Յաւիտենական Թագաւորը փառաբանեցէ՛ք
«Տէրը [Եհովա, ՆԱ] յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է»։—ՍԱՂՄՈՍ 10։16
1. Յաւիտենականութեան նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
ԸՍՏ ՁԵԶԻ ի՞նչ է յաւիտենականութիւնը։ Կը խորհի՞ք որ ժամանակը իրապէս կրնայ յաւիտեան շարունակուիլ։ Կասկած չկայ որ ժամանակը յաւիտեան կ’երկարի դէպի անցեալը։ Ուստի, ինչո՞ւ յաւիտեան չերկարի դէպի ապագան։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը Աստուծոյ կ’ակնարկէ որպէս «անորոշ ժամանակէն մինչեւ անորոշ ժամանակ» օրհնեալ Եղողը։ (Սաղմոս 41։13) Այս արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Առնչակից բան մը՝ անջրպետը՝ նկատի առնելը կրնայ մեզի օգնել որ զանիկա հասկնանք։
2, 3. (ա) Անջրպետին առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ կ’օգնեն մեզի որ յաւիտենականութիւնը ըմբռնենք։ (բ) Ինչո՞ւ կ’ուզենք յաւիտենական Թագաւորը պաշտել։
2 Անջրպետը ո՞րքան ընդարձակ է։ Անիկա սահման ունի՞։ Տակաւին մինչեւ 400 տարի առաջ, կը կարծուէր որ մեր երկիրը տիեզերքի կեդրոնն է։ Յետոյ, Գալիլէոս հեռադիտակը զարգացուց, երկինքը աւելի լայն կերպով հետազօտելու հնարաւորութիւն տալով։ Արդ, Գալիլէոս շատ աւելի աստղեր կրցաւ տեսնել եւ ապացուցանել որ երկիրը եւ ուրիշ մոլորակներ արեւուն շուրջ կը թաւալին։ Ծիր կաթինը, այլեւս ճերմակ տարածութիւն մը չէր ներկայացներ։ Փաստուեցաւ որ անիկա շուրջ հարիւր միլիառ աստղերու հոյախումբ մըն էր։ Մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան իրապէս չենք կրնար այդքան աստղեր համրել։ Հետագային, աստղագէտներ միլիառաւոր հոյախումբեր գտան։ Ասոնք անջրպետին մէջ անվերջ տարածուած են, այնքան հեռու որքան ամենէն զօրաւոր հեռադիտակները կրնան զննել։ Այդպէս կը թուի որ անջրպետը սահման չունի։ Յաւիտենականութեան հետ ալ պարագան նոյնն է. անիկա սահման չունի։
3 Յաւիտենականութեան գաղափարը մեր մարդկային սահմանափակ ուղեղին հասկացողութենէն վեր է։ Սակայն, կա՛յ Մէկը որ լիովին կը հասկնայ զայն։ Ան կրնայ միլիառաւոր հոյախումբերու քառիլիոնաւոր աստղերը համրել եւ նոյնիսկ զանոնք անուանել։ Ան կ’ըսէ. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։ Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր ու չի թուլնար. անոր իմաստութիւնը չի քննուիր»։ (Եսայեայ 40։26, 28) Ի՜նչ հոյակապ Աստուած մըն է. վստահաբար, այնպիսի Աստուած մը կ’ուզե՛նք պաշտել։
«Յաւիտեանս Յաւիտենից Թագաւոր»
4. (ա) Դաւիթ ինչպէ՞ս գնահատանք արտայայտեց Յաւիտենական Թագաւորին հանդէպ։ (բ) Տիեզերքի ծագման նկատմամբ պատմութեան մեծագոյն գիտնականներէն մէկը ի՞նչ եզրակացուց։
4 Սաղմոս 10։16–ի մէջ, Դաւիթ այս Ստեղծիչ Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Տէրը [Եհովա, ՆԱ] յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է»։ Իսկ Սաղմոս 29։10–ի մէջ ան կը կրկնէ. «Տէրը [Եհովա, ՆԱ] յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ»։ Այո, Եհովա յաւիտենական Թագաւոր է։ Դաւիթ կը վկայէ նաեւ որ այս բարձրեալ Թագաւորը անջրպետին մէջ մեր տեսած բոլոր բաները Հնարողը ու անոնց Արարիչն է, Սաղմոս 19։1–ի մէջ ըսելով. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։ Շուրջ 2,700 տարիներ ետք, համբաւաւոր գիտնական Սըր Իսահակ Նեւտոն Դաւիթի հետ համամիտ ըլլալով գրեց. «Արեւներու, մոլորակներու եւ գիսաստղերու այս շատ շքեղ դրութիւնը, միմիայն կրնայ ծագում առնել լուսաւորուած եւ հզօր էութեան մը նպատակէն եւ գերիշխանութենէն»։
5. Իմաստութեան Աղբիւրին մասին Եսայի եւ Պօղոս ի՞նչ գրեցին։
5 Ընդարձակ ‘երկինքներուն երկինքը զինք պարունակելու կարող չեղող’ Գերիշխան Տէր Եհովայի յաւիտեան ըլլալը գիտնալը, մեզ որքա՜ն պէտք է խոնարհեցնէ։ (Գ. Թագաւորաց 8։27) Եհովան՝ որ Եսայեայ 45։18–ի մէջ նկարագրուած է որպէս ‘երկինքը ստեղծող, երկիրը կամզող ու զանիկա շինող’, ա՛յնպիսի իմաստութեան Աղբիւրն է որ մահկանացու մարդկային ուղեղը չի կրնար զայն ըմբռնել։ Ինչպէս արձանագրուած է Ա. Կորնթացիս 1։19–ի մէջ, Եհովա ըսաւ. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ»։ Որու վրայ Պօղոս առաքեալ աւելցուց 20–րդ համարին մէջ. «Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը»։ Այո, ինչպէս Պօղոս կը շարունակէ ըսել 3–րդ գլուխին 19–րդ համարին մէջ. «Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։
6. ‘Յաւիտենականութեան’ մասին Ժողովողի 3։11–ը ի՞նչ ցոյց կու տայ։
6 Երկնային մարմինները ստեղծագործութեան մաս կը կազմեն, որու ակնարկեց Սողոմոն Թագաւոր. «[Աստուած] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ»։ (Ժողովողի 3։11) Իրապէս, մարդուն սրտին մէջ տեղաւորուած է փորձել ‘յաւիտենականութեան’ իմաստը գտնել։ Բայց այսպիսի գիտութեան ան կրնա՞յ հասնիլ։
Կեանքի Հոյակապ Հեռանկար մը
7, 8. (ա) Կեանքի ի՞նչ հոյակապ հեռանկար մարդկութեան դիմաց կը գտնուի, եւ անոր ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք է ուրախանանք որ աստուածային ուսուցումը յաւիտեան պիտի շարունակուի։
7 Եհովայի մատուցած իր աղօթքին մէջ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը [կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, ՆԱ], որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի գիտութիւն մը ձեռք ձգել։ Պէտք է Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրենք։ Այդ կերպով կրնանք ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգել Աստուծոյ հոյակապ նպատակներուն՝ ինչպէս նաեւ իր Որդւոյն միջոցով դրախտ երկրի մը մէջ յաւիտեան ապրելու կարգադրութեան մասին։ Անիկա պիտի ըլլայ այն ‘ճշմարիտ կեանքը’ որու ակնարկուած է Ա. Տիմոթէոս 6։19–ի մէջ։ Անիկա ներդաշնակ պիտի ըլլայ այն բանին հետ որ Եփեսացիս 3։11–ի մէջ նկարագրուած է որպէս «յաւիտենական նախասահմանութիւն . . . որ [Աստուած] ըրաւ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով»։
8 Այո, մենք մեղաւոր մարդկայիններս յաւիտենական կեանքի կը հասնինք աստուածային ուսուցումով եւ Յիսուսի քաւիչ զոհին հաւատք ընծայելով։ Այս ուսուցումը որքա՞ն ժամանակ պիտի շարունակուի։ Անիկա յաւիտեան պիտի շարունակուի, մինչ մարդկութիւնը աստիճանաբար պիտի դաստիարակուի մեր Ստեղծիչին իմաստութեամբ։ Եհովայի իմաստութիւնը սահման չունի։ Ասոր գիտակցելով, Պօղոս առաքեալ բացագանչեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ինչպէ՜ս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները»։ (Հռովմայեցիս 11։33) Արդարեւ, տեղին ըլլալով Ա. Տիմոթէոս 1։17–ն Եհովան կը կոչէ «յաւիտենական Թագաւոր»։
Եհովայի Արարչական Իմաստութիւնը
9, 10. (ա) Երկիրը մարդկութեան որպէս նուէր տալու համար, Եհովա ի՞նչ հոյակապ գործեր կատարեց։ (բ) Եհովայի գերազանց իմաստութիւնը ինչպէ՞ս կ’արտացոլացուի իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ (Տես շրջագիծը։)
9 Նկատի առէք այն հոյակապ ժառանգութիւնը զոր յաւիտենական Թագաւորը հայթայթած է մարդոց համար։ Սաղմոս 115։16–ը կ’ըսէ. «Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ»։ Չէ՞ք խորհիր որ ասիկա հոյակապ աւանդ մըն է։ Վստա՛հաբար։ Իսկ որքա՜ն կը գնահատենք երկիրը որպէս մեր բնակարանը պատրաստելու մէջ մեր Ստեղծիչին հոյակապ հեռատեսութիւնը։—Սաղմոս 107։8
10 Ծննդոց առաջին գլուխին մէջ յիշուած ստեղծագործական վեց «օրեր»ու ընթացքին, երկրի վրայ հոյակապ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան. իւրաքանչիւր օրը հազարաւոր տարիներու երկարութիւն ունենալով։ Աստուծոյ այս ստեղծագործութիւնը վերջապէս ամբողջ երկիրը ծածկեց կանաչ խոտաւէտ գորգով մը, վեհաշուք անտառներով եւ երփներանգ ծաղիկներով։ Անիկա զեղուն եղաւ ծովային բազմատեսակ արարածներով, սիրուն թեւաւոր թռչուններով եւ ընտանի ու վայրի անասուններու տարբեր տեսակներով, իւրաքանչիւրը վերարտադրելով «իր տեսակին պէս»։ Մարդուն ու կնոջ ստեղծագործութիւնը նկարագրելէ ետք, Ծննդոց 1։31–ը կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։ Մարդկային առաջին զոյգը ի՜նչ հաճելի շրջապատ մը ունէր։ Այս ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ սիրալիր Ստեղծիչի մը իմաստութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ հոգածութիւնը չե՞նք նկատեր։—Եսայեայ 45։11, 12, 18
11. Սողոմոն ինչպէ՞ս Եհովայի արարչագործական իմաստութիւնը մեծարեց։
11 Յաւիտենական Թագաւորին իմաստութեան վրայ սքանչացողներէն մէկն էր Սողոմոն։ Ան կրկնակիօրէն Ստեղծիչին իմաստութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց։ (Առակաց 1։1, 2. 2։1, 6. 3։13–18) Սողոմոն մեզ կը վստահեցնէ որ «երկիրը միշտ կը կենայ»։ Ան գնահատեց ստեղծագործութեան սքանչելիքները, ի միջի այլոց մեր երկիրը թարմացնելու համար անձրեւի ամպերուն խաղցած դերը։ Ուստի, ան գրեց. «Բոլոր գետերը ծով կ’երթան, բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, նորէն հո՛ն կ’երթան»։ (Ժողովողի 1։4, 7) Այո, անձրեւն ու գետերը երկիրը ջրելէն ետք, այդ ջուրերը ովկիանոսներէն շոգիանալով ամպերու կը վերածուին։ Այս երկիրը ի՞նչ բանի պիտի նմանէր եւ մենք ո՞ւր պիտի ըլլայինք առանց ջուրին զտուելուն եւ վերստին շրջան ընելուն։
12, 13. Աստուծոյ ստեղծագործութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կրնանք գնահատութիւն ցոյց տալ։
12 Ստեղծագործութեան մէջ եղած հաւասարակշռութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը արարքներով ցոյց պէտք է տանք, ինչպէս Սողոմոն Թագաւոր նշեց Ժողովողի գրքին փակման խօսքերուն մէջ. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասնզի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Քանզի Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ»։ (Ժողովողի 12։13, 14) Աստուծոյ անհաճելի եղող բան մը ընելէն պէտք է վախնանք. պէտք է ջանանք յարգալից վախով մը իրեն հնազանդիլ։
13 Այո, պէտք է յաւիտենական Թագաւորը փառաբանենք իր փառաւոր արարչագործութեան համար։ Սաղմոս 104։24–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ»։ Մենք ալ ուրախութեամբ մասնակցինք այս սաղմոսի վերջին համարին ու մենք մեզի եւ ուրիշներուն ըսենք. «Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜»։
Երկրային Գերագոյն Ստեղծագործութիւնը
14. Աստուծոյ կողմէ մարդուն ստեղծագործութիւնը ի՞նչ կերպերով անասուններէն գերադաս է։
14 Եհովայի ամբողջ ստեղծագործութիւնը ճարտարութեամբ եղած է։ Բայց երկրային ստեղծագործութեան ամենէն ուշագրաւը մարդ արարածն է։ Ադամն ու Եւան Եհովայի ստեղծագործական վեցերորդ օրուան յանգումը եղան. ձուկերէն, թռչուններէն եւ անասուններէն գերադաս ստեղծագործութիւն մը։ Մինչ անոնցմէ շատեր բնազդաբար իմաստուն են, բայց մարդը օժտուած էր տրամաբանելու կարողութեամբ, շիտակը սխալէն զանազանելու խղճով, ապագայի համար ծրագիրներ ընելու կարողութեամբ եւ պաշտելու բնածին ցանկութեամբ։ Այս բոլորը ինչպէ՞ս գոյացան։ Փոխանակ անբան անասուններէ բարեշրջուելու, մարդը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցաւ։ Հետեւաբար, միայն մարդը կրնար մեր Ստեղծիչին յատկութիւնները ցոլացնել, որ Իր ինքնութիւնը յայտնեց որպէս «Տէ՛րը՝ Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։—Ելից 34։6
15. Ինչո՞ւ խոնարհութեամբ Եհովան պէտք է գովաբանենք։
15 Մեր մարմինը հոյակապ կերպով ծրագրուած ըլլալուն համար Եհովան փառաբանենք եւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնենք իրեն։ Մեր մէջ շրջագայող արիւնը՝ որ ապրելու համար կենսական է՝ իւրաքանչիւր 60 երկվայրկեանը ամբողջ մարմինը շրջան կ’ընէ։ Ինչպէս Բ. Օրինաց 12։23–ը կը նշէ. «Արիւնը ոգին է»—մեր կեանքն է—որ թանկագին է Աստուծոյ աչքին։ Տոկուն ոսկորները, ճկուն մկանները եւ ընդառաջող ջղային դրութիւնը կապուած են ուղեղի մը, որ անասնական որեւէ ուղեղէ գերադաս է եւ ունի կարողութիւն մը, որ երկնաքեր շէնքի չափ համակարգիչ մը բաւարար չէ զայն պարունակելու համար։ Ասիկա ձեր մէջ խոնարհութեան զգացում մը չի՞ յառաջացներ։ Պէ՛տք է յառաջացնէ։ (Առակաց 22։4) Հետեւեալն ալ նկատի առէք. մեր թոքերը, խռչափողը, լեզուն, ակռաները եւ բերանը միասնաբար կը գործեն հազարաւոր լեզուներէն մէկը խօսելու համար։ Դաւիթ շատ տեղին քաղցր մեղեդի մը յօրինեց Եհովայի համար, ըսելով. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։ (Սաղմոս 139։14) Մենք ալ Դաւիթի միանանք, մեր հոյակապ Արարիչը եւ Աստուածը՝ Եհովան՝ երախտագիտութեամբ փառաբանելու համար։
16. Համբաւաւոր երաժիշտ մը Եհովան փառաբանելով ի՞նչ մեղեդի յօրինեց, եւ ի՞նչ հրապուրիչ հրաւէրի կրնանք ընդառաջել։
16 ԺԸ. դարու յօրինող Ժոզէֆ Հայտըն, սրբազան թատերգութեան իր թատերակին մէջ Եհովան փառաբանելով գրեց. «Շնորհակալութիւն յայտնեցէք Անոր, դուք ո՛վ Իր սքանչելի գործերը։ Իր համբաւը երգեցէ՛ք, Իր փառքը երգեցէ՛ք, Իր Անունը օրհնեցէ՛ք ու պատուեցէ՛ք։ Եհովայի փառաբանութիւնը անվերջ է, Ամէն, Ամէն»։ Տակաւին աւելի գեղեցիկ են Սաղմոսաց գրքին մէջ յաճախ կրկնուած՝ ներշնչուած արտայայտութիւնները, ինչպէս՝ այն հրաւէրը որ չորս անգամ տրուած է 107–րդ սաղմոսին մէջ. «Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ»։ Դուք ալ այդ փառաբանութեան կը միանա՞ք։ Պէ՛տք է միանաք, քանի որ բոլոր սիրուն բաները ծագում առած են Եհովայէ, յաւիտենական Թագաւորէն։
Տակաւին Աւելի Հզօր Գործեր
17. ‘Մովսէսին ու Գառնուկին երգը’ ինչպէ՞ս Եհովան կը գովաբանէ։
17 Անցեալ վեց հազար տարիներու ընթացքին, յաւիտենական Թագաւորը տակաւին աւելի հզօր գործեր ըրած է։ Աստուածաշունչի վերջին գրքին՝ Յայտնութիւն 15։3, 4–ի մէջ երկնքի մէջ դիւային թշնամիներու յաղթողներուն մասին կը կարդանք. «Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. ‘Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասնզի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան’»։ Ասիկա ինչո՞ւ ‘Մովսէսին ու Գառնուկին երգը’ կոչուած է։ Տեսնե՛նք։
18. Ելից գլուխ 15–ի երգով ո՞ր հզօր գործը յիշատակուած է։
18 Շուրջ 3,500 տարիներ առաջ, երբ Փարաւոնի հզօր բանակը Կարմիր Ծովուն մէջ բնաջինջ եղաւ, Իսրայելացիները երախտագիտութեամբ Եհովան փառաբանեցին երգով մը։ Ելից 15։1, 18–ի մէջ կը կարդանք. «Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը. ‘Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։ Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից’»։ Իր գերիշխանութեան ասպարէզ կարդացող թշնամիները դատելով եւ կործանելով, այս յաւիտենական Թագաւորին արդար դատաստանները յայտնուեցան։
19, 20. (ա) Եհովա ինչո՞ւ Իսրայէլ ազգը կազմեց։ (բ) Գառը եւ ուրիշներ Սատանայի մարտահրաւէրին ինչպէ՞ս պատասխանած են։
19 Ասիկա ինչո՞ւ անհրաժեշտ եղաւ։ Եդեմի պարտէզին մէջն էր որ խորամանկ Օձը մեր առաջին ծնողքը մեղքի մէջ առաջնորդեց։ Այս կերպով մեղաւոր անկատարութիւնը ամբողջ մարդկութեան փոխանցուեցաւ։ Սակայն, յաւիտենական Թագաւորը անմիջապէս քայլեր առաւ՝ իր սկզբնական նպատակին հետ ներդաշնակ ըլլալով՝ որպէսզի իր բոլոր թշնամիները վանէ երկրային ծիրէն եւ դրախտային վիճակներ վերահաստատէ։ Իր այս նպատակին իրագործումը նախապատկերացնելու համար, Յաւիտենական Թագաւորը Իսրայէլ ազգը կազմակերպեց եւ Իր Օրէնքը տուաւ անոնց։—Գաղատացիս 3։24
20 Սակայն, ժամանակի ընթացքին Իսրայէլ անհաւատարիմ գտնուեցաւ եւ այս տխուր վիճակը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ անոր առաջնորդները Աստուծոյ Միածին Որդին Հռովմէացիներու յանձնեցին, որպէսզի վայրագօրէն տանջուի ու սպաննուի։ (Գործք 10։39. Փիլիպպեցիս 2։8) Բայց, որպէս «Աստուծոյ [զոհագործական] Գառը» Յիսուսի մինչեւ ի մահ ուղղամըտութիւնը, աչքառու կերպով հերքեց Աստուծոյ վաղեմի Թշնամիին՝ Սատանային՝ յարուցած հարցը, թէ խիստ փորձութեան ներքեւ երկրի վրայ ո՛չ մէկ անհատ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնար։ (Յովհաննու 1։29, 36. Յոբայ 1։9–12. 27։5) Ադամէ անկատարութիւն ժառանգելով հանդերձ, միլիոնաւոր ուրիշ աստուածավախ մարդիկ Յիսուսի քայլերուն հետեւած են, Սատանայի յարձակման ներքեւ իրենց ուղղամտութիւնը պահելով։—Ա. Պետրոս 1։18, 19. 2։19, 21
21. Գործք Առաքելոց 17։29–31–ի համաձայն, յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնուի։
21 Այլեւս ժամանակը հասած է որ Եհովա վարձատրէ այդ հաւատարիմները եւ դատէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան բոլոր թշնամիները։ (Գործք 17։29–31) Ասիկա ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ։
Վերաքաղի շրջագիծ
◻ Ինչո՞ւ Եհովա իրաւացիօրէն «յաւիտենական Թագաւոր»ը կոչուած է։
◻ Եհովայի իմաստութիւնը ինչպէ՞ս կը յայտնաբերուի իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։
◻ Մարդը ի՞նչ կերպերով ստեղծագործութեան գլուխ գործոց մըն է։
◻ ‘Մովսէսին ու Գառնուկին երգը’ ի՞նչ գործերու կոչ կ’ընէ։
[Շրջանակ՝ էջ 12]
Եհովայի գերազանց իմաստութիւնը
Յաւիտենական Թագաւորին իմաստութիւնը շատ մը կերպերով արտացոլացուած է երկրի վրայ։ Նկատի առէք Ագուրին խօսքերը. «Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։ Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է»։ (Առակաց 30։5) Ապա ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Աստուծոյ մեծ կամ պզտիկ շատ մը արարածներու վրայ։ Օրինակի համար, 24–28–րդ համարներուն մէջ ան կը նկարագրէ «չորս բան . . . որոնք պզտիկ են, բայց անոնք [բնազդաբար, ՆԱ] շատ խելացի են»։ Անոնք են մրջիւնը, ճագարը, մարախը եւ մողէսը։
«[Բնազդաբար, ՆԱ] շատ խելացի». այո, անասունները այդպէս ստեղծուած են։ Անոնք մարդոց նման չեն խորհիր, այլ իրենց մէջ զետեղուած իմաստութեան կ’ապաւինին։ Բնաւ չէ՞ք սքանչացած ասոր վրայ։ Ի՜նչ կազմակերպ ստեղծագործութիւններ են։ Օրինակի համար, մրջիւնները խումբերու բաժնուած են. անոնց մէջ կան թագուհի, գործաւորներ եւ արուներ։ Կարգ մը տեսակներու մէջ, գործաւոր մրջիւնները նոյնիսկ իրենց շինած ագարակի ցանկապատէն ներս կը հաւաքեն մանր միջատները։ Հոն զանոնք կը կթեն, մինչ զինուոր մրջիւնները կը քշեն որեւէ ներխուժող թշնամի։ Առակաց 6։6–ի մէջ հետեւեալ խրատը տրուած է. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր»։ Այսպիսի օրինակներ մեզ պէտք չէ՞ քաջալերեն որ մենք ալ ‘ամէն ատեն աւելնանք Տէրոջը գործին մէջ’։—Ա. Կորնթացիս 15։58
Մարդիկ հսկայ օդանաւեր շինած են։ Սակայն որքան աւելի ճկուն են թռչունները, ինչպէս հծծահաւը, որ միայն շուրջ 30 կրամ կը կշռէ։ 747 տիպի Պոյինկ մը 180,000 լիդր վառելանիւթ պէտք է կրէ, մարզուած անձնակազմի մը կողմէ պէտք է գործէ եւ նաւավարական բարդ դրութիւն մը պէտք է գործածէ, որպէսզի ովկիանոս մը կտրէ։ Այո, շատ փոքր հծծահաւ մը միայն իր մէկ կրամ ճարպին կ’ապաւինի, որ զինք Հիւսիսային Ամերիկայէն տանի դէպի Հարաւային Ամերիկա, անցնելով Մեքսիկայի Ծոցէն։ Ո՛չ ծանր վառելանիւթի, ո՛չ նաւավարական մարզումի, ո՛չ ալ բարդ աշխարհացոյցի կամ համակարգիչի պէտք ունի։ Այս կարողութիւնը բարեշրջութեան արկածի արդի՞ւնքն է։ Վստահաբար ոչ։ Այս փոքր թռչունը բնազդաբար իմաստուն է, քանի որ իր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ կողմէ այդ կերպով յայտագրուած է։
[Նկար՝ էջ 8]
«Յաւիտենական Թագաւոր»ին այլազան ստեղծագործութիւնները իր փառքը կը մեծարեն
[Նկար՝ էջ 10]
Ինչպէս Մովսէս եւ բոլոր Իսրայելացիները Կարմիր Ծովուն քով Եհովայի յաղթանակը տօնեցին, Արմագեդոնէն ետք ալ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ