Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
    • 8 Թագաւորը նոյնպէս զղջաց, երբ լսեց Յովնանի յայտարարութիւնը։ Աստուածավախութեամբ լեցուած ըլլալով, թագաւորը իր գահէն ելաւ, արքայական հանդերձը հանեց, ժողովուրդին պէս անհանգիստ հագուստներ հագաւ եւ նոյնիսկ «մոխիրի վրայ նստաւ»։ Իր «մեծամեծներուն»՝ ազնուականներուն հետ միասին, թագաւորը արձակեց հրաման մը, որ ժողովուրդին ծոմապահութիւնը պաշտօնականացուց։ Ան հրամայեց որ ամէն մարդ, մինչեւ իսկ իրենց ընտանի անասունները, քուրձով ծածկուէինb։ Թագաւորը խոնարհաբար ընդունեց, որ իր ժողովուրդը յանցաւոր էր չարութեամբ եւ վայրագութեամբ։ Յայտնելով իր յոյսը, թէ ճշմարիտ Աստուածը ողորմութիւն պիտի ցուցաբերէր, եթէ իրենց զղջումը տեսնէր։ Ուստի թագաւորը ըսաւ. «Թերեւս Աստուած իր բորբոքած բարկութիւնը կասեցնէ, ու չկորսուինք» (Յովն. 3։6-9)։

  • Ան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
    • b Թերեւս այս մանրամասնութիւնը տարօրինակ թուի քեզի, բայց այսպիսի բաներ պատահած են վաղեմի ժամանակներուն։ Օրինակ, յոյն պատմաբան Հերոդոտոս նշած է, թէ վաղեմի պարսիկները համբաւաւոր զօրապետի մը մահուան համար սուգ ըրին, իրենց անասունները պարփակելով սուգի արարողութիւններուն մէջ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել