւնը ստացան։ Արդարեւ Եհովա իրեն ծառայող հաւատարիմ ու քաջ անհատները մեծապէս կը վարձատրէ։—Յեսուայ 14։6, 9-14. 19։49, 50. 24։29
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 902-903
Գեբաղ
Եհովան ըսաւ որ «Գեբաղացիներուն երկիրը» այն շրջաններէն է, որ իսրայէլացիները պիտի գրաւէին Յեսուին օրերուն (Յես. 13։1-5)։ Կարգ մը անհատներ քննադատած են, որ հոս հակասութիւն մը կայ, քանի որ Գեբաղ քաղաքը Իսրայէլէն շատ հեռու էր (Դանէն շուրջ 100 քմ. դէպի հիւսիս) եւ այնպէս կ’երեւի որ իսրայէլացիները զայն բնա՛ւ չգրաւեցին։ Կարգ մը ուսումնականներ ըսած են, որ այս համարին մէջ թերեւս եբրայերէն գրութիւնը վնասուած է եւ թէ այդ օրերուն արձանագրութիւնը կ’ըսէր՝ «Լիբանանին քովի երկիրը» կամ ‘մինչեւ գեբաղացիներուն սահմանը’։ Բայց նաեւ պէտք է նկատի առնենք, որ ինչ որ Յեսու 13։2-7–ին մէջ Եհովան խոստացած էր պիտի կատարուէր միայն եթէ իսրայէլացիները իրեն հնազանդ ըլլային։ Ուրեմն, կրնայ ըլլալ որ իսրայէլ իր անհնազանդութեա՛ն պատճառով բնա՛ւ չգրաւեց Գեբաղը (համեմատէ՛ Յես. 23։12, 13)։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 25-31
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 15-17
«Արժէքաւոր ժառանգութիւնդ պաշտպանէ»
it-1 1083 ¶3
Քեբրոն
Մինչ իսրայէլացիները Քանանի հարաւը եղող երկիրներուն դէմ կը շարունակէին պատերազմիլ, սպաննեցին Քեբրոնի բնակիչները եւ անոնց թագաւորը (որ ըստ երեւոյթին Հօհամին յաջորդն էր) (Յես. 10։36, 37)։ Հակառակ անոր որ իսրայէլացիները Յեսուին առաջնորդութեամբ այդ քանանացիներուն յաղթեցին, բայց այնպէս կ’երեւի թէ անոնք հոն շուտով պահակազօրքեր չկեցուցին, որպէսզի իրենց գրաւած շրջանները պահեն։ Ըստ երեւոյթին, երբ իսրայէլացիները ուրիշ տեղ մը պատերազմելով զբաղած էին, ենակիմները ետ հաստատուեցան Քեբրոնի մէջ, եւ ասոր պատճառով ժամանակ մը ետք Քաղէբ (կամ Քաղէբի առաջնորդութեան տակ եղող Յուդայի որդիները) ստիպուեցաւ ետ գրաւել այդ շրջանը (Յես. 11։21-23. 14։12-15. 15։13, 14. Դատ. 1։10)։ Սկիզբը Քեբրոնը նշանակուեցաւ Քաղէբին, որ Յուդայի ցեղէն էր, բայց ետքը ատիկա ապաստանի քաղաք դարձաւ։ Ատիկա նաեւ քահանայական քաղաք մը եղաւ։ Բայց Քեբրոն «քաղաքին ագարակներն ու գիւղերը» Քաղէբին ժառանգութիւնն էին (Յես. 14։13, 14. 20։7. 21։9-13)։
it-1 848
Հարկատու ծառայ
Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, «հարկատու ծառաներ» ունենալը սովորական էր։ Պարտուած ժողովուրդները շատ անգամ ծառաներ կը դառնային (Բ. Օր. 20։11. Յես. 16։10. 17։13. Եսա. 31։8. Ող. 1։1)։ Եգիպտոսի մէջ, իսրայէլացիները հարկատու ծառաներ էին եւ եգիպտացի գործավարները զիրենք անգթութեամբ կ’աշխատցնէին։ Այսպիսով անոնք շինեցին Փիթոմը եւ Ռամսէսը, որոնք շտեմարանի քաղաքներ էին (Ել. 1։11-14)։ Ետքը, երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտան, քանանացիները հարկատու ծառայ դարձուցին, փոխանակ զանոնք վռնտելու եւ մեռցնելու, ինչպէս որ Եհովան հրամայած էր։ Ասոր պատճառով, իսրայէլացիները սկսան չաստուածներ պաշտել (Յես. 16։10. Դատ. 1։28. 2։3, 11, 12)։ Սողոմոն թագաւորը շարունակեց որպէս հարկատու ծառայ գործածել այս քանանացիներուն սերունդները, այսինքն՝ ամօրհացիները, քետացիները, փերեզացիները, խեւացիները եւ յեբուսացիները (Գ. Թագ. 9։20, 21)։
it-1 402 ¶3
Քանան
Հակառակ անոր որ շատ մը քանանացիներ չսպաննուեցան իսրայէլացիներուն կողմէ եւ անոնց չհպատակեցան, բայց կրնանք ըսել թէ «Տէրը Իսրայէլին տուաւ այն բոլոր երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր», թէ «զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց» եւ թէ «Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան» (Յես. 21։43-45)։ Իսրայէլացիներուն շուրջը եղող բոլոր թշնամի ազգերը կը վախնային անոնցմէ եւ մեծ վտանգ չէին անոնց։ Աստուած նախապէս ըսած էր, որ քանանացիները «կամաց կամաց» պիտի վռնտէր, որպէսզի գազանները չշատնային այդ երկրին մէջ, որ մէկէն ամայացած էր (Ել. 23։29, 30. Բ. Օր. 7։22)։ Ճիշդ է որ քանանացիները շատ աւելի զօրաւոր պատերազմական զէնքեր ունէին (օրինակ՝ երկաթէ կառքեր), եւ ճիշդ է որ իսրայէլացիները բնա՛ւ չկրցան գրաւել կարգ մը շրջաններ, բայց ասիկա չի նշանակեր որ Եհովան իր խոստումին տէրը չեղաւ (Յես. 17։16-18. Դատ. 4։13)։ Ընդհակառակը, իսրայէլացիները քանի մը պարագաներու պարտուեցան, քանի որ անհնազա՛նդ գտնուեցան Եհովային (Թւ. 14։44, 45. Յես. 7։1-12)։
Հոգեւոր գոհարներ
Գիտէի՞ր
Վաղեմի Իսրայէլը Աստուածաշունչի նկարագրածին պէս անտառաշա՞տ էր։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կը նշէ, որ Աւետեաց երկրին կարգ մը շրջաններու մէջ ծառերու «շատութիւն» կար (Գ. Թագ. 10։27. Յես. 17։15, 18)։ Բայց քանի որ այժմ երկրին մեծ մասը անտառազուրկ է, սկեպտիկներ թերեւս ասոր շուրջ կասկածներ յարուցանեն։
Գիրք մը կը բացատրէ, թէ «վաղեմի Իսրայէլի անտառները հիմակուընէ շատ աւելի էին» (Life in Biblical Israel)։ Բարձրագաւառները ընդհանրապէս ծածկուած էին Հալէպի սոճիներով (Pinus halepensis), փշակաղնիներով (Quercus calliprinos) եւ բեւեկնիներով (Pistacia palaestina)։ Կեդրոնական լեռնաշղթային եւ Միջերկրական ծովու ափին միջեւ ինկած բլրաշատ տարածքը, որ Շեֆելա կը կոչուի, նաեւ առատ էր մոլաթզենիով։
Ուրիշ գիրք մը կը նշէ, թէ այսօր Իսրայէլի շրջաններէն ոմանք բոլորովին ծառազուրկ են (Plants of the Bible)։ Ի՞նչ բան ասոր առաջնորդեց։ Գիրքը կը բացատրէ որ ասիկա աստիճանաբար տեղի ունեցաւ, ըսելով. «Մարդս յարատեւօրէն միջամտած է բնական բուսականութեան, գլխաւորապէս իր երկրագործութիւնը եւ արօտավայրը ընդարձակելու, ինչպէս նաեւ՝ շինանիւթ ու վառելանիւթ ձեռք ձգելու համար»։