Մեր հոյակապ Ստեղծիչին հետ հովուութիւն ընենք
«Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներուն մէջ կ’առաջնորդէ ինծի»։—ՍԱՂՄՈՍ 23։1, 3
1. Եհովա ի՞նչ սիրալիր հանգստութիւն կը հայթայթէ։
«ՍԱՂՄՈՍ ԴԱՒԻԹԻ» կոչուած 23–րդ Սաղմոսը շատ մը յոգնած հոգիներու հանգստութիւն բերած է։ Անիկա զիրենք քաջալերած է որ 6–րդ համարին արտայայտած վստահութիւնը ունենան. «Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ»։ Ձեր ալ փափա՞քն է միշտ Եհովայի պաշտամունքի տան մէջ բնակիլ, միացած՝ իր ժողովուրդին, որ հիմա երկրի բոլոր ազգերէն կը հաւաքուի։ ‘Ձեր հոգիներուն Հովիւը ու Տեսուչը’, մեր Հոյակապ Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած՝ ձեզի պիտի օգնէ որ այդ յենակէտին հասնիք։—Ա. Պետրոս 2։25
2, 3. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս սիրալիր կերպով կը հովուէ իր ժողովուրդը։ (բ) Եհովայի «հօտը» ինչպէ՞ս շշմեցուցիչ կերպով աւելցած է։
2 «Նոր երկնքի ու նոր երկրի» Ստեղծիչը միեւնոյն ատեն Քրիստոնէական ժողովքին՝ «Աստուծոյ տանը»՝ Կազմակերպիչը եւ Գերագոյն Տեսուչն է։ (Բ. Պետրոս 3։13. Ա. Տիմոթէոս 3։15) Ան խորապէս հետաքրքրուած է իր ժողովուրդը հովուելով, ինչպէս յստակօրէն կը նշէ Եսայեայ 40։10, 11–ը. «Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։ Ահա իր վարձքը իրեն հետ է ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։ Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ»։
3 Աւելի լայն իմաստով մը, այս «հօտը» կը բովանդակէ անոնք որոնք երկար ատենէ Քրիստոնէական ճշմարտութեան մէջ կը քալեն, իսկ «գառնուկները» վերջերս հաւաքուածներն՝ հիմա Ափրիկէի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ մեծ թիւով մկրտուողներն՝ են։ Եհովայի զօրաւոր, պահպանիչ բազուկը զանոնք իր գիրկը կը հաւաքէ։ Թէեւ անոնք մոլորուած ոչխարներու պէս էին, սակայն հիմա իրենց սիրելի Աստուծոյն եւ Հովիւին հետ մտերիմ յարաբերութեան մէջ եկած են։
Եհովայի Ընկերակից Հովիւը
4, 5. (ա) Ո՞վ է «բարի հովիւը», եւ մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս իրեն կը մատնանշէր։ (բ) Յիսուս զատումի ի՞նչ գործ կը հովանաւորէ, եւ ի՞նչ աչքառու արդիւնքով։
4 Երկնքի մէջ իր Հօրը աջ կողմը ծառայող «բարի հովիւը»՝ Յիսուս Քրիստոսն՝ ալ խանդակաթ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ «ոչխարներ»ուն հանդէպ։ Ան իր կեանքը տուաւ, որպէսզի նախ օծեալներու «պզտիկ հօտ»ը, իսկ հիմա՝ «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութիւնը անկէ օգտուին։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։14, 16) Մեծ Հովիւը՝ Եհովա Աստուած՝ այս բոլոր ոչխարներուն ուղղելով իր խօսքը, կ’ըսէ. «Ահա ես ինքս ... ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէսզի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։ Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ, ես՝ Տէրս խօսեցայ»։—Եզեկիէլ 34։20–24
5 «Իմ ծառաս Դաւիթը» արտայայտութիւնը մարգարէաբար կը մատնանշէ Քրիստոս Յիսուսի, Դաւիթի գահը ժառանգող «սերունդ»ին։ (Սաղմոս 89։35, 36) Ազգերու դատաստանի այս օրուան մէջ, Եհովայի ընկերակից Հովիւը եւ Թագաւորը՝ Քրիստոս Յիսուս, Դաւիթի Որդին, կը շարունակէ մարդոց մէջէն «ոչխարները» զատել իրենք զիրենք «ոչխար» դաւանող «այծ»երէն։ (Մատթէոս 25։31–33) Այս «մէկ հովիւ»ը նշանակուած է նաեւ ոչխարները հովուելու համար։ Այսօր մենք կը տեսնենք այս մարգարէութեան փառաւո՜ր կատարումը։ Մինչ քաղաքագէտներ կը խօսին համաշխարհային նոր բարեկարգութիւնով մը մարդկութիւնը միացնելու մասին, մէկ հովիւը իրապէս կը միացնէ ամէն ազգի ոչխարները, բազմալեզու վկայութեան արշաւի մը միջոցաւ զոր միայն երկրի վրայ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կրնայ այսպիսի բան մը ստանձնել։
6, 7. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ինչպէ՞ս հոգ տարած է որ ‘ատենին կերակուր’ը մատչելի ըլլայ ոչխարներուն։
6 Մինչ Թագաւորութեան պատգամը անդադար կը տարածուի դէպի նոր թաղամասեր, օծեալ Քրիստոնեաներու «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ մէկ Հովիւին կողմէ յանձնարարուած է, հոգ կը տանի որ ամէն կարգադրութիւն ըլլայ, որպէսզի ‘ատենին կերակուր’ ղրկուի։ (Մատթէոս 24։45) Համայն աշխարհի մէջ Դիտարանի Ընկերութեան տպագրութեամբ զբաղող 34 մասնաճիւղերէն շատեր իրենց արտադրութիւնը կ’աւելցնեն, որպէսզի կարենան սուրբ գրային աւելի շատ եւ աւելի լաւ գրքերու ու պարբերաթերթերու պահանջին գոհացում տալ։
7 Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը ո՛չ մէկ ջանք կը խնայէ թարգմանութեան որակը բարելաւելու համար, աւելի քան 200 լեզուներով եւ համայն աշխարհի քարոզչական դաշտին կարիքին համաձայն հարկ տեսնուած յաւելեալ լեզուներով ալ թարգմանութեան ձեռնարկելով։ Ասիկա կը նպաստէ այն յանձնարարութեան զոր Յիսուս տուաւ իր աշակերտներուն Գործք 1։8–ին մէջ. «Սուրբ հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք ... մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, որ արդէն ամբողջովին կամ մասամբ 14 լեզուներով լոյս տեսած է, հիմա Եւրոպական, Ափրիկեան եւ Արեւելեան ուրիշ 16 լեզուներով ալ կը թարգմանուի։
«Աստուծոյ Խաղաղութիւնը» Վայելել
8. Ոչխարները ինչպէ՞ս ճոխ կերպով օրհնուած են իրենց հետ Եհովայի կնքած խաղաղութեան ուխտով։
8 Իր մէկ Հովիւին՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, Եհովա իր լաւ կերակրուած ոչխարներուն հետ ‘խաղաղութեան ուխտ’ մը կը կնքէ։ (Եսայեայ 54։10) Յիսուսի թափուած արեան վրայ հաւատք ընծայելով, ոչխարները կրցած են լոյսին մէջ քալել։ (Ա. Յովհաննու 1։7) Անոնք կը վայելեն ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը որ ամէն մտքէ վեր է եւ որ անոնց սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով կը պահպանէ’։ (Փիլիպպեցիս 4։7) Ինչպէս Եզեկիէլ 34։25–28–ն կը շարունակէ նկարագրել, Եհովա կը հովուէ իր ոչխարները հոգեւոր դրախտի մը՝ ապահովութեան հաճելի վիճակի մը կազդուրիչ բարգաւաճութեան եւ արգասաբերութեան մէջ։ Այս սիրալիր Հովիւը իր ոչխարներուն մասին կ’ըսէ. «Երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ ու զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին .... այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ»։
9. «Լուծին կապերը» կոտրուելով Աստուծոյ ժողովուրդին դիմաց ի՞նչ պատեհութիւններ բացուած են։
9 Այս վերջին տարիներուն, Եհովայի Վկաները արդէն շատ մը երկիրներու մէջ փորձառաբար տեսան ‘իրենց լուծի կապեր’ուն կոտրուիլը։ Անոնք որեւէ ատենէ աւելի ազատութիւն ունին քարոզելու։ Իսկ, բոլորս ալ, ո՛ր երկրին մէջ ալ ըլլանք, Եհովայի հայթայթած ապահովութիւնը օգտագործենք մեզի յանձնուած գործը ամբողջացնելու արտորալով։ Եհովա մեզ ի՛րապէս կը հաւաստիացնէ, մինչ մարդկութեան մեծագոյն եւ աննախընթաց նեղութեան ժամանակին կը մօտենանք։—Դանիէլ 12։1. Մատթէոս 24։21, 22
10. Բարի Հովիւին՝ Քրիստոս Յիսուսին՝ օգնելու համար Եհովա որո՞նք հայթայթած է, եւ Պօղոս առաքեալ անոնցմէ ոմանց ի՞նչ ըսաւ։
10 Ամբարիշտներուն դէմ իր վրէժխնդրութեան այդ օրուան համար պատրաստութիւն տեսնելով, Եհովա ենթահովիւներ հայթայթած է, որպէսզի Բարի Հովիւին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ օգնեն հօտը հովուելու մէջ։ Անոնք Յայտնութիւն 1։16–ին մէջ նկարագրուած են որպէս Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ «եօթը աստղ»եր՝ ամբողջական թիւ մը։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ իր խօսքը ուղղելով այս ենթահովիւներու ներկայացուցիչ մարմնի մը ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [Որդւոյն] արիւնովը ստացաւ»։ (Գործք 20։28) Ներկայիս տասնեակ հազարաւոր ենթահովիւներ կան, որոնք համայն աշխարհի 69,558 ժողովքներու մէջ կը ծառայեն։
Օ՛ն Յառաջ, Ո՛վ Ենթահովիւներ
11. Կարգ մը հովիւներ ինչպէ՞ս յաջող կերպով առաջնորդութիւն առած են յաճախ աշխատցուած թաղամասերուն մէջ։
11 Շատ մը վայրերու մէջ, այս հովիւները առաջնորդութիւնը պէտք է ստանձնեն այն թաղամասերուն մէջ, որոնք յաճախ աշխատցուած են այս վերջին օրերուն։ Անոնք հօտին եռանդը ինչպէ՞ս կրնան վառ պահել։ Հովիւները ասիկա շատ գովելի կերպով կ’ընեն, ի միջի այլոց՝ յաջող կերպով օժանդակ եւ կանոնաւոր ռահվիրայութիւնը քաջալերելով։ Հովիւներէն շատեր իրենք այս ծառայութեան կը ձեռնարկեն եւ նոյնիսկ այդ հրատարակիչները, որոնք չեն կրնար ռահվիրայութիւն ընել, այդ հոգին ցուցաբերած են ուրախութեամբ ծառայելով, ինչ որ կ’օգնէ թաղամասին անտարբերութիւնը յաղթահարելու։ (Սաղմոս 100։2. 104։33, 34. Փիլիպպեցիս 4։4, 5) Այս կերպով, մինչ ամբարշտութիւնը եւ գրեթէ անիշխանութիւնը կը պատեն աշխարհը, շատ մը ոչխարանման անհատներու աչքերը կը բացուին Թագաւորութեան յոյսով։—Մատթէոս 12։18, 21. Հռովմայեցիս 15։12
12. Արագօրէն աճող դաշտերուն մէջ ի՞նչ լուրջ խնդիրներ գոյութիւն ունին, եւ ասոնք երբեմն ինչպէ՞ս ձեռք առնուած են։
12 Ուրիշ հարց մըն ալ այն է թէ յաճախ բաւարար որակելի հովիւներ չկան հօտին հոգ տանելու համար։ Արեւելեան Եւրոպայի նման արագ աճում ունեցող շրջաններու մէջ, բազմաթիւ նոր ժողովքներ կան, ուր նշանակուած երէցներ բնաւ չկան։ Կամաւոր ոչխարներ այս բեռը կը շալկեն, բայց անոնք անփորձ են եւ օգնութեան պէտք ունին ժողովքներուն մէջ խուժող ոչխարներուն հոգ տանելու համար։ Պրազիլիոյ, Մեքսիկոյի եւ Զայիրի նման երկիրներու մէջ, ուր աճումը շատ արագ է, բաղդատաբար երիտասարդ Վկաներ կը գործածուին ծառայութիւնը կազմակերպելու եւ նորեկները մարզելու համար։ Ռահվիրաները հոյակապ կերպով կ’օժանդակեն. ահաւասիկ դաշտ մը, որու մէջ քոյրերը կրնան նոր քոյրեր մարզել։ Եհովա իր հոգիով կ’օրհնէ այս բոլոր ջանքերուն արդիւնքը։ Իսկ յաւելումը կը շարունակուի։—Եսայեայ 54։2, 3
13. (ա) Քանի որ հունձքը այսքան մեծ է, բոլոր Վկաներն ալ ի՞նչ բանի համար պէտք է աղօթեն։ (բ) Աստուծոյ ժողովուրդին աղօթքները ինչպէ՞ս պատասխան գտան Բ. Աշխարհամարտէն առաջ եւ անոր ընթացքին։
13 Այն երկիրներուն մէջ ուր քարոզչութիւնը լաւ հաստատուած է, այն երկիրներուն մէջ ուր վերջերս արգիլումները վերցուած են, ինչպէս նաեւ նոր բացուած թաղամասերուն մէջ, Մատթէոս 9։37, 38–ի Յիսուսի խօսքերը տակաւին կիրարկելի են. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Նաեւ պէտք է աղօթենք որ Եհովա աւելի շատ հովիւներ հանէ։ Ան ցոյց տուած է որ կրնայ ընել ասիկա։ Բ. Աշխարհամարտէն առաջ եւ անոր ընթացքին, բիրտ Ասորեստանցիներու նմանող բռնակալներ փորձեցին բնաջնջել Եհովայի Վկաները։ Բայց առ ի պատասխան անոնց աղօթքներուն, Եհովա զտեց իր կազմակերպութիւնը, զայն իրապէ՛ս աստուածպետական դարձնելով եւ հարկ եղած «հովիւ»ները հայթայթեց։a Ասիկա հետեւեալ մարգարէութեան հետ համաձայն էր. «Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ, անոր դէմ եօթը հովիւ եւ ութը իշխաններ պիտի հանենք». առաջնորդութիւնը ստանձնելու համար հարկ եղած նուիրուած երէցներէն աւելի։—Միքիա 5։5
14. Կազմակերպութեան մէջ ի՞նչ բանի ակներեւ կարիքը կայ, եւ ի՞նչ քաջալերութիւն կը տրուի եղբայրներուն։
14 Բացառիկ կարիք մը կայ որ բոլոր մկրտուած եղբայրները յաւելեալ առանձնաշնորհումներու ցանկան։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1) Ստիպողական վիճակ մը կայ։ Այս դրութեան վախճանը արագօրէն կը մօտենայ։ Ամբակում 2։3–ը կ’ըսէ. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. ... Անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ Ո՛վ եղբայրներ, վախճանը գալէն առաջ, կրնա՞ք հովուելու այս գործին մէջ յաւելեալ առանձնաշնորհումներու տենչալ, դուք ձեզ որակելի դարձնելով։—Տիտոս 1։6–9
Աստուածպետական Հովուութիւն
15. Ի՞նչ կերպով Եհովայի ժողովուրդը աստուածպետականութիւն մըն է։
15 Եհովայի կազմակերպութեան ընդլայնումին լիովին մասնակցելու համար, իր ծառաները աստուածպետական հայեացք մը պէտք է ունենան։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնան իրագործել։ «Աստուածպետական» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանկէ։ Մալխասեան Բացատրական Բառարանը «աստուածպետականութիւն» բառը կը սահմանէ որպէս «պետութիւն, որի գլուխը համարվում էր աստուած»։ Այս իմաստով է որ Եհովայի ժողովուրդը՝ «սուրբ ազգ»ը՝ աստուածպետականութիւն մըն է։ (Ա. Պետրոս 2։9. Եսայեայ 33։22) Որպէս այդ աստուածպետական ազգին անդամները կամ ընկերակիցները, ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք է ապրին եւ ծառայեն Աստուծոյ Խօսքին եւ անոր սկզբունքներուն հնազանդելով։
16. Ինչպէ՞ս հիմնականօրէն կրնանք ցոյց տալ որ մենք աստուածպետական ենք։
16 Պօղոս առաքեալ յստակօրէն կը բացատրէ թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս աստուածպետական պէտք է ըլլան։ Ան նախ կ’ըսէ որ անոնք ‘նոր մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] պէտք է հագնին, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծըւած է’։ Քրիստոնեայի մը անձնաւորութիւնը Աստուծոյ Խօսքին մէջ նշուած իր արդար չափանիշներով պէտք է կաղապարուի։ Ան Եհովայի եւ Իր օրէնքներուն հաւատարիմ պէտք է ըլլայ։ Բացատրելէ ետք թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է, Պօղոս կը յորդորէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 4։24–5։1) Հնազանդ զաւակներու պէս, Աստուած պէտք է ընդօրինակենք։ Ասիկա է գործնական, ճշմարիտ աստուածպետականութիւնը որ ցոյց կու տայ թէ մենք իրապէս Աստուծոյ կողմէ կը կառավարուինք։—Տես նաեւ Կողոսացիս 3։10, 12–14։
17, 18. (ա) Աստուածպետական Քրիստոնեաները Աստուծոյ ո՞ր աչքառու յատկութիւնը կ’ընդօրինակեն։ (բ) Մովսէսի ուղղած իր խօսքերուն մէջ, Եհովա ինչպէ՞ս Իր գլխաւոր յատկութիւնը շեշտեց, բայց ի՞նչ զգուշացում աւելցնելով։
17 Ի՞նչ է Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնը զոր պէտք է ընդօրինակենք։ Յովհաննէս առաքեալ կը պատասխանէ Առաջին Յովհաննու 4։8–ին մէջ, երբ կ’ըսէ. «Աստուած սէր է»։ Ութ համար ետք, 16–րդ համարին մէջ, ան կը կրկնէ այս կենսական սկզբունքը. «Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ»։ Մեծ Հովիւը՝ Եհովան՝ սիրոյ մարմնացումն է։ Աստուածպետական հովիւները զինք կ’ընդօրինակեն, Եհովայի ոչխարներուն հանդէպ խոր սէր ցոյց տալով։—Բաղդատել Ա. Յովհաննու 3։16, 18. 4։7–11։
18 Մեծ Աստուածապետը ինքզինք յայտնեց Մովսէսին որպէս «[Եհո՛վա, Եհո՛վա] Աստուածը, ողորմած եւ բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը եւ մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։ (Ելից 34։6, 7) Այս կերպով Եհովա իր աստուածպետական ակներեւ յատկութեան՝ սիրոյ՝ տարբեր երեսակները կը շեշտէ, մինչ հաստատամտօրէն զգուշացնելով որ յանցաւորին իր արժանի պատիժը պիտի տայ։
19. Փարիսեցիներուն հակառակը, Քրիստոնեայ հովիւները ինչպէ՞ս աստուածպետականօրէն պէտք է վարուին։
19 Կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու դիրքեր ունեցողներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ աստուածպետական ըլլալ։ Յիսուս իր օրուան դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն մասին ըսաւ. «Ծանր եւ տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել»։ (Մատթէոս 23։4) Ի՜նչ հարստահարիչ եւ անսիրալիր կեցուածք։ Ճշմարիտ աստուածպետականութիւնը, կամ Աստուծոյ իշխանութիւնը, կոչ կ’ընէ Աստուածաշունչի սիրալիր սկզբունքները կիրարկելով հօտը հովուելուն եւ ոչ թէ ոչխարները մարդակերտ անվերջ կանոններով բեռնաւորելուն։ (Բաղդատել Մատթէոս 15։1–9–ը։) Միեւնոյն ատեն, աստուածպետական հովիւները Աստուած պէտք է ընդօրինակեն, իրենց սիրոյն վրայ աւելցնելով հաստատամտութիւնը, որպէսզի ժողովքին մաքրութիւնը պահուի։—Բաղդատել Հռովմայեցիս 2։11. Ա. Պետրոս 1։17։
20. Աստուածպետական հովիւները կազմակերպչական ի՞նչ կարգադրութիւն կ’ընդունին։
20 Ճշմարիտ հովիւները կ’ընդունին որ այս վերջին օրերուն ընթացքին, Յիսուս իր հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակած է եւ թէ այս ծառան սուրբ հոգիէն առաջնորդուելով երէցներ կը նշանակէ, որպէսզի հօտը հովուեն։ (Մատթէոս 24։3, 47. Գործք 20։28) Հետեւաբար, աստուածպետական ըլլալը իր մէջ կը բովանդակէ այս ծառային, անոր հաստատած կազմակերպչական կարգադրութիւններուն եւ ժողովքներէն ներս երէցներու կարգադրութեան հանդէպ խոր յարգանք ունենալ։—Եբրայեցիս 13։7, 17
21. Յիսուս ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ ենթահովիւներուն։
21 Յիսուս անձամբ լաւ օրինակ հանդիսացաւ միշտ Եհովայի եւ Իր Խօսքին դիմելով առաջնորդութեան համար։ Ան ըսաւ. «Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասնզի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 5։30) Տէր Յիսուս Քրիստոսի ենթահովիւները նոյնանման խոնարհութիւն մը պէտք է մշակեն։ Եթէ երէց մը Յիսուսի նման միշտ Աստուծոյ Խօսքին դիմէ առաջնորդութեան համար, ուրեմն, ան իրապէս աստուածպետական է։—Մատթէոս 4։1–11. Յովհաննու 6։38
22. (ա) Ի՞նչ կերպով բոլորն ալ պէտք է տենչան աստուածպետական ըլլալ։ (բ) Յիսուս ոչխարներուն ի՞նչ ազնիւ հրաւէր մը կու տայ։
22 Ո՛վ մկրտուած այրեր, ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ստանձնելու համար որակելի ըլլալու տենչը ունեցէք։ Իսկ դուք, ո՛վ սիրելի ոչխարներ, ձգտեցէք աստուածպետական ըլլալ, սէր ցուցաբերելու մէջ Աստուած եւ Քրիստոսը ընդօրինակելով։ Թէ՛ հովիւները եւ թէ հօտը թող ուրախանան, ընդառաջելով Յիսուսի հետեւեալ հրաւէրին. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք։ Վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28–30
[Ստորանիշ էջ 29]
a Տես Դիտարան Յունիս 1 եւ 15, 1938 թիւերուն «Կազմակերպութիւն» խորագրով յօդուածները։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Ի՞նչ է Եհովայի «հօտը», եւ անիկա որոնցմէ՞ բաղկացած է։
◻ Յիսուս որպէս «բարի հովիւ» ինչպէ՞ս վարուեցաւ առաջին դարուն, իսկ՝ հիմա՞։
◻ Ենթահովիւները ի՞նչ մեծ դեր կը խաղան հօտին հոգ տանելու մէջ։
◻ «Աստուածպետականութիւն» բառին բուն իմաստը ի՞նչ է։
◻ Քրիստոնեայ մը՝ մանաւանդ ենթահովիւ մը՝ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի աստուածպետական ըլլալու համար։
[Նկար՝ էջ 28]
Անձնուրաց հովիւի մը նման, Եհովա հոգ կը տանի իր հօտին
[Նկար՝ էջ 31]
Եհովայի սիրոյ յատկութիւնը ընդօրինակելը գործնական աստուածպետականութիւն է