Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դմ գլ. 8 էջ 114-127
  • Առիւծներու բերնէն կ’ազատուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Առիւծներու բերնէն կ’ազատուի
  • Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սպանութեան Դաւադրութիւն մը Սարքել
  • Դարեհ կը Ստիպուի Դատավճիռ Արձակել
  • Դէպքերու Շշմեցուցիչ Յեղաշրջում մը
  • Անդադար Ծառայենք Աստուծոյ
  • Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Դանիէլ. ամբաստանուած գիրք մը
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
դմ գլ. 8 էջ 114-127

Գլուխ ութ

Առիւծներու բերնէն կ’ազատուի

1, 2. (ա) Մարերու Դարեհ Թագաւորը իր ընդարձակ կայսրութիւնը ի՞նչպէս կազմակերպեց։ (բ) Կուսակալներուն պարտականութիւններն ու հեղինակութիւնը նկարագրեցէք։

ԲԱԲԵԼՈՆ ինկած է։ Որպէս աշխարհակալ ոյժ մէկ դար տեւած անոր շքեղութիւնը քանի մը ժամուան մէջ հանգած էր։ Նոր շրջան մը կը սկսէր. Մարա–Պարսկական շրջանը։ Արդ, Բաղտասարի գահին որպէս յաջորդ, Մարերու Դարեհ Թագաւորը իր ընդարձակ կայսրութիւնը կազմակերպելու դժուարին պարտականութիւնը ունէր։

2 Դարեհի կատարած առաջին պարտականութիւններէն մէկը եղաւ 120 կուսակալներու նշանակումը։ Այնպէս կը կարծուի որ այս պաշտօնը լեցնողները երբեմն թագաւորին ազգականներուն մէջէն կ’ընտրուէին։ Ամենայնդէպս, իւրաքանչիւր կուսակալ կայսրութեան մեծ նահանգներէն մէկը, կամ աւելի պզտիկ ստորաբաժանում մը կը կառավարէր։ (Դանիէլ 6։1) Անոր պարտականութիւններուն մաս կը կազմէր տուրքեր հաւաքել եւ այդ հարկերը արքունիքին յանձնել։ Թէեւ կուսակալ մը պարբերաբար թագաւորին մէկ ներկայացուցիչին կողմէ մանրազննին քննութեան կ’ենթարկուէր, բայց ան որոշ հեղինակութիւն ունէր։ Անոր տիտղոսը կը նշանակէր՝ «Թագաւորութեան պաշտպան»։ Իր գաւառին մէջ, կուսակալ մը կը նկատուէր որպէս հարկատու թագաւոր մը, միայն գերագոյն իշխանութիւն չունէր։

3, 4. Դարեհ ինչո՞ւ մասնաւոր շնորհք մը տուաւ Դանիէլի եւ ի՛նչ դիրքի վրայ դրաւ զինք։

3 Այս նոր կարգադրութեան մէջ Դանիէլ ի՞նչ տեղ պիտի գրաւէր։ Արդեօք Մարերու Դարեհը այս տարեց Հրեայ մարգարէն հանգստեա՞ն պիտի կոչէր, որ արդէն իր ինիսունական տարիքին մէջ կը գտնուէր։ Բնա՛ւ։ Դարեհ անկասկած տեղեկացաւ որ Դանիէլ ճշգրտօրէն նախագուշակած էր Բաբելոնի անկումը եւ թէ այսպիսի գուշակութիւն մը գերմարդկային ներատեսութիւն կը պահանջէր։ Ասկէ զատ, Դանիէլ Բաբելոնի մէջ գերեվարուած տարբեր համայնքներուն հետ վարուելու տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունէր։ Դարեհ մտադրած էր իր նոր նուաճած հպատակներուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններ պահել։ Ուստի, վստահաբար ան Դանիէլի նման իմաստութիւն ու փորձառութիւն ունեցող մէկու մը կարիքը ունէր որպէս խորհրդատու։ Ի՞նչ հանգամանքով։

4 Արդէն զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ Դարեհ Հրեայ աքսորեալ Դանիէլը որպէս կուսակալ նշանակէր։ Բայց միայն երեւակայեցէք այն իրարանցումը, երբ Դարեհ ծանուցանեց որ Դանիէլ կուսակալներուն վերահսկելու համար նշանակուած երեք բարձր հրամանատարներէն մէկը ընել որոշած էր։ Ասկէ աւելին, Դանիէլ իր պաշտօնակիցներէն գերադաս ըլլալով անոնցմէ «նախապատիւ» էր։ Արդարեւ, անոր մէջ «գերազանց հոգի» կար։ Դարեհ նոյնիսկ կը խորհէր իրեն վարչապետի պաշտօն տալ։—Դանիէլ 6։2, 3

5. Միւս հրամանատարներն ու կուսակալները ի՞նչպէս հակազդած ըլլալու էին Դանիէլի նշանակումին հանդէպ եւ ինչո՛ւ։

5 Միւս հրամանատարներն ու կուսակալները իրենք զիրենք կ’ուտէին։ Այո, անոնք չէին կրնար մարսել այն գաղափարը թէ Դանիէլ իրենց վրայ հեղինակաւոր դիրք մը ունենար, որ ո՛չ Մար էր, ո՛չ Պարսիկ, ոչ ալ թագաւորական ընտանիքէն մէկը։ Դարեհ ի՞նչպէս կրնար օտարական մը այսքան կարկառուն դիրքի մը վրայ դնել, իր իսկ քաղաքացիները, նոյնիսկ իր ընտանիքը անտեսելով։ Այսպիսի ռազմավարութիւն մը դիւր չեկաւ անոնց։ Ասկէ զատ, բացայայտօրէն կուսակալները Դանիէլի ուղղամտութիւնը իրենց զեղծարարութեան ու պիղծ սովորութիւններուն անհաճելի կաշկանդում մը նկատեցին։ Սակայն, հրամանատարներն ու կուսակալները չէին համարձակեր Դարեհի մօտենալ այս հարցով։ Ի վերջոյ, Դարեհ շատ բարձր համարում ունէր Դանիէլի վրայ։

6. Հրամանատարներն ու կուսակալները ի՞նչ բանով ջանացին Դանիէլի վրայ յանցանք գտնել, բայց այս ջանքերը ինչո՞ւ ի դերեւ ելան։

6 Ուստի, այս նախանձ քաղաքագէտները իրարու մէջ խորհուրդ ըրին։ Անոնք ջանացին «թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել»։ Իր պատասխանատուութիւնները կատարելու կերպերուն մէջ որեւէ վրիպանք կարելի՞ էր գտնել։ Անպարկե՞շտ էր։ Հրամանատարներն ու կուսակալները որեւէ անտեսում կամ աղաւաղում չէին կրնար գտնել իր պարտականութիւնները կատարելու Դանիէլի կերպին մէջ։ Անոնք խորհեցան. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք»։ Ուստի, այսպէս է որ այս նենգամիտ մարդիկը դաւադրութիւն մը պատրաստեցին։ Անոնք խորհեցան որ անիկա վերջնականապէս գիծ մը պիտի քաշէր Դանիէլի կեանքին վրայէն։—Դանիէլ 6։4, 5

Սպանութեան Դաւադրութիւն մը Սարքել

7. Հրամանատարներն ու կուսակալները ի՞նչ առաջարկեցին թագաւորին, եւ ասիկա ի՞նչ կերպով ըրին։

7 Հրամանատարներու եւ կուսակալներու պատուիրակութիւն մը Դարեհի «քով հաւաքուեցաւ»։ Հոս գործածուած Արամերէն արտայայտութիւնը փոթորկալից իրարանցումի գաղափարը կու տայ։ Երեւութապէս այս մարդիկը այնպէս մը ըրին որ շատ հրատապ հարց մը պիտի ներկայացնեն Դարեհի։ Թերեւս անոնք խորհեցան որ, եթէ համոզումով եւ որպէս անմիջական քայլեր առնուելիք կերպով ներկայացնեն իրենց առաջարկը, հաւանաբար ան շատ հարցուփորձ չընէր։ Ուստի անոնք ուղղակի նիւթին անցան, ըսելով. «Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’»։a —Դանիէլ 6։6, 7

8. (ա) Դարեհ ինչո՞ւ առաջարկուած օրէնքը հրապուրիչ գտաւ։ (բ) Հրամանատարներուն ու կուսակալներուն իրական շարժառիթը ի՞նչ էր։

8 Պատմական արձանագրութիւններ կը հաստատեն թէ սովորական բան մըն էր որ Միջագետքի թագաւորները որպէս աստուած նկատուէին ու պաշտուէին։ Ուստի, անկասկած Դարեհ այս առաջարկով փաղաքշուած զգաց։ Թերեւս ան այս առաջարկին մէկ առաւելութիւնն ալ տեսաւ։ Մի՛ մոռնաք որ Բաբելոնի մէջ ապրողներուն համար, Դարեհ օտարական մը եւ նորեկ մըն էր։ Այս նոր օրէնքը որպէս թագաւոր զինք պիտի հաստատէր, եւ Բաբելոնի մէջ ապրող ժողովուրդը պիտի քաջալերէր որ նոր վարչակարգին հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնէին եւ անոր նեցուկ կանգնէին։ Սակայն այս հրամանագիրը առաջարկելու մէջ հրամանատարներն ու կուսակալները որեւէ կերպով հետաքրքրուած չէին թագաւորին բարօրութեամբ։ Անոնց իրական շարժառիթն էր Դանիէլը ծուղակը ձգել, գիտնալով որ անոր սովորութիւնն էր օրական երեք անգամ աղօթել իր Աստուծոյն, իր վերնատան բաց պատուհաններուն առջեւ։

9. Նոր օրէնքը ինչո՞ւ որեւէ խնդիր չէր յարուցաներ Հրեայ չեղող մեծամասնութեան համար։

9 Աղօթքի շուրջ այս սահմանափակումը որեւէ խնդիր պիտի յարուցանէ՞ր Բաբելոնի մէջ գտնուող կրօնական բոլոր համայնքներուն։ Հաւանաբար ոչ, մանաւանդ որ այս արգելքը միայն ամիս մը պիտի տեւէր։ Ասկէ զատ, Հրեայ չեղող շատ քիչեր որոշ ատեն մը իրենց պաշտամունքը մարդու մը ուղղելը զիջում պիտի նկատէին։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ. «Ամենակռապաշտ ազգերու համար թագաւորի–պաշտամունքը արտասովոր պահանջ մը չէր. ուստի, երբ Բաբելոնացիներէն պահանջուեցաւ որ Մարերու Դարեհ աշխարհակալին տան՝ աստուծոյ մը տրուած պատիւը, անոնք անմիջապէս ընդառաջեցին պահանջին։ Միայն Հրեան էր որ այսպիսի պահանջի մը դէմ ընդվզեցաւ»։

10. Մարերը եւ Պարսիկները թագաւորին կողմէ վաւերացուած օրէնք մը ի՞նչպէս կը նկատէին։

10 Ամենայնդէպս, Դարեհի այցելուները զինք քաջալերեցին որ «այս օրէնքը հաստատէ ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարերու եւ Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ չփոխուի»։ (Դանիէլ 6։8) Վաղեմի Արեւելքին մէջ, թագաւորի մը կամքը յաճախ բացարձակ կը նկատուէր։ Ասիկա կը յաւերժացնէր իր անսխալական ըլլալու գաղափարը։ Անմեղ մարդոց մահուան պատճառ եղող օրէնքն անգամ ի զօրու կը մնար։

11. Դանիէլ ի՞նչպէս պիտի ազդուէր Դարեհի հրամանագրէն։

11 Առանց Դանիէլի մասին մտածելու, Դարեհ ստորագրեց հրամանագիրը։ (Դանիէլ 6։9) Այսպէս ընելով, ան անգիտակցաբար իր ամենէն արժէքաւոր պաշտօնեային մահուան վճիռը ստորագրեց։ Այո, Դանիէլ անպայմանօրէն պիտի ազդուէր այս հրամանագրէն։

Դարեհ կը Ստիպուի Դատավճիռ Արձակել

12. (ա) Դանիէլ նոր օրէնքին մասին տեղեկանալէ ետք անմիջապէս ի՞նչ ըրաւ։ (բ) Որո՞նք գաղտագողի կը դիտէին Դանիէլը եւ ինչո՛ւ։

12 Շատ չանցած, Դանիէլ աղօթքի վրայ դրուած սահմանափակումէն տեղեակ կ’ըլլայ։ Ան իսկոյն տուն կը մտնէ եւ կ’ուղղուի իր վերնատունը, ուր պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բացուած են։b Հոն Դանիէլ կը սկսի աղօթել Աստուծոյ «իր նախկին սովորութեանը պէս»։ Դանիէլ թերեւս խորհեցաւ որ ինք առանձին էր, բայց դաւադիրները զինք կը դիտէին։ Յանկարծ անոնք «հաւաքուեցան» Դանիէլի քով, անկասկած նոյնքան աշխոյժ կերպով, որքան երբ գացած էին Դարեհի մօտ։ Ահաւասիկ իրենց աչքերով կը տեսնէին. Դանիէլ «իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր»։ (Դանիէլ 6։10, 11) Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին առջեւ Դանիէլը դատապարտելու ամէն ապացոյց ունէին։

13. Դանիէլի թշնամիները ի՞նչ տեղեկագրութիւն տուին թագաւորին։

13 Դանիէլի թշնամիները նենգօրէն հարցուցին Դարեհի. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Դարեհ պատասխանեց. «Այդ խօսքը ճշմարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։ Հոս դաւադիրները անմիջապէս բուն կէտին անցան։ «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։—Դանիէլ 6։12, 13

14. Հրամանատարներն ու կուսակալները բացայայտօրէն ինչո՞ւ Դանիէլի ակնարկեցին որպէս «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն» մէկը։

14 Հրամանատարներն ու կուսակալները Դանիէլը՝ «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն» կոչելը նպատակաւ էր։ Բացայայտօրէն, անոնք ուզեցին շեշտել որ այս Դանիէլը, որու Դարեհ այսքան կարկառուն դիրքի մը վրայ դրած էր՝ ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ պարզ Հրեայ գերի մը։ Անոնք խորհեցան թէ որպէս գերի մը, ան օրէնքէն գերիվեր չէր, ի՛նչ որ ալ ըլլար թագաւորին զգացումը անոր հանդէպ։

15. (ա) Դարեհ ի՞նչպէս ընդառաջեց հրամանատարներուն ու կուսակալներուն բերած լուրին։ (բ) Հրամանատարներն ու կուսակալները տակաւին ի՞նչպէս արհամարհանք յայտնեցին Դանիէլի հանդէպ։

15 Թերեւս հրամանատարներն ու կուսակալները կ’ակնկալէին որ թագաւորը զիրենք պարգեւատրէր իրենց խորամանկ խուզարկու գործին համար։ Եթէ այսպէս կը խորհէին, շուտով իրենք զիրենք մեծ անակնկալի մը առջեւ պիտի գտնէին։ Անոնց բերած լուրը մեծապէս տրտմեցուց Դարեհը։ Փոխանակ Դանիէլի դէմ բարկանալու, կամ զինք անմիջապէս առիւծներուն գուբը նետել տալու, Դարեհ ամբողջ օրը մտածեց թէ ի՛նչպէս կրնար ազատել զինք։ Բայց իր ջանքերը ապարդիւն մնացին։ Շատ չանցած, դաւադիրները վերադարձան եւ անամօթաբար Դանիէլի արիւնը պահանջեցին։—Դանիէլ 6։14, 15

16. (ա) Դարեհ ինչո՞ւ կը յարգէր Դանիէլի Աստուածը։ (բ) Դարեհ ի՞նչ յոյս ունէր Դանիէլի համար։

16 Դարեհ զգաց որ ձեռքէն բան մը չէր գար։ Ո՛չ կարելի էր օրէնքը չեղեալ համարել, ո՛չ ալ Դանիէլի «յանցանք»ը ներել։ Դարեհ պարզապէս կրցաւ ըսել Դանիէլի. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։ Այնպէս կը տեսնուի որ Դարեհ կը յարգէր Դանիէլի Աստուածը։ Եհովա էր որ Դանիէլի կարողութիւն տուած էր որ Բաբելոնի անկումը նախագուշակէր։ Աստուած Դանիէլի «գերազանց հոգի» ալ տուած էր, որ զինք կը զատորոշէր միւս հրամանատարներէն։ Թերեւս Դարեհ տեղեակ էր որ տասնեակ տարիներ առաջ այս նոյն Աստուածը երեք Եբրայեցի երիտասարդներ ազատած էր բորբոքած հնոցէն։ Հաւանաբար թագաւորը կը յուսար որ Եհովա Դանիէլն ալ պիտի ազատէր, քանի որ ինք չէր կրնար իր ստորագրած օրէնքը փոխել։ Ուստի, Դանիէլ առիւծներուն գուբը նետուեցաւ։c Ապա «քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի»։—Դանիէլ 6։16, 17

Դէպքերու Շշմեցուցիչ Յեղաշրջում մը

17, 18. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Դարեհ տրտում էր Դանիէլի վիճակին համար։ (բ) Յաջորդ առաւօտ, երբ թագաւորը առիւծներուն գուբը վերադարձաւ, ի՞նչ պատահեցաւ։

17 Դարեհ վշտահար վերադարձաւ իր պալատը։ Անոր առջեւ նուագածուներ չբերուեցան, քանի որ զուարճանալու տրամադրութիւն չունէր։ Ան ամբողջ գիշերը արթուն մնաց ու ծոմ պահեց։ Անոր «քունը փախաւ»։ Արշալոյսին, Դարեհ արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։ Ան տխուր ձայնով պոռաց. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։ (Դանիէլ 6։18-20) Ան ուղղակի ապշեցաւ՝ եւ միաժամանակ հանգստացաւ, երբ պատասխան մը ստացաւ։

18 «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր»։ Այս յարգալից բարեւով, Դանիէլ ցոյց տուաւ որ ինք թագաւորին դէմ թշնամական որեւէ զգացում չունէր։ Ան գիտակցեցաւ որ իր հալածանքին իրական աղբիւրը ո՛չ թէ Դարեհ, այլ՝ նախանձ հրամանատարներն ու կուսակալներն էին։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 5։44. Գործք 7։59։) Դանիէլ շարունակեց. «Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։—Դանիէլ 6։21, 22

19. Դարեհ ի՞նչպէս խաբուած ու հրամանատարներուն ու կուսակալներուն ձեռքին մէջ գործիք մը եղած էր։

19 Այս խօսքերը որքա՜ն կճած ըլլալու էին Դարեհի խիղճը։ Ան սկիզբէն գիտէր թէ Դանիէլ առիւծներուն գուբը նետուելու արժանի բան մը ըրած չէր։ Դարեհ լաւատեղեակ էր թէ հրամանատարներն ու կուսակալները դաւադրած էին, որպէսզի Դանիէլ մեռցուէր եւ թէ անոնք իրենց անձնասէր նպատակակէտերուն հասնելու համար թագաւորը գործածած էին։ Երբ անոնք պնդեցին որ «թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները» յանձնարարած էին որ այդ հրամանագիրը ելլէ, անոնք այնպէս մը հաւատացուցին որ Դանիէլի կարծիքն ալ առնուած էր այդ մասին։ Դարեհ այդ նենգամիտ մարդոց հաշիւին վերջը պիտի նայէր։ Բայց նախ, ան հրամայեց որ Դանիէլը առիւծներուն գուբէն հանուի։ Զարմանալիօրէն Դանիէլի վրայ քերթուածք մը անգամ չկար։—Դանիէլ 6։23

20. Դանիէլի նենգ թշնամիներուն ի՞նչ պատահեցաւ։

20 Հիմա որ Դանիէլ ապահով վիճակի մէջ էր, Դարեհ ուրիշ գործեր ունէր ընելիք։ «Թագաւորը հրամայեց ու Դանիէլին վրայ չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին եւ զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ յարձակեցան ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին»։d —Դանիէլ 6։24

21. Յանցագործի մը ընտանիքի անդամներուն հետ վերաբերմունքի նկատմամբ ի՞նչ տարբերութիւն մը կայ Մովսիսական Օրէնքին եւ հին մշակոյթներէն ոմանց օրէնքին միջեւ։

21 Ոչ միայն դաւադիրները, այլ նաեւ անոնց կիներն ու զաւակները սպաննել տալը կրնայ անտրամաբանօրէն անգութ թուիլ։ Ասոր հակառակը, Մովսէս մարգարէին միջոցաւ Աստուծոյ տուած Օրէնքը կը նշէր. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի»։ (Բ. Օրինաց 24։16) Սակայն, հին կարգ մը մշակոյթներու մէջ, անսովոր բան մը չէր որ ընտանիքի անդամներ յանցագործին հետ սպաննուէին, լուրջ ոճիրներու պարագային։ Թերեւս ասիկա կը կատարուէր, որպէսզի ընտանիքի անդամներ հետագային փոխվրէժի չդիմէին։ Բայց հրամանատարներուն ու կուսակալներուն ընտանիքներուն դէմ եղած այս արարքին մէջ վստահաբար Դանիէլ մատ չունէր։ Հաւանաբար, ան ցաւ զգաց իրենց ընտանիքներուն վրայ այդ ամբարիշտ մարդոց բերած չարիքին համար։

22. Դարեհ ի՞նչ նոր ծանուցում մը հրատարակել տուաւ։

22 Դաւադիր հրամանատարներն ու կուսակալները չքացան։ Դարեհ հետեւեալ ծանուցումը հրատարակել տուաւ. «Ինծմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ։ Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։—Դանիէլ 6։25-27

Անդադար Ծառայենք Աստուծոյ

23. Իր աշխարհիկ գործին նկատմամբ Դանիէլ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ մենք ի՞նչպէս կրնանք իրեն նմանիլ։

23 Դանիէլ գեղեցիկ օրինակ մըն է Աստուծոյ բոլոր արդի ծառաներուն դիմաց։ Անոր վարքը միշտ անմեղադրելի էր։ Իր աշխարհիկ գործին մէջ, Դանիէլ «հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ»։ (Դանիէլ 6։4) Նոյն կերպով, Քրիստոնեայ մը պէտք է ջանասէր ըլլայ իր գործին մէջ։ Ասիկա չի նշանակեր դաժան գործատէր մը ըլլալ, որ անյագօրէն նիւթական հարստութիւն կը հետապնդէ, կամ ընկերութեան մէջ աստիճանի բարձրացում ունենալու համար ուրիշները կը կոխկռտէ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Սուրբ Գիրքը կը պահանջէ որ Քրիստոնեայ մը իր աշխարհիկ պարտականութիւնները պարկեշտութեամբ ու սրտանց կատարէ, «որպէս թէ Տէրոջը»։—Կողոսացիս 3։22, 23. Տիտոս 2։7, 8. Եբրայեցիս 13։18

24. Դանիէլ ի՞նչպէս պաշտամունքի հարցին մէջ զիջումներ չըրաւ։

24 Իր պաշտամունքին մէջ, Դանիէլ զիջումներ չըրաւ։ Աղօթելու իր սովորութիւնը հանրապէս գիտցուած էր։ Նաեւ, հրամանատարներն ու կուսակալները լաւ գիտէին թէ Դանիէլ իր պաշտամունքը լուրջի առած էր։ Արդարեւ, անոնք համոզուած էին որ ան իր սովորութեան կառչած պիտի մնար, նոյնիսկ զայն արգիլող օրէնքի մը դիմաց։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ներկայ Քրիստոնեաներուն համար։ Անոնք ալ Աստուծոյ պաշտամունքը առաջին տեղը դնելու համբաւը կը վայելեն։ (Մատթէոս 6։33) Ասիկա շատ բացայայտ պէտք է ըլլայ դիտողներուն աչքին, քանի որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։—Մատթէոս 5։16

25, 26. (ա) Ոմանք Դանիէլի ընթացքին մասին ի՞նչ կրնան խորհիլ։ (բ) Դանիէլ իր սովորութեան մէջ փոփոխութիւն մտցնելը ինչո՞ւ համակերպումի համարժէք կը նկատէր։

25 Ոմանք կրնան ըսել որ Դանիէլ կրնար հալածանքէն խնայուիլ, եթէ 30 օր գաղտագողի աղօթէր Եհովայի։ Արդէն Աստուծմէ լսուելու համար մասնայատուկ դիրք մը կամ միջավայր մը պահանջուած չէ։ Ան նոյնիսկ սրտին խորհուրդները կը հասկնայ։ (Սաղմոս 19։14) Այսուհանդերձ, Դանիէլ համակերպումի համարժէք նկատեց իր սովորութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն մտցնելը։ Ինչո՞ւ։

26 Քանի որ Դանիէլի աղօթելու սովորութիւնը ամենուն ծանօթ էր, եթէ ան յանկարծ զայն փոխէր, մարդիկ ի՞նչ պիտի մտածէին։ Զինք դիտողները պիտի եզրակացնէին որ Դանիէլ մարդոցմէ կը վախնար եւ թէ թագաւորին հրամանագիրը Եհովայի օրէնքը գերազանցած էր։ (Սաղմոս 118։6) Բայց Դանիէլ իր արարքներով ցոյց տուաւ որ ինք բացարձակապէս Եհովան կը պաշտէր։ (Բ. Օրինաց 6։14, 15. Եսայեայ 42։8) Անշուշտ, այսպէս վարուելով Դանիէլ անյարգալից կերպով չանարգեց թագաւորին օրէնքը։ Իսկ միւս կողմէ, վախնալով զիջում ալ չըրաւ։ Դանիէլ պարզապէս շարունակեց աղօթել իր վերնատան մէջ, թագաւորին հրամանագրէն առաջ՝ «իր նախկին սովորութեանը պէս»։

27. Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները ի՞նչպէս կրնան Դանիէլի նմանիլ՝ (ա) իրենց վրայ եղող իշխանութիւններուն հնազանդելով. (բ) որպէս իշխան Աստուծոյ հնազանդելով, քան թէ մարդոց. (գ) բոլոր մարդոց հետ խաղաղութեամբ ապրիլ ջանալով։

27 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաները կրնան Դանիէլի օրինակէն դաս առնել։ Անոնք ‘իրենց վրայ եղող իշխանութիւններուն կը հնազանդին’, իրենց ապրած երկրին օրէնքներուն ենթարկուելով։ (Հռովմայեցիս 13։1) Երբ մարդուն օրէնքը Աստուծոյ օրէնքին հետ դէմ յանդիման գայ, Եհովայի ծառաները Յիսուսի առաքեալներուն դիրքը կ’որդեգրեն, որոնք խիզախօրէն ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է [«որպէս իշխան», ՆԱ], քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) Այսպէս ընելով, Քրիստոնեաները ապստամբութեան կամ ըմբոստութեան չեն նպաստեր։ Այլ, իրենց նպատակն է պարզապէս խաղաղութեամբ ապրիլ բոլոր մարդոց հետ, ‘որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարեն կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով’։—Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2. Հռովմայեցիս 12։18

28. Դանիէլ ի՞նչպէս «անդադար» ծառայեց Եհովայի։

28 Երկու առիթներով, Դարեհ ըսաւ որ Դանիէլ «անդադար» կը ծառայէր Աստուծոյ։ (Դանիէլ 6։16, 20) «Անդադար» թարգմանուած բառին Արամերէն արմատը կը նշանակէ «շուրջանակի դառնալ»։ Անիկա կը թելադրէ շարունակական շրջանակի մը գաղափարը, կամ բան մը որ յաւերժ է։ Դանիէլի ուղղամտութիւնը ասոր նման էր։ Անիկա կանխատեսուած օրինակի մը կը հետեւէր։ Հարց տալու հարկ չկար թէ Դանիէլ ի՛նչ պիտի ընէր, եթէ մեծ կամ փոքր փորձութեանց դիմաց գտնուէր։ Ան պիտի շարունակէր այն ընթացքը, որու մէջ արմատացած էր ութ տասնամեակներ առաջ. Եհովայի հանդէպ անձնուէր ու հաւատարիմ ընթացք մը։

29. Եհովայի արդի ծառաները ի՞նչպէս կրնան օգտուիլ Դանիէլի հաւատարիմ ընթացքէն։

29 Աստուծոյ արդի ծառաները կը փափաքին Դանիէլի ընթացքին հետեւիլ։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ բոլոր Քրիստոնեաները խրատեց որ վաղեմի աստուածավախ մարդոց օրինակը նկատի առնեն։ Անոնք հաւատքով «արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան» եւ հաւանաբար Դանիէլի ակնարկելով՝ «առիւծներու բերաններ գոցեցին»։ Որպէս Եհովայի արդի ծառաներ, մենք ալ Դանիէլի հաւատքը եւ յարատեւութիւնը ցուցաբերենք եւ «համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։—Եբրայեցիս 11։32, 33. 12։1

[Ստորանիշներ]

a Բաբելոնի մէջ ‘առիւծներու գուբի’ մը գոյութիւնը հաստատուած է հին գրութիւններով, որոնք ցոյց կու տան թէ Արեւելքցի կառավարիչներ յաճախ վայրի անասուններու գազանանոց մը ունէին։

b Վերնատունը անձնական սենեակ մըն էր, ուր անհատ մը կը քաշուէր, երբ կը փափաքէր ուրիշներու կողմէ չխանգարուիլ։

c Առիւծներուն գուբը ստորերկրեայ սենեակ մը ըլլալու էր, վերէն բացուածքով մը։ Հաւանաբար դռներ կամ վանդակորմեր ունէր, որոնք կը բարձրացուէին, որպէսզի անասունները ներս մտնեն։

d ‘Չարախօսութիւն ընել’ արտայայտութիւնը Արամերէն արտայայտութեան մը թարգմանութիւնն է, որ կրնայ նշանակել նաեւ «զրպարտել»։ Ասիկա կը շեշտէ Դանիէլի թշնամիներուն չարամիտ դիտաւորութիւնը։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

• Մարերու Դարեհ Թագաւորը ինչո՞ւ որոշեց բարձր դիրքի վրայ դնել Դանիէլը։

• Հրամանատարներն ու կուսակալները ի՞նչ նենգամիտ դաւադրութիւն մը սարքեցին։ Եհովա ի՞նչպէս օգնութեան հասաւ Դանիէլի։

• Դանիէլի հաւատարմութեան օրինակին ուշադրութիւն ընծայելով ի՞նչ սորվեցաք։

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 114]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 121]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 127]

Դանիէլ «անդադար» ծառայեց Եհովայի. իսկ դո՞ւք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել