Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ան իր սխալներէն սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
    • 18, 19. ա) Յովնանին ի՞նչ պատահեցաւ ծովուն խորքերը։ բ) Ի՞նչ տեսակ կենդանի մը իրեն կը մօտենար (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ գ) Այս դէպքերուն ետին ո՞վ կար։

      18 Բայց վայրկեա՛ն մը. . . ։ Յովնան նկատեց թէ հսկայական շուք մը շարժելով իրեն կը մօտենար։ Յանկարծ մեծ բերան մը բացուեցաւ եւ զինք կլլեց։

      Յովնան ծովուն խորը կը սուզուի, մինչ մեծ ձուկ մը անոր մօտ կը լողայ

      Եհովան «մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ»

      19 Ասիկա իր վախճանը ըլլալու էր։ Բայց Յովնան ապշեցուցիչ բան մը նկատեց։ Ինք տակաւին ողջ էր. ինք ո՛չ ջախջախուած, ո՛չ մարսուած եւ ոչ ալ նոյնիսկ խեղդուած էր։ Կեանքի շունչը տակաւին իր մէջ էր, հակառակ որ կը գտնուէր տեղ մը, ուր իրաւացիօրէն կարելի էր կոչել իր գերեզմանը։ Յովնան հետզհետէ երկիւղածութեամբ լեցուեցաւ։ Անկասկած, իր Եհովա Աստուա՛ծն էր որ «մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ»c (Յովն. 1։17)։

      20. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովնանի մասին այն աղօթքէն, զոր մատուցանեց մեծ ձուկին մէջ։

      20 Մինչ վայրկեաններ եւ ժամեր կ’անցնէին, Յովնան այդ խորին մթութեան մէջ իր մտքերը հաւաքելով Եհովա Աստուծոյ աղօթեց։ Այդ աղօթքը, որ ամբողջութեամբ գրի առնուած է Յովնան գրքին երկրորդ գլուխին մէջ, շատ բան կը յայտնէ իր մասին։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Յովնան Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր, որովհետեւ յաճախ սաղմոսներէն կը մէջբերէ։ Անիկա նաեւ ցցուն կ’ընէ սրտապնդիչ յատկութիւն մը,– երախտագիտութիւն։ Յովնան եզրակացուց, ըսելով. «Ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։ Փրկութիւնը Տէրոջմէն է» (Յովն. 2։9)։

      21. Յովնան ի՞նչ սորվեցաւ փրկութեան մասին, եւ ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կրնանք յիշել։

      21 Հո՛ն, այդ ամէնէն անհաւանական տեղը,– «ձուկին փորը»,– Յովնան հասկցաւ թէ Եհովան կրնայ որեւէ տեղ եւ որեւէ ատեն փրկել ոեւէ անհատ։ Նոյնիսկ հոն, Եհովան գտաւ եւ ազատեց իր թշուառ ծառան (Յովն. 1։17)։ Միայն Եհովա՛ն կրնար երեք օր ու երեք գիշեր Յովնանը մեծ ձուկի մը փորին մէջ ողջ–առողջ պահել։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ Եհովա՛ն է «այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ» (Դան. 5։23)։ Իրեն կը պարտինք մեր գոյութիւնը եւ իւրաքանչիւր շունչը։ Ասոր համար երախտապա՞րտ ենք։ Եթէ այո՛, ուրեմն պէտք չէ՞ հնազանդինք իրեն։

      22, 23. ա) Յովնանի երախտագիտութիւնը ինչպէ՞ս շուտով փորձի տակ դրուեցաւ։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովնանէն, երբ հարցը կը վերաբերի մեր սխալներ գործելուն։

      22 Իսկ Յովնան սորվեցա՞ւ Եհովայի հանդէպ երախտագիտութիւն յայտնել՝ հնազանդութիւն ցոյց տալով։ Այո, սորվեցաւ։ Երեք օր ու երեք գիշեր ետք, ձուկը զինք ծովափ բերաւ եւ «ցամաքը փսխեց» (Յովն. 2։10)։ Պատկերացուր. . . այս բոլոր դէպքերէն ետք, Յովնան նոյնիսկ լողալու պէտք չունեցաւ ծովափ հասնելու համար։ Իրեն կը մնար ճամբան գտնել այդ ծովեզերքէն դուրս գալու համար։ Շատ չանցած, սակայն, իր երախտագիտութեան հոգին փորձի ենթարկուեցաւ։ Յովնան 3։1, 2–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. ‘Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ’»։ Ան ի՞նչ պիտի ընէր։

  • Ան իր սխալներէն սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
    • c Եբրայերէն «ձուկ» բառը՝ յունարէնով թարգմանուած է «ծովային հրէշ» կամ «վիթխարի ձուկ»։ Թէեւ չենք կրնար նշել թէ ի՛նչ ծովային կենդանի էր ատիկա, սակայն ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են թէ Միջերկրական ծովուն մէջ կան այնպիսի մեծ շանաձուկեր, որոնք կրնան մարդը ամբողջութեամբ կլլել։ Աւելի մեծ շանաձուկեր ալ գոյութիւն ունին, ինչպէս՝ կէտանման շանաձուկը, որուն երկայնութիւնը կրնայ աւելի քան 15 մեթրի հասնիլ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել