Մնայուն սէրը անկարելի՞ է
«[Սիրոյ] կայծերը կրակի կայծեր են, անիկա Եահի բոցն է» (ԵՐԳ 8։6, ՆԱ)։
1, 2. Որո՞նք կրնան օգտուիլ Երգ Երգոց գիրքէն, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
«ՈՐՔԱ՜Ն ջերմ է իրենց միջեւ եղած նայուածքը։ Ո՞վ կրնայ ժխտել անոնց խորին սիրահարութիւնը», կը մտածէ այն երէցը, որ նոր աւարտեց զոյգին ամուսնութեան դասախօսութիւնը։ Մինչ անոնք հեզաճկուն պար մը կը պարեն, երէցը ինքնաբերաբար հարց կու տայ. «Արդեօք իրենց ամուսնութիւնը մինչեւ վերջ պիտի դիմանա՞յ։ Մինչ տարիները կ’անցնին, իրենց սէրը պիտի խորանա՞յ թէ ոչ թեւեր առնելով թռչի երթայ»։ Տղամարդու եւ կնոջ միջեւ եղած սէրը իրապէս գեղեցիկ կ’ըլլայ, երբ անխախտ եւ դիմացկուն ըլլայ։ Սակայն այսօրուան բազմաթիւ քայքայուած ամուսնութիւններուն ի տես, տրամաբանական է հարց տալ. «Մնայուն սէրը իրապէս կարելի՞ է»։
2 Իսկական սէրը նոյնիսկ Սողոմոն թագաւորի օրերուն հազուագիւտ էր։ Իր օրուան բարոյական իրավիճակին մասին խօսելով, Սողոմոն գրեց. «Այր մարդ [կամ ուղիղ տղամարդ]՝ հազարէն մէկը գտայ, բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։ Ահա միայն ասիկա գտայ՝ թէ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին» (Ժող. 7։26-29)։ Գլխաւորաբար օտար եւ բահաղապաշտ կիներու ազդեցութեան պատճառով, Սողոմոնի ժամանակակից մարդոց բարոյական չափանիշները այնքա՛ն ցած էին, որ ան չկրցաւ բարոյասէր տղամարդ կամ կին մը դիւրութեամբ գտնելa։ Բայց 20 տարի առաջ իր գրած բանաստեղծութիւնը՝ Երգ Երգոց գիրքը, ցոյց կու տայ թէ տղամարդու եւ կնոջ միջեւ մնայուն սէր կրնա՛յ գոյանալ։ Անիկա նաեւ վառ կերպով կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ է այդ սէրը եւ ինչպէ՛ս կը դրսեւորուի։ Եհովայի երկրպագուները, ամուսնացա՛ծ թէ ամուրի, կրնան շատ բան սորվիլ այդ սիրոյ մասին՝ ուշադրութեամբ նկատի առնելով Աստուածաշունչի այս գիրքը։
ԻՍԿԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ԿԱՐԵԼԻ՛ Է
3. Ինչո՞ւ կարելի է որ տղամարդու եւ կնոջ միջեւ իսկական սէր ըլլայ։
3 Կարդա՛ Երգ Երգոց 8։6։ «Եահի բոցն է» արտայայտութիւնը, որ սէրը կը նկարագրէ, մեզի շատ բան կը յայտնէ։ Իսկական սէրը «Եահի բոցն է» այն առումով որ Եհովան է անոր ծագում տուողը։ Ան մարդը իր պատկերովը ստեղծեց, սիրելու կարողութեամբ օժտուած (Ծն. 1։26, 27)։ Երբ Աստուած առաջին կինը՝ Եւան, բերաւ առաջին տղամարդուն՝ Ադամին, Ադամ բանաստեղծական խօսքեր ըսաւ։ Անկասկած, Եւան մօտիկ զգաց Ադամին, որմէ «առնուեցաւ» (Ծն. 2։21-23)։ Որովհետեւ Եհովան մարդ արարածը օժտած է սէր դրսեւորելու կարողութեամբ, կարելի՛ է որ տղամարդու եւ կնոջ միջեւ անխախտ եւ մնայուն սէր ըլլայ։
4, 5. Ամփոփէ Երգ Երգոց գրքին պատմութիւնը։
4 Կայուն եւ դիմացկուն ըլլալու կողքին, հակառակ սեռերու միջեւ եղած սէրը ուրիշ յատկանիշներ ալ ունի, որոնցմէ ոմանք հիանալիօրէն նկարագրուած են Երգ Երգոց գրքին մէջ։ Օփերայի ոճով շարադրուած այս երգը սիրոյ պատմութիւն մըն է, Սունամ գիւղէ եղող աղջկայ մը եւ անոր սիրած հովիւին մասին։ Աղջկան հսկած այգիներուն քով բանակած ըլլալով, Սողոմոն կը տեսնէ զինք եւ անոր գեղեցկութեամբ հրապուրուելով՝ զինք բանակատեղին բերել կու տայ։ Բայց սկիզբէն յայտնի է, որ աղջիկը հովիւին սիրահարուած է։ Մինչ Սողոմոն կը փորձէ սունամացիին սիրտը շահիլ, աղջիկը ազատօրէն կ’արտայայտէ իր տենչը, որ հովիւին հետ ըլլայ (Երգ 1։4-14)։ Հովիւը կը մտնէ բանակավայր, կը գտնէ աղջիկը եւ սիրոյ գեղեցիկ խօսքեր իրարու կ’ըսեն (Երգ 1։15-17)։
5 Երուսաղէմ վերադառնալու ատեն, Սողոմոն երիտասարդուհին իրեն հետ կը տանի. եւ հովիւը անոնց կը հետեւի (Երգ 4։1-5, 8, 9)։ Աղջկան սիրտը շահելու Սողոմոնի թափած բոլոր ջանքերը ջուրը կ’իյնան (Երգ 6։4-7. 7։1-10)։ Ի վերջոյ, թագաւորը կ’արտօնէ որ աղջիկը տուն վերադառնայ։ Երգը կ’եզրափակուի, երբ աղջիկը կը ցանկայ որ իր սիրականը ‘այծեամի նման’ վազելով իրեն գայ (Երգ 8։14)։
6. Երգ Երգոց գիրքին մէջ խօսողները որոշելը ինչո՞ւ դժուար է։
6 Ճիշդ է որ Սողոմոնին շարադրած երգը այնքան իմաստալից ու գեղեցիկ է, որ կոչուած է «Երգ երգոց» կամ երգերուն երգը, բայց երկխօսութիւններուն, մենախօսութիւններուն եւ երազներուն մէջ, խօսողները չեն բնորոշուած (Երգ 1։1)։ Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ, թէ «պատմութեան շղթան, պատմութիւնը, դէպքերուն զարգացումը եւ անձնաւորութիւնները, իրականութեան մէջ գլխաւոր կէտը չեն» (The New Interpreter’s Dictionary of the Bible)։ Խօսողներուն անունները չեն նշուած, հաւանաբար որպէսզի շարադրութիւնը քնարերգական եւ բանաստեղծական ոճէն չշեղի։ Ասով հանդերձ, անձնաւորութիւնները կարելի է գիտնալ, իրենց խօսած կամ իրենց ըսուած բաներէն։
«ՔՈՒ ՍԷՐԴ ԳԻՆԻԷՆ ԱՂԷԿ Է»
7, 8. Երգ Երգոց գրքին մէջ նշուած սիրոյ արտայայտութիւններուն մասին ի՞նչ կարելի է ըսել. օրինակներ տուր։
7 Երգ Երգոց գիրքին մէջ, երիտասարդուհին եւ հովիւը իրենց սէրը արտայայտող բազմաթիւ գեղեցիկ խօսքեր ըսին։ Ճիշդ է որ սիրոյ այդ արտայայտութիւնները 3000 տարի առաջուան Արեւելեան մշակոյթը կ’արտացոլեն եւ այժմու ընթերցողին ականջին թերեւս խորթ հնչեն, սակայն ատոնք շատ իմաստալից են եւ կը հաղորդեն զգացումներ, որոնք օտար չեն մեզի համար։ Օրինակ, հովիւը կը գովաբանէ իր սիրուհիին նուրբ եւ քնքուշ աչքերը, զանոնք «աղաւնիներու աչքերուն» նմանցնելով (Երգ 1։15)։ Իսկ աղջիկը տղուն աչքերը կը նմանցնէ ոչ թէ աղաւնիի աչքերուն, հապա՝ նոյնինքն աղաւնիին, ինչպէս որ կը նշէ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով թարգմանութիւնը (կարդա՛ Երգ Երգոց 5։12)։ Իրեն համար, ճերմակով շրջապատուած աչքին գոյնը նոյնքան գեղեցիկ էր, որքան կաթի մէջ լուացուող աղաւնին։
8 Երգին մէջ նշուած սիրոյ արտայայտութիւններէն ոմանք ֆիզիքական գեղեցկութենէն անդին կ’երթան։ Նկատի առ թէ հովիւը ի՛նչ կ’ըսէ երիտասարդուհիին խօսքերուն մասին (կարդա՛ Երգ Երգոց 4։7, 11)։ Գրուած է թէ անոր շրթունքներէն «խորիսխի մեղր կը կաթի»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեղրախորիսխը աւելի քաղցր ու համեղ է, քան՝ օդ տեսած մեղրը։ Անոր «լեզուի[ն] տակ մեղր ու կաթ կայ», այսինքն՝ խօսակցութիւնը նոյնքան հաճելի եւ աղէկ է, որքան մեղրն ու կաթը։ Յստակ է որ հովիւը ֆիզիքական գեղեցկութենէն աւելին ի մտի ունի, երբ աղջկան կ’ըսէ. «Բոլորովին գեղեցիկ ես. . . քու վրադ արատ չկայ»։
9. ա) Կողակիցներու միջեւ եղած սէրը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ կողակիցներ սիրոյ խօսքեր փոխանակեն։
9 Ամուսնական կարգադրութիւնը պարզ համաձայնագիր մը չէ, սէրէ զերծ։ Իրականութեան մէջ, սէրը քրիստոնէական ամուսնութեան գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է։ Բայց խօսքը ինչպիսի՞ սիրոյ մասին է։ Աստուածաշունչի սկզբունքներու վրայ հիմնուած սէ՞րն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղած բնական գուրգուրանքը կը պարփակէ՞։ Արդեօք այս սէրը իսկական բարեկամներու միջեւ եղած այն ջերմ եւ քնքուշ կապուածութի՞ւնն է (Յովհ. 11։3)։ Արդեօք ռոմանթի՞կ սէրն է (Առ. 5։15-20)։ Խորքին մէջ, կողակիցները իրարու միացնող իսկական սէրը այդ բոլորը կ’ընդգրկէ։ Սէրը մեծապէս կը շօշափուի, երբ կը դրսեւորուի։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է որ կողակիցներ իրարու սիրոյ խօսքեր ըսեն, ո՛րքան ալ որ զբաղած ըլլան առօրեայ գործունէութիւններով։ Սիրոյ խօսքերը կրնան օգնել, որ ամուսնութիւնը կայուն ու երջանիկ ըլլայ։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, ամուսնութիւնները կը կարգադրուին եւ հարսն ու փեսան իրարու ծանօթացած չեն ըլլար մինչեւ հարսանիքին օրը։ Այս պարագային, խօսքերով իրարու սէր արտայայտելու կարիքին գիտակից ըլլալը պիտի օգնէ, որ սէրը աճի եւ ամուսնութիւնը բարգաւաճի։
10. Սիրոյ արտայայտութիւնները մտաբերելը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ամուսնութեան վրայ։
10 Կողակիցներու արտայայտած սիրոյ խօսքերը ուրիշ դրական ազդեցութիւն ալ ունին։ Սողոմոն թագաւոր սունամացի աղջկան առաջարկեց «ոսկեղէն զարդեր. . . արծաթէ կիտուածներով»։ Ան գովասանքի խօսքեր տեղացուց երիտասարդուհիին վրայ, ըսելով թէ ան «լուսինի պէս՝ գեղեցիկ» եւ «արեւու պէս՝ մաքուր» էր (Երգ 1։9-11. 6։10)։ Բայց սունամացի աղջիկը արդէն իսկ գտած էր իր իսկական սէրը։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ հովիւին հաւատարիմ մնայ։ Ի՞նչը զինք մխիթարեց, երբ իրարմէ հեռու էին։ Աղջիկը կը պատասխանէ (կարդա՛ Երգ Երգոց 1։2, 3)։ Հովիւին արտայայտած ‘սիրոյ’ խօսքերուն յիշատակն էր։ Աղջկան համար, այդ արտայայտութիւնները սիրտը ուրախացնող «գինիէն աղէկ» էին, եւ հովիւին անունը գլխուն «թափուած իւղի պէս» թարմացուցիչ էր (Սաղ. 23։5. 104։15)։ Արդարեւ, կարեւոր է որ ամուսինը եւ կինը իրարու հանդէպ իրենց սէրը յաճախ արտայայտեն, որովհետեւ ասիկա կ’օգնէ իրենց սէրը աճելու։ Իսկ այդ արտայայտութիւնները մտաբերելը սէրը զօրաւոր պիտի պահէ։
ՍԷՐ ՄԻ՛ ԱՐԹՆՑՆԷՔ «ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԻՆՔ ԱՐԹՆՆԱՅ»
11. Սունամացի աղջիկը Երուսաղէմի աղջիկներուն ի՞նչ երդում ընել տուաւ, եւ ամուրի քրիստոնեաները ասկէ ի՞նչ դաս կրնան քաղել։
11 Չամուսնացած քրիստոնեաներն ալ կրնան դասեր քաղել Երգ Երգոց գիրքէն, յատկապէս անոնք՝ որոնք կողակից մը կը փնտռեն։ Երիտասարդուհին Սողոմոնը չսիրեց եւ Երուսաղէմի աղջիկներուն երդում ընել տալով ըսաւ. «Մի՛ փորձէք մէջս սէր արթնցնել կամ բորբոքել, մինչեւ որ ինք արթննայ» (Երգ 2։7, ՆԱ. 3։5, ՆԱ)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պատշաճ չէ ռոմանթիկ կապուածութիւն զարգացնել պարզապէս ոեւէ մէկու հանդէպ։ Ուստի եթէ քրիստոնեայ մը կ’ուզէ ամուսնանալ, իմաստութիւն է համբերութեամբ սպասել, մինչեւ որ գտնէ այն անձը, որուն հանդէպ իսկական սէր կրնայ ունենալ։
12. Սունամացի աղջիկը ինչո՞ւ հովիւը կը սիրէր։
12 Սունամացի աղջիկը ինչո՞ւ հովիւը կը սիրէր։ Ճիշդ է որ տղան «այծեամի» պէս վայելչակազմ էր, իր ձեռքերը «ոսկի մատնիներ»ու պէս զօրաւոր էին, իսկ սրունքները՝ «մարմարէ սիւներ»ու պէս գեղեցիկ եւ ուժեղ, բայց ան միայն զօրաւոր եւ գեղեցիկ չէր։ «Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ», այնպէս էր աղջկան «սիրական[ը] երիտասարդներուն մէջ»։ Որպէսզի Եհովային հաւատարիմ աղջիկ մը այսպիսի զգացումներ արտայայտէր տղամարդու մը մասին, տղամարդը հոգեւոր անձ մը ըլլալու էր (Երգ 2։3, 9. 5։14, 15)։
13. Հովիւը ինչո՞ւ երիտասարդուհին կը սիրէր։
13 Ի՞նչ կարելի է ըսել սունամացի աղջկան մասին։ Ան այդքան գեղեցիկ էր, որ այդ ժամանակ ‘վաթսուն թագուհիներ, ութսուն հարճեր եւ անթիւ օրիորդներ’ ունեցող թագաւորին ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ասով հանդերձ, աղջիկը ինքզինք «Սարօնին ծաղիկը» կոչեց, որ սովորական ծաղիկ մըն էր։ Ան իրապէս համեստ ու խոնարհ էր, եւ Եհովային հաւատարիմ էր։ Զարմանալի չէ որ հովիւին աչքին ան իւրայատուկ էր՝ «ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ» (Երգ 2։1, 2. 6։8)։
14. Երգ Երգոց գրքին նկարագրած սէրը ի՞նչ կը սորվեցնէ ամուսնանալու փափաք ունեցող ամուրի քրիստոնեաներուն։
14 Աստուածաշունչը ազդուօրէն կը յորդորէ քրիստոնեաները, որ «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանան (Ա. Կոր. 7։39)։ Ամուսնանալ փափաքող ամուրի մը անհաւատի մը հետ ռոմանթիկ կապեր չի հաստատեր, հապա միայն Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներուն մէջ կողակից մը կը փնտռէ։ Աւելին, կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելուն կողքին, ամուսնութեան մէջ խաղաղութիւն եւ հոգեւոր միութիւն պահպանելը, հաւատք ու աստուածպաշտութիւն կը պահանջէ,– ցանկալի յատկութիւններ, որոնք կ’արժէ գտնել ապագայ կողակիցին մէջ։ Ասոնք էին այն յատկութիւնները, որոնք հովիւն ու աղջիկը իրարու մէջ գտան։
Քրիստոնեաները ետ կը կենան անհաւատներու հանդէպ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն զարգացնելէ (տե՛ս պարբերութիւն 14)
«ՀԱՐՍ ՔՈՅՐՍ ՓԱԿԵԱԼ ՊԱՐՏԷԶ ՄԸՆ Է»
15. Սունամացի աղջիկը ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ չամուսնացած բարեպաշտ տղամարդոց եւ կիներուն։
15 Կարդա՛ Երգ Երգոց 4։12։ Հովիւը իր սիրուհին ինչո՞ւ «փակեալ պարտէզ»ի կը նմանցնէ։ Ցանկապատ պարտէզը հանրութեան մատչելի չ’ըլլար։ Միայն կղպուած դուռը բանալով կարելի է մտնել հոն։ Սունամացի աղջիկը այդ պարտէզին պէս էր, քանի որ իր սէրը մատչելի էր միայն իր ապագայ ամուսինին,– հովիւին։ Թագաւորին հրապուրանքներուն տեղի չտալով, աղջիկը ցոյց տուաւ թէ «պարիսպ» մըն էր եւ ոչ թէ լայն բացուող «դուռ» մը (Երգ 8։8-10)։ Նմանապէս, չամուսնացած բարեպաշտ տղամարդիկն ու կիները իրենց սէրը եւ գուրգուրանքը իրենց ապագայ կողակիցին կը վերապահեն։
16. Սիրատածութեան առնչութեամբ, Երգ Երգոց գիրքէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։
16 Գարնանային օր մը, երբ հովիւը սունամացի աղջիկէն խնդրեց որ իրեն հետ զբօսնէ, աղջկան եղբայրները թոյլ չտուին իրենց քրոջը։ Փոխարէն, անոնք անոր ըսին որ այգիներուն վրայ հսկէ։ Ինչո՞ւ։ Չէի՞ն վստահեր իրեն։ Արդեօք խորհեցան թէ աղջիկը անբարոյ միտումնե՞ր ունէր։ Իրականութեան մէջ, անոնք կանխաւ կը զգուշանային, որ իրենց քոյրը փորձիչ կացութեան չմատնուի (Երգ 1։6. 2։10-15)։ Ամուրի քրիստոնեաները ասկէ դաս մը կրնան քաղել։ Սիրատածութեան շրջանին, հարկ եղած նախազգուշութիւնները ձեռք առէք, որպէսզի ձեր փոխյարաբերութիւնը մաքուր պահէք։ Խուսափեցէք առանձնանալէ։ Մինչ սիրոյ մաքուր խօսքերը կրնան պատշաճ ըլլալ, փորձիչ կացութիւններէ հեռու կեցէք։
17, 18. Երգ Երգոց գրքի այս քննարկութենէն ի՞նչ օգտուեցար։
17 Ընդհանրապէս քրիստոնեայ զոյգեր իրենց ամուսնական կեանքը կը սկսին ջերմ սիրով։ Եւ որովհետեւ Եհովայի հաստատած ամուսնութիւնը մնայուն կարգադրութիւն մըն է, կարեւոր է որ զոյգեր ջանան իրենց սիրոյ կրակը վառ պահել եւ պահպանել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր սէրը կրնայ աճիլ (Մար. 10։6-9)։
18 Եթէ կ’ուզես ամուսնանալ, փնտռէ մէկը որ իրապէս կրնաս սիրել, ապա այդ սէրը զօրացուր եւ անմարելի դարձուր, ինչպէս որ նկարագրուած է Երգ Երգոց գրքին մէջ։ Եթէ կողակից մը կը փնտռես կամ գտած ես, կը մաղթենք որ իսկական սէր վայելես,– «Եահի բոցը» (Երգ 8։6, ՆԱ)։
a Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յունուար 2007 թիւը, էջ 31 (անգլերէնով)։