Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի վստահեցէք
    Դիտարան 2003 | Սեպտեմբեր 1
    • 18, 19. Աստուածաշունչը ո՞ր խօսքերով մեզ կը քաջալերէ որ Եհովայի վստահինք, բայց այս ուղղութեամբ ոմանք ի՞նչ սխալ գաղափարներ ունին։

      18 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Տէրո՛ջ վստահէ ամբողջ սիրտովդ, ու քու խելքիդ մի՛ ապաւինիր. Զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, եւ ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ»։ (Առակաց 3։5, 6, ԱՎ) Ասոնք գեղեցիկ եւ սրտապնդիչ խօսքեր են։ Վստահաբար բոլոր տիեզերքի մէջ ո՛չ մէկը աւելի վստահելի է քան՝ մեր սիրելի երկնաւոր Հայրը։ Այսուհանդերձ, Առակացի մէջ գրուած այս խօսքերը կարդալը աւելի դիւրին է քան՝ գործադրելը։

  • Եհովայի վստահեցէք
    Դիտարան 2003 | Սեպտեմբեր 1
    • 22, 23. (ա) Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է վստահինք երբ խնդիրներ դիմագրաւենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

      22 Սակայն Առակաց 3։6–ը ցոյց կու տայ թէ ‘Եհովան պէտք է ճանչնանք մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ’, եւ ո՛չ թէ միայն երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք։ Ուստի կեանքի մէջ մեր կայացուցած ամէնօրեայ որոշումները Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը պէտք է արտացոլացնեն։ Երբ խնդիրներ ծագին, պէտք չէ յուսահատինք, շփոթութեան մատնուինք, կամ հարցերը լաւագոյն կերպով ձեռք առնելու նկատմամբ Եհովայի ուղղութեան ընդդիմանանք։ Փորձութիւնները պէտք է նկատենք պատեհութիւններ Եհովայի գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու, Սատանայի ստախօս ըլլալը ապացուցանելու, եւ Եհովան հաճեցնող հնազանդութիւն ու այլ յատկութիւններ մշակելու։—Եբրայեցիս 5։7, 8

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել