Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 18-19
«Եհովան իմաստութեամբ կը բաժնէ երկիրը»
it-1 359 ¶1
Սահման
Այնպէս կ’երեւի թէ երկու բաներու հիման վրայ Աւետեաց երկիրը բաժնուեցաւ ցեղերուն միջեւ. վիճակ ձգելուն արդիւնքը եւ ցեղին մեծութիւնը։ Հաւանաբար վիճակ ձգելով գիտցուեցաւ, որ որոշ ցեղ մը մօտաւորապէս ո՛ւր պիտի ապրի. օրինակ՝ դէպի հիւսի՞ս կամ դէպի հարաւ, դէպի արեւե՞լք կամ դէպի արեւմուտք, ծովեզե՞րքը կամ լեռնային շրջանը։ Վիճակով եղած որոշումը Եհովայէն եկաւ, եւ օգնեց որ ցեղերուն միջեւ նախանձ կամ վէճ չըլլայ (Առ. 16։33)։ Այսպիսով Եհովան նաեւ կրնար հարցերը այնպէս մը առաջնորդել, որ ամէն մէկ ցեղ իր ժառանգութիւնը ստանար Յակոբ նահապետին ըրած ներշնչեալ մարգարէութեան համաձայն, գրուած՝ Ծննդոց 49։1-33–ին մէջ։
it-1 1200 ¶1
Ժառանգութիւն
Ժառանգուած հողամասեր։ Եհովան էր որ իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը որոշեց եւ Մովսէսին ըսաւ, թէ անոնց սահմանները ի՛նչ պիտի ըլլային (Թւ. 34։1-12. Յես. 1։4)։ Գադին որդիները, Ռուբէնին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը ստացան Մովսէսէն (Թւ. 32։33. Յես. 14։3)։ Մնացեալ ցեղերը, Յեսուին եւ Եղիազարին առաջնորդութեամբ, վիճակով ստացան իրենց ժառանգութիւնները (Յես. 14։1, 2)։
it-1 359 ¶2
Սահման
Ամէն մէկ ցեղին աշխարհագրական մօտաւոր տեղը որոշուելէ ետք, պէտքը կար որ ցեղին մեծութեան հիման վրայ որոշուէր ատոր ժառանգութեան որքա՛ն մեծ ըլլալը։ «Այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ» (Թւ. 33։54)։ Վիճակին արդիւնքը պիտի չփոխուէր, բայց ժառանգութեան մեծութիւնը կրնար փոխուիլ։ Այսպիսով, երբ տեսնուեցաւ որ Յուդային ժառանգութիւնը շատ մեծ է, ատոր մէկ մասը տրուեցաւ Շմաւոնի ցեղին (Յես. 19։9)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 359 ¶5
Սահման
Արձանագրութենէն յայտնի կ’ըլլայ որ նախ որոշուեցաւ, թէ Յուդան (Յես. 15։1-63), Յովսէփը (Եփրեմ) (Յես. 16։1-10) եւ Մանասէին կէս ցեղը Յորդանան գետին արեւմուտքը պիտի տեղաւորուէին (Յես. 17։1-13), եւ թէ անոնց սահմանները եւ քաղաքները ի՛նչ պիտի ըլլային։ Ըստ երեւոյթին՝ այս դէպքէն ետք, երկրին բաժանումը ընդհատուեցաւ։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Քանի որ իսրայէլացիները Գաղգաղայէն փոխադրուեցան Սելով (Յես. 14։6. 18։1)։ Այս ընդհատումը որքա՛ն ժամանակ առաւ չենք գիտեր, բայց ի վերջոյ Յեսուն մնացեալ եօթը ցեղերը յանդիմանեց, քանի որ անհոգ եղան երկրին մնացեալ մասը ժառանգելու (Յես. 18։2, 3)։ Կարգ մը անհատներ կ’ըսեն որ եօթը ցեղերը անհոգութիւն ըրին, քանի որ պատերազմելու ժամանակ շատ աւար ստացած էին եւ կը զգային, թէ այլեւս վտանգ չկար որ քանանացիները իրենց վրայ յարձակէին։ Թերեւս անոնք չէին ուզեր նորէն թշնամիին դէմ դնել (Յես. 13։1-7)։ Ասկէ զատ, թերեւս անոնք Աւետեաց երկրին մնացեալ մասը չէին գիտեր, այնքան՝ որքան գիտէին այն մասը որ ժառանգած էին։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 20-22
«Սխալ հասկացողութիւն մը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ»
w06 4/15 5 ¶3
Ինչպէ՞ս կրնաս կողակիցիդ հետ խօսակցիլ
Անկեղծ խօսակցութիւնը կ’օգնէ, որ սխալ հասկացողութիւններ չըլլան։ Անցեալին, Յորդանան գետին արեւելքը ապրող Ռուբէնին ցեղը, Գադին ցեղը եւ Մանասէին կէս ցեղը «երեւոյթով մեծ սեղան մը» շինեցին Յորդանանին քով։ Գետին արեւմուտքը ապրող ցեղերը սխալ հասկցան անոնց ըրածը։ Իրենց կարծիքով՝ գետին արեւելքը ապրող իսրայէլացիներուն ըրածը հաւատուրացութիւն էր։ Անոնք պատրաստուեցան այդ «ապստամբ» իսրայէլացիներուն դէմ պատերազմելու։ Բայց նախ անոնք մարդիկ ղրկեցին, որ արեւելքի ցեղերուն հետ խօսակցին։ Ասիկա շատ իմաստուն որոշում մըն էր։ Անոնք տեսան որ այդ իսրայէլացիները զոհասեղանը չէին շինած ողջակէզներ կամ զոհեր մատուցանելու համար։ Հապա՝ անոնք կը վախնային որ արեւմուտքը գտնուող ցեղերը ապագային իրենց ըսեն. «Դուք Տէրոջմէ բնաւ բաժին չունիք»։ Զոհասեղանը վկայութիւն պիտի ըլլար, որ իրե՛նք ալ Եհովան կը պաշտեն (Յեսու 22։10-29)։ Անոնք զոհասեղանին անունը «վկայութիւն» դրին շատ հաւանաբար քանի որ ատիկա կը վկայէր, որ իրենք կը պաշտեն ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան (Յեսու 22։34)։
w08 11/15 18 ¶5
‘Իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրինք’
Թերեւս կարգ մը իսրայէլացիներ մտածեցին, թէ բաւական փաստ կայ որ Յորդանան գետին արեւելքը գտնուող իսրայէլացիները յանցանք գործած են, եւ թէ եթէ իրենք անակնկալ կերպով անոնց վրայ յարձակին, աւելի քիչ վնասով կ’ելլեն։ Բայց Յորդանան գետին արեւմուտքը ապրող ցեղերը շուտով գործի չանցան։ Անոնք մարդիկ ղրկեցին որ խնդիրին մասին խօսին իրենց եղբայրներուն հետ։ Անոնք հարցուցին. «Այդ ի՞նչ մեղք է, որ դուք Իսրայէլի Աստուծոյ դէմ գործեցիք՝ Տէրոջմէն խոտորելով»։ Իրականութեան մէջ, զոհասեղանը շինող ցեղերը անհաւատարիմ չէին գտնուած։ Բայց անոնք ինչպէ՞ս պատասխանեցին։ Անոնք եկողներուն երես դարձուցի՞ն, կամ պայթեցա՞ն անոնց վրայ։ Ո՛չ, անոնք ազնուութեամբ պատասխանեցին եւ յստակացուցին որ իրենք զոհասեղանը շինած էին, քանի որ կ’ուզէին Եհովան պաշտել։ Անոնց պատասխանը ձգեց որ արիւն չթափուի եւ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը չվնասուի։ Անոնք հանդարտութեամբ խօսակցելով սխալ հասկացողութիւնը յստակացուցին եւ խաղաղութիւնը պահեցին (Յես. 22։13-34)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 402 ¶3
Քանան
Հակառակ անոր որ շատ մը քանանացիներ չսպաննուեցան իսրայէլացիներուն կողմէ եւ անոնց չհպատակեցան, բայց կրնանք ըսել թէ «Տէրը Իսրայէլին տուաւ այն բոլոր երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր», թէ «զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց» եւ թէ «Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան» (Յես. 21։43-45)։ Իսրայէլացիներուն շուրջը եղող բոլոր թշնամի ազգերը կը վախնային անոնցմէ եւ մեծ վտանգ չէին անոնց։ Աստուած նախապէս ըսած էր, որ քանանացիները «կամաց կամաց» պիտի վռնտէր, որպէսզի գազանները չշատնային այդ երկրին մէջ, որ մէկէն ամայացած էր (Ել. 23։29, 30. Բ. Օր. 7։22)։ Ճիշդ է որ քանանացիները շատ աւելի զօրաւոր պատերազմական զէնքեր ունէին (օրինակ՝ երկաթէ կառքեր), եւ ճիշդ է որ իսրայէլացիները բնա՛ւ չկրցան գրաւել կարգ մը շրջաններ, բայց ասիկա չի նշանակեր որ Եհովան իր խոստումին տէրը չեղաւ (Յես. 17։16-18. Դատ. 4։13)։ Ընդհակառակը, իսրայէլացիները քանի մը պարագաներու պարտուեցան, քանի որ անհնազա՛նդ գտնուեցան Եհովային (Թւ. 14։44, 45. Յես. 7։1-12)։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԵՍՈՒ 23-24
«Յեսուին վերջին խրատները իսրայէլ ազգին»
it-1 75
Դաշնակցութիւն
Աստուած իսրայէլացիներու նախահայրերուն խոստացած էր, որ երբ Աւետեաց երկիրը՝ Քանան՝ մտնէին, լման երկիրը իրենցը պիտի ըլլար։ Ուրեմն անոնք որպէս օտար պիտի չմտնէին երկիրը։ Եւ Եհովան արգիլած էր որ անոնք դաշնակցութիւններ ընէին երկրին հեթանոս ազգերուն հետ (Ել. 23։31-33. 34։11-16)։ Անոնք պէտք էր միայն Աստուծոյ օրէնքներուն եւ կանոններուն հնազանդէին, եւ ոչ թէ՝ այն ազգերուն օրէնքներուն, որոնք երկրէն պիտի վռնտուէին (Ղեւ. 18։3, 4. 20։22-24)։ Անոնք մանաւանդ խնամութիւն պէտք չէր ընէին այդ ազգերուն հետ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ խնամութիւններուն պատճառով անոնք թէ՛ հեթանոս կիներ պիտի ունենային, եւ թէ հեթանոս ազգականներ, որոնք կրօնական սխալ սովորութիւններ ունէին։ Ասիկա պատճառ պիտի ըլլար, որ իսրայէլացիները հաւատուրաց դառնային (Բ. Օր. 7։2-4. Ել. 34։16. Յես. 23։12, 13)։
Եհովայի խօսքը բնաւ գետին չ’իյնար
19 Վստահաբար, մեր աչքերով տեսած բաներուն ի տես, կրնանք ըսել. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։ (Յեսու 23։14) Եհովա իր ծառաները կ’ազատէ, կը պաշտպանէ եւ նեցուկ կը կանգնի։ Կրնա՞ս նշել իր խոստումներէն մէկը, որ չէ կատարուած իր որոշած ժամանակին։ Ասիկա անկարելի է։ Աստուծոյ վստահելի Խօսքին խոհեմօրէն կ’ապաւինինք։
20 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ապագային մասին։ Եհովա մեզի ըսած է թէ մեզմէ շատեր կրնան յուսալ հաճելի դրախտի մը վերածուած երկրին վրայ ապրիլ։ Մեզմէ քիչեր Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ իշխելու յոյսը ունին։ Մեր յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բաւարար պատճառներ ունինք որ Յեսուի նման հաւատարիմ մնանք։ Պիտի գայ այն օրը, երբ մեր յոյսը պիտի իրականանայ։ Այն ատեն Եհովայի բոլոր խոստումներուն վրայ յետադարձ ակնարկ մը պիտի նետենք, եւ մենք ալ պիտի ըսենք. «Անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։
Հոգեւոր գոհարներ
Յեսուայ գիրքէն աչքառու կէտեր
24։2—Աբրահամի հայրը՝ Թարա, կռապա՞շտ էր։ Սկիզբը, Թարա Եհովա Աստուծոյ մէկ երկրպագուն չէր։ Հաւանաբար ան կը պաշտէր Սին անունով լուսին–չաստուածը,– Ուրի մէջ ժողովրդական չաստուած մը։ Հրէական աւանդութեան համաձայն, Թարա թերեւս կուռքեր շինող մըն էր։ Սակայն երբ Աբրահամ Աստուծոյ պատուէրին համաձայն Ուրը ձգեց, Թարա անոր հետ Խառան գնաց։—Ծննդոց 11։31
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 1-3
«Քաջ եւ ճարպիկ մարդ մը»
w04 3/15 31 ¶3
Աւովդ իսրայէլացիները կ’ազատէ իրենց վրայ տիրողներէն
Աւովդ յաջողեցաւ ոչ թէ քանի որ ինք խելացի էր կամ թշնամին տկար էր, հապա քանի որ Աստուած իրեն կ’օգնէր։ Բան մը չկայ որ կրնայ Աստուծոյ նպատակներուն արգելք կենալ։ Աւովդ Աստուծոյ կամքին համաձայն շարժեցաւ եւ ջանաց Աստուծոյ ժողովուրդը ազատել։ Աստուած էր որ Աւովդը նշանակած էր, եւ երբ Աստուած իր ժողովուրդին համար ‘դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ կ’ըլլար’ (Դատաւորաց 2։18. 3։15)։
w04 3/15 30 ¶1-3
Աւովդ իսրայէլացիները կ’ազատէ իրենց վրայ տիրողներէն
Աւովդ նախ ինքն իրեն «երկսայրի սուր մը շինեց», որ կարճ էր եւ իր հագուստներուն տակ կրնար պահել զայն։ Ան հաւանաբար ակնկալեց, որ պահակները զինք քննեն։ Ընդհանրապէս, սուրը մարմինին ձախ կողմը կը դրուէր, քանի որ աջլիկներուն համար աւելի դիւրին էր ձախէն սուրը հանելը։ Բայց քանի որ Աւովդ ձախլիկ էր, սուրը իր «լաթերուն տակէն իր աջ ազդրին վրայ» պահեց, ուր աւելի քիչ հաւանականութիւն կար որ պահակները փնտռէին։ Այսպիսով, ան առանց դժուարութեան «ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին տարաւ» (Դատաւորաց 3։16, 17)։
Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ սկիզբը ի՛նչ եղաւ Էգղոնին պալատին մէջ։ Պարզապէս գրուած է. «Երբ [Աւովդ] ընծան տուաւ լմնցուց, ընծան կրող մարդիկը ետ ղրկեց» (Դատաւորաց 3։18)։ Աւովդ ընծան տուաւ, ընծան կրող մարդոց հետ որոշ ճամբայ մը կտրեց եւ զանոնք ղրկելէ ետք վերադարձաւ։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք անոնք իրեն հետ էին որպէսզի զինք պաշտպանե՞ն, թէ ոչ պարզապէս տեղական կանոններուն հետեւելու համար կամ որպէսզի ընծան շալկեն։ Լաւ ինչո՞ւ ղրկեց զանոնք։ Արդեօք որպէսզի անոնք ապահո՞վ ըլլան առաջ որ ինք իր միտքը դրածը ընէ։ Ամէն պարագայի, Աւովդ քաջ գտնուեցաւ եւ առանձին վերադարձաւ։
«[Աւովդ] Գաղգաղայի մօտ եղած քարահանքէն ետ դարձաւ ու ըսաւ. ‘Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ’»։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Աւովդ ինչպէ՛ս կրցաւ նորէն Էգղոնին առջեւ ելլել։ Պահակները պէտք չէ՞ր կասկածէին իրմէ։ Արդեօք կարծեցի՞ն որ մէկ հոգի առանձին բան մը չի կրնար ընել թագաւորին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ քանի որ Աւովդ առանձին էր, այն տպաւորութիւնը տուաւ որ իր հայրենակիցները կը դաւաճանէր։ Ամէն պարագայի, Աւովդ ջանք թափեց որ թագաւորին հետ առանձին մնայ, եւ կրցա՛ւ առանձին մնալ (Դատաւորաց 3։19)։
Հոգեւոր գոհարներ
Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
2։10-12. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագիր մը պէտք է ունենանք, որպէսզի ‘Տէրոջ բոլոր բարերարութիւնները չմոռնանք’։ (Սաղմոս 103։2) Ծնողներ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը պէտք է քանդակեն իրենց զաւակներուն սիրտին մէջ։—Բ. Օրինաց 6։6-9
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 29–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 5
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 4-5
«Եհովան երկու կիներ կը գործածէ որ իր ժողովուրդը ազատէ»
«Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»
Սիսարայի անունն անգամ Իսրայէլի մէջ ահ ու սարսափ կը պատճառէր։ Քանանացիներուն կրօնքն ու մշակոյթը վայրագ էին, պարփակելով մանուկներու ողջակիզում եւ տաճարին մէջ պոռնկութիւն։ Ի՞նչ իրավիճակ գոյութիւն կ’ունենար երկրի մը մէջ, ուր քանանացի զօրավար մը եւ իր բանակը կը տիրէին։ Դեբօրային երգը կը յայտնէ թէ երկրին մէջ գրեթէ անկարելի էր շրջիլ եւ այլեւս ո՛չ ոք գիւղերուն մէջ կ’ապրէր (Դատաւորաց 5։6, 7)։ Կրնանք երեւակայել թէ ինչպէ՛ս անտառներուն մէջ եւ բլուրներուն վրայ մարդիկ կը վախնան հողագործութիւն ընելու կամ անպարիսպ գիւղերու մէջ ապրելու, կը սարսափին բացօթեայ ճամբաներու ընդմէջէն երթալ–գալու եւ կը վախնան որ թշնամին յարձակի, իրենց զաւակները խլէ եւ իրենց կիները բռնաբարէ։
«Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»
Այս սարսափը 20 տարի տեւեց, մինչեւ որ Եհովան տեսաւ թէ իր կամակոր ժողովուրդը պատրաստ էր փոխուելու, կամ ինչպէս որ Դեբօրային եւ Բարակին ներշնչեալ երգը կ’ըսէ, «մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ, մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»։ Չենք գիտեր թէ Դեբօրան, Ղաբիդօթ անունով մարդու մը կինը, բառացի մայր մըն էր կամ ոչ, բայց այս արտայայտութիւնը այլաբանական նշանակութիւն ունէր։ Իրականութեան մէջ Եհովան Դեբօրան նշանակեց որ իսրայէլ ազգին մայրական պաշտպանութիւն տայ։ Ան զինք յանձնարարեց որ իրեն քով կանչէ զօրաւոր հաւատքի տէր մարդ մը՝ Բարակ դատաւորը, եւ իրեն ուղղէ որ Սիսարային դէմ ելլէ (Դատաւորաց 4։3, 6, 7. 5։7)։
«Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»
Յայէլ պէտք էր արագ մտածէր։ Ան Սիսարային հանգստանալու տեղ մը տուաւ։ Սիսարան իրեն պատուիրեց որ իր ներկայութիւնը չյայտնէր որեւէ տղամարդու որ կու գար զինք փնտռելու։ Յայէլ զինք վերմակով մը ծածկեց եւ երբ ան Յայէլէն ջուր խնդրեց, ան իրեն կաթ տուաւ։ Շատ չանցած Սիսարան խո՜ր քունի մէջ մտաւ։ Ապա Յայէլ առաւ այն գործիքները, որոնք կիները յաճախակի կերպով եւ հմտաբար կը գործածէին,– վրանի ցից եւ մեծ մուրճ մը։ Սիսարային գլխուն քով ծռելով, ան այժմ վախազդու գործ մը պիտի կատարէր. գործել որպէս Եհովային դահիճը։ Եթէ միայն վայրկեան մը տատամսէր, աղէտ մը կրնար պատահիլ։ Ի՞նչ բան կինը մղեց որ այս քայլը առնէ։ Արդեօք ան մտածեց այս մարդուն ձեռքով Աստուծոյ ժողովուրդին տարիներով չարչարուելո՞ւն մասին, թէ ոչ Եհովային կողմը դիրք բռնելու իր առանձնաշնորհումին մասին։ Արձանագրութիւնը չ’ըսեր։ Միայն գիտենք թէ ան այդ գործը շուտով կատարեց։ Սիսարան մեռաւ (Դատաւորաց 4։18-21. 5։24-27)։
Հոգեւոր գոհարներ
Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
5։20—Երկինքէն ի՞նչպէս աստղերը Բարակի ի նպաստ պատերազմեցան։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ պատահածը հրեշտակային օգնութի՛ւն էր, երկնաքարերու տեղատարա՛փ էր՝ որ չարագուշակ նկատուեցաւ Սիսարայի իմաստուններուն կողմէ, կամ Սիսարայի ի նպաստ աստղահմայական գուշակութի՛ւն էր՝ որ սուտ ելաւ։ Սակայն անտարակոյս աստուածային որոշ միջամտութիւն մը կար։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
w06 3/1 28-29
Հարցումներ ընթերցողներէն
Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ կիները պէտք է ժողովքներուն մէջ «լուռ կենան»։
Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին գրեց. «Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու» (Ա. Կորնթացիս 14։33, 34)։ Որպէսզի ասիկա ճիշդ հասկնանք, պէտք է տեսնենք թէ Պօղոս ի՛նչ կը խօսէր երբ այս խրատը տուաւ։
Ա. Կորնթացիս 14–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս խօսեցաւ քրիստոնէական ժողովներու հետ կապ ունեցող հարցերու մասին։ Ան ըսաւ թէ ժողովներու ատեն ի՛նչ պէտք է խօսուի եւ ժողովները ինչպէ՛ս պէտք է վարուին (Ա. Կորնթացիս 14։1-6, 26-34)։ Ան նաեւ ըսաւ որ ժողովներուն նպատակը ի՛նչ է. «Որպէս զի եկեղեցին օգտուի» (Ա. Կորնթացիս 14։4, 5, 12, 26)։
‘Լուռ կենալու’ պատուէրը երեք անգամ յիշուած է Ա. Կորնթացիս 14–րդ գլուխին մէջ։ Ատիկա ամէն անգամ տարբեր խումբի մը ուղղուած է, բայց երեք անգամներուն ալ նոյն պատճառով տրուած է. որպէսզի ‘ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլայ’ (Ա. Կորնթացիս 14։40)։
Առաջին, Պօղոս ըսաւ. «Եթէ մէկը օտար լեզու կը խօսի, կամ երկու հոգի, կամ՝ երեք հոգի ըլլան, այն ատեն մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու մէկը թող թարգմանէ։ Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, եկեղեցիին մէջ լուռ թող կենան եւ Աստուծոյ հետ խօսին» (Ա. Կորնթացիս 14։27, 28)։ Ասիկա ըսել չէր որ այդպիսի անհատներ բնա՛ւ պէտք չէր խօսէին, հապա ըսել էր որ ատեններ անոնք պէտք էր լուռ մնային։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ խօսէին լեզու մը որ մէկը չէր հասկնար, ժողովքը պիտի չօգտուէր, եւ այսպիսով ժողովին նպատակը պիտի կորսուէր։
Երկրորդ, Պօղոս ըսաւ. «Եթէ մարգարէները երկու կամ երեք հոգի ըլլան, մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու միւսները քննեն։ Իսկ եթէ նստողներէն ուրիշ մէկուն ալ բան մը յայտնուելու ըլլայ, առաջինը թող լռէ»։ Ասիկա ըսել չէր որ առաջին մարգարէն բնա՛ւ պէտք չէր խօսէր ժողովներու ատեն, հապա ըսել էր որ ատեններ ան պէտք էր լուռ մնար։ Ասիկա առիթ պիտի տար որ եթէ մէկու մը հրաշալի կերպով բան մը յայտնուելու ըլլար, կարենար ժողովքին ըսել ատիկա, եւ այսպիսով ժողովին նպատակը պիտի իրագործուէր, որ «ամէնքն ալ մխիթարուին» (Ա. Կորնթացիս 14։26, 29-31)։
Երրորդ, Պօղոս միայն կիներուն համար ըսաւ. «Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու, հապա հնազանդ ըլլալու» (Ա. Կորնթացիս 14։34)։ Պօղոս ինչո՞ւ այս պատուէրը տուաւ քոյրերուն։ Որպէսզի ժողովքին մէջ կարգուկանոն ըլլայ։ Ան ըսաւ. «Եթէ բան սորվիլ կ’ուզեն, տունը իրենց այրերուն թող հարցնեն. քանզի կիներուն անվայել է եկեղեցիին մէջ խօսիլ» (Ա. Կորնթացիս 14։35)։
Թերեւս կարգ մը քոյրեր դէմ կ’ելլէին ժողովքին մէջ ըսուածներուն։ Պօղոսին խրատը քոյրերուն օգնեց, որ այդպէս չվարուին եւ խոնարհութեամբ ընդունին, որ իրենց գլուխը այր մարդն է, մասնաւորաբար իրենց ամուսինը (Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Ասկէ զատ, երբ քոյրերը լուռ մնային, պիտի ցուցնէին որ չեն փորձեր ժողովքին մէջ ուսուցիչներ ըլլալ։ Պօղոս նամակով մը Տիմոթէոսին ըսաւ, որ պատշաճ չէ կին մը ուսուցիչի պէս սորվեցնէ։ Ան ըսաւ. «Կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու» (Ա. Տիմոթէոս 2։12)։
Ասիկա ըսել չէ որ կին մը բնա՛ւ պէտք չէ խօսի ժողովին ընթացքին։ Պօղոսին օրերուն, կիները ատեններ կ’աղօթէին կամ կը մարգարէանային ժողովքին մէջ (թերեւս սուրբ հոգին կը ձգէր որ այդպէս վարուին)։ Այդ առիթներուն, անոնք իրենց գլուխը ծածկելով կը ցուցնէին, որ գիտեն իրենց դերը ի՛նչ է ժողովքին մէջ (Ա. Կորնթացիս 11։5)։ Ասկէ զատ, թէ՛ Պօղոսին օրերուն եւ թէ մեր օրերուն քաջալերութիւն տրուած է ոչ միայն եղբայրներուն, հապա նաեւ քոյրերուն, որ հրապարակաւ խօսին իրենց յոյսին մասին (Եբրայեցիս 10։23-25)։ Ասկէ զատ, քոյրերը իրենց յոյսին մասին կը խօսին եւ ուրիշները կը քաջալերեն ոչ միայն ծառայութեան ատեն, հապա նաեւ ժողովներուն ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։ Լաւ պատրաստուած պատասխաններ տալով՝ երբ իրենցմէ կը խնդրուի, կամ ընդունելով այն ցուցադրութիւնները կամ աշակերտական բաժինները, որոնք իրենց կը նշանակուին։
Ուրեմն, կիները «լուռ» կեցած կ’ըլլան, երբ չփորձեն տղամարդոց տեղը առնելով ուղղութիւններ տալ ժողովքին։ Անոնք չեն հարցներ հարցումներ, որոնք հարց կը հանեն եւ հեղինակութիւն ունեցող անհատներուն սորվեցուցածներուն հակառակ են։ Այսպիսով, անոնք կ’օգնեն որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ եւ ժողովներուն ընթացքին ամէն բան ‘շինութեան համար ըլլայ’ (Ա. Կորնթացիս 14։26, 33)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 6-12
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 6-7
«Այդ քու զօրութիւնովդ գնա՛»
Աստուածային սկզբունքները կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ
Վաղեմի Եբրայեցիներուն մէկ դատաւորը՝ Գեդէօն, իր անձին հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունեցող եւ իր արժէքին նկատմամբ շիտակ գնահատում ընող անհատ մըն էր։ Ան Իսրայէլի առաջնորդ մը ըլլալու չձգտեցաւ։ Սակայն, երբ այդ դերը ստանձնելու համար ընտրուեցաւ, Գեդէօն ուշադրութիւն հրաւիրեց իր անարժան ըլլալուն վրայ։ «Ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ», բացատրեց ան։—Դատաւորաց 6։12-16
w05 7/15 16 ¶3
«Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»
300 Սափորներու կտրուելու ձայնը, 300 փողերու հնչուելու ձայնը եւ 300 տղամարդոց պոռալու ձայնը վերջ կը դնէ գիշերուան լռութեան։ Մադիանացիները շատ կը վախնան։ Անոնք օդէն կ’իյնան երբ կը լսեն. «Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։ Անոնք ալ պոռալու կը սկսին եւ այդ իրարանցումին մէջ չեն կրնար զանազանել ո՛վ է իրենց ընկերը եւ ո՛վ է թշնամին։ 300 տղամարդիկը իրենց տեղը կը մնան, մինչ Աստուած կը ձգէ որ թշնամիները իրենց սուրերով իրար մեռցնեն։ Անոնք չեն կրնար իսրայէլացիներէն փախչիլ եւ իսրայէլացիները անոնց ետեւէն իյնալով կը մեռցնեն զանոնք։ Վերջապէս, իսրայէլացիները երկար ժամանակ իրենց թշնամիներուն իշխանութեան տակ ըլլալէ ետք, կ’ազատին անոնցմէ (Դատաւորաց 7։19-25. 8։10-12, 28)։
Հոգեւոր գոհարներ
Դատաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
6։25-27. Գեդէօն դատողութիւն գործածեց իր հակառակորդները անտեղիօրէն չզայրացնելու համար։ Երբ բարի լուրը կը քարոզենք, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ մեր խօսելակերպով ուրիշները անտեղիօրէն չվիրաւորենք։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 13-19
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 8-9
«Խոնարհութիւնը հպարտութենէն աւելի լաւ է»
Տարակարծութիւնները ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէք
Գեդէօն Մադիամի դէմ խիստ պատերազմի մէջ էր եւ կոչ ըրաւ Եփրեմի որ օգնութեան հասնէր։ Բայց պատերազմը աւարտելէն ետք, Եփրեմ Գեդէօնի դէմ ելաւ եւ խիստ կերպով գանգատեցաւ որ կռիւին սկիզբէն ինչո՛ւ չէր կանչած զիրենք։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ անոնք «անոր հետ սաստիկ վէճ ըրին»։ Գեդէօն պատասխանեց. «Ես ի՞նչ ըրի ձեզի։ Եփրեմին ճռաքաղութիւնը Աբիեզերին այգեկութէն լաւագոյն չէ՞ արդեօք։ Աստուած Մադիամի իշխանները՝ Օրէբն ու Զէբը՝ ձեր ձեռքը տուաւ. ես ձեզի ի՞նչ կրցայ ընել»։ (Դատաւորաց 8։1-3) Այս լաւ ընտրուած, հանգստացնող խօսքերով, Գեդէօն առաջքը առաւ բանի մը որ կրնար միջցեղային աղիտալի պատերազմի տանիլ։ Եփրեմեանները թերեւս իրենք զիրենք տեսնելու ու հպարտութեան խնդիր ունէին։ Սակայն անիկա Գեդէօնը ետ չպահեց խաղաղութեան ի նպաստ աշխատելէ։ Մենք ալ կրնա՞նք նոյնը ընել։
Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք
15 Գեդէօն բառին բուն իմաստով համեստ էր։ Երբ Եհովան զինք նշանակեց որ իսրայէլացիները ազատէ մադիանացիներէն, ան ըսաւ. «Իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ» (Դատ. 6։15)։ Բայց Գեդէօն Եհովային վստահելով ընդունեց իր նշանակումը։ Ետքը, ան լաւ մը հասկցաւ որ Եհովան ճիշդ ինչ կ’ուզէ իրմէ որ ընէ, եւ աղօթքով խնդրեց որ զինք առաջնորդէ (Դատ. 6։36-40)։ Գեդէօն համարձակ եւ քաջ էր, բայց միեւնոյն ատեն՝ իմաստուն եւ զգոյշ (Դատ. 6։11, 27)։ Ան իր նշանակումը չօգտագործեց որ ժողովուրդին վրայ իշխանութիւն ունենայ։ Ընդհակառակը, հազիւ որ իր նշանակումը վերջացաւ, իր տունը վերադարձաւ (Դատ. 8։22, 23, 29)։
Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալէ
9 Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, «խոնարհ» պէտք է ըլլանք։ (Փիլ. 2։3. Սաղմ. 138։6) Դատաւորաց գրքին 9–րդ գլուխը կ’ընդգծէ խոնարհութեան կարեւորութիւնը։ Գեդէօնի որդին՝ Յովաթամ ըսաւ. «Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն»։ Ձիթենին, թզենին եւ որթատունկը նշուեցան։ Անոնք ներկայացուցին արժանաւոր անհատներ, որոնք չուզեցին հայրենակիցներուն վրայ իշխել։ Բայց դժնիկը, որ միայն որպէս վառելանիւթ կը գործածուէր, ներկայացուց հպարտ Աբիմելէքի իշխանութիւնը,– մարդասպան մը որ կը տենչար ուրիշներուն վրայ տիրել։ Թէեւ Աբիմելէք «Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց», բայց վաղահասօրէն մեռաւ։ (Դատ. 9։8-15, 22, 50-54) Ո՜րքան աւելի լաւ է «խոնարհ» ըլլալ։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 753 ¶1
Եփուտ, Ա.
Գեդէօն եփուտը շինեց, որպէսզի յիշատակէ Եհովային տուած յաղթութիւնը եւ փառաբանէ Եհովան։ Բայց եփուտը «Գեդէօնին ու անոր տանը որոգայթ եղաւ», քանի որ իսրայէլացիները զայն պաշտելով հոգեւոր անբարոյութիւն գործեցին (Դատ. 8։27)։ Բայց Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր, որ Գեդէօնն ալ զայն պաշտեց։ Ընդհակառակը, Պօղոս առաքեալ զինք կը յիշէ այն ‘վկաներու բազմութեան’ մէջ, որոնք Եհովային հաւատարիմ վկաներն էին Քրիստոսէ առաջ (Եբ. 11։32. 12։1)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 20-26
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 10-12
«Յեփթայէն հոգեւոր անձ էր»
Հաւատարիմ ըլլալը կ’առաջնորդէ Աստուծոյ հաճութեան
9 Յովսէփին օրինակը շատ հաւանաբար օգնեց Յեփթայէի։ Ան գիտէր թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս ողորմեցաւ իր եղբայրներուն, հակառակ անոր որ զինք «ատեցին» (Ծն. 37։4. 45։4, 5)։ Այսպիսի օրինակներու վրայ խոկալը կրնայ ըլլալ Յեփթայէի օգնեց, որ Եհովան հաճեցնող ձեւով մը վարուի։ Անկասկած իր եղբայրներուն ըրածները զինք խորապէս ցաւցուցին, բայց ան թոյլ պիտի չտար որ ատոնց պատճառաւ վազ անցնի Եհովային եւ Իր ժողովուրդին ծառայելէ (Դատ. 11։9)։ Յեփթայէի համար աւելի կարեւոր էր Եհովային անուան համար կռուիլը, քան՝ իր ունեցած անձնական բախումները։ Ան միտքը դրած էր Եհովային հաւատարիմ մնալ, եւ ասոր համար թէ՛ ինք եւ թէ ուրիշներ Եհովային օրհնութիւնը վայելեցին (Եբ. 11։32, 33)։
it-2 27 ¶2
Յեփթայէ
Յեփթայէն շուտով պատգամ ղրկեց Ամմոնի թագաւորին եւ ըսաւ, որ անոր ուզած շրջանը իսրայէլացիներուն է եւ Ամմոնն է որ կ’ուզէ իսրայէլացիներուն երկիրը իրենց ձեռքէն առնել։ Թագաւորը պատասխան տալով ըսաւ, որ իսրայէլացիները այդ շրջանը իրենցմէ առած էին (Դատ. 11։12, 13)։ Յեփթայէին պատասխանէն կը տեսնենք, որ ինք բանէ մը չհասկցող պարզ պատերազմող մը չէր, հապա՝ պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր, մանաւանդ իսրայէլ ազգին համար Եհովային ըրածները։ Ան թագաւորին հասկցուց, որ 1) պատմութեան ընթացքին իսրայէլացիները նեղութիւն չտուին Ամմոնին, Մովաբին եւ Եդովմին (Դատ. 11։14-18. Բ. Օր. 2։9, 19, 37. Բ. Մն. 20։10, 11), 2) այդ շրջանը Ամմոնին չէր պատկաներ, երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը կը գրաւէին, հապա՝ ամօրհացիներուն կը պատկանէր, եւ Աստուած անոնց թագաւորը՝ Սեհոնը՝ եւ անոր երկիրը իսրայէլացիներուն ձեռքը մատնեց, 3) Ամմոնը վերջին 300 տարուան ընթացքին ձգած էր որ իսրայէլացիները հոն ապրին, լաւ ինչո՛ւ հիմա կ’ուզէր որ երկիրը իրեն տան (Դատ. 11։19-27)։
it-2 27 ¶3
Յեփթայէ
Յեփթայէ հասկցուց որ հարցը պաշտամունքի հետ կապ ունի, եւ այսպիսով բուն հարցին վրայ կեդրոնացաւ։ Ան յստակացուց որ Եհովա Աստուած այդ շրջանը իսրայէլացիներուն տուած է եւ ասոր համար անոնք ատկէ նոյնիսկ մէկ սանթիմեթր պիտի չտան չաստուած պաշտողներուն։ Ան ըսաւ որ Քամովսը Ամմոնին չաստուածն է։ Ան Քամովսը յիշեց թերեւս քանի որ ամմոնացիներուն համար Քամովսը այն չաստուածն է, որ իրենց կ’օգնէ որ ուրիշներուն յաղթեն եւ երկիրներ գրաւեն։
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 26
Յեփթայէ
Յեփթայէն ապօրինի զաւակ չէր։ Յեփթայէին մայրը «պոռնիկ կին» մըն էր, բայց Յեփթայէն ապօրինի զաւակ չէր։ Իր մայրը պոռնիկ եղած էր առաջ որ Գաղաադին հետ ամուսնանար եւ անոր երկրորդ կինը դառնար։ Իր պարագան կը նմանէր Ռախաբին պարագային, որ ժամանակին պոռնիկ եղած էր, բայց վերջը Սաղմոնին հետ ամուսնացաւ (Դատ. 11։1. Յես. 2։1. Մատ. 1։5)։ Ի՞նչը կը փաստէ որ Յեփթայէ ապօրինի զաւակ չէր։ Այս երեք բաները կարելի չէին ըլլար, եթէ Յեփթայէն ապօրինի զաւակ ըլլար։ Առաջին, Յեփթայէն ժառանգութիւն չէր կրնար ստանալ։ Անոր համար իր խորթ եղբայրները, որոնք Գաղաադին առաջին կնոջմէն էին, զինք վռնտեցին, որպէսզի իրեն ինկած ժառանգութիւնը չստանայ (Դատ. 11։2)։ Երկրորդ, ժամանակ մը ետք Յեփթայէն չէր կրնար ընդունելի առաջնորդ մը ըլլալ Գաղաադի բնակիչներուն համար (որոնց մէջ կային Յեփթայէին խորթ եղբայրները) (Դատ. 11։11)։ Երրորդ, ան չէր կրնար Եհովային զոհ մը մատուցանել Իր պաշտամունքի վայրը (Դատ. 11։30, 31)։ Այս երեքը ինչո՞ւ կարելի չէին ըլլար։ Քանի որ Օրէնքը կ’ըսէր. «Պոռնկորդին ալ Տէրոջը ժողովարանը [«ժողովը», ՆԱ] պէտք չէ մտնէ, նոյնպէս անոր զաւակը՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը» (Բ. Օր. 23։2)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 27–ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 13-14
«Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Մանուէէն եւ իր կնոջմէն»
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները մանկութենէն մարզեցէք
Նկատի առ դանի ցեղին պատկանող Մանուէն, որ վաղեմի Իսրայէլի Սարաա քաղաքին մէջ կը բնակէր։ Եհովայի հրեշտակը Մանուէի ամուլ կնոջ ըսաւ թէ մանչ մը պիտի ծնանէր (Դատ. 13։2, 3)։ Հաւատարիմ Մանուէն եւ իր կինը անկասկած ուրախացան. բայց եւ այնպէս, նաեւ լուրջ մտահոգութիւններ ունեցան։ Ուստի, Մանուէ աղօթեց. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք» (Դատ. 13։8)։ Անոնք մտահոգուած էին թէ իրենց զաւակը ինչպէ՛ս մեծցնեն։ Վստահաբար, անոնք իրենց զաւակին՝ Սամփսոնի՝ սորվեցուցին Աստուծոյ օրէնքը, եւ իրենց ջանքը լաւ արդիւնք տուաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Տէրոջը հոգին Սամփսոնը զօրացուց’։ Առ ի արդիւնք, որպէս իսրայէլի մէկ դատաւորը, Սամփսոն բազմաթիւ հրաշալի գործեր կատարեց (Դատ. 13։25. 14։5, 6. 15։14, 15)։
w05 3/15 25-26
Սամփսոն Եհովային ուժով յաղթանակներ կը տանի
Մինչ Սամփսոն կը մեծնար, ‘Տէրը զանիկա կ’օրհնէր’ (Դատաւորաց 13։24)։ Օր մը, Սամփսոն իր հօրը եւ մօրը քով եկաւ ու ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ, զանիկա ինծի կին առէք» (Դատաւորաց 14։2)։ Երեւակայէ որ անոնք որքա՜ն զարմացան։ Իրենց տղան կ’ուզէր իսրայէլացիներուն վրայ իշխող ազգէն կին մը առնել, փոխանակ իսրայէլացիները անոնցմէ ազատելու։ Չաստուածներ պաշտողներէն կին մը առնելը Աստուծոյ Օրէնքին հակառակ էր (Ելից 34։11-16)։ Ասոր համար, ծնողքը իրեն դէմ կեցաւ. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ ու իմ բոլոր ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն պնդեց. «Զանիկա ինծի առ, քանզի իմ աչքերուս անիկա հաճելի երեւցաւ» (Դատաւորաց 14։3)։
Հոգեւոր գոհարներ
w05 3/15 26 ¶1
Սամփսոն Եհովային ուժով յաղթանակներ կը տանի
Այդ փղշտացի կինը ի՞նչ իմաստով «հաճելի» էր Սամփսոնին։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ թէ ոչ թէ այն իմաստով, որ «անուշիկ, աչքի զարնող, գրաւիչ» էր, հապա՝ հաճելի էր «նպատակի մը» համար (McClintock and Strong’s Cyclopedia)։ Ի՞նչ նպատակ։ Դատաւորաց 14։4–ը կ’ըսէ թէ Սամփսոն «Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր»։ Ասո՛ր համար այդ կնոջմով հետաքրքրուած էր։ Գիտենք որ մինչ Սամփսոն կը մեծնար, ‘Տէրոջը Հոգին զինք կը զօրացնէր’, կամ գործի կը մղէր (Դատաւորաց 13։25)։ Ուրեմն սուրբ հոգին էր, որ Սամփսոնին մէջը փափաք արթնցուց այդ կնոջ հետ ամուսնանալու եւ իրեն օգնեց լման այն ժամանակը, որուն ընթացքին ան իսրայէլի մէջ դատաւոր էր։