Ներկայիս լաւատես ըլլալու լուրջ հիմ մը
ՊԱՏՄԱԲԱՆ եւ ընկերաբան Հ. Կ. Ուէլզ, ծնած 1866–ին, Ի. դարու մտայնութեան վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն բանեցուց։ Իր գրութիւններուն ընդմէջէն, ան ներկայացուց իր համոզումը թէ գալիք հազարամեան գիտութեան յառաջդիմութեան հետ պիտի յարմարի։ Հետեւաբար, Գոլիէրի Համայնագիտարանը (Անգլերէն) Ուէլզի «անսահման լաւատեսութեան» կ’ակնարկէ, մինչ ան անդադար կ’աշխատէր իր տեսակէտը յառաջ տանելու համար։ Ան նաեւ կը յիշէ թէ անոր լաւատեսութիւնը խորտակուեցաւ, երբ Բ. Աշխարհամարտը սկսաւ։
Երբ Ուէլզ գիտակցեցաւ թէ «գիտութիւնը կրնայ թէ՛ չարին եւ թէ բարիին նպաստել, անոր համոզումը անհետացաւ եւ յոռետեսութեան անձնատուր եղաւ», կ’ըսէ Չէմպըրզի Կենսագրական Բառարանը (Անգլերէն)։ Ասիկա ինչո՞ւ պատահեցաւ։
Ուէլզի հաւատքն ու լաւատեսութիւնը միմիայն մարդկային իրագործումներուն վրայ հիմնուած էին։ Երբ ան գիտակցեցաւ թէ մարդկութիւնը կարող չէ իր երազային աշխարհին հասնիլ, ան փոխընտրութիւն մը չունէր։ Յուսահատութիւնը շուտով յոռետեսութեան վերածուեցաւ։
Ներկայիս, շատերուն միեւնոյն բանը կը պատահի՝ միեւնոյն պատճառով։ Անոնք լաւատեսութեամբ կ’եռան իրենց երիտասարդութեան, բայց տխուր յոռետեսներ կը դառնան երբ աւելի մեծնան։ Կան երիտասարդներ, որոնք այդպէս կոչուած բնական կենցաղը լքելով, թմրեցուցիչի սխալ գործածութեան, խառնագնացութեան եւ ուրիշ կործանարար ապրելակերպերու միջամուխ կ’ըլլան։ Ի՞նչ է լուծումը։ Նկատի առէք Աստուածաշունչի ժամանակներէն հետեւեալ օրինակները եւ տեսէք թէ լաւատես ըլլալու ի՛նչ հիմ կայ՝ անցեալին, ներկայիս եւ ապագային։
Աբրահամի Լաւատեսութիւնը կը Վարձատրուի
Հ.Դ.Ա. 1943–ին, Աբրահամ Խառանէն դուրս ելաւ եւ Եփրատ գետէն անցնելով Քանանու երկիրը մտաւ։ Աբրահամ նկարագրուած է որպէս ‘հայր բոլոր հաւատացողներուն’, եւ այդ առնչութեամբ ի՜նչ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ։—Հռովմայեցիս 4։11
Աբրահամի կ’ընկերակցէր Ղովտ՝ Աբրահամի մահացած եղբօր որդին՝ եւ իր ընտանիքը։ Հետագային, երբ երկրին մէջ սով եղաւ, երկու ընտանիքներն ալ Եգիպտոս փոխադրուեցան եւ ժամանակ մը ետք միասնաբար վերադարձան։ Մինչ այդ Աբրահամ եւ Ղովտ շատ հարստացած էին, ինչպէս նաեւ ոչխարներու ու արջառներու տէր դարձած էին։ Երբ անոնց հովիւներուն միջեւ վէճ ծագեցաւ, Աբրահամ նախաքայլը առնելով ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։—Ծննդոց 13։8, 9
Աբրահամ, տարիքով աւելի մեծ ըլլալով, կրնար հարցերը ի նպաստ իրեն դասաւորել, իսկ Ղովտ իր հօրեղբօր հանդէպ յարգանքէ մղուած, ընտրութիւնը Աբրահամի կրնար ձգել։ Բայց, «Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր։ Եւ Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց»։ Այսպիսի ընտրութեամբ մը Ղովտ ամէն պատճառ ունէր լաւատես ըլլալու։ Իսկ Աբրահա՞մ. . .։—Ծննդոց 13։10, 11
Արդեօք Աբրահամ անմիտ արկածախնդի՞ր մըն էր, որ իր ընտանիքին բարօրութիւնը կը վտանգէր։ Ո՜չ։ Աբրահամի դրական տեսակէտը եւ առատաձեռն հոգին մեծ վարձատրութիւններու դուռ բացին։ Եհովա Աբրահամի ըսաւ. «Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ. վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան»։—Ծննդոց 13։14, 15
Աբրահամի լաւատեսութիւնը զօրաւոր հիմ մը ունէր։ Անիկա հիմնուած էր Աստուծոյ այն խոստումին վրայ, թէ ինք Աբրահամը մեծ ազգ մը պիտի ընէր, որպէսզի ‘երկրի բոլոր ազգերը Աբրահամով օրհնուին’։ (Ծննդոց 12։2-4, 7) Մենք ալ պատճառներ ունինք ապահով զգալու, գիտնալով թէ «Աստուած կը կարգադրէ որ իր բոլոր գործերը իրարու հետ համագործակցին, Աստուած սիրողներուն բարիքին համար»։—Հռովմայեցիս 8։28, ՆԱ։
Երկու Լաւատես Լրտեսներ
Աւելի քան 400 տարիներ ետք, Իսրայէլի ազգը կազմ ու պատրաստ էր Քանանու երկիրը մտնելու, «կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը»։ (Ելից 3։8. Բ. Օրինաց 6։3) Մովսէս 12 իշխաններ ղրկեց ‘որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու գան պատմեն թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է ելլեն ու ո՞ր քաղաքները պիտի մտնեն’։ (Բ. Օրինաց 1։22. Թուոց 13։3) 12 լրտեսներն ալ երկրին բարգաւաճութեան նկատմամբ միեւնոյն նկարագրութիւնը տուին, բայց անոնցմէ 10–ն բացասական տեղեկագրութիւն մը տալով, ժողովուրդին սրտին մէջ վախ ցանեցին։—Թուոց 13։31-33
Միւս կողմէ, Յեսու եւ Քաղէբ ժողովուրդին լաւատես պատգամ մը տուին եւ իրենց կարելին ըրին որպէսզի անոնց վախը փարատեն։ Անոնց կեցուածքը եւ տեղեկագրութիւնը կատարեալ վստահութիւն կը ցոլացնէին՝ զիրենք Խոստացեալ Երկիր վերադարձնելու նկատմամբ իր խօսքը կատարելու Եհովայի կարողութեան հանդէպ. սակայն ապարդիւն։ Փոխարէն, «բոլոր ժողովուրդը ուզեցին քարկոծել զանոնք»։—Թուոց 13։30. 14։6-10
Մովսէս ժողովուրդը յորդորեց որ Եհովայի վստահին, բայց անոնք մերժեցին մտիկ ընել։ Որովհետեւ անոնք շարունակեցին յոռետես կեցուածք մը ունենալ, ամբողջ ազգը ստիպուեցաւ 40 տարի անապատին մէջ թափառիլ։ 12 լրտեսներէն միայն Յեսու եւ Քաղէբ լաւատեսութեան վարձատրութիւնները վայելեցին։ Ի՞նչ էր հիմնական հարցը։ Հաւատքի պակաս, քանի որ ժողովուրդը ինքն իր իմաստութեան վստահեցաւ։—Թուոց 14։26-30. Եբրայեցիս 3։7-12
Յովնանի Երկմտութիւնը
Յովնան ապրեցաւ Հ.Դ.Ա. իններորդ դարուն։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ան Յերոբովամ Բ.–ի իշխանութեան ժամանակ, Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան ղրկուած, Եհովայի հաւատարիմ մարգարէն էր։ Սակայն, ան Նինուէ երթալու եւ անոր ժողովուրդը ազդարարելու յանձնարարութիւնը մերժեց։ Յովսեպոս պատմաբանը կ’ըսէ թէ Յովնան «խորհեցաւ թէ աւելի լաւ է փախչիլ» եւ անոր տեղ Յոպպէ գնաց։ Հոն ան նաւ մը ելաւ որ Թարսիս՝ հաւանաբար ներկայիս Սպանիա՝ կ’երթար։ (Յովնանու 1։1-3) Թէ Յովնան ինչո՛ւ այսպիսի յոռետես տեսակէտ մը ունէր իր նշանակումին նկատմամբ, բացատրուած է Յովնանու 4։2–ի մէջ։
Ի վերջոյ Յովնան համաձայնեցաւ իր առաքելութիւնը կատարել, սակայն ան բարկացաւ երբ Նինուէի ժողովուրդը զղջաց։ Ուստի, Եհովա անոր կարեկցութեան հոյակապ դաս մը սորվեցուց, պատճառ դառնալով որ դդմենի մը, որու շուքին ներքեւ Յովնան կը հանգչէր, չորնայ ու մեռնի։ (Յովնանու 4։1-8) Ծառի մը չորնալուն նկատմամբ Յովնանի յայտնած վիշտը աւելի շիտակ պիտի ըլլար, եթէ անիկա Նինուէի 120,000–ի հասնող ժողովուրդին հանդէպ ըլլար, որոնք «աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը» չէին գիտեր։—Յովնանու 4։11
Յովնանի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Սրբազան ծառայութեան մէջ յոռետեսութիւնը տեղ չունի։ Եթէ Եհովայի առաջնորդութիւնը ըմբռնենք եւ կատարեալ վստահութեամբ անոր հետեւինք, յաջողութիւն պիտի գտնենք։—Առակաց 3։5, 6
Լաւատես Ըլլալ՝ Հակառակ Նեղութիւններու
Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր»։ (Սաղմոս 37։1) Արդարեւ, ասիկա իմաստուն խրատ մըն է, քանի որ մենք ալ այսօր անարդարութեամբ եւ անպարկեշտութեամբ շրջապատուած ենք։—Ժողովողի 8։11
Եթէ նոյնիսկ անօրէններուն չենք նախանձիր, տակաւին կ’ընդվզինք, երբ տեսնենք անմեղ մարդոց կրած տառապանքը չարերուն ձեռքէն, կամ՝ երբ մեզի դէմ անարդարութիւն ըլլայ։ Այսպիսի փորձառութիւններ նոյնիսկ կրնան պատճառ ըլլալ որ սրտաբեկ ըլլանք եւ յոռետես տեսակէտ մը զարգացնենք։ Երբ այդպէս զգանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Նախ եւ առաջ, կրնանք ի մտի ունենալ թէ ամբարիշտները չեն կրնար անհոգութեամբ ենթադրել թէ երբեք հատուցում պիտի չունենան։ Սաղմոս 37։2–ն կը շարունակէ մեզի հաւաստիացնել թէ «[Չարերը] խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան»։
Ասկէ զատ, կրնանք շարունակել բարիք գործել, լաւատես մնալ եւ Եհովայի սպասել։ Սաղմոսերգուն շարունակեց. «Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛ եւ յաւիտեան պիտի մնաս։ Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը [«հաւատարիմները», ՆԱ] երեսէ չի ձգեր»։—Սաղմոս 37։27, 28
Իսկական Լաւատեսութիւնը կը Յաղթէ
Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ապագային մասին։ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը մեզի կը խօսի ‘շուտով ըլլալիք’ բաներուն մասին։ Անոնցմէ մէկը, պատերազմ պատկերացնող շառագոյն ձիուն վրայ հեծնողը, ‘երկրէն խաղաղութիւնը պիտի վերցնէ’։—Յայտնութիւն 1։1. 6։4
Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Բրիտանիոյ մէջ ժողովրդական ու լաւատես կարծիք մը ընդհանրացած էր, թէ ասիկա վերջի՛ն մեծ պատերազմը պիտի ըլլար։ 1916–ին, Բրիտանացի քաղաքագէտ Տէյվիտ Լոյտ Ճորճ աւելի իրապաշտ էր։ Ան ըսաւ. «Այս պատերազմը, յաջո՛րդ պատերազմին նման, պատերազմին վերջ դնող պատերազմ մըն է»։ (Շեղագիրը մեզմէ։) Ան շիտակ էր։ Բ. Աշխարհամարտը միմիայն աւելցուց զանգուածային կոտորածի աւելի դիւային մեթոտներու արտադրութիւնը։ Աւելի քան 50 տարիներ ետք, տակաւին հորիզոնին վրայ պատերազմի վերջ մը չ’երեւնար։
Այս նոյն Յայտնութիւն գրքին մէջ, կը կարդանք ուրիշ ձիաւորներու մասին, որոնք կը պատկերացնեն սով, հիւանդութիւն եւ մահ։ (Յայտնութիւն 6։5-8) Անոնք մեր ժամանակներու նշանին տարբեր երեսակներն են։—Մատթէոս 24։3-8
Ասոնք յոռետեսութեան պատճառնե՞ր են։ Բնա՛ւ երբեք, քանի որ տեսիլքը նաեւ կը նկարագրէ «ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց»։ (Յայտնութիւն 6։2) Այս տեսիլքին մէջ, Յիսուս Քրիստոսը կը տեսնենք որպէս երկնային Թագաւոր մը, որ բոլոր չարութիւնը կը վերցնէ եւ համաշխարհային խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կը հաստատէ։a
Որպէս նշանակուած Թագաւոր, Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ եղած ատեն, իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այդ Թագաւորութեան համար աղօթեն։ Թերեւս ձեզի ալ սորվեցուցած են «Հայր Մեր»ը՝ կամ Տէրունական Աղօթքը՝ արտասանել։ Անոր մէջ կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, իր կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը նոյնպէս ալ երկրի վրայ։—Մատթէոս 6։9-13
Փոխանակ փորձելու ներկայ իրերու դրութիւնը կարկտնել, Եհովա իր Մեսիական Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ, զայն բոլորովին պիտի վերցնէ։ Անոր տեղ, կ’ըսէ Եհովա, «նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ Երկնային թագաւորական կառավարութեան ներքեւ, մարդկութեան համար երկիրը պիտի ըլլայ խաղաղ, ուրախ բնակավայր մը, ուր կեանքը եւ աշխատանքը միշտ հաճելի պիտի ըլլան։ Եհովա կ’ըսէ. «Իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք»։ «Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն»։ (Եսայեայ 65։17-22) Եթէ ապագայի նկատմամբ ձեր յոյսը այդ ստոյգ խոստումին վրայ հիմնէք, ամէն պատճառ պիտի ունենաք լաւատես ըլլալու, հիմա՛ եւ յաւիտեան։
[Ստորանիշ]
a Այս տեսիլքին մանրամասն քննարկութեան համար, հաճեցէք տեսնել Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 16–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Նկար՝ էջ 4]
Հ. Կ. Ուէլզ
[Նկարին աղբիւրը]
Corbis-Bettmann