Մեզի դէմ ձեւակերպուած ո՛չ մէկ զէնք պիտի յաջողի
«Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի»։—ԵՍԱՅԻ 54։17
1, 2. Ալպանիոյ մէջ Եհովայի Վկաներուն փորձառութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ Եսայի 54։17–ի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը։
ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐ առաջ, հարաւ–արեւելեան Եւրոպայի լեռնային փոքր երկրի մը մէջ, Քրիստոնեաներու անվախ խմբակ մը կար։ Աստուածամերժ Համայնավար կառավարութիւն մը ամէն ջանք թափեց զանոնք ճզմելու համար։ Տանջանքը, տաժանակրութեան ճամբարները եւ լրատուամիջոցներու յարձակումները չկրցան զանոնք արմատախիլ ընել։ Անոնք Ալպանիոյ մէջ եղող Եհովայի Վկաներն էին։ Իրարու քով հաւաքուիլն ու քարոզելը չափազանց դժուար ըլլալով հանդերձ, տասնամեակներու ընթացքին անոնց յարատեւութիւնը Քրիստոնէութիւնը գովաբանած եւ պատուած է ու Եհովայի անուան փառաբանութիւն բերած է։ Անցեալ տարի անոնց մասնաճիւղի նոր դիւրութիւններուն նաւակատիքին առիթով, երկար ատենէ հաւատարիմ Վկայ մը ըսաւ. «Սատանան ո՛րքան ալ փորձէ, ան կը շարունակէ պարտուիլ եւ Եհովա կը շարունակէ յաղթել»։
2 Ասիկա կենդանի ապացոյց մըն է թէ Եսայի 54։17–ի մէջ արձանագրուած իր ժողովուրդին նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը ճշմարիտ է. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի»։ Պատմութիւնը կը հաստատէ թէ Սատանայի աշխարհը ի՛նչ որ ալ ընէ, երբեք պիտի չկարենայ Եհովա Աստուծոյ նուիրուած ծառաներուն պաշտամունքին վերջ դնել։
Սատանայի ապարդիւն ջանքերը
3, 4. (ա) Սատանային զէնքերը ի՞նչ կը պարփակեն։ (բ) Բանսարկուին զէնքերը ի՞նչ կերպով չեն յաջողած։
3 Ճշմարիտ երկրպագուներուն դէմ գործածուած զէնքերը պարփակած են՝ արգելում, խուժանային բռնութիւն, բանտարկութիւն եւ ‘օրէնքով չարիք պատրաստել’։ (Սաղմոս 94։20) Իրականութեան մէջ, կարգ մը երկիրներու մէջ, մինչ Եհովայի Վկաները սոյն յօդուածը կ’ուսումնասիրեն, այս ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութեան նկատմամբ ‘կը փորձուին’։—Յայտնութիւն 2։10
4 Օրինակ, Եհովայի Վկաներու մէկ մասնաճիւղը տեղեկագրեց թէ միայն մէկ տարուան ընթացքին, 32 դէպք տեղի ունեցան, որոնց մէջ Աստուծոյ ծառաները ծառայութեան ընթացքին ֆիզիքապէս յարձակման ենթարկուեցան։ Ասկէ զատ, 59 պարագաներ եղան՝ ուր ոստիկանութիւնը Վկաները արգելափակեց,– երիտասարդներ ու տարեցներ, տղամարդիկ ու կիներ,– քանի որ հանրապէս կը քարոզէին։ Ոմանց մատնահետքերն ու լուսանկարները առնուեցան եւ իբրեւ ոճրագործներ բանտարկուեցան։ Ոմանց սպառնացին ֆիզիքական վնաս հասցնել։ Ուրիշ երկրի մը մէջ, այժմ վաւերագրուած աւելի քան 1,100 պարագաներ կան Եհովայի Վկաներու վերաբերեալ, որոնք ձերբակալուած, տուգանքի ենթարկուած կամ ծեծուած են,– աւելի քան 200 միջադէպ տեղի ունեցան այն օրը, երբ հաւաքուած էին Յիսուսի մահը յիշատակելու։ Այսուհանդերձ, Եհովայի հոգին կարելի դարձուցած է որ իր ժողովուրդը վերապրի հակառակ աննպաստ պայմաններուն, թէ՛ այս երկիրներուն մէջ եւ թէ այլուր։ (Զաքարիա 4։6) Թշնամիին բարկութեան ուժգնութիւնը պիտի չլռեցնէ Եհովան փառաբանողները։ Այո, վստահ ենք թէ ո՛չ մէկ զէնք կրնայ Աստուծոյ նպատակը խափանել։
Սուտ լեզուները դատապարտուած
5. Առաջին դարուն, Եհովայի ծառաներուն դէմ ի՞նչ սուտ լեզուներ ելան։
5 Եսայի մարգարէացաւ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը իրեն դէմ կանգնող ամէն լեզու պիտի դատապարտէր։ Առաջին դարուն, Քրիստոնեաները յաճախ ապատեղեկատուութեան թիրախն էին, իբր չարագործներ ներկայացուելով։ Օրինակ, նկատի առ Գործք 16։20, 21–ի մէջ արձանագրուած ամբաստանութիւնը. «Այս մարդիկը մեր քաղաքը իրար կ’անցընեն . . . եւ այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն, որոնք արժան չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ ընել, վասն զի Հռովմայեցի ենք»։ Ուրիշ առիթով մը, կրօնական հակառակորդներ փորձեցին քաղաքապետները դրդել, որ Քրիստոսի հետեւորդներուն դէմ ելլեն, պնդելով. «Անոնք որ աշխարհը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասեր են [եւ] Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն»։ (Գործք 17։6, 7) Պօղոս առաքեալ պիտակուեցաւ «ապականիչ» եւ «աշխարհի մէջ» խռովութիւններ հրահրող աղանդի մը առաջնորդ։—Գործք 24։2-5
6, 7. Ի՞նչ կերպով մը ճշմարիտ Քրիստոնեաները խօսքով յարձակումը կը դատապարտեն։
6 Հետեւաբար չենք զարմանար որ ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները բացայայտ ապատեղեկատուութիւն, չարամիտ զրպարտութիւն եւ անուանարկելու արշաւներ դիմագրաւած են։ Խօսքով յարձակումը ի՞նչպէս կը դատապարտենք։—Եսայի 54։17
7 Եհովայի Վկաներու ընտիր վարքը յաճախ կը հերքէ այսպիսի ամբաստանութիւններ եւ պրոպականդ։ (Ա. Պետրոս 2։12) Քրիստոնեաները օրինապահ քաղաքացիներ, բարոյասէր ու մարդոց բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուած ըլլալով, կ’ապացուցանեն թէ իրենց դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են։ Մեր բարի վարքը մեր տեղը կը խօսի։ Երբ դիտորդներ բարի գործերու մէջ մեր յարատեւութիւնը կը նկատեն, յաճախ կը մղուին մեր երկնաւոր Հայրը փառաւորելու եւ անոր ծառաներուն ապրելակերպին գերազանց ըլլալը ընդունելու։—Եսայի 60։14. Մատթէոս 5։14-16
8. (ա) Մեր աստուածաշնչական կեցուածքը պաշտպանելու համար, երբեմն ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։ (բ) Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ի՞նչպէս կը դատապարտենք մեզի դէմ կանգնող լեզուները։
8 Մեր բարեպաշտ վարքէն զատ, երբեմն անհրաժեշտ է որ մեր աստուածաշնչական կեցուածքը խիզախօրէն պաշտպանենք։ Կերպերէն մէկն է՝ կառավարութեան եւ ատեանին դիմել, պաշտպանութեան համար։ (Եսթեր 8։3. Գործք 22։25-29. 25։10-12) Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, երբեմն յայտնապէս վիճեցաւ զինք քննադատողներուն հետ, անոնց սուտ ամբաստանութիւնները հերքելով։ (Մատթէոս 12։34-37. 15։1-11) Յիսուսի օրինակին հետեւելով, պատեհութիւններ կ’օգտագործենք որ մեր անկեղծ համոզումները յստակօրէն բացատրենք ուրիշներու։ (Ա. Պետրոս 3։15) Երբեք թոյլ չտանք որ դպրոցին կամ գործատեղիին մէջ, եւ կամ անհաւատ ազգականներու կողմէ եղած ծաղրանքը մեզ ետ պահէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ճանչցնելէ։—Բ. Պետրոս 3։3, 4
Երուսաղէմ՝ «ծանր քար» մը
9. Զաքարիա 12։3–ի մէջ նշուած «ծանր քար»ը ո՞ր Երուսաղէմին կ’ակնարկէ, եւ երկրի վրայ ո՞վ կը ներկայացնէ զայն։
9 Զաքարիայի մարգարէութիւնը կը յայտնէ թէ ինչո՛ւ ազգերը կը հակառակին ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։ Զաքարիա 12։3–ը կ’ըսէ. «Այն օրը Երուսաղէմը բոլոր ժողովուրդներուն ծանր քար պիտի ընեմ»։ Այս մարգարէութիւնը ո՞ր Երուսաղէմին կ’ակնարկէ։ Երուսաղէմի վերաբերեալ Զաքարիայի մարգարէութիւնը կը կիրարկուի «երկնաւոր Երուսաղէմ»ին,– երկնային Թագաւորութիւնը՝ որուն կանչուած են օծեալ Քրիստոնեաները։ (Եբրայեցիս 12։22) Մեսիական Թագաւորութեան այս ժառանգորդներէն պզտիկ մնացորդ մը տակաւին երկրի վրայ է։ Իրենց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ մէկտեղ, անոնք մարդիկը կը յորդորեն որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ ըլլան, մինչ տակաւին ժամանակ կայ։ (Յովհաննէս 10։16. Յայտնութիւն 11։15) Ազգերը այս հրաւէրին ի՞նչպէս հակազդած են։ Եւ ներկայիս Եհովա ի՞նչպէս ճշմարիտ երկրպագուներուն կ’աջակցի։ Պատասխանը առնելու համար, մօտէն քննենք Զաքարիա 12–րդ գլուխին նշանակութիւնը։ Ասիկա պիտի օգնէ վստահ ըլլալու թէ Աստուծոյ օծեալներուն եւ նուիրեալ ընկերակիցներուն դէմ ‘որեւէ գործիք պիտի չյաջողի’։
10. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ յարձակման կ’ենթարկուի։ (բ) «Ծանր քար»ը վերցնել փորձողներուն ի՞նչ պատահած է։
10 Զաքարիա 12։3–ը ցոյց կու տայ թէ ազգերը «բոլորովին պիտի կոտրին» կամ կտրատուին։ Ասիկա ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ։ Աստուած որոշած է որ Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք է քարոզուի։ Եհովայի Վկաները քարոզելու պարտաւորութիւնը լուրջի կ’առնեն։ Սակայն Թագաւորութիւնը որպէս մարդկութեան միակ յոյսը ծանուցանելը, ազգերուն «ծանր քար» մը եղած է։ Անոնք կը փորձեն զայն վերցնել ու մէկ կողմ դնել, Թագաւորութիւնը ծանուցանողներուն արգելք հանդիսանալով։ Այսպէս վարուող ազգերը կտրատուած են։ Նոյնիսկ անոնց համբաւը արատաւորուած է, նուաստացուցիչ ձախողութեան մատնուելով։ Անոնք չեն կրնար լռեցնել ճշմարիտ երկրպագուները, որոնք իրերու այս դրութեան վախճանը չեկած, Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան «յաւիտենական աւետիսը» յայտարարելու առանձնաշնորհումը կ’արժեւորեն։ (Յայտնութիւն 14։6) Եհովայի ծառաներուն դէմ կատարուած բռնարարքները տեսնելով, Ափրիկեան երկրի մը մէջ բանտապահ մը ըսաւ. ‘Ի զուր կը ջանաք այս մարդիկը հալածել։ Անոնք երբեք պիտի չհամակերպին։ Անոնք պարզապէս կը շատնան’։
11. Աստուած Զաքարիա 12։4–ի մէջ արձանագրուած իր խոստումը ի՞նչպէս յարգած է։
11 Կարդա՛ Զաքարիա 12։4–ը։ Եհովա կը խոստանայ թէ այլաբանօրէն պիտի կուրցնէ եւ «սոսկումով» պիտի զարնէ զանոնք, որոնք Թագաւորութեան քաջարի պատգամաւորներուն դէմ կը պատերազմին։ Ան իր խօսքին տէրը եղած է։ Օրինակ, երկրի մը մէջ ուր ճշմարիտ պաշտամունքը արգիլուած էր, հակառակորդները չկրցան Աստուծոյ ժողովուրդ հոգեւոր սնունդէն զրկել։ Լրագիր մը նոյնիսկ դաւանեցաւ թէ Եհովայի Վկաները օդապարիկով աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը մտցնէին երկիրը։ Իր հաւատարիմ ծառաներուն ուղղուած Աստուծոյ խոստումը ճշմարիտ ելաւ. «Աչքերս պիտի բանամ, ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ պիտի զարնեմ»։ Սաստիկ բարկութեամբ կուրցած ըլլալով, Թագաւորութեան թշնամիները չեն գիտեր թէ ո՛ր ուղղութեամբ ընթանան։ Բայց մենք համոզուած ենք որ Եհովա իր ժողովուրդը որպէս խումբ պիտի պահպանէ եւ անոնց բարօրութեամբ պիտի հետաքրքրուի։—Դ. Թագաւորաց 6։15-19
12. (ա) Յիսուս ի՞նչ առումով կրակ ձգեց երբ երկրի վրայ էր։ (բ) Օծեալ մնացորդը ի՞նչպէս հոգեւոր առումով ամէն բան բոցավառած է, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։
12 Կարդա՛ Զաքարիա 12։5, 6–ը։ «Յուդային հազարապետները» կ’ակնարկեն Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ վերատեսչութիւն ընողներուն։ Եհովա զանոնք հրային նախանձախնդրութեամբ կը լեցնէ, իր Թագաւորութեան երկրային շահերուն հոգ տանելու համար։ Առիթով մը Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ»։ (Ղուկաս 12։49) Ան իրապէս կրակ բռնկեցուց։ Իր նախանձախնդիր քարոզչութեամբ, Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց դիմաց կարեւորագոյն հարցը դարձուց։ Ասիկա Հրեայ ազգին մէջ տաք հակաճառութեան դուռ բացաւ։ (Մատթէոս 4։17, 25. 10։5-7, 17-20) Նմանապէս, ‘կրակի վառարանի պէս՝ փայտերու մէջ ու կրակի ջահի պէս՝ որաներու մէջ’, ներկայիս Քրիստոսի քայլերուն հետեւողները ամէն բան կը բոցավառեն հոգեւոր առումով։ Կատարուած խորհուրդըa գիրքը 1917–ին, ուժգնօրէն քօղազերծեց Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծաւորութիւնը, իսկ կղերները բուռն կերպով հակազդեցին անոր։ Վերջերս, Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկը՝ «Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է» խորագրով, շատերը մղած է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թեր կամ դէմ իրենց դիրքը որոշեն։
«Յուդային վրանները»՝ փրկուած
13. «Յուդային վրանները» արտայայտութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ, եւ Եհովա ինչո՞ւ զանոնք կը փրկէ։
13 Կարդա՛ Զաքարիա 12։7, 8–ը։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, վրանները երկրին մէջ յատկանշական երեւոյթ մըն էին, եւ երբեմն կը գործածուէին հովիւներուն ու հողագործութեամբ զբաղող բանուորներուն կողմէ։ Եթէ թշնամի ազգ մը Երուսաղէմ քաղաքին դէմ յարձակէր, այս անհատները առաջին ազդուողները կ’ըլլային եւ պաշտպանուելու կարիք կ’ունենային։ «Յուդային վրանները» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ ներկայիս օծեալ մնացորդը, այլաբանօրէն խօսելով, դաշտի մը մէջ է եւ ո՛չ թէ՝ պարսպապատ քաղաքներու մէջ։ Հոն անոնք անվախօրէն Մեսիական Թագաւորութեան շահերը կը պաշտպանեն։ Զօրքերու Տէրը «նախ Յուդայի վրանները» (ԱՎ) պիտի փրկէ, քանի որ անոնք Սատանայի յարձակման առաջին թիրախն են։
14. Եհովա «Յուդային վրաններ»ուն մէջ եղողները ի՞նչպէս կը պաշտպանէ ու կը զօրացնէ։
14 Արդարեւ պատմական արձանագրութիւնը կ’ապացուցանէ թէ Եհովա Թագաւորութեան այս օծեալ դեսպանները կը պաշտպանէ իրենց «վրաններ»ուն մէջ, որոնք դաշտը կը գտնուին։b Ան «տկար» եղողները ռազմիկ Դաւիթ թագաւորի պէս զօրաւոր ու քաջասիրտ կը դարձնէ։
15. Եհովա ինչո՞ւ «բոլոր ազգերը բնաջինջ ընելու ետեւէ» է, եւ ասիկա ո՞ր հանգրուանին պիտի ընէ։
15 Կարդա՛ Զաքարիա 12։9–ն։ Եհովա ինչո՞ւ «բոլոր ազգերը բնաջինջ ընելու ետեւէ պիտի ըլլայ»։ Քանի որ անոնք յարատեւաբար Մեսիական Թագաւորութեան կ’ընդդիմանան։ Անոնք պիտի դատապարտուին, քանի որ Աստուծոյ ժողովուրդը կը նեղեն ու կը հալածեն։ Շուտով Սատանայի երկրային գործակալները Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ վերջնական յարձակում մը պիտի կատարեն, որ պիտի առաջնորդէ համաշխարհային կացութեան՝ որ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է որպէս Արմագեդոն։ (Յայտնութիւն 16։13-16) Այդ յարձակման հակազդելով, Գերագոյն Դատաւորը իր ծառաները պիտի պաշտպանէ եւ ազգերուն մէջ իր անունը պիտի սրբացնէ։—Եզեկիէլ 38։14-18, 22, 23
16, 17. (ա) Ի՞նչ է «Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը»։ (բ) Սատանայի յարձակումներուն մեր տոկալը ի՞նչ կ’ապացուցանէ։
16 Սատանան չունի զէնք մը որ կրնայ Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը տկարացնել կամ նախանձախնդրութիւնը մարել։ Մեր հոգեւոր խաղաղութիւնը, որ Եհովայի փրկարար զօրութեան շնորհիւ է, «Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւն»ն է։ (Եսայի 54։17) Ո՛չ ոք կրնայ մեզմէ խլել մեր խաղաղութիւնն ու հոգեւոր բարգաւաճութիւնը։ (Սաղմոս 118։6) Սատանան պիտի շարունակէ հակառակութեան կրակը բոցավառել եւ նեղութիւն հրահրել։ Նախատինքի դիմաց հաւատարմաբար մեր տոկալը կ’ապացուցանէ թէ Աստուծոյ հոգին մեր վրայ հանգչած է։ (Ա. Պետրոս 4։14) Եհովայի հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ կը ծանուցանուի։ Շլացուցիչ խոչընդոտներու նման, Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ հակառակութեան բազմաթիւ այլաբանական «պարսաքարեր» նետուած են։ Այսուհանդերձ Եհովայի ծառաները իր զօրութեամբ կը յաղթահարեն այսպիսի քարեր ու անոնց ազդեցութիւնը կը չէզոքացնեն։ (Զաքարիա 9։15) Օծեալ մնացորդին եւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցներուն գործունէութիւնը պիտի չկասեցուի։
17 Անձկագին կը սպասենք որ Բանսարկուին յարձակումներէն բոլորովին ազատուինք։ Ո՜րքան կը մխիթարուինք այն երաշխիքով թէ ‘մեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ մեզի դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի’։
[Ստորանիշներ]
a Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ, բայց ներկայիս՝ սպառած։
b Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, էջ 675-676, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Սատանայի զէնքերը անյաջող են։
• Երկնային Երուսաղէմը ի՞նչպէս «ծանր քար» մը կ’ըլլայ։
• Եհովա ի՞նչպէս «Յուդային վրաններ»ը կը փրկէ։
• Մինչ Արմագեդոնին կը մօտենանք, ի՞նչ բանէ վստահ ես։
[Նկարներ՝ էջ 13]
Ալպանիոյ մէջ Եհովայի ժողովուրդը հաւատարիմ մնաց, հակառակ Սատանայի յարձակումներուն
[Նկար՝ էջ 15]
Յիսուս սուտ ամբաստանութիւնները հերքեց