Երկար կեանքի մեր որոնումը
«Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է։ Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար»։—Յոբայ 14։1, 2
ՆՈՅՆԻՍԿ այսօր, քիչեր պիտի առարկէին կեանքի կարճութեան մասին եղած այս անդրադարձումին, թէեւ անիկա շուրջ 3,500 տարիներ առաջ գրուած էր։ Մարդիկ՝ կեանքի գարունը վաղանցիկօրէն վայելելը ապա ծերանալ ու մեռնիլը միշտ անգոհացուցիչ գտած են։ Հետեւաբար, պատմութեան ընթացքին կեանքը երկարելու բազմաթիւ միջոցներ ծաղկած են։
Յոբի օրերուն, Եգիպտացիները անասուններու ամորձիգներ կ’ուտէին, իրենց երիտասարդութիւնը վերագտնելու ունայն փորձեր կատարելով։ Միջնադարեան ալքիմիայի գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է, կեանքը երկարող կենսաջուր մը արտադրել։ Ալքիմիաբաններէն շատեր հաւատացած են թէ արուեստականօրէն արտադրուած ոսկին, անմահ կեանք կու տայ եւ թէ ոսկիէ ամաններով ուտելը կեանքը կ’երկարէ։ Վաղեմի Չինացի Թաոյականներ կը խորհէին թէ կրնային մարմնի քիմիաբանութիւնը փոխել՝ խոկալու, շնչելու մարզանքներու եւ սննդականոնի նման հմտութիւններու գործածութեամբ, եւ այսպիսով, անմահութիւն ստանալ։
Սպանացի երկրախոյզ Խուան Փոնսէ տէ Լէոն համբաւաւոր է երիտասարդութեան աղբիւրը գտնելու իր անյագ որոնումով։ 18–րդ դարու բժիշկ մը, Հերմիփուս Ռետիվիվուս խորագրով իր գրքին մէջ յանձնարարեց որ գարնան եղանակին, կոյս աղջնակներ պզտիկ սենեակի մը մէջ պահուին, ապա անոնց շունչը շիշերու մէջ հաւաքուի եւ որպէս կեանք երկարող դեղաջուր գործածուի։ Աւելորդ է ըսել թէ այս մեթոտներէն ոչ մէկը յաջողեցաւ։
Ներկայիս, Մովսէս Յոբի խօսքերը արձանագրելէն շուրջ 3,500 տարիներ ետք, մարդը լուսնին վրայ քալած է, ինքնաշարժներ եւ համակարգիչներ հնարած է, եւ հիւլէն ու բջիջը հետազօտած է։ Սակայն, հակառակ այս արուեստագիտական յառաջդիմութիւններուն, տակաւին ‘կարճ կեանք ունինք, որ թշուառութիւնով լեցուն է’։ Ճիշդ է որ զարգացած երկիրներու մէջ կեանքի ակնկալութիւնը շշմեցուցիչ կերպով աւելցած է այս դարաշրջանին, սակայն ասիկա եղած է գլխաւորաբար բժշկական բարելաւուած խնամքի, աւելի ազդու առողջապահական միջոցառումներու եւ աւելի լաւ սննդականոնի շնորհիւ։ Զոր օրինակ, 19–րդ դարու կէսէն մինչեւ 1990–ական թուականներու սկիզբը, Շուէտի մէջ տղամարդոց պարագային, կեանքի երկարութեան միջինը բարձրացաւ 40–էն 75 տարեկանի, իսկ կիներու պարագային՝ 44–էն 80–ի։ Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ երկար ապրելու մարդուն տենչը գոհացում ստացած է։
Ոչ, քանի որ թէեւ կարգ մը երկիրներու մէջ ծերութեան տարիքի հասնողներուն թիւը աւելի շատ է, բայց տարիներ առաջ Մովսէսի գրած խօսքերը տակաւին ճշմարիտ կը հնչեն. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, . . . վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։ (Սաղմոս 90։10) Մօտ ապագային փոփոխութիւն մը պիտի տեսնե՞նք։ Մարդ արարածը յատկանշականօրէն աւելի երկար պիտի կարենա՞յ ապրիլ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումները նկատի պիտի առնէ։