Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կվյ դաս 36
  • Ամէն բանի մէջ պարկեշտ եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն բանի մէջ պարկեշտ եղիր
  • Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
  • ԱՄՓՈՓՈՒՄ
  • ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
  • Ամէն բանի մէջ պարկեշտ եղիր
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ օգտակար է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ադամանդէն աւելի արժէքաւոր յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
կվյ դաս 36
Դաս 36։ Մարդ մը փաստաթուղթ մը կը ստորագրէ։

ԴԱՍ 36

Ամէն բանի մէջ պարկեշտ եղիր

Նկար
Նկար
Նկար

Ամէն մարդ կ’ուզէ պարկեշտ բարեկամներ ունենալ։ Եհովան ալ կ’ակնկալէ, որ իր բարեկամները պարկեշտ ըլլան։ Բայց ասիկա դիւրին չէ աշխարհի մը մէջ, ուր շատեր անպարկեշտ են։ Ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալուն օգուտները ի՞նչ են։

1. Պարկեշտ ըլլալու ամէնէն կարեւոր պատճառը ի՞նչ է

Երբ ուրիշներուն հետ պարկեշտ ենք, Եհովային ցոյց կու տանք, որ զինք կը սիրենք ու կը յարգենք։ Պահ մը մտածէ. Եհովան գիտէ ամէն բան որ կը մտածենք եւ կ’ընենք (Եբրայեցիս 4։13)։ Ան կը նկատէ, երբ կ’ընտրենք պարկեշտ ըլլալ, եւ ատիկա կը գնահատէ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առակաց 3։32)։

2. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր առօրեայ կեանքին մէջ պարկեշտ ըլլալ

Եհովան կ’ուզէ որ ‘ճշմարտութիւնը խօսինք ամէն մէկս իր ընկերին հետ’ (Զաքարիա 8։16, 17)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ կը խօսինք մեր ընտանիքին, գործընկերներուն, քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն կամ կառավարական պաշտօնեաներու հետ, սուտ չենք խօսիր, ոչ ալ կ’ըսենք բան մը, որ կարելի է տարբեր կերպերով հասկնալ։ Պարկեշտ մարդիկը ուրիշներէն չեն գողնար կամ զիրենք չեն խաբեր (կարդա՛ Առակաց 24։28 եւ Եփեսացիս 4։28)։ Եւ անոնք իրենցմէ պահանջուած բոլոր տուրքերը կը վճարեն (Հռովմայեցիս 13։5-7)։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, ‘ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ կը վարուինք’ (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ)։

3. Պարկեշտ ըլլալուն օգուտները ի՞նչ են

Երբ ուրիշները մեզ կը ճանչնան որպէս պարկեշտ մէկը, մեզի կը վստահին։ Ժողովքին մէջ բոլորին կ’օգնենք որ ապահով զգան, կարծես հոգատար ընտանիքի մը մէջ ըլլան։ Մաքուր խիղճ կ’ունենանք։ Նաեւ, մեր պարկեշտութիւնը կրնայ ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը զարդարել’ եւ ուրիշներուն մէջ Եհովան ճանչնալու փափաքը արթնցնել (Տիտոս 2։10)։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ պարկեշտութիւնը ինչպէ՛ս կ’ազդէ Եհովային եւ քեզի, եւ գիտցիր թէ ինչպէ՛ս կրնաս կեանքի տարբեր պարագաներուն մէջ պարկեշտ ըլլալ։

4. Եհովան կ’ուրախանայ երբ պարկեշտ ըլլանք

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 44։21 եւ Մաղաքիա 3։16 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ պէտք չէ մտածենք, թէ կրնա՛նք Եհովայէն բան մը պահել։

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ կ’ընտրենք ճշմարտութիւնը խօսիլ, նոյնիսկ երբ ատիկա ընելը դժուար է։

Պզտիկ մը կը խօսի իր հօր հետ, որ ծունկի եկած է, որպէսզի անոր աչքի մակարդակին ըլլայ։ Օշարակի գաւաթ մը թափած է եւ հեղուկը կը թափթփի գրասեղանին ծայրէն։

Երբ պզտիկները ճշմարտութիւնը կը խօսին, իրենց ծնողքը կ’ուրախացնեն։ Երբ մենք ճշմարտութիւնը կը խօսինք, Եհովան կ’ուրախացնենք

5. Ամէն ատեն պարկեշտութեամբ վարուէ

Շատեր կը մտածեն, որ պարկեշտ ըլլալը միշտ չէ որ գործնական է։ Բայց նկատէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է ամէն ատեն պարկեշտ ըլլանք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

ՎԻՏԷՕ. Ի՞նչը ուրախութիւն կը պատճառէ. Մաքուր խղճմտանքը (2։32)

Տեսարան մը «Ի՞նչը ուրախութիւն կը պատճառէ. Մաքուր խղճմտանքը» վիտէոյէն։ Մարքը իր վարպետին ըսելէ ետք, որ սխալ մը ըրած է որ սուղի կը պայթի, անոնք իրարու ձեռքը կը սեղմեն։

Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 13։18 եւ քննարկեցէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք պարկեշտ ըլլալ՝

  • մեր ընտանիքին հետ։

  • գործատեղը կամ դպրոցին մէջ։

  • ուրիշ պարագաներու։

6. Պարկեշտ ըլլալով կ’օգտուինք

Թերեւս սկիզբը այնպէս երեւնայ, որ պարկեշտութիւնը խնդիրներու պատճառ կ’ըլլայ։ Բայց ի վերջոյ, ատիկա միշտ լաւագոյն բանն է, որ կրնաս ընել։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 34։12-16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Պարկեշտութիւնը կեանքդ ինչպէ՞ս կը բարելաւէ։

Ա. Մարդ մը եւ իր կինը սուրճ խմելով իրարու հետ կը խօսակցին։ Բ. Նորոգման խանութի մը մէջ, ինքնաշարժի վրայ աշխատող գործաւորի մը վարպետը զինք կը գովէ։ Գ. Մարդ մը իր ինքնաշարժին մէջէն իր ինքնաթուղթը կու տայ ոստիկանի մը։
  1. Ա. Պարկեշտ ամուսիններն ու կիները իրենց ամուսնութիւնը կը զօրացնեն

  2. Բ. Պարկեշտ գործաւորները իրենց գործատէրերուն վստահութիւնը կը շահին

  3. Գ. Պարկեշտ քաղաքացիները լաւ անուն կ’ունենան կառավարական պաշտօնեաներուն քով

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ճերմակ սուտը վնաս չունի»։

  • Ինչո՞ւ կը կարծես որ Եհովան բոլոր սուտերը կ’ատէ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան կ’ուզէ որ իր բարեկամները պարկեշտ ըլլան ամէն բանի մէջ որ կ’ըսեն ու կ’ընեն։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք պարկեշտ ըլլալ։

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ մտածենք, թէ կրնա՛նք Եհովայէն բան մը պահել։

  • Ինչո՞ւ կ’ուզես ամէն ատեն պարկեշտ ըլլալ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն սորվեցնել, որ պարկեշտ ըլլան։

Սուտ մի՛ խօսիր (1։44)

Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ մեր խոստումները կը կատարենք։

Խոստումներդ յարգէ եւ օրհնութիւններ վայելէ (9։09)

Նկատի առ թէ արդեօք պէ՞տք է տուրքերը վճարենք, նոյնիսկ եթէ սխալ կերպով կը գործածուին։

«Պէ՞տք է տուրքերը վճարես» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Ի՞նչ բան անպարկեշտ տղամարդ մը մղեց, որ իր կեանքը փոխէ եւ սկսի պարկեշտ կերպով դրամ շահիլ։

«Շօշափեցի թէ Եհովան ողորմած ու ներող է» (Դիտարան 1 մայիս 2015)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել