Ձեր սիրտը ներատեսութեան բացէք
«Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը [«ներատեսութիւնը», ՆԱ] անոր բերնէն են»։—ԱՌԱԿԱՑ 2։6
1. Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը ներատեսութեան բանալ։
ԵՀՈՎԱ մեր Հոյակապ Ուսուցիչն է։ (Եսայեայ 30։20, 21, ՆԱ) Սակայն ի՞նչ պէտք է ընենք իր Խօսքին մէջ յայտնուած ‘Աստուծոյ գիտութենէն’ օգտուելու համար։ Նախ՝ պէտք է մեր ‘սիրտը ներատեսութեան բանանք’, այսինքն, սրտանց պէտք է փափաքինք այս յատկութիւնը ձեռք ձգել ու ցուցադրել։ Ասիկա ընելու համար Աստուծոյ պէտք է դիմենք, քանի որ իմաստուն մարդը ըսաւ. «Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը [«ներատեսութիւնը», ՆԱ] անոր բերնէն են»։ (Առակաց 2։1-6) Ի՞նչ են գիտութիւնը, իմաստութիւնն ու ներատեսութիւնը։
2. (ա) Ի՞նչ է գիտութիւնը։ (բ) Ի՞նչպէս կը սահմանէք իմաստութիւնը։ (գ) Ի՞նչ է ներատեսութիւնը։
2 Գիտութիւնը՝ փորձառաբար, դիտարկութեամբ կամ ուսումնասիրութեամբ ձեռք ձգուած իրողութիւններու ընտելանալ է։ Իմաստութիւնը՝ գիտութիւնը գործադրելու կարողութիւնն է։ (Մատթէոս 11։19, ՆԱ) Սողոմոն Թագաւոր իմաստութիւն ցուցադրեց, երբ երկու կիներ միեւնոյն զաւակը կը պահանջէին, եւ իր զաւկին հանդէպ մօր մը նուիրումին մասին իր գիտութիւնը գործածելով, վիճաբանութեան վերջ դրաւ։ (Գ. Թագաւորաց 3։16-28) Ներատեսութիւնը՝ «սուր դատողութիւն» է։ Անիկա «մտքին այն ընդունակութիւնը կամ կարողութիւնն է, որով անհատ մը իրերը մէկը միւսէն կը զատորոշէ»։ (Ուէպսթըրի Տիեզերական Բառարան, Անգլերէն) Եթէ մեր սիրտը ներատեսութեան տանք, Եհովա զայն պիտի շնորհէ մեզի իր Որդւոյն միջոցաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։1, 7) Սակայն, ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կեանքի զանազան երեսակներուն կ’ազդէ։
Ներատեսութիւնը ու Մեր Խօսակցութիւնը
3. Առակաց 11։12, 13–ը ի՞նչպէս կը բացատրէք, եւ ի՞նչ կը նշանակէ «պակասասիրտ» արտայայտութիւնը։
3 Ներատեսութիւնը կ’օգնէ գիտնալու թէ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ։ (Ժողովողի 3։7) Այս յատկութիւնը նաեւ մեր խօսածներուն նկատմամբ մեզ զգոյշ կը դարձնէ։ Առակաց 11։12, 13–ը կ’ըսէ. «Պակասամիտ [«պակասասիրտ», ՆԱ] եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ, բայց խոհեմ [«լայն ներատեսութիւն ունեցող», ՆԱ] մարդը կը լռէ։ Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ»։ Այո, ուրիշ մը արհամարհող այր մը կամ կին մը, «պակասասիրտ» է։ Ըստ բառարանագիր Ուիլհելմ Կէզէնյուսի, այսպիսի անհատ մը «հասկացողութենէ զուրկ է»։ Ան առողջ դատողութեան պակասը ունի եւ «սիրտ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ որ ներքին մարդուն դրական յատկութիւնները պակասաւոր են։ Եթէ անհատ մը ինքզինք Քրիստոնեայ կ’անուանէ ու կը շարունակէ շատախօսել՝ զրպարտութեան կամ նախատինքի աստիճան, նշանակուած երէցները գործի պէտք է լծուին, ժողովքին մէջ այսպիսի վատառողջ կացութեան մը վերջ դնելու։—Ղեւտացւոց 19։16. Սաղմոս 101։5. Ա. Կորնթացիս 5։11
4. Ներատես ու հաւատարիմ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը վարուին գաղտնապահութիւն պահանջող տեղեկութեանց հետ։
4 Այդ «պակասասիրտ»ներուն ճիշդ հակառակը, «լայն ներատեսութիւն ունեցող»ները ի պահանջեալ հարկին՝ լուռ կը մնան։ Անոնք գաղտնիք մը չեն յայտներ։ (Առակաց 20։19) Գիտակցելով թէ անզուսպ խօսակցութիւնը վնաս կրնայ հասցնել, ներատես անհատները «հաւատարիմ հոգի» ունին։ Անոնք իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ հաւատարիմ են եւ գաղտնապահութիւն պահանջող հարցեր չեն հրապարակեր, որոնք կրնան վնաս հասցնել։ Եթէ ներատես Քրիստոնեաներ ժողովքին հետ կապ ունեցող գաղտնի պահուելիք որեւէ տեղեկութիւն ստանան, անիկա իրենք իրենց կը պահեն, մինչեւ որ Եհովայի կազմակերպութիւնը յարմար տեսնէ հրատարակութեան իր յատուկ միջոցներով զայն յայտնել։
Ներատեսութիւնը ու Մեր Վարքը
5. ‘Յիմարներ’ը ի՞նչպէս կը նկատեն թոյլ վարքը, եւ ինչո՛ւ։
5 Աստուածաշունչի առակները կ’օգնեն մեզի ներատեսութիւն գործածելու եւ անպատշաճ ընթացքէ խուսափելու։ Առակաց 10։23–ը կ’ըսէ. «Չարութիւն ընելը [«թոյլ վարքը», ՆԱ] յիմարին զբօսանքն է, բայց խոհեմ [«ներատես», ՆԱ] մարդունը՝ իմաստութիւնը»։ Թոյլ վարքը իրենց «զբօսանք»ը ընողները, իրենց ընթացքին նկատմամբ կոյր են եւ հաշուի չեն առներ Աստուած, որու ամէն մարդ հաշիւ պիտի տայ։ (Հռովմայեցիս 14։12) Այսպիսի ‘յիմարներ’ իրենց դատողութեան մէջ կ’ապականին այն աստիճան, որ կ’ենթադրեն թէ Աստուած իրենց յանցագործութիւնները չի տեսներ։ Հետեւաբար, իրենց գործերով ըսել կ’ուզեն՝ «Աստուած չկայ»։ (Սաղմոս 14։1-3. Եսայեայ 29։15, 16) Աստուածային սկզբունքներով ղեկավարուած չըլլալով, անոնք ներատեսութեան պակասը ունին, եւ չեն կրնար հարցերը շիտակ կերպով դատել։—Առակաց 28։5
6. Թոյլ վարքը ինչո՞ւ յիմարութիւն է, եւ ի՞նչպէս պիտի նկատենք զայն եթէ ներատեսութիւն ունինք։
6 ‘Ներատես մարդ’ը կը գիտակցի որ թոյլ վարքը «զբօսանք» կամ խաղ մը չէ։ Ան գիտէ թէ ատիկա Աստուած կը տհաճեցնէ եւ անոր հետ մեր յարաբերութիւնը կրնայ խորտակել։ Այսպիսի վարմունք մը յիմարական է, քանի որ անհատին արժանապատուութիւնը կը կորսնցնէ, ամուսնութիւններ կը քանդէ, մտքին ու մարմնին կը վնասէ եւ հոգեւորականութիւնը կորսնցնելու կ’առաջնորդէ։ Հետեւաբար, մեր սրտերը ‘ներատեսութեան բանանք’ եւ խուսափինք թոյլ վարքէ եւ որեւէ տեսակի անբարոյութենէ։—Առակաց 5։1-23
Ներատեսութիւնը ու Մեր Հոգին
7. Բարկութեան ֆիզիքական հետեւանքներէն ոմանք ի՞նչ են։
7 Մեր սիրտը ներատեսութեան տալը մեր հոգին զսպելու ալ կ’օգնէ։ «Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է [«ներատեսութիւն ունի», ՆԱ]» կ’ըսէ Առակաց 14։29–ը, «իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ»։ Ներատես անձ մը կը ջանայ անզուսպ բարկութենէ խուսափիլ, պատճառը այն է թէ բարկութիւնը մեր ֆիզիքականին վրայ ժխտական անդրադարձներ կ’ունենայ։ Անիկա կրնայ արեան ճնշումը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ շնչառական հիւանդութիւններու առաջնորդել։ Բժիշկները բարկութեան ու զայրոյթին կ’ակնարկեն որպէս յուզումներ, որոնք շնչարգելութեան, մորթի ու մարսողական բարդութիւններու եւ ստամոքսային կեղերու նման հիւանդութիւններ կը պատճառեն, կամ զանոնք կը վատթարացնեն։
8. Անհամբեր ըլլալը ի՞նչ բանի կրնայ առաջնորդել, սակայն այս պարագային ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ։
8 Միայն մեր առողջութեան վնասելէ խուսափելու միտումով չէ որ պէտք է ներատեսութիւն գործածենք եւ «երկայնամիտ» ըլլանք։ Անհամբեր ըլլալը յիմարական արարքներու կրնայ առաջնորդել, որոնց համար կրնանք ափսոսալ։ Ներատեսութիւնը թոյլ կու տայ որ նկատի առնենք անսանձ խօսակցութեան ու անխոհեմ վարմունքին հետեւանքը եւ մեզ հեռու կը պահէ անխոհեմ բան մը ընելու ‘յիմարութենէն’։ Ներատեսութիւնը մասնաւորաբար կ’օգնէ մեզի գիտակցելու որ զայրոյթը մեր մտային գործելակերպը կրնայ խանգարել, առողջ դատողութիւն գործածելու արգելք ըլլալով։ Ասիկա աստուածային կամքը ի գործ դնելու եւ Աստուծոյ արդար սկզբունքներուն համաձայն ապրելու մեր կարողութիւնը կրնայ տկարացնել։ Այո, անզուսպ բարկութեան տեղի տալը մեր հոգեւորականութեան կը վնասէ։ Յիրաւի, «բարկութիւններ»ը դասաւորուած են «մարմնին գործեր»ուն մէջ եւ կրնան մեզ զրկել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ժառանգելէն։ (Գաղատացիս 5։19-21) Ուստի, որպէս ներատես Քրիստոնեաներ, թող որ ‘արագ ըլլանք լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ’։—Յակոբու 1։19
9. Ներատեսութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնան անհամաձայնութիւնները հարթել։
9 Եթէ պատահի որ բարկանանք, ներատեսութիւնը կրնայ յիշեցնել որ մեր հանդարտութիւնը պէտք է պահենք, բախումէ մը խուսափելու համար։ Առակաց 17։27 կ’ըսէ. «Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ [«ներատես», ՆԱ] է»։ Ներատեսութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը պիտի օգնեն որ վնասակար խօսքեր ձաբռտելու որեւէ հակում զսպելու կարիքը տեսնենք։ Եթէ բարկութեան պոռթկում մը արդէն տեղի ունեցած է, սէրն ու խոնարհութիւնը պիտի մղեն մեզ որ ներողութիւն խնդրենք, եւ հատուցում ընենք։ Բայց սեպենք թէ մէկը վիրաւորեց մեզ։ Այդ պարագային, իրեն հետ առանձին խօսինք մեղմ ու խոնարհ կերպով, մեր գլխաւոր նպատակը ըլլալով խաղաղութիւն յառաջացնել։—Մատթէոս 5։23, 24. 18։15-17
Ներատեսութիւնը ու Մեր Ընտանիքը
10. Իմաստութիւնն ու ներատեսութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղան ընտանեկան կեանքէն ներս։
10 Ընտանիքի անդամները պէտք է իմաստութիւն ու ներատեսութիւն ցուցաբերեն, քանի որ այս յատկութիւնները կը կերտեն ընտանիք մը։ Առակաց 24։3, 4–ը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով [«ներատեսութեամբ», ՆԱ] կը հաստատուի։ Շտեմարանները գիտութեամբ եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին»։ Իմաստութիւնն ու ներատեսութիւնը յաջող ընտանեկան կեանքի մը ընտիր աղիւսներուն կը նմանին։ Ներատեսութիւնը կ’օգնէ քրիստոնեայ ծնողներուն որ իրենց զաւակներուն զգացումներն ու մտահոգութիւնները դրսեւորեն։ Ներատես անհատ մը հաղորդակցելու, մտիկ ընելու եւ իր կողակիցին զգացումներուն ու մտածումներուն խորը թափանցելու կարողութիւնը ունի։—Առակաց 20։5
11. Ներատես ամուսնացած կին մը ի՞նչպէս կրնայ ‘իր տունը շինել’։
11 Իմաստութիւնն ու ներատեսութիւնը աներկբայելիօրէն կենսական են ընտանեկան երջանիկ կեանքի մը համար։ Զոր օրինակ, Առակաց 14։1–ը կ’ըսէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ»։ Իմաստուն եւ ներատես ամուսնացած կին մը, որ պատշաճօրէն իր ամուսնոյն գլխաւորութեան կը հպատակի, տքնաջան պիտի աշխատի իր տան անդամներուն բարիքին համար, հետեւաբար՝ իր տունը շինելու պիտի սատարէ։ ‘Իր տունը շինելու’ կերպերէն մէկն է, իր ամուսնոյն մասին միշտ գովասանքով խօսիլ, որպէսզի անոր հանդէպ ուրիշներուն յարգանքը աւելցնէ։ Իսկ, Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունեցող առաքինի ու ներատես կինը գովասանք կը շահի։—Առակաց 12։4. 31։28, 30
Ներատեսութիւնը ու Մեր Կեանքի Ընթացքը
12. «Պակասասիրտ» անհատները ի՞նչպէս կը նկատեն յիմարութիւնը եւ ինչո՛ւ։
12 Ներատեսութիւնը կ’օգնէ որ մեր բոլոր գործառնութիւններուն մէջ պատշաճ ընթացք մը պահպանենք։ Ասոր կը մատնանշուի Առակաց 15։21–ի մէջ որ կ’ըսէ. «Պարզամիտ [«պակասասիրտ», ՆԱ] մարդուն՝ յիմարութիւնը զբօսանք է, բայց իմաստուն [«ներատեսութիւն ունեցող», ՆԱ] մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը»։ Այս առակը ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։ Յիմարական կամ անմիտ ընթացք մը անզգամ այրերու, կիներու եւ երիտասարդներու համար զուարճութեան աղբիւր մըն է։ Անոնք «պակասասիրտ» են, լաւ մղում չունին, եւ այնքան անմիտ են, որ յիմարութեամբ կը զուարճանան։
13. Սողոմոն ի՞նչ բան ըմբռնեց ծիծաղին ու թեթեւամտութեան մասին։
13 Իսրայէլի ներատես Սողոմոն Թագաւորը իմացաւ որ թեթեւամտութիւնը անարժէք է։ Ան ընդունեց. «Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. ‘Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցաւ քեզ փորձեմ’, ուստի բարիքներ վայելէ։ Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Ծիծաղին համար ըսի. ‘Յիմար է’ եւ ուրախութեանը համար՝ ‘Ասոր ըրածը ի՞նչ է’»։ (Ժողովողի 2։1, 2) Որպէս ներատես մարդ մը, Սողոմոն փորձառաբար գիտցաւ թէ զուարճութիւնն ու ծիծաղը գոհացում չեն տար, քանի որ անոնք իսկական եւ մնայուն ուրախութիւն չեն տար։ Ծիծաղը կրնայ օգնել որ մեր դժուարութիւնները ժամանակաւորապէս մոռնանք, սակայն, անկէ ետք, անոնք կրնան աւելի մեծ տարողութեամբ երեւան ելլել։ Արդարեւ, Սողոմոն կրնար ծիծաղին մասին խօսիլ որպէս ‘յիմարութիւն’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անխոհեմ ծիծաղը կրնայ առողջ դատողութիւնը մթագնել։ Անիկա պատճառ կրնայ ըլլալ որ շատ լուրջ խնդիրներ թեթեւի առնուին։ Պալատի միմոսի մը խօսքերէն ու շարժուձեւերէն յառաջ եկած զուարճութիւնը կարելի չէ արժէքաւոր նկատել։ Ծիծաղին ու զուարճութեան հետ Սողոմոնի ունեցած փորձառութեան նշանակութիւնը ըմբռնելը մեզի կ’օգնէ որ «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» ըլլալէ խուսափինք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 4
14. Ներատեսութիւն ունեցող մարդը ի՞նչպէս «կ’ուղղէ իր ընթացքը»։
14 Ներատեսութիւն ունեցող մարդը ի՞նչպէս «կ’ուղղէ իր ընթացքը»։ Հոգեւոր ներատեսութիւնն ու աստուածային սկզբունքները գործադրելը մարդիկը կ’առաջնորդեն ուղիղ եւ պարկեշտ ընթացքի մը։ Արեւելահայերէն Արարատ թարգմանութիւնը ուղղակիօրէն կ’ըսէ. «Յիմարութիւնը ուրախութիւն է պակասամիտի համար. բայց խոհեմ [«ներատես», ՆԱ] մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը»։ «Ներատես մարդը» շիտակ ճամբաներու մէջ կ’ուղղէ իր ոտքերը եւ կարող է բարին ու չարը զանազանել, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը կը կիրարկէ իր կեանքին մէջ։—Եբրայեցիս 5։14. 12։12, 13
Միշտ Եհովայի Դիմենք Ներատեսութեան Համար
15. Առակաց 2։6-9–էն ի՞նչ կը սորվինք։
15 Կեանքի մէջ ուղիղ ընթացքի մը հետեւելու համար, բոլորս ալ պէտք է ընդունինք մեր անկատարութիւնը եւ Եհովայի դիմենք հոգեւոր ներատեսութեան համար։ Առակաց 2։6-9 կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը [«ներատեսութիւնը», ՆԱ] անոր բերնէն են։ Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է, որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։ Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս»։—Բաղդատել՝ Յակոբու 4։6։
16. Ինչո՞ւ Եհովայի դէմ իմաստութիւն, ներատեսութիւն կամ խորհուրդ չկայ։
16 Գիտակցելով որ Եհովայէ կախեալ ենք, թող որ խոնարհաբար փորձենք հասկնալ իր կամքը, իր Խօսքը խորապէս պեղելով։ Ան բառին բուն առումով իմաստութիւն ունի, եւ իր խրատը միշտ օգտակար է։ (Եսայեայ 40։13. Հռովմայեցիս 11։34) Իրականութեան մէջ, որեւէ խրատ որ կը հակասէ իր Խօսքին, անարժէք է։ Առակաց 21։30–ը կ’ըսէ. «Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ որ Տէրոջը դէմ կենայ»։ (Բաղդատել՝ Առակաց 19։21։) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ հայթայթուած գրականութիւններու օժանդակութեամբ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով, մշակուած ներատեսութիւնն է որ պիտի օգնէ մեզի կեանքի մէջ պատշաճ ընթացք մը հետապնդելու։ (Մատթէոս 24։45-47) Ուստի, Եհովայի խրատին հետ ներդաշնակ կեանք մը վարենք, գիտնալով որ հակասական խրատ մը որքան ալ ընդունելի թուի, չի կրնար Իր Խօսքին հաւասարիլ։
17. Սխալ խրատ մը տալուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
17 Ներատես Քրիստոնեաներ, որոնք խրատ կու տան, կ’ընդունին թէ անիկա Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ եւ թէ հարցումի մը պատասխանելէ առաջ, հարկ է Աստուածաշունչը հետազօտել ու այդ մասին խորհրդածել։ (Առակաց 15։28) Եթէ լուրջ խնդիրներու շուրջ եղած հարցումներուն սխալ պատասխաններ տրուին, հետեւանքը մեծ վնաս կրնայ ըլլալ։ Ուստի, քրիստոնեայ երէցները հոգեւոր ներատեսութեան պէտք ունին եւ Եհովայի առաջնորդութիւնը ունենալու համար պէտք է աղօթեն, երբ կը փորձեն հաւատակիցներուն հոգեւորապէս օգնել։
Հոգեւոր Ներատեսութեան Մէջ Աւելցէք
18. Եթէ ժողովքին մէջ խնդիր մը ծագի, ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահպանենք։
18 Եհովայի հաճելի ըլլալու համար, պէտք է ամէն բանի մէջ ‘ներատեսութիւն ունենալ’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։7, ՆԱ) Աստուածաշունչի անյագ ուսումնասիրութիւնը եւ Աստուծոյ հոգիին ու կազմակերպութեան առաջնորդութեան ենթարկուիլը պիտի օգնեն մեզի հասկնալու թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, երբ պարագաներ կը դիմագրաւենք, որոնք մեզ սխալ ընթացքի կրնան առաջնորդել։ Զոր օրինակ, սեպենք թէ ժողովքին մէջ հարց մը մեր խորհածէն տարբեր կերպով մը ձեռք կ’առնուի։ Հոգեւոր ներատեսութիւնը պիտի օգնէ մեզի տեսնելու թէ ասիկա պատճառ մը չէ որ Եհովայի ժողովուրդին հետ մեր ընկերակցութիւնը եւ Աստուծոյ ծառայութիւնը դադրեցնենք։ Մտածեցէք Եհովայի ծառայելու մեր առանձնաշնորհումին, մեր վայելած հոգեւոր ազատութեան եւ որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչներ իր ծառայութենէն մեր քաղած ուրախութեան մասին։ Հոգեւոր ներատեսութիւնը կարելի կը դարձնէ որ շիտակ հեռանկարը ունենանք եւ գիտակցինք թէ մենք Աստուծոյ նուիրուած ենք ու իր հետ մեր յարաբերութեան վրայ գուրգուրանք, հոգ չէ թէ ուրիշներ ի՛նչ կ’ընեն։ Եթէ հարց մը աստուածպետականօրէն ձեռք առնելու համար բան մը չենք կրնար ընել, պէտք է համբերութեամբ սպասենք որ Եհովան կացութիւնը շտկէ։ Փոխանակ հրաժարելու, կամ յուսահատութեան անձնատուր ըլլալու՝ ‘Աստուծոյ յուսանք’։—Սաղմոս 42։5, 11
19. (ա) Փիլիպպեցիներուն համար ըրած Պօղոսի աղօթքին բուն իմաստը ի՞նչ էր։ (բ) Ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի եթէ որեւէ բան լիովին չհասկնանք։
19 Հոգեւոր ներատեսութիւնը կ’օգնէ որ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին հաւատարիմ մնանք։ Պօղոս Փիլիպպէի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ [«ճշգրիտ», ՆԱ] գիտութիւնով ու իմաստութիւնով [«կատարեալ ներատեսութիւնով», ՆԱ], որպէս զի դուք լաւ [«աւելի կարեւոր», ՆԱ] բաները ընտրէք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք»։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Պատշաճօրէն տրամաբանելու համար, ‘ճշգրիտ գիտութեան ու կատարեալ ներատեսութեան’ կարիքը ունինք։ Հոս «ներատեսութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ «բարոյական զգայուն ըմբռնում»։ Երբ բան մը սորվինք, Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հետ անոր առնչութիւնը կ’ուզենք իմանալ եւ խորհիլ թէ ան ինչպէ՛ս կը փառաւորէ Եհովայի անձնաւորութիւնն ու կարգադրութիւնները։ Ասիկա մեր ներատեսութիւնն ու գնահատութիւնը կ’աւելցնէ Եհովայի եւ Յիսուս Քրիստոսի մեզի համար ըրած բաներուն հանդէպ։ Եթէ կայ բան մը որ լիովին չենք հասկնար, ներատեսութիւնը պիտի օգնէ մեզի գիտակցելու թէ Աստուծոյ, Յիսուսի եւ աստուածային նպատակին մասին մեր սորված բոլոր կարեւոր բաներուն վրայ մեր ունեցած հաւատքը պէտք չէ լքենք։
20. Ի՞նչպէս կրնանք հոգեւոր ներատեսութեան մէջ աւելնալ։
20 Եթէ մեր խորհուրդներն ու գործերը միշտ Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակենք, հոգեւոր ներատեսութեան մէջ պիտի աւելնանք։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Ասիկա շինիչ կերպով ընելը, կ’օգնէ որ խոնարհ ըլլանք, առանց մեր տեսակէտը պնդելու եւ ուրիշները քննադատելու։ Ներատեսութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ սրբագրութենէ օգտուինք եւ աւելի կարեւոր բաները զանազանենք։ (Առակաց 3։7) Ուստի, Եհովան հաճեցնելու փափաքով մը, ձգտինք իր Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնովը լեցուիլ։ Ասիկա կարող պիտի ընէ մեզ որ շիտակը սխալէն զանազանենք, իրապէս կարեւոր բաները որոշենք եւ հաւատարմօրէն կառչինք Եհովայի հետ մեր ունեցած թանկագին յարաբերութեան։ Այս բոլորը կարելի կ’ըլլան, երբ մեր սիրտը ներատեսութեան բանանք։ Սակայն, տակաւին ուրիշ բան մըն ալ կայ։ Պէտք է թոյլ տանք որ ներատեսութիւնը պաշտպանէ մեզ։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ մեր սիրտը ներատեսութեան պէտք է բանանք։
◻ Ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր խօսակցութեան ու վարմունքին։
◻ Ներատեսութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր հոգիին վրայ։
◻ Ինչո՞ւ միշտ Եհովայի պէտք է դիմենք ներատեսութեան համար։
[Նկար՝ էջ 19]
Ներատեսութիւնը կ’օգնէ որ մենք մեզ զսպենք