Աստուածային վախ մշակենք
«Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 3։7
1. Առակաց գիրքը որո՞նց համար գրուած էր։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Առակաց գիրքը հոգեւոր խրատներու գանձ մը կը պարունակէ։ Սկիզբը, Եհովա այս ուղեգիրքը տուաւ իր տիպական Իսրայէլ ազգը դաստիարակելու համար։ Ներկայիս, անիկա իմաստուն ասացուածքներ կը հայթայթէ իր Քրիստոնեայ սուրբ ազգին համար, որոնց վրայ «դարերուն վերջը հասաւ»։—Ա. Կորնթացիս 10։11. Առակաց 1։1–5. Ա. Պետրոս 2։9
2. Առակաց 3։7–ի ազդարարութիւնը ինչո՞ւ հիմա ժամանակայարմար է։
2 Առակաց 3։7–ին մէջ կը կարդանք. «Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ»։ Մեր առաջին ծնողքին ժամանակէն ի վեր, երբ Օձը Եւան հրապուրեց «բարին ու չարը գիտնալ»ու խոստումով, մարդկային իմաստութիւնը չէ կրցած մարդոց կարիքներուն գոհացում տալ։ (Ծննդոց 3։4, 5. Ա. Կորնթացիս 3։19, 20) Պատմութեան մէջ, ասիկա ա՛յդքան բացայայտ չէ եղած որքան այս Ի. դարուն, այս «վերջին օրեր»ուն, երբ մարդկութիւնը, անաստուած եւ բարեշրջական գաղափարներու պտուղները հնձելով, հարուածուած է ցեղապաշտութեամբ, բռնութեամբ եւ ամէն տեսակ անբարոյութեամբ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5, 13. Բ. Պետրոս 3։3, 4) Ասիկա ‘համաշխարհային նոր անկարգութիւն’ մըն է, որու համար ո՛չ ՄԱԿ–ը եւ ոչ ալ աշխարհի բաժան–բաժան եղած կրօնքները կրնան դարման մը գտնել։
3. Մեր օրերուն համար ի՞նչ փոփոխութիւններ մարգարէացուած էին։
3 Աստուծոյ մարգարէական Խօսքը մեզ կը տեղեկացնէ որ դիւային ոյժեր «բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով [գացած են], որպէսզի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն. զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ ... Արմագեդոն կը կոչուի»։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Եհովա շուտով այս թագաւորները կամ կառավարիչները ահ ու սարսափի պիտի մատնէ։ Ճիշդ ինչպէս որ սարսափը պատեց Քանանացիները, երբ Յեսուն եւ Իսրայելացիները եկան անոնց վրայ դատաստան գործադրելու։ (Յեսուայ 2։9–11) Բայց այսօր, Յեսուով պատկերացուած Յիսուս Քրիստոս «թագաւորներուն Թագաւորը եւ տէրերուն Տէր»ն է, որ պիտի ‘զարնէ ազգերը ու երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք’, ‘Աստուծոյ սաստիկ բարկութիւնը’ թափելով։—Յայտնութիւն 19։15, 16
4, 5. Որո՞նք պիտի փրկուին եւ ինչո՞ւ։
4 Այդ ժամանակ ո՞վ պիտի փրկուի։ Ազատուողները պիտի ըլլան ո՛չ թէ անոնք որոնց սոսկումը պատած է, այլ՝ բոլոր անոնք որոնք Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ մը մշակած են։ Փոխանակ իրենք իրենց աչքին իմաստուն ըլլալու, անոնք ‘չարութենէ ետ կը քաշուին’։ Անոնք խոնարհութեամբ իրենց միտքը կը կերակրեն լաւ բաներով, այնպէս որ չարը իրենց մտքէն կը վանեն։ Անոնք առողջ վախ մը կը սնուցանեն Գերիշխան Տէր Եհովայի՝ «բոլոր երկրի Դատաւոր»ին հանդէպ, որ շուտով պիտի կործանէ չարութեան յարողները, ճիշդ ինչպէս բնաջնջեց եղծանուած Սոդոմացիները։ (Ծննդոց 18։25) Արդարեւ, Աստուծոյ ժողովուրդին համար «Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝ մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար»։—Առակաց 14։27
5 Աստուածային դատաստանի այս ժամանակին, բոլոր անոնք որոնք ամբողջովին Եհովայի կը նուիրուին, որեւէ կերպով զինք տհաճեցնելէ վախնալով, պիտի զգան Առակաց 3։8–ի խորհրդանշական խօսքերուն ճշմարտութիւնը. «Ասիկա [Եհովայի վախը] քու ջիղերուդ առողջութիւն եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ»։
Եհովան Պատուել
6. Ի՞նչ բան պէտք է մղէ մեզ Առակաց 3։9–ին ուշադրութիւն ընծայելու։
6 Եհովայի վախին հանդէպ մեր ունեցած գնահատանքը եւ իրեն հանդէպ մեր ունեցած անհուն սէրը պէտք է մղեն մեզ որ Առակաց 3։9–ին ուշադրութիւն ընծայենք. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով»։ Մեր ընծաներով Եհովան պատուելու պարտադրուած չենք։ Ասիկա կամեցողութեամբ պէտք է ընենք, ինչպէս առնուազն 12 անգամ յիշուած է Ելից 35։29–էն Բ. Օրինաց 23։23–ին մէջ, վաղեմի Իսրայէլի մէջ կատարուած զոհերուն առնչութեամբ։ Եհովայի տրուած երախայրիները մեր մատուցանելիք լաւագոյն նուէրները պէտք է ըլլան, իր ձեռքէն մեր վայելած բարութեան եւ ողորմութեան առ ի գիտակցութիւն։ (Սաղմոս 23։6) Անոնք պէտք է արտացոլացնեն՝ ‘առաջ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը’ փնտռելու մեր վճռակամութիւնը։ (Մատթէոս 6։33) Իսկ երբ մեր արժէքաւոր բաներով Եհովան պատուենք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ «Քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի»։—Առակաց 3։10
7. Ի՞նչ երախայրիներ պէտք է մատուցանենք Եհովայի եւ ի՞նչ արդիւնքով։
7 Եհովա գլխաւորաբար հոգեւոր գետնի վրայ կ’օրհնէ մեզ։ (Մաղաքեայ 3։10) Հետեւաբար, իրեն մատուցած մեր երախայրիները գլխաւորաբար հոգեւոր պէտք է ըլլան։ Մեր ժամանակը, կորովը եւ կենսունակութիւնը պէտք է գործածենք իր կամքը կատարելու համար։ Ասիկա, իր կարգին, մեզ պիտի սնուցանէ, ինչպէս որ այս գործունէութիւնը կազդուրիչ «կերակուր» եղաւ Յիսուսի համար։ (Յովհաննու 4։34) Մեր հոգեւոր շտեմարանները պիտի լեցուին եւ նոր գինիով խորհրդանշուած մեր ուրախութիւնը պիտի յորդի։ Ասկէ զատ, քանի որ ամէն օր բաւարար նիւթական կերակուր ունենալու համար վստահութեամբ կ’աղօթենք, ուրեմն կրնանք առատօրէն նուիրատուութիւններ ընել Թագաւորութեան համաշխարհային գործին թիկունք կանգնելու համար։ (Մատթէոս 6։11) Ի՛նչ որ ունինք, մէջը ըլլալով նիւթական ստացուածքները, մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրմէն կու գան։ Այս ստացուածքները որքան գործածենք իր փառաբանութեան համար, ինքն ալ, իր կարգին, մեր վրայ աւելիով իր օրհնութիւնները պիտի թափէ։—Առակաց 11։4. Ա. Կորնթացիս 4։7
Սիրոյ Յանդիմանութիւնները
8, 9. Յանդիմանութիւնն ու կրթութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
8 Առակաց 3։11 եւ 12–րդ համարները կը խօսին բարեպաշտ ընտանիքներու մէջ հայր–զաւկի, ինչպէս նաեւ Եհովայի եւ իր երկրային հոգեւոր սիրելի զաւակներուն միջեւ եղող ուրախ յարաբերութեան մասին։ Կը կարդանք. «Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասնզի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ»։ Աշխարհային մարդիկ յանդիմանութիւնը կ’ատեն։ Եհովայի ծառաները զայն սիրով պէտք է ընդունին։ Պօղոս առաքեալ Առակացի այս խօսքերը մէջբերեց, ըսելով. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։ Վասնզի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ ... Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։—Եբրայեցիս 12։5, 6, 11
9 Այո, իւրաքանչիւրիս մարզումին համար յանդիմանութիւնը եւ կրթութիւնը անհրաժեշտ են, ուրկէ որ ալ գան անոնք. մեր ծնողներէն, Քրիստոնէական ժողովքէն թէ մեր անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին սուրբ գրային համարներու վրայ խոկալէն։ Մեզի համար, կրթութեան ականջ տալը կենաց–մահու հարց է, ինչպէս Առակաց 4։1 եւ 13–ը կը նշեն. «Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք, որպէսզի իմաստութիւնը ճանչնաք։ Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասնզի քու կեանքդ անիկա է»։
Մեծագոյն Ուրախութիւնը
10, 11. Առակաց 3։13–18–ի հաճելի խօսքերէն ոմանք ի՞նչ են։
10 Արդ, ի՜նչ գեղեցիկ արտայայտութիւններ կը յաջորդեն, արդարեւ ‘ախորժելի ու ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր’։ (Ժողովողի 12։10) Սողոմոնի ներշնչեալ այս խօսքերը իրական ուրախութիւնը կը նկարագրեն։ Այս խօսքերը մեր սրտերուն վրայ պէտք է քանդակենք։ Կը կարդանք.
11 «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. վասնզի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ Անիկա գոհարներէն պատուական է եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։ Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։—Առակաց 3։13–18
12. Իմաստութիւնն ու հանճարը ինչպէ՞ս օգտակար պիտի ըլլան մեզի։
12 Առակաց գրքին մէջ ընդամէնը 46 անգամ յիշուած է իմաստութիւն բառը։ «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։ Ասիկա բարեպաշտ, գործնական իմաստութիւնն է, որ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան վրայ եւ կարելի կ’ընէ որ իր ծառաները ապահով կեանք մը վարեն Սատանայի փոթորկալից աշխարհին մէջ։ (Առակաց 9։10) Հանճարը, որու 19 անգամ ակնարկուած է Առակացին մէջ, իմաստութեան սպասուհին է, որ մեզի կ’օգնէ Սատանայի հնարքներուն դէմ պայքարելու։ Մեծ հակառակորդը իր ետին հազարամեակներու փորձառութիւն ունի իր խորամանկ արարքները յառաջ տանելու համար։ Բայց մենք փորձառութենէն շատ աւելի արժէքաւոր բան մը ունինք որպէս ուսուցիչ. աստուածային հանճարը, շիտակը սխալէն զանազանելու եւ շիտակ ընթացքը ընտրելու կարողութիւնը։ Եհովան ա՛յս է որ կը սորվեցնէ մեզի իր Խօսքին ընդմէջէն։—Առակաց 2։10–13. Եփեսացիս 6։11
13. Տնտեսական դժուար ժամանակներուն, ի՞նչ բան կրնայ պաշտպանել մեզ եւ ինչպէ՞ս։
13 Ներկայ աշխարհին տնտեսական քաոսը նախակարապետն է Եզեկիէլ 7։19–ի մարգարէութեան կատարման. «Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։ Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը կարող պիտի չըլլայ զիրենք ազատել»։ Երկրի ամբողջ նիւթական հարստութիւնը կարելի չէ նոյնիսկ բաղդատութեան մէջ դնել իմաստութեան ու հանճարին փրկարար զօրութեան հետ։ Ուրիշ առիթով մը, Սողոմոն իմաստուն Թագաւորը նշեց. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։ (Ժողովողի 7։12) Արդարեւ, ուրախ են բոլոր անոնք որոնք հիմա Եհովայի հաճութեան ճամբաներուն մէջ կը քալեն եւ որոնք իմաստութեամբ կ’ընտրեն «օրերու երկայնութիւն»՝ յաւիտենական կեանք, որ Աստուած պիտի պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատք կ’ընծայեն Յիսուսի փրկանքի զոհին։—Առակաց 3։16. Յովհաննու 3։16. 17։3
Ճշմարիտ Իմաստութիւն Մշակել
14. Եհովա ի՞նչ կերպերով օրինակելի իմաստութիւն ցոյց տուած է։
14 Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, պատշաճ է որ մենք՝ մարդկայիններս՝ ջանանք իմաստութիւն եւ հանճար մշակել, յատկութիւններ՝ զորս Եհովա ինք յայտնաբերեց իր սքանչելի ստեղծագորութիւնը կատարելու ատեն։ «Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը»։ (Առակաց 3։19, 20) Ան ապրող արարածները շինեց, ոչ թէ բարեշրջութեան խորհրդաւոր, անբացատրելի գործողութեամբ, այլ ուղղակի ստեղծագործութեամբ, իւրաքանչիւրը «իր տեսակին պէս» եւ իմաստուն նպատակի մը համար։ (Ծննդոց 1։25) Երբ վերջապէս անասուններէն շատ գերիվեր իմացականութեամբ եւ կարողութեամբ մարդը մէջտեղ եկաւ, Աստուծոյ հրեշտակային որդիներուն գովաբանութիւնը ամբողջ երկնքին մէջ կրկին անգամ արձագանգուած ըլլալու էր։ (Բաղդատել Յոբ 38։1, 4, 7։) Երկրի վրայ իր կատարած բոլոր բաներուն մէջ, յստակօրէն կը տեսնուին Եհովայի հանճարեղ հեռատեսութիւնը, իմաստութիւնը եւ սէրը։—Սաղմոս 104։24
15. (ա) Ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն իմաստութիւն մշակել։ (բ) Առակաց 3։25, 26–ը ի՞նչ վստահութիւն պէտք է արթնցնէ մեր մէջ։
15 Ո՛չ միայն պէտք է մշակենք Եհովայի իմաստութեան եւ հանճարի յատկութիւնները, այլ անոնց պէտք է կառչինք, բնաւ իր Խօսքը ուսումնասիրելու մէջ չթուլնալով։ Ան կը խրատէ մեզ. «Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան, իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ եւ քու հոգիիդ՝ կեանք ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան»։ (Առակաց 3։21, 22) Այսպիսով կրնանք ապահովութեամբ քալել ու մտքի խաղաղութիւն ունենալ, նոյնիսկ Սատանայի աշխարհին վրայ գողի նման մօտեցող ‘յանկարծակի կորուստի’ օրուան մէջ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3) Մեծ նեղութեան ընթացքին, «պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն երբ գայ, վասնզի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէսզի չբռնուի»։—Առակաց 3։23–26
Բարերարութեան Հանդէպ Սէր
16. Ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալէ զատ, ուրիշ ի՞նչ արարք պահանջուած է Քրիստոնեաներէն։
16 Այս օրերուն նախանձախդրութիւն ցոյց պէտք է տանք, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու համար Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մէջ։ Բայց վկայութեան գործին թիկունք պէտք է կանգնի Քրիստոնէական ուրիշ գործունէութիւն մը, որ նկարագրուած է Առակաց 3։27, 28–ին մէջ. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա։ Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ ‘Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ’, երբ քու քովդ կայ»։ (Բաղդատել Յակոբու 2։14–17։) Շատեր աշխարհի մէջ աղքատութեան եւ սովի ճիրաններուն մէջ ըլլալով, մեզի կոչ եղած է որ մեր նմաններուն, մանաւանդ մեր հոգեւոր եղբայրներուն օգնենք։ Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս ընդառաջած են։
17–19. (ա) Ստիպողական ի՞նչ կարիքի գոհացում տրուեցաւ 1993–ին, եւ ի՞նչ ընդառաջումով։ (բ) Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ պաշարումի մէջ եղող մեր եղբայրները ‘ա՛լ աւելի յաղթական’ դուրս կու գան։
17 Օրինակ մը առնենք. անցեալ տարուան ընթացքին, նախկին Եուկոսլաւիայէն օգնութեան ստիպողական կոչ մը եղաւ։ Դրացի երկիրներու եղբայրները հոյակապ կերպով ընդառաջեցին։ Անցեալ ձմռան ցուրտ ամիսներուն, կարելի եղաւ որ նպաստ հասցնող բազմաթիւ կարասիւներ մտնեն պատերազմի շրջանը, կարօտեալ Վկաներուն հասցնելով ընթացիկ գրականութիւններ, տաք հագուստներ, ուտելիք եւ դեղորայք։ Առիթով մը, եղբայրները արտօնութիւն խնդրեցին 15 թոն օգնութիւն հասցնելու համար, բայց երբ արտօնագիրը ստացան, 30 թոնի համար էր։ Աւստրիոյ Եհովայի Վկաները անմիջապէս երեք ուրիշ բեռնակառքեր ուղարկեցին։ Ընդամէնը, 25 թոն ապրանք հասաւ մտադրուած վայրը։ Մեր եղբայրները որքա՜ն գոհ եղան հոգեւոր եւ նիւթական այս առատ հայթայթումներուն համար։
18 Այս բարիքները ստացողները ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։ Այս տարուան սկիզբը, երէց մը գրեց. «Սարայէվոյի մէջ եղբայրները եւ քոյրերը ողջ առողջ են, իսկ ամենէն կարեւորը, տակաւին հոգեւորապէս զօրաւոր ենք, այս անմիտ պատերազմին տոկալու։ Ուտելիքի հարցով վիճակը շատ դժուար էր։ Եհովան ձեզ օրհնէ ու վարձատրէ մեզի ի նպաստ ձեր ըրած ջանքին համար։ Հեղինակութիւնները մասնայատուկ յարգանք ունին Եհովայի Վկաներուն հանդէպ, անոնց օրինակելի վարքին եւ հեղինակութիւններու հանդէպ ունեցած կեցուածքին պատճառաւ։ Երախտապարտ ենք նաեւ հոգեւոր կերակուրին համար որ մեզի ուղարկած էիք»։—Բաղդատել Սաղմոս 145։18–ը։
19 Վտանգի մէջ գտնուող այս եղբայրները իրենց գնահատութիւնը ցոյց տուած են նաեւ ծառայութեան մէջ եռանդուն ըլլալով։ Դրացիներէն շատեր իրենք կը խնդրեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։ Թուսլա քաղաքին մէջ, ուր հինգ թոն ուտելիք ղրկուեցաւ, 40 հրատարակիչներէն իւրաքանչիւրը ամիսը միջին հաշուով 25 ժամ ծառայութիւն կը տեղեկագրեն, ժողովքին մէջ գտնուող ինը ռահվիրաներու սիրալիր օգնութեամբ։ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկաներու թիւը ուշագրաւ էր. 243 հոգի։ Այս սիրելի եղբայրները իրապէս ‘ա՛լ աւելի կը յաղթեն անով որ մեզ սիրեց’։—Հռովմայեցիս 8։37
20. Նախկին Սովետական Միութեան մէջ ի՞նչ «հաւասարութիւն» եղած է։
20 Նախկին Սովետական Միութիւն շարասիւններով ուտելիք եւ տաք հագուելիքներ ղրկելով արտայայտուած առատաձեռնութիւնը, հոն գտնուող եղբայրներուն կողմէ եռանդով փոխարինուեցաւ։ Օրինակի համար, Մոսկուայի մէջ, անցեալ տարի Յիշատակատօնին ներկայ եղան 7,549 անհատներ, բաղդատած առջի տարուայ 3,500–ին հետ։ Նոյն ժամանակամիջոցին, այդ քաղաքին մէջ ժողովքները 12–էն 16–ի բարձրացան։ Բոլոր նախկին Սովետական Միութեան մէջ, (առանց հաշուի առնելու Պալթիքեան նահանգները), ժողովքներուն թիւը 14 առ հարիւր յաւելում կրեց, Թագաւորութեան հրատարակիչները՝ 25 առ հարիւր, իսկ ռահվիրաները՝ 74 առ հարիւր։ Նախանձախնդրութեան եւ անձնազոհութեան ի՜նչ հոգի։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ առաջին դարը, երբ «հաւասարութիւն» կար։ Հոգեւոր եւ նիւթական ստացուածք ունեցող Քրիստոնեաները, առատաձեռն նուէրներ կ’ընէին նուազ նպաստաւոր վիճակի մէջ եղողներուն, իսկ թշուառութեան մէջ եղողներուն նախանձախնդրութիւնը ուրախութիւն եւ քաջալերութիւն կը պատճառէր նուիրողներուն։—Բ. Կորնթացիս 8։14
Չարութիւնը Ատեցէ՛ք
21. Առակաց 3–րդ գլուխի վերջաւորութեան, իմաստունները եւ յիմարները ինչպէ՞ս հակադրուած են։
21 Առակաց 3–րդ գլուխը յաջորդիւ հակադրութիւններու շարք մը կու տայ, հետեւեալ խրատով եզրափակելով. «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր, վասնզի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։ Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ, բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։ Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, բայց խոնարներուն շնորհք կու տայ։ Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ»։—Առակաց 3։29–35
22. (ա) Ինչպէս կրնանք յիմարներուն ճակատագրէն խուսափիլ։ (բ) Իմաստունները ի՞նչ բան կ’ատեն, իսկ ի՞նչ կը մշակեն եւ ի՞նչ վարձատրութիւնով։
22 Ինչպէ՞ս կրնանք յիմարներուն մէջ գտնուելէ խուսափիլ։ Պէտք է սորվինք չարութիւնը ատել, այո, պէտք է ատենք ինչ որ Եհովան կ’ատէ. այս վայրագ, արիւնապարտ աշխարհին բոլոր անպարկեշտ ճամբաները։ (Տես նաեւ Առակաց 6։16–19։) Ասոր հակառակը, պէտք է մշակենք ինչ որ բարի է. ուղիղութիւն, արդարութիւն եւ հեզութիւն, որպէսզի խոնարհութեամբ եւ Եհովայի վախով հասնինք ‘հարստութեան, փառքի ու կեանքի’։ (Առակաց 22։4) Ասիկա պիտի ըլլայ այն բոլորին վարձատրութիւնը որ հաւատարմօրէն կը կիրարկեն հետեւեալ խրատը. «Քու բոլոր սրտովդ Եհովայի ապաւինէ»։
Ի՞նչ Է Մեր Պատասխանը
◻ Այս ուսումնասիրութեան գլխաւոր համարը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կիրարկուի։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան պատուել։
◻ Կրթութիւնը ինչո՞ւ պէտք չէ նսեմացնենք։
◻ Մեծագոյն ուրախութիւնը ո՞ւր կրնայ գտնուիլ։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք բարին սիրել ու չարը ատել։
[Նկար՝ էջ 15]
Իրենց լաւագոյն զոհերը Եհովայի մատուցանողները առատօրէն պիտի օրհնուին