Քրիստոնէական հաւաքոյթները գնահատենք
«Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։24, 25
1, 2. (ա) Ինչո՞ւ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու հաւաքոյթի մը ներկայ գտնուիլը առանձնաշնորհում է։ (բ) Ի՞նչ առումով Յիսուս ներկայ է իր հետեւորդներուն հաւաքոյթներուն մէջ։
Ի՜ՆՉ առանձնաշնորհում է քրիստոնէական հաւաքոյթներուն յաճախել, անոնք տասնէն նուազ, կամ քանի մը հազար Եհովայի երկրպագուներէ բաղկացած ըլլան, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ (Մատթէոս 18։20) Ճիշդ է որ երբ Յիսուս այս խոստումը տուաւ, ան կը խօսէր դատական հարցերու մասին, որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն ստանձնողներու կողմէ շիտակ կերպով պէտք էր ձեռք առնուէին։ (Մատթէոս 18։15-19) Բայց Յիսուսի խօսքերը կարելի՞ է կիրարկել քրիստոնէական բոլոր հաւաքոյթներուն, որոնք իր անունով խնդրուած աղօթքով կը սկսին ու կը փակուին։ Այո՛։ Յիշեցէք որ երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարութիւն տուաւ որ աշակերտելու գործը կատարեն, անոնց հետեւեալ խոստումը տուաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։—Մատթէոս 28։20
2 Կասկած չկայ թէ քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս՝ իր հաւատարիմ հետեւորդներուն բոլոր հաւաքոյթներով մեծապէս հետաքրքրուած է։ Ասկէ զատ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին միջոցաւ ինք ներկայ է անոնց մէջ։ (Գործք 2։33. Յայտնութիւն 5։6) Եհովա Աստուած ալ հետաքրքրուած է մեր հաւաքոյթներով։ Այս ժողովներուն գլխաւոր նպատակն է փառաբանութիւններ բարձրացնել Աստուծոյ «ժողովներուն մէջ»։ (Սաղմոս 26։12) Ժողովքի հաւաքոյթներուն ներկայ գտնուելով, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’ապացուցանենք։
3. Ի՞նչ կարեւոր պատճառներով կը գնահատենք քրիստոնէական հաւաքոյթները։
3 Վաւերական ուրիշ պատճառներով ալ կը գնահատենք մեր քրիստոնէական հաւաքոյթները։ Երկրէ մեկնելէ առաջ, Յիսուս Քրիստոս իր օծեալ աշակերտներուն նշանակում տուաւ, որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» հանգամանքով գործելով, հաւատքի ընտանիներուն հոգեւոր սնունդը ժամանակին տան։ (Մատթէոս 24։45) Այս հոգեւոր սնունդի մատակարարումը գլխաւորաբար կը կատարուի ժողովքներու հանդիպումներուն եւ աւելի մեծ հաւաքոյթներուն՝ համաժողովներու միջոցաւ։ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր հաւատարիմ ծառան կ’ուղղէ, որ այսպիսի հաւաքոյթներու ընթացքին կենսական տեղեկութիւններ տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրերու այս չար դրութեան վախճանէն վերապրիլ եւ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ կեանք շահիլ։
4. Աստուածաշունչը ի՞նչ վտանգաւոր ‘սովորութիւն’ մը կը նշէ, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ անկէ զգուշանանք։
4 Հետեւաբար, ոեւէ Քրիստոնեայ պիտի չուզէր Պօղոս առաքեալի նշած վտանգաւոր սովորութիւնը զարգացնել։ Ան գրեց. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Քրիստոնէական հաւաքոյթներուն ներկայ գտնուելով մեր վայելած առանձնաշնորհումին եւ օգուտներուն մասին խորհիլը, մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարմօրէն եւ սրտանց սատար կանգնինք անոնց։
Կերտիչ Ժողովներ
5. (ա) Մեր խօսակցութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ ժողովներուն վրայ։ (բ) Ինչո՞ւ հետաքրքրուած անհատները շուտով պէտք է հրաւիրենք ժողովներու։
5 Քանի որ Քրիստոնեաները կ’աղօթեն որ Եհովայի սուրբ հոգին գործէ քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին, իւրաքանչիւր ներկայ գտնուող իր լաւագոյնը պէտք է ընէ այդ հոգիին հետ ներդաշնակ գործելու համար, որպէսզի ‘Աստուծոյ Սուրբ Հոգին չի՛ տրտմեցնէ’։ (Եփեսացիս 4։30) Երբ Պօղոս առաքեալ այս ներշնչեալ խօսքերը գրեց, ան պատշաճ կերպով խօսելու մասին կը խօսէր։ Մեր բոլոր խօսքերը ըլլան «պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տա[ն]»։ (Եփեսացիս 4։29) Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է քրիստոնէական հաւաքոյթներու ընթացքին։ Կորնթացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս շեշտեց որ ժողովները կերտիչ, դաստիարակիչ եւ քաջալերական ըլլան։ (Ա. Կորնթացիս 14։5, 12, 19, 26, 31) Այսպիսի ժողովներէ կ’օգտուին բոլոր ներկաները, մէջը ըլլալով նորեկները, որոնք կրնան եզրակացնել՝ «իրաւցընէ Աստուած ձեր մէջ է»։ (Ա. Կորնթացիս 14։25) Այս պատճառաւ, պէտք է շուտով նորեկները հրաւիրենք որ մեզի հետ ժողվուին, քանի որ ասիկա պիտի արագացնէ անոնց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։
6. Ի՞նչ ազդակներ ժողով մը կերտիչ կը դարձնեն։
6 Քրիստոնէական ժողովներու մէջ բոլոր անոնք որոնք դասախօսութիւններու, հարցազրոյցներու, ցուցադրութիւններու նշանակումներ կ’ունենան, պէտք է ուշադիր ըլլան որ իրենց խօսակցութիւնը կերտիչ եւ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ հետ ներդաշնակ ըլլայ։ Ճշգրիտ խօսակցութենէ զատ, Աստուծոյ եւ Քրիստոսի սիրալիր անձնաւորութեան վայել զգացումներ եւ յոյզեր ալ պէտք է արտայայտենք։ Ժողովներու յայտագիրներուն մէջ բոլոր ելոյթներ ունեցողները եթէ ‘Աստուծոյ հոգիին պտուղները’ արտացոլացնեն, ինչպէս՝ ուրախութիւն, երկայնմտութիւն եւ հաւատք, այդ պարագային բոլոր ներկաները իրապէս պիտի կերտուին։—Գաղատացիս 5։22, 23
7. Բոլոր ներկաներն ալ ի՞նչպէս կրնան ժողովները կերտիչ դարձնել։
7 Թէեւ ժողովքային հանդիպումներուն միայն քիչեր են որ յայտագրին կը մասնակցին, բայց բոլորն ալ կրնան նպաստել որ անոնք կերտիչ հաւաքոյթ մը ըլլան։ Յաճախ ունկնդիրներուն պատեհութիւն կը տրուի որ հարցումներու պատասխանեն։ Ասոնք մեր հաւատքը հանրապէս յայտարարելու առիթներ են։ (Հռովմայեցիս 10։9) Որեւէ ժամանակ անոնք մեր անձնական գաղափարները յառաջ տանելու, մեր իրագործումներուն վրայ պարծենալու կամ հաւատակից մը քննադատելու առիթներ պէտք չէ նկատուին։ Եթէ այսպէս վարուինք, Աստուծոյ հոգին տրտմեցուցած չե՞նք ըլլար։ Հաւատակիցներու միջեւ տարակարծութիւնները առանձնաբար ու սիրոյ հոգիով աւելի լաւ կրնան ձեռք առնուիլ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։ (Եփեսացիս 4։32) Քրիստոնէական հաւաքոյթները այս գեղեցիկ խրատը կիրարկելու շա՜տ լաւ առիթներ կու տան։ Այս նպատակաւ, շատեր ժողովներու կանուխ կու գան եւ վերջանալէ ետք քիչ մը կը մնան։ Ասիկա նորեկներուն ալ կ’օգնէ, որոնք մասնաւորաբար կարիքը ունին զգալու որ բարի եկած են։ Ուրեմն, բոլոր նուիրուած Քրիստոնեաները, ժողովները կերտիչ դարձնելու մէջ դեր մը ունին, ‘իրարու հոգ տանելով եւ իրար սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’։
Լաւ Պատրաստուեցէք
8. (ա) Ոմանք ժողովներու ներկայ գտնուելու համար ի՞նչ գովելի զոհողութիւններ կ’ընեն։ (բ) Եհովա որպէս հովիւ ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ։
8 Մինչ ոմանց համար դիւրին է ժողովներու յաճախելը, բայց ուրիշներու համար անիկա կրնայ յարատեւ ջանք պահանջել։ Օրինակ, Քրիստոնեայ մայր մը որ ստիպուած է աշխարհային գործ մը ընել իր ընտանիքին անհրաժեշտ բաները հայթայթելու համար, սովորաբար գործէն տուն կը մտնէ՝ յոգնած։ Անկէ ետք ան ճաշ պէտք է պատրաստէ եւ զաւակները ժողովի համար պատրաստէ։ Ուրիշ Քրիստոնեաներ թերեւս երկար ճամբայ կը կտրեն ժողովներու գալու համար, կամ հաշմանդամութեան եւ ծերութեան պատճառաւ սահմանափակուած են։ Վստահաբար Եհովա Աստուած կը հասկնայ ժողովի եկող իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառային կացութիւնը, ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր հովիւ մը իր հօտին մէջի իւրաքանչիւր ոչխարին կարիքները գիտէ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «[Եհովա] հովիւի մը պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ»։—Եսայեայ 40։11
9, 10. Ի՞նչ ընելով ժողովներէն լաւագոյնս կ’օգտուինք։
9 Անոնք որոնք ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու համար մեծ զոհողութիւններ կ’ընեն, հոն նկատի առնուելիք նիւթերը նախապատրաստելու համար թերեւս քիչ ժամանակ ունենան։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան շաբաթական յայտագրին հետ քայլ պահելով, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն աւելի կ’օգտուինք։ Նոյնպէս, ուրիշ ժողովներու՝ ինչպէս Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան՝ համար նախապատրաստութիւն տեսնելով, անոնցմէ աւելի մեծ օգուտ կը քաղենք։ Ուսումնասիրուելիք նիւթը նախապէս կարդալը եւ մէջբերուած համարներէն առնուազն քանի մը հատը նկատի առնելը, ժամանակ պահանջող ընտանեկան պարագաներ ունեցողներուն պիտի օգնեն որ աւելի պատրաստուած ըլլան եւ Աստուածաշունչի այս կարեւոր խօսակցութիւններուն մէջ աւելի իմաստալից մասնակցութիւն մը բերեն։
10 Ուրիշներ, որոնք աւելի ժամանակ ունին, ժողովներու պատրաստուելու համար աւելի ժամանակ կրնան յատկացնել։ Օրինակ, յիշուած բայց չմէջբերուած համարներուն համար կրնան փնտռտուքներ ընել։ Այս կերպով բոլորս ալ կրնանք պատրաստուիլ, որպէսզի ժողովներէն լաւագոյնս օգտուինք եւ մեր ելոյթներով եւ մեկնաբանութիւններով ժողովքը կերտելու համար լաւ մասնակցութիւն բերենք։ Լաւ պատրաստուած ըլլալով, երէցներն ու օգնական ծառաները կրնան օրինակ հանդիսանալ իրենց կարճ ու խտացուած պատասխաններով։ Եհովայի կարգադրութիւններուն հանդէպ յարգանքէ մղուած, ներկայ եղողները ժողովներու ընթացքին իրենց ուշադրութիւնը ցրուող բաներէն պէտք է զգուշանան։—Ա. Պետրոս 5։3
11. Ժողովներուն պատրաստուած երթալու համար ինչո՞ւ ինքնակրթութիւնը կարեւոր է։
11 Մեր հոգեւոր առողջութեան համար կենսական չեղող գործունէութիւններն ու զբօսանքներն ալ կրնան մեր ժամանակէն շատ խլել։ Եթէ այս է պարագան, պէտք է քննենք մեր անձերը եւ մեր ժամանակին նկատմամբ «անմիտ» չըլլանք։ (Եփեսացիս 5։17) Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող բաներէն ‘ժամանակը ծախու առնել’, որպէսզի անձնական ուսումնասիրութեան, ժողովներու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ Թագաւորութեան ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրենք։ (Եփեսացիս 5։16) Կ’ընդունինք որ ասիկա ընելը միշտ դիւրին չէ եւ ինքնակրթութիւն կը պահանջէ։ Այս բաներուն հոգ տանող պատանիներ, ապագայ յառաջդիմութեան համար լաւ հիմ մը կը դնեն։ Պօղոս իր երիտասարդ ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ գրեց. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։—Ա. Տիմոթէոս 4։15
Աստուծոյ Խօսքէն Օրինակներ
12. Սամուէլի ընտանիքը ի՞նչ յատկանշական օրինակ մըն էր։
12 Նկատի առէք Սամուէլի ընտանիքին լաւ օրինակը. անոնք կանոնաւորաբար իրենց հաւատակիցներուն հետ հաւաքուելու կարգադրութեան կը մասնակցէին, երբ Աստուծոյ տաղաւարը Սելով կը գտնուէր։ Միայն այր մարդոցմէ պահանջուած էր տարեկան տօնակատարութիւններուն մասնակցիլ։ Բայց Սամուէլի հայրը՝ Եղկանա, իր ամբողջ ընտանիքը հետը կը տանէր, երբ ամէն տարի իր քաղաքէն ելլելով Սելով կ’երթար Եհովայի երկրպագութիւն եւ զոհեր մատուցանելու համար։ (Ա. Թագաւորաց 1։3-5) Սամուէլի բնակած քաղաքը՝ Արիմաթէմ–Սօփիմը՝ հաւանաբար ծովեզերքին մօտ, ներկայ Ռէնդիսի քով կը գտնուէր, ‘Եփրեմի լեռնային’ շրջանի ստորոտը։ (Ա. Թագաւորաց 1։1) Հետեւաբար, մինչեւ Սելով ճամբորդութիւնը շուրջ 30 քմ. ըլլալու էր, ինչ որ այդ օրերուն շատ յոգնեցուցիչ էր։ Եղկանայի ընտանիքը ասիկա կ’ընէր «ամէն տարի՝ Տէրոջը տունը» երթալու համար։—Ա. Թագաւորաց 1։7
13. Յիսուս երկրի վրայ եղած ժամանակ, հաւատարիմ Հրեաներ ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ մըն էին։
13 Յիսուս ալ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ ապրեցաւ։ Ամէն տարի ընտանիօք Նազարէթէն շուրջ 100 քմ. դէպի հարաւ կը ճամբորդէին, Երուսաղէմի մէջ Պասեքը տօնակատարելու համար։ Անոնք հոն հասնելու համար երկու հաւանական ճամբայ ունէին։ Անոնցմէ մէկը ուղիղ ճամբայ մըն էր, որ Մակեդդովի Հովիտը կ’իջնէր ու ապա 600 մ. բարձրանալով Սամարիոյ հողամասէն կ’անցնէր եւ անկէ Երուսաղէմ կը բերէր։ Միւս ճամբան աւելի ժողովրդական էր, զոր Յիսուս վերջին անգամ ըլլալով առաւ, երբ Հ.Դ. 33–ին Երուսաղէմ գնաց։ Ասիկա իր մէջ կը պարփակէր Յորդանանի Հովիտէն քալելով մինչեւ ծովու մակերեսէն վար իջնել, հասնելով «Հրէաստանի սահմանները . . . Յորդանանի անդիի կողմ»ը։ (Մարկոս 10։1) Այստեղէն ‘դէպի Երուսաղէմ ճամբան’ շուրջ 30 քմ. էր, որու մէջ կար 1,100 մ. զառիվեր մը։ (Մարկոս 10։32) Տօնախմբութեան հաւատարմօրէն մասնակցողներ կանոնաւորաբար այս չարքաշ ճամբորդութիւնը կ’ընէին, Գալիլիայէն Երուսաղէմ երթալով։ (Ղուկաս 2։44) Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը Եհովայի արդի ծառաներուն համար, որոնցմէ շատեր երթեւեկի արդիական կերպերու շնորհիւ շատ դիւրութեամբ կրնան քրիստոնէական հաւաքոյթներու վայրերը յաճախել։
14, 15. (ա) Աննան ի՞նչպիսի օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Ժողովներու նոր յաճախողներէն ոմանց կեցուածքէն ի՞նչ կը սորվինք։
14 84–ամեայ որբեւայրի Աննան ուրիշ օրինակ մըն է։ Աստուածաշունչը կը նշէ որ «տաճարէն չէր զատուեր»։ (Ղուկաս 2։37) Ասկէ զատ, Աննա ուրիշներու հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցոյց կու տար։ Ան ի՞նչ ըրաւ, երբ մանուկ Յիսուսը տեսաւ եւ տեղեկացաւ որ ան խոստացեալ Մեսիան էր։ Ան գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ «անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին»։ (Ղուկաս 2։38) Ի՜նչ գեղեցիկ կեցուածք մը եւ տիպար մը բոլոր Քրիստոնեաներուն համար։
15 Այո, մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ անոնց մասնակցիլը ա՛յնքան հաճելի պէտք է ըլլայ որ Աննայի նման բնաւ չուզենք անոնցմէ բացակայիլ։ Ընդհանրապէս նորեկներ այս զգացումը ունին։ Խաւարէն Աստուծոյ սքանչելի լոյսին եկած ըլլալով, անոնք սորվելու ծարաւը ունին, եւ շատեր քրիստոնէական ժողովներու հանդէպ խանդավառութեամբ կ’արտայայտուին։ Իսկ միւս կողմէ, աւելի երկար ժամանակէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ եղողներ, ուշադիր պէտք է ըլլան որ իրենց ‘առաջուան սէրը չձգեն’։ (Յայտնութիւն 2։4) Երբեմն առողջապահական լուրջ խնդիրներ կամ կամքէ անկախ պատճառներ ժողովներու մեր յաճախումը կրնան սահմանափակել։ Բայց բնա՛ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ նիւթապաշտութիւնը, զբօսանքները կամ հետաքրքրութեան պակասը պատճառ ըլլան որ ժողովներու յաճախենք առանց պատրաստուելու, մեղկ, կամ անկանոն, կերպով։—Ղուկաս 8։14
Լաւագոյն Օրինակը
16, 17. (ա) Հոգեւոր հաւաքոյթներու հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը ի՞նչ էր։ (բ) Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ի՞նչ լաւ սովորութիւն մը պէտք է որդեգրեն։
16 Հոգեւոր հաւաքոյթներու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալու մէջ Յիսուս յատկանշական օրինակ մըն է։ Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ տան հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ, երբ տակաւին 12 տարեկան էր։ Ծնողները իր հետքը կորսնցուցին, բայց վերջապէս զինք տաճարին մէջ գտան, ուր ուսուցիչներուն հետ Աստուծոյ Խօսքէն կը խօսէր։ Իր ծնողներուն մտավախութեան առ ի պատասխան, Յիսուս յարգալից կերպով հարցուց. «Չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ (Ղուկաս 2։49) Պատանի Յիսուս հնազանդօրէն իր ծնողքին հետ վերադարձաւ Նազարէթ։ Հոն կանոնաւորաբար ժողովարան յաճախելով, պաշտամունքի հաւաքոյթներու հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ։ Անոր համար, երբ իր ծառայութեան ձեռնարկեց, Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ»։ Յիսուս Եսայեայ 61։1, 2–ը կարդալէ ետք, ներկաները «կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ»։—Ղուկաս 4։16, 22
17 Քրիստոնէական ժողովներուն պարագան ալ նոյնն է այսօր։ Ժողովը փառաբանութեան երգեցողութեամբ եւ աղօթքով մը սկսելէ ետք, Աստուածաշունչէն համարներ (կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակ նիւթին մէջի համարները) կը կարդացուին ու կը բացատրուին։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի լաւ սովորութեան հետեւելու ստիպուած են։ Այնքան ատեն որ իրենց պարագաները կը ներեն, անոնք քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելէն հաճոյք կը զգան։
Արդի Օրինակներ
18, 19. Ժողովներու ու համաժողովներու նկատմամբ, նուազ հարուստ երկիրներու մէջ ապրող մեր եղբայրները ի՞նչպիսի օրինակներ են։
18 Աշխարհի նուազ հարուստ երկիրներու մէջ, մեր եղբայրներն ու քոյրերը օրինակելի են քրիստոնէական ժողովներու հանդէպ իրենց գնահատութեան մէջ։ Մոզամպիկի մէջ, նահանգային տեսուչ մը՝ Օրլանտօ՝ եւ իր տիկինը՝ Ամէլիան, համաժողովի մը սպասարկելու համար 45 ժամ դրին՝ բարձր լերան մը վրայէն քալելով, մօտ 90 քմ. ճամբայ կտրելու համար։ Ապա յաջորդ համաժողովի վայրը երթալու համար, նոյն ճամբորդութիւնը ըրին։ Օրլանտօն համեստօրէն կը տեղեկագրէ. «Զգացինք որ բա՛ն մը չէինք ըրած, երբ Պաուա Ժողովքի եղբայրներուն հանդիպեցանք։ Անոնք համաժողովի գալու եւ իրենց տուները վերադառնալու համար վե՛ց օր քալեցին, մօտ 400 քմ. կտրելու համար եւ անոնց մէջ կար եղբայր մը որ 60 տարեկան էր»։
19 Ի՞նչ կրնանք ըսել ժողովքի շաբաթական հանդիպումներուն մասին։ Գաշուաշուա Ճամպան 70–ամեայ եւ մարմնաւորապէս տկար քոյր մըն է։ Ան կ’ապրի Գայսոսոսի մէջ, որ Ռունտուի (Նամիպիա) Թագաւորութեան Սրահէն 5 քմ. հեռուն գտնուող պզտիկ գիւղ մըն է։ Ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար ան մացառներուն մէջ 10 քմ. կը քալէ երթուդարձի համար։ Ուրիշներ կողոպտուած են այս ճամբուն վրայ, բայց Գաշուաշուան կը շարունակէ իր ժողովներուն երթալ։ Ժողովներուն մեծ մասը կը կատարուի լեզուով մը, զոր ինք չի հասկնար։ Ուստի, ան ի՞նչ օգուտ կը քաղէ։ Ան կ’ըսէ. «Համարներուն հետեւելով, կը ջանամ հասկնալ թէ դասախօսութիւնը ի՛նչի մասին է»։ Բայց ան անգրագէտ է, ուստի ի՞նչպէս կը հետեւի համարներուն։ «Իմ գոց գիտցած համարներս մտիկ կ’ընեմ», կը պատասխանէ ան։ Իսկ տարիներու ընթացքին, ան որոշ չափով համարներ գոց սորված է։ Աստուածաշունչը գործածելու իր կարողութիւնը բարելաւելու համար, ժողովքին կողմէ կարգադրուած գրագիտութեան դասընթացքի կը հետեւի։ Ան կ’ըսէ. «Կը սիրեմ ժողովներու երթալ։ Հոն միշտ նոր բաներ կը սորվինք։ Կը սիրեմ եղբայրներու ու քոյրերու ընկերակցութիւնը։ Թէեւ չեմ կրնար բոլորին հետ խօսիլ, բայց իրենք միշտ կու գան ու կը բարեւեն զիս։ Իսկ ամենէն կարեւորը, գիտեմ որ ժողովներու երթալով, Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնեմ»։
20. Ինչո՞ւ պէտք չէ անտեսենք մեր քրիստոնէական հաւաքոյթները։
20 Գաշուաշուայի նման, համայն երկրի վրայ Եհովայի միլիոնաւոր երկրպագուներ գովելի գնահատութիւն մը ցոյց կու տան քրիստոնէական հաւաքոյթներու հանդէպ։ Մինչ Սատանայի աշխարհը դէպի կործանում կ’ընթանայ, չենք կրնար իրարու հետ հաւաքուիլը անտեսել։ Ընդհակառակը, հոգեւորապէս արթուն մնանք եւ խոր գնահատութիւն ցոյց տանք ժողովներու եւ համաժողովներու հանդէպ։ Ասիկա ոչ միայն Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնէ, այլ՝ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ մեզի. քանի որ հո՛ն աստուածային ուսուցումին մասնակից կ’ըլլանք, որ մեզի յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Առակաց 27։11. Եսայեայ 48։17, 18. Մարկոս 13։35-37
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Քրիստոնէական հաւաքոյթներուն ներկայ գտնուիլը ինչո՞ւ առանձնաշնորհում մըն է։
◻ Ի՞նչպէս բոլոր ներկաներն ալ կրնան նպաստել կերտիչ ժողով մը ունենալու։
◻ Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ յատկանշական օրինակ հանդիսացաւ։
◻ Նուազ հարուստ երկիրներու մէջ ապրող եղբայրներէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
[Շրջանակ՝ էջ 17]
Անոնք կը գնահատեն շաբաթական ժողովները
Միլիոնաւոր մարդիկ կ’ապրին աղքատութեամբ եւ ոճիրով հարուածուած քաղաքներու մէջ։ Հակառակ այսպիսի պարագաներու, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գովելի գնահատութիւն ցոյց կու տան քրիստոնէական հաւաքոյթներու հանդէպ։ Գաութէնկի մէջ (Հարաւային Ափրիկէ) Սովեթոյի ժողովքներէն մէկուն մէջ ծառայող երէց մը, կը տեղեկագրէ. «60 Վկաներէ ու չմկրտուած հրատարակիչներէ բաղկացած ժողովքի մը մէջ, մեր ժողովներուն յաճախողներուն թիւը 70-80–ի միջեւ է, եւ երբեմն աւելի։ Թէեւ եղբայրներն ու քոյրերը ժողովներու յաճախելու համար հեռու չեն երթար, բայց Սովեթոյի մէջ կացութիւնը դժուար է։ Եղբայր մը կռնակէն հարուած ստացաւ, երբ քալելով ժողովի կ’երթար։ Առնուազն երկու քոյրեր կողոպտուեցան։ Բայց ասոնք զիրենք ետ չպահեցին ժողովներէն։ Կիրակի օրերը, ժողովը աղօթքով մը փակելէ ետք, երգեցողութեան կարճ փորձ մը կ’ընենք։ Առնուազն 95 առ հարիւրը կանոնաւորաբար ետեւը կը կայնին եւ յաջորդ շաբաթ ժողովին երգեցուելիք բոլոր երգեցողութիւնները կ’երգեն։ Ասիկա կ’օգնէ որ նորեկները երգեցողութիւնները սորվին եւ միասին երգեն»։
Գիւղային շրջաններու մէջ բնակողները ուրիշ դժուարութիւն մը ունին. զոր օրինակ, երկար ճամբայ պէտք է կտրեն, որպէսզի շաբաթը երեք անգամ ժողովներու ներկայ գտնուին։ Հետաքրքրուած զոյգ մը Լէօպէտցիի մէջ, Պոթսուանա, Թագաւորութեան Սրահէն 15 քմ. հեռուն կը բնակի։ Անցեալ տարի, անոնք իրենց երկու երախաներով, կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախած են։ Ամուսինը կօշկակարութիւն կ’ընէ, իր ընտանիքին հոգ տանելու համար։ Կինը պզտիկ իրեր կը ծախէ, տան եկամուտը բարելաւելու համար, որպէսզի կարենան ժողովի երթալ–գալու ծախսերը հոգալ։
Վերջերս, ամառ երեկոյ մը, շրջանային տեսուչին հետ ժողովէ մը ետք, իրիկուան ժամը ինին այս ընտանիքը մէջտեղ մնաց օթոպիւսի մը կայանը, քանի որ օթոպիւսները աւելի կանուխ դադրած էին աշխատելէ, վատ օդի պատճառաւ։ Ոստիկան մը իր ինքնաշարժով կանգ առաւ եւ անոնց հարցուց թէ ի՛նչ կ’ընէին։ Երբ գիտցաւ անել կացութիւնը, անոնց մեղքցաւ եւ 15 քմ. քշելով, զանոնք տուն հասցուց։ Կինը որ չմկրտուած հրատարակիչ մըն է, իր ամուսնոյն ըսաւ. «Կը տեսնե՞ս որ եթէ ժողովները առաջին տեղը դնենք, Եհովա միշտ պէտք եղածը կը հայթայթէ»։ Հիմա ամուսինը փափաք յայտնած է որ ինքն ալ բարի լուրի քարոզիչ մը ըլլայ։
[Նկար՝ էջ 18]
Ռումանիոյ մէջ այսպիսի Վկաներ քրիստոնէական հաւաքոյթներու հանդէպ գնահատութեան գեղեցիկ օրինակներ են