Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 11/1 էջ 6-7
  • Պէ՞տք է Սատանայէն վախնանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պէ՞տք է Սատանայէն վախնանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սատանան գոյութիւն ունի՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ո՛վ է Բանսարկուն
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Սատանային եւ իր հնարքներուն հակառա՛կ կեցէք
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Բանսարկուն քեզի համար իրակա՞ն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 11/1 էջ 6-7

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՐԱԿԱ՞Ն Է

Պէ՞տք է Սատանայէն վախնանք

Այր մը եւ իր կինը բնածուխի միաթթուիդով թունաւորուած իրենց տունէն դուրս կը փախչին

Բնածուխի միաթթուիդը անտեսանելի եւ վտանգաւոր է. նոյնն է պարագան Սատանային

Բնածուխի միաթթուիդը (carbon monoxide) նկատելը շատ դժուար է։ Մարդիկ կրնան առանց զգալու անոր զոհը դառնալ, քանի որ անգոյն եւ անհոտ է։ Աշխարհի տարածքին անոր զոհերը կը կազմեն՝ թունաւորուելով մեռնողներուն աւելի քան կէսը։ Սակայն հարկ չկայ վախնալու, քանի որ այդ կազը երեւան հանելու եւ անկէ պաշտպանուելու կերպեր կա՛ն։ Շատեր իմաստութեամբ յատուկ սարքեր կը զետեղեն, ապա անոնց տուած ազդարարութեան կ’անսան։

Բնածուխի միաթթուիդին նման, Սատանան անտեսանելի է, չափազանց վտանգաւոր է եւ զինք նկատելը դժուար է։ Բայց Աստուած մեզ անօգնական չէ ձգած։ Պէտք չունիս Սատանայէն վախնալու, եթէ Աստուծոյ շնորհած հետեւեալ պարգեւները կ’օգտագործես։

Ընտրելու կարողութիւն։ Յակոբոս 4։7–ն կ’ըսէ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ Ճիշդ է որ Սատանան զօրաւոր է, սակայն չի կրնար քեզ ստիպել որ չուզած բանդ ընես։ Ընտրելու պատեհութիւն ունիս։ Ա. Պետրոս 5։9–ն կ’ըսէ. «[Սատանային] դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած»։ Յիշէ թէ երբ Յիսուս երեք փորձութիւնները հաստատօրէն մերժեց, Սատանան հեռացաւ իրմէ (Մատթէոս 4։11)։ Դուն ալ կրնաս որոշել Սատանայի ջանքերուն դէմ դնել։

Բարեկամութիւն Աստուծոյ հետ։ Յակոբոս 4։8–ը մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք»։ Եհովան անձամբ քեզ կը հրաւիրէ որ իրեն հետ սերտ բարեկամութիւն զարգացնես։ Բայց ինչպէ՞ս։ Սկսելու լաւագոյն քայլն է՝ Աստուածաշունչէն իր մասին աւելի՛ն սորվիլ (Յովհաննէս 17։3)։ Եհովա Աստուծոյ մասին սորվածներդ քեզ պիտի մղեն զինք սիրելու եւ հետեւաբար իր կամքը կատարելու (Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Մինչ երկնաւոր Հօրդ աւելի կը մօտենաս, ան ի՞նչ պիտի ընէ։ Յակոբոս կ’ըսէ. «[Աստուած] ձեզի պիտի մօտենայ»։

Երիտասարդ մը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ, ապա Աստուծոյ կ’աղօթէ, ապա ոգեհարցական իրեր կը փճացնէ

Եհովան քեզ պաշտպանող հոգեւոր կարգադրութիւններ ըրած է

Քեզ պաշտպանելու խոստում։ Առակաց 18։10–ի մէջ կը կարդանք. «Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ»։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուծոյ անձնական անունը հմայեակի մը պէս է։ Փոխարէն, համարէն կը հասկնանք թէ անոնք որոնք Աստուծոյ անունը ի՛րապէս կը յարգեն, կրնան որեւէ ատեն իրմէ պաշտպանութիւն խնդրել։

Գործնական օրինակ մը։ Գործք 19։19–ն Եփեսոսի նորադարձ քրիստոնեաներուն մասին կ’ըսէ. «Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան»a։ Այդ քրիստոնեաները ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող բոլոր առարկաները կործանեցին, չնայած անոնց դրամական արժէքին։ Անոնց հանդիսացած օրինակը կրնայ մեզի շատ օգտակար ըլլալ։ Այսօրուան աշխարհը ընկղմած է խորհրդապաշտութեան եւ ոգեհարցութեան մէջ։ Նոյնիսկ անվնաս թուող ոգեհարցական առարկաներն ու սովորութիւնները կրնան դիւային ազդեցութիւն ունենալ։ Շատ կարեւոր է որ ամէն գնով այսպիսի բաներէ հեռու կենաս (Բ. Օրինաց 18։10-12)։

Այս յօդուածաշարքին սկիզբը նշուած Ռօխելիոն, մինչեւ 50 տարեկան չէր հաւատար Սատանայի գոյութեան։ Ի՞նչը իր միտքը փոխեց։ «Առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչ մը ունեցայ», կ’ըսէ ան։ «Աստուածաշունչին գիտելիքները զիս համոզեցին, որ Սատանան գոյութիւն ունի։ Այդ նոյն գիտելիքները այժմ զիս կը պաշտպանեն, որ իր ազդեցութեան զոհը չերթամ»։

«Աստուածաշունչին գիտելիքները զիս համոզեցին, որ Սատանան գոյութիւն ունի։ Այդ նոյն գիտելիքները այժմ զիս կը պաշտպանեն, որ իր ազդեցութեան զոհը չերթամ»

Կը փափաքի՞ս տեսնել այն օրը, երբ Սատանան այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ։ Կրնա՛ս զայն տեսնել։ Սուրբ Գիրքը կը խօսի ապագայ ժամանակի մը մասին, երբ Սատանան, որ շատերը կը մոլորեցնէ, պիտի ձգուի «կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ» (Յայտնութիւն 20։9, 10)։ Անշուշտ, բառացի կրակը եւ ծծումբը չեն կրնար վնասել անտեսանելի հոգեղէն էակի մը։ Ուստի կրակի լիճը կը ներկայացնէ յաւիտենական բնաջնջում։ Սատանան առյաւէտ պիտի չքանայ։ Ասիկա աստուածասէր մարդոց համար ի՜նչ բերկրալի ժամանակ մը պիտի ըլլայ։

Մինչ այդ, Եհովայի եւ իր ճամբաներուն մասին կրցածիդ չափ սորվէb։ Երեւակայէ ապրիլ ժամանակի մը մէջ, երբ վերջապէս կրնայ ըսուիլ, թէ «Սատանան գոյութիւն չունի»։

a Եթէ այս արծաթ դահեկանը հռոմէական դահեկանն էր, ուրեմն հսկայ գումար մըն էր։ Սովորական բանուորը զայն շահելու համար, պէտք էր 50,000 օր աշխատէր։

b Սատանայի եւ ոգեհարցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 10–րդ գլուխը։ Կրնաս գիրքը խնդրել Եհովայի վկայէ մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել