Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
    • 15, 16. Խորանին մէջ իր սիրտը Եհովային առջեւ բանալէն եւ զինք պաշտելէն ետք, Աննան ի՞նչ վիճակով տուն վերադարձաւ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Աննայի օրինակին հետեւիլ, երբ ժխտական զգացումներու դէմ կը մարտնչինք։

      15 Խորանին մէջ իր սիրտը Եհովային առջեւ բանալէն եւ զինք պաշտելէն ետք, Աննան ի՞նչ վիճակով տուն վերադարձաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աննա. . . իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։18)։ Աննան հանգստացաւ։ Կարծես թէ ան իր զգացական բեռը իր ուսերէն իջեցուցած եւ աւելի ուժեղ անձի մը՝ իր երկնաւոր Հօր թիկնեղ ուսերուն վրայ դրած էր (կարդա՛ Սաղմոս 55։22)։ Արդեօք կա՞յ որեւէ խնդիր, որ Եհովայի համար չափազանց ծանր ըլլայ։ Ո՛չ, չէ եղած, չկա՛յ եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ։

      16 Երբ բեռնաւորուած, ընկճուած կամ տրտմած կը զգանք, թող որ Աննայի օրինակին հետեւինք եւ ազատօրէն խօսինք այն Անձին, զոր Աստուածաշունչը կը կոչէ «աղօթքի լսող» (Սաղ. 65։2)։ Եթէ հաւատքով աղօթենք, մենք ալ թերեւս զգանք թէ մեր տխրութիւնը կ’անհետանայ եւ փոխարէնը կը վայելենք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։

  • Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
    • 18 Թէ Փենանան ե՛րբ իմացաւ որ այլեւս չէր կրնար Աննան վշտացնել, արձանագրութիւնը չի նշեր։ Բայց «անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» արտայայտութենէն կը հասկնանք, որ այդ պահէն սկսեալ, Աննային տրամադրութիւնը բարձրացաւ։ Ամէն պարագայի, Փենանան շուտով անդրադարձաւ, որ իր նենգաւոր վարքը այլեւս Աննային չէր ազդեր։ Աստուածաշունչը ա՛լ զինք չի յիշեր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել