Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 2/15 էջ 28-29
  • «Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնել»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնել»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱՀԱՏԷ
  • ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՈՎ ՈՒՐԱԽԱՑԻՐ
  • Կատարելապէս Եհովային վստահիլը ապահովութեան զգացում կու տայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովա. «Ազատարար»՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 2/15 էջ 28-29
Դաւիթ թագաւոր Եհովային մասին կը խորհրդածէ

«Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնել»

Նեղացուցիչ պարագաները կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ։ Անոնք կրնան մեզ մտազբաղ դարձնել, մեր զօրութիւնը հատցնել եւ կեանքի հանդէպ մեր տեսակէտին ազդել։ Դաւիթ թագաւոր բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեց։ Ան ինչպէ՞ս գլուխ ելաւ անոնց հետ։ Սաղմոսներէն մէկուն մէջ, ան կը պատասխանէ. «Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։ Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։ Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, դուն իմ շաւիղս գիտցար»։ Արդ, Դաւիթ խոնարհաբար աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրեց (Սաղ. 142։1-3)։

Դժուար ժամանակներուն, Դաւիթ խոնարհաբար աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրեց

Ուրիշ սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ տաղերգեց. «Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն ու ասիկա կ’աղաչեմ, որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար» (Սաղ. 27։4)։ Դաւիթ ղեւտացի մը չէր, բայց երեւակայէ թէ ան կեցած է սուրբ գաւիթին դուրսը, ճշմարիտ պաշտամունքին կեդրոնին մօտ։ Դաւիթի սիրտը այնքան երախտապարտութեամբ կը լեցուի, որ ան կը փափաքի իր կեանքին մնացեալ օրերը հոն անցընել եւ այսպէս «Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնել»։

«Վայելչութիւն» բառը առնչուած է «մտքին, զգացումներուն եւ զգայարանքներուն հաճելի ըլլալ»ուն։ Դաւիթ միշտ գնահատեց Աստուծոյ պաշտամունքի կարգադրութիւնը։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Դաւիթի նման կը զգա՞մ’։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱՀԱՏԷ

Մեր օրերուն, Եհովային մօտենալու կարգադրութիւնը չէ կեդրոնացած բառացի կառոյցի վրայ։ Փոխարէն, անիկա կը պարփակէ Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարը,– ճշմարիտ պաշտամունքի սուրբ կարգադրութիւնըa։ Եթէ այս կարգադրութիւնը գնահատենք, մենք ալ կրնանք «Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնել»։

Նկատի առ ողջակէզի պղինձէ զոհասեղանը, որ խորանին մուտքը կը գտնուէր (Ել. 38։1, 2. 40։6)։ Զոհասեղանը կը ներկայացնէր Յիսուսի մարդկային կեանքը որպէս զոհ ընդունելու Աստուծոյ կամեցողութիւնը (Եբ. 10։5-10)։ Պահ մը մտածէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը» (Հռով. 5։10)։ Յիսուսի թափուած արիւնին հաւատք ընծայելով, կրնանք Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ եւ իր հաճութիւնն ու վստահութիւնը վայելել (Սաղ. 25։14)։

Քանի որ մեր ‘մեղքերը կը ջնջուին’, Եհովային կողմէ «սփոփանքի ժամանակներ» կը վայելենք (Գործք 3։19, 20)։ Մեր պարագան նման է բանտարկեալի մը պարագային, որ անցեալին գործած իր սխալներուն համար կը զղջայ եւ արմատական փոփոխութիւններ կ’ընէ, մինչ կը սպասէ որ մահապատիժի ենթարկուի։ Բարեսէր դատախազ մը ասիկա նշմարելով, կը մղուի անոր արձանագրութիւնը ճերմկցնելու եւ մահավճիռը չեղեալ նկատելու։ Բանտարկեալը որքա՜ն կը հանգստանայ ու կը խանդավառուի։ Այդ դատախազին նման, Եհովան զղջացող մարդոց կը հաճի եւ մահուան դատապարտութիւնը կը ջնջէ։

ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՈՎ ՈՒՐԱԽԱՑԻՐ

Աստուծոյ տան մէջ, Դաւիթ կրնար նկատել ճշմարիտ պաշտամունքի կարգ մը երեսակները, ինչպէս՝ հաւատակիցներու համախմբումը, Օրէնքին հանրապէս կարդացուիլն ու բացատրուիլը, խունկ ծխելը եւ քահանաներուն ու ղեւտացիներուն մատուցած սուրբ ծառայութիւնը (Ել. 30։34-38. Թուոց 3։5-8. Բ. Օր. 31։9-12)։ Վաղեմի իսրայէլի ճշմարիտ պաշտամունքի այս երեսակները իրենց արդի զուգահեռը ունին։

Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս «ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։ Աշխարհածաւալ ‘եղբայրութեան’ թիւը հետզհետէ բարձրացած է (Ա. Պետ. 2։17)։ Մեր ժողովներուն մէջ, Աստուծոյ Խօսքը հանրապէս կը կարդացուի եւ կը բացատրուի։ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ ցուցմունքներու ճոխ յայտագիր մատակարարած է։ Ինչպէս նաեւ մեր անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար բազմաթիւ հրատարակութիւններ մատչելի են։ Կառավարիչ մարմինի անդամ մը դիտել տուաւ. «Եհովայի Խօսքին ու անոր իմաստին վրայ խոկալը եւ խորատեսութիւն ու հասկացողութիւն փնտռելը, իմ ժամերս հոգեւոր հարստութեամբ ու գոհունակութեամբ լեցուցած են»։ Արդարեւ, ‘գիտութիւնը կրնայ մեր հոգիին ախորժելի ըլլալ’ (Առ. 2։10)։

Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաներուն ընդունելի աղօթքները ամէն օր իրեն կը բարձրանան։ Եհովային համար, այսպիսի աղօթքներ հոտաւէտ խունկի նման են (Սաղ. 141։2)։ Որքա՜ն հաճելի է գիտնալ որ Եհովան մեծապէս կ’ուրախանայ, երբ խոնարհ աղօթքով իրեն մօտենանք։

Մովսէս աղօթեց. «Մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։ Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ» (Սաղ. 90։17)։ Մինչ նախանձախնդրաբար մեր ծառայութիւնը կը կատարենք, Եհովան մեր աշխատանքը կ’օրհնէ (Առ. 10։22)։ Թերեւս ոմանց օգնած ենք ճշմարտութիւնը սորվելու։ Կրնայ ըլլալ որ տարիներէ ի վեր ծառայութեան կը մասնակցինք՝ հակառակ անտարբերութեան, հիւանդութեան, զգացական ցաւի կամ հալածանքի (Ա. Թես. 2։2)։ Բայց եւ այնպէս, «Տէրոջը վայելչութիւնը» տեսած ենք եւ կը գիտակցինք թէ երկնաւոր Հայրը մեր ջանքերը մեծապէս կը գնահատէ։

Դաւիթ տաղերգեց. «Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը. իմ վիճակս դուն պիտի պահես։ Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ» (Սաղ. 16։5, 6)։ Դաւիթ երախտապարտ էր այս «բաժին»ին, այսինքն՝ Եհովայի հետ ընդունելի փոխյարաբերութիւն եւ իրեն ծառայելու առանձնաշնորհում ունենալուն համար։ Դաւիթի նման, թերեւս դժուարութիւններ ունենանք, սակայն բազմաթի՜ւ հոգեւոր օրհնութիւններ կը վայելենք։ Ուստի, շարունակե՛նք ճշմարիտ պաշտամունքով ուրախանալ եւ միշտ Եհովային հոգեւոր տաճարը գնահատենք։

a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1996 թիւը, էջ 11-21։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել