-
Առիւծներու բերնէն կ’ազատուիՈւշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
-
-
12. (ա) Դանիէլ նոր օրէնքին մասին տեղեկանալէ ետք անմիջապէս ի՞նչ ըրաւ։ (բ) Որո՞նք գաղտագողի կը դիտէին Դանիէլը եւ ինչո՛ւ։
12 Շատ չանցած, Դանիէլ աղօթքի վրայ դրուած սահմանափակումէն տեղեակ կ’ըլլայ։ Ան իսկոյն տուն կը մտնէ եւ կ’ուղղուի իր վերնատունը, ուր պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բացուած են։b Հոն Դանիէլ կը սկսի աղօթել Աստուծոյ «իր նախկին սովորութեանը պէս»։ Դանիէլ թերեւս խորհեցաւ որ ինք առանձին էր, բայց դաւադիրները զինք կը դիտէին։ Յանկարծ անոնք «հաւաքուեցան» Դանիէլի քով, անկասկած նոյնքան աշխոյժ կերպով, որքան երբ գացած էին Դարեհի մօտ։ Ահաւասիկ իրենց աչքերով կը տեսնէին. Դանիէլ «իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր»։ (Դանիէլ 6։10, 11) Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին առջեւ Դանիէլը դատապարտելու ամէն ապացոյց ունէին։
-
-
Առիւծներու բերնէն կ’ազատուիՈւշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
-
-
b Վերնատունը անձնական սենեակ մըն էր, ուր անհատ մը կը քաշուէր, երբ կը փափաքէր ուրիշներու կողմէ չխանգարուիլ։
-