Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 11/1 էջ 9-14
  • Աստուծոյ Խօսքը ո՞րքան կը սիրէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքը ո՞րքան կը սիրէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Խօսքին «Փափաքեցէք»
  • Սաղմոսերգու մը որ Աստուծոյ Խօսքը Սիրեց
  • Իշխան մը որ Համարձակեցաւ Տարբեր Ըլլալ
  • Աստուծոյ Խօսքը Սատար Կանգնեցաւ Յիսուսի
  • Քրիստոսը Ընդօրինակողներէն Ոմանք
  • Եհովայի Խօսքին վստահիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Աստուծոյ Խօսքին թոյլ տուր որ ճամբադ լուսաւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 11/1 էջ 9-14

Աստուծոյ Խօսքը ո՞րքան կը սիրէք

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—ՍԱՂՄՈՍ 119։97

1. Ի՞նչ է այն կերպերէն մէկը, որով աստուածավախ անհատներ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իրենց սէրը ցոյց կու տան։

ՀԱՐԻՒՐ միլիոնաւոր այրեր ու կիներ Աստուածաշունչ մը ունին։ Բայց տարբերութիւն մը կայ Աստուածաշունչ մը ունենալուն եւ Աստուծոյ Խօսքը սիրելուն միջեւ։ Անհատ մը կրնա՞յ իրապէս ըսել որ Աստուծոյ Խօսքը կը սիրէ, եթէ հազուադէպօրէն կը կարդայ զայն։ Բնական է ո՛չ։ Ասոր հակառակը, կարգ մը անհատներ, որոնք նախապէս շատ քիչ կարեւորութիւն կու տային Աստուածաշունչին, հիմա ամէն օր կը կարդան զայն։ Անոնք սորված են Աստուծոյ Խօսքը սիրել եւ սաղմոսերգուին նման, անոնք հիմա «ամէն օր» Աստուծոյ Խօսքին մասին կը մտածեն։—Սաղմոս 119։97

2. Եհովայի Վկաներէն մէկուն հաւատքը ի՞նչպէս պահպանուեցաւ դժուար պայմաններու ներքեւ։

2 Աստուծոյ Խօսքը սիրել սորվողներէն մէկն է Նաշօ Տորին։ Իր հաւատակիցներուն հետ, ան մի քանի տասնամեակներ տոկաց, իր ծննդավայրին՝ Ալպանիոյ, մէջ Եհովայի ծառայելով։ Գրեթէ այդ բոլոր ժամանակամիջոցին, Եհովայի Վկաները արգիլուած էին եւ այս հաւատարիմ Քրիստոնեաները շատ քիչ սուրբ գրային գրականութիւններ կը ստանային։ Սակայն, Եղբայր Տորիին հաւատքը զօրաւոր մնաց։ Ի՞նչպէս։ Ան ըսաւ. «Նպատակակէտ դրած էի ամէն օր առնուազն մէկ ժամ Աստուածաշունչ կարդալ, ինչ որ կարողացայ ընել շուրջ 60 տարի, մինչեւ որ տեսողութիւնս տկարացաւ»։ Տակաւին մինչեւ վերջերս, ամբողջ Աստուածաշունչը մատչելի չէր Ալպաներէնով, բայց Եղբայր Տորին իր մանկութեան Յունարէն սորված էր եւ այդ լեզուով կարդաց Աստուածաշունչը։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնը այլազան փորձութիւններուն մէջ սատար կանգնեցաւ Եղբայր Տորիին. անիկա մեզի ալ կրնայ սատար կանգնիլ։

Աստուծոյ Խօսքին «Փափաքեցէք»

3. Քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք պէտք է մշակեն Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ։

3 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք»։ (Ա. Պետրոս 2։2) Ճիշդ ինչպէս որ նորածին մը իր մօրը կաթին կը տենչայ, իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղող Քրիստոնեաներ Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն մեծ գոհունակութիւն կը ստանան։ Դուք կը բաժնէ՞ք այս զգացումը։ Եթէ չէք բաժներ, մի՛ յուսահատիք։ Դո՛ւք ալ կրնաք Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ զօրաւոր փափաք մշակել։

4. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը առօրեայ սովորութիւն մը դարձնելու մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

4 Ասիկա ընելու համար, նախ դուք ձեզ կրթեցէք որպէսզի Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կանոնաւոր՝ եթէ կարելի է, առօրեայ սովորութիւն մը դարձնէք։ (Գործք 17։11) Թերեւս դուք ամէն օր մէկ ժամ չէք կրնար յատկացնել Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, Նաշօ Տորիի նման, բայց շատ հաւանաբար կրնաք ամէն օր որոշ ժամանակ յատկացնել Աստուծոյ Խօսքը նկատի առնելու համար։ Շատ մը Քրիստոնեաներ քանի մը վայրկեան կանուխ կ’արթննան, Աստուածաշունչի հատուածի մը վրայ խոկալու համար։ Մեր օրը սկսելու համար ասկէ աւելի լաւ կերպ մը կա՞յ։ Ուրիշներ կը նախընտրեն օրուան վերջաւորութեան, պառկելէն քիչ առաջ։ Տակաւին կան անհատներ, որոնք իրենց յարմար եղող ուրիշ ժամանակ մը կը կարդան Աստուածաշունչը։ Կարեւորը՝ Աստուածաշունչ կարդա՛լն է։ Ապա, ձեր կարդացած հատուածին մասին քանի մը վայրկեան խորհելու ժամանակ յատկացուցէք։ Հիմա քանի մը անհատներու օրինակներ նկատի առնենք, որոնք Աստուծոյ Խօսքը կարդալէն ու անոր մասին խորհելէն օգուտներ քաղեցին։

Սաղմոսերգու մը որ Աստուծոյ Խօսքը Սիրեց

5, 6. Թէեւ անունը չենք գիտեր, բայց 119–րդ Սաղմոսը գրողին մասին ի՞նչ կը սորվինք իր գրածը կարդալով ու անոր վրայ խորհելով։

5 119–րդ Սաղմոսը գրողը վստահաբար խոր գնահատութիւն ունէր Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ։ Ո՞վ գրեց այդ սաղմոսը։ Աստուածաշունչին մէջ գրողը բնորոշուած չէ։ Բայց բովանդակութենէն կարգ մը մանրամասնութիւններ կը սորվինք իր մասին եւ կը հասկնանք որ իր կեանքը խնդիրներէ զերծ չէր։ Իր ծանօթներէն ոմանք, որոնք Եհովան պաշտողներ էին, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հանդէպ իր սէրը չէին բաժներ։ Այսուհանդերձ, սաղմոսերգուն թոյլ չտուաւ որ անոնց ընթացքը զինք ետ պահէր շիտակը ընելէն։ (Սաղմոս 119։23) Եթէ մէկու մը հետ կ’ապրիք կամ կ’աշխատիք որ Աստուածաշունչի չափանիշները չի յարգեր, կրնաք սաղմոսերգուին ու ձեր կացութեան միջեւ նմանութիւն մը տեսնել։

6 Սաղմոսերգուն բարեպաշտ մարդ մը ըլլալով հանդերձ, բնաւ ինքնարդար չէր։ Ան անկեղծօրէն ընդունեց իր անկատարութիւնները։ (Սաղմոս 119։5, 6, 67) Սակայն, ան թոյլ չտուաւ որ մեղքը տիրէր իր վրայ։ «Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան», հարցուց ան։ Իր պատասխանն էր՝ «Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով»։ (Սաղմոս 119։9) Ապա, ընդգծելով Աստուծոյ Խօսքին ունեցած ուժեղ զօրութիւնը, սաղմոսերգուն աւելցուց. «Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ»։ (Սաղմոս 119։11) Աստուծոյ դէմ մեղանչելէ մեզ ետ պահող ոյժը, արդարեւ զօրաւո՛ր է։

7. Մասնաւորաբար երիտասարդները ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու կարիքին պէտք է գիտակցին։

7 Լաւ է որ Քրիստոնեայ երիտասարդներ նկատի առնեն սաղմոսերգուին խօսքերը։ Ներկայիս, երիտասարդ Քրիստոնեաները յարձակումի ենթակայ են։ Բանսարկուին սրտին փափաքն է ապականել Եհովայի երկրպագուներու նոր սերունդը։ Սատանայի նպատակակէտն է երիտասարդ Քրիստոնեաները հրապուրել, որպէսզի մարմնաւոր ցանկութիւններու անձնատուր ըլլան եւ Աստուծոյ օրէնքները բեկանեն։ Շարժապատկերներն ու հեռատեսիլի յայտագիրները յաճախ Բանսարկուին խորհուրդները կ’արտացոլացնեն։ Այսպիսի յայտագիրներու աստղերը գրաւիչ ու հաճելի կը թուին. անոնց միջեւ անբարոյ յարաբերութիւնները բնական կը ներկայացուին։ Անոնք ի՞նչ պատգամ կը հաղորդեն։ ‘Սխալ բան մը չէ, երբ չամուսնացած անհատներ իրարու հետ սեռային յարաբերութիւն կ’ունենան, այնքան ատեն որ իրապէս կը սիրեն զիրար’։ Դժբախտաբար, ամէն տարի որոշ թիւով անհատներ այս տրամաբանութեան զոհ կ’երթան։ Անոնցմէ ոմանք իրենց հաւատքը կը կորսնցնեն։ Արդարեւ, ճնշումը առկայ է։ Բայց արդեօք ճնշումը այնքան սաստի՞կ է որ երիտասարդները բնաւ չեն կրնար դէմ դնել։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովա Քրիստոնեայ երիտասարդներուն կերպ մը հայթայթած է, որպէսզի ապառողջ ցանկութիւններու դէմ դնեն։ Անոնք կրնան Բանսարկուին կողմէ հնարուած որեւէ զէնքի դէմ դնել՝ ‘Աստուծոյ Խօսքին համեմատ զգուշութիւն ընելով եւ Աստուծոյ ըսածները իրենց սրտին մէջ պահելով’։ Աստուածաշունչի անձնական կանոնաւոր ուսումնասիրութեան եւ խոկալու համար ո՞րքան ժամանակ կը տրամադրէք։

8. Այս պարբերութեան մէջ ուրուագծուած օրինակները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել որ Մովսիսական Օրէնքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնենք։

8 119–րդ Սաղմոսը գրողը բացագանչեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»։ (Սաղմոս 119։97) Ան ո՞ր օրէնքին ակնարկում կ’ընէր։ Եհովայի յայտնաբերուած խօսքին՝ Մովսիսական Օրէնքն ալ ներառեալ։ Առաջին ակնարկով, ոմանք կրնան վանել Մովսիսական Օրէնքը որպէս հնամենի եւ հարց տալ թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ սիրել զայն։ Սակայն, երբ Մովսիսական Օրէնքին տարբեր երեսակներուն մասին խորհինք, այդ Օրէնքին ետին գտնուող իմաստութիւնը կրնանք գնահատել։ Օրէնքին բազմաթիւ մարգարէական երեսակներէն զատ, կան անոր առողջապահական եւ սննդականոնի պայմանները, որոնք մաքրութեան եւ լաւ առողջութեան կը նպաստէին։ (Ղեւտացւոց 7։23, 24, 26. 11։2-8) Օրէնքը պարկեշտութիւն կը քաջալերէր առեւտրական գործառնութիւններու մէջ եւ կը յորդորէր որ Իսրայելացիները կարեկցութիւն ցոյց տային կարիքի մէջ եղող իրենց հաւատակիցներուն։ (Ելից 22։26, 27. 23։6. Ղեւտացւոց 19։35, 36. Բ. Օրինաց 24։17-21) Դատաստանական վճիռները անաչառութեամբ պէտք էր կատարուէին։ (Բ. Օրինաց 16։19. 19։15) Մինչ 119–րդ Սաղմոսը գրողը աւելի փորձառութիւն ձեռք ձգեց, անկասկած տեսաւ որ Աստուծոյ Օրէնքը կիրարկողները ի՛նչպէս կը յաջողէին եւ Օրէնքին հանդէպ իր սէրը աւելի զօրացաւ։ Այսօր ալ, մինչ Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով յաջողութիւն կը գտնեն, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իրենց սէրն ու գնահատութիւնը կը զօրանայ։

Իշխան մը որ Համարձակեցաւ Տարբեր Ըլլալ

9. Եզեկիա Թագաւորը ի՞նչ կեցուածք մշակեց Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ։

9 119–րդ Սաղմոսին բովանդակութիւնը լաւ կերպով կը յարմարի Եզեկիայի, երբ ան տակաւին երիտասարդ իշխան մըն էր։ Աստուածաշունչի կարգ մը ուսումնականներ կ’եզրակացնեն որ Եզեկիա ինք գրած էր այս սաղմոսը։ Թէեւ ասիկա ստոյգ չէ, բայց մենք գիտենք որ Եզեկիա մեծ յարգանք ունէր Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ։ Իր կեանքի ընթացքով, ան ցոյց տուաւ որ ինք 119–րդ Սաղմոսի խօսքերուն հետ սրտանց կը համաձայնէր։ Աստուածաշունչը Եզեկիայի մասին կ’ըսէ. «[Ան] Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց»։—Դ. Թագաւորաց 18։6

10. Եզեկիայի օրինակը ի՞նչպէս քաջալերութիւն մըն է այն Քրիստոնեաներուն, որոնք հաւատացեալ ծնողներու կողմէ մեծցած չեն։

10 Ամենայնդէպս, Եզեկիա բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ չմեծցաւ։ Իր հայրը, Աքազ Թագաւորը, անհաւատ կռապաշտ մըն էր, որ իր տղոցմէ առնուազն մէկը՝ Եզեկիայի եղբայրը, կրակին մէջ ողջ–ողջ նետելով, կեղծ աստուծոյ զոհ մատուցանած էր։ (Դ. Թագաւորաց 16։3) Հակառակ այս գէշ օրինակին, Եզեկիա Աստուծոյ Խօսքին հետ ծանօթանալով, կրցաւ ‘իր ճամբան մաքրել’ հեթանոս ազդեցութիւններէ։—Բ. Մնացորդաց 29։2

11. Եզեկիա իր անհաւատարիմ հօրը պատահածներուն ի՞նչպէս ականատես եղաւ։

11 Մինչ Եզեկիա կը մեծնար, կրցաւ ուղղակիօրէն տեսնել թէ իր կռապաշտ հայրը պետութեան գործերը ի՛նչպէս կը վարէր։ Յուդա թշնամիներով շրջապատուած էր։ Կար Սուրիացիներու Ռասին Թագաւորը, որ Իսրայէլի Փակէէ Թագաւորին միանալով Երուսաղէմը պաշարեց։ (Դ. Թագաւորաց 16։5, 6) Կային Եդովմայեցիները եւ Փղշտացիները, որոնք յաջող յարձակում մը կատարեցին Յուդայի վրայ եւ նոյնիսկ Յուդայի կարգ մը քաղաքները գրաւեցին։ (Բ. Մնացորդաց 28։16-19) Աքազ ի՞նչպէս ձեռք առաւ այս տագնապները։ Փոխանակ Սուրիոյ դիմադրելու համար Եհովայէ օգնութիւն խնդրելու, Աքազ Ասորեստանի թագաւորին դարձաւ, զինք ոսկիով ու արծաթով կաշառեց, տաճարի գանձերէն ալ առնելով։ Բայց ասիկա մնայուն խաղաղութիւն չբերաւ Յուդայի։—Դ. Թագաւորաց 16։6, 8

12. Ի՞նչ ընելով Եզեկիա իր հօրը գործած սխալները պիտի չկրկնէր։

12 Վերջապէս, Աքազ մեռաւ եւ Եզեկիա թագաւոր եղաւ 25 տարեկան հասակին։ (Բ. Մնացորդաց 29։1) Թէեւ յարաբերաբար երիտասարդ էր, բայց անիկա արգելք չեղաւ որ յաջող թագաւոր մը ըլլար։ Փոխանակ իր անհաւատարիմ հօրը վարքագծին հետեւելու, ան Եհովայի Օրէնքին կառչեցաւ։ Անիկա թագաւորներուն համար մասնայատուկ պատուէր մը կը պարունակէր. «Երբ [թագաւորը] իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։ Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ»։ (Բ. Օրինաց 17։18, 19) Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, Եզեկիա Եհովայէ վախնալ պիտի սորվէր եւ իր անբարեպաշտ հօրը սխալները կրկնելէ պիտի խուսափէր։

13. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնայ վստահ ըլլալ որ հոգեւոր առումով, ի՛նչ որ ընէ պիտի յաջողի։

13 Ո՛չ միայն Իսրայէլի թագաւորներուն քաջալերութիւն տրուած էր որ յարատեւաբար Աստուծոյ Խօսքին մասին մտածեն, այլ, բոլոր աստուածավախ Իսրայելացիներուն ըսուած էր որ նոյնը ընեն։ Առաջին Սաղմոսը իրապէս ուրախ անհատ մը կը նկարագրէ, որպէս մէկը որու «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ»։ (Սաղմոս 1։1, 2) Այսպիսի անհատի մասին սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմոս 1։3) Ասոր հակառակը, Եհովա Աստուծոյ վրայ հաւատք չունեցողին մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։ (Յակոբու 1։8) Բոլորս ալ կ’ուզենք ուրախ ու յաջող ըլլալ։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր եւ իմաստալից ընթերցանութիւնը կրնայ մեր ուրախութեան նպաստել։

Աստուծոյ Խօսքը Սատար Կանգնեցաւ Յիսուսի

14. Յիսուս ի՞նչպէս սէր ցոյց տուաւ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ։

14 Առիթով մը, Յիսուսի ծնողքը զինք գտաւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ, ուր ուսուցիչներուն հետ նստած էր։ Օրէնքի այդ մասնագէտները որքա՜ն «կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ»։ (Ղուկաս 2։46, 47) Ասիկա՝ երբ Յիսուս 12 տարեկան էր։ Այո, նոյնիսկ երբ դեռատի էր, ան իրապէս կը սիրէր Աստուծոյ Խօսքը։ Հետագային, Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները գործածեց Բանսարկուն յանդիմանելու համար, ըսելով. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։3-10) Անկէ անմիջապէս ետք, Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները գործածելով քարոզեց իր մեծցած քաղաքի՝ Նազարէթի՝ բնակիչներուն։—Ղուկաս 4։16-21

15. Ուրիշներուն քարոզելու մէջ Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

15 Յիսուս յաճախ կը գործածէր Աստուծոյ Խօսքը, իր ուսուցումները հաստատելու համար։ Իրեն մտիկ ընողները ‘կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ’։ (Մատթէոս 7։28) Ասիկա զարմանալի չէր, քանի որ Յիսուսի ուսուցումը ուղղակի Եհովա Աստուծմէ կու գար։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ»։—Յովհաննու 7։16, 18

16. Յիսուս ո՞ր աստիճան Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իր ունեցած սէրը ցոյց տուաւ։

16 119–րդ Սաղմոսը գրողին հակառակը, Յիսուսի մէջ «անիրաւութիւն» չկար։ Ան անմեղ էր, Աստուծոյ Որդին, որ «ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ»։ (Փիլիպպեցիս 2։8. Եբրայեցիս 7։26) Կատարեալ ըլլալով հանդերձ, Յիսուս ուսումնասիրեց Աստուծոյ Օրէնքը ու անոր հնազանդեցաւ։ Ասիկա իր ուղղամտութիւնը պահելուն մեծապէս նպաստեց։ Երբ Պետրոս սուր մը գործածեց իր Տիրոջ ձերբակալումը արգիլելու մտքով, Յիսուս յանդիմանեց առաքեալը ու անոր հարցուց. «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։ Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։ (Մատթէոս 26։53, 54) Այո, Սուրբ Գրութիւններուն կատարումը շա՛տ աւելի կարեւորութիւն ունէր Յիսուսի համար, քան բիրտ եւ նուաստացուցիչ մահուընէ իր պրծիլը։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ի՜նչ արտակարգ սէր։

Քրիստոսը Ընդօրինակողներէն Ոմանք

17. Աստուծոյ Խօսքը ո՞րքան կարեւորութիւն ունէր Պօղոս առաքեալի համար։

17 Պօղոս առաքեալ գրեց Քրիստոնեայ հաւատակիցներու. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Իր Տիրոջ նման, Պօղոս Սուրբ Գրութիւններուն հանդէպ սէր մշակեց։ Ան խոստովանեցաւ. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքը շատ կը սիրեմ»։ (Հռովմայեցիս 7։22, Երուսաղէմի Աստուածաշունչը) Պօղոս յաճախ մէջբերումներ կ’ընէր Աստուծոյ Խօսքէն։ (Գործք 13։32-41. 17։2, 3. 28։23) Երբ ան իր վերջին հրահանգները կու տար Տիմոթէոսի, իր սիրելի գործակիցին, Պօղոս շեշտեց թէ Աստուծոյ Խօսքը կարեւոր տեղ մը պէտք էր գրաւէր իւրաքանչիւր «Աստուծոյ մարդ»ուն կեանքին մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։15-17

18. Օրինակ մը թուեցէք, անհատի մը մասին որ արդի ժամանակներուն Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ յարգանք ցոյց տուաւ։

18 Եհովայի արդի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր ալ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ Յիսուսի սէրը ընդօրինակած են։ Այս դարուն սկիզբը, երիտասարդ մը Աստուածաշունչ մը ստացաւ բարեկամուհիէ մը։ Ան բացատրեց այս թանկարժէք նուէրին իր վրայ ունեցած ազդեցութիւնը. «Որոշեցի ամէն օր Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալը կեանքիս մէջ պահանջք մը նկատել»։ Այս երիտասարդը Ֆրետերիք Ֆրանզն էր եւ Աստուածաշունչի հանդէպ իր սէրը զինք մղեց որ Եհովայի ծառայութեան մէջ երկար ու յաջողակ կեանք մը վայելէ։ Ան գուրգուրանքով կը յիշուի, Աստուածաշունչի ամբողջ գլուխներ անգիր մէջբերելու իր կարողութեան համար։

19. Ոմանք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը ի՞նչպէս կը յայտագրեն։

19 Եհովայի Վկաները մեծ շեշտ կը դնեն Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան վրայ։ Ամէն շաբաթ, իրենց քրիստոնէական ժողովներէն մէկուն՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին, պատրաստութեան համար, անոնք Աստուածաշունչէն քանի մը գլուխ կը կարդան։ Այդ ժողովին, Աստուածաշունչի նշանակուած ընթերցանութեան գլխաւոր կէտերուն մասին կը խօսուի։ Կարգ մը Վկաներ, Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը եօթը հատուածներու կը բաժնեն եւ ամէն օր հատուած մը կը կարդան։ Մինչ կը կարդան, նիւթին մասին կը մտածեն։ Երբ հարկ ըլլայ, յաւելեալ փնտռտուքներ կը կատարեն, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններու օգնութեամբ։

20. Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան ժամանակ տրամադրելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։

20 Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալու համար, պէտք է ուրիշ գործունէութիւններէ «ժամանակը ծախու առնէք»։ (Եփեսացիս 5։16) Սակայն, անոր օգուտները, կատարուած զոհողութիւններէն շատ աւելի են։ Մինչ ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալու սովորութիւնը կը մշակէք, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ձեր սէրը պիտի աճի։ Շատ չանցած, սաղմոսերգուին պիտի միանաք ըսելու՝ «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմոս 119։97) Այսպիսի կեցուածք մը մեծ օգուտներ պիտի բերէ հիմա եւ ապագային, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։

Կը Յիշէ՞ք

◻ 119–րդ Սաղմոսը գրողը ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ խոր սէր յայտնաբերեց։

◻ Յիսուսի եւ Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

◻ Անձնապէս Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կրնանք աճեցնել։

[Նկարներ՝ էջ 10]

Հաւատարիմ թագաւորները Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար պէտք էր կարդային։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք

[Նկար՝ էջ 12]

Նոյնիսկ երբ տղեկ մըն էր, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէր ունէր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել