Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 5-11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 9-10
«Եհովան փառաբանեցէք՝ իր իմաստութեան համար»
w99 7/1 30 ¶6
Շատ օգտակար այցելութիւն մը
Երբ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին այցելեց, սկսաւ զինք փորձել «խրթին հարցումներով» (Գ. Թագաւորաց 10։1)։ Հոս գործածուած եբրայերէն բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «հանելուկներ»։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ թագուհին պարզ խաղեր խաղցաւ Սողոմոնին հետ։ Հետաքրքրական է որ Սաղմոս 49։4–ին մէջ, նոյն եբրայերէն բառը գործածուած է խօսելու համար լուրջ հարցումներու մասին՝ մեղքի, մահուան եւ փրկութեան մասին։ Ուրեմն, յստակ է որ Սաբայի թագուհին խորունկ նիւթեր կը խօսէր Սողոմոնին հետ, ինչ որ Սողոմոնին իմաստութիւնը յստակ դարձուց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ թագուհին «բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ»։ Իսկ Սողոմոն «անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր» (Գ. Թագաւորաց 10։2բ, 3)։
Յորդ առատաձեռնութիւն
Իր լսած ու տեսած բաներէն ափիբերան մնացած, թագուհին հեզութեամբ ըսաւ. «Երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն»։ (Գ. Թագաւորաց 10։4-8) Ան Սողոմոնի ծառաները երանելի չկոչեց իրենց վայելած պերճանքին համար, ինչ որ էր պարագան։ Հապա Սողոմոնի ծառաները երանելի էին, քանի որ միշտ կրնային լսել Սողոմոնի աստուածատուր իմաստութիւնը։ Սաբայի թագուհին ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է Եհովայի արդի ծառաներուն համար, որոնք ուղղակի Ստեղծիչին եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի իմաստութիւնը կը վայելեն։
w99 7/1 30-31
Շատ օգտակար այցելութիւն մը
Սաբայի թագուհին այնքա՛ն տպաւորուեցաւ Սողոմոնին իմաստութեամբ եւ անոր թագաւորութեան հարստութեամբ, որ «խելքը գլխէն գնաց» (Գ. Թագաւորաց 10։4, 5)։ Ուսումնական մը նոյնիսկ կ’ըսէ որ թագուհին մարեցաւ։ Յստակ է որ թագուհին շատ զարմացաւ իր տեսած եւ լսած բաներուն վրայ։ Ան երանի տուաւ Սողոմոնին ծառաներուն, քանի որ առիթը ունին թագաւորին իմաստուն խօսքերը լսելու։ Թագուհին նաեւ օրհնեց Եհովան, քանի որ Սողոմոնը թագաւոր ըրաւ։ Ետքը, թագուհին սուղնոց նուէրներ տուաւ թագաւորին, որոնց մէջի ոսկիին գինը միայն՝ հիմակուան արժէքով $40,000,000 է։ Սողոմոնն ալ «թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ» անոր (Գ. Թագաւորաց 10։6-13)։
Հոգեւոր գոհարներ
Գիտէի՞ր
Սողոմոն թագաւոր ո՞րքան ոսկի ունէր։
Սուրբ Գրութիւնները կը նշեն թէ Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ, Սողոմոնի չորս թոն ոսկի ղրկեց, Սաբայի թագուհին նոյն քանակը տուաւ, իսկ Սողոմոնի նաւատորմը Ոփիրէն աւելի քան 15 թոն ոսկի բերաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունվեց տաղանդ էր», կամ աւելի քան 25 թոն (Գ. Թագաւորաց 9։14, ՆԱ, 28. 10։10, 14)։ Ասիկա հաւատալի՞ է։ Վաղեմի ժամանակներուն, թագաւորներուն մթերած ոսկիին քանակը ո՞րքան մեծ էր։
Հին գրութիւն մը, զոր ուսումնականներ վաւերական կը նկատեն, կ’ըսէ թէ Եգիպտոսի Թաթմուս Գ. փարաւոնը (շուրջ 3500 տարի առաջ), Քառնաքի մէջ եղող Ամոն–Ռա աստուծոյ մեհեանին շուրջ 13,5 թոն ոսկի նուիրեց։ Մ.թ.ա. ութերորդ դարուն, Տիւրոս ասորեստանցի Թիկղատ–փիղասար Գ. թագաւորին իբրեւ հարկ աւելի քան 4 թոն ոսկի վճարեց, իսկ Սարգոն Բ. նոյն քանակը նուիրեց Բաբելոնի աստուածներուն։ Կ’ըսուի թէ Մակեդոնիոյ Ֆիլիփ Բ. թագաւորը (մ.թ.ա. 359-336) ամէն տարի աւելի քան 28 թոն ոսկի կը հանէր Փանկէումի հանքերէն, Թրակիոյ մէջ։
Երբ Ֆիլիփի որդին՝ Մեծն Աղեքսանդր (մ.թ.ա. 336-323) պարսկական Շուշանը գրաւեց, կ’ըսուի թէ քաղաքէն շուրջ 1180 թոն ոսկի առաւ, իսկ շուրջ 7000 թոն՝ ամբողջ Պարսկաստանէն։ Արդ, այս տեղեկագրութիւններուն հետ համեմատած, Սողոմոն թագաւորի ունեցած ոսկիին մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը չափազանցուած չէ։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12-18
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 11-12
«Կողակիցդ իմաստութեամբ ընտրէ»
Եհովային կո՞ղմն ես
7 Շատ դասեր կրնանք սորվիլ Սողոմոն թագաւորէն։ Երբ ան երիտասարդ էր, Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Եհովան զինք շատ իմաստուն ըրաւ, եւ իրեն տուաւ Երուսաղէմի մէջ փառաւոր տաճար մը շինելու պարտականութիւնը։ Բայց ան կորսնցուց Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը (Գ. Թագ. 3։12. 11։1, 2)։ Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր որ հրեայ թագաւորը «իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի» (Բ. Օր. 17։17)։ Սողոմոն այս օրէնքին չհնազանդեցաւ եւ իր կեանքին ընթացքին ունեցաւ 700 կին եւ 300 հարճ (Գ. Թագ. 11։3)։ Իր կիներէն շատեր իսրայէլացի չէին եւ չաստուածներ կը պաշտէին։ Այսպիսով, Սողոմոն նաեւ անհնազանդ գտնուեցաւ Եհովային այն օրէնքին, որ օտար կիներ չառնէ (Բ. Օր. 7։3, 4)։
Ինչպէ՞ս կրնաս սիրտդ պահպանել
6 Սատանան ըմբոստ մըն է, որ Եհովային չափանիշները կ’անտեսէ ու անձնասէր մղումներ ունի. եւ կ’ուզէ որ մենք իրեն պէս դառնանք։ Ան չի կրնար մեզ ստիպել, որ իրեն պէս մտածենք ու վարուինք, անոր համար կը փորձէ ուրիշ կերպերով իր նպատակին հասնիլ։ Օրինակ, ան մեզ կը շրջապատէ մարդոցմով, որոնք արդէն իր կողմէ ապականուած են (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ան կը յուսայ որ որոշենք անոնց հետ ժամանակ անցընել, թէեւ գիտե՛նք որ չար ընկերակցութիւնները պիտի «ապականեն» մեր մտածելակերպն ու վարուելակերպը (Ա. Կոր. 15։33)։ Այս մեթոտը յաջողեցաւ Սողոմոն թագաւորի պարագային։ Ան բազմաթիւ հեթանոս կիներու հետ ամուսնացաւ, ու անոնք ի վերջոյ զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ եւ իր «սիրտը» աստիճանաբար Եհովայէն հեռացուցին (Գ. Թագ. 11։3)։
Եհովային կո՞ղմն ես
9 Բայց Եհովան բնա՛ւ աչք չի գոցեր մեղքերուն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։ Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց»։ Այս պատճառով, Սողոմոն կորսնցուց Աստուծոյ հաճութիւնը։ Եհովան չարտօնեց որ Սողոմոնին սերունդը ամբո՛ղջ Իսրայէլին վրայ իշխէ, եւ անոնք հարիւրաւոր տարիներ մեծ խնդիրներ ունեցան (Գ. Թագ. 11։9-13)։
Հոգեւոր գոհարներ
Ան կրնար ունենալ Աստուծոյ հաճութիւնը
Երբ Ռոբովամ այդ որոշումը առաւ, ժողովուրդը իրեն դէմ ըմբոստացաւ։ Այս պատճառով, ան իր բանակը հաւաքեց, որպէսզի պատերազմի անոնց դէմ։ Բայց Եհովան Սեմայիա մարգարէն ղրկեց, որպէսզի իրենց ըսէ. «Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինձմէ եղաւ» (Գ. Թագ. 12։21-24)։
Ռոբովամին համար դիւրի՞ն էր Եհովային մտիկ ընել։ Ժողովուրդը ի՞նչ պիտի մտածէր իրեն մասին,– ինք ըսած էր թէ զիրենք «կարիճներով» պիտի խրատէր, բայց հիմա բան մը պիտի չընէր ըմբոստութիւնը կեցնելու համար (համեմատէ՛ Բ. Մնացորդաց 13։7)։ Ամէն պարագայի, թագաւորը եւ իր զօրքը «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան»։
Ի՞նչ դաս կը քաղենք ասկէ։ Իմաստութիւն է Աստուծոյ հնազանդիլ, նոյնիսկ եթէ մարդիկ մեր վրայ պիտի խնդան։ Եթէ Աստուծոյ հնազանդինք, միշտ մեզ պիտի օրհնէ (Բ. Օր. 28։2)։
Աստուած Ռոբովամը օրհնե՞ց իր հնազանդութեան համար։ Ռոբովամին հնազանդութեան պատճառով իր թագաւորութիւնը զօրացաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան շարունակեց թագաւորել Յուդայի ու Բենիամինի ցեղերուն վրայ, եւ որոշեց նոր քաղաքներ շինել։ Ան նաեւ կարգ մը քաղաքներ «խիստ շատ ամրացուց» (Բ. Մն. 11։5-12)։ Ամէնէն կարեւորը, ան ժամանակ մը հնազանդեցաւ Եհովային օրէնքներուն։ Որովհետեւ հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը սկսած էր կուռքեր պաշտել, այդտեղէն շատեր ճամբորդեցին Երուսաղէմ, որպէսզի թիկունք կանգնին Ռոբովամին եւ ճշմարիտ պաշտամունքին (Բ. Մն. 11։16, 17)։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 19-25
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 13-14
«Ինչո՞ւ պէտք է գոհ ըլլաս եւ սահմաններդ գիտնաս»
Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ
4 Յետոյ Յերոբովամ ճշմարիտ Աստուծոյ մարդուն կ’ըսէ. «Ինծի հետ տուն եկուր եւ քիչ մը կերակուր կե՛ր ու քեզի պարգեւ տամ»։ (Գ. Թագ. 13։7) Այժմ մարգարէն ի՞նչ ընելու է։ Ան թագաւորին հիւրասիրութիւնը պէ՞տք է ընդունի, թէեւ անոր դատապարտական պատգամ մը հաղորդեց։ (Սաղ. 119։113) Կամ, ան թագաւորին հրաւէրը պէ՞տք է մերժէ, թէեւ թագաւորը խղճահար կը թուի։ Վստահաբար Յերոբովամ ի վիճակի է իր բարեկամներուն սուղ նուէրներ տալու։ Եթէ Աստուծոյ մարգարէն նիւթական բաներու հանդէպ գաղտնի ցանկութիւն մը սնուցանած է, թագաւորին առաջարկը հաւանաբար մեծ փորձութիւն մըն է։ Սակայն Եհովա մարգարէին պատուիրած է. «Հաց չուտես ու ջուր չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս»։ Ուստի մարգարէն հաստատօրէն կը պատասխանէ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չգամ ու այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ»։ Ապա մարգարէն ուրիշ ճամբայով Բեթէլէն կը մեկնի։ (Գ. Թագ. 13։8-10) Մարգարէին որոշումը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ սրտագին նուիրուածութեան մասին։—Հռով. 15։4
Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ
15 Յուդայէն եկող մարգարէին սխալէն ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Առակաց 3։5–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ Փոխանակ շարունակելու Եհովայի ապաւինիլ, ինչպէս անցեալին ըրած էր, Յուդայէն եկող մարգարէն այս անգամ իր դատողութեան վստահեցաւ։ Ան իր սխալին պատճառաւ, իր կեանքը եւ Աստուծոյ քով իր լաւ անունը կորսնցուց։ Անոր փորձառութիւնը ո՜րքան ուժգնօրէն կ’ընդգծէ՝ համեստօրէն եւ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելուն արժէքը։
Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ
10 Յուդայէն եկող մարգարէն պէտք էր կարենար ծեր մարգարէին խորամանկութիւնը զատորոշել։ Ան կրնար մտածել. ‘Եհովա ինչո՞ւ ուրիշ մէկու մը հրեշտակ պիտի ղրկէ, ինծի նոր հրահանգներ տալու համար’։ Մարգարէն կրնար Եհովայէ խնդրել որ հարցը յստակացնէ, բայց Սուրբ Գրութիւնները ցոյց չեն տար թէ ան ասիկա ըրաւ։ Փոխարէն, ան ծեր մարգարէին հետ «դարձաւ եւ անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց»։ Եհովա ասոր չհաճեցաւ։ Երբ խաբուած մարգարէն ճամբայ ելաւ որ Յուդա վերադառնայ, առիւծ մը իրեն հանդիպեցաւ ու զինք մեռցուց։ Անոր մարգարէական ասպարէզը ի՜նչ ողբերգական վախճան մը ունեցաւ։—Գ. Թագ. 13։19-25
Հոգեւոր գոհարներ
w10 7/1 29 ¶5
Եհովան մեր մէջի լաւ բաներուն կը նայի
Գ. Թագաւորաց 14։13–ին խօսքերը մեզի շատ աղուոր բան մը կը սորվեցնեն Եհովային մասին եւ կը յստակացնեն որ Եհովան ի՛նչ կը փնտռէ մեր մէջը։ Եհովան Աբիային մէջ բարի բան մը ‘գտաւ’։ Յստակ է որ Եհովան Աբիային սրտին մէջ փնտռեց, մինչեւ որ լաւ բան մը գտաւ հոն։ Ինչպէս որ ուսումնական մը կ’ըսէ, Աբիան՝ իր ընտանիքին հետ բաղդատած՝ «դէզ մը քարերու մէջ միակ մարգարիտն էր»։ Եհովան Աբիային մէջ լաւ բան մը տեսաւ եւ զինք վարձատրեց։ Ան այս չար ընտանիքին մէջ միայն Աբիայի՛ն հանդէպ ողորմած գտնուեցաւ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
g 1/10 8, շրջանակ
Պարզ եւ հաւասարակշռուած կեանք մը ապրէ
ՏՈՒՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳՈՐԾԵՐ
Հոս կարգ մը առաջարկներ կան, որոնք կրնան անգործներու համար գործնական ըլլալ կարգ մը երկիրներու մէջ։
• Մէկու մը տան հոգ տանիլ. օրինակ՝ երբ ան գործով կամ արձակուրդի պատճառով տունէն դուրս պիտի ըլլայ
• Մաքրել. խանութներ, գրասենեակներ, կամ տուներ (շինարարութենէ ետք, կրակէ ետք կամ երբ մարդիկ ուրիշ տուն կը փոխադրուին)։ Մարդոց տան գործերուն մէջ օգնել։ Պատուհաններ մաքրել (ըլլա՛յ գրասենեակներու կամ տուներու)
• Նորոգութիւններ ընել. հեծիկներու կամ ամէն տեսակ գործիքներու (թերեւս գրադարանները գտնես գիրքեր, որոնք կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս նորոգութիւններ ընել շատ մը մարզերու մէջ)
• Պահարաններ եւ դռներ շինել, ներկել, ցանկապատ շինել, առաստաղ նորոգել
• Ագարակին մէջ աշխատիլ. ցանել, բերքը հնձել եւ պտուղները քաղել
• Տուները, գրասենեակները, դրամատուները, կամ առեւտրական կեդրոնները բոյսերով զարդարել կամ ատոնց հոգ տանիլ
• Պահակ ըլլալ շէնքերու կամ գործատեղերու մէջ եւ ատոնց ապահովութեան հոգ տանիլ (ատեններ բնակավայր կ’ապահովուի այսպիսի անձերու)
• Թաւշագորգէ (մօքէդ) կամ փայտէ յատակներ (փարքէ) դնել, հեծցնել կամ մաքրել
• Ուրիշներուն ապրանքները եւ կարեւոր թուղթերը տեղէ տեղ հասցնել
• Ապրանքներ փոխադրել
• Պարտիզպանութիւն ընել
• Դպրոցի պաս քշել
• Նկարչութիւն ընել
• Ձկնորսներուն ձուկի կեր ծախել
• Մէկու մը ըրած ծառայութեան փոխարէն՝ համաձայնութեամբ ուրիշ ծառայութիւն մը ընել իրեն. օրինակ՝ եթէ մէկը ելեկտրական գործ մը ըրաւ տունիդ մէջ, փոխարէնը՝ անոր ինքնաշարժը նորոգէ
g 1/10 9, շրջանակ
ՏՈՒՆԷՆ ՆԵՐՍ ԳՈՐԾԵՐ
Տե՛ս թէ շրջանիդ մէջ ի՛նչ պէտքեր կան։ Դրացիներուդ հարցուր եւ նախաքայլը առ կարգ մը գործեր ընելու։
• Պզտիկներու հոգ տանիլ
• Տունդ ցանած կանանչեղէններդ, ծաղիկներդ կամ պտուղի հիւթ ծախել
• Հագուստ կարել, նորոգել, նեղցնել/լայնցնել կամ կարճցնել/երկնցնել
• Գործ մը աշխատիլ, ուր աշխատած ապրանքիդ քանակին համեմատ դրամ կ’առնես
• Ճաշ եփել կամ անուշեղէն շինել
• Վերմակ կարել եւ նորոգել, կարել, կաւեղէն բաներ շինել եւ ուրիշ ձեռագործ բաներ ընել
• Կահկարասիներ նորոգել
• Տան մէջ հաշուապահութիւն ընել, համակարգիչի վրայ տպել կամ ուրիշ բաներ ընել
• Հեռաձայններու պատասխանող պաշտօնեայ ըլլալ
• Սափրիչութիւն ընել
• Տան մէջ սենեակ մը վարձու տալ
• Ծանուցում ընողներուն ղրկելիք նամակները պահարաններուն մէջ դնել եւ անոնց վրայ հասցէներ գրել
• Ինքնաշարժ մաքրել եւ փայլեցնել (յաճախորդը ինքնաշարժը տունդ կը բերէ)
• Անասուններու լոգանք տալ եւ մարզել
• Կղպանքներ նորոգել եւ բանալի թափել (տան մէջ)
Ընդհանրապէս, հոս նշուած գործերուն համար կրնաս ձրի կամ չնչին գինով ծանուցումներ դնել թերթերու մէջ կամ ուրիշ տեղեր։
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 26–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 15-16
«Ասային պէս քաջութեամբ կը վարուի՞ս»
w12 8/15 8 ¶4
«Ձեր գործին վարձք կայ»
Իսրայէլը երկու թագաւորութիւններու բաժնուելէն 20 տարի վերջ, Յուդան արդէն իսկ հեթանոսական սովորութիւններով լեցուած էր։ Երբ Ասան թագաւոր եղաւ Ք.Ա. 977–ին, նոյնիսկ թագաւորական ընտանիքէն անդամներ կը պաշտէին քանանական արգասաբերութեան չաստուածներ։ Ասային պատմութեան մէջ կը կարդանք, որ ան «իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ»։ Ասան «Օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ» (Բ. Մն. 14։2, 3)։ Ան նաեւ Յուդայի թագաւորութենէն վռնտեց կրօնքի անունով «Սոդոմական մեղք գործողները»։ Ասկէ զատ, ան ժողովուրդին պատուիրեց, որ «իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն» եւ Աստուծոյ «օրէնքն ու պատուիրանքները» գործադրեն (Գ. Թագ. 15։12, 13. Բ. Մն. 14։4)։
Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ
7 Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ լման նուիրուած ենք Եհովային։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովային պիտի հնազանդի՞մ նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։ Լման մտքով կ’ուզե՞մ իր ժողովքը մաքուր պահել’։ Մտածէ թէ Ասան որքա՜ն քաջ պէտք էր ըլլար, որ իր մեծ մայրը հանէր իր թագաւորական դիրքէն։ Ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ Ասային պէս քաջ ըլլաս։ Օրինակ՝ ի՞նչ կ’ընես եթէ ընտանիքիդ մէկ անդամը կամ մտերիմ բարեկամդ մեղք գործէ, չզղջայ եւ վտարուի։ Միտքդ կը դնե՞ս որ անոր հետ պիտի չընկերակցիս։ Սիրտդ քեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։
it-1 184-185
Ասա
Հակառակ անոր որ Ասան ատեններ իմաստութեամբ չվարուեցաւ, անոր հաւատարմութիւնը եւ լաւ յատկութիւնները շատ աւելի էին քան՝ անոր սխալները։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ան Յուդայի հաւատարիմ թագաւորներէն մէկն էր (Բ. Մն. 15։17)։
Հոգեւոր գոհարներ
Աստուած ձեզի համար իրակա՞ն է
Օրինակի համար, կարդացէք այն մարգարէութիւնը, որ կը խօսի Երիքովը վերակառուցանելու համար որոշուած պատիժին մասին, ապա նկատի առէք անոր կատարումը։ Յեսուայ 6։26–ը կ’ըսէ. «Այն ատեն Յեսու երդում ընելով՝ ըսաւ. ‘Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ ելլէ ու այս Երիքով քաղաքը շինէ. իր անդրանիկով անոր հիմերը դնէ ու անոր դռներն ալ իր պզտիկ տղայով կանգնեցնէ’»։ Ասոր կատարումը եղաւ շուրջ 500 տարիներ ետք, ինչպէս կը կարդանք Գ. Թագաւորաց 16։34–ի մէջ. «Անոր [Աքաաբ Թագաւորի] օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը շինեց ու իր անդրանիկ տղուն Աբիրոնովի գնով անոր հիմը դրաւ եւ իր պզտիկ տղուն Սեգուրովի գնով անոր դռները կանգնեցուց՝ Նաւեան Յեսուին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ»։ Միմիայն իրական Աստուած մը կրնար այսպիսի մարգարէութիւններ ներշնչել եւ վստահ ըլլալ անոնց կատարումէն։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 3-9
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 17-18
«Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք»
Հաւատքով իմաստուն որոշումներ առ
6 Երբ իսրայէլացիները սկսան ապրիլ Աւետեաց երկրին մէջ, անոնք պէտք էր որոշէին Եհովա՞ն պաշտել թէ՞ ուրիշ աստուածներու ծառայել (կարդա՛ Յեսու 24։15)։ Թերեւս կ’երեւի թէ ասիկա պարզ որոշում մըն էր, բայց իրականութեան մէջ իրենց որոշումին արդիւնքը կրնար մահ կամ կեանք ըլլալ։ Դատաւորներուն ժամանակ՝ իսրայէլացիները շարունակեցին իմաստուն չեղող որոշումներ առնել։ Անոնք Եհովային տեղ սուտ աստուածներ պաշտեցին (Դատ. 2։3, 11-23)։ Յետագային, Եղիա մարգարէին ատեն, Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք էր որոշէր Եհովայի՞ն ծառայել թէ՞ Բահաղին (Գ. Թագ. 18։21)։ Թերեւս մտածես որ ասիկա պարզ ընտրութիւն մըն էր, քանի որ Եհովային ծառայելը միշտ լաւագոյնն է։ Խելքը գլուխը անձ մը չ’ուզեր ծառայել չապրող աստուծոյ մը։ Բայց իսրայէլացիները ‘երկու մտքի վրայ կը կաղային’, եւ չէին կրնար որոշում մը առնել։ Եղիան իմաստուն գտնուելով զիրենք քաջալերեց որ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան պաշտեն։
Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը
15 Առ ի պատասխան, Բահաղի քահանաները աւելի կատղեցան եւ «բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել»։ Սակայն ապարդիւն։ «Ձայն չկար ու պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար» (Գ. Թագ. 18։28, 29)։ Արդարեւ, Բահաղ գոյութիւն չունէր։ Սատանա՛ն զինք հնարած էր, մարդիկը Եհովայէն հեռացնելու համար։ Իրականութիւնն այն է, որ Եհովայէն զատ ոեւէ տէր ընտրելը՝ յուսախաբութիւն եւ նոյնիսկ նախատինք կը բերէ (կարդա՛ Սաղմոս 25։3. 115։4-8)։
Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը
18 Նախքան Եղիայի աղօթելը, այդտեղի բազմութիւնը հաւանաբար հարց տուաւ թէ արդեօք Եհովա՞ն ալ Բահաղին պէս սուտ պիտի ելլէր։ Սակայն աղօթքէն ետք երկար մտածելու ժամանակ չկար։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց» (Գ. Թագ. 18։38)։ Ի՜նչ ազդու պատասխան մը։ Արդեօք ժողովուրդին հակազդեցութի՞ւնը ինչ էր։
Հոգեւոր գոհարներ
ընդ 86, շրջանակ
Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը
Եղիայի օրերուն պատահած երաշտը որքա՞ն տեւեց
Եհովայի Եղիա մարգարէն Աքաաբ թագաւորին յայտնեց, թէ երկարատեւ երաշտը շուտով վերջ պիտի գտնէր։ Ասիկա «երրորդ տարուան մէջ» եղաւ, այսինքն՝ ակներեւաբար երեք տարի անցած էր այն օրէն, երբ Եղիա գնաց երաշտին մասին յայտնելու (Գ. Թագ. 18։1)։ Եղիան յայտնեց որ Եհովան անձրեւ պիտի ղրկէր։ Անկէ շատ չանցած, Եհովան անձրեւ ղրկեց։ Ոմանք թերեւս եզրակացնեն, թէ երաշտը երրորդ տարուան ընթացքին վերջ գտաւ, այսինքն՝ երեք տարիէն աւելի պակաս տեւեց։ Սակայն թէ՛ Յիսուս եւ թէ Յակոբոս մեզի կ’ըսեն թէ երաշտը «երեք տարի ու վեց ամիս» տեւեց (Ղուկ. 4։25. Յակ. 5։17)։ Արդեօք հակասութի՞ւն մը կայ։
Բնա՛ւ երբեք։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, չոր եղանակը շատ երկար, մինչեւ վեց ամիս կրնար տեւել։ Անկասկած, երբ Եղիան Աքաաբին եկաւ երաշտին սկսիլը յայտնելու համար, չոր եղանակը արդէն սովորականէն շատ աւելի երկարած եւ անտանելի դարձած էր։ Ասկէ կը հասկնանք որ երաշտը արդէն վեց ամիս առաջ սկսա՛ծ էր այն օրէն, երբ Եղիայի զայն յայտնեց։ Հետեւաբար, «երրորդ տարուան մէջ»՝ երբ Եղիա երաշտի աւարտը յայտնեց, արդէն երաշտը սկսելուն գրեթէ երեքուկէս տարի անցած էր։ «Երեք տարի ու վեց ամիս»ը լրացաւ, երբ ժողովուրդը Կարմեղոս լերան վրայ հաւաքուեցաւ՝ մեծ փորձի մը ականատես ըլլալու համար։
Առաջին անգամ Աքաաբին այցելելու Եղիայի ժամանակը տեղին էր։ Ինչո՞ւ։ Ժողովուրդը կը հաւատար թէ Բահաղ «ամպերուն հեծեալն» էր, այն աստուածը որ անձրեւ բերելով վերջ կը դնէր չոր եղանակին։ Սակայն, եթէ չոր եղանակը սովորականէն աւելի երկար տեւէր, հաւանաբար մարդիկ հարց տային. «Ո՞ւր է Բահաղը, ե՞րբ անձրեւ պիտի բերէ»։ Եղիան յայտարարած էր, որ եթէ ինք չըսէր, ո՛չ անձրեւ եւ ոչ ալ ցօղ պիտի ըլլար։ Ուստի այս յայտարարութիւնը անհանգստացուցած ըլլալու էր Բահաղի երկրպագուները (Գ. Թագ. 17։1)։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 10-16
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 19-20
«Եհովա՛ն կրնայ մխիթարել քեզ»
Երբ ճնշուած ես, Եհովային ապաւինէ
5 Կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 19։1-4։ Սակայն Եղիան վախցաւ, երբ Յեզաբէլ թագուհին սպառնաց զինք մեռցնել։ Ուստի, Բերսաբէէի շրջանը փախաւ։ Ան ա՛յնքան վհատեցաւ, որ «մեռնիլ ուզեց»։ Ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Ան անկատար մարդ էր եւ «մեզի պէս զգացումներ ունէր» (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Թերեւս ճնշուածութեան եւ չափազանց յոգնութեան պատճառով ջախջախուած զգաց։ Կրնայ ըլլալ որ մտածեց թէ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու իր ջանքերը ապարդիւն էին, թէ Իսրայէլի մէջ բա՛ն մը չէր բարելաւուած, եւ թէ միայն ինք տակաւին Եհովային կը ծառայէր (Գ. Թագ. 18։3, 4, 13. 19։10, 14)։ Թերեւս զարմանանք, թէ այս հաւատարիմ մարգարէն ինչո՛ւ այդպէս զգաց։ Բայց Եհովան անոր զգացումները հասկցաւ։
Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով
13 Կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ զգաց, երբ երկինքէն տեսաւ իր սիրելի մարգարէն, որ անապատին մէջ, այդ ծառին տակ նստած, իր անձին մահը կը խնդրէր։ Պէտք չունինք կռահելու։ Երբ Եղիան խոր քունի անցաւ, Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց իրեն։ Հրեշտակը մեղմօրէն դպչելով, մարգարէն արթնցուց եւ ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։ Եղիան այդպէս ըրաւ, քանի որ հրեշտակը իրեն բերած էր պարզ ճաշ մը,– կտոր մը թարմ, տաք հաց եւ խմելու ջուր։ Արդեօք ան շնորհակալութիւն յայտնե՞ց հրեշտակին։ Արձանագրութիւնը միայն կ’ըսէ որ ան կերաւ, խմեց եւ նորէն քնացաւ։ Արդեօք մարգարէն այնքան ընկճուած էր, որ չէ՞ր կրնար խօսիլ։ Ամէն պարագայի, հրեշտակը երկրորդ անգամ ալ զինք արթնցուց՝ թերեւս արշալոյսին։ Անգամ մը եւս ան Եղիան յորդորեց «Ելի՛ր կե՛ր» ըսելով եւ այս յատկանշական խօսքերը աւելցնելով. «Քանզի քու երթալու ճամբադ երկար է» (Գ. Թագ. 19։5-7)։
Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով
21 Իւրաքանչիւր պարագայի, արձանագրութիւնը մեզի կը նշէ, որ Եհովան բնութեան այս ահարկու ուժերուն մէջ չէր գտնուեր։ Եղիան գիտէր որ Եհովան բնութեան առասպելական աստուածներէն չէր, ինչպէս որ էր Բահաղ, որուն մոլորած երկրպագուները զինք կ’ողջունէին որպէս «ամպերուն հեծեալը», այսինքն՝ անձրեւ բերող։ Ճիշդ է որ Եհովան բնութեան բոլոր ահարկու ուժերուն իսկական Աղբիւրն է, բայց ան նաեւ անսահմանօրէն աւելի մեծ է քան որեւէ բան, որ ստեղծած է։ Երկինքն անգամ չի կրնար զինք պարունակել (Գ. Թագ. 8։27)։ Այս բոլորը ինչպէ՞ս օգնեցին Եղիային։ Յիշէ իր վախը։ Եհովայի նման Աստուած մը իր կողմը ըլլալով, Աստուած մը՝ որուն տրամադրութեան տակ են բնութեան բոլոր անյաղթահարելի ուժերը, Եղիան՝ Աքաաբէն եւ Յեզաբէլէն վախնալու որեւէ պատճառ չունէր (կարդա՛ Սաղմոս 118։6)։
Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով
22 Կրակը չքացաւ, լռութիւն տիրեց եւ Եղիան «մեղմ ու բարակ ձայն մը» լսեց։ Ձայնը Եղիային ըսաւ որ ինքզինք դարձեալ արտայայտէր. մարգարէն ալ այդպէս ըրաւ, անգամ մը եւս իր մտահոգութիւնները յայտնելով։ Թերեւս ասիկա զինք աւելի հանգստացուց։ Անկասկած, Եղիան ա՛լ աւելի մխիթարուեցաւ, «մեղմ ու բարակ ձայն»ին յաջորդ խօսքերուն վրայ։ Եհովան Եղիան հաւաստիացուց, թէ ինք երբեք անարժէք չէր։ Ինչպէ՞ս։ Աստուած մանրամասնութիւններ յայտնած էր իր յետագայ նպատակներուն մասին՝ Իսրայէլի մէջ Բահաղի պաշտամունքին դէմ եղած պատերազմին վերաբերեալ։ Յստակ է ուրեմն, որ Եղիան պարապ տեղ չէր աշխատած, քանի որ Աստուծոյ նպատակը անշեղ կերպով դէպի յառաջ կ’ընթանար։ Աւելին, Եղիան այդ նպատակին մէջ տակաւին դեր պիտի ունենար, որովհետեւ Եհովան զինք գործով մը ետ ղրկեց՝ որոշ ցուցմունքներ տալով (Գ. Թագ. 19։12-17)։
Հոգեւոր գոհարներ
Եղիսէն հրեղէն կառքեր տեսաւ. դուն ալ կը տեսնե՞ս
Համանման կերպով, ներկայիս բազմաթիւ քրիստոնեաներ լիաժամ ծառայութեան զանազան կերպերուն կը մասնակցին, հաւատքէ մղուած ու փափաք ունենալով որ իրենց կորովը լիովին գործածեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Կարգ մը նշանակումներ կը պահանջեն, որ անհատը տունը ձգէ եւ Բեթէլի մէջ, շինարարական ծրագիրներու մէջ, եւ այլն, այնպիսի գործեր կատարէ, որոնք շատեր աննշան կը սեպեն։ Ո՛չ մէկ քրիստոնեայ այսպիսի ծառայութիւն մը անկարեւոր պէտք է սեպէ, քանի որ Եհովան զայն մեծապէս կ’արժեւորէ (Եբ. 6։10)։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 17-23
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 21-22
«Ընդօրինակէ Եհովան՝ հեղինակութիւն գործածելու մէջ»
it-2 21
Զօրքերու Եհովա
Երբ Յեսուն հրեշտակ մը տեսաւ Երիքովի մօտ եւ անոր հարցուց, թէ իսրայէլացիներո՞ւն կողմէ էր, թէ ոչ՝ թշնամիներուն կողմէ, հրեշտակը պատասխանեց. «Ո՛չ, այլ ես Տէրոջը զօրավարն եմ ու հիմա եկայ» (Յես. 5։13-15)։ Երբ Միքիա մարգարէն Աքաաբ եւ Յովսափատ թագաւորներուն ըսաւ՝ «Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր բոլորտիքը, աջ կողմն ու ձախ կողմը, կեցեր էին», ան վստահաբար ըսել կ’ուզէր Եհովային հոգեղէն որդիները (Գ. Թագ. 22։19-21)։ «Զօրքերու Եհովա» կամ «զօրքերու Տէր» արտայայտութիւնները յոգնակի են, եւ ասիկա տեղին է, քանի որ հրեշտակներու զօրքերը թէ՛ բաժնուած են երեք բաժանումներու, այսինքն՝ քերովբէներու, սերովբէներու եւ հրեշտակներու (Եսա. 6։2, 3. Ծն. 3։24. Յայտ. 5։11), թէ ալ այս բաժանումները կազմակերպուած են խումբերու։ Ասոր համար Յիսուս կրցաւ ըսել, որ իր մէկ խնդրանքով՝ «տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ» կրնան իր օգնութեան հասնիլ (Մատ. 26։53)։ Երբ Եզեկիան Եհովային կ’աղաչէր որ իրեն օգնէ, ըսաւ՝ «Տէր զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս», ըստ երեւոյթին ակնարկելով ուխտին տապանակին եւ ատոր վրայի քերովբէի ձեւով արձաններուն, որոնք Եհովային երկնային գահը կը ներկայացնեն (Եսա. 37։16. համեմատէ՛ Ա. Թագ. 4։4. Բ. Թագ. 6։2)։ Առիթով մը, Եղիսէին մտահոգ ծառան հանգչեցաւ, երբ հրաշքով մը տեսաւ որ Եղիսէին ապրած քաղաքին շուրջի լեռները ‘հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էին’, որոնք Եհովային հրեշտակային բանակին մաս կը կազմէին (Դ. Թագ. 6։15-17)։
«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է»
9 Խոնարհութիւն։ Եհովան ամէնէն իմաստուն Անձն է. բայց եւ այնպէս, իր ծառաներուն կարծիքին ականջ կու տայ (Ծն. 18։23, 24, 32)։ Ան թոյլ տուած է, որ իր հեղինակութեան տակ գտնուողները առաջարկներ տան (Գ. Թագ. 22։19-22)։ Ան կատարեալ է, բայց ներկայիս մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր։ Փոխարէնը, իրեն ծառայող անկատար մարդոց կ’օգնէ որ յաջողին (Սաղ. 113։6, 7)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ զինք կը նկարագրէ որպէս «օգնական» (Սաղ. 27։9. Եբ. 13։6)։ Դաւիթ թագաւոր ընդունեց, որ իրեն տրուած մեծ գործը կրցաւ ընել, միայն Եհովայի «խոնարհութեան» շնորհիւ (Բ. Թագ. 22։36, ՆԱ)։
it-2 245
Սուտ
Միքիա մարգարէն տեսիլքով մը տեսաւ, թէ Եհովան հրեշտակի մը առիթ տուաւ, որ «սուտ ոգի» ըլլայ Աքաաբին մարգարէներուն բերանը։ Այսինքն, այդ հրեշտակը ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց վրայ, եւ անոնք փոխանակ իրականութիւնը ըսելու՝ ըսին ի՛նչ որ իրենք կ’ուզէին ըսել եւ ի՛նչ որ Աքաաբ կ’ուզէր լսել։ Հակառակ անոր որ Միքիա մարգարէն զգուշացուց Աքաաբը, ան նախընտրեց մարգարէներուն սուտերուն հաւատալ եւ իր կեանքը կորսնցուց (Գ. Թագ. 22։1-38. Բ. Մն. 18)։
Հոգեւոր գոհարներ
Ի՞նչ է իսկական զղջումը
4 Ի վերջոյ, Եհովայի համբերութիւնը վերջ գտաւ։ Ան Եղիան ղրկեց, որ Աքաաբին եւ Յեզաբէլին դէմ իր դատավճիռը յայտնէ։ Անոնց ամբողջ սերունդը պիտի բնաջնջուէր։ Եղիային խօսքերը Աքաաբը ցնցեցին։ Զարմանալիօրէն, այդ հպարտ մարդը ինքզինք խոնարհեցուց (Գ. Թագ. 21։19-29)։
5 Թէեւ Աքաաբ այդ առիթով ինքզինք խոնարհեցուց, բայց ատկէ ետք իր ըրածները ցոյց տուին, թէ իր զղջումը իսկական չէր։ Ան չփորձեց իր թագաւորութիւնը Բահաղի պաշտամունքէն մաքրել։ Եւ մարդիկը չքաջալերեց, որ Եհովան պաշտեն։ Ան ուրիշ կերպերով ալ ցոյց տուաւ, որ չէր զղջացած։
6 Յետագային, երբ Աքաաբ հրաւիրեց Յուդայի բարի թագաւոր Յովսափատը իրեն հետ ասորիներուն դէմ պատերազմելու, Յովսափատ առաջարկեց, որ Եհովայի մարգարէին կարծիքը առնեն։ Սկիզբը, Աքաաբ չուզեց, ըսելով. «Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։ Այսուհանդերձ, Միքիա մարգարէին դիմեցին։ Եւ Աքաաբին վախցածը իր գլխուն եկաւ։ Աստուծոյ մարդը անոր գէշ լուր մը տուաւ։ Փոխանակ զղջալու եւ Եհովայէն ներում խնդրելու, չար թագաւորը մարգարէն բանտը նետեց (Գ. Թագ. 22։7-9, 23, 27)։ Թէեւ ան կրցաւ Եհովայի մարգարէն բանտարկել, բայց չկրցաւ մարգարէութեան կատարումը արգիլել։ Եւ պատերազմին մէջ Աքաաբ սպաննուեցաւ (Գ. Թագ. 22։34-38)։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 24-30
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 1-2
«Մարզումի լաւ օրինակ մը»
Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալու
15 Եղիսէին օրինակը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ այժմու եղբայրներ ինչպէ՛ս կրնան փորձառու երէցները յարգել։ Երիքովի մէջ խումբ մը մարգարէներու այցելութիւն տալէ ետք, Եղիան եւ Եղիսէն դէպի Յորդանան գետը գացին։ Հոն, «Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան»։ Գետը կտրեցին ու «խօսելով կ’երթային»։ Յստակ է որ Եղիսէն չէր խորհեր թէ այլեւս ամէն բան գիտէր։ Ան ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ Եղիային խօսքերը, մինչեւ որ ժամանակը եկաւ որ իր մարզողը երթայ։ Ապա, Եղիան մրրիկով երկինք բարձրացաւ։ Անկէ ետք, երբ Եղիսէն նորէն Յորդանան գետը պիտի կտրէր, Եղիային վերարկուն առաւ եւ ջուրերուն զարկաւ՝ ըսելով. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Ջուրերը դարձեալ բաժնուեցան (Դ. Թագ. 2։8-14)։
Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալու
16 Նկատեցի՞ր որ Եղիսէին առաջին հրաշքը Եղիայի վերջին հրաշքին կրկնօրինակն էր։ Ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։ Ակնյայտ է, որ Եղիսէն չխորհեցաւ թէ ղեկը այժմ իր ձեռքը ըլլալով, պէտք էր ուղղութիւնը անմիջապէս փոխէր։ Փոխարէն, ան իր մարզողը յարգեց, ծառայութեան մէջ անոր կերպը ընդօրինակելով. ասիկա միւս մարգարէներուն օգնեց որ իրեն վստահին (Դ. Թագ. 2։15)։ Յետագային սակայն, Եհովան Եղիսէն մղեց որ Եղիայէն շատ աւելի հրաշքներ գործէ իր 60 տարուան ծառայութեան մէջ իբրեւ մարգարէ։ Ո՛վ մարզուող, ի՞նչ դաս կրնաս քաղել ասկէ։
Հոգեւոր գոհարներ
Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
2։11—Եղիա մրրիկով ո՞ր «երկինք»ը ելաւ։ Անիկա ո՛չ ֆիզիքական տիեզերքի հեռաւոր մասն է, ո՛չ ալ հոգեւոր վայրն է, ուր Աստուած եւ իր հրեշտակային որդիները կը բնակին։ (Բ. Օրինաց 4։19. Սաղմոս 11։4. Մատթէոս 6։9. 18։10) Եղիայի ելած «երկինք»ը երկրագունդի օդոլորտն էր։ (Սաղմոս 78։26. Մատթէոս 6։26) Ըստ երեւոյթին, կրակէ կառքը զինք փոխադրեց ուրիշ վայր մը երկրագունդի վրայ, ուր շարունակեց ապրիլ որոշ ժամանակ մը։ Իրականութեան մէջ, տարիներ ետք Եղիա նամակ մը գրեց Յուդայի Յովրամ թագաւորին։—Բ. Մնացորդաց 21։1, 12-15
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 31–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 6
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 3-4
«Տղադ ա՛ռ»
‘Գիտեմ թէ յարութիւն պիտի առնէ’
7 Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած երկրորդ յարութիւնը Եղիսէ մարգարէին կողմէ կատարուեցաւ։ Սունամ քաղաքին մէջ կ’ապրէր իսրայէլացի կին մը, որ զաւակ չունէր։ Որովհետեւ հիւրասիրութեամբ վարուեցաւ Եղիսէին հետ, Եհովան զինք եւ իր տարեց ամուսինը օրհնեց՝ տղայ զաւակ մը տալով։ Բայց քանի մը տարի ետք, տղան մեռաւ։ Երեւակայէ թէ մօրը սիրտը ինչպէ՛ս կտոր–կտոր եղաւ։ Իր ամուսինէն հրաման առնելով, Եղիսէին քով գնաց՝ շուրջ 30 քմ. կտրելով դէպի Կարմեղոս լեռ։ Մարգարէն իրենց առջեւէն ղրկեց իր ծառան Գէեզին, որպէսզի Սունամ երթալով տղուն յարութիւն տայ, բայց ան չկրցաւ։ Ետքը, սգացող մայրը Եղիսէին հետ հասաւ տուն (Դ. Թագ. 4։8-31)։
‘Գիտեմ թէ յարութիւն պիտի առնէ’
8 Եղիսէն տուն մտաւ եւ աղօթեց։ Տղան հրաշքով կեանքի եկաւ։ Երբ մայրը զինք տեսաւ, իր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 4։32-37)։ Ան թերեւս յիշեց ինչ որ Աննան աղօթքով ըսաւ, երբ Սամուէլը բերաւ խորանին մէջ ծառայելու. «Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է» (Ա. Թագ. 2։6)։ Աստուած իրապէս տղան ‘վեր հանեց’ Սունամի մէջ, եւ այսպիսով փաստեց, որ կարողութիւն ունի յարութիւն տալու։
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 697 ¶2
Մարգարէ
«Մարգարէներուն որդիները»։ «Մարգարէներուն որդիները» կրնայ ակնարկել մարգարէներու միութեան մը կամ խումբի մը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ այսպիսի խումբեր կային Բեթէլի, Երիքովի եւ Գաղգաղայի մէջ (Դ. Թագ. 2։3, 5. 4։38. համեմատէ՛ Ա. Թագ. 10։5, 10)։ Սամուէլ այսպիսի խումբի մը կը վերահսկէր Ռամայի մէջ (Ա. Թագ. 19։19, 20), եւ այնպէս կ’երեւի թէ Եղիսէն ալ այսպիսի խումբի մը կը վերահսկէր (Դ. Թագ. 4։38. 6։1-3. համեմատէ՛ Գ. Թագ. 18։13)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ առիթով մը մարգարէներու խումբ մը նոր բնակելու տեղ մը շինեցին իրենց համար եւ ուրիշ առիթով մը՝ փոխ առնուած գործիք մը կը գործածէին, ինչ որ կը ցուցնէ որ անոնք պարզ կեանք մը ունէին։ Ճիշդ է որ շատ անգամ անոնք նոյն տեղը կ’ապրէին եւ նոյն ճաշը կ’ուտէին, բայց անոնցմէ ամէն մէկը կրնար տարբեր նշանակում մը ստանալ (Գ. Թագ. 20։35-42. Դ. Թագ. 4։1, 2, 39. 6։1-7. 9։1, 2)։