-
Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտելԴիտարան 2003 | Ապրիլ 1
-
-
Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել
«Աստուած մարդուն նման չի նայիր»։—Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 16։7
1, 2. Եղիաբի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչպէս տարբեր էր Սամուէլի տեսակէտէն, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջանէ Առաջ ԺԱ. դարուն, Եհովա Սամուէլ մարգարէն գաղտնի առաքելութեամբ մը ղրկեց։ Ան մարգարէին պատուիրեց որ Յեսսէ անունով մարդու մը տունը երթայ եւ անոր որդիներէն մէկը օծէ որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւորը։ Հազիւ թէ Սամուէլ Յեսսէի անդրանիկ որդին՝ Եղիաբը տեսաւ, վստահ եղաւ որ Աստուծոյ ընտրածը գտած էր։ Սակայն Եհովա ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ (Ա. Թագաւորաց 16։6, 7) Սամուէլ Եղիաբի չնայեցաւ ինչպէս Եհովա նայեցաւ անոր։a
-
-
Ջանացէք ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտելԴիտարան 2003 | Ապրիլ 1
-
-
a Հետագային բացայայտ դարձաւ որ վայելուչ Եղիաբ Իսրայէլի թագաւորը ըլլալու յարմար յատկութիւնները չունէր։ Երբ հսկայ Փղշտացի Գողիաթը Իսրայելացիներուն ասպարէզ կարդաց, Եղիաբ եւ Իսրայէլի միւս բոլոր տղամարդիկը վախցան անոր դէմ ելլելու։—Ա. Թագաւորաց 17։11, 28-30
-