Եհովայի կազմակերպութիւնը սատար կը կանգնի ձեր ծառայութեան
«Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 14։6
1. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս փորձուած են եւ ի՛նչպէս կրցած են յարատեւել։
ԻՆՉՈ՞Ւ ա՛յդքան կարեւոր է մեր քրիստոնէական ծառայութեան սատար կանգնելու մէջ Եհովայի երկնային կազմակերպութեան խաղցած դերը գնահատել։ Կը խորհի՞ք որ Եհովայի Վկաները կրնային հակառակորդ աշխարհի մը մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը իրագործել՝ առանց Եհովայի երկնային զօրքերուն օգնութեան։ Վկաները այս քարոզչութիւնը կատարած են ամբողջ դար մը, ծայրայեղօրէն ազգայնամոլ, ամբողջատիրական քաղաքական համակարգերու ներքեւ, համաշխարհային պատերազմներու եւ զանազան հակառակութեանց դիմաց։ Առանց Եհովայի օգնութեան, Վկաները կրնայի՞ն կանխադատողութեան միջազգային խոչընդոտներու, նախապաշարումներու եւ յաճախ իրենց դէմ ուղղուած վայրագ հալածանքի դիմաց յարատեւել։—Սաղմոս 34։7
Յարատեւում՝ Հակառակ Համաշխարհային Հակառակութեան
2. Առաջին դարու ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն եւ ներկայ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։
2 Այս Ի. դարուն, թէ՛ կրօնական եւ թէ քաղաքական թշնամիներ ամէն տեսակ արգելք՝ օրինական թէ այլ՝ յարուցանած են, փորձելով Եհովայի գործին արգելք հանդիսանալ կամ զայն խեղդել։ Քրիստոնեայ եղբայրներ եւ քոյրեր հալածուած, սխալ ներկայացուած, պարսաւագրուած եւ զրպարտուած՝ շատեր նոյնիսկ սպաննուած են, յաճախ Մեծն Բաբելոնի կղերներուն դրդումով։ Ինչպէս նախկին Քրիստոնեաներուն մասին ըսուած էր, կրնայ ըսուիլ որ «մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ Ճիշդ ինչպէս որ Քրիստոսի օրուան Հրեայ կղերները ձեռքով–ոտքով պայքարեցան իր ծառայութիւնը կասեցնելու համար, նոյնպէս այսօր կղերներն ու հաւատուրացները, իրենց քաղաքական հոմանիներուն համագործակցութեամբ ջանացած են Եհովայի ծառաներու ուսուցումի ու վկայութեան հոյակապ գործը խեղդել։—Գործք 28։22. Մատթէոս 26։59, 65-67
3. Հէնրիգա Ժուրի ուղղամտութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
3 Նկատի առէք ինչ որ պատահեցաւ Լեհաստանի մէջ՝ 1 Մարտ 1946–ին։ Գէլմի մօտերը բնակող 15–ամեայ Վկայ պարմանուհի մը՝ Հէնրիգա Ժուր, ուրիշ Վկայ եղբօր մը հետ, մօտակայ գիւղի մը մէջ հետաքրքրուած անհատներու կ’այցելէին։ Անոնք Ազգային Զինեալ Ոյժ կոչուած Կաթողիկէ զինուորական ջոկատի մը անդամներուն կողմէ բռնուեցան։ Եղբայրը բրտօրէն ծեծուեցաւ, բայց վերապրեցաւ. սակայն՝ ո՛չ Հէնրիգան։ Ան ժամերով սարսափելի տանջանքներու ենթարկուեցաւ, մինչ կը ստիպէին որ ան իր երեսը խաչակնքէր։ Զինք չարչրկողներէն մէկը ըսաւ. «Սրտիդ մէջ ինչի որ կ’ուզես հաւատայ, միայն երեսդ խաչակնքէ։ Ապա թէ ոչ փամփուշտ մը կը սպասէ քեզ»։ Ան իր ուղղամտութեան մէջ տկարացա՞ւ։ Ո՛չ. կրօնական երկչոտները զինք քաշկռտեցին մօտակայ անտառ մը եւ վրան կրակեցին։ Այսուհանդերձ, ան յաղթեց։ Անոնք չկրցան իր ուղղամտութիւնը բեկանել։a —Հռովմայեցիս 8։35-39
4. Քաղաքական եւ կրօնական տարրերը ի՞նչպէս փորձած են Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կասեցնել։
4 Աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր, Աստուծոյ այժմու ծառաներուն հետ բրտութեամբ եւ անյարգալից կերպով վարուած են։ Քանի որ Եհովայի Վկաները Սատանայի գլխաւոր կրօնքներուն մաս չեն կազմեր եւ չեն ալ ուզեր մաս կազմել, անոր համար անոնք յարմար զոհ եղած են նախապաշարեալ քննադատութեան կամ մոլեռանդ հակառակորդներու։ Անոնք քաղաքական տարրերուն կողմէ գազանային յարձակումներու ենթարկուած են։ Բազմաթիւ Վկաներ նահատակուած են իրենց հաւատքին համար։ Նոյնիսկ այդպէս կոչուած ժողովրդավարութիւններ անգամ փորձած են բարի լուրի քարոզչութիւնը արգիլել։ 1917–ին, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, կղերները, որպէս մոլորեցուցիչներ զրպարտեցին Աստուածաշունչի Աշակերտները՝ ինչպէս կը ճանչցուէին Վկաները այդ ժամանակ։ Դիտարանի Ընկերութեան պաշտօնեաները սխալ ամբաստանութեամբ բանտարկուեցան, բայց ետքը ազատ արձակուեցան։—Յայտնութիւն 11։7-9. 12։17
5. Ո՞ր խօսքերը Եհովայի ծառաները խրախուսելու ծառայած են։
5 Սատանան իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող բոլոր միջոցները գործածած է, Քրիստոսի եղբայրներուն եւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցներուն վկայութեան գործը կասեցնելու համար։ Սակայն, ինչպէս շատ մը փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ ո՛չ սպառնալիքները, ո՛չ վախերը, ո՛չ ֆիզիքական բռնութիւնը, ո՛չ բանտերը, ո՛չ կեդրոնացման ճամբարները, ո՛չ իսկ մահը կրցած են լռեցնել Եհովայի Վկաները։ Ասիկա իրողութիւն մը եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Կրկին ու կրկին, Եղիսէի խօսքերը զիրենք խրախուսած են. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ Պատճառներէն մէկը այդ է որ հաւատարիմ հրեշտակները թիւով շատ աւելի են քան Բանսարկուին զօրքերը։—Դ. Թագաւորաց 6։16. Գործք 5։27-32, 41, 42
Եհովա կ’Օրհնէ Նախանձախնդիր Քարոզչութիւնը
6, 7. (ա) Բարի լուրը քարոզելու համար սկիզբէն ի՞նչ ջանքեր թափուած են։ (բ) Ի՞նչ օգտակար փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է 1943–էն սկսեալ։
6 Քսաներորդ դարու ընթացքին, Եհովայի Վկաները արուեստագիտութեան բազմաթիւ յառաջդիմութիւնները գործածած են, որպէսզի վախճանը գալէն առաջ վկայութեան հսկայ գործը ընդլայնեն եւ արագացնեն։ 1914–ին, Հովիւ Ռասըլը՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան առաջին նախագահը՝ լուսապատկերներու եւ շարժուն պատկերներու վաղ գործածութիւնը քաջալերեց, որոնց կ’ընկերակցէր ֆոնոկրաֆ–ի վրայ արձանագրուած սուրբ գրային միաժամանակ մեկնաբանութիւնը։ Ասիկա ութ ժամ տեւող սուրբ գրային ներկայացում մըն էր, որ կը կոչուէր՝ «Ստեղծագործութեան Պատկերա–Տրամը»։ Անիկա այդ ժամանակ բազմաթիւ երկիրներու մէջ հանդիսականները ապշեցուց։ Աւելի ետք, 1930–ական եւ 1940–ական թուականներուն, Վկաները հանրածանօթ եղան փոխադրելի ֆոնոկրաֆ–ներով, իրենց տունէ–տուն ծառայութեամբ, Ընկերութեան երկրորդ նախագահին՝ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտի սուրբ գրային դասախօսութիւններուն ձայնագրութիւնները գործածելով։
7 1943–ին, Ընկերութեան երրորդ նախագահին՝ Նաթան Հ. Նորի առաջնորդութեան ներքեւ, քաջարի քայլ մը առնուեցաւ, երբ որոշուեցաւ իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ քարոզիչներու համար դպրոց մը բանալ։ Փոխանակ ֆոնոկրաֆ–ի ձայնագրութիւններ գործածելու, Վկաները տունէ–տուն քարոզելու եւ սորվեցնելու համար մարզում պիտի ստանային։ Անկէ ի վեր ուրիշ դպրոցներ կազմակերպուած են միսիոնարներ, լիաժամ ռահվիրայ քարոզիչներ, ժողովքի երէցներ եւ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղերու պատասխանատու տեսուչներ մարզելու համար։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։
8. Վկաները ի՞նչպէս մեծ հաւատք ցուցաբերած են 1943–ին։
8 1943–ին, Բ. Աշխարհամարտի կիսուն, 54 երկիրներու մէջ միայն 129,000 Վկաներ կային։ Սակայն անոնք հաւատք եւ վճռակամութիւն ունէին, որ Մատթէոս 24։14–ը վախճանը գալէն առաջ պէտք էր իրագործուէր։ Անոնք համոզուած էին որ Եհովա նախ ազդարարական կարեւոր պատգամը ծանուցանել պիտի տար, իրերու այս ապականած դրութեան վախճանը բերելիք յաջորդական դէպքերէն առաջ։ (Մատթէոս 24։21. Յայտնութիւն 16։16. 19։11-16, 19-21. 20։1-3) Անոնց ջանքերը վարձատրուեցա՞ն։
9. Ո՞ր իրողութիւնները ցոյց կու տան որ վկայութեան գործը բարգաւաճած է։
9 Հիմա առնուազն 13 երկիրներ կան, ուր իւրաքանչիւրին մէջ 100,000–է աւելի գործունեայ Վկաներ կան։ Անոնցմէ ոմանք Կաթողիկէ Եկեղեցիին տիրապետութեան ներքեւ եղող երկիրներ են։ Սակայն, կացութեան վրայ աչք մը նետեցէք։ Պրազիլիա բարի լուրի շուրջ 450,000 հրատարակիչներ ունի, եւ Քրիստոսի մահուան 1997–ի Յիշատակատօնին 1,200,000–է աւելի անհատներ ներկայ գտնուեցան։ Մեքսիկա ուրիշ օրինակ մըն է, ուր մօտաւորապէս 500,000 Վկաներ կան եւ աւելի քան 1,600,000 անհատներ ներկայ գտնուեցան Յիշատակատօնին։ Կաթողիկէ ուրիշ երկիրներ են՝ Իտալիան (շուրջ 225,000 Վկաներ), Ֆրանսան (շուրջ 125,000), Սպանիան (աւելի քան 105,000), եւ Արժանթինը (աւելի քան 115,000)։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր Բողոքական, Կաթողիկէ եւ Հրէական կրօնքները կը գերակշռեն, շուրջ 975,000 Վկաներ կան եւ աւելի քան 2,000,000 ներկայ գնուեցան Յիշատակատօնին։ Շատ որոշ կերպով Մեծն Բաբելոնէն, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն, եւ անոր խորհրդաւոր ուսուցումներէն՝ մեծ բազմութիւններ դուրս կը խուժեն եւ կու գան ‘նոր երկնքի ու նոր երկրի’ մասին Աստուծոյ տուած պարզ եւ վստահ խոստումներուն։—Բ. Պետրոս 3։13. Եսայեայ 2։3, 4. 65։17. Յայտնութիւն 18։4, 5. 21։1-4
Մարդոց Կարիքներուն Յարմարիլ
10. Կարգ մը շրջաններու մէջ պարագաները ի՞նչպէս փոխուած են։
10 Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովայի դարձողներէն շատերը, տունէ–տուն ծառայութեամբ գտնուած են։ (Յովհաննու 3։16. Գործք 20։20) Բայց ուրիշ կերպեր ալ գործածուած են։ Ժամանակները փոխուած են, եւ տնտեսական վիճակները այնպէս են որ բազմաթիւ կիներ հիմա տունէն դուրս կ’աշխատին։ Յաճախ, շաբթուան ընթացքին շատ քիչեր տունը կը գտնուին։ Ուստի, Եհովայի Վկաները պարագային յարմարած են։ Յիսուսի եւ նախկին աշակերտներուն նման, անոնք կ’երթան հոն ուր մարդիկ կը գտնուին, անոնց յարմար եղող ժամերուն։—Մատթէոս 5։1, 2. 9։35. Մարկոս 6։34. 10։1. Գործք 2։14. 17։16, 17
11. Եհովայի Վկաները հիմա ո՞ւր կը քարոզեն եւ ի՛նչ արդիւնքով։
11 Վկաները նախաքայլը կ’առնեն եւ խոհեմօրէն մարդոց կը քարոզեն հսկայ կառատուներու, առեւտրական կեդրոններու, գործարաններու, գրասենեակներու եւ խանութներու, դպրոցներու, ոստիկանատուներու, վառելանիւթի կայաններու, պանդոկներու, ճաշարաններու եւ փողոցներու մէջ։ Իրականութեան մէջ անոնք կը քարոզեն հոն՝ ուր մարդիկ կը գտնուին։ Իսկ երբ մարդիկ տունն են, Վկաները հոն կ’այցելեն զիրենք։ Պարագայի յարմարող եւ գործնական այս մերձեցումը Աստուածաշունչի գրականութիւններու բաշխումը աւելցուցած է։ Ոչխարանման անհատներ գտնուած են։ Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւններ սկսուած են։ Հինգուկէս միլիոնէ աւելի կամաւոր քարոզիչներու կողմէ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ուսուցումի աշխատանքը նախանձախնդրաբար կը տարուի։ Դուք անոնցմէ մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումը կը վայելէ՞ք։—Բ. Կորնթացիս 2։14-17. 3։5, 6
Ի՞նչ Բան կը Մղէ Եհովայի Վկաները
12. (ա) Եհովա ի՞նչպէս կը սորվեցնէ իր ժողովուրդին։ (բ) Այս ուսուցումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է։
12 Երկնային կազմակերպութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ այս բոլորին մէջ։ Եսային մարգարէացաւ. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13) Եհովա այս համաշխարհային միակամ եղբայրակցութեան կը սորվեցնէ Թագաւորութեան Սրահներու եւ համաժողովներու մէջ, իր երկրային տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ։ Որպէս հետեւանք՝ միութիւն եւ խաղաղութիւն կը յառաջանան։ Եհովայի ուսուցումը յառաջ բերած է անզուգական ժողովուրդ մը, որոնք սորված են իրար եւ իրենց դրացիները իրենց անձերուն պէս սիրել, ու ոչ թէ զանոնք ատել, այս բաժանական ու պառակտուած աշխարհին մէջ ո՛ւր որ ալ գտնուին։—Մատթէոս 22։36-40
13. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ հրեշտակները կ’առաջնորդեն քարոզչութիւնը։
13 Սէրն է որ կը մղէ Եհովայի Վկաները որ շարունակեն քարոզել, հակառակ մարդոց անտարբերութեան կամ հալածանքին։ (Ա. Կորնթացիս 13։1-8) Անոնք գիտեն որ իրենց կեանք փրկող գործը երկնքէն կ’առաջնորդուի, ինչպէս կը նշէ Յայտնութիւն 14։6–ը։ Հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ ծանուցուած պատգամը ի՞նչ է։ «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։ Թագաւորութեան բարի լուրին քարոզչութիւնը, Եհովայի անունը կը գովաբանէ։ Մարդոց հրաւէր կը տրուի որ Ստեղծիչին՝ Աստուծոյ, փառք տան եւ ոչ թէ՝ արարածներուն եւ կոյր բարեշրջութեան։ Իսկ քարոզչութիւնը ինչո՞ւ ա՛յսքան ստիպողական է։ Քանի որ դատաստանի ժամը հասած է. դատաստան՝ Մեծն Բաբելոնի եւ Սատանայի իրերու տեսանելի դրութեան բոլոր մնացեալ մասին վրայ։—Յայտնութիւն 14։7. 18։8-10
14. Ուսուցումի այս հսկայ արշաւին մէջ որո՞նք պարփակուած են։
14 Նուիրուած ոեւէ Քրիստոնեայ այս քարոզչութենէն զերծ պահուած չէ։ Հոգեւոր երէցներ ժողովքին մէջ քարոզչութեան գլուխը կ’անցնին։ Մարզուած ռահվիրաներ լիովին զբաղած են այս գործով։ Թագաւորութեան պատգամին եռանդուն հրատարակիչներ, ամիսը քանի մը ժամ ծառայելու կարող ըլլան թէ շատ, երկրի ամէն անկիւնները կը հասցնեն պատգամը։—Մատթէոս 28։19, 20. Եբրայեցիս 13։7, 17
15. Եհովայի Վկաներու քարոզչութեան ձգած ազդեցութեան մէկ մատնանշումը ի՞նչ է։
15 Այս բոլոր ջանքերը աշխարհի վրայ ազդեցութիւն մը ունեցա՞ծ են։ Կրնանք այո ըսել, որպէս փաստ՝ հեռատեսիլի յայտագիրներու եւ լուրերու սիւնակներու մէջ շատ անգամ Եհովայի Վկաներու մասին խօսուած է։ Անոնք յաճախ կ’ընդգծեն ամէն մարդու հասնելու համար մեր յարատեւութիւնը եւ վճռակամութիւնը։ Այո, մեր եռանդը եւ յարատեւ ներկայութիւնը խոր տպաւորութիւն կը ձգեն, նոյնիսկ երբ մարդոց մեծամասնութիւնը կը մերժէ պատգամը ե՛ւ պատգամաբերները։
Վկայութիւնը Ամբողջացնելու Մեր Նախանձախնդրութիւնը
16. Մնացեալ սահմանափակ ժամանակին մէջ ի՞նչ կեցուածք պէտք է որդեգրենք։
16 Չենք գիտեր թէ իրերու այս դրութեան համար որքան ժամանակ մնացած է. պէտք ալ չունինք գիտնալու, այնքան ատեն որ մաքուր շարժառիթով Եհովայի կը ծառայենք։ (Մատթէոս 24։36. Ա. Կորնթացիս 13։1-3) Բայց գիտենք որ Եհովայի սէրը, զօրութիւնը եւ արդարութիւնը յայտնի ըլլալու համար, «առաջ» պէտք է բարի լուրը քարոզուի։ (Մարկոս 13։10) Հետեւաբար, հոգ չէ թէ որքան երկար ժամանակէ ի վեր անձկագին սպասած ենք այս ամբարիշտ, անիրաւ եւ վայրագ աշխարհի վախճանը, նախանձախնդրաբար մեր նուիրումին համաձայն ապրինք՝ մեր պարագաներուն ներած չափով։ Թերեւս տարեց ենք կամ հիւանդ, բայց տակաւին կրնանք Եհովայի ծառայել մեր երիտասարդութեան, կամ աւելի առողջ եղած ժամանակ մեր ունեցած նախանձախնդրութեամբ։ Թերեւս այլեւս չենք կրնար ծառայութեան այնքան ժամանակ տրամադրել, որքան նախապէս, բայց վստահաբար կրնանք Եհովայի մատուցած մեր փառաբանութեան զոհերուն որակը պահել։—Եբրայեցիս 13։15
17. Քաջալերական փորձառութիւն մը պատմեցէք, որ բոլորիս համար օգտակար է։
17 Ուստի, ըլլանք երիտասարդ թէ տարեց, նախանձախնդրութիւն ցոյց տանք եւ մեր հանդիպած բոլոր անհատներուն հետ նոր աշխարհի դրական պատգամը բաժնենք։ Թող որ ըլլանք եօթը տարեկան ամչկոտ աղջնակին պէս, որ Աւստրալիոյ մէջ իր մօրը հետ խանութ գնաց։ Ան Թագաւորութեան Սրահին մէջ լսած էր թէ որքա՛ն կարեւոր է որ բոլորն ալ քարոզեն. ուստի իր պայուսակին մէջ սուրբ գրային նիւթերու մասին երկու գրքոյկ դրաւ։ Մինչ մայրը վճարումը կ’ընէր, աղջնակը շոգիացաւ։ Երբ մայրը զինք կը փնտռէր, տեսաւ որ տիկինի մը գրքոյկ կը ներկայացնէր։ Մայրը գնաց եւ տիկինէն ներողութիւն խնդրեց, խորհելով որ իր աղջնակը ձանձրոյթ պատճառած կրնար ըլլալ։ Բայց տիկինը ազնուաբար ընդունած էր գրքոյկը։ Երբ մայրը աղջնակին հետ առանձին մնաց, անոր հարցուց թէ ի՛նչպէս համարձակեցաւ օտարականի մը մօտենալ։ «Ես ինծի ըսի՝ Հանգիստ, Պատրաստ, Օ՛ն յառաջ։ Ես ալ գացի»։
18. Ի՞նչպէս կրնանք հիանալի հոգի մը ցուցաբերել։
18 Մենք ալ այդ Աւստրալիացի աղջնակին նման հոգի մը պէտք է ցուցաբերենք, յատկապէս օտարականներու կամ նոյնիսկ պաշտօնեաներու մօտենալով՝ բարի լուրը տալու համար։ Թերեւս վախնանք որ մերժուինք։ Չմոռնանք Յիսուսի ըսածը. «Հոգ մի՛ ընէք թէ ի՞նչպէս կամ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի՞նչ պիտի ըսէք, վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։—Ղուկաս 12։11, 12
19. Ձեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէք։
19 Ուստի, Աստուծոյ հոգիին օգնութեան վստահինք, մինչ բարի լուրը տալու համար հաճելի կերպով մարդոց կը մօտենանք։ Միլիոնաւոր մարդիկ իրենց վստահութիւնը յաճախ կը դնեն անարժէք մարդոց ու կիներու վրայ, որոնք այսօր հոս են եւ վաղը չկան։ Մենք կը վստահինք Եհովայի եւ իր երկնային կազմակերպութեան՝ Քրիստոս Յիսուսի, սուրբ հրեշտակներուն եւ յարուցուած օծեալ Քրիստոնեաներուն, որոնք յաւիտեան կենդանի են։ Ուստի, յիշեցէք՝ «Մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։—Դ. Թագաւորաց 6։16
[Ստորանիշ]
a Յաւելեալ օրինակներու համար, տես՝ Եհովայի Վկաներու 1994–ի Տարեգիրքը, էջ 217-220։
Ի՞նչպէս կը Պատասխանէք
◻ Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնը ի՞նչ դեր խաղցած է Եհովայի ծառաներուն յարատեւման մէջ։
◻ Քաղաքական եւ կրօնական ո՞ր տարրերը Ի. դարու Եհովայի Վկաներուն վրայ յարձակում գործած են։
◻ Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս իրենց ծառայութիւնը ներկայ պարագաներուն յարմարցուցած են։
◻ Ի՞նչ բան կը մղէ ձեզ որ քարոզէք։
[Նկար՝ էջ 14]
Այս դարուս սկիզբը «ֆոնոկրաֆ»ներ կը գործածուէին, Թագաւորութեան պատգամը տարածելու համար