Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 11։ Կին մը Սուրբ Գիրքը կը կարդայ, մինչ լուացք ընելու ատեն դադար առած է։

      ԴԱՍ 11

      Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ

      Բնաւ պատահա՞ծ է որ մեծ նպատակ մը ունէիր, բայց վախցար քայլ մը առնելու, քանի որ դժուար էր քեզի համար։ Սակայն, որպէսզի այդ մեծ նպատակին հասնիլը դիւրին ըլլար, թերեւս աւելի պզտիկ նպատակներ դրիր։ Նոյնը կրնանք ըսել Սուրբ Գիրքը կարդալու մասին։ Թերեւս հարցնես. ‘Ուրկէ՞ սկսիմ’։ Այս դասին մէջ պիտի տեսնենք կարգ մը պարզ բաներ որ կրնաս ընել, որպէսզի Սուրբ Գիրքը կարդալէն եւ սերտելէն հաճոյք առնես։

      1. Ինչո՞ւ Սուրբ Գիրքը պէտք է միշտ կարդանք

      Մէկը, որ միշտ կը կարդայ Սուրբ Գիրքը, կամ՝ «Աստուծոյ օրէնքը», ուրախ եւ յաջող պիտի ըլլայ (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3)։ Սկսելու համար, ջանք թափէ որ ամէն օր քանի մը վայրկեան կարդաս։ Սուրբ Գիրքին ո՛րքան աւելի ծանօթանաս, ա՛յնքան աւելի զայն կարդալէն հաճոյք պիտի առնես։

      2. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ Սուրբ Գիրքը կարդալէն օգտուիս

      Սուրբ Գիրքը կարդալէն ամէնէն շատ օգտուելու համար, պէտք է խոկանք մեր կարդացածին վրայ։ Այսինքն՝ պէտք է ոչ միայն կարդանք Սուրբ Գիրքը, հապա նաեւ ‘մտածենք’ անոր մասին (Յեսու 1։8)։ Երբ կը կարդաս, դուն քեզի հարցումներ հարցուր, օրինակ. ‘Կարդացածէս ի՞նչ կը գիտնամ Եհովա Աստուծոյ մասին։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնամ կեանքիս մէջ գործադրել։ Ինչպէ՞ս կրնամ այս համարները գործածել, որ ուրիշներուն օգնեմ’։

      3. Ե՞րբ կրնաս ժամանակ գտնել Սուրբ Գիրքը կարդալու

      Արդեօք քեզի համար դժուա՞ր է Սուրբ Գիրքը կարդալու համար ժամանակ գտնել։ Մեզմէ շատերու համար դժուար է։ Ջանք ըրէ որ ‘ժամանակը ծախու առնես’, այսինքն՝ ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածես (Եփեսացիս 5։16)։ Ինչպէ՞ս։ Ամէն օր որոշ ժամանակ մը տուր, որ Սուրբ Գիրքը կարդաս։ Ոմանք առտու կանուխ ժամանակ կու տան։ Ուրիշներ կը նախընտրեն օրուան ընթացքին կարդալ, օրինակ՝ ճաշի դադարին։ Իսկ ուրիշներ, քնանալէ առաջ կը կարդան։ Քեզի համար ամէնէն յարմար ժամանակը ե՞րբ է։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Գիտցիր թէ ի՛նչ կրնաս ընել, որ Սուրբ Գիրքը կարդալը աւելի հետաքրքրական ըլլայ։ Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս լաւ պատրաստուիլ, որ Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութենէն ամէնէն շատ օգտուիս։

      Տղայ մը ժամանակի ընթացքին կը վարժուի սիրել ուտելիքի որոշ տեսակ մը։ 1. Տղան ուտելիքին հետ կը խաղայ։ 2. Քիչ մը մեծնալով, տղան կ’ուտէ ուտելիքը։ 3. Քիչ մը աւելի մեծնալով, տղան ուտելիքը հաճոյքով կ’ուտէ։

      Ճիշդ ինչպէս որ կը վարժուինք սիրել տարբեր ուտելիքներ ուտելը, նոյնպէս կրնանք վարժուիլ Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնել

      4. Վարժուէ՛ Սուրբ Գիրքը հաճոյքով կարդալ

      Թերեւս դիւրին չըլլայ սկսիլ Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Սակայն, կրնանք կարդալու ‘փափաք’ զարգացնել, ճիշդ ինչպէս որ մէկը ինքզինք կը վարժեցնէ նոր ուտելիքի մը եւ կը սկսի ատիկա սիրել։ Կարդացէ՛ք Ա. Պետրոս 2։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Քու կարծիքովդ, Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդալը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգնէ, որ անկէ հաճոյք առնես։

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ ոմանք ինչպէ՛ս սկսան Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնել։ Ետքը քննարկեցէք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Երիտասարդները կը սորվին Աստուծոյ Խօսքը սիրել (5։33)

      • Վիտէոյին մէջ, երիտասարդները ի՞նչ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելան։

      • Ի՞նչ բան իրենց օգնեց, որ Սուրբ Գիրքը կարդալէ վազ չանցնին։

      • Ի՞նչ ըրին, որ Սուրբ Գիրքը կարդալը աւելի հետաքրքրական ըլլայ իրենց համար։

      Առաջարկներ՝ քեզի օգնելու որ սկսիս.

      • Զատէ թարգմանութիւն մը, որ վստահելի եւ հասկնալի է։ Փորձէ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կարդալ հասկցած լեզուովդ։

      • Նախ կարդա՛ այն մասերը, որոնք կը զգաս թէ քեզ ամէնէն շատ պիտի հետաքրքրեն։ Գաղափար մը առնելու համար, տե՛ս «Սկսէ Սուրբ Գիրքը կարդալ» ցուցակը։

      • Յիշէ՛ թէ ո՛ր գլուխները կարդացած ես։ Գործածէ «Նշան դիր թէ ի՛նչ կարդացիր» ցուցակը այս գիրքին մէջ։

      • Գործածէ JW Library® էփը։ Անոր միջոցաւ կրնաս Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ մտիկ ընել ո՛ւր որ ալ ըլլաս, գործածելով սմարթֆոն կամ ուրիշ սարք մը։

      • Գործածէ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկը։ Անոր մէջ կան քարտէսներ եւ ցուցակներ, որոնք կրնան կարդացածդ աւելի հետաքրքրական դարձնել։

      5. Սուրբ Գիրքի դասդ պատրաստէ

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 119։34 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ լաւ է, որ Սուրբ Գիրքը կարդալէ կամ դասդ պատրաստելէ առաջ աղօթես։

      Ինչպէ՞ս կրնաս ամէն մէկ դասէն լաւագոյն կերպով օգտուիլ։ Երբ դաս մը պիտի պատրաստես, փորձէ այս կերպը.

      1. Ա. Կարդա՛ դասին սկիզբի պարբերութիւնները։

      2. Բ. Համարները բաց ու կարդա՛ եւ փորձէ հասկնալ թէ ի՛նչ կապ ունին նիւթին հետ։

      3. Գ. Գիծ քաշէ այն բառերուն կամ նախադասութիւններուն տակ, որոնք հարցումին կը պատասխանեն։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ ուսուցիչիդ հետ դասը նկատի առնես։

      Կին մը Սուրբ Գիրքի դասը կը պատրաստէ։ Ա. Ան կը կարդայ դասին առաջին էջը։ Բ. Սուրբ Գիրքէն համարները կը կարդայ։ Գ. Գիծ կը քաշէ հարցումին պատասխանող բառերուն ու նախադասութիւններուն տակ։

      Գիտէի՞ր

      Եհովայի վկաները Սուրբ Գիրքի քանի մը թարգմանութիւններ գործածած են։ Սակայն, մանաւանդ կը գնահատենք Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, քանի որ ճշգրիտ է, յստակ է եւ Աստուծոյ անունը կը գործածէ (տե՛ս մեր կայքին վրայ այս յօդուածը՝ «Եհովայի վկաները իրենց անձնական Աստուածաշունչը ունի՞ն»)։

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Սուրբ Գիրքը կարդալը եւ սերտելը երկար–բարակ գործ է։ Ատոր ո՛չ ժամանակ ունիմ, ոչ ալ ախորժակ»։

      • Քու կարծիքդ ի՞նչ է։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուելու համար, ժամանակ որոշէ զայն կարդալու, աղօթէ կարդացածդ հասկնալու համար եւ դասերդ պատրաստէ։

      Վերաքաղ

      • Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ, որ Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիս։

      • Ե՞րբ կրնաս ժամանակ տալ, որ Սուրբ Գիրքը կարդաս եւ սերտես։

      • Ինչո՞ւ լաւ է, որ Սուրբ Գիրքի դասերդ պատրաստես։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Աչքէ անցուր կարգ մը գաղափարներ, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ աւելի օգտուիս Սուրբ Գիրքը կարդալէն։

      «Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի օգտուիլ Սուրբ Գիրքէն» (Դիտարան 2017–ի թիւ 1)

      Տե՛ս թէ ի՛նչ երեք կերպերով կրնաս Աստուածաշունչը կարդալ։

      «Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել. Մաս 1։ Աստուածաշունչիդ ծանօթանալ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Գիտցիր թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչը կարդալէն հաճոյք առնել։

      «Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել. Մաս 2։ Աստուածաշունչ կարդալը հաճելի դարձնել» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Տե՛ս Աստուածաշունչը սերտելու մասին առաջարկներ անհատներէ, որոնք Աստուածաշունչը տարիներէ ի վեր կը կարդան։

      Ազդու անձնական ուսումնասիրութիւն (2։06)

  • Շարունակէ յառաջդիմել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 4. Շարունակէ լաւագոյն Բարեկամիդ խօսիլ ու մտիկ ընել

      Աղօթելը եւ Սուրբ Գիրքը սերտելը քեզի օգնած են, որ Եհովայի բարեկամը դառնաս։ Այս երկու բաները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել, որ ա՛լ աւելի իրեն մօտենաս։

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 62։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնելու համար, ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ կերպով աղօթել։

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 1։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնելու համար, ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ կերպով Սուրբ Գիրքը կարդալ։

      Ինչպէ՞ս կրնաս անձնական ուսումնասիրութենէդ աւելի օգտուիլ։ Գաղափար մը առնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Անձնական ուսումնասիրութիւնդ բարելաւէ (5։22)

      • Վիտէոյին մէջ յիշուած ո՞ր գաղափարները կրնաս գործադրել։

      • Ի՞նչ նիւթեր կ’ուզես ուսումնասիրել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել