Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 10/15 էջ 21-25
  • Լաւ պատրաստուած աղօթքէ մը դասեր քաղե՛նք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Լաւ պատրաստուած աղօթքէ մը դասեր քաղե՛նք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՄԻՍ ՄԸ
  • ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱՒՈՐ ԱՆՈՒՆԸ ՓԱՌԱԲԱՆԵԼ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ՊԱՏՄԵԼ
  • ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ
  • Եհովա իմ բաժինս է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Իր անուան արժանի եղող Երուսաղէմ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 10/15 էջ 21-25
[Նկար՝ էջ 21]

Լաւ պատրաստուած աղօթքէ մը դասեր քաղե՛նք

«Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ» (ՆԷ. 9։5)։

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

  • Երբ ղեւտացիները զիրենք մէկտեղ հաւաքեցին, իսրայէլացիները ի՞նչ լաւ բաներ ըրին։

  • Ո՞ր պատմական օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած իր անունը կրելու արժանի է։

  • Ղեւտացիներուն աղօթքէն ի՞նչ դասեր կը քաղենք։

1. ա) Աստուծոյ ժողովուրդին ո՞ր համախմբումը նկատի պիտի առնենք։ բ) Ո՞ր հարցումներուն մասին պէտք է խոկանք։

«ԵԼԷ՛Ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Այս ոգեւորիչ խօսքերով, Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ, որպէսզի մասնակցի ղեւտացիներուն կողմէ մատուցուած աղօթքի մը, որ Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ ամէնէն երկար աղօթքներէն մէկն է (Նէ. 9։4, 5, ՆԱ)։ Այս համախմբումը տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 455–ի թիշրի 24–ին, որ հրէական եօթներորդ ամիսն է (սեպտեմբեր/հոկտեմբեր)։ Մինչ նկատի կ’առնենք այն դէպքերը, որոնք այդ մասնայատուկ օրուան առաջնորդեցին, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչ լաւ սովորութիւն այս առիթին յաջողութեան նպաստեց։ Այս աղօթքէն ի՞նչ ա՛յլ դասեր կրնամ քաղել’ (Սաղ. 141։2)։

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՄԻՍ ՄԸ

[Նկար՝ էջ 22]

2. Իսրայէլացիները մեզի ինչպէ՞ս լաւ օրինակ կը հանդիսանան։

2 Այս համախմբումէն մէկ ամիս առաջ, հրեաները Երուսաղէմի պարիսպներու վերաշինութիւնը ամբողջացուցած էին (Նէ. 6։15)։ Անոնք այդ աշխատանքը միայն 52 օրուան մէջ կատարեցին, եւ ապա սկսան մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայել իրենց հոգեւոր կարիքներուն։ Ուստի, թիշրի ամսուան առաջին օրը հրապարակը հաւաքուեցան, որպէսզի մտիկ ընեն Եզրասին եւ ա՛յլ ղեւտացիներուն, որոնք Աստուծոյ Օրէնքը բարձրաձայն պիտի կարդային եւ բացատրէին ։ Ընտանիքներ, ներառեալ՝ «հասկնալու կարողութիւն ունեցողներ», «առտուընէ մինչեւ կէսօր» կայնած մտիկ ըրին։ Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է մեզի, մենք որ հանգստաւէտ Թագաւորութեան սրահներու մէջ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Բայց արդեօք այսպիսի առիթներու ընթացքին երբեմն միտքդ կը թափառի՞ եւ կը սկսի՞ս նուազ կարեւոր հարցերու մասին մտածել։ Եթէ այո՛, դարձեալ նկատի առ վաղեմի իսրայէլացիները, որոնք ոչ միայն ունկնդրեցին, այլեւ՝ իրենց լսածը լուրջի առին ա՛յն աստիճան որ սկսան լալ, գիտակցելով որ որպէս ազգ Աստուծոյ Օրէնքին չէին հնազանդած (Նէ. 8։1-9)։

[Նկար՝ էջ 22]

3. Իսրայէլացիները ո՞ր ուղղութեան հնազանդեցան։

3 Բայց ատիկա ժամանակը չէր մեղքերու խոստովանութեան։ Տօնախմբութեան օր ըլլալով, անիկա Եհովան պաշտելու ուրախ ժամանակ պէտք է ըլլար (Թուոց 29։1)։ Ուստի, Նէեմիան ժողովուրդին ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։ Ժողովուրդը հնազանդեցաւ եւ այդ օր «մեծ ուրախութիւն» եղաւ (Նէ. 8։10-12)։

4. Տոհմապետները ի՞նչ ըրին, եւ այս Տաղաւարահարաց տօնը ի՞նչ կարեւոր երեսակ ունէր։

4 Յաջորդ օրը, տոհմապետները մէկտեղ հաւաքուեցան Օրէնքը սերտելու եւ վստահ ըլլալու որ Աստուծոյ բոլոր պատուէրներուն կը հնազանդին ։ Անոնք նկատեցին, թէ եօթներորդ ամիսը պէտք է պարփակէր Տաղաւարահարաց տօնը եւ իր եզրափակիչ համախմբումը,– 15-22 թիշրի։ Ուստի սկսան պատրաստութիւններ տեսնել ։ Յեսուին օրերէն ի վեր, ատիկա ամէնէն յաջող Տաղաւարահարաց տօնը եղաւ եւ «խիստ մեծ ուրախութիւն» պատճառեց։ Այս տօնին կարեւոր մէկ երեսակն էր՝ հրապարակաւ Աստուծոյ Օրէնքը կարդալ, «առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր» (Նէ. 8։13-18)։

[Նկար՝ էջ 22]

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

5. Ղեւտացիները աղօթքի սկսելէ առաջ, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ։

5 Երկու օր ետք, յարմար ժամանակն էր որ իսրայէլացիները իրենց մեղքերը խոստովանէին։ Ասիկա խնճոյքի օր մը չէր։ Փոխարէն, անոնք ծոմ պահեցին եւ քուրձ հագան, ցոյց տալու համար թէ որքա՜ն տխուր էին որ չէին կրցած Աստուծոյ Օրէնքին հնազանդիլ։ Դարձեալ, առաւօտուն շուրջ 3 ժամ Աստուծոյ Օրէնքը ժողովուրդին կարդացուեցաւ։ Կէսօրէ ետք, «իրենց Տէր Աստուծոյն խոստվանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին» ։ Ապա, ղեւտացիները լաւ պատրաստուած աղօթքի մը միջոցաւ ժողովուրդը ներկայացուցին (Նէ. 9։1-4)։

[Նկար՝ էջ 23]

6. ա) Ի՞նչ բան օգնեց ղեւտացիներուն որ իմաստալից աղօթք մատուցանեն։ բ) Անոնց օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

6 Անկասկած Աստուծոյ Օրէնքը յաճախակի կարդալը ղեւտացիներուն օգնեց, որ այս իմաստալից աղօթքը պատրաստեն։ Առաջին տասը համարները գլխաւորաբար կը կեդրոնանան Եհովայի գործերուն եւ յատկութիւններուն վրայ։ Աղօթքին մնացեալ մասին մէջ, ղեւտացիները կը նկարագրեն ժողովուրդին գործած մեղքերը եւ յստակ կերպով կը բացատրեն, թէ անոնք ինչո՛ւ Աստուծոյ «առատ ողորմութեան» արժանի չեն (Նէ. 9։19, 27, 28, 31)։ Մեր աղօթքները այդ ղեւտացիներուն աղօթքին նման իմաստալից պիտի ըլլան, եթէ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկանք, թոյլ տալով Եհովային որ մեզի հետ խօսի, առաջ որ մեր ըսելիքները իրեն ներկայացնենք (Սաղ. 1։1, 2)։

7. Ղեւտացիները Աստուծմէ ի՞նչ խնդրեցին եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

7 Աղօթքը կը բովանդակէ միայն մէկ խոնարհ խնդրանք։ Անիկա կը գտնուի 32–րդ համարին վերջաւորութեան, որ կ’ըսէ. «Հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն ու քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները թող քու առջեւդ քիչ չերեւնան»։ Այսպէս, ղեւտացիներէն կը սորվինք, թէ լաւ է որ նա՛խ Եհովան փառաբանենք ու անոր շնորհակալութիւն յայտնենք, ապա մեր անձնական խնդրանքները ներկայացնենք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱՒՈՐ ԱՆՈՒՆԸ ՓԱՌԱԲԱՆԵԼ

8, 9. ա) Ի՞նչ խոնարհ կերպով ղեւտացիները իրենց աղօթքը սկսան։ բ) Ղեւտացիները ո՞ր երկու երկնային զօրքերուն կ’ակնարկեն։

8 Թէեւ ղեւտացիներուն աղօթքը լաւ պատրաստուած էր, բայց անոնք խոնարհ էին եւ զգացին թէ իրենց բառերը չեն կրնար լիովին արտայայտել այն փառաբանութիւնը, որուն Եհովան իրապէս արժանի է։ Այսպէս, աղօթքը կը սկսի հետեւեալ համեստ խօսքերով. «Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ» (Նէ. 9։5)։

9 Աղօթքը կը նշէ. «Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագեն» (Նէ. 9։6)։ Արդարեւ, Եհովա Աստուած ստեղծեց ամբողջ տիեզերքը, իր անհամար աստղախումբերով։ Նաեւ, ան ստեղծեց ամէն ինչ որ մեր գեղեցիկ երկրագունդին վրայ է եւ կարելի դարձուց որ բազմաթիւ էակներ շարունակեն բազմանալ։ Այս բոլորին ականատես եղան Աստուծոյ սուրբ հրեշտակները, որոնք նաեւ նկարագրուած են որպէս «երկնքի զօրքերը» (Գ. Թագ. 22։19. Յոբ 38։4, 7)։ Ասկէ զատ, հրեշտակները խոնարհաբար Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, ծառայելով մեղաւոր մարդոց, որոնք «փրկութիւն պիտի ժառանգեն» (Եբ. 1։14)։ Անոնք մեզի ի՜նչ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանան, մինչ միաբանութեամբ՝ լաւ մարզուած զօրքի մը նման՝ Եհովային կը ծառայենք (Ա. Կոր. 14։33, 40)։

10. Աբրահամի հետ Աստուծոյ գործառնութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

10 Անկէ ետք, ղեւտացիները կեդրոնացան Աբրամի հետ Աստուծոյ գործառնութեանց վրայ, որ 99 տարեկանին իր ամուլ կնոջմէն՝ Սարայէն զաւակ չունէր։ Այն ատենն էր, որ Եհովան անոր անունը փոխեց Աբրահամի, որ կը նշանակէ՝ «հայր բազմութեան» (Ծն. 17։1-6, 15, 16)։ Աստուած նաեւ խոստացաւ որ իր զարմը Քանանի երկիրը պիտի ժառանգէր։ Մարդիկ յաճախ իրենց խոստումը կը մոռնան, բայց Եհովան չի մոռնար։ Ղեւտացիներուն մատուցած աղօթքը կ’ըսէ. «Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր եւ անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացիներուն. . . երկիրը իր սերունդին տաս ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես» (Նէ. 9։7, 8)։ Թող որ մեր արդար Աստուածը ընդօրինակենք, միշտ ջանալով որ մեր խօսքին տէրը ըլլանք (Մատ. 5։37)։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ՊԱՏՄԵԼ

11, 12. ա) Եհովա անուան իմաստը բացատրէ։ բ) Եհովան Աբրահամի զարմին համար ի՞նչ ըրաւ, որ ցոյց կու տայ թէ իր անունը կրելու արժանի է։

11 Եհովա անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ», ցոյց տալով որ Աստուած իր խոստումները կ’իրագործէ։ Ան այս մէկը աստիճանաբար կ’ընէ։ Ասիկա գեղեցիկ կերպով ցոյց կը տրուի Աբրահամի զարմին հետ Եհովայի գործառնութեանց մէջ, երբ անոնք եգիպտացիներուն ստրուկներն էին։ Այդ ատեն, անկարելի թուեցաւ որ ամբողջ ազգը ազատագրուի եւ Խոստացեալ երկրին մէջ հաստատուի։ Բայց աստիճանաբար, Աստուած պատճառ դարձաւ որ իր խոստումը կատարուի, այսպէս փաստելով որ այդ իւրայատուկ եւ իմաստալից անուան արժանի է։

12 Նէեմիայի կողմէ արձանագրուած աղօթքը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր եւ Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար թէ մեր հայրերուն հետ հպարտութեամբ վարուեցան. բայց դուն այսօրուան պէս քեզի անուն վաստկեցար եւ ծովը մեր հայրերուն առջեւ պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան բայց զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր»։ Ապա աղօթքը կը նշէ, թէ Եհովային շնորհիւ իր ժողովուրդը ի՛նչ ըրաւ. «Այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները նուաճեցին. . . Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի երկիր մը առին ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր ծառեր առատօրէն ժառանգեցին, կերան, կշտացան ու գիրցան եւ քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան» (Նէ. 9։9-11, 24, 25)։

13. Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլացիներուն հոգեւոր կարիքները հոգաց, բայց ժողովուրդը ինչպէ՞ս հակազդեց։

13 Իր նպատակը իրագործելու համար, Աստուած ուրիշ բազմաթիւ աստիճանական քայլեր առաւ։ Օրինակ, իսրայէլ ազգը Եգիպտոսը ձգելէն քիչ ետք, Եհովան անոնց հոգեւոր կարիքները հոգաց։ Ղեւտացիները իրենց աղօթքին մէջ նշեցին. «Սինա լերանը վրայ իջար ու անոնց հետ երկնքէն խօսեցար եւ անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ, բարի կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր» (Նէ. 9։13)։ Եհովան ջանաց իր ժողովուրդին սորվեցնել ինչպէ՛ս վարուիլ որպէս իր անունը կրող ազգ եւ Խոստացեալ երկրի ժառանգորդներ, բայց անոնք իրենց սորվածներէն խոտորեցան (կարդա՛ Նէեմիա 9։16-18)։

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ

14, 15. ա) Եհովան ինչպէ՞ս իր մեղաւոր ժողովուրդը ողորմածօրէն հոգաց։ բ) Իր ընտրեալ ազգին հետ Եհովայի գործառնութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Ղեւտացիներուն աղօթքը կ’ակնարկէ երկու մասնայատուկ մեղքերու, որոնք իսրայէլը գործեց՝ Սինա լերան մօտ խոստանալէ ետք, թէ Աստուծոյ Օրէնքը պիտի պահէր։ Այդ մեղքերուն պատճառաւ, անոնք մահուա՛ն արժանի էին։ Բայց աղօթքը Եհովան կը փառաբանէ՝ ըսելով. «Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. . . զանոնք քառասուն տարի. . . կերակրեցիր, անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան» (Նէ. 9։19, 21)։ Ներկայիս ալ, Եհովան մեր կարիքները կը հոգայ, որպէսզի կարենանք իրեն հաւատարմօրէն ծառայել։ Թող որ չնմանինք այն հազարաւոր իսրայէլացիներուն, որոնք անապատին մէջ մեռան իրենց անհնազանդութեան եւ թերահաւատութեան պատճառաւ։ Իրականութեան մէջ, այդ բաները «մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան» (Ա. Կոր. 10։1-11)։

15 Ցաւօք սրտի, Խոստացեալ երկիրը ժառանգելէ ետք, իսրայէլացիները Քանանի չաստուածներուն տռփական ու վայրագ պաշտամունքը որդեգրեցին։ Ուստի, Եհովան թոյլ տուաւ որ իր ընտրեալ ազգը հարստահարուի դրացի ազգերուն կողմէ։ Երբ անոնք զղջացին, Եհովան ողորմութեամբ ներեց անոնց եւ իրենց թշնամիներէն ազատեց։ Ասիկա «կրկին ու կրկին» պատահեցաւ (կարդա՛ Նէեմիա 9։26-28, 31)։ Ղեւտացիները խոստովանեցան. «Շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք օտար ժողովուրդներու ձեռքը մատնեցիր» (Նէ. 9։30)։

16, 17. ա) Երբ իսրայէլացիները դարձեալ Եհովայի անհնազանդ գտնուեցան, ի՞նչ տարբեր արդիւնք եղաւ։ բ) Իսրայէլացիները ի՞նչ խոստովանեցան եւ ի՞նչ ընել խոստացան։

16 Նոյնիսկ գերութենէ վերադառնալէ ետք, իսրայէլացիները դարձեալ անհնազանդ գտնուեցան։ Այս անգամ արդիւնքը ինչպէ՞ս տարբեր էր։ Ղեւտացիները շարունակեցին աղօթել. «Ահա մենք այսօր ծառայ ենք, մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ մեր հայրերուն տուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտենք։ Ահա մենք հոս ծառայ ենք։ Այն երկիրը շատ պտուղ կու տայ այն թագաւորներուն, որոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր. . . ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք» (Նէ. 9։36, 37)։

17 Արդեօք ղեւտացիները ըսել կ’ուզէի՞ն, թէ այս տառապանքին թոյլ տալով Աստուած անարդար կը գտնուէր։ Անշուշտ ոչ։ Անոնք խոստովանեցան. «Բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես, քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք» (Նէ. 9։33)։ Ապա, այս անշահախնդիր աղօթքը վերջ կը գտնէ խոստումով մը, որ ազգը այլեւս Աստուծոյ Օրէնքին պիտի հնազանդի (կարդա՛ Նէեմիա 9։38. 10։29)։ Այս ուղղութեամբ, 84 հրեայ առաջնորդներ պաշտօնաթուղթ մը կնքեցին (Նէ. 10։1-27)։

18, 19. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնել։ բ) Ի՞նչ բանի մասին պէտք չէ դադարինք աղօթելէ եւ ինչո՞ւ։

18 Հարկ է որ Եհովայի կողմէ կրթուինք, որպէսզի որակեալ ըլլանք իր արդար նոր աշխարհը մտնելու։ Պօղոս առաքեալ հարց տուաւ. «Ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր» (Եբ. 12։7)։ Մենք ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ ուղղութիւնը կ’ընդունինք, երբ շարունակենք հաւատարմօրէն իրեն ծառայել եւ թոյլ տանք իր հոգիին որ մեզ յղկէ։ Եւ եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի ներէ, եթէ իսկապէս զղջանք եւ խոնարհաբար կրթութիւնը ընդունինք։

19 Շուտով, Եհովան իր անունը ա՛լ աւելի պիտի փառաւորէ, քան այն ժամանակ՝ երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ազատագրեց (Եզեկ. 38։23)։ Երբ իր անունը սրբացնէ, բոլոր իր հաւատարիմները վստահաբար նոր աշխարհը պիտի մտնեն, ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիրը մտան (Բ. Պետ. 3։13)։ Ուստի, շարունակենք աղօթել որ Աստուծոյ փառաւոր անունը սրբացուի։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ ա՛յլ աղօթք մը, որուն հետ ներդաշնակ պէտք է գործենք, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնները հիմա եւ յաւիտեան վայելենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել