ԴԱՍ 55
Ժողովքիդ օգնէ
Աշխարհի չորս կողմը, միլիոնաւորներ Եհովան ուրախութեամբ կը պաշտեն հազարաւոր ժողովքներու մէջ։ Անոնք կը գնահատեն իրենց տրուած ուղղութիւնները եւ ջանք կը թափեն, որ շատ մը կերպերով իրենց ժողովքին օգնեն։ Ժողովքիդ հանդէպ այդպէս կը զգա՞ս։
1. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնաս ժամանակդ եւ ուժդ գործածել ժողովքին օգնելու համար
Բոլորս կրնանք ժողովքին օգտակար դառնալ։ Օրինակ, ժողովքիդ մէջ կա՞ն տարեցներ կամ անկարողներ։ Կրնա՞ս անոնց օգնել, որ ժողովներուն ներկայ ըլլան։ Կամ անոնց կրնա՞ս օգնել ուրիշ գործնական կերպերով, ինչպէս՝ գնում ընել կամ տնային գործեր ընել (կարդա՛ Յակոբոս 1։27)։ Նաեւ կրնանք Թագաւորութեան սրահը մաքրելու եւ նորոգելու մասնակցիլ։ Ո՛չ մէկը մեզ կը ստիպէ, որ այդ բաները ընենք, հապա Աստուծոյ եւ մեր եղբայրներուն հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ, որ ‘յօժարակամ ըլլանք’ (Սաղմոս 110։3)։
Մկրտուած Վկաները կրնան ուրիշ կերպերով ալ ժողովքին օգնել։ Հոգեւորապէս յառաջդիմած եղբայրները կրնան ծառայել որպէս օգնական ծառաներ եւ ժամանակի ընթացքին՝ որպէս երէցներ։ Եղբայրներ ու քոյրեր կրնան ժողովքին քարոզչութիւնը աւելցնել՝ ծառայելով որպէս ռահվիրաներ։ Կարգ մը Վկաներ կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահ շինելու, կամ կը փոխադրուին շրջան մը, ուր ժողովք մը օգնութեան պէտք ունի։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր դրամն ու ստացուածքը գործածել ժողովքին օգնելու համար
Կրնանք ‘Տէրը պատուել մեր ստացուածքով’ (Առակաց 3։9)։ Ուրախ ենք, որ նիւթական նուիրատուութիւններ ընելով կ’օգնենք մեր ժողովքին եւ համաշխարհային քարոզչութեան (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Մեր նուիրատուութիւնները նաեւ կը գործածուին օգնելու համար անհատներու, որոնք վնասուած են երկրաշարժներու, փոթորիկներու եւ ուրիշ փորձանքներու պատճառով։ Շատեր կ’որոշեն կանոնաւոր կերպով մէկ կողմ գումար մը դնել՝ նուիրատուութիւն ընելու համար (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 16։2)։ Կրնանք դրամ դնել մեր պաշտամունքի վայրերուն մէջ եղող նուիրատուութեան տուփերուն մէջ կամ նուիրատուութիւն ընել donate.jw.org կայքին միջոցով։ Մենք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, երբ մեր նիւթական բաները կը գործածենք ժողովքին օգնելու համար։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որոնցմով կրնաս ժողովքիդ օգնել։
3. Կրնանք մեր նիւթական բաները գործածել
Եհովան եւ Յիսուսը կը սիրեն անոնք, որոնք ուրախութեամբ կու տան։ Օրինակ, Յիսուս գովեց աղքատ որբեւայրի մը, որ նուիրատուութիւն ըրաւ։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 21։1-4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Արդեօք Եհովան հաճեցնելու համար պէտք է մե՞ծ գումարներ նուիրատուութիւն ընենք։
Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՞ս կը զգան, երբ սրտանց նուիրատուութիւն կ’ընենք։
Գաղափար մը առնելու համար, թէ մեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուին բոլոր ժողովքներուն օգնելու համար։
4. Կրնանք ձեռք տալ
Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, Եհովայի ծառաները սրտանց աշխատեցան իրենց պաշտամունքի վայրերուն հոգ տանելու համար։ Անոնք դրամական նուիրատուութիւն տալէն աւելի՛ն ըրին։ Կարդացէ՛ք Բ. Մնացորդաց 34։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ամէն մէկ իսրայէլացի ինչպէ՞ս օգնեց, որ Եհովայի պաշտամունքի վայրին հոգ տարուի։
Տեսնելու համար թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս այդ օրինակին կը հետեւին, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ մեր Թագաւորութեան սրահը մաքուր եւ լաւ վիճակի մէջ պահուի։
Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնաս օգնել։
5. Եղբայրները կրնան ջանք թափել, որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն
Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ տղամարդիկը, որ ժողովքին օգնելու համար իրենց ամէն կարելին ընեն։ Օրինակ մը տեսնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Վիտէոյին մէջ, Ռայընը ինչպէ՞ս ջանք ըրաւ, որ ժողովքին աւելի օգտակար ըլլայ։
Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ ի՛նչ պահանջուած է, որպէսզի եղբայր մը ծառայէ որպէս օգնական ծառայ կամ երէց,– ըստ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին, սարկաւագ կամ եպիսկոպոս։ Կարդացէ՛ք Ա. Տիմոթէոս 3։1-13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Եհովայի վկաները իրենց գործունէութեան համար ինչպէ՞ս դրամ կ’ապահովեն»։
Ի՞նչ կը պատասխանես։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Եհովան մեծապէս կը գնահատէ մեր ջանքերը, որ ժողովքին օգտակար ըլլանք մեր ժամանակով, ուժով եւ նիւթական բաներով։
Վերաքաղ
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժամանակը եւ ուժը գործածել ժողովքին օգնելու համար։
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր նիւթական բաները գործածել ժողովքին օգնելու համար։
Ի՞նչ կերպերով կը փափաքիս ժողովքին օգնել։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Նկատի առ թէ ինչո՛ւ Աստուած իր ծառաներէն այլեւս տասանորդ չի պահանջեր։
«Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տասանորդ տալու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)
Աստուածաշունչը կարգ մը նշանակումներ կու տայ մկրտուած տղամարդոց։ Լաւ ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ մկրտուած քոյր մը այս նշանակումներուն հոգ պէտք է տանի։
Տե՛ս քաջ Վկաներ, որոնք մեծ դժուարութիւններէ կ’անցնին, որ հաւատակիցներուն հոգեւոր սնունդ հասցնեն։
Տե՛ս թէ մեր գործին համար դրամ կ’ապահովենք կերպով մը, որ միւս կրօնական կազմակերպութիւններուն կերպէն շատ տարբեր է։
«Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս իրենց գործունէութեան ծախսերը կը գոցեն» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)