Եհովայի վստահեցէք
«Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը [Եհովայի] ապաւինէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 3։5
1. Առակաց 3։5–ը ինչպէ՞ս տպաւորեց երիտասարդի մը, եւ ի՞նչ երկարատեւ արդիւնքով։
ԵՐԿԱՐ ԱՏԵՆԷ միսիոնար եղող մը գրեց. «‘ՔՈՒ ԲՈԼՈՐ ՍՐՏՈՎԴ ՏԷՐՈՋԸ ԱՊԱՒԻՆԷ ԵՒ ՔՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆԴ ՄԻ՛ ՎՍՏԱՀԻՐ’։ Շրջանակի առնուած եւ պատէն կախուած Աստուածաշունչի այս խօսքերը, զոր այցելութիւն տուածս տան պատէն կախուած էր, ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ամբողջ օրը անոնց մասին մտածեցի։ Ես ինծի հարց տուի. Ես կրնա՞մ բոլոր սրտով Աստուծոյ ապաւինիլ»։ Այդ ատեն այս անհատը 21 տարեկան էր։ Հիմա 90 տարեկանին Աւստրալիոյ Փէրթ քաղաքին մէջ որպէս երէց տակաւին հաւատարմօրէն ծառայելով, ան կրնայ յետադարձ ակնարկ մը նետել բոլոր սրտով Եհովայի ապաւինողի իր ճոխ կեանքին, մէջը ըլլալով ռահվիրայութեան 26 կայտար տարիները, որոնք անցուցած է Սէյլանի (հիմա՝ Սրի Լանգա), Պուրմայի (հիմա՝ Միանմա), Մալայայի, Թայլանտայի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միսիոնարական նոր դաշտերուն մէջ։a
2. Առակաց 3։5–ը ի՞նչ վստահութիւն պէտք է կերտէ մեր մէջ։
2 «Քու բոլոր սրտովդ Եհովայի վստահէ». Նոր Աշխարհի Թարգմանութենէն առնուած Առակաց 3։5–ի այս խօսքերը պէտք է մղէ բոլորս որ շարունակենք մեր կեանքերը սրտանց նուիրել Եհովայի, վստահ ըլլալով որ ան կրնայ մեր հաւատքը զօրացնել, մինչեւ իսկ լեռնանման արգելքները յաղթահարելու։ (Մատթէոս 17։20) Հիմա Առակաց 3։5–ի բովանդակութիւնը քննենք։
Հայրական Խրատ
3. (ա) Առակացի առաջին ինը գլուխներուն մէջ ի՞նչ քաջալերութիւններ կը գտնուին։ (բ) Ինչո՞ւ մեծ ուշադրութիւն պէտք է տրուի Առակաց 3։1, 2–ին։
3 Աստուածաշունչի Առակաց գրքին առաջին ինը գլուխները կը վխտան Եհովայէ եկած հայրական կրթութեամբ, իմաստուն խրատներով, ուղղուած բոլոր անոնց որոնք կ’ակնկալեն երկնքի մէջ որդեգրութիւն վայելել, կամ դրախտային երկրի մը վրայ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը» հասնիլ։ (Հռովմայեցիս 8։18–21, 23) Ահաւասիկ իմաստուն խրատներ, զորս տղաքներ եւ աղջիկներ մեծցնող ծնողներ կրնան գործածել։ Շատ ուշագրաւ են Առակաց 3–րդ գլուխի խրատները, որ հետեւեալ նախազգուշացումով կը սկսի. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ»։ Մինչ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհի վերջին օրերը դէպի իրենց վախճանը կ’արտորան, աւելի մօտէն ուշադրութիւն ընծայենք Եհովայի վերյիշեցումներուն։ Թերեւս ճամբան երկար թուի, բայց բոլոր համբերողներուն, հետեւեալ խոստումը տրուած է. «Քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն» պիտի աւելցուի, այսինքն, Եհովայի նոր դրութեան մէջ յաւիտենական կեանք։—Առակաց 3։1, 2
4, 5. (ա) Յովհաննու 5։19, 20–ի մէջ ի՞նչ ուրախ յարաբերութիւն մը նկարագրուած է։ (բ) Բ. Օրինաց 11։18–21–ի խրատը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի մեր օրերուն։
4 Շատ թանկարժէք բան մըն է հօր–զաւկի միջեւ եղող ուրախ յարաբերութիւնը։ Մեր Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած ամէն բան ըրած է ասոր համար։ Քրիստոս Յիսուս Եհովային հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութեան մասին ըսաւ. «Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ. վասնզի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ»։ (Յովհաննու 5։19, 20) Եհովայի նպատակն էր որ նոյնանման մտերմութիւն մը գոյութիւն ունենար իր եւ երկրի վրայ իր ամէն ընտանիքին միջեւ, ինչպէս նաեւ մարդկային հայրերու եւ իրենց զաւակներուն միջեւ։
5 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, քաջալերութիւն տրուած էր որ ընտանեկան վստահելի յարաբերութիւն մը մշակուէր։ Եհովա հետեւեալ խրատը տուած էր հայրերուն. «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատնոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։ Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛։ Որպէսզի այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրեւ երկնքի օրեր՝ երկրի վրայ»։ (Բ. Օրինաց 11։18–21) Մեր Մեծ Դաստիարակին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ ներշնչեալ խօսքերը արդարեւ կրնան ծառայել զինք կապելու ծնողներուն եւ անոնց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ, Քրիստոնէական ժողովքին մէջ բոլոր իրեն ծառայողներուն հետ։—Եսայեայ 30։20, 21
6. Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ ինչպէ՞ս կրնանք շնորհք գտնել։
6 Տարեց ըլլան թէ երիտասարդ, Աստուծոյ ծառաներուն տրուած հայրական իմաստուն խրատը կը շարունակուի Առակաց 3։3 եւ 4 համարներուն մէջ. «Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։ Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես»։ Եհովա Աստուած ողորմութիւն եւ ճշմարտութիւն ցուցաբերելու մէջ բոլորին կը գերազանցէ։ Ինչպէս Սաղմոս 25։10–ը կը նշէ. «Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են»։ Եհովան ընդօրինակելով, մենք ալ թանկարժէք պէտք է նկատենք այս յատկութիւնները եւ անոնց պահպանիչ զօրութիւնը, զանոնք թանկարժէք վզնոցի մը պէս արժէւորելով եւ անջնջելիօրէն մեր սրտերուն վրայ քանդակելով։ Այդ պարագային, կրնանք ջերմեռանդօրէն աղօթել. «Ո՛վ Տէր, ... քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս»։—Սաղմոս 40։11
Հաստատ Վստահութիւն մը
7. Եհովա ի՞նչ կերպերով ցոյց տուած է իր վստահելի ըլլալը։
7 Բառարան մը (Webster’s Ninth New Collegiate Dictionary) վստահութիւնը կը սահմանէ որպէս «մէկու մը կամ բանի մը նկարագրին, ձեռնհասութեան, զօրութեան, կամ ճշմարտութեան վրայ երաշխաւորուած ապաւինում»։ Եհովայի ողորմութիւնը հաստատօրէն խարսխուած է իր նկարագրին մէջ։ Իսկ մենք կրնանք լիովին վստահիլ որ Ան իր խոստումները կատարելու ձեռնհաս է, քանի որ իր անունն իսկ՝ Եհովա՝ զինք կը բնորոշէ որպէս մեծ Մտադրողը։ (Ելից 3։14. 6։2–8) Որպէս Արարիչ, ան զօրութեան եւ հզօր ուժանիւթի Աղբիւրն է։ (Եսայեայ 40։26, 29) Ան ճշմարտութեան մարմնացումն է, քանի որ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի»։ (Եբրայեցիս 6։18) Հետեւաբար, մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ բացարձակ վստահութիւն դնենք մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ ամէն ճշմարտութեան մեծ Աղբիւրին վրայ, որ ամենակալ զօրութիւնը ունի իրեն վստահողները պաշտպանելու եւ իր բոլոր հոյակապ նպատակները փառաւոր յաջողութեամբ պսակելու։—Սաղմոս 91։1, 2. Եսայեայ 55։8–11
8, 9. Աշխարհի մէջ ինչո՞ւ դժբախտաբար վստահութեան պակաս կայ, եւ Եհովայի ծառաներուն մէջ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։
8 Մեզ շրջապատող այլասեռուած աշխարհին մէջ, դժբախտաբար վստահութեան պակաս կայ։ Անոր փոխարէն ագահութիւն եւ ապականութիւն կը տեսնենք ամենուրէք։ Պարբերաթերթի մը (World Press Review) Մայիս 1993–ի կողքը պճնուած էր հետեւեալ պատգամով. «ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅԹՈՒՄ—Աղտոտ Դրամ Համաշխարհային Նոր Համակարգին մէջ։ Ապականութեան ճարտարարուեստը Պրազիլիայէն մինչեւ Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Արժանթին, Սպանիայէն մինչեւ Բերու, Իտալիայէն մինչեւ Մեքսիկա, Վատիկանէն մինչեւ Ռուսիա հասած է»։ Մարդուն, այդպէս կոչուած, համաշխարհային նոր բարեկարգութիւնը, ատելութեան, ագահութեան եւ անվստահութեան վրայ հիմնուած ըլլալով, միայն մարդկային թշուառութեան վերելք մը կը հնձէ։
9 Քաղաքական ազգերուն հակառակը, Եհովայի Վկաները ուրախ են որպէս այն ‘ազգը որու Աստուածը Եհովան է’։ Միայն անոնք ճշմարտապէս կրնան ըսել. «Աստուծոյ կ’ապաւինինք»։ Իւրաքանչիւր Վկայ կրնայ ուրախութեամբ աղաղակել. «Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. ... Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ»։—Սաղմոս 33։12. 56։4, 11
10. Բազմաթիւ երիտասարդ Քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս զօրացած են իրենց ուղղամտութիւնը պահելու համար։
10 Ասիական երկրի մը մէջ, ուր հազարաւոր երիտասարդ Վկաներ ծանր կերպով ծեծուեցան եւ բանտարկուեցան, Եհովայի ապաւինիլը կարելի դարձուց որ անոնց հսկայ մեծամասնութիւնը տոկայ։ Գիշեր մը, սարսափելի չարչարանքներու ենթարկուած երիտասարդ Վկայ մը զգաց որ ա՛լ չէր կրնար տոկալ։ Բայց մթութեան ծածկոցին տակ, ուրիշ երիտասարդ մը գաղտագողի անոր մօտեցաւ ու փսփսաց. «Տեղի մի՛ տար. ես համակերպեցայ եւ անկէ ի վեր մտքի խաղաղութիւն չունիմ»։ Առաջին երիտասարդը անգամ մը եւս վճռեց չսասանիլ։ Կրնանք կատարելապէս վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի օգնէ մեզի որ յաղթահարենք մեր ուղղամտութիւնը խախտելու մտքով Սատանայի կողմէ եղած որեւէ ջանքի։—Երեմեայ 7։3–7. 17։1–8. 38։6–13, 15–17
11. Եհովայի վրայ վստահութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է քաջալերէ մեզ։
11 Առաջին պատուիրանքը մասամբ կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ»։ (Մարկոս 12։30) Մինչ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկանք, մեր սորված հոյակապ ճշմարտութիւնները մեր սրտին խորը կը թափանցեն, այնպէս որ կը մղուինք մեր բոլոր ունեցածը տրամադրել մեր հոյակապ Աստուծոյ՝ Գերիշխան Տէր Եհովայի՝ ծառայութեան համար։ Մեզի սորվեցուցած, մեզի համար ըրած եւ տակաւին ընելիք բոլոր բաներուն համար, իրեն հանդէպ գնահատութեամբ յորդող սրտով մը, կը մղուինք անվարան ապաւինիլ իր փրկութեան։—Եսայեայ 12։2
12. Տարիներու ընթացքին, շատ մը Քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս օգնութիւն ստացած են Եհովայի վրայ վստահութիւն մշակելու համար։
12 Այս վստահութիւնը կրնայ տարիներու ընթացքին մշակուիլ։ Դիտարանի Ընկերութեան Պրուքլինի կեդրոնատեղիին մէջ, աւելի քան 50 տարի հաւատարմաբար ծառայած խոնարհ Վկայ մը, որ իր սպասարկութիւնը Ապրիլ 1927–ին սկսած էր, ըսաւ. «Այդ ամսըւան վերջաւորութեան, Աստուածաշունչէն Առակաց 3։5, 6–ի համարները գրուած սիրուն բացիկի մը հետ, պահարանի մը մէջ դրուած հինգ տոլար յատկացում ստացայ։ ... Ամէն պատճառ ունէի Եհովայի ապաւինելու, քանի որ կեդրոնատեղիին մէջ շուտով սկսայ գնահատել որ Եհովա ‘հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ’ մը ունի, որ երկրի վրայ Թագաւորութեան շահերուն հաւատարմաբար հոգ կը տանի։—Մատթէոս 24։45–47»։b Այս Քրիստոնեային սիրտը ոչ թէ դրամասիրութեան վրայ դրուած էր, այլ՝ ‘երկնքի մէջ չպակսելու գանձի’ մը վրայ։ Նմանապէս, մեր օրերուն, Դիտարանի Ընկերութեան Պէթէլի Տուներուն մէջ ծառայող հազարաւոր Վկաներն ալ ասիկա կ’ընեն, աղքատութեան օրինաւոր ուխտի մը ներքեւ։ Անոնք իրենց առօրեայ պէտքերուն համար Եհովայի կ’ապաւինին։—Ղուկաս 12։29–31, 33, 34
Եհովայի Վրայ Յենուեցէք
13, 14. (ա) Միայն ո՞ւր կարելի է հասուն խրատներ գտնել։ (բ) Հալածանքներէն վերապրելու համար ի՞նչ բաներէն պէտք է խուսափիլ։
13 Մեր երկնաւոր Հայրը կը խրատէ մեզ. «Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր [յենուիր]»։ (Առակաց 3։5) Աշխարհային խրատատուներն ու հոգեբանները չեն կրնար յուսալ մօտենալ իսկ Եհովայի ցուցաբերած իմաստութեան եւ հասկացողութեան։ «Անոր իմաստութիւնը [հասկացողութիւնը] անհուն է»։ (Սաղմոս 147։5) Փոխանակ աշխարհի կարկառուն մարդոց իմաստութեան, կամ մեր անտեղեակ զգացումներուն վրայ յենուելու, հասուն խրատներ ստանալու համար Եհովայի, իր Խօսքին եւ Քրիստոնէական ժողովքի երէցներուն դիմենք։—Սաղմոս 55։22. Ա. Կորնթացիս 2։5
14 Ներկայիս արագօրէն մօտեցող խիստ փորձութեան օրուան ընթացքին, մարդկային իմաստութիւնը կամ կարկառուն դիրք մը մեզի տեղ մը պիտի չհասցնէ։ (Եսայեայ 29։14. Ա. Կորնթացիս 2։14) Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Ճաբոնի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին ձեռնտու բայց հպարտ հովիւ մը նախընտրեց ինքն իր հասկացողութեան ապաւինիլ։ Ճնշումի ներքեւ, ան հաւատուրաց եղաւ եւ հալածանքի ներքեւ հօտին մեծամասնութիւնը անգործունեայ եղաւ։ Ճաբոնցի հաւատարիմ քոյր մը, որ բանտի կեղտոտ խցիկներուն մէջ քաջութեամբ վերապրեցաւ իր գլխէն անցած ահաւոր բաներէն, կը բացատրէ. «Հաւատարիմ մնացողները մասնաւոր կարողութիւններ չունէին եւ ականաւոր անհատներ չէին։ Իրապէս բոլորս ալ միշտ Եհովայի պէտք է վստահինք մեր բոլոր սըրտով»։c
15. Բարեպաշտ ի՞նչ յատկութիւն կենսական է Եհովայի հաճելի ըլլալու համար։
15 Փոխանակ մեր հասկացողութեան վստահելու, Եհովայի վստահիլը խոնարհութիւն կը պահանջէ։ Այս յատկութիւնը որքա՜ն կարեւոր է, բոլոր անոնց համար որոնք կ’ուզեն Եհովան հաճեցնել։ Այո, նոյնիսկ Աստուած, որ ամբողջ տիեզերքի Գերիշխան Տէրն է, խոնարհութեամբ կը վարուի իր մտացի արարածներուն հետ։ Ասոր համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք։ «[Ան] տեսնելու համար կը խոնարհի, որ աղքատը փոշիէն վեր վերցնէ»։ (Սաղմոս 113։6, 7) Իր մեծ գթութեան շնորհիւ, ան կը ներէ մեր տկարութիւնները, մարդկութեան տուած իր մեծագոյն պարգեւին՝ իր սիրելի Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի թանկագին քաւիչ զոհին հիման վրայ։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք այս անարժան ողորմութեան համար։
16. Եղբայրները ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս կրնան առանձնաշնորհումներ ստանձնել։
16 Յիսուս մեզ կը յիշեցնէ. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։ (Մատթէոս 23։12) Մկրտուած եղբայրները Քրիստոնէական ժողովքին մէջ խոնարհութեամբ պատասխանատուութիւններու պէտք է ստանձնեն։ Սակայն, տեսուչները իրենց նշանակումը պէտք է նկատեն ոչ թէ որպէս դիրքի մը խորհրդանիշը, այլ՝ Յիսուսի նման խոնարհութեամբ, գնահատութեամբ, ջանադրութեամբ գործ մը կատարելու պատեհութիւն մը։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։—Յովհաննու 5։17. Ա. Պետրոս 5։2, 3
17. Բոլորս ալ ի՞նչ բան պէտք է գնահատենք, եւ ո՞ր գործունէութեան մեզ առաջնորդելով։
17 Թող որ միշտ խոնարհութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ գնահատենք որ մենք Եհովայի աչքին պարզապէս փոշի մըն ենք։ Ուստի, որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ «Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ»։ (Սաղմոս 103։14, 17) Ուստի, բոլորս ալ ժրաջանօրէն Աստուծոյ Խօսքին աշակերտները պէտք է ըլլանք։ Անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութեան եւ ժողովներու տրամադրուած ժամանակը ամէն շաբաթ մեր ամենէն թանկագին ժամերուն մաս պէտք է կազմեն։ Այս կերպով «Ամենասուրբին գիտութիւնը» մեզ կը կերտէ։ Ասիկա է «հանճարը»։—Առակաց 9։10
«Քու Բոլոր Ճամբաներուդ մէջ ...»
18, 19. Առակաց 3։6–ը ինչպէ՞ս կրնանք մեր կեանքերուն մէջ գործադրել, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
18 Մեզ Եհովայի՝ հանճարի աստուածային Աղբիւրին՝ առաջնորդելով, Առակաց 3։6–ն կ’ըսէ. «Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Եհովան ճանչնալը կամ զայն նկատի ունենալը կը պահանջէ աղօթքով իրեն մօտիկ մնալ։ Ո՛ւր որ ալ ըլլանք, ի՛նչ վիճակի մէջ ալ գտնուինք, աղօթքով անմիջապէս կրնանք իրեն մօտենալ։ Երբ մեր ընթացիկ պարտականութիւնները կը կատարենք, երբ դաշտի ծառայութեան համար կը պատրաստուինք, երբ տունէ տուն կ’երթանք իր Թագաւորութիւնը հռչակելու, անդադար պէտք է աղօթենք որ ան օրհնէ մեր գործունէութիւնը։ Այս կերպով, անգին առանձնաշնորհումը եւ ուրախութիւնը կրնանք ունենալ ‘Աստուծոյ հետ քալելու’, վստահ ըլլալով որ ան մեր «շաւիղները պիտի ուղղէ», ինչպէս ըրաւ աստուածավախ Ենովքին, Նոյին եւ Յեսուի ու Դանիէլի նման հաւատարիմ Իսրայելացիներուն։—Ծննդոց 5։22. 6։9. Բ. Օրինաց 8։6. Յեսուայ 22։5. Դանիէլ 6։23. տես նաեւ Յակոբու 4։8, 10։
19 Երբ Եհովայի ներկայացնենք մեր խնդրանքը, կրնանք վստահ ըլլալ որ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։7) Աստուծոյ այս խաղաղութիւնը, որ մեր ուրախ երեւոյթով կ’արտացոլացուի, քարոզչութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն մեր պատգամը գրաւիչ կը դարձնէ։ (Կողոսացիս 4։5, 6) Անիկա կրնայ քաջալերել նաեւ անոնք որոնք պրկումներով կամ անիրաւութիւններով վշտացած են՝ որոնք հասարակ բաներ են ներկայ աշխարհին մէջ՝ ինչպէս ցոյց կու տայ հետեւեալ դէպքը։d
20, 21. (ա) Նացիական սարսափին ընթացքին, Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս կը քաջալերէին ուրիշները։ (բ) Եհովայի ձայնը ի՞նչ վճռակամութիւն պէտք է արթնցնէ մեր մէջ։
20 Մաքս Լիպսթըր, ծագումով Հրեայ մը, որ երեւութապէս հրաշքով մը վերապրեցաւ Ողջակիզութենէն, կը նկարագրէ թէ ի՛նչպէս Նացի բնաջնջումի ճամբար մը տարուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Մենք երկու հոգինոց բազմաթիւ խցիկներու վերածուած կառախումբերու մէջ գոցուած էինք։ Կիցով անոնցմէ մէկուն մէջ նետուելով, դէմ յանդիման եկայ բանտարկեալի մը հետ, որու աչքերուն մէջ անդորրութիւն կար։ Ան հոն էր, քանի որ Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ յարգանք ունէր, նախընտրելով մահը, քան թէ ուրիշի մը արիւնը թափելը։ Ան Եհովայի Վկայ մըն էր։ Իր զաւակները իրմէ առնուած եւ իր կինը սպաննուած էր։ Հիմա իր կարգն էր։ 14 օրուայ ճամբորդութիւնը պատասխան մը հայթայթեց իմ աղօթքներուս, քանի որ դէպի մահ տանող այս ճամբորդութեան ընթացքին, յաւիտենական կեանքի յոյսը գտայ»։
21 Ինչպէս ինք կը կոչէր, «առիւծներու որջէն»՝ Աուշվիցէն՝ ազատուելէ եւ մկրտուելէ ետք, այս եղբայրը ամուսնացաւ Եհովայի Վկայի մը հետ, որ, իր կարգին, բանտարկուած եւ իր հայրը Տախոյի կեդրոնացման ճամբարին մէջ տանջուած էր։ Երբ այս քրոջ հայրը հոն կը գտնուէր, լսեց որ իր կինը եւ երիտասարդ աղջիկն ալ ձերբակալուած էին։ Ան կը նկարագրէ իր հակազդեցութիւնը. «Խորապէս մտահոգուած էի։ Ապա երբ օր մը լոգանքի համար շարքի կայնած էի, ձայն մը լսեցի որ Առակաց 3։5, 6–ը կ’արտասանէր ...։ Կարծես թէ ձայնը երկնքէն կ’արձագանգէր։ Ճիշդ ասոր պէտք ունէի հաւասարակշռութիւնս պահելու համար»։ Արդարեւ, այդ ձայնը ուրիշ բանտարկեալի մը ձայնն էր, որ այս համարը բարձրաձայն կ’արտասանէր, բայց այս դէպքը կը շեշտէ Աստուծոյ Խօսքին մեր վրայ բանեցուցած զօրութիւնը։ (Եբրայեցիս 4։12) Թող որ այսօր ալ Եհովայի ձայնը զօրեղ կերպով խօսի մեզի 1994–ի Տարուայ Համարին ընդմէջէն. «Քու բոլոր սրտովդ Եհովայի ապաւինէ»։
[Ստորանիշ էջ 7]
a Տես «Բոլոր Սրտով Եհովայի Ապաւինեցայ» յօդուածը, պատմուած՝ Գլոտ Կուտմանի կողմէ, Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1973, էջ 760–5։
[Ստորանիշ էջ 9]
b Տես «Եհովան Փառաբանել Վճռած» յօդուածը, պատմուած Հէրրի Փէթըրսընի կողմէ, Դիտարան 15 Յուլիս 1968, էջ 437–40։
[Ստորանիշ էջ 10]
c Տես «Եհովա Իր Ծառաները Չի Լքեր» յօդուածը, պատմուած՝ Մաթսուէ Իշիի–ի կողմէ, Դիտարան 1 Օգոստոս 1988, էջ 23–27։
[Ստորանիշ էջ 11]
d Տես նաեւ «Ազատագրո՜ւմ. Երախտապարտութեան Զգացում» յօդուածը, պատմուած՝ Մաքս Լիպսթըրի կողմէ, Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1978, էջ 20–24, Անգլերէնով։
Առ Ի Ամփոփում
◻ Առակացին մէջ ինչպի՞սի խրատներ ներկայացուած են։
◻ Եհովայի վրայ վստահութիւն ունենալը ինչպէ՞ս օգտակար է մեզի։
◻ Եհովայի յենիլը ի՞նչ կը բովանդակէ։
◻ Ինչո՞ւ միշտ Եհովան նկատի պէտք է ունենանք մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ։
◻ Եհովա ինչպէ՞ս պիտի ուղղէ մեր շաւիղները։
[Նկարներ՝ էջ 10]
Թագաւորութեան ուրախ պատգամը պարկեշտ սիրտ ունեցող մարդոց գրաւիչ կը թուի