Մեռեալ ծովուն գալարները—Աննախընթաց գանձ մը
ՈՒԱՏԻ ԳՈՒՄՐԱՆի ստորոտը, Մեռեալ Ծովուն հիւսիս–արեւմուտքը, հին աւերակներ կը գտնուին։ Երկար ատեն Հռովմէական ամրոցի մը աւերակները կարծուելով, անոնք հնախոյզներուն մասնաւոր հետաքրքրութիւնը շարժած չէին։ Եսայիի Մեռեալ Ծովուն Գալարին գիւտը՝ 1947–ին, այս վայրը վերստին նկատի առնելու մղեց։
Ուսումնականները շուտով ճանչցան որ շինութիւնները Հրեայ կրօնական համայնքի մը կը պատկանէին։ Անմիջական ենթադրումը այդ էր թէ հոն ապրող մարդիկը պահած էին գալարները մօտակայքը գտնուող խարակներու քարայրներուն մէջ։ Սակայն հետագայ գիւտերը երեւութապէս կասկածի տակ դրին այս գաղափարը։
Աննախընթաց Գիւտ մը
Պետեվիները լաւ հասկցած էին իրենց գտած ձեռագիրներուն արժէքը։ Ուստի, 1952–ին, նորանոր փնտռտուքներ կատարուեցան, երբ ծերունի մը պատմեց որ իր երիտասարդութեան ատեն վիրաւորուած կաքաւ մը հետապնդած էր, մինչեւ որ ան կորսուած էր ժայռի մը ճակատը գտնուող բացուածքի մը մէջ, ուր կարգ մը խեցեղէն ամաններ եւ իւղի հին լամբ մը գտած էր։
Գահավէժ խարակներու խոր ճեղքերուն մէջէն ծերունին տակաւին կարողացաւ գտնել քարայրին բացուածքը։ Ստուգուեցաւ որ ան մարդակերտ քարայր մըն էր, որ հիմա ճանչցուած է որպէս քարայր Դ։ Հոն, մէկ մէթր խորութեան մէջ, Պետեվին գտաւ ձեռագիրներու բեկորներ։ Անոնցմէ ոչ մէկը կուժերու մէջ պահուած էր, ուստի շատերը փճացած, սեւցած եւ դիւրափշրուած էին։ Ժամանակի ընթացքին, մօտաւորապէս 400 ձեռագիրներ ներկայացնող 40,000 բեկորներ գտնուեցան։ Եբրայերէն Գրութիւններուն բոլոր գիրքերը՝ ի բացառեալ Եսթերայ գրքէն՝ կը գտնուէին Աստուածաշունչի հարիւր ձեռագիրներուն մէջ։ Քարայր Դ–էն գտնուած շատ մը փաստաթուղթեր տակաւին հրատարակուած չեն։
Յատկանշական ձեռագիրներէն մէկն էր Սամուէլի [Ա. եւ Բ. Թագաւորաց] գիրքերը՝ որ գալարի մը վրայ ընդօրինակուած էին։ Անոր Եբրայերէն բնագրին հաւանաբար 57 սիւնակներէն 47–ն պահուած էր եւ շատ նման էր Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան թարգմանիչներուն գործածած բնագրին։ Կային նաեւ Ղեւտացւոցի եւ Թուոցի Եօթասնից թարգմանութեան Յունարէն բեկորներ որոնց թուարկութիւնն է Հ.Դ.Ա. առաջին դարը։ Ղեւտացւոցի ձեռագիրը, Եբրայերէն Աստուծոյ անուան՝ ԵՀՎՀ–ին համար կը գործածէ IAO, փոխանակ Յունարէն գիրիոսի՝ «Տէր»։a
Երկրորդ Օրինացէն եղող բեկորի մը մէջ, Եբրայերէն բնագիրը կը պարունակէ 32–րդ գլուխին 43–րդ համարը որ կը գտնուի Եօթանասնիցին մէջ եւ մէջբերուած է Եբրայեցիս 1։6–ի մէջ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն»։ Առաջին անգամ ըլլալով, այս տողը գտնուած է Եբրայերէն ձեռագրի մը մէջ, որ ցոյց կու տայ թէ ասիկա բացայայտօրէն ծառայած է Յունարէն թարգմանութիւնը կատարելու։ Այս կերպով ուսումնականները Եօթանասնիցին շուրջ նոր հայեցակէտ մը կ’ունենան, որմէ շատ մէջբերումներ եղած են Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։
Ելիցի մէկ գալարին թուականն էր Հ.Դ.Ա. երրրորդ դարու երեք քառորդը, Սամուէլին մէկ գրքին թուականն էր նոյն դարուն վերջաւորութիւնը, իսկ Երեմեայի գալարը՝ Հ.Դ.Ա. 225–175–ի միջեւ։ Բաւարար փաստաթուղթեր գտնուեցան Հ.Դ.Ա. երրորդ դարէն մինչեւ առաջին դար, Եբրայերէն եւ Արամերէն գրութեանց եւ տառագրութեանց ոճերուն փոփոխութիւնները ուրուագծելու համար, ինչ որ մեծ արժէք կը ներկայացնէ ձեռագիրները թուարկելու համար։
Քարայր ԺԱ–ի Անակնկալը
Վերջապէս, Գումրամի բոլորտիքը լիովին խուզարկուեցաւ, թէ տեղացի Պետեվիներու եւ թէ հնախոյզներու կողմէ։ Սակայն, 1956–ին, Պետեվիներ նշմարեցին որ Քարայր Ա–ի հիւսիսը գտնուող խարակներու փոքր ճեղքերէն ջղջիկներ կ’ելլէին։ Հոն մագլցեցան եւ ուրիշ քարայր մը գտան, որու մուտքը գոցուած էր։ Զայն բանալու համար, երկու թոն ժայրերու բեկորներ վերցուցին։ Ինչ որ գտան հոն իրապէս ապշեցուցիչ էր. երկու ամբողջական ձեռագիրներ եւ հինգ ուրիշ ձեռագիրներու մեծ մասեր։
Ամենէն արժէքաւոր գիւտն էր Սաղմոսի գեղեցիկ գալարը։ Կաշիին հաստութիւնը կը թելադրէր որ շատ աւելի հաւանական էր որ ան հորթի մորթ ըլլար քան թէ այծի։ Հինգ թերթեր, չորս անջատ էջեր եւ չորս բեկորներ, ընդամէնը աւելի քան չորս մեթր երկարութիւն ունէր։ Թէեւ այս գալարին վերի մասը լաւ պահպանուած է, բայց վարի մասը բաւական փճացած է։ Անոր թուարկութիւնն է Հ.Դ. առաջին դարը եւ կը պարունակէ 41 սաղմոսներ։ Քառատառը որ շուրջ 105 անգամ գրուած է հին–Եբրայերէն տառերով, քառակուսի Եբրայերէն ձեռագրին մէջ յստակօրէն ցցուն է։
Ղեւտացւոցի ուրիշ ձեռագիր մը ամբողջութեամբ հին Եբրայերէնով գրուած է, բայց ցարդ բաւարար բացատրութիւն չէ տրուած այս մասին։ Անիկա գոյութիւն ունեցող ամենէն երկար փաստաթուղթն է, որ գործածած է այն տիպի գրութիւն, զոր կը գործածուէր երբ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն վերջաւորութեան Հրեաները Բաբելոն գերի գացին։
Յոբի գրքին Արամերէն մեկնաբանութեան՝ Թարկումի մէկ օրինակն ալ երեւան եկաւ։ Անիկա գրի առնուած առաջին Թարկումներուն մաս կը կազմէ։ Տարբեր քարայրներու մէջ, Աստուածաշունչի ուրիշ գրքերու մասին շատ մը մեկնութիւններ ալ գտնուած են։ Այս բոլոր գալարները ինչպէ՞ս այսքան խնամքով պահուած են այս քարայրներուն մէջ։
Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, անոնցմէ ոմանք թերեւս Գումրանի համայնքին կողմէ պահուած էին։ Բայց շատ աւելի հաւանական կը թուի թէ անոնցմէ շատեր հոն դրուած էին, Հ.Դ. 68–ին, Երուսաղէմի կործանումէն երկու տարի առաջ, Հրէաստան ներխուժող Հռովմէացիներուն ձեռքէն փախչող Հրեաներուն կողմէ։ Յուդայի անապատը բնական ապահով ապաստանարան մըն էր թանկարժէք ձեռագիրներուն համար, ոչ միայն Գումրանի մօտակայքի քարայրներուն մէջ, այլ նաեւ՝ շատ մը քիլոմէթր հիւսիսը գտնուող Երիքովի եւ հարաւը՝ Մասատայի մօտակայքը գտնուող քարայրներուն մէջ։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք անոնց պահպանման համար։ Անոնք յաւելեալ ապացոյց մըն են որ Եհովայի ներշնչեալ Խօսքը անփոփոխելի է։ Իրապէս, «մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»։—Եսայեայ 40։8
[Ստորանիշ էջ 12]
a Տես Վերագրեալ Աստուածաշունչ, վերջաբանի բացատրութիւն 1C (5) եւ Ղեւտացւոց 3։12–ի լուսանցքի բացատրութիւնը, ուր այս ձեռագիրը բնորոշուած է 4Q LXX Lev/b տառերով։
[Շրջանակ՝ էջ 13]
ՄՕՏ ՕՐԷՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵ՞Ր
Թէեւ տասնամեակներ առաջ գտնուած են, սակայն Մեռեալ Ծովու Գալարներու բեկորներուն մեծ մասը տակաւին հրատարակուած չեն։ Դեկտեմբեր 23, 1990–ի Նիւ Եորք Թայմզը, հետեւեալ կերպով կը վատաբանէ. «[Ձեռագիրներուն] նոյնիսկ լուսանկարչական վերարտադրութիւնը սերտօրէն գաղտնի պահուած է ուսումնականներու խմբակցութեան մը կողմէ, որոնք խոյս կու տան իրենց պաշտօնակիցներէն եւ կը մերժեն իրենց ձեռքը գտնուող որեւէ փաստաթուղթ հրատարակել»։ Լրագիրը կը տեղեկագրէր, սակայն, թէ հրատարակչական այս խմբակցութեան մէջ անձնակազմի փոփոխութիւն մը կատարուած է վերջերս, որ հաւանաբար պիտի փշրէ «գալարները պատող խմբակցային միջավայրը, ... եւ աշխարհ պատմութեան ամենէն կարկառուն դարաշրջանին մասին աւելի տեղեկութիւն պիտի ունենայ»։
[Նկար՝ էջ 12]
Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.