Եհովայի կարգադրութիւնը՝ «տրուած»ները
«Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 61։5
1. «Տուող» բառը ինչո՞ւ մեզ կը մտաբերեցնէ Եհովան։
ԱՍՏՈՒԱԾ որքա՜ն առատաձեռն տուող մըն է։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «[Եհովա] կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան»։ (Գործք 17։25) Բոլորս ալ կրնանք օգտուիլ շատ մը ‘բարի տուրքերուն եւ կատարեալ պարգեւներուն’ մասին մտածելով, զորս կը ստանանք Աստուծմէ։—Յակոբու 1։5, 17. Սաղմոս 29։11. Մատթէոս 7։7. 10։19. 13։12. 21։43
2, 3. (ա) Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք Աստուծոյ պարգեւներուն ի տես։ (բ) Ի՞նչ իմաստով Ղեւտացիները «տրուած»ներ էին։
2 Սաղմոսերգուն լաւ պատճառ ունէր իր անձին հարց տալու թէ ի՛նչ կրնար հատուցանել Եհովայի։ (Սաղմոս 116։12) Մեր Ստեղծիչը իրապէս որեւէ բանի պէտքը չունի, զոր մարդիկ կրնան ունենալ կամ թերեւս տալ իրեն։ (Սաղմոս 50։10, 12) Եհովա կը նշէ, սակայն, որ կ’ախորժի որ մարդիկ գնահատութեամբ իրենց անձերէն տան ճշմարիտ պաշտամունքին։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 10։5–7։) Ամէն մարդ իր անձէն պէտք է տայ, ինքզինք նուիրելով իր Ստեղծիչին որ, իր կարգին, կրնայ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ տալ, ինչպէս էր պարագան հին Ղեւտացիներուն։ Թէեւ բոլոր Իսրայելացիները Աստուծոյ նուիրուած էին, բայց ան Ահարոնի Ղեւտական ընտանիքը ընտրեց որպէս քահանաներ՝ տաղաւարին, ապա տաճարին մէջ զոհեր մատուցանելու համար։ Իսկ մնացեալ Ղեւտացիները ի՞նչ պիտի ընէին։
3 Եհովա ըսաւ Մովսէսի. «Ղեւիի ցեղը մօտեցուր ...։ Եւ վկայութեան խորանին բոլոր կարասիներ[ուն] ... պահպանութիւնը պիտի կատարեն ...։ Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած [Եբրայերէն՝ նէթունիմ] են»։ (Թուոց 3։6, 8, 9, 41) Ղեւտացիները Ահարոնի «տրուած» էին տաղաւարին ծառայութեան մէջ տարբեր պարտականութիւններ ընելու համար. ուստի Աստուած կրցաւ ըսել. «Անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներէն»։ (Թուոց 8։16, 19. 18։6) Ղեւտացիներէն ոմանք պարզ գործեր կը կատարէին. իսկ ուրիշներ երեւելի առանձնաշնորհումներ կը ստանային, ինչպէս՝ Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնել։ (Թուոց 1։50, 51. Ա. Մնացորդաց 6։48. 23։3, 4, 24–32. Բ. Մնացորդաց 35։3–5) Հիմա մեր ուշադրութիւնը դարձնենք ուրիշ «տրուած» ժողովուրդի մը եւ տեսնենք արդի զուգահեռ մը։
Իսրայելացիներուն Վերադարձը Բաբելոնէն
4, 5. (ա) Ո՞ր Իսրայելացիները Բաբելոնի իրենց աքսորէն վերադարձան։ (բ) Մեր օրերուն, ի՞նչ բան կը համեմատի Իսրայելացիներուն աքսորէն վերադառնալուն։
4 Եզրաս եւ Նէեմիա կը պատմեն թէ ի՛նչպէս Իսրայելացիներու մնացորդ մը, Զօրաբաբէլ Կառավարիչին կողմէ առաջնորդուած, Բաբելոնէն իր երկիրը վերադարձաւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու համար։ Երկու պատմութիւններն ալ կը տեղեկագրեն որ այս վերադարձածներուն ընդհանուր գումարն էր՝ 42,360։ Անոնց մէջէն հազարաւորներ «Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց»մէ բաղկացած էին։ Ապա կը տրուի քահանաներուն ցանկը։ Յետոյ կու գան շուրջ 350 Ղեւտացիներ, բովանդակելով երգողներ եւ դռնապաններ։ Եզրաս եւ Նէեմիա ուրիշ հազարաւորներու մասին ալ կը գրեն, որոնք երեւութապէս Իսրայելացիներ՝ թերեւս նոյնիսկ քահանաներ՝ էին, բայց չէին կրնար իրենց ազգաբանութիւնը փաստել։—Եզրասայ 1։1, 2. 2։2–42, 59–64. Նէեմեայ 7։7–45, 61–66
5 Աքսոր քշուած եւ հետագային Երուսաղէմ եւ Յուդա վերադարձած այս Իսրայելացիներու մնացորդը Աստուծոյ հանդէպ ակներեւ նուիրում ցոյց տուաւ, իսկ ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ՝ խոր հնազանդութիւն։ Ինչպէս նշեցինք, մեր օրերուն կը տեսնենք պատշաճ համեմատելիութիւն մը հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին մէջ, որ 1919–ին, Մեծն Բաբելոնի գերութենէն դուրս եկաւ։
6. Մեր օրերուն, Աստուած ինչպէ՞ս կը գործածէ հոգեւոր Իսրայելացիները։
6 1919–ին, իր ազատագրուելէն ի վեր, Քրիստոսի օծեալ եղբայրներու մնացորդը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ նախանձախնդրութեամբ յառաջ գացած են։ Եհովա օրհնած է «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը կազմող 144,000–ի վերջին անդամները հաւաքելու անոնց ջանքերը։ (Գաղատացիս 6։16. Յայտնութիւն 7։3, 4) Որպէս խումբ մը, օծեալ մնացորդը կը կազմէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» դասակարգը որ կը գործածուի կենսատու հոգեւոր կերակուր մը առատօրէն հայթայթելու համար, իսկ ան ծանր կ’աշխատի այս կերակուրը համայն երկրի վրայ բաշխելու համար։—Մատթէոս 24։45–47
7. Ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ որո՞նք կը միանան օծեալներուն։
7 Ինչպէս նախորդ յօդուածը ցոյց տուաւ, Եհովայի ժողովուրդը հիմա կը բովանդակէ միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ» որոնք իրենց դիմաց գտնուող մեծ նեղութենէն անցնելու աստուածատուր յոյսը ունին։ Անոնք կը փափաքին յաւիտեան Եհովայի ծառայել երկրի վրայ, ուր բնաւ պիտի չանօթենան ու չծարաւին եւ ուր այլեւս վշտի արցունքներ պիտի չթափուին։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9–17. 21։3–5) Բաբելոնէն վերադարձածներուն պատմութեան մէջ կը գտնե՞նք բան մը՝ որ կը համապատասխանէ այս անհատներուն։ Այո՛։
Ոչ–Իսրայելացիներ Ալ կը Վերադառնան
8. Բաբելոնէն վերադարձած Իսրայելացիներուն որո՞նք կ’ընկերակցէին։
8 Երբ, Բաբելոնի մէջ, Խոստացեալ Երկիր վերադառնալու կոչ եղաւ անոնց որոնք Եհովան կը սիրէին, հազարաւոր ոչ–Իսրայելացիներ ընդառաջեցին։ Եզրասի եւ Նէեմիայի տուած ցանկին մէջ, կը կարդանք «Նաթանայիմներ»ու (որ կը նշանակէ՝ «Տրուածներ») եւ «Սողոմոնի ծառաներուն որդիներ»ուն մասին, որոնք միասնաբար 392 հոգի էին։ Արձանագրութիւնը նաեւ կը յիշէ աւելի քան 7,500 ուրիշներ. ‘ծառաներ ու աղախիններ’, ինչպէս նաեւ ոչ–Ղեւտացի «այր եւ կին երգողներ»։ (Եզրասայ 2։43–58, 65. Նէեմեայ 7։46–60, 67) Ի՞նչ բան մղեց որ այսքան ոչ–Իսրայելացիներ վերադառնային։
9. Աստուծոյ հոգին ի՞նչ դեր խաղցաւ աքսորէն վերադառնալուն մէջ։
9 Եզրասայ 1։5–ը կը խօսի անոնց մասին, «որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, որպէսզի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեն»։ Այո, Եհովան մղեց բոլոր անոնց որոնք վերադարձան։ Ան անոնց հոգին, այսինքն, անոնց մտայնութիւնը դրդեց։ Ան ասիկա կրնար ընել, նոյնիսկ երկնքէն, իր սուրբ հոգին՝ իր գործօն ոյժը՝ գործածելով։ Ուստի, անոնք որ «Տէրոջը տունը» շինելու գացին «[Աստուծոյ] հոգիով» օգնութիւն ստացան։—Զաքարեայ 4։1, 6. Անգեայ 1։14
Արդի Զուգահեռ մը
10, 11. Ի՞նչ զուգահեռ կրնանք դնել Բաբելոնէն վերադարձած ոչ–Իսրայելացիներուն հետ։
10 Վերադարձած ոչ–Իսրայելացիները որո՞նք կը պատկերացնէին։ Շատ մը Քրիստոնեաներ թերեւս պատասխանեն. ‘Նաթանայիմները կը համապատասխանեն այժմու «ուրիշ ոչխարներ»ուն’։ Ճիշդ է, բայց ոչ միայն Նաթանայիմները. քանի որ բոլոր վերադարձած ոչ–Իսրայելացիները կը ներկայացնեն այժմու Քրիստոնեաները որոնք հոգեւոր Իսրայէլին չեն պատկանիր։
11 Դուք Կրնաք Արմագեդոնէն Վերապրիլ ու Աստուծոյ Նոր Աշխարհը Մտնել գիրքը (Անգլ.) դիտելa կու տար. «Զօրաբաբէլ կառավարիչին հետ միայն 42,360 Իսրայելացիներու մնացորդը չէր՝ որ մեկնեցաւ Բաբելոնէն։ ... Կային հազարաւոր ոչ–Իսրայելացիներ։ ... Նաթանայիմներէն զատ, կային ուրիշ ոչ–Իսրայելացիներ. ծառաներ, արհեստավարժ երգիչներ ու երգչուհիներ եւ Սողոմոն Թագաւորի ծառաներուն սերունդը»։ Այս գիրքը կը բացատրէր. «Նաթանայիմները, ծառաները, երգողները եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, բոլորն ալ ոչ–Իսրայելացիներ, գերութեան երկիրը ձգեցին եւ Իսրայելացի մնացորդին հետ վերադարձան։ ... Ուստի, շիտա՞կ է խորհիլ որ այսօր հոգեւոր Իսրայելացի չեղող տարբեր ազգութիւններէ մարդիկ պէտք է միանան հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին եւ անոնց հետ Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքը յառաջ տանին։ Այո՛»։ Ասոնք ‘եղած են արդի, հակատիպ Նաթանայիմները, երգողները եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները’։
12. Աստուած իր հոգին ինչպէ՞ս մասնայատուկ կերպով մը կը գործածէ հոգեւոր Իսրայելացիներուն ի նպաստ, բայց ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ անիկա մատչելի է իր բոլոր երկրպագուներուն համար։
12 Հին օրինակին նման, Աստուած իր հոգին կու տայ նաեւ անոնց որոնք կը յուսան յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ։ Ճիշդ է որ անոնք նորէն չեն ծնիր։ 144,000–ի իւրաքանչիւր անդամ մասնայատուկ փորձառութիւնը ունի որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդի նորէն ծնանելու եւ սուրբ հոգիով օծուելու։ (Յովհաննու 3։3, 5. Հռովմայեցիս 8։16. Եփեսացիս 1։13, 14) Անշուշտ, այդ օծումը պզտիկ հօտին ի նպաստ սուրբ հոգիին հոյակապ յայտնաբերում մըն է։ Բայց Աստուծոյ կամքը կատարելու համար ալ սուրբ հոգիին կարիքը կայ։ Հետեւաբար, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։13) Խնդրողին՝ ըլլայ երկնային յոյս ունեցող թէ ուրիշ ոչխարներէն, Եհովայի հոգին առատօրէն մատչելի է Իր կամքը կատարելու համար։
13. Հոգին ինչպէ՞ս կրնայ գործել Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն վրայ։
13 Աստուծոյ հոգին մղեց թէ՛ Իսրայելացիներուն եւ թէ ոչ–Իսրայելացիներուն որ Երուսաղէմ վերադառնան. նոյն հոգին կը զօրացնէ իր այժմու բոլոր հաւատարիմ ծառաները եւ կ’օգնէ անոնց։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ իր աստուածատուր յոյսը՝ երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ կեանք, Քրիստոնեան բարի լուրը պէտք է քարոզէ, իսկ սուրբ հոգին զինք կարող պիտի դարձնէ ատոր մէջ հաւատարիմ ըլլալու։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ իր յոյսը, իւրաքանչիւրս պէտք է մշակէ հոգիին պտուղները որոնց բոլորս ալ լման չափով պէտք ունինք։—Գաղատացիս 5։22–26
Մասնայատուկ Ծառայութեան Համար Տրուած
14, 15. (ա) Վերադարձած ոչ–Իսրայելացիներուն մէջ ո՞ր երկու խմբակները զատորոշուած են։ (բ) Որո՞նք էին Նաթանայիմները, եւ անոնք ի՞նչ կ’ընէին։
14 Հազարաւոր ոչ–Իսրայելացիներուն մէջ, որոնց հոգին մղեց վերադառնալու, կային երկու պզտիկ խումբեր զորս Աստուծոյ Խօսքը կը զատորոշէ. Նաթանայիմները եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները։ Որո՞նք էին անոնք։ Անոնք ի՞նչ կ’ընէին։ Իսկ ասիկա ի՞նչ կրնայ նշանակել ներկայիս։
15 Նաթանայիմները խմբակ մըն էին, որոնք ծնունդով Իսրայելացիներ չէին եւ որոնք առանձնաշնորհումը ունէին Ղեւտացիներուն հետ ծառայելու։ Յիշեցէք Գաբաւոնէն Քանանացիները որոնք «փայտահատ ու ջրկիր» եղան «ժողովուրդին ու Տէրոջը սեղանին համար»։ (Յեսուայ 9։27) Հաւանաբար անոնց սերունդէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Դաւիթի իշխանութեան ընթացքին եւ ուրիշ ժամանակներուն որպէս Նաթանայիմներ աւելցուած ուրիշներ կը գտնուէին Նաթանայիմներուն մէջ, որոնք Բաբելոնէն վերադարձան։ (Եզրասայ 8։20) Նաթանայիմները ի՞նչ կ’ընէին։ Ղեւտացիները տրուած էին քահանաներուն օգնելու համար, իսկ անկէ ետք Նաթանայիմները տրուեցան Ղեւտացիներուն օգնելու համար։ Նոյնիսկ թլփատուած օտարականներու համար, ասիկա առանձնաշնորհում մըն էր։
16. Նաթանայիմներուն դերը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ ժամանակի ընթացքին։
16 Երբ այս խմբակը Բաբելոնէն վերադարձաւ, անիկա քիչ Ղեւտացիներէ կը բաղկանար, բաղդատած քահանաներուն կամ Նաթանայիմներուն եւ «Սողոմոնի ծառաներուն որդիներ»ուն հետ։ (Եզրասայ 8։15–20) Աստուածաշունչին Բառարանը (Անգլ.), գրուած՝ Տոքթ. Ճէյմս Հէսթինկքի կողմէ, դիտել կու տայ. «Ժամանակ մը ետք, [Նաթանայիմները] այնքան կատարելապէս հաստատուած կը գտնենք որպէս սրբազան պաշտօնական դասակարգ մը, որ առանձնաշնորհումներ տրուած են անոնց»։ Ուսումնական լրագիր մը (Vetus Testamentum) կը նշէ. «Փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Աքսորէն Վերադառնալէ ետք, ասոնք [օտարականները] այլեւս Տաճարին որպէս ծառաները չէին նկատուած, այլ՝ անոր մէջ սպասարկուներ, միւս անդամներուն նոյն կացութիւնը վայելելով, որոնք Տաճարին մէջ կը պաշտօնավարէին»։—Տես շրջագիծի մէջ առնուածը՝ «Փոխուած Կացութիւն մը»։
17. Ինչո՞ւ Նաթանայիմները աւելի շատ ընելիք ստացան, եւ սուրբ գրային ի՞նչ ապացոյց ունինք ասոր համար։
17 Անշուշտ, Նաթանայիմները քահանաներուն եւ Ղեւտացիներուն հաւասարակիցները չեղան։ Այս վերջինները Իսրայելացիներ էին, որոնք ուղղակի Եհովայի կողմէ ընտրուած էին եւ անոնց տեղը ոչ–Իսրայելացիները չէին կրնար առնել։ Սակայն, սուրբ գրային մատնանշումները կը յայտնեն որ Ղեւտացիներու նուազ թիւին պատճառաւ, Նաթանայիմներուն աւելի շատ ընելիք տրուեցաւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Անոնք տաճարին մօտ շրջանները կը բնակէին։ Նէեմիայի օրերուն, անոնք քահանաներուն հետ կ’աշխատէին տաճարին մօտակայ պարիսպները նորոգելով։ (Նէեմեայ 3։22–26) Իսկ Պարսկաստանի թագաւորը հրամանագրեց որ Նաթանայիմները տուրքէ զերծ պիտի ըլլային, ինչպէս որ Ղեւտացիները անկէ զերծ էին, տաճարին մէջ իրենց մատուցած ծառայութեան պատճառաւ։ (Եզրասայ 7։24) Ասիկա կը մատնանշէ թէ այս «տրուած»ները (Ղեւտացիները եւ Նաթանայիմները) որքա՜ն սերտօրէն կապուած էին հոգեւոր մարզերուն մէջ եւ թէ ի՛նչպէս Նաթանայիմներուն նշանակումները կարիքի համաձայն աւելցան, հակառակ անոր որ անոնք բնաւ որպէս Ղեւտացիներ չնկատուեցան։ Երբ Եզրաս, հետագային, վերադարձին համար աքսորեալները հաւաքեց, սկիզբը անոնց մէջ ոչ մէկ Ղեւտացի կար։ Ուստի ան մեծ ջանք թափեց քանի մը Ղեւտացիներ հաւաքելու համար։ Որպէս հետեւանք, 38 Ղեւտացիներ եւ 220 Նաթանայիմներ վերադարձան «մեր Աստուծոյն տանը համար» որպէս «պաշտօնեաներ» ծառայելու համար։—Եզրասայ 8։15–20
18. Սողոմոնի ծառաներուն որդիները հաւանաբար ի՞նչ պաշտօն կը վարէին։
18 Ոչ–Իսրայելացիներու երկրորդ զատորոշուած խմբակ մըն էր Սողոմոնի ծառաներուն որդիները։ Աստուածաշունչը անոնց մասին քիչ մանրամասնութիւններ կու տայ։ Անոնցմէ ոմանք «Սոփերաթի որդիներ»ն էին։ Եզրաս այդ անուան կ’աւելցնէ որոշիչ յօդ մը՝ հասսոփերաթ որ կրնայ նշանակել «դպիրը»։ (Եզրասայ 2։55. Նէեմեայ 7։57) Անոնք հաւանաբար դպիրներու կամ ընդօրինակողներու անձնակազմ մըն էին, հաւանաբար տաճարի/վարչակարգի դպիրներ։ Թէեւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները ծնունդով օտարականներ էին, սակայն անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը փաստեցին Բաբելոնէն մեկնելով եւ Իր պաշտամունքին վերահաստատման մասնակցելու համար վերադառնալով։
Հիմա Մեր Անձէն Տանք
19. Ներկայիս ի՞նչ յարաբերութիւն կայ օծեալ մնացորդին եւ ուրիշ ոչխարներուն միջեւ։
19 Մեր օրերուն, Աստուած օծեալ մնացորդը ազդու կերպով կը գործածէ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու եւ բարի լուրը ծանուցանելու համար։ (Մարկոս 13։10) Այս մնացորդը որքա՜ն ուրախացած է տեսնելով որ տասնեակ հազարաւոր, հարիւր հազարաւոր եւ ապա միլիոնաւոր ուրիշ ոչխարներ իրեն կը միանան պաշտամունքի մէջ։ Իսկ ի՜նչ հաճելի համագործակցութիւն մը կը տիրէ մնացորդին եւ ուրիշ ոչխարներուն միջեւ։—Յովհաննու 10։16
20. Նաթանայիմներուն եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիներուն զուգահեռին ի տես, ի՞նչ նոր հասկացողութիւն տրամաբանական է։ (Առակաց 4։18)
20 Զուգահեռ մը գոյութիւն ունի հին Բաբելոնի աքսորէն վերադարձած բոլոր ոչ–Իսրայելացիներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն միջեւ, որոնք ներկայիս կը ծառայեն հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին հետ։ Սակայն, Աստուածաշունչը ինչո՞ւ Նաթանայիմները եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները կը զատորոշէ։ Օրինակին մէջ, Նաթանայիմները եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները վերադարձած ուրիշ ոչ–Իսրայելացիներէն աւելի մեծ առանձնաշնորհումներ ստացած էին։ Ասիկա լաւ կերպով կը պատկերացնէր թէ Աստուած ներկայիս յաւելեալ առանձնաշնորհումներ եւ պաշտօններ կու տայ ուրիշ ոչխարներէն եղող կարգ մը հասուն եւ յօժարակամ Քրիստոնեաներու։
21. Երկրային յոյս ունեցող եղբայրներէն ոմանք ի՞նչ յաւելեալ պաշտօններ եւ առանձնաշնորհումներ ստացած են։
21 Նաթանայիմներուն յաւելեալ առանձնաշնորհումները ուղղակիօրէն կապուած էին հոգեւոր գործունէութիւններու հետ։ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները բացայայտօրէն վարչական պատասխանատուութիւններ ստացան։ Նմանապէս ներկայիս, Եհովա օրհնած է իր ժողովուրդը «մարդոց պարգեւներ» տալով, որպէսզի անոր պէտքերը հոգան։ (Եփեսացիս 4։8, 11, 12) Այս կարգադրութիւնը կը բովանդակէ հարիւրաւոր հասուն, փորձառու եղբայրներ որոնք ‘հօտերը կը հովուեն’, ծառայելով որպէս շրջանային կամ նահանգային տեսուչներ եւ կամ Դիտարանի Ընկերութեան 98 մասնաճիւղերուն Մասնաճիւղի Յանձնախումբերուն մէջ։ (Եսայեայ 61։5) Ընկերութեան համայն աշխարհի կեդրոնատեղիին մէջ, ‘հաւատարիմ տնտեսին’ եւ անոր Կառավարիչ Մարմինին առաջնորդութեան ներքեւ, կարող այրեր մարզում կը ստանան հոգեւոր կերակուրի պաշարները պատրաստելու մէջ օգնելու համար։ (Ղուկաս 12։42) Երկար ժամանակէ ի վեր, Եհովայի նուիրուած ուրիշ կամաւորներ Պէթէլներ եւ գործարաններ վարելու, ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական պաշտամունքի համար նոր մասնաճիւղի շէնքեր եւ սրահներ շինելու մէջ համաշխարհային յայտագիրներու վերատեսչութիւն ընելու համար մարզում ստացած են։ Անոնք թագաւորական քահանայութեան մաս կազմող օծեալ մնացորդին գերազանցօրէն սերտ օգնականները եղած են։—Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 4։17. 14։40. Ա. Պետրոս 2։9։
22. Ինչո՞ւ պատշաճ է որ ուրիշ ոչխարներէն ոմանք ծանր պատասխանատուութիւններ ստանան այսօր, եւ ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք ասոր։
22 Անցեալ ժամանակներուն, քահանաները եւ Ղեւտացիները շարունակեցին Հրեաներուն մէջ ծառայել։ (Յովհաննու 1։19) Սակայն, ներկայիս երկրի վրայ հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը երթալով պէտք է նուազի։ (Հակադրել Յովհաննու 3։30։) Վերջապէս, Մեծն Բաբելոնի անկումէն ետք, բոլոր 144,000 ‘կնքուածներ’ը երկինք պիտի ըլլան Գառնուկին հարսնիքին համար։ (Յայտնութիւն 7։1–3. 19։1–8) Բայց հիմա ուրիշ ոչխարները պէտք է շարունակեն աճիլ։ Այն իրողութիւնը թէ անոնցմէ ոմանք՝ այլաբանական Նաթանայիմները եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիները՝ հիմա ծանր պատասխանատուութիւններ ստացած են, օծեալ մնացորդին հսկողութեան ներքեւ, պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ անոնք հպարտանան կամ իրենք զիրենք շատ կարեւոր նկատեն։ (Հռովմայեցիս 12։3) Ասիկա մեզի վստահութիւն կու տայ որ երբ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘մեծ նեղութենէն դուրս գայ’, ուրիշ ոչխարներուն մէջ առաջնորդութիւնը ստանձնելու համար պատրաստուած փորձառու այրեր՝ «իշխաններ»՝ պիտի ըլլան։—Յայտնութիւն 7։14. Եսայեայ 32։1. բաղդատել Գործք 6։2–7։
23. Ինչո՞ւ բոլորս ալ Աստուծոյ ծառայութեան նկատմամբ տալու հոգի մը պէտք է մշակենք։
23 Բաբելոնէն բոլոր վերադարձածները յօժարակամ էին ծանր աշխատելու եւ փաստելու թէ իրենց մտքին եւ սրտին մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէր Եհովայի պաշտամունքը։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Օծեալ մնացորդին հետ, «օտարականները [կու] գան ու ... հօտերը [կը] հովուեն»։ (Եսայեայ 61։5) Ուստի, Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած ի՛նչ յոյս որ ունենանք, Արմագեդոնին Եհովայի ջատագովման օրուընէ առաջ ի՛նչ առանձնաշնորհումներ որ տրուած ըլլան հոգիէն–նշանակուած երէցներուն, բոլորս ալ մշակենք անձնուրացութեան, գնահատութեան, տալու հոգին։ Թէեւ բնաւ չենք կրնար հատուցանել Եհովային, իր հոյակապ բարութեանը փոխարէն, բայց իր կազմակերպութեան մէջ ի՛նչ որ կ’ընենք սրտանց ընենք։ (Սաղմոս 116։12–14. Կողոսացիս 3։23) Այս կերպով բոլորս ալ կրնանք մեր անձէն տալ ճշմարիտ պաշտամունքին համար, մինչ ուրիշ ոչխարները սերտօրէն կը գործեն օծեալներուն հետ, որոնց վիճակուած է ‘երկրի վրայ թագաւորել’։—Յայտնութիւն 5։9, 10
[Ստորանիշ էջ 21]
a Էջ 142–8. հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Յիշելիք Կէտեր
◻ Ի՞նչ իմաստով Ղեւտացիները «տրուած»ներ էին վաղեմի Իսրայէլի մէջ։
◻ Ո՞ր ոչ–Իսրայելացիները վերադարձան աքսորէն, ասոնք որո՞նք կը պատկերացնէին։
◻ Երեւութապէս ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Նաթանայիմներու պարագային։
◻ Նաթանայիմներուն եւ Սողոմոնի ծառաներուն որդիներուն առնչութեամբ, հիմա ի՞նչ զուգահեռ կը գնահատենք։
◻ Օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն միջեւ եղող համագործակցութիւնը ի՞նչ վստահութեան ծնունդ տուած է։
[Շրջանակ՝ էջ 22]
ՓՈԽՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Աստուածաշունչի շատ մը բառարաններ եւ համայնագիտարաններ կը բացատրեն աքսորէն վերադարձած ոչ–Իսրայելացիներէն ոմանց կրած փոփոխութիւնները։ Օրինակի համար, «Իրենց դիրքին մէջ փոփոխութիւն» ենթագլուխին ներքեւ, Պիպլիքա Համայնագիտարանը (Անգլ.) կ’ըսէ. «Ինչպէս արդէն մատնանշեցինք, անոնց ընկերային դիրքը միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտօրէն բարձրացաւ։ [Նաթանայիմները] բառին բուն առումով այլեւս չեն երեւնար որպէս գերիներ»։ (Հրատարակուած՝ Չէյն եւ Պլէքի կողմէ, Հատոր Գ., էջ 3399)։ Համայնագիտարանի մը մէջ (The Cyclopædia of Biblical Literature), Ճոն Գիթթօ կը գրէ. «Չէր ակնկալուեր որ անոնցմէ [Նաթանայիմներէն] շատեր այդ խոնարհ դիրքին վերադառնային Պաղեստինի մէջ։ ... Այս անհատներուն ցուցաբերած յօժարակամ նուիրումը Նաթանայիմներուն կացութիւնը շատ բարձրացուց»։ (Հատոր Բ., էջ 417) Ուրիշ համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia) կը նշէ. «Այս ընկերակցութեան եւ Սողոմոնական շրջանին իրենց ծագումի լոյսով, կ’ենթադրուի որ Սողոմոնի ծառաները յատկանշական պատասխանատուութիւններ ունէին երկրորդ տաճարին մէջ»։—Հրատարակուած՝ Կ. Պրոմիլիի կողմէ, Հատոր Դ., էջ 570։
[Նկար՝ էջ 23]
Երբ Իսրայելացիները վերադարձան Երուսաղէմը վերաշինելու համար, հազարաւոր ոչ–Իսրայելացիներ անոնց ընկերակցեցան
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.
[Նկար՝ էջ 25]
Գորէայի մէջ Մասնաճիւղի Յանձնախումբը։ Ինչպէս վաղեմի Նաթանայիմները, ներկայիս ուրիշ ոչխարներէն այրեր ծանր պատասխանատուութիւններ ունին ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ