Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան 1998 | Նոյեմբեր 1
    • 4. (ա) Քրիստոնէական շինարարութեան մէջ Պօղոսի դերը ի՞նչ էր։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուս եւ իր ունկնդիրները լաւ հիմերու կարեւորութիւնը գիտէին։

      4 Շինարարութիւն մը կայուն եւ դիմացկուն ըլլալու համար, լաւ հիմի պէտք ունի։ Ուստի, Պօղոս գրեց. «Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի»։ (Ա. Կորնթացիս 3։10) Նման պատկեր մը գործածելով, Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ տան մը մասին որ փոթորիկէն կանգուն մնաց, քանի որ զայն կառուցանողը հաստատուն հիմ մը ընտրած էր։ (Ղուկաս 6։47-49) Յիսուս հիմերու կարեւորութեան լաւ ծանօթ էր։ Ինք ներկայ էր երբ Եհովա երկրի հիմերը դրաւ։a (Առակաց 8։29-31) Յիսուսի ունկնդիրներն ալ լաւ հիմերուն արժէքը գիտէին։ Միայն լաւ հիմ ունեցող տուներն էին որ Պաղեստինի մէջ երբեմն պատահած հեղեղներուն եւ երկրաշարժներուն կանգուն կը մնային։ Արդ, Պօղոսի մտքին մէջ եղած հիմը ի՞նչ էր։

  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան 1998 | Նոյեմբեր 1
    • a «Երկրի հիմերը» արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել երկիրը՝ եւ երկնային բոլոր մարմինները՝ իրենց տեղը կանգուն պահող ֆիզիքական ուժերուն։ Ասկէ զատ, երկիրը այնպէս մը շինուած է որ անիկա բնաւ պիտի «չխախտի» կամ կործանի։—Սաղմոս 104։5

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել