Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 2/1 էջ 22-31
  • Ուղղամտութիւն պահող ազգը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուղղամտութիւն պահող ազգը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ազգը Ծնած Է
  • Հրատարակիչներու Նոր Գագաթ մը
  • «Ասիկա Ըրէք»
  • «Մէկտեղ Հաւաքուիլը Չթողունք»
  • «Մտադրութեամբ Գործիդ Պարապէ՛»
  • Մինչեւ Վերջը Ուղղամիտ Մնանք
  • Բարին Գործելու Նախանձախնդիր Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 2/1 էջ 22-31

Ուղղամտութիւն պահող ազգը

«Դռները բացէ՛ք, որպէսզի ճշմարտութիւն [հաւատարիմ վարք (ՆԱ)] պահող արդար ազգը ներս մտնէ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 26։2

1. «Արդար ազգ»ի մը մասին Եսայիի խօսքերը ինչո՞ւ կրնան զարմանալի հնչել։

ԱՅՍՕՐ ամէն տեսակ ազգ գոյութիւն ունի։ Անոնցմէ ոմանք ժողովրդավարական են, ուրիշներ՝ մենատիրական։ Ոմանք հարուստ են, ուրիշներ՝ աղքատ։ Բայց բոլորն ալ հասարակաց բան մը ունին. Բոլորն ալ այն աշխարհին մէկ մասն են, որու աստուածը Սատանան է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Ասոր գիտակցելով, Եսայիի խօսքերը կրնան զարմանալի հնչել ոմանց, երբ ան կ’ըսէ. «Դռները բացէ՛ք, որպէսզի ճշմարտութիւն [հաւատարիմ վարք (ՆԱ)] պահող արդար ազգը ներս մտնէ»։ (Եսայեայ 26։2) Արդա՞ր ազգ։ Այո, արդար ազգ մը գոյութիւն ունի, քանի որ մարգարէութիւնը կը մատնանշէ մեր օրերուն մէջ անոր առկայութեան։ Այս անսովոր ազգը ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել։

2. Ի՞նչ է «արդար ազգը»։ Ինչպէ՞ս կը ճանչնանք զայն։

2 Ըստ Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան, Եսայեայ 26։2–ին մէջ այդ ազգը կոչուած է՝ «հաւատարիմ վարք պահող»։ Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը կ’ըսէ՝ «ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը»։ Երկուքն ալ պատշաճ նկարագրութիւններ են։ Իրականութեան մէջ, դիւրին է արդար ազգը ճանչնալ, քանի որ անիկա երկրի վրայ միակ ազգն է, որ Թագաւոր Քրիստոսին ենթակայ է, հետեւաբար Սատանայի աշխարհին մէկ մասը չէ։ (Յովհաննու 17։16) Այս հանգամանքով, անոր անդամները ճանչցուած են ‘իրենց վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահել’նուն համար։ Անոնք Աստուած փառաբանող կենցաղի մը կը հետեւին։ (Ա. Պետրոս 2։12) Ասկէ զատ, աշխարհի մէջ ո՛ւր որ ալ ըլլան, անոնք «կենդանի Աստուծոյ եկեղեցի»ին մաս կը կազմեն, «որ ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Ճշմարտութեան թիկունք կանգնելով, անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի կողմէ ուսուցուած հեթանոսական փիլիսոփայութիւնները կը մերժեն եւ «անխարդախ կաթ»ը՝ Աստուծոյ Խօսքը, այսինքն, Աստուածաշունչը կը պաշտպանեն։ (Ա. Պետրոս 2։2) Ասկէ զատ, անոնք «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» նախանձախնդրութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն։ (Կողոսացիս 1։23) Կարելի՞ է կասկածիլ որ այս ազգը «Աստուծոյ Իսրայէլին»՝ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին՝ մնացած անդամներէն բաղկացած է։ Բնա՛ւ երբեք։—Գաղատացիս 6։16

Ազգը Ծնած Է

3. Նկարագրեցէք թէ «արդար ազգը» ի՛նչպէս ծնաւ։

3 Այս «արդար ազգը» ե՞րբ ծնաւ։ Անոր սկիզբը Եսայեայ գրքին մէջ մարգարէացուած էր։ Եսայեայ 66։7, 8–ին մէջ կը կարդանք. «[Սիօն] առանց ցաւ կրելու ծնաւ, երկունքի ցաւը գալէ առաջ մանչ մը ծնաւ։ ... Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ»։ Շատ անսովոր կերպով, Սիօնը՝ Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնը՝ «մանչ մը» պիտի ծնէր երկունքի ցաւ քաշելէ առաջ։ 1914–ին, երկնքի մէջ Մեսիական Թագաւորութիւնը ծնաւ։ (Յայտնութիւն 12։5) Անկէ ետք, երթալով աւելի ազգեր առաջին համաշխարհային պատերազմին միջամուխ եղան եւ օծեալ Քրիստոնեաները խիստ նեղութիւններէ եւ հալածանքէ տառապեցան։ Վերջապէս, 1919–ին, երկրի վրայ հոգեւոր ազգը՝ «մանչ»ը՝ ծնաւ։ Այս կերպով, Սիօնը «իր տղաքները»՝ նոր «արդար ազգ»ին օծեալ անդամները՝ «ծնաւ», որոնք կազմակերպուած էին երթալով ընդլայնող վկայելու գործունէութեան մը համար։—Մատթէոս 24։3, 7, 8, 14. Ա. Պետրոս 2։9

4. Աստուծոյ արդար ազգը ինչո՞ւ պէտք էր պայքարէր ուղղամտութիւն պահելու համար։

4 Իր սկիզբէն իսկ, այս ազգը խիստ փորձերու ենթարկուեցաւ իր ուղղամտութեանը համար։ Ինչո՞ւ։ Երբ երկնային Թագաւորութիւնը ծնաւ, Սատանան եւ իր դեւերը երկնքէն վար՝ երկրի վրայ՝ ձգուեցան։ Բարձր ձայն մը ծանուցանեց. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասնզի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյ առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։ Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ»։ Սատանան դէպքերու այս փոփոխութեան մեծ բարկութեամբ հակազդեց եւ «գնաց պատերազմելու անոր [կնոջ] միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին»։ Սատանայի կատաղի յարձակման դիմաց, օծեալ Քրիստոնեաները հաստատ մնացին։ Մինչեւ այսօր, Աստուծոյ արդար ազգին նախանձախնդիր անդամները Յիսուսի քաւիչ արեան վրայ հաւատք ի գործ կը դնեն եւ կը շարունակեն մեծ նախատողին տալիք պատասխան մը հայթայթել Եհովային «մինչեւ մահ» իրենց ուղղամտութիւնը պահելով։—Յայտնութիւն 12։1, 5, 9–12, 17. Առակաց 27։11

5. Այժմու Վկաներուն ո՞ր լաւ կեցուածքը օգնած է անոնց որ ուղղամիտ մնան։

5 1919–ին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութեան այժմու վկաները գործի լծուեցան, Աստուածաշունչի Աշակերտները, ինչպէս կը կոչուէին Եհովայի Վկաները այն ատեն, թիւով քիչ էին, բայց հաւատքով՝ զօրաւոր։ Անոնք «զօրաւոր քաղաք»ի մը հիմնանդամները եղան, որ «փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ»։ Անոնց յոյսը «Տէր Եհովան» էր, որ «յաւիտենական Վէմ է»։ (Եսայեայ 26։1, 3, 4) Վաղեմի Մովսէսին նման, անոնք կը ծանուցանեն. «Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք։ Աստուծոյ գործերը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։—Բ. Օրինաց 32։3, 4

6. Այս վերջին օրերուն, Եհովա ի՞նչ կերպով օրհնած է իր ժողովուրդը։

6 Անկէ ի վեր, Աստուծոյ Թագաւորութեան կարգադրութիւններուն դռները լայնօրէն բաց մնացած են, նախ 144,000 օծեալ Քրիստոնեաներուն մնացորդը հաւաքուեցաւ եւ հիմա «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութիւն մը անոր կը միանայ Եհովայի Թագաւորութեան նպատակները յայտարարելու մէջ։ (Յովհաննու 10։16) Հետեւաբար, կարելի է ուրախութեամբ ծանուցանել. «Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր, այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար, երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր»։ (Եսայեայ 26։15) Ներկայիս, երբ աշխարհի դաշտին կը նայինք, կը տեսնենք որ այս խօսքերը շա՜տ ճշմարիտ են։ Սուրբ հոգիին զօրութեամբ, Քրիստոսի մօտալուտ Թագաւորութեան վկայութիւնը տրուած է «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Այդ ընդլայնումին տարողութիւնը կարելի է չափել 1994–ի Ծառայութեան Տարուան Համար Եհովայի Վկաներու Համաշխարհային Տեղեկագրութենէն որ կը գտնուի 24–էն 27 էջերուն վրայ։

Հրատարակիչներու Նոր Գագաթ մը

7, 8. (ա) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘իր վրանին չուանները երկնցուցած’ է։ (բ) 1994–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութեան նայելով, ի՞նչ մարզեր կը տեսնէք, որոնց «ծայրերը» աչքառու կերպով ‘ընդարձակուած’ են։

7 Այս տեղեկագրութեան կարգ մը աչքառու կէտերը նկատի առէք։ Դաշտին մէջ գործող Թագաւորութեան հրատարակիչներու գագաթ թիւը 4,914,094–ի հասած է։ Ի՜նչ ցնծութիւն է նկատել «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողվուրդներէն ու լեզուներէն» եկած ‘մեծ բազմութեան’ յարատեւ հաւաքումը, «որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած»։ Այո, անոնք ալ փաստած են ուղղամիտ անհատներ ըլլալ։ Անոնք «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին», Յիսուսի քաւիչ զոհին վրայ հաւատք ի գործ դնելնուն համար արդար սեպուելով։—Յայտնութիւն 7։9, 14

8 Մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, Եհովայի կազմակերպութեան հետեւեալ կոչը եղած է. «Վրանիդ տեղը լայնցուր, քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին։ Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր»։ (Եսայեայ 54։2) Ասոր ընդառաջելով, քարոզչութիւնը կը շարունակուի առանց դանդաղելու, նոյնիսկ Ալասքայի եզրին գտնուող սառով պատած Եուգոն քաղաքին մէջ, ուր խումբ մը չարքաշ ռահվիրաներ կլիմային կը տոկան, որ երբեմն շաբաթներով զէրոյէն վար մինչեւ 45 կամ 50 Գելսիուս աստիճանի կը հասնի։ Վերջին տարիներուն, մեծ թիւով անհատներ երթալով աւելի արագ կը խուժեն դէպի Եհովայի ուղղամտութիւն պահող ազգը։ Դռները աւելի լայն բացուած են, ընդունելու համար այն բոլորը որոնք կու գան Քրիստոնեայ Աշխարհէն դուրս եղող Ասիական երկիրներէ, նախկին Համայնավար ամրոցներէ, Ափրիկեան շատ մը երկիրներէ եւ Կաթողիկէ համայնքներէ, զոր օրինակ՝ Իտալիայէն, Սպանիայէն, Փորթուկալէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն։ Տեղահան եղած մարդիկ ուրիշ դաշտ մը բացած են։ Անգլիոյ մէջ, զոր օրինակ, Վկաները 13 օտար լեզուներու պատկանող ազգագրական խումբերու կարիքներուն հոգ կը տանին։

«Ասիկա Ըրէք»

9. (ա) 1994–ի Յիշատակատօնին ներկայ եղած անհատները ի՞նչ ցոյց կու տան։ (բ) Թուեցէք կարգ մը երկիրներ որոնք Յիշատակատօնին ներկայ եղած անհատներու արտակարգ բարձր թիւ մը ունեցան։

9 Տարեկան տեղեկագրութեան ուրիշ աչքառու մէկ երեսակն է Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւը։ Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս իր մահը յիշատակող Յիշատակատօնը հաստատեց եւ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ա. Կորնթացիս 11։24) 1994–ին ցնծալի էր տեսնել 12,288,917 անհատներ, գործօն հրատարակիչներու թիւին երկու անգամէն շատ աւելի թիւ մը, որոնք իրար քով հաւաքուեցան այդ պատուէրին հնազանդելու համար, ըլլան անոնք մասնակցողներ թէ հանդիսատեսներ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, Յիշատակատօնի ներկաներուն համեմատութիւնը հրատարակիչներու թիւէն իսկ շատ աւելի էր։ Էստոնիայի, Լատվիայի եւ Լիթուանիայի 4,049 հրատարակիչները Յիշատակատօնին 12,876 ներկաներ արձանագրելու ուրախութիւնը ունեցան, հրատարակիչներու թիւին աւելի քան եռապատիկը։ Իսկ Պենինի մէջ, Յիշատակատօնի 16,786 ներկաները հրատարակիչներու թիւին գրեթէ հինգ անգամը կը ներկայացնէին։ 45 հրատարակիչներէ բաղկացած ժողովք մը 831 ներկաներ ունէր։

10. (ա) Յիշատակատօնին ներկայ եղած անհատներուն բարձր թիւը ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը դնէ մեր վրայ։ (բ) Բացատրեցէք թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ Յիշատակատօնին ներկայ եղած անհատ մը յաւելեալ օգնութիւն ստանայ։

10 Եհովայի Վկաները ուրախ են որ այսքան մեծ թիւով հետաքրքրուած անհատներ իրենց միացան այդ խոստմնալի առիթով։ Հիմա անոնք կ’ուզեն օգնել անոնց որ ճշմարտութեան մասին իրենց հասկացողութեան ու սիրոյ մէջ աւելի յառաջդիմեն։ Ոմանք կրնան Ռուսաստանի մէջ Ալային նման ընդառաջել։ Ալան մասնաւոր ռահվիրայ քրոջ մը հետ կ’ուսումնասիրէր, բայց շատ չէր յառաջդիմեր, ուստի ուսումնասիրութիւնը ընդհատուեցաւ։ Այսուհանդերձ, Ալան Յիշատակատօնի ներկայ գտնուելու հրաւէր մը ընդունեց։ Այդ ժողովը, որ շա՜տ իմաստալից է, խոր տպաւորութիւն ձգեց իր վրայ։ Տուն վերադառնալէ ետք, ան իր բոլոր սրբանկարները նետեց եւ օգնութիւն ստանալու համար Եհովայի աղօթեց։ Երկու օր ետք, ռահվիրայ քոյրը զինք այցելեց տեսնելու համար թէ Ալանը Յիշատակատօնը ի՛նչպէս գտած էր։ Արդիւնաբեր խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ։ Ալայի ուսումնասիրութիւնը վերսկսուեցաւ։ Շատ չանցած, ան քարոզչութեան կը մասնակցէր։ Այս փորձառութիւնը Յիշատակատօնին ներկայ եղած անհատներուն այցելելու արժէքը ցոյց կու տայ։ Հաւանաբար շատեր Ալային նման պիտի ընդառաջեն։

«Մէկտեղ Հաւաքուիլը Չթողունք»

11–13. (ա) Արդար ազգին հաւատարիմ վարքին ի՞նչ բան մաս կը կազմէ։ (բ) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ժողովներու պէտք է յաճախեն։

11 Եհովայի Վկաներու օրացոյցին մէջ, Յիշատակատօնը ամենէն կարեւոր ժողովն է, բայց անիկա միակը չէ։ Ամէն շաբաթ, Վկաները միասին կը հաւաքուին, Պօղոս առաքեալի խօսքերուն հնազանդելով. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Անոնք կ’ընկերակցին Եհովայի արդար ազգին հետ, որ իր հաւատարիմ վարքով բնորոշուած է։ Հաւատարիմ վարքը կը պարփակէ հաւատարմօրէն ժողովներու ներկայ ըլլալ։

12 Ասիկա բացայայտօրէն լաւ հասկցուած է Ֆիլիպեան Կղզիներու մէջ, ուր ամբողջ ցամաքամասին վրայ Կիրակի օրուան ժողովներուն ներկայ եղողներուն միջինը հրատարակիչներու թիւին 125 տոկոսն է։ Անիկա նաեւ լաւ հասկցուած է Արժանթինի մէջ խումբ մը Վկաներու եւ հետաքրքրուած անհատներու կողմէ։ Անոնք Թագաւորութեան Սրահէն շուրջ 20 քմ. հեռու կը բնակին։ Այսուհանդերձ, շրջանային տեսուչը կը տեղեկագրէ որ, ի բացառեալ հիւանդութեան պարագաներէ, անոնցմէ ոչ մէկը ժողովներէն կը բացակայի։ Անոնք չորս ժամ կը ճամբորդեն երկանիւ կառքով կամ ձիով, իսկ ձմեռ ժամանակ, տուն կը վերադառնան գիշերուան մութին։

13 Մինչ այս դրութեան վախճանը աւելի կը մօտենայ, կեանքը աւելի կը դժուարանայ, խնդիրները կ’աւելնան եւ կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախելը կրնայ մեծ մարտահրաւէր մը դառնալ։ Բայց այսպիսի պարագաներու ներքեւ, որեւէ ժամանակէ աւելի հոգեւոր սնունդին եւ ջերմ ընկերակցութեան կարիքը ունինք, զորս կրնանք գտնել միմիայն այս հաւաքումներուն ընթացքին։

«Մտադրութեամբ Գործիդ Պարապէ՛»

14. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ իրենց քարոզչութեան մասին ստիպողականութեան զգացումը ունին, եւ ո՞ր արդիւնքները կ’ապացուցանեն ասիկա։

14 Անցեալ տարի, Իտալիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Եհովայի Վկաներուն գործունէութիւնը որակեց որպէս «վայրագ հաւատափոխութիւն»։ Իրականութեան մէջ, սակայն, Վկաներուն ըրածը ոչ մէկ կերպով վայրագ է։ Ընդհակառակը, անոնց քարոզչութիւնը իրենց դրացիներուն հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Անիկա ալ Պօղոսի խօսքերուն բացայայտօրէն հնազանդիլ է. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Ստիպողականութեան զգացումը կը մղէ Եհովայի Վկաները որ նախանձախնդիր ըլլան իրենց քարոզչութեան մէջ, ինչպէս կը տեսնուի 1,096,065,354 ժամերու գումարով, զորս անոնք անցուցած են 1994–ին, իրենց դրացիներուն քարոզելու, վերայցելութիւններ ընելու եւ 4,701,357 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Շատեր կրցան ռահվիրաներ ըլլալ, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ռահվիրայական հոգին վառ ու գործօն է։ Համայն աշխարհի մէջ 636,202 ռահվիրաներու միջինը կը փաստէ ասիկա։

15, 16. (ա) Թէ՛ երիտասարդները եւ թէ տարեցները ինչպէ՞ս ռահվիրայական հոգի մը կը ցուցաբերեն։ (բ) 1994–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութեան իւրաքանչիւր երկրին նայելով, ո՞ւր ռահվիրաներու աչքառու թիւեր կը գտնենք։

15 Այս ռահվիրաներուն մէջ կան բազմաթիւ երիտասարդներ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ոմանք ներկայիս կը ծառայեն որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ, երկրորդական վարժարանին մէջ անոնց գլխաւոր թաղամասը դասընկերները ըլլալով։ Այս երիտասարդները տեսած են որ այդ երկրին շատ մը դպրոցներուն մէջ տիրական եղող թմրեցուցիչէ, անբարոյութենէ եւ բռնութենէ իրենք զիրենք պաշտպանելու լաւագոյն կերպն է ռահվիրայ ըլլալ։ Բազմաթիւ ուրիշ երիտասարդներու նպատակակէտն է ռահվիրայ ըլլալ դպրոցը աւարտելէ ետք։ Ուքրանիոյ մէջ, Իրինան երկրորդական վարժարանի բոլոր տեւողութեան օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրաւ, որպէսզի պատրաստուի շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ռահվիրայ ըլլալու համար։ Երբ դպրոցը աւարտեց, իր ընտանիքը անոր նիւթական կարիքներուն հոգալու համար համագործակցեցաւ, որպէսզի Իրինան կարենար կանոնաւոր ռահվիրայութեան մէջ իր ընտանիքը ներկայացնել։ Ուքրանիոյ մէջ, տնտեսական գետնի վրայ վիճակները դիւրին չեն։ Բայց Իրինան կ’ըսէ. «Ես գիտեմ որ ըրած գործս կեանք կը նշանակէ ոչ միայն ինծի համար, այլ նաեւ անոնց համար, որոնց կը քարոզեմ»։ Իրապէս հաճելի է տեսնել ներկայիս բազմաթիւ երիտասարդներ որոնք Իրինայի մտավիճակը ունին։ ‘Իրենց Հոյակապ Ստեղծիչը իրենց երիտասարդութեանը մէջ յիշելէն’ աւելի լաւ կերպ կա՞յ։—Ժողովողի 12։1

16 Ռահվիրաներուն մեծ մասը տարիքով յառաջացած են։ Անոնցմէ քոյր մը կը տեղեկագրէ որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, իր հայրն ու եղբայրը մեռած էին, մինչ անոնք պատերազմին կը մասնակցէին, իսկ իր մայրն ու քոյրը զէնքով սպաննուած էին Հրէական չքաւոր թաղի մը մէջ։ Հետագային, ան իր տղան կորսնցուց։ Հիմա, իր տկարացած տարիներուն մէջ եւ վատառողջ վիճակէ տառապելով, Եհովա այս քրոջ տուած է անոր կորսնցուցածէն շատ աւելի մեծ ընտանիք մը Քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Իսկ ան ուրախութիւն կը գտնէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ուրիշներուն օգնելով։

17, 18. Ռահվիրայ ըլլանք կամ ոչ, իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս կրնանք ռահվիրայական հոգի մը ցուցաբերել։

17 Անշուշտ, ամէն անհատ չի կրնար ռահվիրայ ըլլալ։ Եհովա կը հաճի ընդունիլ մեր ամբողջ տասանորդը՝ այն լաւագոյնը զոր կրնանք մատուցանել, անիկա ի՛նչ ալ ըլլայ մեր անձնական պարագային։ (Մաղաքեայ 3։10) Արդարեւ, բոլորս ալ կրնանք այս նախանձախնդիր ռահվիրաներուն հոգին մշակել եւ մեր պարագաներուն ներած չափով բարի լուրի քարոզչութեան աւելի մասնակցիլ։

18 Օրինակի համար, Աւստրալիոյ մէջ, Ապրիլ 16–ը որոշուեցաւ որպէս փողոցի վկայութեան յատկացուած մասնաւոր օր մը։ Հրատարակիչները ռահվիրաներուն կողքին լաւ կերպով թիկունք կանգնեցան անոր, ինչպէս կ’ապացուցանէ այդ ամսուան 58,780 հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւը։ Ասկէ զատ, 90,000 աւելի պարբերաթերթեր բաշխուեցան քան նախորդ տարուան նոյն ամսուն։ Այդ մասնաւոր օրուան ընթացքին, քոյր մը պարբերաթերթեր տուաւ մարդու մը եւ մինչ անոր անունն ու հասցէն կ’առնէր, որպէսզի ցուցաբերուած հետաքրքրութեան հետեւէր, ան նկատեց որ իրարու հետ ազգականութիւն ունէին։ Երեւան ելաւ որ իրարու զարմիկներ էին, որոնք 30 տարիէ ի վեր իրար չէին տեսած։ Ասիկա վստահաբար ուրախ վերայցելութիւններ ընելու առիթ մը բացաւ։

Մինչեւ Վերջը Ուղղամիտ Մնանք

19. Ինչո՞ւ ստիպողական է որ Եհովայի արդար ազգը մինչեւ վերջը ուղղամտութիւն պահէ։

19 Ստիպողական է որ Աստուծոյ արդար ազգին բոլոր անդամներն ալ ուղղամիտ մնան, մինչ Սատանայի աշխարհը դէպի մահ կ’ընթանայ։ Շուտով, Եհովայի սուրբ ազգը հետեւեալ կոչը պիտի լսէ. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի»։ Այս արիւնապարտ աշխարհը անխուսափելիօրէն աստուածային դատաստանին պիտի արժանանայ։ «Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, որպէսզի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ»։ (Եսայեայ 26։20, 21) Իւրաքանչիւրս հաստատամիտ մնանք որպէս Եհովայի արդար ազգին հետ ընկերակցող ուղղամիտ Քրիստոնեաներ։ Այն ատեն Քրիստոսի Թագաւորութեան երկրային կամ երկնային ծիրին մէջ յաւիտենական կեանքի հասնելու ուրախութիւնը պիտի ունենանք։

Կը Յիշէ՞ք

◻ «Արդար ազգը» ե՞րբ ծնաւ։

◻ Այս վերջին օրերուն ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ համբերութեան կարիքը ունի։

◻ 1994–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութեան մէջ տեսնուած հրատարակիչներու բարձր թիւէն եւ քարոզչութեան յատկացուած ժամերէն ի՞նչ ցոյց կը տրուի։

◻ Մինչ այս աշխարհը իր վերջին աւելի կը մօտենայ, ժողովներու յաճախելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

◻ Աստուծոյ արդար ազգին հետ բոլոր ընկերակցողները ինչո՞ւ ուղղամիտ պէտք է մնան։

[Նկար՝ էջ 31]

Եհովայի արդար ազգին ուղղամիտ անհատները կատարելութեան մէջ յաւիտենական կեանքի պիտի հասնին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել