-
Առիւծներու բերնէն կ’ազատուիՈւշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
-
-
7. Հրամանատարներն ու կուսակալները ի՞նչ առաջարկեցին թագաւորին, եւ ասիկա ի՞նչ կերպով ըրին։
7 Հրամանատարներու եւ կուսակալներու պատուիրակութիւն մը Դարեհի «քով հաւաքուեցաւ»։ Հոս գործածուած Արամերէն արտայայտութիւնը փոթորկալից իրարանցումի գաղափարը կու տայ։ Երեւութապէս այս մարդիկը այնպէս մը ըրին որ շատ հրատապ հարց մը պիտի ներկայացնեն Դարեհի։ Թերեւս անոնք խորհեցան որ, եթէ համոզումով եւ որպէս անմիջական քայլեր առնուելիք կերպով ներկայացնեն իրենց առաջարկը, հաւանաբար ան շատ հարցուփորձ չընէր։ Ուստի անոնք ուղղակի նիւթին անցան, ըսելով. «Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’»։a —Դանիէլ 6։6, 7
8. (ա) Դարեհ ինչո՞ւ առաջարկուած օրէնքը հրապուրիչ գտաւ։ (բ) Հրամանատարներուն ու կուսակալներուն իրական շարժառիթը ի՞նչ էր։
8 Պատմական արձանագրութիւններ կը հաստատեն թէ սովորական բան մըն էր որ Միջագետքի թագաւորները որպէս աստուած նկատուէին ու պաշտուէին։ Ուստի, անկասկած Դարեհ այս առաջարկով փաղաքշուած զգաց։ Թերեւս ան այս առաջարկին մէկ առաւելութիւնն ալ տեսաւ։ Մի՛ մոռնաք որ Բաբելոնի մէջ ապրողներուն համար, Դարեհ օտարական մը եւ նորեկ մըն էր։ Այս նոր օրէնքը որպէս թագաւոր զինք պիտի հաստատէր, եւ Բաբելոնի մէջ ապրող ժողովուրդը պիտի քաջալերէր որ նոր վարչակարգին հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնէին եւ անոր նեցուկ կանգնէին։ Սակայն այս հրամանագիրը առաջարկելու մէջ հրամանատարներն ու կուսակալները որեւէ կերպով հետաքրքրուած չէին թագաւորին բարօրութեամբ։ Անոնց իրական շարժառիթն էր Դանիէլը ծուղակը ձգել, գիտնալով որ անոր սովորութիւնն էր օրական երեք անգամ աղօթել իր Աստուծոյն, իր վերնատան բաց պատուհաններուն առջեւ։
9. Նոր օրէնքը ինչո՞ւ որեւէ խնդիր չէր յարուցաներ Հրեայ չեղող մեծամասնութեան համար։
9 Աղօթքի շուրջ այս սահմանափակումը որեւէ խնդիր պիտի յարուցանէ՞ր Բաբելոնի մէջ գտնուող կրօնական բոլոր համայնքներուն։ Հաւանաբար ոչ, մանաւանդ որ այս արգելքը միայն ամիս մը պիտի տեւէր։ Ասկէ զատ, Հրեայ չեղող շատ քիչեր որոշ ատեն մը իրենց պաշտամունքը մարդու մը ուղղելը զիջում պիտի նկատէին։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ. «Ամենակռապաշտ ազգերու համար թագաւորի–պաշտամունքը արտասովոր պահանջ մը չէր. ուստի, երբ Բաբելոնացիներէն պահանջուեցաւ որ Մարերու Դարեհ աշխարհակալին տան՝ աստուծոյ մը տրուած պատիւը, անոնք անմիջապէս ընդառաջեցին պահանջին։ Միայն Հրեան էր որ այսպիսի պահանջի մը դէմ ընդվզեցաւ»։
-
-
Առիւծներու բերնէն կ’ազատուիՈւշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
-
-
a Բաբելոնի մէջ ‘առիւծներու գուբի’ մը գոյութիւնը հաստատուած է հին գրութիւններով, որոնք ցոյց կու տան թէ Արեւելքցի կառավարիչներ յաճախ վայրի անասուններու գազանանոց մը ունէին։
-