Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սիրտդ Եհովան կը ճանչնա՞յ
    Դիտարան 2013 | Մարտ 15
    • 8, 9. Իրենց սրտին առնչութեամբ հրեաներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ պէտք էր ընէր։

      8 Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ այն ինչ որ պէտք էր ընէին, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու «սրտով անթլփատ» արտայայտութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ. . . ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք, որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար. . . բորբոքի»։ Անոնց այս չար գործերը ուրկէ՞ ծագում առին։ Ներսէն՝ իրենց սրտէն (կարդա՛ Մարկոս 7։20-23)։ Անոնք ըմբոստ էին եւ մերժեցին փոխուիլ։ Անոնց սիրտը, որ կը պարփակէր իրենց մղումներն ու մտածումները, Եհովայի աչքին չար էր (կարդա՛ Երեմիա 5։23, 24. 7։24-26)։ Անոր համար Աստուած անոնց ըսաւ. «Տէրոջը թլփատուեցէք եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք» (Եր. 4։4. 18։11, 12)։

      [Նկար՝ էջ 10]

      9 Այսպէս, կարծես թէ Երեմիայի ժամանակակից հրեաները այլաբանական սրտի գործողութեան,– ‘սրտի թլփատութեան’,– պէտք ունէին, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի ժամանակակիցներն ալ պէտք ունէին (Բ. Օր. 10։16. 30։6)։ ‘Սրտին անթլփատութիւնը վերցնել’ կը նշանակէր, թէ անոնք պէտք է ձերբազատուէին որեւէ բանէ, որ իրենց սիրտը անզգամ կը դարձնէր. այսինքն՝ իրենց այն խորհուրդները, ցանկութիւնները կամ մղումները, որոնք պատճառ կ’ըլլային որ Աստուծոյ պատուիրանները անտեսեն (Գործք 7։51)։

  • Սիրտդ Եհովան կը ճանչնա՞յ
    Դիտարան 2013 | Մարտ 15
    • 11, 12. ա) Իւրաքանչիւրս ինչո՞ւ մեր սիրտը պէտք է քննենք։ բ) Աստուած ի՞նչ բան պիտի չընէ։

      11 Եհովան կ’ուզէ որ իւրաքանչիւրս զինք ճանչնանք, այսինքն՝ իրեն ընդունելի դառնանք եւ այդպէս մնանք։ Երեմիան ըսաւ. «Դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձես, միտքն ու սիրտը կը տեսնես» (Եր. 20։12)։ Եթէ Եհովան նոյնիսկ արդար մարդոց սրտերը կը քննէ, մենք ալ պէտք չէ՞ անկեղծ ինքնաքննութիւն ընենք (կարդա՛ Սաղմոս 11։5)։ Եւ երբ այդ ինքնաքննութիւնը ընենք, թերեւս զատորոշենք որոշ կեցուածք, նպատակակէտ կամ խոր զգացում, որուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի։ Թերեւս բնորոշենք բան մը, որ մեր սիրտը անզգամ կը դարձնէ, կարծես սրտի անթլփատութիւն մը ըլլար, եւ կը գիտակցինք որ պէտք է վերցուի։ Սա կը նշանակէ այլաբանական սրտի գործողութիւն ընել։ Եթէ համաձայն ես թէ լաւ է այլաբանական սիրտդ քննել, ի՞նչ բան պէտք է փնտռես եւ ինչպէ՞ս կրնաս հարկ եղած ճշդումները ընել (Եր. 4։4)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել