Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կվյ դաս 20
  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է
  • Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
  • ԱՄՓՈՓՈՒՄ
  • ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
  • Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • ‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • ‘Երէցները կանչէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
կվյ դաս 20
Դաս 20։ Եհովայի վկաներու ժողովի մը ընթացքին, եղբայր մը հարցում մը կը հարցնէ եւ տարբեր անհատներ ձեռքերնին կը բարձրացնեն պատասխանելու համար։

ԴԱՍ 20

Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է

Նկար
Նկար
Նկար

Եհովան կարգուկանոնի Աստուած է (Ա. Կորնթացիս 14։33, 40)։ Ուստի, կ’ակնկալենք որ իր ժողովուրդը կազմակերպուած ըլլայ։ Քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր թիկունք կանգնիլ։

1. Ո՞վ է ժողովքին գլուխը

«Քրիստոս ժողովքին գլուխն է» (Եփեսացիս 5։23, ՆԱ)։ Ան երկինքէն կ’առաջնորդէ Եհովայի ժողովուրդին գործունէութիւնները համայն աշխարհի մէջ։ Յիսուս նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»,– փորձառու երէցներու պզտիկ խումբ մը, որ նաեւ կը կոչուի Կառավարիչ մարմին (կարդա՛ Մատթէոս 24։45-47)։ Կառավարիչ մարմինը բոլոր ժողովքներուն ուղղութիւններ կու տայ, ճիշդ ինչպէս որ առաջին դարուն, Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաքեալները եւ երէցները ըրին (Գործք 15։2)։ Բայց Կառավարիչ մարմինի անդամները մեր կազմակերպութեան առաջնորդները չեն։ Անոնք առաջնորդութեան համար Եհովային ու իր Խօսքին կը դիմեն եւ Յիսուսի գլխաւորութիւնը կ’ընդունին։

2. Երէցներուն դերը ի՞նչ է

Երէցները հասուն քրիստոնեաներ են, որոնք Սուրբ Գիրքէն կը սորվեցնեն եւ Եհովայի ժողովուրդին կ’օգնեն ու կը քաջալերեն։ Անոնք իրենց ըրածին համար դրամ չեն առներ։ Անոնք կը ծառայեն «կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ» (Ա. Պետրոս 5։1, 2)։ Երէցներուն կ’օգնեն օգնական ծառաները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան երէցներ ըլլալ։

Կառավարիչ մարմինը կարգ մը երէցներ կը նշանակէ, որ շրջանային տեսուչներ ըլլան։ Անոնք ժողովքներուն կ’այցելեն, որպէսզի ուղղութիւն եւ քաջալերանք տան։ Անոնք երէց կամ օգնական ծառայ կը նշանակեն այն եղբայրները, որոնք Սուրբ Գիրքին պահանջած որակումները ունին (Ա. Տիմոթէոս 3։1-10, 12. Տիտոս 1։5-9)։

3. Ամէն մէկ Վկայի դերը ի՞նչ է

Ամէն մէկ Վկայ ‘Տէրոջը անունը կ’օրհնէ’, ժողովներուն մասնակցելով եւ քարոզչութեան մէջ բաժին բերելով իր պարագաներուն ներած չափով (կարդա՛ Սաղմոս 148։12, 13)։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ տեսակ առաջնորդ է, երէցները ինչպէ՛ս ջանք կ’ընեն որ իր օրինակին հետեւին եւ մենք ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսին ու երէցներուն հետ համագործակցիլ։

4. Յիսուս ազնիւ առաջնորդ է

Յիսուս մեզի ջերմ հրաւէր մը կու տայ։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 11։28-30 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուս ինչպիսի՞ առաջնորդ մըն է եւ ի՞նչ կ’ուզէ որ զգանք։

Երէցները ինչպէ՞ս Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

ՎԻՏԷՕ. Նեփալի երկրաշարժէն ետք՝ երէցները օգնութեան կը հասնին (4։56)

Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կը սորվեցնէ, թէ երէցները ինչպէ՛ս պէտք է ընեն իրենց գործը։

Կարդացէ՛ք Եսայի 32։2 եւ Ա. Պետրոս 5։1-3 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ի՞նչ կը զգաս, գիտնալով որ Յիսուսին պէս, երէցները կը ջանան ուրիշները թարմացնել։

  • Երէցները ուրիշ ի՞նչ կերպերով ալ կ’ընդօրինակեն Յիսուսը։

5. Երէցները իրենց օրինակով կը սորվեցնեն

Յիսուս կ’ուզէ որ երէցները իրենց դերը ինչպէ՞ս նկատեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

ՎԻՏԷՕ. Երէցները առաջնորդութիւնը կ’առնեն (7։39)

Յիսուս ուղղութիւն տուաւ անոնց համար, որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 23։8-12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ ուղղութիւն տուած է երէցներուն համար։ Կը կարծե՞ս որ կրօնական առաջնորդները Սուրբ Գիրքին ըսածին կը հետեւին։

Ա. Երէց մը իր եւ իր ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ։ 1. Ան Սուրբ Գիրքը կարդալէ առաջ կ’աղօթէ։ 2. Ան իր կնոջ հետ իր պզտիկ աղջկան կը սորվեցնէ Սուրբ Գիրքին մասին։ Բ. Նոյն երէցը եւ իր կինը իրենց ժողովքէն եղող հիւանդ քրոջ մը կ’այցելեն հիւանդանոցին մէջ։ Գ. Նոյն երէցը տղամարդու մը կը քարոզէ անոր տան առջեւ։ Դ. 1. Նոյն երէցը ժողովի մը ընթացքին դասախօսութիւն կու տայ։ 2. Ան Թագաւորութեան սրահի մը գետինը կը սրբէ։
  1. Ա. Երէցները իրենք զիրենք եւ իրենց ընտանիքները հոգեւորապէս զօրաւոր կը պահեն

  2. Բ. Երէցները ամբողջ ժողովքին հոգ կը տանին

  3. Գ. Երէցները կանոնաւորաբար կը քարոզեն

  4. Դ. Երէցները կը սորվեցնեն։ Բայց նաեւ սրահը կը մաքրեն եւ ուրիշ պարտականութիւններ կ’ընեն

6. Կրնանք երէցներուն հետ համագործակցիլ

Սուրբ Գիրքը մեզի կու տայ կարեւոր պատճառ մը, որ երէցներուն հետ համագործակցինք։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 13։17 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ կ’ըսէ, որ պէտք է յօժարաբար հնազանդինք անոնց, որոնք առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

Կարդացէ՛ք Ղուկաս 16։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ պէտք է երէցներուն հետ համագործակցինք, նոյնիսկ եթէ երեւի թէ հարցը շատ կարեւոր չէ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Պէտք չկայ որ կազմակերպուած կրօնքի մը միանաս»։

  • Ըստ քեզի, անհատ մը ինչպէ՞ս կ’օգտուի՝ ժողովքի մը մէկ մասը ըլլալով։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Յիսուս ժողովքին գլուխն է։ Մենք ուրախութեամբ կը համագործակցինք անոր առաջնորդութեան տակ ծառայող երէցներուն հետ, քանի որ մեզ կը թարմացնեն եւ իրենց օրինակով մեզի կը սորվեցնեն։

Վերաքաղ

  • Ո՞վ է ժողովքին գլուխը։

  • Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կ’օգնեն։

  • Եհովային ամէն մէկ ծառային դերը ի՞նչ է։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ներկայիս Կառավարիչ մարմինը եւ ուրիշ երէցներ ինչպէ՛ս մեծապէս հետաքրքրուած են հաւատակիցներով։

Արգելքի տակ գտնուող եղբայրները զօրացնել (4։22)

Նկատի առ թէ շրջանային տեսուչները ի՛նչ գործ կ’ընեն։

Շրջանային տեսուչ մը կ’այցելէ կղզի մը (4։51)

Կարդա՛ ժողովքին մէջ կիներուն դերին մասին։

«Եհովայի վկաները կիներուն սորվեցնելու պատասխանատուութիւն կու տա՞ն» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Տե՛ս թէ երէցները ինչպէ՛ս ծանր կ’աշխատին, որպէսզի իրենց հաւատակիցները քաջալերեն։

«Երէցները ‘գործակիցներ են մեր ուրախութեան’» (Դիտարան 15 յունուար 2013)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել