Եհովային վստահէ՛ մինչ վախճանը կը մօտենայ
«Յաւե՛րժ Տէրոջը վստահեցէք» (ԵՍԱ. 26։4, ԱԾ)։
1. Աստուծոյ ծառաներուն եւ աշխարհի մարդոց միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։
Կ’ԱՊՐԻՆՔ աշխարհի մը մէջ՝ ուր միլիոնաւորներ այլեւս չեն գիտեր թէ որո՛ւ կամ ի՛նչ բանի վստահին, թերեւս քանի որ շատ անգամ վիրաւորուած կամ յուսախաբ եղած են։ Ի՜նչ հակապատկեր Եհովայի ծառաներուն։ Աստուածային իմաստութեամբ առաջնորդուելով, անոնք գիտեն որ պէտք չէ վստահին այս աշխարհին կամ անոր «իշխաններուն» (Սաղ. 146։3)։ Փոխարէն, անոնք իրենց կեանքն ու ապագան Եհովայի ձեռքերուն մէջ կը դնեն, գիտնալով որ ան զիրենք կը սիրէ ու միշտ կը կատարէ իր Խօսքը (Հռով. 3։4. 8։38, 39)։
2. Յեսու ինչպէ՞ս հաստատեց Աստուծոյ վստահելիութիւնը։
2 Վաղեմի Յեսուն հաստատեց Աստուծոյ վստահելիութիւնը։ Իր կեանքի վերջին օրերուն մէջ, ան իր հայրենակիցներուն ըսաւ. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան» (Յես. 23։14)։
3. Աստուծոյ անունը իր մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
3 Եհովա իր խոստումները կը գործադրէ ոչ միայն իր ծառաներուն հանդէպ սէրէ մղուելով, այլ՝ մանաւանդ ի՛ր անուանը սիրոյն (Ել. 3։14. Ա. Թագ. 12։22)։ Աստուածային անունին առնչութեամբ, Ճ. Պ. Ռոթըրհէմի կողմէ գրուած The Emphasized Bible–ի նախաբանը կը նշէ. «[Անիկա] կը դառնայ շատ ողորմած խոստում մը, նշելով աստուածային կարողութիւնը յարմարելու որեւէ պարագայի, որեւէ դժուարութեան, որեւէ անհրաժեշտութեան, որոնք կրնան ծագիլ. . . [Անիկա] խոստում մը. . . յայտնութիւն մը, յիշատակ մը, երաշխիք մըն է։ Աստուած այս Անունին մի՛շտ հաւատարիմ պիտի ըլլայ. այդ անունէն բնա՛ւ պիտի չամչնայ»։
4. ա) Եսայի 26։4–ը ի՞նչ կը յորդորէ որ ընենք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
4 Դուն քեզի հարց տուր. ‘Եհովան ա՛յնքան կը ճանչնա՞մ, որ իրեն ամբողջովին վստահիմ։ Ապագան վստահութեամբ կը դիմագրաւե՞մ, գիտնալով որ Աստուած ամէն բան իր հակակշռին տակ առած է’։ Եսայի 26։4–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Յաւե՛րժ Տէրոջ վստահեցէք, քանի որ Տէրը՝ Եհովան յաւիտենական վէմ է»։ Ճիշդ է որ Աստուած այժմ հրաշալիօրէն չի միջամտեր մարդոց կեանքին, ինչպէս որ երբեմն ըրաւ աստուածաշնչական ժամանակներուն մէջ։ Այսուհանդերձ, որպէս «յաւիտենական վէմ», ան կրնայ «յաւե՛րժ» վստահուիլ։ Ներկայիս մեր վստահելի Աստուածը ինչպէ՞ս կ’օգնէ իր հաւատարիմ երկրպագուներուն։ Նկատի առնենք երեք կերպեր. ան մեզ կը զօրացնէ, երբ իր օգնութիւնը կը փնտռենք փորձութեան դիմադրելու։ Ան մեզի կ’աջակցի, երբ կը հանդիպինք անտարբերութեան կամ ուղղակի հակառակութեան։ Եւ ան մեզ կը կազդուրէ, երբ բազմաթիւ հոգեր կ’ունենանք։ Մինչ այս մարզերը կը քննարկենք, խորհրդածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովայի հանդէպ վստահութիւնդ զօրացնել։
Աստուծոյ վստահէ՛ երբ կը փորձուիս սխալ ընել
5. Աստուծոյ մեր վստահելուն առնչութեամբ, ո՞ւր կը կայանայ մեծ փորձ մը։
5 Եհովային վստահիլը բան մըն է, երբ հարցը կը վերաբերի Դրախտի կամ յարութեան իր խոստումին,– բաներ որոնց կը տենչանք,– բայց բոլորովին այլ բան մըն է իրեն վստահիլ բարոյական հարցերու մէջ, ի սրտէ լիովին համոզուիլ թէ իր ճամբաներուն ու չափանիշներուն ենթարկուիլը շիտակ է եւ պիտի առաջնորդէ մեծագոյն երջանկութեան։ Սողոմոն թագաւոր սա յորդորը գրեց. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6)։ Նշմարէ ակնարկութիւնը մեր «ճամբաներու»ն եւ «շաւիղներու»ն։ Այո, մեր ամբողջ ապրելակերպը,– ոչ միայն մեր քրիստոնէական յոյսը,– պէտք է արտացոլացնէ Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ վստահութիւնը ցոյց տալ, երբ փորձութիւններ ծագին։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր վճռականութիւնը զօրացնել չար խորհուրդները մերժելու։
6 Չարութենէ հեռանալը մտքին մէջ կը սկսի (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։5. Եփեսացիս 2։3)։ Արդ՝ ինչպէ՞ս կրնաս վճռականութիւնդ զօրացնել չար խորհուրդները մերժելու։ Նկատի առ հետեւեալ հինգ կերպերը. 1) Աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը փնտռէ՛ (Մատ. 6։9, 13)։ 2) Խորհրդածէ՛ Աստուածաշունչին մէջ նշուած այն անհատներուն մասին՝ որոնք մտիկ չըրին Եհովային, եւ անոնց մասին՝ որոնք մտիկ ըրին. ապա արդիւնքը նկատէ (Ա. Կոր. 10։8-11)։a 3) Խոկա՛ այն մտային ու զգացական վնասին վրայ, զոր մեղքը կրնայ պատճառել քեզի եւ սիրելիներուդ։ 4) Մտածէ՛ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը զգայ, երբ իր ծառաներէն մէկը լուրջ մեղքի մը մէջ իյնայ (կարդա՛ Սաղմոս 78։40, 41)։ 5) Երեւակայէ՛ այն ուրախութիւնը որ կը լեցնէ Եհովայի սիրտը, երբ կը տեսնէ որ հաւատարիմ երկրպագու մը կը մերժէ չարը եւ կ’ընէ ինչ որ շիտակ է, ըլլա՛յ հրապարակաւ թէ առանձին (Սաղ. 15։1, 2. Առ. 27։11)։ Դուն ալ կրնաս ցոյց տալ թէ Եհովային կը վստահիս։
Աստուծոյ վստահէ՛ երբ կը դիմագրաւես անտարբերութիւն ու հակառակութիւն
7. Երեմիա ի՞նչ փորձութիւններ դիմագրաւեց, ու երբեմն ինչպէ՞ս զգաց։
7 Մեր եղբայրներէն շատեր կը ծառայեն թաղամասերու մէջ, ուր համբերատարութիւնը յատուկ մարտահրաւէր մըն է։ Երեմիա մարգարէն ծառայեց այսպիսի միջավայրի մը մէջ,– Յուդայի թագաւորութիւնը՝ իր խռովալից վերջին օրերուն ընթացքին։ Ան ամէն օր հաւատքի փորձութիւններ կը դիմագրաւէր, քանի որ հնազանդութեամբ Աստուծոյ դատաստանական պատգամները կը ծանուցանէր։ Առիթով մը, մինչեւ իսկ իր հաւատարիմ քարտուղարը՝ Բարուք, յոգնածութենէ դժգոհեցաւ (Եր. 45։2, 3)։ Արդեօք Երեմիա վհատեցա՞ւ։ Ան երբեմն ընկճուած զգաց։ Ան բացագանչեց. «Անիծեա՛լ ըլլայ այն օրը, երբ ես ծնայ։ . . .Ինչո՞ւ այսպէս մօրս արգանդէն ելայ, որ աշխատանք ու ցաւ տեսնեմ եւ իմ օրերս ամօթով սպառին» (Եր. 20։14, 15, 18)։
8, 9. Երեմիա 17։7, 8–ի եւ Սաղմոս 1։1-3–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք որ շարունակենք լաւ պտուղ տալ։
8 Այսուհանդերձ, Երեմիա չյանձնուեցաւ։ Ան շարունակեց Եհովային վստահիլ։ Առ ի արդիւնք, այս հաւատարիմ մարգարէն տեսաւ Եհովայի խօսքերուն կատարումը, որոնք Երեմիա 17։7, 8–ի մէջ արձանագրուած են. «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի ու որուն յոյսը Տէրն է։ Անիկա ջուրերու քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ տաքութեան գալը չի տեսներ. հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։
9 «Ջուրերու քով տնկուած» կամ ոռոգուած մրգաստանի մը մէջ եղող պտղաբեր ծառի մը նման, Երեմիա բնաւ չդադրեցաւ ‘պտուղ տալէ’։ Ան մերժեց ազդուիլ իր շուրջը գտնուող ծաղր ընող ամբարիշտներէն։ Փոխարէն, ան կենսապահ «ջուրերու» Աղբիւրին յարեցաւ եւ Եհովային բոլոր ըսածները լուրջի առաւ (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3. Եր. 20։9)։ Ի՜նչ ընտիր օրինակ մըն է Երեմիան մեզի համար, մանաւանդ անո՛նց համար՝ որոնք Աստուծոյ կը ծառայեն դժուար թաղամասերու մէջ։ Եթէ պարագադ այդպէս է, շարունակէ՛ հաստատօրէն ապաւինիլ Եհովային, որ համբերատարութիւն պիտի շնորհէ քեզի, մինչ «իր անունը կը դաւանի[ս]» (Եբ. 13։15)։
10. Ի՞նչ օրհնութիւններ ունինք, ու մենք մեզի ի՞նչ հարց պէտք է տանք։
10 Այս վերջին օրերուն ընթացքին՝ կեանքի հետ գլուխ ելլելուն որպէս օգնութիւն, Եհովա իսկապէս բարգաւաճ հոգեւոր վիճակ մը շնորհած է մեզի։ Ուրիշ բաներու կողքին՝ ան տուած է ամբողջ Աստուածաշունչը, որ հետզհետէ աւելի լեզուներով ճշգրտօրէն կը թարգմանուի։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցով, ան ժամանակայարմար հոգեւոր առատ սնունդ մատչելի դարձուցած է։ Իսկ ժողովներու եւ համաժողովներու մէջ, ան մեզի տուած է հաւատակիցներու հսկայ բազմութեան մը օգնական ընկերակցութիւնը։ Այս կարգադրութիւններէն լիովին կ’օգտուի՞ս։ Օգտուողները «սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան»։ Սակայն, անոնք որոնք Աստուծոյ մտիկ չեն ըներ, «սրտի ցաւէ պիտի աղաղակ[են] եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնա[ն]» (Եսա. 65։13, 14)։
Աստուծոյ վստահէ՛ երբ մտահոգութիւններ կ’ունենաս
11, 12. Աշխարհի խնդիրներուն ի տես, ի՞նչ է ճշմարիտ իմաստութեան ուղին։
11 Ինչպէս որ նախագուշակուած էր, վայերու մեծ ալիք մը կը հարուածէ մարդկութիւնը (Մատ. 24։6-8. Յայտ. 12։12)։ Երբ բառացի ջուրերը յորդին, սովորական հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ՝ վազել դէպի աւելի բարձր տեղ մը, կամ շէնքի մը տանիքը ելլել,– որեւէ բարձր տեղ։ Նմանապէս, մինչ աշխարհին խնդիրները կը կուտակուին, միլիոնաւորներ ապաստան կը փնտռեն երեւութապէս վսեմ ֆինանսական, քաղաքական կամ կրօնական հաստատութիւններու քով, ինչպէս նաեւ՝ գիտութեան ու արուեստագիտութեան քով։ Բայց ասոնցմէ ո՛չ մէկը իսկական ապահովութիւն կու տայ (Եր. 17։5, 6)։ Միւս կողմէ, Եհովայի ծառաները վստահելի ապաւէն մը ունի՛ն,– «յաւիտենական վէմ»ը (Եսա. 26։4)։ Սաղմոսերգուն նշեց. «[Եհովան] է իմ վէմս ու փրկութիւնս. իմ ապաւէնս է» (կարդա՛ Սաղմոս 62։6-9)։ Այս Վէմը ինչպէ՞ս մեր ապաստանը կը դարձնենք։
12 Մենք Եհովային կը կառչինք, երբ կը հետեւինք իր Խօսքին, որ յաճախ մարդկային իմաստութեան հակառակ կ’ընթանայ (Սաղ. 73։23, 24)։ Օրինակ՝ մարդկային իմաստութենէ ազդուած մարդիկ կրնան ըսել. ‘Միայն մէկ կեանք ունիս. ատկէ լաւագոյնս օգտուէ՛’։ ‘Լաւ ասպարէզի մը հետամո՛ւտ եղիր’։ ‘Շա՜տ դրամ շահէ՛’։ ‘Ասիկա գնէ, ատիկա գնէ’։ ‘Ճամբորդէ՛. աշխարհը վայելէ՛’։ Միւս կողմէ, աստուածային իմաստութիւնը համամիտ է սա խրատին հետ. «Անոնք որ այս աշխարհը կը գործածեն՝ [ըլլան] որպէս թէ զայն լիովին չեն գործածեր. որովհետեւ այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի» (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ)։ Նմանապէս, Յիսուս մեզ կը յորդորէ որ միշտ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք, եւ այսպէս՝ ‘գանձեր դիզենք երկինքը’, ուր բացարձակապէս ապահով պիտի ըլլան (Մատ. 6։19, 20)։
13. Ա. Յովհաննէս 2։15-17–ն ի մտի ունենալով, մենք մեզի ի՞նչ հարցեր պէտք է տանք։
13 «Աշխարհ»ին եւ ‘աշխարհի մէջ եղածներուն’ նկատմամբ քու կեցուածքդ կը յայտնէ՞ թէ լիովին կը վստահիս Աստուծոյ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Քեզի համար ո՞ր մէկը աւելի ցանկալի ու կարեւոր է. հոգեւոր հարստութիւնն ու Թագաւորութեան ծառայութեան առանձնաշնորհումնե՞րը, թէ ոչ աշխարհի հրամցուցած բաները (Փլպ. 3։8)։ Կը ջանա՞ս ‘պարզ աչք’ պահպանել (Մատ. 6։22)։ Անշուշտ, Աստուած չ’ուզեր որ անխոհեմ կամ անպատասխանատու ըլլաս, յատկապէս եթէ ունիս ընտանիք մը, որուն հոգ կը տանիս (Ա. Տիմ. 5։8)։ Բայց ան իր ծառաներէն կ’ակնկալէ՛, որ լիովին իրեն վստահին ու ոչ թէ Սատանայի մահամերձ աշխարհին (Եբ. 13։5)։
14-16. Ոմանք ‘պարզ աչք’ պահպանելով եւ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելով ինչպէ՞ս օգտուած են։
14 Երեք զաւակներ ունեցող ծնողներուն՝ Ռիչըրտի եւ Հռութի օրինակը նկատի առ։ Ռիչըրտ կ’ըսէ. «Սիրտս վկայեց թէ Եհովայի համար աւելին կրնայի ընել։ Հանգստաւէտ կեանք մը ունէի, բայց զգացի թէ ի՛նչ որ Աստուծոյ կու տայի, կարծես թէ միայն աւելցուք էր։ Հարցին շուրջ աղօթելէ եւ ծախսը հաշիւ ընելէ ետք, Հռութն ու ես համաձայնեցանք վերակացուէն խնդրել, որ աշխատանքի օրերս շաբաթը չորսի իջեցնէ,– հակառակ անոր որ երկիրը տնտեսական ճգնաժամի մէջ էր։ Խնդրանքս շնորհուեցաւ, եւ մէկ ամիսէն սկսայ նոր յայտագիրով աշխատիլ»։ Այժմ Ռիչըրտ ինչպէ՞ս կը զգայ։
15 Ան կ’ըսէ. «Թէեւ աշխատավարձքս 20 տոկոս պակսեցաւ, բայց այժմ ես տարին յաւելեալ 50 օր ունիմ ընտանիքիս հետ ըլլալու եւ զաւակներս կրթելու համար։ Կրցած եմ դաշտի ծառայութեան յատկացուցած ժամանակս կրկնապատկել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուս թիւը եռապատիկ ընել, ու ժողովքին մէջ աւելի առաջնորդութիւն առնել։ Եւ որովհետեւ աւելի մատչելի եմ զաւակներուս օգնելու, Հռութը կրցած է ատեն–ատեն օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Ես վճռած եմ այս յայտագիրը պահել ո՛րքան որ կարելի է»։
16 Ռոյն ու Փեթինան, որոնց տան մէջ տակաւին իրենց աղջիկը կ’ապրի, կրցան իրենց աշխարհիկ գործը նուազեցնել, որպէսզի լման ժամանակով ծառայութեան մասնակցին։ Ռոյ կ’ըսէ. «Ես շաբաթը երեք օր կ’աշխատիմ, իսկ Փեթինան՝ երկու օր։ Նաեւ, աւելի պզտիկ տուն մը փոխադրուեցանք, որուն հոգ տանիլը շատ աւելի դիւրին է։ Մեր որդին եւ դուստրը ունենալէ առաջ, մենք ռահվիրայութիւն կ’ընէինք ու բնա՛ւ չկորսնցուցինք ռահվիրայութիւն ընելու փափաքը։ Ուստի երբ մեր զաւակները մեծցան, լիաժամ ծառայութեան վերադարձանք։ Դրամական ո՛չ մէկ քանակ կրնայ բաղդատուիլ մեր ստացած օրհնութիւններուն հետ»։
Թող «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» սիրտդ պահպանէ
17. Կեանքի անորոշութիւններուն ի տես, Սուրբ Գրութիւնները քեզ ինչպէ՞ս մխիթարած են։
17 Մեզմէ ո՛չ ոք գիտէ թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ «ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին բոլորիս (Ժող. 9։11)։ Սակայն վաղուան անստոյգ ըլլալը պէտք չէ խլէ մեր ունեցած մտքի անդորրութիւնը այսօր, ինչպէս որ յաճախ կ’ընէ անո՛նց, որոնք Աստուծոյ հետ ջերմ փոխյարաբերութեան տուած ապահովութիւնը չունին (Մատ. 6։34)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։
18, 19. Աստուած ի՞նչ կերպերով մեզ կը մխիթարէ. լուսաբանէ՛։
18 Փորձիչ կացութիւններու մէջ, եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր Եհովայի կողմէ ներքին հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն ունեցած են։ Քոյր մը կ’ըսէ. «Վիրաբոյժ մը կրկին անգամ փորձեց զիս վախցնել, որպէսզի արեան ներարկում ընդունիմ։ Անոր առաջին ‘բարեւներէն’ մէկն էր. ‘Այս ի՞նչ խօսք է՝ արիւն չառնել’։ Այդ ատեն եւ ուրիշ առիթներով, լռելեայն աղօթեցի Եհովային եւ իր խաղաղութիւնը վրաս հանգչեցաւ։ Ես ինքզինքս ժայռի պէս զգացի։ Թէեւ արեանս քանակը քիչ ըլլալով տկար էի, բայց կրցա՛յ աստուածաշնչական յստակ պատճառներ տալ իմ կեցուածքիս համար»։
19 Երբեմն, Աստուած կրնայ հարկ եղած աջակցութիւնը հայթայթել՝ մխիթարող հաւատակիցի մը կամ ատենին տրուած հոգեւոր կերակուրի միջոցով։ Հաւանաբար լսած ես եղբօր մը կամ քրոջ մը հետեւեալ խօսքը. «Ես ճիշդ այս յօդուածին պէտք ունէի։ Ատիկա ճիշդ ինծի համար գրուած է»։ Այո, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր պարագաներն ու կարիքը, Եհովա մեզի հանդէպ իր սէրը պիտի փաստէ, եթէ իրեն վստահինք։ Ի վերջոյ, մենք անոր «ոչխարներ»ն ենք, եւ ան իր անունը մեր վրայ դրած է (Սաղ. 100։3. Յովհ. 10։16. Գործք 15։14, 17)։
20. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ ապահովութեամբ պիտի բնակին՝ երբ Սատանային աշխարհը իր վախճանին հասնի։
20 Արագօրէն մօտեցող «Տէրոջը բարկութեան օր»ուան ընթացքին, այն բոլոր բաները՝ որոնց Սատանային աշխարհը կը վստահի՝ պիտի բնաջնջուին։ Ոսկին, արծաթը եւ այլ թանկարժէք իրերը որեւէ ապահովութիւն պիտի չհայթայթեն (Սոփ. 1։18. Առ. 11։4)։ Միա՛կ ապաստանը մեր «յաւիտենական վէմ»ը պիտի ըլլայ (Եսա. 26։4)։ Ուստի հիմա ցոյց տանք Եհովայի հանդէպ մեր լման վստահութիւնը, հնազանդութեամբ քալելով իր արդար ճամբաներուն մէջ, անտարբերութեան կամ հակառակութեան դիմաց՝ իր Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելով եւ մեր բոլոր հոգերը իր վրայ ձգելով։ Երբ այս բաները ընենք, ճշմարտապէս «ապահովութեամբ պիտի բնակի[նք] ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլա[նք]» (Առ. 1։33)։
[Ստորանիշ]
Կրնա՞ս բացատրել
Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ վստահիլ՝
• երբ կը փորձուինք սխալ ընել։
• երբ կը դիմագրաւենք անտարբերութիւն կամ հակառակութիւն։
• երբ մտահոգութիւններ կ’ունենանք։
[Նկար՝ էջ 21]
Աստուծոյ չափանիշներուն կառչիլը երջանկութեան կ’առաջնորդէ
[Նկար՝ էջ 23]
«Եհովան յաւիտենական վէմ է»