Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 7-13
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 5-6
«Մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»
it-1 716 ¶4
Եղիսէ
Իսրայէլը կ’ազատի ասորիներու ձեռքէն։ Իսրայէլի Յովրամ թագաւորին օրերուն, ասորիները կը ծրագրեն անակնկալ կերպով յարձակիլ իսրայէլի վրայ։ Եղիսէն քանի մը անգամ Յովրամ թագաւորին կ’ըսէ ասորիներու Բենադադ Բ. թագաւորին առած ամէն մէկ քայլը։ Բենադադին ծրագիրները ջուրը կ’իյնան եւ ան կը կարծէ, որ դաւաճան մը կայ իր բանակին մէջ։ Բայց երբ կը գիտնայ որ Եղիսէն է պատճառը, բանակ մը ղրկելով՝ Դօթայիմը կը պաշարէ ձիերով եւ պատերազմի կառքերով, որպէսզի Եղիսէն ձերբակալէ։
Եղիսէն հրեղէն կառքեր տեսաւ. դուն ալ կը տեսնե՞ս
Թէեւ Դօթայիմի մէջ թշնամիներով շրջապատուած էր, բայց Եղիսէն հանդարտ մնաց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք զարգացուցած էր։ Մենք եւս այսպիսի հաւատքի պէտք ունինք։ Ուստի, թող որ աղօթքով Աստուծոյ սուրբ հոգին խնդրենք, որպէսզի կարենանք հաւատք եւ հոգիին պտուղին ա՛յլ երեսակները դրսեւորել (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։
it-1 343 ¶1
Կուրութիւն
Երբ Եհովան ասորիները կուրութեամբ զարկաւ, անոնց կուրութիւնը մտային էր։ Եթէ անոնց կուրութիւնը բառացի ըլլար, պէտք պիտի ըլլար որ ուրիշներ զանոնք բռնէին ու քալեցնէին։ Բայց Սուրբ Գիրքը պարզապէս կ’ըսէ որ Եղիսէն իրենց ըսաւ. «Ճամբան ասիկա չէ, ու քաղաքը ասիկա չէ. հետեւեցէ՛ք ինծի»։ Ուիլիամ Ճէյմզ անունով հոգեբան մը այս երեւոյթին մասին կ’ըսէ. «Մտային կուրութիւնը հետաքրքրական բան մըն է։ Ատիկա ըսել չէ որ անհատը բան մը չի տեսներ, հապա՝ ան կարողութիւն չ’ունենար իր տեսածը ըմբռնելու» (Principles of Psychology, 1981, հատոր Ա., էջ 59)։ Ըստ երեւոյթին, այս տեսակ կուրութիւն էր որ Եհովան վերցուց ասորիներուն վրայէն երբ Սամարիա հասան (Դ. Թագ. 6։18-20)։
Հոգեւոր գոհարներ
Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
5։15, 16—Եղիսէ ինչո՞ւ Նէեմանի ընծան չընդունեց։ Եղիսէ ընծան մերժեց, քանի որ գիտակցեցաւ թէ Նէեմանի հրաշալի բուժումը կատարուեցաւ ո՛չ թէ իր ոյժով, այլ՝ Եհովայի։ Ան երբեք չմտածեց իր աստուածատուր պաշտօնէն նիւթապէս շահիլ։ Ներկայիս ճշմարիտ երկրպագուները չեն ջանար Եհովայի ծառայութենէն անձնական շահեր ձեռք ձգել։ Անոնք Յիսուսի յորդորին կ’անսան. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։—Մատթէոս 10։8
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 14-20
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 7-8
«Եհովան չսպասուած բանը իրականացուց»
it-1 716-717
Եղիսէ
Բենադադ իր ամբողջ բանակը հաւաքելով Սամարիան կը պաշարէ։ Վիճակը ա՛յնքան գէշ կ’ըլլայ, որ Յովրամ թագաւորը կը լսէ թէ կին մը իր տղան կերած է։ Ան Աքաաբ «մարդասպանին որդին» ըլլալով՝ երդում կ’ընէ որ Եղիսէն մեռցնէ, բայց իր երդումը չի կարենար գործադրել։ Երբ ան մարգարէին տունը կը հասնի իր օգնականին հետ, որուն վրայ կը կռթնէր, մարգարէին կ’ըսէ, թէ իր յոյսը կտրած է որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ։ Եղիսէն թագաւորը կը վստահեցնէ, որ յաջորդ օրը լեցուն ուտելիք պիտի ունենան։ Երբ թագաւորին օգնականը Եղիսէին ըսածին վրայ կը խնդայ, Եղիսէն իրեն կ’ըսէ. «Դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։ Եհովան ձայն մը լսել կու տայ ասորիներու բանակին մէջ, եւ անոնք կը կարծեն որ քանի մը ազգեր իրարու միացած իրենց վրայ կը յարձակին։ Ասանկով, անոնք իրենց ունեցածը–չունեցածը եւ ուտելիքները ձգելով կը փախչին։ Թագաւորը ասիկա լսելով, իր օգնականը Սամարիայի դրանը վերակացու կը դնէ։ Ան ժողովուրդին ոտքին տակ կը կոխկռտուի, երբ անոնք դուրս կը վազեն աւարը առնելու։ Այսպիսով, ան ուտելիքը կը տեսնէ, բայց չ’ուտեր (Դ. Թագ. 6։24–7։20)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 195 ¶7
Ճրագ
Դաւիթին սերունդէն թագաւորներ։ Եհովա Աստուած Դաւիթը իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ եւ Դաւիթ իմաստութեամբ եւ Աստուծոյ ուղղութեամբ առաջնորդեց ազգը։ Ասոր համար ան կոչուեցաւ. «Իսրայէլի ճրագը» (Բ. Թագ. 21։17)։ Եհովան ուխտով մը Դաւիթին խոստացաւ. «Քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ» (Բ. Թագ. 7։11-16)։ Այսպիսով, Դաւիթին տղուն՝ Սողոմոնին սերունդէն եկող թագաւորները «ճրագ»ի պէս էին իսրայէլ ազգին համար (Գ. Թագ. 11։36. 15։4. Դ. Թագ. 8։19. Բ. Մն. 21։7)։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 21-27
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 9-10
«Ան քաջ, վճռակամ եւ նախանձախնդիր էր»
w11 11/15 3 ¶2
Յէուն մաքուր պաշտամունքին կողմը դիրք կը բռնէ
Իսրայէլ ազգը գէշ վիճակի մէջ էր։ Յեզաբէլ, որ Աքաաբին կինն էր եւ Յովրամ թագաւորին մայրը, երկրին վրայ կ’իշխէր։ Ան Բահաղի պաշտամունքը քաջալերած էր, Եհովային մարգարէները մեռցուցած էր եւ ժողովուրդը պղծած էր իր ‘պոռնկութիւններով ու կախարդութիւններով’ (Դ. Թագ. 9։22. Գ. Թագ. 18։4, 13)։ Եհովան Յէուին նշանակում տուաւ, որ Աքաաբին ամբողջ ընտանիքը մէջտեղէն վերցնէ, մէջը ըլլալով Յովրամը եւ Յեզաբէլը։
w11 11/15 4 ¶2-3
Յէուն մաքուր պաշտամունքին կողմը դիրք կը բռնէ
Յէուն մերժեց իրեն եկող երկու պատգամաւորներուն բան մը ըսել եւ ճամբայ ելաւ։ Երբ Յովրամ թագաւորին եւ անոր դաշնակիցին՝ Ոքոզիային հանդիպեցաւ (ամէն մէկը իր կառքով), Յովրամ իրեն հարցուց. «Ո՛վ Յէու, խաղաղութի՞ւն է»։ Յէուն պատասխանեց. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան»։ Յովրամ կը ցնցուի եւ կը փորձէ փախչիլ, բայց Յէուն իրմէ արագ կը շարժի։ Ան իր աղեղը քաշելով Յովրամը կը զարնէ։ Նետը թագաւորին սրտէն կ’անցնի եւ ան իր կառքին մէջ իյնալով կը մեռնի։ Թէեւ Ոքոզիան սկիզբը կը կարենայ փախչիլ, բայց ետքը Յէուն զինք ալ կը մեռցնէ (Դ. Թագ. 9։22-24, 27)։
Կարգը կու գայ չար Յեզաբէլ թագուհիին։ Յէուն զինք կը կոչէ՝ ‘այս անիծուած կինը’։ Երբ Յէուն Յեզրայէլ կը մտնէ, կը տեսնէ որ Յեզաբէլ պալատին պատուհանէն վար կը նայի։ Յէուն շուտով պալատականներուն կը հրամայէ, որ Յեզաբէլը պատուհանէն վար նետեն։ Ետքը, Յէուն իր ձիերով կը կոխկռտէ իսրայէլ ազգը պղծող այս կինը։ Ատկէ ետք, Յէուն չար Աքաաբ թագաւորին ընտանիքին մնացեալ անդամները մեռցնել կու տայ (Դ. Թագ. 9։30-34. 10։1-14)։
w11 11/15 5 ¶3-4
Յէուն մաքուր պաշտամունքին կողմը դիրք կը բռնէ
Ճիշդ է որ Յէուն շատ արիւն թափեց, բայց Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնի կ’ըլլայ որ ան քաջ անձ մըն էր, որ իսրայէլ ազգը ազատեց Յեզաբէլ թագուհիին եւ անոր ընտանիքին իշխանութենէն։ Միայն քաջ, կամքի տէր եւ նախանձախնդիր անձ մը կրնար ասիկա ընել։ Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ. «Ասիկա դժուար գործ մըն էր եւ Յէուն կրցաւ լիուլի ամբողջացնել զայն։ Եթէ ան աւելի թոյլ կերպերով փորձէր ասիկա ընել, պիտի չյաջողէր Բահաղի պաշտամունքը իսրայէլ ազգէն վերցնել»։
Անկասկած կը համաձայնիս, որ այսօր քրիստոնեաները պէտք է Յէուին յատկութիւններէն ունենան։ Օրինակ, ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ փորձութեան առջեւ ըլլանք, որ Եհովային չսիրած մէկ բանը ընենք։ Պէտք է քաջ եւ արագ ըլլանք զայն մերժելու։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ բա՛ն մը ազդէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։
Հոգեւոր գոհարներ
w11 11/15 5 ¶6-7
Յէուն մաքուր պաշտամունքին կողմը դիրք կը բռնէ
Թերեւս Յէուն մտածեց որ Իսրայէլի թագաւորութիւնը Յուդայի թագաւորութենէն անկախ մնալու համար պէտք է երկու թագաւորութիւններուն կրօնքները տարբեր ըլլան։ Ասոր համար, ան ձգեց որ հորթի պաշտամունքը շարունակուի, ինչպէս որ Իսրայէլի նախկին թագաւորները ըրած էին։ Բայց ասիկա հաւատքի պակաս կը ցուցնէր Եհովային հանդէպ, որ զինք թագաւոր ըրած էր։
Ճիշդ է որ Եհովան գովեց Յէուն, քանի որ Աքաաբին ընտանիքը բնաջինջ ընելով Իր ‘աչքերուն առջեւ ուղիղ եղածը գործադրած էր’, բայց Յէուն «Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն օրէնքին մէջ բոլոր սրտով քալելու զգուշութիւն չըրաւ» (Դ. Թագ. 10։30, 31)։ Թերեւս զարմանաս եւ նեղուիս ասոր վրայ, քանի որ ան նախապէս շատ մը լաւ բաներ ըրած էր։ Բայց ասիկա դաս մը կը սորվեցնէ մեզի։ Մենք չենք կրնար թեթեւի առնել Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։ Մենք ամէն օր պէտք է Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը զօրացնենք՝ իր Խօսքը սերտելով, ատոր վրայ խոկալով եւ սրտանց աղօթելով մեր երկնաւոր Հօր։ Ուրեմն, թող որ մեր ամէն կարելին ընենք, որ շարունակենք ամբողջ սրտով Եհովային օրէնքներուն հնազանդիլ (Ա. Կոր. 10։12)։
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 28–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 4
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 11-12
«Փառասէր չար կին մը կը պատժուի»
it-1 209
Գոթողիա
Գոթողիան իր մօրը՝ Յեզաբէլին՝ պէս, իր ամուսինը՝ Յովրամը՝ քաջալերեց, որ իր թագաւորութեան ութ տարիներուն ընթացքին Եհովային առջեւ չարութիւն ընէ (Գ. Թագ. 21։25. Բ. Մն. 21։4-6)։ Ան իր մօր պէս անմեղ արիւն թափեց։ Երբ իր տղան մեռաւ մէկ տարի թագաւորելէ ետք, Գոթողիան թագաւորական ընտանիքին մնացեալ անդամները սպաննեց, բացի Յովասէն։ Քահանայապետը եւ իր կինը, որ Յովասին հօրաքոյրը կ’ըլլար, փախցուցած ու պահած էին զինք։ Ատկէ ետք, Գոթողիան ինքզինք թագուհի ըրաւ վեց տարի (շուրջ Ք.Ա. 905-899) (Բ. Մն. 22։11, 12)։ Իր տղաքը Եհովային տաճարին սուրբ բաները առած էին եւ Բահաղին նուիրած էին (Բ. Մն. 24։7)։
it-1 209
Գոթողիա
Երբ Յովաս եօթը տարեկան եղաւ, աստուածավախ քահանայապետը՝ Յովիադան՝ զինք մէջտեղ հանեց եւ թագաւոր օծեց։ Գոթողիան աղմուկը լսելով շուտով տաճար վազեց եւ երբ տեսաւ որ հոն ի՛նչ կ’ըլլայ, պոռաց. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։ Քահանայապետը հրամայեց որ զինք Աստուծոյ տունէն դուրս հանեն։ Գոթողիան թագաւորական տունը մտնող ձիերուն ճամբուն վրայ սպաննուեցաւ։ Ան թերեւս Աքաաբին չար ընտանիքին վերջին անդամն էր (Դ. Թագ. 11։1-20. Բ. Մն. 22։1–23։21)։ Այսպիսով այս խօսքը կատարուեցաւ. «Տէրոջը խօսքէն բնաւ բան մը գետինը պիտի չիյնայ, որ Տէրը Աքաաբին տանը համար խօսեցաւ» (Դ. Թագ. 10։10, 11. Գ. Թագ. 21։20-24)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 1265-1266
Յովաս
Պատանի Յովաս Եհովային աչքին շիտակ բաներ կ’ընէր այնքան ատեն որ Յովիադա քահանայապետը հօր մը պէս կը խրատէր եւ կ’ուղղէր զինք։ Յովաս 21 տարեկանին արդէն ամուսնացած էր։ Ան երկու կին ունէր, որոնցմէ մէկուն անունը Յովադան էր։ Այսպիսով ան տղաներ եւ աղջիկներ ունեցաւ եւ Դաւիթին սերունդը շարունակուեցաւ։ Այդ սերունդը, որ Մեսիային կ’առաջնորդէր, քիչ մնացեր էր որ մէջտեղէն կորսուէր (Դ. Թագ. 12։1-3. Բ. Մն. 24։1-3. 25։1)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 5-11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 13-15
«Սրտանց ջանքերը առատ օրհնութիւններ կը բերեն»
Լիովին Քրիստոսի կը հետեւի՞ս
11 Աստուծոյ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալու կարեւորութիւնը լուսաբանելու համար, նկատի առ միջադէպ մը, որ Իսրայէլի Յովաս թագաւորին հետ կապ ունի։ Յովաս մտահոգուեցաւ որ Սուրիա կրնար Իսրայէլը նուաճել, ուստի Եղիսէի դիմեց ու լացաւ։ Մարգարէն անոր ըսաւ որ պատուհանէն դէպի Սուրիա նետ մը արձակէ, յայտնելով թէ Եհովայի ձեռքով յաղթանակ պիտի տարուէր այդ ազգին վրայ։ Ասիկա վստահաբար թագաւորը կազդուրելու էր։ Եղիսէ յետոյ Յովասի ըսաւ, որ նետերը առնէ եւ գետինը զարնէ։ Յովաս երեք անգամ գետինը զարկաւ։ Եղիսէ անոր դէմ զայրանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։ Նախանձախնդրութեան պակաս ցուցաբերելով, Յովաս սահմանափակ յաջողութիւն ունեցաւ (Դ. Թագ. 13։14-19)։ Այդ արձանագրութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Եհովա մեզ առատօրէն պիտի օրհնէ, միայն եթէ իր գործը ամբողջ սիրտով ու նախանձախնդրութեամբ կատարենք։
Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»
Եհովան որո՞նք կը վարձատրէ։ Պօղոս կ’ըսէ, թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներու համար պատրաստուած աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ «փնտռել» թարգմանուած յունարէն բառը չի նշանակեր «որոնել», այլ՝ «պաշտամունքի միջոցաւ» Աստուծոյ մօտենալ։ Ուրիշ աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ, թէ այս յունարէն բային ձեւը կը թելադրէ անխոնջ եւ կեդրոնացած ջանք։ Արդարեւ, Եհովան կը վարձատրէ անոնք, որոնց հաւատքը կը մղէ զիրենք որ ամբողջ սրտով ե՛ւ նախանձախնդրութեամբ զինք պաշտեն (Մատթէոս 22։37)։
Եհովան ինչպէ՞ս իր հաւատարիմ երկրպագուները կը վարձատրէ։ Ան խոստացած է հոյակապ վարձատրութիւն մը, որ իր անսահման առատաձեռնութիւնը եւ խոր սէրը կը յայտնէ,– երկրային Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Նոյնիսկ հիմա, զինք փնտռողները առատ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Իր սուրբ հոգիին եւ իր Խօսքին բովանդակած իմաստութեան օգնութեամբ, անոնք վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ կեանք կը վարեն (Սաղմոս 144։15. Մատթէոս 5։3)։
Հոգեւոր գոհարներ
Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
13։20, 21—Այս հրաշքը կրօնական մասունքները պատուելուն թիկունք կը կանգնի՞։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը ցոյց չի տար թէ Եղիսէի ոսկորները կը պատուուէին։ Աստուծոյ զօրութիւնն էր որ այս հրաշքը կատարեց, ինչպէս էր պարագան Եղիսէի ըրած բոլոր հրաշքներուն, երբ ողջ էր։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 12-18
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 16-17
«Եհովային համբերութիւնը չափ ու սահման ունի»
«Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են»
16 Սամարիան Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Սակայն հոս, Սամարիա անունը կրնայ ակնարկել այդ թագաւորութեան ամբողջ երկրամասին։ (Գ. Թագաւորաց 21։1) Հ.Դ.Ա. 742–ին, Ասորեստանի Սաղմանասար Ե. թագաւորը Սամարիա քաղաքը պաշարեց։ Հ.Դ.Ա. 740–ին Սամարիա նուաճուեցաւ, եւ անոր կարկառուն բնակիչներէն շատեր Միջագետք ու Մարաստան աքսորուեցան։ Տակաւին անորոշ է թէ ո՛վ Սամարիան գրաւեց,– Սաղմանասար Ե. թէ անոր յաջորդը՝ Սարգոն Բ.։ (Դ. Թագաւորաց 17։1-6, 22, 23. 18։9-12) Սակայն Սարգոնի արձանագրութիւնները կը նշեն թէ 27,290 Իսրայելացի տարագրուեցաւ դէպի Վերին Եփրատ եւ Մարաստան։
«Զիս դարձո՛ւր»
Նկատի առ թէ ի՛նչ էր պարագան երբ Երեմիան այս խօսքերը գրեց։ Մ.թ.ա. 740–ին, Երեմիայի օրերէն տասնամեակներ առաջ, Եհովան թոյլ տուաւ որ ասորեստանցիները Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան բնակիչները գերեվարեն։ Աստուած թոյլ տուաւ որ այս աղէտը պատահի, քանի որ իր ժողովուրդը լուրջ մեղքեր կը գործէր, անտեսելով իր մարգարէներուն կրկնակի ազդարարութիւնները (Դ. Թագաւորաց 17։5-18)։ Իրենց Աստուծմէն անջատ ու հայրենիքէն հեռու ըլլալով, գերութեան դժուարութիւնները պատճառ դարձա՞ն որ ժողովուրդը իր կեցուածքը փոխէ։ Եհովան զիրենք բոլորովին մոռցա՞ւ։ Երբեք ան զիրենք ետ պիտի ընդունէ՞ր։
Եհովա երկայնամիտ Աստուած մըն է
10 Բայց պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը սահման ունի։ Հ.Դ.Ա. 740–ին, ան թոյլ տուաւ որ Ասորեստանցիները տապալեն Իսրայէլի տասը–ցեղեան Թագաւորութիւնը եւ անոր բնակիչները տարագրեն։ (Դ. Թագաւորաց 17։5, 6) Յաջորդ դարու վերջաւորութեան, ան արտօնեց որ Բաբելոնացիները յարձակին Յուդայի երկու–ցեղեան Թագաւորութեան վրայ եւ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեն։—Բ. Մնացորդաց 36։16-19
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 847
Սամարացի
Սուրբ Գիրքին մէջ «սամարացիներ» բառը առաջին անգամ կը յիշուի Սամարիայի տասը–ցեղեան թագաւորութեան կործանումէն ետք Ք.Ա. 740–ին։ Սամարացիները անոնք էին, որոնք հիւսիսային թագաւորութեան մէջ կ’ապրէին անոր կործանումէն առաջ։ Անոնց մէջ չկային այն օտարները, որոնք ետքը Ասորական կայսրութեան տարբեր մասերէն եկան (Դ. Թագ. 17։29)։ Այնպէս կ’երեւի թէ ասորեստանցիները բոլոր իսրայէլացիները չհանեցին շրջանէն։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Բ. Մնացորդաց 34։6-9–ն (համեմատէ՛ Դ. Թագ. 23։19, 20) ցոյց կու տայ, որ Յովսիա թագաւորին օրերուն դեռ իսրայէլացիներ կային շրջանին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, «սամարացիներ» բառով կը հասկցուէր՝ Սամարիայի մէջ մնացողներուն եւ ասորեստանցիներուն բերած մարդոց սերունդը։ Ուրեմն վստահաբար անոնցմէ ոմանց ծնողներէն մէկը իսրայէլացի էր եւ միւսը՝ օտար։ Ժամանակ մը ետք, «սամարացի» բառը սկսաւ կրօնական իմաստ ունենալ, եւ ոչ թէ ցեղային կամ քաղաքական։ Ատիկա կ’ակնարկէր անոնց, որոնք կը պատկանէին այն կրօնական աղանդին, որ զարգացաւ անցեալի Սիւքէմ ու Սամարիա շրջաններուն մէջ, եւ որուն կարգ մը հաւատալիքները տարբեր էին հրէականութենէն (Յովհ. 4։9)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 19-25
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 18-19
«Մեր հակառակորդները ինչպէ՞ս կը փորձեն մեզ տկարացնել»
Չորրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
18։19-21, 25—Եզեկիա Եգիպտոսի հետ զինակցութիւն կնքա՞ծ էր։ Ո՛չ։ Ռափսակի ամբաստանութիւնը անհիմն էր, ինչպէս սուտ էր իր դաւանութիւնը թէ «Եհովայի հրաման»ով եկած էր։ Հաւատարիմ Եզեկիա թագաւորը բոլորովին Եհովայի ապաւինեցաւ։
«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»
Ռափսակ խորամանկ պատճառաբանութիւն գործածեց, ջանալով կասկածներ ցանել։ Ան ըսաւ. «Ասիկա [Եհովան] չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց. . . Ինծի Եհովան ըսաւ. ‘Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւերէ՛’» (Դ. Թագ. 18։22, 25)։ Այսպէս, Ռափսակ պատճառաբանեց թէ Եհովա Իր ժողովուրդին ի նպաստ պիտի չպատերազմէր, քանի որ անոնց չէր հաճած։ Բայց հակառակը ճիշդ էր։ Եհովա Եզեկիայի եւ ճշմարիտ պաշտամունքին վերադարձած հրեաներուն կը հաճէր (Դ. Թագ. 18։3-7)։
«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»
14 Ասորեստանի թագաւորը բանակեցաւ Լաքիսի մէջ, Երուսաղէմի հարաւ–արեւմուտքը։ Հոնկէ երեք պատուիրակ ղրկեց Երուսաղէմ, ժողովուրդին ըսելու որ յանձնուին։ Գլխաւոր պատուիրակը, որ Ռափսակ տիտղոսով ճանչցուած էր, զանազան ռազմավարութիւններ գործածեց։ Նախ, եբրայերէն խօսելով ան փորձեց ժողովուրդը համոզել, որ Եզեկիայի մտիկ ընելու փոխարէն Ասորեստանի թագաւորին ենթարկուին։ Ապա ստեց՝ խոստանալով զանոնք տանիլ երկիր մը, ուր հանգստաւէտ կեանք պիտի վարէին (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 18։31, 32)։ Անկէ ետք, Ռափսակ յոխորտաց թէ ճիշդ ինչպէս որ ուրիշ ազգերու աստուածները չկրցան իրենց երկրպագուները պաշտպանել, Եհովան ալ պիտի չկարենայ հրեաները պաշտպանել։ Իմաստունօրէն, ժողովուրդը անտեսեց այս սուտերն ու ամբաստանութիւնները եւ չփորձեց հակազդել։ Իսկ Եհովայի այժմու ծառաները յաճախ անոնց օրինակին կը հետեւին (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 18։35, 36)։
yb74 177 ¶1
Մաս 2. Գերմանիա
Էս.Էս.–ը ամէնէն գէշ կերպերով կը փորձէր անհատը խաբել, որ ստորագրէ թուղթ մը, որ կ’ըսէ թէ իր հաւատալիքները կ’ուրանայ։ Հետաքրքրական է որ հազիւ որ անհատը թուղթը ստորագրէր, անոնք անոր դէմ կը դառնային եւ ա՛լ աւելի նեղութիւն կու տային իրեն։ Քարլ Քրիշթ ասոր կը համաձայնի. «Համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, ամէնէն շատ կը փորձէին Եհովայի վկաները խաբել։ Կը կարծէին որ խաբեբայութեամբ կրնային զանոնք համոզել որ թուղթը ստորագրեն։ Միշտ մեզի կ’ըսէին որ թուղթը ստորագրենք։ Կարգ մը անձեր ստորագրեցին, բայց անոնք պէտք էր մէկ տարիէն աւելի սպասէին որ ազատ արձակուէին։ Մինչ այդ, Էս.Էս.–ը զանոնք ամէնուն առջեւ խայտառակ կ’ընէր՝ կեղծաւոր եւ վախկոտ կոչելով զանոնք։ Ասկէ զատ, Էս.Էս.–ը ստորագրողները կը ստիպէր, որ ‘պատուոյ քալուածքը’ քալեն իրենց եղբայրներուն առջեւ, առաջ որ արտօնութիւն ունենային որ ազատ արձակուին»։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 155 ¶4
Հնագիտութիւն
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը սպաննուեցաւ իր երկու տղաներուն՝ Ադրամելէքի եւ Սարասարի կողմէ, եւ իր տեղը իր տղան Ասորդանը թագաւոր եղաւ (Դ. Թագ. 19։36, 37)։ Բայց բաբելոնական պատմական արձանագրութիւն մը կ’ըսէ, որ 20 թէբէթին, Սենեքերիմին տղան իրեն դէմ ապստամբելով զինք սպաննեց։ Թէ՛ Ք.Ա. երրորդ դարուն ապրող բաբելոնացի Բերոսոս քահանան եւ թէ Ք.Ա. վեցերորդ դարուն ապրող բաբելոնացի Նաբունիտոս թագաւորը կ’ըսեն, թէ Սենեքերիմ իր տղաներէն միայն մէկուն կողմէ սպաննուեցաւ։ Բայց վերջերս գտնուած Ասորդան վեցանկիւն պրիսմակին վրայ յստակօրէն գրուած է Սենեքերիմին յաջորդին՝ Ասորդանին՝ խօսքը, թէ իր եղբայրները (յոգնակի) ապստամբեցան եւ սպաննեցին իրենց հայրը եւ ետքը փախան։ Ֆիլիփ Պայպըրֆելտ ասոր մասին կ’ըսէ. «Բաբելոնական պատմական արձանագրութիւնը, Նաբունիտոս եւ Բերոսոս կը սխալէին։ Միայն Սուրբ Գիրքին ըսածը ճիշդ ելաւ։ Ասորդանին գրութեան մանրամասնութիւնները ասիկա փաստեցին եւ ցոյց տուին որ այս բաբելոնական–ասորական դէպքին մասին Սուրբ Գիրքին ըսածները աւելի ճշգրիտ են, քան՝ բաբելոնական աղբիւրները։ Շատ կարեւոր է որ ասիկա նկատի առնուի, երբ Սուրբ Գիրքին աւանդութիւններէն տարբեր բաներ ըսող աղբիւրներուն որքա՛ն ճիշդ ըլլալը կը սերտուի» (Universal Jewish History, 1948, հատոր Ա., էջ 27)։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 26–ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 20-21
«Եհովան քայլ կ’առնէ աղօթքի մը պատճառով»
ip-1 394 ¶23
Թագաւորի մը հաւատքը կը վարձատրուի
23 Երբ Սենեքերիմ առաջին անգամ կը յարձակի Յուդայի վրայ, Եզեկիան կը հիւանդանայ։ Եսային իրեն կ’ըսէ որ պիտի մեռնի (Եսայի 38։1)։ 39 տարեկան թագաւորին տրամադրութիւնը կը քանդուի։ Ան ոչ միայն կը մտահոգուի ինքն իր վրայ, հապա նաեւ ժողովուրդին ապագային վրայ։ Վտանգ կայ որ ասորեստանցիները գրաւեն Երուսաղէմը եւ Յուդան։ Եթէ ինք մեռնի, ո՞վ պիտի առաջնորդէ պատերազմը։ Եզեկիան տղայ զաւակ մը չունի որ թագաւոր ըլլայ։ Ան սրտանց Եհովային կ’աղաչէ որ իրեն ողորմի (Եսայի 38։2, 3)։
Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ
16 Յետագային, Եզեկիան մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ան Եհովային աղաչեց որ յիշէ իր հաւատարմութիւնը եւ օգնէ իրեն (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 20։1-3)։ Եհովան լսեց Եզեկիային աղօթքը եւ բժշկեց զինք։ Սուրբ Գիրքէն գիտենք որ այսօր չենք կրնար Եհովայէն ակնկալել որ հրաշքով բժշկէ մեզ կամ մեր կեանքը երկնցնէ։ Սակայն կրնանք Եզեկիային պէս օգնութիւն խնդրել իրմէ։ Կրնանք իրեն ըսել. «Քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի»։ Կը հաւատա՞ս որ Եհովան կրնա՛յ եւ կ’ուզէ քեզի ոյժ տալ նոյնիսկ երբ հիւանդ ես (Սաղ. 41։3)։
g01 7/22 13 ¶4
Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել
Սուրբ Գիրքի օրերուն, Եհովան ուղղակիօրէն եւ նոյնիսկ հրաշքով մը պատասխանեց կարգ մը հաւատարիմ մարդոց աղօթքներուն։ Օրինակ, երբ Եզեկիա թագաւորը գիտցաւ որ մահացու հիւանդութիւն մը ունի, Աստուծոյ աղաչեց որ զինք ազատէ։ Աստուած ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ» (Դ. Թագ. 20։1-6)։ Աստուած ուրիշ առիթներով ալ միջամտած է իրեն հաւատարիմ եղող տղամարդոց ու կիներու օգնելու համար (Ա. Թագ. 1։1-20. Դան. 10։2-12. Գործք 4։24-31. 10։1-7)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 240 ¶1
Հարթաչափ
Հարթաչափը կը գործածուի, որ շէնք մը ճիշդ կերպով շինուի կամ որպէսզի ատոր որքա՛ն լաւ վիճակի մէջ ըլլալը գիտցուի։ Եհովան ըսաւ որ ինք Երուսաղէմի վրայ «Սամարիային լարը եւ Աքաաբին տանը գնդակը [«հարթաչափը», ՆԱ]» պիտի երկնցնէր։ Ան չափած ու տեսած էր որ Սամարիան եւ Աքաաբ թագաւորին ընտանիքը բարոյական գետնի վրայ ծուռ էին, եւ որոշած էր զանոնք մէջտեղէն վերցնել։ Նոյն կերպով, Եհովան պիտի դատէր Երուսաղէմն ու ատոր իշխանները եւ անոնց չարութիւնը մէջտեղ հանելով՝ պիտի կործանէր զանոնք։ Ասոնք պատահեցան Ք.Ա. 607–ին (Դ. Թագ. 21։10-13. 10։11)։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ լուր տրուեցաւ Երուսաղէմի չար եւ ինքզինք տեսնող իշխաններուն, թէ անոնք պիտի կործանին, եւ թէ Եհովան կ’ըսէ. «Իրաւունքը՝ կապարալար, արդարութիւնը խորաչափ [«հարթաչափ», ՆԱ] պիտի ընեմ»։ Եհովան իրապէս արդար եղող իր չափանիշներուն միջոցաւ պիտի դատէր թէ որո՛նք իրապէս իր ծառաներն էին եւ որոնք ո՛չ։ Այսպիսով, ան պիտի ապրեցնէր իր ծառաները եւ կորսնցնէր միւսները (Եսա. 28։14-19)։