Գլուխ 3
Աստուածաշունչին կեղծ բարեկամը
Այս գլուխին մէջ նկատի պիտի առնենք այն գլխաւոր պատճառը թէ ի՛նչու ոչ–Քրիստոնեայ շատ մը երկիրներ կը մերժեն Աստուածաշունչը ընդունիլ որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Պատմականօրէն, Քրիստոնեայ Աշխարհը դաւանած է Աստուածաշունչին հաւատալ եւ անոր պահպանիչը ըլլալ։ Սակայն Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական կազմակերպութիւնները միջամուխ եղած են պատմութեան կարգ մը ահաւոր եւ սարսափելի արարքներուն. Միջին Դարու Խաչակրութիւններէն ու ջարդերէն մինչեւ մեր օրերուն Ողջակիզութիւնը։ Քրիստոնեայ Աշխարհի վարքը բաւարար պատճա՞ռ մըն է Աստուածաշունչը մերժելու։ Ճշմարտութիւնը այն է թէ Քրիստոնեայ Աշխարհը Աստուածաշունչին կեղծ բարեկամը փաստած է ըլլալ։ Արդարեւ, երբ մեր Հասարակ Դարաշրջանի Դ. դարուն Քրիստոնեայ Աշխարհը երեւան եկաւ, վերապրելու համար Աստուածաշունչին մղած պայքարը ոչ մէկ կերպով վերջ գտաւ։
1, 2. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Շատեր ինչո՞ւ կը մերժեն Աստուածաշունչը ընդունիլ որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ (բ) Առաջին եւ երկրորդ դարերուն, ի՞նչ լաւ գործ կատարուեցաւ, սակայն վտանգաւոր ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունենալու վրայ էր։
ԱՌԱՋԻՆ դարու վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերուն գրութիւնը ամբողջացաւ։ Անկէ ետք, Քրիստոնեաները ամբողջ Աստուածաշունչը ընդօրինակելու եւ ցրուելու ռահվիրաները եղան. միեւնոյն ժամանակ, զայն այդ օրերուն ամենէն շատ գործածուած լեզուներով թարգմանելու գործով ալ կը զբաղէին։ Մինչ Քրիստոնէական ժողովքը այս սքանչելի գործով կը պարապէր, բան մը կը սկսէր կերպար առնել, որ շատ վտանգաւոր պիտի ըլլար Աստուածաշունչի վերապրումին։
2 Այս փոփոխութիւնը նախատեսուած էր Աստուածաշունչին մէջ։ Առիթով մը, Յիսուս առակ մը խօսեցաւ մարդու մը մասին, որ իր դաշտին մէջ ցորենի լաւորակ սերմեր ցանեց։ Բայց մինչ մարդիկ կը քնանային, թշնամի մը որոմի սերմեր ցանեց։ Երկու սերմերն ալ ծիլ տուին եւ ժամանակ մը որոմները ծածկեցին ցորենին տեսքը։ Այս առակով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ իր գործունէութիւնը ճշմարիտ Քրիստոնեաներ յառաջ պիտի բերէր, բայց իր մահէն ետք, ժողովքին մէջ կեղծ Քրիստոնեաներ պիտի սպրդէին։ Հետեւաբար, դժուար պիտի ըլլար ճշմարիտը կեղծէն զանազանել։—Մատթէոս 13։24–30, 36–43
3. Ըստ Պետրոս առաքեալին, որոմանման «Քրիստոնեաներ»ու ազդեցութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար Աստուածաշունչի հանդէպ մարդոց որդեգրելիք տեսակէտին վրայ։
3 Քրիստոնէութեան եւ Աստուածաշունչին նկատմամբ մարդոց որդեգրելիք տեսակէտին վրայ այս որոմանման «Քրիստոնեաներ»ուն ունենալիք ազդեցութեան դէմ բացէ ի բաց զգուշացուց Պետրոս առաքեալ։ Ան ըսաւ. «Սուտ մարգարէներ ալ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը։ Շատեր անոնց կորստական ընթացքներուն ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն»։—Բ. Պետրոս 2։1, 2
4. Յիսուսի եւ Պետրոսի տուած մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կատարուեցան, նոյնիսկ Ա. դարուն։
4 Նոյնիսկ Ա. դարուն, Յիսուսի եւ Պետրոսի տուած մարգարէութիւնները սկսան կատարուիլ։ Փառատենչ անհատներ սպրդեցան Քրիստոնէական ժողովքէն ներս եւ խլրտումներ ցանեցին։ (Բ. Տիմոթէոս 2։16–18. Բ. Պետրոս 2։21, 22. Գ. Յովհաննու 9, 10) Յաջորդ երկու դարերու ընթացքին, Աստուածաշունչի ջինջ ճշմարտութիւնը պղտորեցաւ Յունական փիլիսոփայութիւնով։ Շատեր խաբուելով սկսան հեթանոսական վարդապետութիւններ ընդունիլ որպէս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւն։
5. Կոստանդին քաղաքականութեան ի՞նչ փոփոխութիւն կատարեց Դ. դարուն սկիզբը։
5 Դ. դարուն, Հռովմէացի Կոստանդին կայսրը «Քրիստոնէութիւն»ը որդեգրեց որպէս Հռովմէական Կայսրութեան պաշտօնական կրօնքը։ Սակայն անոր ճանչցած «Քրիստոնէութիւն»ը շատ տարբեր էր Յիսուսի քարոզած կրօնքէն։ Այն ատեն «որոմ»ները արդէն սկսած էին բուսնիլ, ճիշդ ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր։ Այսուհանդերձ, կրնանք վստահ ըլլալ որ այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին, կային ոմանք որոնք ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը կը ներկայացնէին եւ կը ջանային Աստուածաշունչին հետեւիլ որպէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը։—Մատթէոս 28։19, 20
Ընդդիմութիւն՝ Աստուածաշունչի Թարգմանութեան
6. Քրիստոնեայ Աշխարհը ե՞րբ սկսաւ կերպար առնել, եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքը ի՞նչ կերպով կը տարբերէր Աստուածաշունչի Քրիստոնէութենէն։
6 Կոստանդինի օրերուն սկսաւ կերպար առնել ներկայիս մեր ճանչցած Քրիստոնեայ Աշխարհը։ Այն ատենէն ի վեր, այլասերուած Քրիստոնէութիւնը, որ սկսած էր արմատ կապել, այլեւս միայն կրօնական կազմակերպութիւն մը չէր, անիկա պետութեան մաս կը կազմէր եւ անոր առաջնորդները կարեւոր դեր մը կը խաղային քաղաքականութեան մէջ։ Վերջապէս, հաւատուրաց եկեղեցին իր քաղաքական ազդեցութիւնը բանեցուց այնպիսի կերպով մը՝ որ ամբողջովին հակառակ էր Աստուածաշունչի Քրիստոնէութեան, Աստուածաշունչին դէմ ուրիշ վտանգաւոր սպառնալիք մը յառաջ բերելով։ Ի՞նչ էր այդ։
7, 8. Պապը ե՞րբ Աստուածաշունչի թարգմանութեան հակառակ արտայայտուեցաւ, եւ ան ինչո՞ւ ըրաւ ասիկա։
7 Երբ Լատիներէնը մեռած լեզու մը դարձաւ, Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւններու կարիքը տեսնուեցաւ։ Բայց Կաթողիկէ Եկեղեցին այլեւս ասոր համամիտ չէր։ 1079–ին, երբ Վրատիսլաւ՝ Պոհեմիոյ ապագացու թագաւորը՝ Աստուածաշունչը իր հպատակներուն լեզուով թարգմանելու համար Գրիգոր Է. Պապէն արտօնութիւն խնդրեց, Պապին պատասխանը ո՛չ եղաւ։ Ան նշեց. «Այդ մասին յաճախ խորհողներուն յստակ թող ըլլայ, որ առանց պատճառի չէ որ Ամենակալ Աստուած հաճած է որ սուրբ գրութիւնները գաղտնի պահուին որոշ տեղեր։ Եթէ անիկա բացայայտ ըլլար բոլոր մարդոց, մի գուցէ քիչ գնահատուէր եւ անարգանքի ենթակայ ըլլար. կամ թերեւս անիկա սխալ հասկցուէր միջակ ուսում ունեցողներուն կողմէ եւ զանոնք սխալի առաջնորդէր»։1
8 Պապը կ’ուզէր Աստուածաշունչը պահել արդէն մեռած լեզուով՝ Լատիներէնով։ Անոր բովանդակութիւնը «գաղտնի» պէտք էր պահուէր, հասարակ ժողովուրդին լեզուով չթարգմանուելով։a Ժերոմի Լատիներէն Վուլկադան, որ Աստուածաշունչը բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակով թարգմանուած էր Ե. դարուն, զայն գաղտնի պահելու միջոց մը դարձաւ։
9, 10. (ա) Աստուածաշունչի թարգմանութեան դէմ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին հակառակութիւնը ինչպէ՞ս զարգացաւ։ (բ) Աստուածաշունչին դէմ Եկեղեցիին հակառակութեան նպատակը ի՞նչ էր։
9 Մինչ Միջին Դարը կը յառաջանար, բնիկ լեզուով Աստուածաշունչեր թարգմանելու նկատմամբ Եկեղեցիին դիրքը կը կարծրանար։ 1199–ին, Իննովկենտ Գ. Պապը այնպիսի ազդու նամակ մը գրեց Գերմանիոյ Մես քաղաքի արգեպիսկոպոսին որ ան իր գտած բոլոր Գերմաներէն Աստուածաշունչերը այրեց։3 1229–ին, Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին խորհրդաժողովը հրամանագիր մը հանեց, ըստ որուն, «աշխարհականներ»ը արտօնութիւն չունէին Աստուածաշունչի որեւէ գիրքը ունենալ իրենց մայրենի լեզուով։4 1233–ին, Սպանիոյ Դառակոնա քաղաքի նահանգային խորհրդաժողովը հրահանգեց որ «Հին կամ Նոր Կտակարան»ի բոլոր գիրքերը յանձնուին ու այրուին։5 1407–ին, Անգլիոյ Օքսֆորտ քաղաքին մէջ հաւաքուած կղերական խորհրդաժողովը, հովանաւորուած՝ Արգեպիսկոպոս Թովմաս Արունտէլի կողմէ, բացայայտօրէն արգիլեց Աստուածաշունչը Անգլերէնի կամ ուրիշ որեւէ արդի լեզուի թարգմանելը։6 1431–ին, դարձեալ Անգլիոյ մէջ, Ուէլզի Սդաֆորտ Եպիսկոպոսը արգիլեց Աստուածաշունչը Անգլերէնի թարգմանելը եւ այսպիսի թարգմանութիւններ ունենալը։7
10 Այս կրօնական հեղինակութիւնները չէին ջանար Աստուածաշունչը փճացնել, այլ կը ջանային մասունքի վերածել, զայն այն լեզուով պահելով, որով շատ քիչեր կրնային կարդալ։ Այս կերպով, անոնք կը յուսային արգելք հանդիսանալ իրենց այդպէս կոչած հերետիկոսութեան, ինչ որ, իրականութեան մէջ, իրենց հեղինակութեան դէմ մարտահրաւէր մը կը նկատէին։ Եթէ անոնք յաջողած ըլլային, Աստուածաշունչը պարզապէս մտաւորական հետաքրքրութեան առարկայ մը դարձած պիտի ըլլար, հասարակ ժողովուրդին կեանքերուն վրայ բնաւ, կամ շատ քիչ, ազդեցութիւն ունենալով։
Աստուածաշունչի Ախոյեաններ
11. Երբ Խուլիանօ Հերնանտեզ անօրէն կերպով Սպաներէն Աստուածաշունչեր մտցուց Սպանիա, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
11 Բարեբախտաբար սակայն, շատ մը անկեղծ անհատներ մերժեցին հետեւիլ այս հրամանագրերուն։ Սակայն այսպիսի մերժումներ վտանգաւոր էին։ Ոմանք ահռելիօրէն տառապեցան Աստուածաշունչ մը ունենալու «ոճիր»ին համար։ Օրինակի համար, նկատի առէք Սպանացի Խուլիան Հերնանտեզի պարագան։ Ըստ Ֆօքսի Քրիստոնեայ Մարտիրոսներու Պատմութիւն գրքին (Անգլ.), Խուլիան (կամ՝ Խուլիանօ) «Գերմանիայէն իր երկիրը մեծ թիւով Աստուածաշունչեր փոխադրելու ձեռնարկեց, Ռայնի գինիի տակառներու մէջ պահուած եւ շարուած»։ Ան դաւաճանուեցաւ եւ ձերբակալուեցաւ Հռովմէական Կաթողիկէ Հաւատաքննութեան կողմէ։ Իսկ անոնք որոնց ուղղուած էին Աստուածաշունչերը, «բոլորն ալ անխտրաբար չարչարուեցան եւ ապա անոնցմէ շատերը տարբեր պատիժներու դատապարտուեցան։ Խուլիանօն ողջ հրկիզուեցաւ, քսան հոգի շամփուրներու վրայ խորովուեցան, շատեր ցկեանս բանտարկուեցան, ոմանք հանրապէս խարազանուեցան, բազմաթիւ ուրիշներ ալ մարտանաւերու վրայ ղրկուեցան որպէս ստրուկներ»։8
12. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Միջին Դարու կրօնական հեղինակութիւնները Աստուածաշունչի Քրիստոնէութիւնը չէին ներկայացներ։
12 Իշխանութեան ի՜նչ ահռելի եղծանում։ Բացայայտօրէն, կրօնական այս հեղինակութիւնները ո՛չ մէկ կերպով Աստուածաշունչի Քրիստոնէութիւնը կը ներկայացնէին։ Աստուածաշունչը ուղղակիօրէն կը յայտնէ թէ անոնք ո՛րու կը պատկանէին, երբ կ’ըսէ. «Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։ Վասնզի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։ Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց»։—Ա. Յովհաննու 3։10–12
13, 14. (ա) Միջին Դարուն Աստուածաշունչին հանդէպ ո՞ր արտակարգ կեցուածքը կ’ապացուցանէ թէ անիկա աստուածային ծագում ունի։ (բ) Աստուածաշունչին նկատմամբ վիճակներու ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ։
13 Ի՜նչ արտակարգ բան մըն է սակայն, որ այրեր եւ կիներ յօժարեցան այսպիսի բիրտ վերաբերմունքի ենթարկուիլ, միմիայն Աստուածաշունչ մը ունենալու համար։ Իսկ այսպիսի օրինակներ բազմիցս կրկնուած են մինչեւ օրս։ Անհատներու վրայ Աստուածաշունչին ներշնչած խոր նուիրումը, անոնց համբերութեամբ տառապելու յօժարակամութիւնը եւ առանց գանգատելու սարսափելի մահերու ենթարկուիլը՝ զիրենք չարչարողներուն հանդէպ փոխվրէժի զգացում չունենալով՝ զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։—Ա. Պետրոս 2։21
14 ԺԶ. դարուն, Հռովմէական Կաթողիկէ հեղինակութեան դէմ Բողոքականական ըմբոստութենէն ետք, վերջապէս Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին ինքն ալ պարտաւորուեցաւ Եւրոպայի մէջ գործածուած լեզուներով Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ պատրաստել։ Բայց նոյնիսկ այն ատեն, Աստուածաշունչը աւելի կցորդուած էր Բողոքականութեան հետ, քան թէ՝ Կաթողիկէութեան։ Ինչպէս Հռովմէական Կաթողիկէ վարդապետ Էտուըրտ Ժ. Գիուպա գրեց. «Պարկեշտօրէն պէտք է ընդունիլ որ Բողոքական Բարեկարգութեան աղիտալի հետեւանքներէն մէկը եղաւ Աստուածաշունչին հանդէպ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն անտարբերութիւնը։ Թէեւ անիկա ամբողջովին չէր անտեսուած, սակայն Աստուածաշունչը գոց գիրք մը եղաւ շատ մը Կաթողիկէներու համար»։9
Բարձրագոյն Քննադատութիւնը
15, 16. Աստուածաշունչին հակառակելու մէջ Բողոքականութիւնը ինչո՞ւ անմեղադրելի չէ։
15 Սակայն, Աստուածաշունչին հակառակելու հարցին մէջ Բողոքական եկեղեցիներն ալ անմեղադրելի չեն։ Մինչ տարիները սահեցան, կարգ մը Բողոքական ուսումնականներ ուրիշ տեսակ յարձակում մը գործեցին այս գիրքին վրայ. մտաւորական յարձակում մը։ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, անոնք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու կերպ մը զարգացուցին, որ ճանչցուեցաւ որպէս բարձրագոյն քննադատութիւն։ Բարձրագոյն քննադատութիւնը ջատագովողները սորվեցուցին որ Աստուածաշունչին շատ մը մասերը աւանդավէպէ եւ առասպելէ կը բաղկանան։ Ոմանք նոյնիսկ ըսին որ Յիսուս բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած։ Փոխանակ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը անուանելու, այս Բողոքական ուսումնականները ըսին որ անիկա մարդոց խօսքն է եւ շատ շփոթեցուցիչ խօսք մը։
16 Թէեւ այս ծայրայեղ գաղափարները այլեւս համակիրներ չունին, սակայն բարձրագոյն քննադատութիւնը տակաւին կ’ուսուցուի դպրեվանքերու մէջ եւ անսովոր չէ լսել Բողոքական կղերներու, որոնք հանրապէս կ’ուրանան Աստուածաշունչի շատ մը մասերը։ Աւստրալիական լրագիր մը կը մէջբերէր Անկլիքան կղերի մը խօսքերը, որ կ’ըսէր թէ Աստուածաշունչի շատ մը մասերը «պարզապէս սխալ են։ Կարգ մը պատմութիւններ սխալ են։ Կարգ մը մանրամասնութիւններ բացայայտօրէն խեղաթիւրուած են»։ Այս մտածելակերպը բարձրագոյն քննադատութեան պտուղն է։
Անոր ‘կը Հայհոյեն’
17, 18. Քրիստոնեայ Աշխարհի վարքը ինչպէ՞ս նախատինք բերած է Աստուածաշունչին վրայ։
17 Թերեւս, Քրիստոնեայ Աշխարհի վարքն է, որ մեծագոյն արգելքը հանդիսացած է որ անհատներ Աստուածաշունչը ընդունին որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը դաւանի Աստուածաշունչին հետեւիլ։ Սակայն, իր վարքը մեծ նախատինք բերած է Աստուածաշունչին եւ բուն իսկ Քրիստոնեայ անուան վրայ։ Ինչպէս Պետրոս առաքեալ նախագուշակած էր, անոնց պատճառով ճշմարտութեան ճամբան ‘կը հայհոյուի’։—Բ. Պետրոս 2։2
18 Օրինակի համար, մինչ Եկեղեցին արգելք կը հանդիսանար Աստուածաշունչի թարգմանութեան, Պապը Միջին Արեւելքի Մահմետականներուն դէմ կատարուած զինուորական հսկայական արշաւներուն նիւթապէս նեցուկ կը կանգնէր։ Ասոնք «սուրբ» Խաչակրութիւններ կոչուեցան, բայց սրբութեան հետ ոչ մէկ կապ ունէին։ Առաջինը, որ կոչուեցաւ «Ժողովուրդին Խաչակրութիւն»ը, միւսներուն ճամբայ հարթեց։ Եւրոպայէն մեկնելէ առաջ, չմարզուած բանակ մը, քարոզիչներու կողմէ գրգռուած, Գերմանիոյ Հրեաներուն վրայ յարձակեցաւ, քաղաքէ քաղաք սպաննելով զանոնք։ Ինչո՞ւ։ Պատմաբան Հանց Էպըրհարտ Մայըր կ’ըսէ. «Այն պատճառաբանութիւնը թէ Հրեաները պատժուելու արժանի են որպէս Քրիստոսի թշնամիները, պարզապէս իրական շարժառիթը՝ ընչաքաղցութիւնը՝ ծածկելու տկար փորձ մըն էր»։10
19–21. Երեսուն Տարուան Պատերազմը, Եւրոպայի միսիոնարական ճիգերը եւ գաղութային ընդլայնումը ինչպէ՞ս Աստուածաշունչին վրայ նախատինք բերելու ծառայեցին։
19 ԺԶ. դարուն, Բողոքական ըմբոստութիւնը Եւրոպական շատ մը երկիրներէն վանեց Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին հեղինակութիւնը։ Անոր հետեւանքներէն մէկը եղաւ Երեսուն Տարուան Պատերազմը (1618–1648), «Եւրոպական պատմութեան ամենէն սարսափելի պատերազմներէն մէկը», ըստ Աշխարհի Տիեզերական Պատմութիւն խորագրով գրքին (Անգլ.)։ Ի՞նչ էր պատերազմին հիմնական պատճառը։ «Բողոքականներուն հանդէպ Կաթողիկէներուն ունեցած ատելութիւնը, Կաթողիկէներուն հանդէպ Բողոքականներուն ունեցած ատելութիւնը»։11
20 Այդ ժամանակ, Քրիստոնեայ Աշխարհը սկսած էր Եւրոպայէն դուրս ճիւղեր արձակել, «Քրիստոնէական» քաղաքակրթութիւնը տանելով երկրի տարբեր մասերը։ Այս զինուորական ընդլայնումը յատկորոշուեցաւ անգթութեամբ եւ ընչաքաղցութեամբ։ Ամերիկեան հողամասերուն մէջ, Սպանացի տիրակալները արագօրէն բնաջնջեցին Ամերիկեան բնիկ քաղաքակրթութիւնները։ Պատմութեան գիրք մը նշեց. «Ընդհանուր առմամբ, Սպանացի կառավարիչները կը կործանէին բնիկ քաղաքակրթութիւնը, առանց ներմուծելու Եւրոպական քաղաքակրթութիւնը։ Գլխաւոր շարժառիթը, որ զանոնք Նոր Աշխարհ քաշեց, ոսկիի ծարաւն էր»։12
21 Բողոքական միսիոնարներն ալ Եւրոպայէն գացին դէպի ուրիշ ցամաքամասեր։ Անոնց աշխատանքին արդիւնքներէն մէկը եղաւ գաղութային ընդլայնումը։ Բողոքական միսիոնարական աշխատանքին ձգած ազդեցութեան մասին, ներկայիս շատեր հետեւեալ տեսակէտը կը բաժնեն. «Շատ յաճախ միսիոնարական նախաձեռնութիւնը գործածուած է որպէս արդարացում եւ ծածկոց ժողովուրդին տիրելու համար։ Այս պաշտօնին, արուեստագիտութեան եւ կայսերապաշտութեան միջեւ եղող յարակցութիւնը բոլորին ծանօթ է»։13
22. Քրիստոնեայ Աշխարհը ինչպէ՞ս նախատինք բերած է Քրիստոնէութեան վրայ այս Ի. դարուն։
22 Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն եւ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնը շարունակուած է մինչեւ օրս։ Վերջին երկու համաշխարհային պատերազմները գլխաւորաբար մղուեցան «Քրիստոնեայ» ազգերու միջեւ։ Երկու կողմերու կղերները իրենց երիտասարդները քաջալերեցին, որ կռուին եւ ամէն գնով սպաննեն թշնամին, որ յաճախ նոյն կրօնքին կը պատկանէր։ Եթէ Եկեղեցիները Ուզեն Աշխարհի Խաղաղութիւնը խորագրով գրքին մէջ (Անգլ.) նշուած է. «Վստահաբար [եկեղեցիներուն] վարկ չի բերեր որ Քրիստոնէութեան դատին նուիրուած պետութիւններու մէջ զարգացաւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող պատերազմի դրութիւնը եւ իր մեծագոյն աւերումները գործեց»։14
Աստուծոյ Խօսքը կը Վերապրի
23. Քրիստոնեայ Աշխարհի պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը մատնանշէ թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։
23 Քրիստոնէութեան այս երկար եւ տխուր պատմութիւնը հիւսեցինք երկու կէտ շեշտելու համար։ Նախ, այս դէպքերը Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումն են։ Նախատեսուած էր որ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր նախատինք պիտի բերէին Աստուածաշունչին եւ Քրիստոնեայ անուան վրայ, իսկ անոնց իրապէս կատարուիլը Աստուածաշունչը կը ջատագովէ որպէս ճշգրիտ։ Այսուհանդերձ, պէտք չէ անտեսենք այն իրողութիւնը թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի վարքը ո՛չ մէկ կապ ունի Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած Քրիստոնէութեան հետ։
24. Ի՞նչ բան կը բնորոշէ Քրիստոնեաները եւ այսպիսով յստակօրէն կը դատապարտէ Քրիստոնեայ Աշխարհը որպէս ոչ–Քրիստոնեայ։
24 Յիսուս անձամբ բացատրեց որ անկեղծ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս պիտի ճանչցուէին. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։16) Այս երկու մարզերուն մէջ, Քրիստոնեայ Աշխարհը յստակօրէն յայտնի կ’ընէ որ ինք Աստուածաշունչի Քրիստոնէութիւնը չի ներկայացներ։ Անիկա կը դաւանի Աստուածաշունչին բարեկամը ըլլալ, սակայն կեղծ բարեկամ մը եղած է։
25. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ մինչեւ հիմա կրցաւ վերապրիլ, հակառակ իր կրած բոլոր նեղութիւններուն։
25 Երկրորդ կէտը հետեւեալն է. նկատի ունենալով որ Քրիստոնեայ Աշխարհը որպէս ամբողջութիւն Աստուածաշունչին շահերուն դէմ աշխատած է, արդարեւ յատկանշական է որ այդ գիրքը վերապրած է մինչեւ մեր օրերը եւ տակաւին լաւ ազդեցութիւն մը կը բանեցնէ շատ մը մարդոց կեանքերուն վրայ։ Աստուածաշունչը վերապրած է զայն թարգմանելու ընդդիմացողներուն կծու հակառակութենէն, արդիական ուսումնականներուն յարձակումներէն եւ իր կեղծ բարեկամին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհին ոչ–Քրիստոնէական վարքէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը ուրիշ որեւէ գրքի չի նմանիր։ Աստուածաշունչը չի կրնար մեռնիլ։ Անիկա Աստուծոյ Խօսքն է, որ մեզի կ’ըսէ. «Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»։—Եսայեայ 40։8
[Ստորանիշ]
a Հազուագիւտ քանի մը թարգմանութիւններ կատարուեցան բնիկ լեզուներով։ Բայց անոնք յաճախ ճարտարութեամբ շինուած գեղազարդ ձեռագիրներ էին եւ հետեւաբար բնաւ հանրային գործածութեան չէին վիճակուած։2
[Մէջբերում՝ էջ 34]
Բողոքական գլխաւոր եկեղեցիները մասնակցած են Աստուածաշունչի վրայ կատարուած մտաւորական մեծագոյն յարձակումին
[Նկար՝ էջ 26]
Քրիստոնեայ Աշխարհի պատմութիւնը իրապէս սկսաւ երբ Կոստանդին օրինականացուց իր օրուան «Քրիստոնէութիւն»ը
[Նկարներ՝ էջ 29]
Գրիգոր Է. եւ Իննովկենտ Գ. Պապերը կարկառուն էին Աստուածաշունչը ժողովուրդին առօրեայ լեզուով թարգմանելը արգիլելու Կաթողիկէ Եկեղեցիին պայքարին մէջ
[Նկար՝ էջ 33]
Քրիստոնեայ Աշխարհի ցնցիչ վարքը շատերը մղած է կասկածելու թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է
[Նկար՝ էջ 35]
Առաջին Աշխարհամարտին ընթացքին, այս Ռուս զինուորները կրօնական սրբանկարի մը առջեւ խոնարհեցան իրենց ընկերակից «Քրիստոնեաներ»ը սպաննելու երթալէ առաջ