Աստուծոյ արդարութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք
«Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, որպէս զի քու ապաւէնդ [«վստահութիւնդ», ՆԱ] Տէրը ըլլայ»։—ԱՌԱԿԱՑ 22։19
1, 2. (ա) Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ Եհովայի կը վստահին։ (Առակաց 22։19) (բ) Ի՞նչ բան կը նշէ թէ կարգ մը անհատներ Եհովայի վրայ իրենց վստահութիւնը զօրացնելու կարիքը ունին։
ՃՇՄԱՐԻՏ Քրիստոնեաները Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալու օրհնութիւնը ունին։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը սիրալիր կերպով իրենց ‘ատենին կերակուր’ կու տայ։ (Մատթէոս 24։45) Անոնց ձեռք ձգած գիտութիւնը, Աստուծոյ վրայ վստահութիւն կերտելու զօրաւոր հիմ կը ծառայէ։ Հետեւաբար, որպէս խումբ մը, Եհովայի Վկաները ուշագրաւ վստահութիւն մը կը ցուցաբերեն Եհովայի եւ իր արդարութեան հանդէպ։
2 Սակայն, այնպէս կը թուի որ կարգ մը Վկաներ այսպիսի վստահութիւն զարգացնելու կարիքը ունին։ Ընկերութիւնը երբեմն նամակներ կը ստանայ, որոնք գրականութիւններու մէջ տրուած բացատրութիւններու մասին անորոշութիւն կը յայտնեն։ Այս կասկածները կրնան հասկացողութեան մէջ վերաճշդումներու մասին ըլլալ, կամ այնպիսի հարցեր ըլլալ, որոնք հարց տուողին հետ սերտօրէն առնչութիւն ունին, մանաւանդ զգացական գետնի վրայ։—Բաղդատել՝ Յովհաննու 6։61, 62։
3. Նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն ի՞նչ կրնայ պատահիլ եւ ինչո՛ւ։
3 Նոյնիսկ Եհովայի ճշմարիտ ծառաները Ժողովողի 9։11–ի փորձառութիւնը կ’ունենան. «Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, թէ ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ ճշմարիտ ըլլալ աւելի ընդլայնուած կամ հոգեւոր առումով։ Թերեւս ճանչցած ենք Քրիստոնեաներ, որոնք Աստուածաշունչի խրատը գործադրելու մէջ արագ, ճշմարտութիւնը պաշտպանելու մէջ կարող, Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու մէջ իմաստուն եւ ճշգրիտ գիտութիւն հետապնդելու մէջ նախանձախնդիր էին։ Սակայն՝ ‘ժամանակի ու դիպուածի’ պատճառաւ, ոմանք ներկայիս կաշկանդուած կը զգան արկածի կամ յառաջացած տարիքի պատճառաւ։ Անոնք հարց կու տան որ պիտի կարենա՞ն Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնել՝ առանց մահ ճաշակելու։
4, 5. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եհովայի արդարութեան հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցնելու պատճառ մը չունին։
4 Երբ Քրիստոնեայ մը իր կողակիցը կորսնցնէ, վիշտը եւ կորուստը շատ մեծ կ’ըլլայ։ Թերեւս որպէս զոյգ միասնաբար Եհովայի ծառայած էին երկար տարիներ։ Ողջ մնացող կողակիցը գիտէ որ մահը վերջ կը դնէ ամուսնական կապին։a (Ա. Կորնթացիս 7։39) Արդ, իր վստահութիւնը չնուազելու համար, ան իր զգացումները պէտք է զսպէ։—Բաղդատել՝ Մարկոս 16։8։
5 Որքա՜ն իմաստութիւն է կողակիցի, ծնողի, զաւկի կամ Քրիստոնեայ մտերիմ բարեկամի մը մահը, Եհովայի արդարութեան հանդէպ վստահութիւն ցոյց տալու առիթ նկատել։ Նոյնիսկ երբ անհատապէս կորուստներու կ’ենթարկուինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա անիրաւ չէ։ Վստահ կրնանք ըլլալ թէ յաւիտենական կեանքի արժանի եղող իւրաքանչիւր անհատ ուրախ պիտի ըլլայ. անիկա ըլլայ յարութեամբ թէ աշխարհի վախճանէն վերապրելով։ Սաղմոսերգուն Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։ Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։ Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք»։—Սաղմոս 145։16-19
Անտեղիօրէն Տառապած Ըլլալու Զգացումը
6, 7. (ա) Անցեալին տառապած կարգ մը Վկաներ ինչո՞ւ թերեւս տարբեր հասկացողութիւն մը ունին ներկայիս։ (բ) Անցեալին այսպիսի տառապանք թոյլատրած ըլլալուն համար ինչո՞ւ Եհովան անարդար պէտք չէ նկատենք։
6 Անցեալին, կարգ մը Վկաներ տառապած են մասնակցութիւն չբերելու համար բանի մը մէջ, որ հիմա թերեւս իրենց խղճմտանքը կը թոյլատրէ։ Օրինակ, ասիկա կրնայ ըլլալ տարիներ առաջ քաղաքացիական ծառայութեան որոշ տեսակի ընտրութեան առնչութեամբ։ Եղբայր մը հիմա թերեւս խորհի որ խղճմտօրէն կրնար կատարել այդպիսի ծառայութիւններ, իրերու ներկայ դրութեան նկատմամբ իր չէզոքութիւնը առանց ոտնակոխ ընելու։
7 Եհովայի կողմէ անարդարութի՞ւն էր թոյլ տալ որ ան տառապի այն բանին համար որ հիմա կրնայ ընել առանց աննպաստ հետեւանքի։ Այդ փորձառութենէն անցնողներուն մեծամասնութիւնը այդպէս չի մտածեր։ Ընդհակառակը, անոնք ուրախ են որ առիթ ունեցան հանրապէս ու բացայայտօրէն ցոյց տալու որ վճռած են տիեզերական գերիշխանութեան հարցին կողմը հաստատ դիրք բռնել։ (Բաղդատել՝ Յոբայ 27։5։) Անհատ մը ի՞նչ պատճառ ունի զղջալու Եհովայի համար դիրք բռնելու մէջ իր խղճին հնազանդած ըլլալուն համար։ Հաւատարմօրէն ջատագովելով քրիստոնէական սկզբունքները իրենց հասկացողութեան համաձայն, կամ խղճի ձայնին ընդառաջելով, անոնք Եհովայի բարեկամութեան արժանացան։ Վստահաբար, իմաստութիւն է խուսափիլ ընթացքէ մը որ կրնայ խանգարել մէկու մը խիղճը կամ ուրիշներու գայթակղութեան պատճառ ըլլալ։ Այս ուղղութեամբ, կրնանք Պօղոս առաքեալի օրինակին մասին մտածել։—Ա. Կորնթացիս 8։12, 13. 10։31-33
8. Նախապէս Օրէնքին կապուած Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներ ինչո՞ւ պատճառ չունէին Եհովայի արդարութիւնը հարցի տակ դնելու։
8 Հրեաները Եհովան հաճեցնելու համար իրենցմէ պահանջուած էր Տասը Պատուիրանները, ինչպէս նաեւ շուրջ 600 յաւելեալ ու այլազան օրէնքներ պահել։ Հետագային, քրիստոնէական կարգադրութեան ներքեւ, Եհովայի ծառայելու համար այլեւս պահանջուած չէր այդ օրէնքներուն հնազանդիլ, նոյնիսկ մարմնաւոր Հրեաներուն համար։ Թլփատութիւնը, Շաբաթը պահելը, անասնական զոհեր մատուցանելը, եւ սննդականոնի կարգ մը արգելքներ պահելը մաս կը կազմէին այն օրէնքներուն, որոնց հարկադրանքի տակ չէին այլեւս։ (Ա. Կորնթացիս 7։19. 10։25. Կողոսացիս 2։16, 17. Եբրայեցիս 10։1, 11-14) Քրիստոնեայ դարձած Հրեաները, մէջը ըլլալով առաքեալները, օրէնքները պահելու հարկադրանքէն արձակուած էին, որոնց կը հնազանդէին Օրէնքի ուխտին ներքեւ իրենց գտնուած ժամանակ։ Անոնք գանգատեցա՞ն որ Աստուծոյ կարգադրութիւնը անիրաւ էր նախապէս իրենցմէ պահանջելով այն բաները որոնք այլեւս անհրաժեշտ չէին։ Ո՜չ, անոնք Եհովայի նպատակներուն աւելի ընդարձակուած հասկացողութիւնը ունենալով՝ ուրախացան։—Գործք 16։4, 5
9. Կարգ մը Վկաներու ի՞նչ պատահած է, իսկ ասոր համար ինչո՞ւ զղջալու պատճառ չունին։
9 Արդի ժամանակներուն, կարգ մը Վկաներ շատ խիստ եղած են՝ ինչ բաներ կարելի է ընել կամ կարելի չէ ընել՝ իրենց տեսակէտին մէջ։ Այդ պատճառաւ, անոնք ուրիշներէն աւելի տառապած են։ Հետագային, յաւելեալ գիտութիւնը անոնց օգնեց որ հարցերը աւելի լայն կերպով դիտեն։ Բայց անոնք պատճառ չունին զղջալու որ նախապէս իրենց խղճին համաձայն գործեցին, նոյնիսկ երբ ասիկա յաւելեալ տառապանք բերաւ իրենց վրայ։ Իրապէս գովելի է որ անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութեան համար տառապելու յօժարակամութիւն ցոյց տուին, «ասիկա աւետարանին համար» ընելով։ Եհովա կ’օրհնէ այդպիսի աստուածպաշտութիւն։ (Ա. Կորնթացիս 9։23. Եբրայեցիս 6։10) Պետրոս առաքեալ ներատեսութեամբ գրեց. «Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է»։—Ա. Պետրոս 2։20
Յովնանէն Դաս Առնենք
10, 11. Յովնան ի՞նչպէս Եհովայի վրայ վստահութեան պակաս ցոյց տուաւ՝ (ա) երբ Նինուէ երթալու նշանակում ստացաւ. (բ) երբ Աստուած Նինուէն չկործանեց։
10 Երբ Յովնանի ըսուեցաւ որ Նինուէ երթայ, ան իր վրայ դրած Եհովայի վստահութեան հանդէպ գնահատութեան պակաս ցոյց տուաւ։ Չհնազանդելուն որպէս հետեւանք ահաւոր փորձառութիւն մը ունենալէ ետք, Յովնանի խելքը գլուխը եկաւ, իր սխալին անդրադարձաւ, օտար երկրի մէջ իր նշանակումը ընդունեց եւ մօտալուտ կործանման մասին Նինուէցիները զգուշացուց։ Ապա չակնկալածը գլուխը եկաւ. Նինուէցիները զղջում յայտնելով, Եհովա որոշեց կործանումը չբերել։—Յովնանու 1։1–3։10
11 Ի՞նչ եղաւ Յովնանի հակազդեցութիւնը։ Յուսախաբ եղած, ան իր աղօթքին մէջ գանգատ ներկայացուց։ Իր վշտին բուն պատճառը հետեւեալն էր. ‘Ես երեւակայեցի որ այսպէս պիտի ըլլար։ Անոր համար սկիզբը չուզեցի Նինուէ գալ։ Հիմա որ այս բոլորը գլխուս եկան, ի միջի այլոց, մեծ ձուկի մը կողմէ կլլուելու ահն ու նուաստացումը, եւ մօտալուտ կործանումին մասին Նինուէցիները ազդարարելու ծանր գործէն ետք, ա՞յս է արդիւնքը։ Ամբողջ գործս եւ տառապանքս պարապի ելան։ Կը նախընտրէի մեռնի՜լ’։—Յովնանու 4։1-3
12. Յովնանի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
12 Յովնան գանգատելու վաւերական պատճառ մը ունէ՞ր։ Եհովա անիրա՞ւ էր զղջացող յանցագործներուն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տալով։ Իրականութեան մէջ Յովնան պէտք էր ուրախանար. տասնեակ հազարաւոր անհատներ կործանումէ պիտի խնայուէին։ (Յովնանու 4։11) Բայց իր անյարգալից, գանգատող կեցուածքը ցոյց տուաւ որ ինք Եհովայի արդարութեան հանդէպ խոր վստահութիւն չունէր։ Ան շատ աւելի ինքն իր մասին կը մտածէր եւ շատ քիչ՝ ուրիշներուն մասին։ Յովնանէն դաս առնենք եւ մեր անձն ու անձնական զգացումները երկրորդական դասենք։ Համոզուած ըլլանք որ Եհովայի հնազանդիլը, իր կազմակերպութեան միջոցաւ տրուած առաջնորդութիւնը եւ իր որոշումները ընդունիլը՝ ընելիք շիտակ բանն է։ Մենք համոզուած ենք որ «բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն . . . պիտի ըլլայ»։—Ժողովողի 8։12
Մեր Վստահութիւնը Զօրացնելու Ժամանակը Հի՛մա Է
13. Բոլորս ալ ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի վրայ մեր վստահութիւնը զօրացնել։
13 Եհովայի վրայ մեր վստահութիւնը զօրացնելը իմաստուն ընթացք մըն է։ (Առակաց 3։5-8) Անշուշտ, չի բաւեր պարզապէս աղօթել որ Եհովա մեզի օգնէ որ աւելի վստահութիւն ունենանք։ Վստահութիւնը՝ ճշգրիտ գիտութեամբ կ’աճի, հետեւաբար մեր առօրեայ կեանքին մաս պէտք է կազմէ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը, կարդալով թէ՛ Աստուածաշունչը եւ թէ Աստուածաշունչը բացատրող գրականութիւնները։ Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը, ինչպէս նաեւ կարելի եղած չափով լաւ պատրաստութիւնն ու մասնակցութիւնը՝ կենսական է։ Առարկութիւնները փափկանկատութեամբ յաղթահարելով Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուրիշներուն հետ բաժնելու սովորութիւնն ալ Եհովայի ու իր Խօսքին վրայ մեր վստահութիւնը կը խորացնէ։ Մեր առօրեայ կեանքին մէջ զինք աւելի շատ պարփակած կ’ըլլանք։
14. Մօտ ատենէն Աստուծոյ ծառաներէն ինչո՞ւ պիտի պահանջուի որ որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ վստահութիւն դնեն Եհովայի վրայ։
14 Մօտ ապագային, մարդկութեան վրայ յանկարծ պիտի գայ աննախընթաց մեծագոյն նեղութիւն մը։ (Մատթէոս 24։21) Երբ անիկա պատահի, Աստուծոյ ծառաները որեւէ ժամանակէ աւելի վստահութիւն պէտք է ցուցաբերեն Եհովայի արդարութեան եւ իր կազմակերպութեան կողմէ հայթայթուած առաջնորդութեան հանդէպ։ Այլաբանական առումով, այն ատեն անոնք վստահութեամբ պիտի հնազանդին Աստուծոյ հրամանին. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի»։ (Եսայեայ 26։20) Անոնք արդէն 232 երկիրներու մէջ աւելի քան 85,000 ժողովքներու պաշտպանողական միջավայրին մէջ մտած են։ «Քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր» հրամանը յաւելեալ ինչ բան ալ պարունակէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզի պիտի օգնէ անիկա կատարելու։
15. 1998–ի ընթացքին, վստահութեան հարցին վրայ ի՞նչպէս շեշտ դրուեցաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ տեղին էր։
15 Ուստի պայմա՛ն է որ հիմակուընէ զօրացնենք մեր վստահութիւնը։ Անկարելի պիտի ըլլայ վերապրիլ առանց մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն, Եհովայի կազմակերպութեան եւ մանաւանդ՝ Եհովայի վրայ, վստահութիւն ունենալու։ Ուստի, որքա՛ն տեղին է որ 1998–ի ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները իրենց տարուան համարով յաճախ վերյիշեցին որ՝ «Ով որ Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ (Հռովմայեցիս 10։13) Մենք պէտք է շարունակենք ասկէ վստահ ըլլալ։ Եթէ զգանք որ այս վստահութիւնը նոյնիսկ չնչին չափով մը կորսնցուցած ենք, հի՛մա, այո, այսօր իսկ զայն սրբագրելու պէտք է նայինք։
Եհովայի Դատաստանը Արդար Պիտի Ըլլայ
16. Վստահութեան ի՞նչ կը պատահի եթէ չմշակուի, եւ ասոր ի՞նչպէս կրնանք արգելք հանդիսանալ։
16 Եբրայեցիս 3։14–ի մէջ, օծեալ Քրիստոնեաներուն հետեւեալ ազդարարութիւնը տրուած է. «Քանզի մենք Քրիստոսին մասնակից եղած ենք, միայն թէ այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք»։ Սկզբունքով, այս խօսքերը կիրարկելի են նաեւ երկրային յոյս ունեցողներուն։ Եթէ մեր վստահութիւնը չմշակենք, սկզբնական վստահութիւնը կրնայ մաշիլ։ Շատ կենսական է որ հիմա ճշգրիտ գիտութեան ետեւէ ըլլանք, եւ այսպիսով զօրացնենք այն հիմը, որու վրայ հաստատուած է մեր վստահութիւնը։
17. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ վերապրումի հարցին մէջ Յիսուս շիտակ կերպով պիտի դատէ։
17 Շատ շուտով, բոլոր ազգերը քննութենէ պիտի անցնին Քրիստոսի կողմէ, որպէսզի կարենայ մարդիկը ‘իրարմէ զատել, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ’։ (Մատթէոս 25։31-33) Կրնանք վստահ ըլլալ որ Քրիստոս արդարութեամբ պիտի դատէ վերապրելու արժանի եղողները։ Եհովա իրեն տուած է իմաստութիւն, ներատեսութիւն եւ ուրիշ անհրաժեշտ որակումներ, որպէսզի «աշխարհս արդարութեամբ . . . դատէ»։ (Գործք 17։30, 31) Թող որ մենք ալ Աբրահամի համոզումը ունենանք որ ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, [Եհովա] որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։—Ծննդոց 18։25
18. Ներկայիս մեր չգիտցած բաներուն մասին ինչո՞ւ չափազանցօրէն պէտք չէ մտահոգուինք։
18 Եհովայի արդարութեան վրայ կատարեալ վստահութիւն ունենալով, հարկ պիտի չունենաք հետեւեալին նման հարցումներուն պատասխաններով մտահոգուելու. ‘Մանուկներն ու երախաները ի՞նչպէս պիտի դատուին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մինչեւ որ Արմագեդոնը գայ, տակաւին մեծ թիւով անհատներու բարի լուրը հասած չըլլայ։ Մտային խանգարում ունեցողներուն ի՞նչ պիտի պատահի։ Ի՜սկ . . . ’։ Ճիշդ է որ ներկայիս չենք գիտեր թէ Եհովա այս հարցերը ի՛նչպէս պիտի լուծէ։ Սակայն ասիկա արդար ու ողորմած կերպով պիտի ընէ։ Ասոր վրայ բնաւ կասկած պէտք չէ ունենանք։ Իրականութեան մէջ, հիացմունքով եւ հաճոյքով պիտի տեսնենք թէ Եհովա զանոնք կը լուծէ, այնպիսի կերպով մը որ բնաւ մեր մտքէն իսկ չէր անցած։—Բաղդատել՝ Յոբայ 42։3. Սաղմոս 78։11-16. 136։4-9 Մատթէոս 15։31. Ղուկաս 2։47։
19, 20. (ա) Ինչո՞ւ սխալ չէ տրամաբանական հարցումներ հարցնել։ (բ) Եհովա ե՞րբ հարկ եղած պատասխաններ պիտի հայթայթէ։
19 Եհովայի կազմակերպութիւնը անկեղծ, ժամանակայարմար հարցումներու դէմ չէ, ինչպէս կարգ մը հակառակորդներ սխալ կերպով կը դաւանին։ (Ա. Պետրոս 1։10-12) Սակայն, Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ որ յիմար, կամ ենթադրական հարցումներէ զգուշանանք։ (Տիտոս 3։9) Տրամաբանական հարցումներ հարցնելը եւ Աստուծոյ Խօսքին եւ քրիստոնէական գրականութիւններուն մէջ սուրբ գրային պատասխաններ փնտռելը կ’օգնէ որ ճշգրիտ գիտութեան մէջ աճինք եւ այս կերպով Եհովայի վրայ մեր վստահութիւնը զօրացնենք։ Կազմակերպութիւնը Յիսուսի օրինակին կը հետեւի։ Ան չպատասխանեց կարգ մը հարցումներու, որոնց պատասխանելու ժամանակը հասած չէր տակաւին։ Ան բացատրեց. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ»։ (Յովհաննու 16։12) Ան նոյնիսկ ընդունեց որ այդ ժամանակ կարգ մը բաներ ինք իսկ չէր գիտեր։—Մատթէոս 24։36
20 Եհովա տակաւին յայտնելիք շատ բան ունի։ Որքա՜ն իմաստութիւն է իրեն սպասել, վստահ ըլլալով որ իր նպատակները ճիշդ ժամանակին պիտի յայտնաբերէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ անգամ մը որ Եհովայի յարմար ժամանակը գայ, իր ճամբաներուն մասին յաւելեալ ներատեսութիւն ունենալու ուրախութիւնը պիտի վայելենք։ Այո, Եհովայի ու իր գործածած կազմակերպութեան վրայ բացարձակ վստահութիւն ունենալով, պիտի վարձատրուինք։ Առակաց 14։26–ը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան»։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1967, էջ 638. 1 Յունիս 1987, էջ 30 (Անգլերէն)։
Ի՞նչ կը Խորհիք
◻ Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ թոյլ տալ որ մեր զգացումները Եհովայի վրայ մեր վստահութիւնը նսեմացնեն։
◻ Յովնանի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլը ինչո՞ւ շատ կարեւոր են։
[Նկար՝ էջ 15]
Նոյնիսկ երբ անհատապէս կորուստներու կ’ենթարկուինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա արդար է
[Նկար՝ էջ 16]
Վստա՞հ էք որ Եհովայի կը վստահիք