Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչպէ՞ս կրնանք մաքուր ըլլալ Աստուծոյ աչքին
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 2. Մաքուր ըլլալու համար, ի՞նչ սովորութիւններէ պէտք է հեռու մնանք

      Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ «մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Ուստի, ամէն ջանք կ’ընենք որ հեռու մնանք որեւէ բանէ, որ մեր մարմինին կամ միտքին կրնայ վնասել։ Մեր մտածումները պէտք է Եհովան հաճեցնեն, անոր համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ անվայել մտածումները մերժենք (Սաղմոս 104։34)։ Նաեւ ջանք կը թափենք, որ մաքուր լեզու գործածենք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։8)։

      Ուրիշ ի՞նչ բաներ կրնան մեզ ֆիզիքապէս կամ բարոյապէս անմաքուր դարձնել։ Կարգ մը նիւթեր կրնան մեր մարմինը ապականել։ Անոր համար, չենք ծխեր եւ հաճոյքի համար թմրեցուցիչներ չենք գործածեր։ Այս բոլոր բաներէն հեռու մնալով, աւելի առողջ կ’ըլլանք, եւ կեանքի պարգեւին հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք։ Նաեւ ջանք կ’ընենք, որ բարոյապէս մաքուր մնանք՝ պայքարելով անմաքուր սովորութիւններու դէմ, օրինակ՝ սեռային անդամները շոյելով սեռային փափաքները գոհացնել (գիջութիւն), եւ պոռնկագրութիւն դիտել (Սաղմոս 119։37. Եփեսացիս 5։5)։ Այս սովորութիւններէն ազատիլը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ զանոնք յաղթահարենք (կարդա՛ Եսայի 41։13)։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք մաքուր ըլլալ Աստուծոյ աչքին
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 5. Անմաքուր մտքերու եւ սովորութիւններու դէմ պայքարէ

      Կարդացէ՛ք Կողոսացիս 3։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ինչպէ՞ս գիտենք որ պոռնկագրութիւնը, գիջութիւնը եւ ելեկտրոնային սարքերով անբարոյ երկտողներ, նկարներ կամ վիտէօներ ղրկելը, Եհովայի աչքին անմաքուր են։

      • Կը կարծե՞ս որ կրնանք բարոյապէս մաքուր ըլլալ, ինչպէս որ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ։ Ինչո՞ւ։

      Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կարելի է անմաքուր մտածումներու դէմ դնել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. Մաքուր մնալու համար քայլեր առ (1։51)

      Յիսուս ցոյց տուաւ, որ պէտք է լուրջ քայլեր առնենք՝ բարոյապէս մաքուր մնալու համար։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 5։29, 30 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Թէեւ Յիսուս ըսել չուզեց, որ մենք մեզի ֆիզիքապէս վնաս հասցնենք, բայց հասկցուց որ պէտք է գործի լծուինք։ Անհատ մը ի՞նչ լուրջ քայլ կրնայ առնել անմաքուր մտածումներէ հեռու մնալու համարb։

      Եթէ անմաքուր մտածումներ յաղթահարելու համար կը պայքարիս, Եհովան թափած ջանքդ կ’արժեւորէ։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 103։13, 14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Եթէ անմաքուր սովորութեան մը դէմ կը պայքարիս, այս համարը ինչպէ՞ս քեզ կը քաջալերէ, որ պայքարդ շարունակես։

      Նորէն իյնալը չի նշանակեր պարտուիլ

      Դիւրին է մտածել. ‘Չյաջողեցայ. ի՞նչ իմաստ ունի ետ փորձելը’։ Բայց մտածէ՛ ասոր մասին. եթէ մրցումի մը մէջ վազորդ մը իյնայ, ասիկա չի նշանակեր որ պարտուեցաւ, ոչ ալ կը նշանակէ որ պէտք է ետ սկիզբէն սկսի վազել։ Նոյնպէս, նորէն իյնալը չի նշանակեր, թէ գէշ սովորութեան մը դէմ մղած պայքարիդ մէջ պարտուեցար։ Ոչ ալ նորէն իյնալը կը ջնջէ այն ամբողջ յառաջդիմութիւնը, որ արդէն ըրած ես։ Նորէն իյնալը բնական է. դէպի յաղթանակ տանող ընթացքին մէկ մասն է։ Անոր համար, մի՛ յանձնուիր։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛ս գէշ սովորութիւնը յաղթահարել։

      Մրցումի մը մասնակցող վազորդ մը իյնալէ ետք, ոտքի կ’ելլէ։
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել