-
Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակեցէքԴիտարան 2000 | Յունուար 15
-
-
Իմաստուն թագաւորը կը շարունակէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—Առակաց 3։5, 6
-
-
Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակեցէքԴիտարան 2000 | Յունուար 15
-
-
Ի՞նչպէս կրնանք ‘մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ զանիկա ճանչնալ’։ Ներշնչեալ սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։ (Սաղմոս 77։12) Քանի որ Աստուած անտեսանելի է, իր մեծ արարքներուն եւ իր ժողովուրդին հետ իր գործառնութիւններուն վրայ խոկալը կենսական է իր հետ մտերմութիւն մշակելու համար։
Աղօթքն ալ Եհովան նկատի ունենալու կարեւոր կերպ մըն է։ Դաւիթ Թագաւոր «օրն ի բուն» Եհովան կը կանչէր։ (Սաղմոս 86։3, ՆԱ) Յաճախ Դաւիթ գիշերուան պահերուն կ’աղօթէր, ինչպէս երբ անապատին մէջ փախստական մըն էր։ (Սաղմոս 63։6, 7) Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով»։ (Եփեսացիս 6։18) Որքա՞ն յաճախ կ’աղօթենք։ Աստուծոյ հետ անձնական սրտանց հաղորդակցութիւն մը կը վայելե՞նք։ Երբ փորձիչ պարագաներ կը դիմագրաւենք, օգնութեան համար անոր կը պաղատի՞նք։ Կարեւոր որոշումներ տալէ առաջ, աղօթքով իր առաջնորդութիւնը կը խնդրե՞նք։ Աստուծոյ ուղղուած մեր անկեղծ աղօթքները մեզ սիրելի կը դարձնեն իրեն։ Իսկ այն երաշխիքը ունինք, թէ ան մեր աղօթքը պիտի լսէ եւ ‘մեր շաւիղները պիտի ուղղէ’։
-