Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 6/1 էջ 23-27
  • Ներատեսութիւնը թող պահպանէ ձեզ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներատեսութիւնը թող պահպանէ ձեզ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներատեսութեան Մասնաւոր Կարիքը
  • Ներդրումներու Մասին Ի՞նչ Կրնանք Ըսել
  • Երբ Առեւտրական Նախաձեռնութիւններ կը Ձախողին
  • Խարդախութեան մը Պարագային Ի՞նչ Կրնանք Ընել
  • Ներատեսութիւնը եւ Որոշումներ Տալը
  • Ձեր սիրտը ներատեսութեան բացէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Կրնա՞նք աւելի ներատեսութիւն մշակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • «Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 6/1 էջ 23-27

Ներատեսութիւնը թող պահպանէ ձեզ

«Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը [«ներատեսութիւնը», ՆԱ] քեզ պիտի պաշտպանէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 2։11

1. Ներատեսութիւնը մեզ ի՞նչ բանէ կը պաշտպանէ։

ԵՀՈՎԱ կ’ուզէ որ ներատեսութիւն ի գործ դնէք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէ թէ անիկա պիտի պահպանէ ձեզ զանազան վտանգներէ։ Առակաց 2։10-19–ի բացման խօսքերը կ’ըսեն. «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ, եւ գիտութիւնը քու հոգւոյդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ, ու հանճարը [«ներատեսութիւնը», ՆԱ] քեզ պիտի պաշտպանէ» (Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն)։ Ի՞նչ բանէ պիտի պաշտպանէ ձեզ։ ‘Չար ճամբայէն’, անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան կը լքեն, ինչպէս նաեւ այն մարդոցմէ՝ որոնք իրենց ընդհանուր ընթացքին մէջ խոտորած են։

2. Ներատեսութիւնը ի՞նչ է, եւ Քրիստոնեաները մասնաւորաբար ի՞նչպիսի ներատեսութիւն մը կը փափաքին ունենալ։

2 Հաւանաբար պիտի մտաբերէք որ ներատեսութիւնը մտքի կարողութիւնն է, որով իրերը մէկը միւսէն կը զատորոշէ։ Ներատես անհատ մը գաղափարներու կամ իրերու մէջ տարբերութիւնը կ’ըմբռնէ եւ լաւ դատողութիւն ունի։ Որպէս Քրիստոնեաներ, մասնաւորաբար կը փափաքինք Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած՝ հոգեւոր ներատեսութիւն ունենալ։ Երբ Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրենք, կարծես մեր հոգեւոր ներատեսութիւնը կերտելու աղիւսներ կը պեղենք։ Ի՛նչ որ կը սորվինք, կրնայ օգնել մեզի որ Եհովային հաճելի եղող որոշումներ տանք։

3. Ի՞նչպէս կրնանք հոգեւոր ներատեսութիւն ձեռք ձգել։

3 Երբ Աստուած Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորին հարցուց թէ ի՛նչ օրհնութիւն կը փափաքէր, երիտասարդ կառավարիչը ըսաւ. «Քու ծառայիդ իմաստուն սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ»։ Սողոմոն ներատեսութիւն խնդրեց եւ Եհովա իրեն տուաւ արտակարգ չափով մը։ (Գ. Թագաւորաց 3։9. 4։30) Ներատեսութիւն ձեռք ձգելու համար պէտք է աղօթենք եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած լուսաբանող գրականութիւններուն միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45-47) Ասիկա պիտի օգնէ մեզի որ հոգեւոր ներատեսութիւն զարգացնենք այն աստիճան, որ «մտքով՝ չափահաս» ու «բարին ու չարը զանազանել»ու կարող ըլլանք։—Ա. Կորնթացիս 14։20. Եբրայեցիս 5։14

Ներատեսութեան Մասնաւոր Կարիքը

4. Ի՞նչ կը նշանակէ «պարզ» աչք մը ունենալ, եւ անիկա ի՛նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։

4 Պատշաճ ներատեսութիւն ունենալով, Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն համաձայն կրնանք գործել որ ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր [Աստուծոյ] արդարութիւնը ու այդ բոլոր [նիւթական] բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33) Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Մարմնին ճրագը աչքն է, ուստի երբ աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 11։34) Աչքը այլաբանական ճրագ մըն է։ «Պարզ» աչք մը անկեղծ ու տեսողութիւնը լաւ է։ Այսպիսի աչքով, կրնանք ներատեսութիւն ցուցաբերել եւ հոգեւորապէս առանց գայթակղելու քալել։

5. Առեւտրական գործառնութեանց նկատմամբ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք քրիստոնէական ժողովքին նպատակին մասին։

5 Փոխանակ իրենց աչքերը պարզ պահելու, ոմանք իրենց եւ ուրիշներուն կեանքերը բարդացուցած են, առեւտրական հրապուրիչ գործառնութիւններով։ Սակայն պէտք է յիշենք որ քրիստոնէական ժողովքը «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Շէնքի մը սիւներուն նման, ժողովքը Աստուծոյ ճշմա՛րտութիւնը վեր կը բռնէ, եւ ոչ թէ՝ ոեւէ անհատի նոր առեւտրական ձեռնարկը։ Եհովայի Վկաներու ժողովքները վաճառականական շահերու, ապրանքներու կամ սպասարկութիւններու զարկ տալու վայրեր չեն։ Պէտք է ետ կենանք Թագաւորութեան Սրահին մէջ անձնական առեւտուր հետապնդելէ։ Ներատեսութիւնը կ’օգնէ մեզի հասկնալու թէ Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահները, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վայրերը, շրջանային ու նահանգային համաժողովները, քրիստոնէական ընկերակցութեան ու հոգեւոր խօսակցութեան վայրեր են։ Եթէ մեր հոգեւոր յարաբերութիւնները որեւէ տեսակ առեւտուր յառաջացնելու համար գործածենք, արդեօք անիկա որոշ չափով հոգեւոր արժէքներու հանդէպ գնահատութեան պակաս ցոյց պիտի չտա՞յ։ Ժողովքային կապերը երբեք պէտք չէ շահագործուին նիւթական օգուտներու համար։

6. Ինչո՞ւ վաճառականական արտադրութիւններ ու սպասարկութիւններ պէտք չէ ծախուին կամ անոնց զարկ տրուի ժողովքային հանդիպումներուն մէջ։

6 Ոմանք աստուածպետական կապերը գործածած են դեղորայք, գեղեցկագիտական նիւթեր, կենսանիւթի արտադրութիւններ, ելեկտրա–հաղորդակցութեան սպասարկութիւններ, շինարարական նիւթեր, ճամբորդական ծրագիրներ, համակարգիչի յայտագիրներ ու գործիքներ եւ այլ բաներ ծախելու։ Սակայն, ժողովքային հանդիպումները ամենեւին վաճառականական արտադրութիւններ կամ սպասարկութիւններ ծախելու կամ յառաջ քշելու վայրեր չեն։ Հիմնական սկզբունքը կրնանք ըմբռնել եթէ մտաբերենք որ Յիսուս «ամէնքը տաճարէն դուրս հանեց, ոչխարներն ալ ու արջառներն ալ։ Ստակ փոխողներուն պղինձները ցիրուցան ըրաւ ու սեղանները կործանեց։ Աղաւնի ծախողներուն ըսաւ. ‘Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք’»։—Յովհաննու 2։15, 16

Ներդրումներու Մասին Ի՞նչ Կրնանք Ըսել

7. Ներդրումներու պարագային ինչո՞ւ ներատեսութիւն ու զգուշացում կը պահանջուին։

7 Երբ առեւտրական նախաձեռնութեան մը մէջ ներդրում մը կատարելու մասին կը մտածէք, ներատեսութիւն ու զգուշացում կը պահանջուի։ Ենթադրեցէք թէ անհատ մը կ’ուզէ դրամ փոխ առնել ու հետեւեալին նման խոստումներ կ’ընէ. «Քեզ կը վստահեցնեմ որ դրամ պիտի շահիս»։ «Չես կրնար վնասել։ Այս ներդրումը վստահաբար շահ կ’ապահովէ»։ Զգուշացէ՛ք երբ անհատ մը այսպիսի երաշխիքներ կու տայ։ Անիկա կա՛մ իրապաշտ չէ, կա՛մ ալ անպարկեշտ է, քանի որ ներդրում կատարելը հազուադէպօրէն վստահ գործառնութիւն մըն է։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը անուշ–լեզու ունեցող, անխիղճ անհատներ, ժողովքի անդամներէն ոմանք անիրաւած են։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ առաջին դարու ժողովքին մէջ սպրդած «ամբարիշտներ»ը, որոնք «մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին»։ Անոնք սրածայր խութերու կը նմանէին, որոնք կրնան լողացողները պատռտել ու սպաննել։ (Յուդա 4, 12, ՆԱ) Ճիշդ է որ անիրաւողներուն մղումները հաւատուրացներուն մղումներէն տարբեր են, սակայն անոնք ալ ժողովքի անդամները որսալու կը նային։

8. Ի՞նչ պատահած է երեւութապէս շահաբեր առեւտրական նախաձեռնութիւններու։

8 Նոյնիսկ լաւ դիտաւորութիւն ունեցող Քրիստոնեաներ ենթադրաբար շահաբեր նախաձեռնութիւններու մասին տեղեկութիւններու մասնակից ըրած են ուրիշները, որու հետեւանքով թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց օրինակին հետեւողները իրենց ըրած ներդրումը կորսնցուցած են։ Որպէս հետեւանք, կարգ մը Քրիստոնեաներ ժողովքին մէջ իրենց առանձնաշնորհումները կորսնցուցած են։ Երբ արագօրէն հարստանալու նախաձեռնութիւնները փաստօրէն խարդախ ծրագիրներու դառնան, միակ անհատը որ կ’օգտուի այս գործառնութենէն, անիրաւողն է, որ ընդհանրապէս շուտով կ’անյայտանայ։ Ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգնել այսպիսի պարագաներուն։

9. Ինչո՞ւ ներատեսութիւն կը պահանջուի ներդրումներու մասին արժեւորում մը կատարելու մէջ։

9 Ներատեսութիւնը կը պարփակէ բանի մը խորհրդաւոր մասերը հասկնալու կարողութիւն։ Ներդրումներու մասին եղած խոստումները արժեւորելու համար այս կարողութեան կարիքը կայ։ Քրիստոնեաները իրարու վրայ վստահութիւն ունին եւ ոմանք կրնան տրամաբանել թէ իրենց հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը հաւատակիցներուն եկամուտը վտանգող նախաձեռնութիւններու միջամուխ չեն ըլլար։ Գործատիրոջ Քրիստոնեայ ըլլալը ինքնին հաւաստիք մը չէ թէ առեւտրական հարցերու մէջ ատակ մէկն է եւ թէ իր նախաձեռնութիւնը պիտի յաջողի։

10. Ինչո՞ւ կարգ մը Քրիստոնեաներ առեւտրական փոխատուութիւններ կը խնդրեն հաւատակիցներէ, եւ այսպիսի ներդրումներուն ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

10 Կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց հաւատակիցներէն փոխատուութիւններ կը խնդրեն գործի համար, քանի որ բարեհամբաւ գործակալութիւններ իրենց արկածախնդիր գործերուն համար կը մերժեն դրամ տրամադրել։ Շատեր խաբուելով հաւատացած են թէ պարզապէս ներդրում մը ընելով, կրնան արագօրէն մեծ գումարներ շահիլ քիչ աշխատելով կամ ոչինչ ընելով։ Ուրիշներ հրապուրուած են ներդրումով մը, ի սէր անոր ընկերակցող հմայքին, պարզապէս իրենց կեանքի տեւողութեան ապահոված խնայողութիւնը կորսնցնելով։ Քրիստոնեայ մը մեծ ներդրում մը ըրաւ, միայն երկու շաբթուան ընթացքին անոր փոխարէն 25 առ հարիւր շահ մը ակնկալելով։ Ան ամբողջ դրամը կորսնցուց, երբ ընկերութիւնը յայտարարեց որ սնանկացած էր։ Այլ նախաձեռնութեան մը մէջ, անշարժ կալուածներու նորոգութեամբ եւ առուծախով զբաղող յանձնակատար մը, ժողովքի անդամներէն մեծ գումարներ փոխ առաւ, անտրամաբանականօրէն մեծ շահեր խոստանալով։ Սակայն սնանկացաւ եւ իր փոխ առած գումարները կորսնցուց։

Երբ Առեւտրական Նախաձեռնութիւններ կը Ձախողին

11. Պօղոս ի՞նչ խրատ տուաւ ագահութեան եւ դրամասիրութեան մասին։

11 Կարգ մը անստոյգ նախաձեռնութիւններու մէջ մտնող Քրիստոնեաներու պարագային, առեւտրական ձախորդութիւնները յուսախաբութեան եւ նոյնիսկ հոգեւորականութիւնը կորսնցնելու առաջնորդած են։ Սրտացաւ եւ դառնութիւն յառաջ եկած են, երբ ներատեսութիւնը որպէս պաշտպանութիւն չէ գործածուած։ Ագահութիւնը շատերը թակարդի մէջ ձգած է։ «Ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն)», գրեց Պօղոս։ (Եփեսացիս 5։3) Ան նաեւ զգուշացուց ըսելով. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

12. Եթէ Քրիստոնեաներ իրարու հետ առեւտուր ընեն, մասնաւորաբար ի՞նչ պէտք է յիշեն։

12 Եթէ Քրիստոնեայ մը դրամասիրութիւն մշակէ, ինքզինքին հոգեւոր մեծ վնասներ պիտի պատճառէ։ Փարիսեցիները դրամասէր էին եւ ասիկա այս վերջին օրերուն մէջ ապրողներէն շատերուն յատկանիշերէն մէկն է։ (Ղուկաս 11։14. Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2) Ասոր հակառակը, Քրիստոնեայի մը ‘բարքը արծաթասէր պէտք չէ ըլլայ’։ (Եբրայեցիս 13։5) Անշուշտ, Քրիստոնեաները կրնան իրարու հետ առեւտուր ընել եւ միասնաբար առեւտրական գործեր սկսիլ։ Եթէ ասիկա ընեն, անոր հետ կապ ունեցող խօսակցութիւններն ու բանակցութիւնները ժողովքային հարցերէն անջատ պէտք է պահուին։ Իսկ մի՛ մոռնաք. նոյնիսկ հոգեւոր եղբայրներու միջեւ, առեւտրական համաձայնութիւնները միշտ գրաւոր կերպով ընել։ Այս գծով օգտակար է «Գրի Առէք» յօդուածը, հրատարակուած՝ Զարթի՛ր 8 Փետրուար 1983, էջ 13-15–ի մէջ, Անգլերէնով։

13. Առակաց 22։7–ն ի՞նչպէս պիտի կիրարկէիք առեւտրական նախաձեռնութիւններու պարագային։

13 Առակաց 22։7–ն կ’ըսէ մեզի. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։ Յաճախ իմաստութիւն չէ որ մենք մեզ եւ մեր եղբայրները այսպիսի ծառայի մը դիրքին մատնենք։ Երբ ոեւէ մէկը մեզմէ պարտքի դրամ պահանջէ առեւտրական նախաձեռնութեան մը համար, խոհեմութիւն պիտի ըլլայ գումարը վերստին վճարելու անհատին կարողութիւնը նկատի առնել։ Արդեօք ան ճանչցուա՞ծ է որպէս վստահելի եւ արժանահաւատ մէկը։ Անշուշտ պէտք է գիտակցինք թէ այսպիսի փոխատուութիւն մը դրամի կորուստ կրնայ նշանակել, քանի որ ընդհանրապէս առեւտրական նախաձեռնութիւններէն շատեր կը ձախողին։ Պարզապէս համաձայնագիր մը ունենալը առեւտրական նախաձեռնութեան մը յաջողութիւնը չ’ապահովեր։ Իսկ վստահաբար խոհեմութիւն չէ որ անհատ մը նոր գործի մը համար ա՛յնքան դրամ ներդրէ, որ ձախորդութեան մը պարագային իր ամբողջ ունեցածը կորսնցնէ։

14. Ինչո՞ւ ներատեսութիւն պէտք է ցուցնենք, եթէ հաւատակիցի մը դրամ փոխ տուած ենք եւ որու գործը կը ձախողի։

14 Ներատեսութիւն պէտք է ցուցաբերենք, եթէ Քրիստոնեայի մը դրամ փոխ տուած ենք առեւտրական նպատակներու համար եւ այդ դրամը կորսուած է, թէեւ անպարկեշտութեան պատճառաւ չէ։ Եթէ առեւտրական ձախորդութիւնը ապառիկ առնող մեր հաւատակիցին սխալը չէր, կրնա՞նք ըսել որ ան մեզի դէմ յանցանք գործած է։ Ո՛չ, քանի որ փոխատուութիւնը կամաւորապէս ըրինք, եւ հաւանաբար տոկոս ալ կը գանձէինք անկէ, ու անպարկեշտ ոչինչ կատարուած էր։ Քանի որ խնդրին մէջ անպարկեշտութիւն չկար, հիմ մը չունինք փոխառուին դէմ դատ բանալու։ Ամենայնդէպս, ի՞նչ օգուտ ունի դատ բանալ պարկեշտ հաւատակիցի մը դէմ, որ լաւ դիտաւորութեամբ սկսուած առեւտրական նախաձեռնութեան մը ձախողութեան պատճառաւ իր սնանկութիւնը յայտարարած է։—Ա. Կորնթացիս 6։1

15. Սնանկութեան մը պարագային ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնուին։

15 Անոնք որոնք առեւտրական ձախորդութիւն կ’ունենան, երբեմն ճարը սնանկութիւն յայտարարելու մէջ կը գտնեն։ Քանի որ Քրիստոնեաները անտարբեր պէտք չէ ըլլան պարտական ըլլալու հարցին մէջ, նոյնիսկ սնանկութիւն յայտարարելով օրինաւորապէս որոշ պարտքերէ ազատագրուելէ ետք, շատեր հարկը զգացած են ջնջուած պարտքերը վճարելու, եթէ պարտատէրերը ընդունին վճարումը։ Սակայն, երբ փոխառուն իր եղբօրը դրամը կորսնցնելէ ետք, փարթամ կեանք մը սկսի ապրիլ, կամ, բաւարար դրամ ձեռք ձգելէ ետք, անտեսէ իր եղբօրը դրամը վերադարձնելու բարոյական պարտաւորութիւնը. . . ։ Այդ պարագային, ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքի մը մէջ ծառայելու փոխառուին որակումները հարցական պիտի ըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 3։3, 8. Տես՝ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1994, էջ 30-31, Անգլերէն։

Խարդախութեան մը Պարագային Ի՞նչ Կրնանք Ընել

16. Ի՞նչ քայլեր կրնան առնուիլ, եթէ կը կարծուի թէ առեւտրական խարդախութեան մը զոհը դարձած ենք։

16 Ներատեսութիւնը կ’օգնէ մեզի ըմբռնելու թէ բոլոր ներդրումներն ալ անպայմանօրէն շահ չեն ապահովեր։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել երբ հարցին մէջ խարդախութիւն պարփակուած է։ Խարդախութիւնը «խաբէութեան, նենգութեան, դիտումնաւոր գործածութիւնը կամ ճշմարտութեան խեղաթիւրումն է, ուրիշը հրապուրելով որ իրեն պատկանող արժէքաւոր բան մը լքէ, կամ օրինական իրաւունքէ մը հրաժարի»։ Յիսուս Քրիստոս առնուելիք քայլեր թելադրեց անոնց համար, որոնք կը խորհին թէ անիրաւուած են հաւատակիցի մը կողմէ։ Ըստ Մատթէոս 18։15-17–ի, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։ Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ Այն լուսաբանութիւնը որ Յիսուս հետագային տուաւ, կը մատնանշէ թէ իր մտքին մէջ ունէր այնպիսի մեղքեր, որոնք դրամական հարցեր կը պարփակէին, մէջը ըլլալով խարդախութիւն։—Մատթէոս 18։23-35

17, 18. Եթէ այդպէս կոչուած Քրիստոնեայի մը կողմէ անիրաւուինք, ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ պաշտպանել մեզ։

17 Անշուշտ սուրբ գրային հիմ մը պիտի չունենայինք Մատթէոս 18։15-17–ի մէջ յիշուած քայլերը առնելու, եթէ ապացոյց մը կամ նոյնիսկ խարդախութիւն թելադրող բան մը չկայ հարցին մէջ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել երբ այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ մը իրապէս անիրաւած է մեզ։ Ներատեսութիւնը կրնայ պաշտպանել մեզ որ ժողովքին վարկին վնասող որեւէ քայլ չառնենք։ Պօղոս քրիստոնեայ հաւատակիցները խրատեց որ զրկանք քաշէին, նոյնիսկ անիրաւութիւն կրէին, փոխանակ իրենց եղբայրը դատի քաշելու։—Ա. Կորնթացիս 6։7

18 Մեր հարազատ եղբայրներն ու քոյրերը Բարեյեսու մոգին նման ‘խաբեբայութիւնով եւ խորամանկութիւնով լեցուած’ չեն։ (Գործք 13։6-12) Ուստի, ներատեսութիւն գործածենք երբ դրամ կը կորսնցնենք առեւտրական նախաձեռնութիւններու մէջ, որոնք հաւատակիցներ կը պարփակեն։ Եթէ կը մտածենք օրինական քայլեր առնել, պէտք է նկատի առնենք անոր հաւանական հետեւանքները անհատապէս մեր, դիմացի անհատին կամ անհատներուն, ժողովքին, ինչպէս նաեւ դրսեցիներուն վրայ։ Հատուցում հետապնդելը կրնայ ձեր ժամանակին, կորովին եւ այլ եկամուտին մեծ մասը վատնել։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ միայն փաստաբանները եւ այլ արհեստավարժները հարստանան։ Դժբախտաբար, կարգ մը Քրիստոնեաներ աստուածպետական առանձնաշնորհումներ զոհած են այսպիսի բաներով չափազանց կլանուելով։ Այս կերպով մեր խոտորիլը Սատանան կ’ուրախացնէ, սակայն մենք կը փափաքինք Եհովա՛յի սիրտը ուրախացնել։ (Առակաց 27։11) Միւս կողմէ, վնասը ընդունիլը կրնայ մեզ խնայել սրտացաւէ եւ մեր ու երէցներուն ժամանակը վատնելէ։ Անիկա ժողովքի խաղաղութիւնը պահելու պիտի օգնէ եւ մեզ կարող պիտի դարձնէ շարունակելու որ առաջ Թագաւորութիւնը խնդրենք։

Ներատեսութիւնը եւ Որոշումներ Տալը

19. Հոգեւոր ներատեսութիւնը եւ աղօթքը ի՞նչպէս կրնան օգնել մեզի, երբ դժուարին որոշումներու դիմաց գտնուինք։

19 Դրամական եւ առեւտրական հարցերու մէջ որոշումներու յանգիլը շատ ճնշիչ կրնայ ըլլալ։ Սակայն հոգեւոր ներատեսութիւնը կրնայ օգնել մեզի որ անոր մէջի ազդակները կշռենք եւ իմաստուն որոշումներ տանք։ Ասկէ զատ, աղօթքով Եհովայի ապաւինիլը կրնայ մեզի բերել «Աստուծոյ խաղաղութիւնը»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Անիկա Եհովայի հետ սերտ յարաբերութենէն յառաջացող հանդարտութիւնն ու անդորրութիւնն է։ Վստահօրէն, այսպիսի խաղաղութիւն մը կրնայ օգնել մեզի որ մեր հաւասարակշռութիւնը պահենք, երբ դժուարին որոշումներ կը դիմագրաւենք։

20. Պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել առեւտրական հարցերու եւ ժողովքի նկատմամբ։

20 Վճռենք որ առեւտուրի վէճերը, մեր կամ ժողովքին խաղաղութիւնը չխանգարեն։ Պէտք է յիշենք որ քրիստոնեայ ժողովքին դերն է հոգեւորապէս օգնել մեզի. անիկա վաճառականական հետապնդումներու կեդրոն մը չէ։ Առեւտրական հարցերը միշտ անջատ պէտք է պահուին ժողովքային գործունէութիւններէն։ Ներատեսութիւն եւ զգուշութիւն պէտք է գործածենք, երբ առեւտրական նախաձեռնութիւններու սկսինք։ Թող որ միշտ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանենք այսպիսի հարցերու մէջ, առաջ խնդրելով Թագաւորութեան շահերը։ Եթէ հաւատակիցներ պարփակող առեւտրական նախաձեռնութիւն մը ձախողի, ջանանք ընել ի՛նչ որ բոլորին համար լաւագոյնն է։

21. Ի՞նչպէս կրնանք ներատեսութիւն գործածել եւ Փիլիպպեցիս 1։9-11–ի հետ ներդաշնակ ըլլալ։

21 Փոխանակ չափազանց մտահոգուելու դրամական հարցերով ու այլ նուազ կարեւորութիւն ունեցող բաներով, թող որ բոլորս ալ մեր սրտերը ներատեսութեան բանանք, Աստուծոյ առաջնորդութեան համար աղօթենք, եւ առաջ փնտռենք Թագաւորութեան շահերը։ Պօղոսի աղօթքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, թող որ ‘մեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ ճշգրիտ գիտութիւնով ու կատարեալ ներատեսութիւնով, որպէսզի աւելի կարեւոր բաները ընտրենք եւ ուրիշները չգայթակղեցնենք’, ո՛չ ալ մենք գայթակղինք։ Հիմա որ Թագաւոր Քրիստոսը իր երկնային գահին վրայ է, հոգեւոր ներատեսութիւն ցուցաբերենք կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ։ Թող որ ‘արդարութեան պտուղներով լեցուած ըլլանք, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով’ Գերիշխան Տէր Եհովա ‘Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար’։—Փիլիպպեցիս 1։9-11, ՆԱ։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ներատեսութիւնը ի՞նչ է։

◻ Ինչո՞ւ Քրիստոնեաներու միջեւ առեւտրական գործառնութեանց մէջ պէտք է ներատեսութիւն ցուցաբերենք։

◻ Ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի, եթէ հաւատակից մը մեզի հանդէպ անիրաւութիւն ընէ։

◻ Ներատեսութիւնը ի՞նչ դեր պէտք է խաղայ որոշումներ տալու մէջ։

[Նկար՝ էջ 26]

Առեւտրական համաձայնութիւնները միշտ գրի առէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել