Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2-8
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 7-9
«Եհովան կ’օրհնէ անհամար մեծ բազմութիւն մը»
(Յայտնութիւն 7։9) Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած։
Անհամար Մեծ Բազմութիւն մը
12 Ի՞նչպէս գիտենք թէ մեծ բազմութեան ‘աթոռին առջեւ կեցած’ ըլլալը չի նշանակեր որ անոնք երկինքն են։ Ասիկա ապացուցանող շատ փաստեր կան։ Օրինակ, հոս «առջեւ» թարգմանուած Յունարէն բառը (է·նո՛բի·ոն) բառացիօրէն կը նշանակէ «աչքին առջեւ», եւ շատ անգամ գործածուած է երկրի վրայ մարդոց կապակցաբար, որոնք Եհովայի «առջեւ» կամ անոր «աչքին առջեւ» են։ (Ա. Տիմոթէոս 5։21. Բ. Տիմոթէոս 2։14. Հռովմայեցիս 14։22, ՆԱ. Գաղատացիս 1։20, ՆԱ) Առիթով մը, երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ էին, Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ըսէ՝ ‘Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք. վասն զի ձեր տրտունջը լսեցի’»։ (Ելից 16։9) Իսրայելացիները երկինք փոխադրուելու կարիքը չունէին, այդ առիթով Եհովայի առջեւ կայնելու համար։ (Համեմատել՝ Ղեւտացւոց 24։8) Այլ, անոնք հո՛ն, անապատին մէջ, Եհովայի աչքին առջեւ կայնեցան եւ իր ուշադրութիւնը անոնց վրայ էր։
13 Ասկէ զատ, կը կարդանք. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ . . . անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը»։ Մարդկային ամբողջ ցեղը երկինք պիտի չըլլայ այս մարգարէութեան կատարման ժամանակ։ Անոնք որոնք «յաւիտենական բնաջնջումի» պիտի երթան, վստահաբար երկինքի մէջ չեն։ (Մատթէոս 25։31-33, 41, 46, ՆԱ) Այլ, մարդիկ երկրի վրայ Յիսուսի աչքին առջեւ կը կենան, եւ ան իր ուշադրութիւնը անոնց վրայ կը դարձնէ դատաստանի համար։ Նոյն կերպով, մեծ բազմութիւնը «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ» է, այն առումով որ անոնք Եհովայի եւ իր Թագաւորին Քրիստոս Յիսուսի աչքին առջեւ են եւ անոնցմէ նպաստաւոր վճիռ մը կը ստանան։
Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները եղէք
12 Այս հարցումին առ ի պատասխան, Յովհաննէս առաքեալ յաջորդ գլուխին մէջ մեծ նեղութենէն եկող մեծ բազմութեան անդամները կը նկարագրէ որպէս՝ «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցած»։ (Յայտնութիւն 7։9, 14, 15) Աստուծոյ աթոռին առջեւ անոնց կեցած ըլլալը ցոյց կու տայ որ անոնք կ’ընդունին այդ աթոռը եւ լիովին կ’ենթարկուին Եհովայի գերիշխանութեան։ Ուստի, անոնք ընդունելի կեցուածք մը ունին։
(Յայտնութիւն 7։14) Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր իմ, դուն գիտես»։ Ըսաւ ինծի. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին։
it-2 1127 ¶4
Նեղութիւն
Երուսաղէմի կործանումէն շուրջ երեք տասնամեակ ետք, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն եղող մեծ բազմութեան մը նկատմամբ հետեւեալը ըսուեցաւ Յովհաննէս առաքեալին. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները» (Յայտ. 7։13, 14)։ Մեծ բազմութիւնը ‘մեծ նեղութենէն կու գայ’։ Ասիկա կը ցուցնէ որ անոնք մեծ նեղութենէն պիտի վերապրին։ Գործք 7։9, 10–ը ասիկա կը վստահեցնէ. «Աստուած [Յովսէփին] հետ էր ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն»։ Իր բոլոր նեղութիւններէն փրկուիլը ոչ միայն նշանակեց որ ան կարողացաւ ատոնց տոկալ, հապա նաեւ վերապրեցաւ իր նեղութիւններէն։
(Յայտնութիւն 7։15-17) Անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։ 16 Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. 17 վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն։
it-1 996-997
Մեծ բազմութիւն
Անոնց ինքնութիւնը. Յայտնութեան 7–րդ գլուխին եւ ուրիշ հատուածներու նկարագրութիւններուն միջոցաւ կրնայ գիտցուիլ «մեծ բազմութեան» ինքնութիւնը։ Յայտնութիւն 7։15-17–ը կ’ըսէ, թէ Աստուած «իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ», թէ անոնք «կենդանի ջուրերու աղբիւրները» պիտի առաջնորդուին եւ թէ «Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ Յայտնութիւն 21։2-4–ին մէջ նման արտայայտութիւններ կը գտնենք, ինչպէս՝ «Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ» պիտի ըլլայ, Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» եւ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։ Յայտնութեան 21–րդ գլուխին տեսիլքը երկրի վրայ մարդկութեան մասին է, եւ ոչ թէ այն մարդոց մասին՝ որոնք երկինքն են, ուրկէ ‘նոր Երուսաղէմը կ’իջնէ’։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յայտնութիւն 7։1) Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ։
Աստուծոյ Իսրայէլին Կնքումը
3 Եհովա իր սաստիկ բարկութիւնը թափելէ առաջ, երկնային հրեշտակները մասնաւոր ծառայութիւն մը կը կատարեն։ Արդ, Յովհաննէս տեսիլքին մէջ ասիկա կը տեսնէ. «Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ»։ (Յայտնութիւն 7։1) Ասիկա ներկայիս ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։ Այս «չորս հովերը» վառ կերպով կը խորհրդանշեն այն կործանարար դատաստանը, որ երկրային ամբարիշտ ընկերութեան անհանդարտ «ծով»ու նմանող անօրէն մարդկութեան, եւ երկրի ժողովուրդներէն օգնութիւն եւ ոյժ ստացող ծառանման կառավարիչներու վրայ արձակուելու վրայ է։—Եսայեայ 57։20. Սաղմոս 37։35, 36
4 Անկասկած այս չորս հրեշտակները կը ներկայացնեն հրեշտակային չորս խումբեր, զորս Եհովա կը գործածէ, որպէսզի դատաստանի գործադրումը ետ պահէ մինչեւ որոշուած ժամանակը։ Երբ հրեշտակները ձգեն որ Աստուծոյ բարկութեան հովերը փչեն հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն, կործանումը ահաւոր պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի նմանի՝ բայց աւելի ապշեցուցիչ տարողութեամբ՝ վաղեմի Եղամացիները ցրուելու, կոտորելու եւ ոչնչացնելու համար Եհովայի գործածած հովին։ (Երեմեայ 49։36-38) Անիկա հսկայական մրրիկ մը պիտի ըլլայ, Ամմոնի ազգը բնաջնջելու համար Եհովայի հանած «փոթորիկ»էն շատ աւելի կործանարար։ (Ամովսայ 1։13-15) Երկրի վրայ Սատանայի կազմակերպութեան ո՛չ մէկ մասը պիտի կարենայ կայնիլ Եհովայի սրտմտութեան օրը, երբ ան յաւիտեան իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ։—Սաղմոս 83։15, 18. Եսայեայ 29։5, 6
(Յայտնութիւն 9։11) Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն։
Առաջին Վայը. Մարախներ
6 Երուսաղէմի կործանումէն շուրջ 26 տարիներ ետք գրուած Յայտնութիւն գիրքն ալ կը նկարագրէ այդ պատուհասը։ Անիկա յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւն կը բերէ Յովէլի մարգարէութեան վրայ։ Յովհաննէսի արձանագրութիւնը նկատի առնենք. «Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 9։1) Այս «աստղ»ը Յայտնութիւն 8։10–ի մէջ Յովհաննէսի տեսած ինկող աստղէն տարբեր է։ Ան կը տեսնէ ‘երկնքէն ինկած աստղ մը’ եւ այժմ երկրի նկատմամբ ան նշանակում մը ունի։ Ասիկա հոգեղէ՞ն թէ մարմնեղէն արարած մըն է։ Կ’ըսուի որ «անդունդի գուբին բանալին» ունեցողը հետագային Սատանան «անդունդ»ը կը ձգէ։ (Յայտնութիւն 20։1-3) Ուստի, ան հոգեղէն հզօր անհատ մը պէտք է ըլլայ։ Յայտնութիւն 9։11–ի մէջ Յովհաննէս կ’ըսէ որ մարախները «իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը»։ Այս երկու համարներն ալ նոյն անհատին ակնարկելու են, քանի որ տրամաբանական է որ անդունդին բանալին ունեցող հրեշտակը ի՛նք ըլլայ անդունդին հրեշտակը։ Իսկ աստղը պէտք է խորհրդանշէ Եհովայի նշանակած Թագաւորը, քանի որ օծեալ Քրիստոնեաները միայն մէկ հրեշտակային Թագաւոր կը ճանչնան, Յիսուս Քրիստոսը։—Կողոսացիս 1։13. Ա. Կորնթացիս 15։25
Առաջին Վայը. Մարախներ
20 Փոխանակ Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները կը նախընտրեն Սատանայի աշխարհին հետ մնալ։ Անոնք ոչ մէկ գործ կ’ուզեն ունենալ մարախներու խումբին եւ անոնց Թագաւորին հետ։ Յովհաննէս այդ մարախներուն մասին կ’ըսէ. «Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն [որ կը նշանակէ՝ «Կործանում»] եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն [որ կը նշանակէ՝ «Կորուսիչ»]»։ (Յայտնութիւն 9։11) Յիսուս որպէս «անդունդին հրեշտակը» եւ «Կորուսիչ», իրապէս հարուածող վայ մը բերաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ։ Բայց տակաւին չէ վերջացած։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 93
ՈՐԴԻՆ ՄԱՐԴՈՅ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏՆՈՒԻ
• ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ
• Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԵՐԲ ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՅՏՆՈՒԻ
Մինչ Յիսուս դեռ Սամարիայի կամ Գալիլիայի մէջ է, փարիսեցիները իրեն կը հարցնեն Թագաւորութեան գալուն մասին։ Անոնք կը կարծեն որ ատիկա մեծ ու փառաւոր արարողութեամբ պիտի գայ։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։ Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է [«ձեր մէջ կը գտնուի», ՆԹ]» (Ղուկաս 17։20, 21)։
Ոմանք թերեւս եզրակացնեն որ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ ծառաներուն սրտին մէջ կ’իշխէ։ Բայց պարագան այդպէս չէ, քանի որ չի կրնար ըլլալ որ Թագաւորութիւնը գտնուի փարիսեցիներուն սրտին մէջ, որոնց Յիսուս կը խօսի։ Բայց ատիկա անոնց մէջ կը գտնուի, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս, ճիշդ իրենց մէջ կը գտնուի (Մատթէոս 21։5)։
Հաւանաբար փարիսեցիներուն երթալէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ Թագաւորութեան գալուն մասին։ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան մասին խօսելով, նախ կը զգուշացնէ. «Օրեր պիտի գան երբ դուք Որդի մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք ու պիտի չտեսնէք» (Ղուկաս 17։22)։ Յիսուս ցոյց կու տայ որ Որդի մարդոյ թագաւորական իշխանութիւնը ապագային պիտի ըլլայ։ Այդ ժամանակը հասնելէ առաջ, կարգ մը աշակերտներ անհամբեր պիտի ուզեն գիտնալ, որ ատիկա երբ պիտի պատահի, բայց պէտք է շարունակեն սպասել, մինչեւ որ Որդին մարդոյ համար Աստուծոյ նշանակած ժամանակը գայ։
Յիսուս կը շարունակէ. «Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց մի՛ հետեւիք։ Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը» (Ղուկաս 17։23, 24)։ Յիսուսին աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի կրնան զգոյշ ըլլալ, որ կեղծ մեսիաներու չհետեւին։ Յիսուս կ’ըսէ որ ճշմարիտ Մեսիային գալը պիտի ըլլայ փայլակի կամ կայծակի պէս, որ կը տեսնուի լայն տարածութեան մը վրայ։ Թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան ապացոյցը յստակ կերպով պիտի տեսնեն բոլոր անոնք՝ որոնք արթուն են։
Ետքը Յիսուս բաղդատութիւններ կ’ընէ անցեալ դէպքերու հետ, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ ինչպիսի՛ անհատներ պիտի ըլլան այդ ապագայ օրերուն. «Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ. . . Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի» (Ղուկաս 17։26-30)։
Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ մարդիկ Նոյին օրերուն եւ Ղովտին օրերուն բնաջնջուեցան, պարզապէս քանի որ առօրեայ բաներ կ’ընէին, ինչպէս՝ ուտել, խմել, գնել, ծախել, ցանել եւ շինել։ Նոյը, Ղովտը եւ անոնց ընտանիքներն ալ այսպիսի բաներ կ’ընէին։ Բայց այդ օրերուն մարդիկ այս առօրեայ բաները կ’ընէին առանց ուշադրութիւն դարձնելու Աստուծոյ կամքին կամ հասկնալու թէ ինչպիսի՛ օրերու մէջ կ’ապրէին։ Անոր համար, Յիսուս իր աշակերտները կը խրատէ, որ Աստուծոյ կամքին ուշադրութիւն դարձնեն եւ զայն կատարելով զբաղած մնան։ Այսպիսով, ան ցոյց կու տայ Աստուծոյ բերելիք կործանումէն փրկուելու միջոցը։
Աշակերտները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ չտարուին աշխարհային բաներով։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։ Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը» (Ղուկաս 17։31, 32)։ Ան աղի արձան դարձաւ։
Յիսուս կը շարունակէ նկարագրել թէ ի՛նչ պիտի պատահի, երբ Որդին մարդոյ ապագային իշխէ որպէս Թագաւոր։ Ան կ’ըսէ. «Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի» (Ղուկաս 17։34)։ Ուրեմն ոմանք պիտի փրկուին, իսկ ուրիշներ պիտի ‘ձգուին’, այսինքն՝ իրենց կեանքը պիտի կորսնցնեն։
Աշակերտները կը հարցնեն. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները» (Ղուկաս 17։36, 37)։ Այո, հաւատարիմ աշակերտները հեռատես արծիւներու պիտի նմանին, որոնք պիտի ճանչնան ճշմարիտ Քրիստոսը՝ Որդին մարդոյ, եւ անոր շուրջ պիտի ժողվուին։ Այդ ժամանակ, Յիսուս փրկարար ճշմարտութիւնը պիտի յայտնէ իր հաւատարիմ աշակերտներուն։
◇ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս փարիսեցիներուն մէջ կը գտնուի։
◇ Քրիստոսին ներկայութիւնը ի՞նչ առումով փայլակի պէս պիտի ըլլայ։
◇ Յիսուսին աշակերտները ինչո՞ւ պէտք է արթուն ըլլան երբ Որդին մարդոյ գայ։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 9-15
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 10-12
«‘Երկու վկաներ’ կը սպաննուին եւ ետ կեանքի կը բերուին»
(Յայտնութիւն 11։3) Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն։
Հարցումներ ընթերցողներէն
Որո՞նք են այն երկու վկաները, որոնք նշուած են Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին մէջ։
Յայտնութիւն 11։3–ը կը խօսի երկու վկաներու մասին, որոնք 1260 օր մարգարէութիւն պիտի ընէին։ Արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ, թէ գազանը «անոնց պիտի յաղթէ[ր] ու պիտի սպաննէ[ր] զանոնք»։ Բայց ի զարմանք բոլոր դիտորդներուն, այս երկու վկաները «երեք ու կէս օր ետք» պիտի վերակենդանանային (Յայտ. 11։7, 11)։
Որո՞նք են այս երկու վկաները։ Արձանագրութեան մանրամասնութիւնները կ’օգնեն մեզի զանոնք բնորոշելու։ Նախ, յաջորդ համարին մէջ կը կարդանք, թէ «երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակները» կը խորհրդանշեն այս երկու վկաները (Յայտ. 11։4)։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն աշտանակն ու երկու ձիթենիները, որոնք նկարագրուած են Զաքարիայի մարգարէութեան մէջ։ Հոն բացատրուած է, թէ այդ երկու ձիթենիները «երկու օծեալներն են», այսինքն՝ Զօրաբաբէլ կառավարիչը եւ Յեսու քահանայապետը, որոնք «բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին» (Զաք. 4։1-3, 14)։ Երկրորդ, այս երկու վկաներուն կատարած նշանները, որոնց մասին Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի, նման են Մովսէսի եւ Եղիայի կատարած հրաշքներուն (համեմատէ՛ Յայտնութիւն 11։5, 6–ը՝ Թուոց 16։1-7, 28-35–ի հետ եւ Գ. Թագաւորաց 17։1. 18։41-45–ի հետ)։
Յայտնութիւն եւ Զաքարիա գիրքերու այս հատուածներուն միջեւ ի՞նչ հասարակաց բան կայ։ Երկուքն ալ կ’ակնարկեն Աստուծոյ օծեալներուն, որոնք առաջնորդութիւնը առին փորձութեան դժուար ժամանակի մը ընթացքին։ Ուստի Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին առ ի կատարում, այն օծեալ եղբայրները, որոնք 1914–ին երկինքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատուելուն ատեն առաջնորդութիւնը կ’առնէին, երեք ու կէս տարի «քուրձ հագած» քարոզեցին։
Քուրձով իրենց կատարած քարոզչութեան աւարտին, այս օծեալները այլաբանօրէն սպաննուեցան, երբ բանտ նետուեցան համեմատաբար կարճ ժամանակուան մը համար, այլաբանական երեք ու կէս օր։ Աստուծոյ ժողովուրդի թշնամիներուն աչքին, օծեալներուն գործը վերջ գտաւ, այդ հակառակորդներուն մեծ ուրախութիւն պատճառելով (Յայտ. 11։8-10)։
Սակայն մարգարէութեան ըսածին պէս, երկու վկաները երեք ու կէս օր ետք վերակենդանացան։ Այս օծեալները ոչ միայն բանտէն ազատ արձակուեցան, այլեւ՝ իրենց մէջէն անոնք որոնք հաւատարիմ մնացին, Աստուծմէ մասնաւոր նշանակում մը ստացան իրենց Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։ 1919–ին անոնք, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, նշանակուեցան ծառայելու որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», որպէսզի վերջին օրերուն ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքները հոգան (Մատ. 24։45-47. Յայտ. 11։11, 12)։
Հետաքրքրական է, որ Յայտնութիւն 11։1, 2–ը այս դէպքերը կ’առնչէ այն ժամանակուան, երբ հոգեւոր տաճարը պիտի չափուէր կամ արժեւորուէր։ Մաղաքիա 3–րդ գլուխը հոգեւոր տաճարին վերաբերեալ համանման քննութեան մը մասին կը խօսի, որուն կը յաջորդէ մաքրումի ժամանակ մը (Մաղ. 3։1-4)։ Այս քննութիւնն ու մաքրումը տեւեց 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը։ Այս ժամանակամիջոցը կ’ընդգրկէ Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին նշած թէ՛ 1260 օրը (42 ամիս) եւ թէ այլաբանական երեք ու կէս օրը։
Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան այս հոգեւոր զտումը կարգադրեց, որպէսզի մասնայատուկ ժողովուրդ մը մաքրէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր (Տիտ. 2։14)։ Նաեւ, մենք կը գնահատենք այն հաւատարիմ օծեալներուն օրինակը, որոնք փորձութեան այդ ժամանակամիջոցին առաջնորդութիւնը առին եւ այդպիսով՝ ծառայեցին որպէս այլաբանական երկու վկաները։
(Յայտնութիւն 11։7) Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։
(Յայտնութիւն 11։11) Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յայտնութիւն 10։9, 10) Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ»։ 10 Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։
Անոյշ եւ Դառն Պատգամ մը
16 Յովհաննէսի փորձառութիւնը կը նմանի Բաբելոն երկրին մէջ աքսորուած շրջանին Եզեկիէլ մարգարէին ունեցած փորձառութեան։ Անոր ալ պատուէր տրուեցաւ որ տոմս մը ուտէ որ իր բերնին մէջ անոյշ եղաւ։ Բայց երբ ստամոքսը հասաւ, Իսրայէլի ըմբոստ տան մասին դառն բաներ գուշակելու պատասխանատուութիւն տրուեցաւ անոր։ (Եզեկիէլ 2։8–3։15) Այն բացուած գրքոյկը զոր փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Յովհաննէսի կու տայ, անիկա ալ աստուածային պատգամ մըն է։ Յովհաննէս պէտք է քարոզէ «շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով»։ Այս գրքոյկը ուտելը իրեն համար անոյշ է, քանի որ աստուածային աղբիւրէ կու գայ։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 119։103. Երեմեայ 15։15, 16) Բայց անոր մարսողութիւնը դառն է իրեն համար՝ ինչպէս էր պարագան Եզեկիէլի՝ քանի որ անիկա ըմբոստ մարդոց համար անհաճելի բաներ կը պարունակէ։—Սաղմոս 145։20
(Յայտնութիւն 12։1-5) Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։ 2 Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար։ 3 Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։ 4 Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնածի, անոր զաւակը կլլէ։ 5 Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։
Աստուծոյ Թագաւորութեան Ծնունդը
3 Յովհաննէս առաջին անգամ ըլլալով երկնքի մէջ կին մը կը տեսնէ։ Անշուշտ, ան բառացի կին մը չէ, այլ, նշան մը, խորհրդանիշ մըն է։ (Յայտնութիւն 1։1, ՆԱ) Ան ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Ներշնչեալ մարգարէութեանց մէջ, երբեմն կիներ կազմակերպութիւններ կը ներկայացնեն՝ կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ «ամուսնացած»։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, Իսրայէլի ակնարկուած է որպէս Եհովա Աստուծոյ կինը։ (Երեմեայ 3։14, ՆԱ) Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը կոչուած է Քրիստոսի հարսը։ (Յայտնութիւն 21։9-14) Հոս Յովհաննէսի տեսած կինն ալ մէկու մը հետ ամուսնացած է եւ ծնունդ տալու վրայ է։ Ո՞վ է իր ամուսինը։ Լաւ, ծնելէն ետք անոր զաւակը «յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով»։ (Յայտնութիւն 12։5) Հետեւաբար Եհովա կ’ընդունի որ այս զաւակը իրն է։ Հետեւաբար, Յովհաննէսի տեսած կինը, Եհովայի այլաբանական կինը պէտք է ըլլայ։
4 Շուրջ ութ դարեր առաջ, Եհովա այս այլաբանական կնոջ ուղղելով իր խօսքը, ըսած էր. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին»։ (Եսայեայ 54։5, 13) Յիսուս այս մարգարէութիւնը մէջբերեց եւ ցոյց տուաւ որ այդ որդիները իր հաւատարիմ հետեւորդներն են, որոնք հետագային օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը կազմեցին։ (Յովհաննու 6։44, 45) Ուստի, այս ժողովքին անդամները, որոնց ակնարկուած է որպէս Աստուծոյ որդիներ, Աստուծոյ այլաբանական կնոջ ալ զաւակներն են։ (Հռովմայեցիս 8։14) Պօղոս առաքեալ տեղեկութիւնը կ’ամբողջացնէ, երբ կ’ըսէ. «Վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է»։ (Գաղատացիս 4։26) Ուստի, Յովհաննէսի տեսած «կին»ը՝ «վերի Երուսաղէմ»ն է։
Աստուծոյ Թագաւորութեան Ծնունդը
6 Յովհաննէս կը տեսնէ այս կինը որ արեւը հագած է, իսկ լուսինը ոտքերուն տակ ձգած է։ Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք աստղերէ իր պսակը, ան ամբողջովին երկնային լոյսերու մէջ կը լողայ։ Ցերեկ ու գիշեր Աստուծոյ հաճութիւնը անոր վրայ կը շողայ։ Ի՜նչ յարմար խորհրդանիշ մը Եհովայի երկնային հոյակապ կազմակերպութեան։ Ան յղի ալ է եւ երկունքի ցաւի մէջ է։ Աստուածային օգնութեան համար իր աղաղակը ցոյց կու տայ թէ ծնանելու իր ժամանակը հասած է։ Աստուածաշունչին մէջ երկունքի ցաւերը յաճախ կարեւոր արդիւնքի մը հասնելու համար կատարուած ծանր աշխատանք կը խորհրդանշեն։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 90։2. Առակաց 25։23, ՆԱ. Եսայեայ 66։7, 8) Անկասկած այսպիսի երկունքի ցաւեր եղան, երբ Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը այս պատմական ծննդաբերութեան համար կը պատրաստուէր։
Աստուծոյ Թագաւորութեան Ծնունդը
11 Աստուծոյ կողմէ առանց ընդմիջուելու իշխելու ազգերուն սահմանուած ժամանակը վերջ գտաւ 1914–ին։ (Ղուկաս 21։24) Ապա, ճիշդ ժամանակին, կինը զաւակ մը ծնաւ. «Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։ Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր»։ (Յայտնութիւն 12։5, 6) Մանուկը «արու զաւակ» մըն է։ Յովհաննէս ինչո՞ւ կը գործածէ այս երկեակ արտայայտութիւնը։ Ասիկա կ’ընէ, ցոյց տալու համար որ մանուկը պէտք եղած զօրութիւնը ունի եւ ազգերուն վրայ տիրելու ատակ է։ Անիկա նաեւ կը շեշտէ թէ այս ծնունդը որքա՜ն յիշատակելի եւ ուրախ առիթ մըն է։ Անիկա Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը աւարտի մը բերելու մէջ գլխաւոր դերը ունի։ Այո, այս արու զաւակը «երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը»։
12 Այս արտայայտութիւնը ձեզի ծանօթ կը հնչէ՞։ Այո, Եհովա մարգարէական հետեւեալ խոստումը տուած էր Յիսուսի. «Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ (Սաղմոս 2։9) Դարձեալ իր մասին մարգարէացուած էր. «Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ»։ (Սաղմոս 110։2) Հետեւաբար, Յովհաննէսի ականատես եղած ծնունդը սերտօրէն կապակցութիւն ունէր Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Ո՜չ, ասիկա մեր Հասարակ Դարաշրջան առաջին դարէն առաջ կոյսէ մը Յիսուսի ծնունդը չէ, ոչ ալ Հ.Դ. 33–ին Յիսուսի դարձեալ հոգեղէն կեանքի վերադարձին կ’ակնարկէ։ Անիկա այլագաղթում ալ չէ։ Այլ, Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդն է 1914–ին, որպէս իրողութիւն մը. իսկ Յիսուս, որ արդէն շուրջ 19 դարերէ ի վեր երկինքի մէջ կը գտնուէր, հիմա որպէս Թագաւոր գահակալուած էր։—Յայտնութիւն 12։10
Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ կը ծնի
27 Ի վերջոյ, նշանակալից տարին՝ 1914–ը հասաւ։ Ինչպէս որ այս գլուխին սկիզբը քննարկեցինք, մարդիկ ականատես չեղան երկինքի մէջ տեղի ունեցած փառաւոր դէպքերուն։ Բայց Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ այդ դէպքերուն այլաբանական նկարագրութիւնը։ Երեւակայէ. Յովհաննէս «մեծ նշան մը» կը տեսնէ երկինքին մէջ։ Աստուծոյ «կինը»,– երկնային հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Իր կազմակերպութիւնը,– յղի է եւ ծնունդ կու տայ արու զաւակի մը։ Յովհաննէս կը պատմէ, թէ այս այլաբանական զաւակը շուտով ‘երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ բոլոր ազգերը’։ Բայց ծնելէն անմիջապէս ետք, զաւակը ‘կը յափշտակուի Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով’։ Ապա երկինքին մէջ բարձր ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէ. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը» (Յայտ. 12։1, 5, 10)։
28 Անկասկած Յովհաննէս տեսիլքով մեսիական Թագաւորութեան ծնունդը տեսաւ։ Այդ դէպքը վստահաբար փառաւոր էր, բայց բոլորը չհաճեցուց։ Սատանան եւ իր դեւերը պատերազմեցան հաւատարիմ հրեշտակներուն դէմ, որոնք Միքայէլին, կամ Քրիստոսին, առաջնորդութեան տակ էին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Կը կարդանք. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտ. 12։7, 9)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 94
ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՂՕԹԵԼ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀ ԸԼԼԱԼ
• ՈՐԲԵՒԱՅՐԻԻՆ ԵՒ ԴԱՏԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
• ՓԱՐԻՍԵՑԻԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
Յիսուս արդէն իսկ իր աշակերտներուն պատմած է աղօթքի մէջ հաստատ կենալու կամ յարատեւելու մասին առակ մը (Ղուկաս 11։5-13)։ Ան թերեւս Սամարիայի կամ Գալիլիայի մէջ է եւ նորէն կը շեշտէ աղօթքի մէջ յարատեւելու գաղափարը՝ այս առակը պատմելով.
«Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւայրի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, գոնէ այս որբեւայրիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չգայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’» (Ղուկաս 18։2-5)։
Ետքը Յիսուս կ’ըսէ թէ ի՛նչ կ’ուզէ սորվեցնել այս առակով. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ» (Ղուկաս 18։6, 7)։ Ուրեմն Յիսուս ի՞նչ գաղափար կ’ուզէ հասցնել իր Հօր մասին։
Յիսուս վստահաբար ըսել չ’ուզեր որ Եհովա Աստուած առումով մը կը նմանի անարդար դատաւորին։ Ան պարզապէս համեմատութիւն կ’ընէ, ըսելով որ եթէ նոյնիսկ անարդար դատաւորը յարատեւ խնդրանքներու ականջ կու տայ, ալ ուր մնաց Աստուած։ Ան արդար ու բարի է եւ անկասկած պիտի պատասխանէ, եթէ իր ծառաները աղօթքի մէջ կը յարատեւեն։ Ասիկա կրնանք տեսնել Յիսուսի յաջորդ խօսքերէն. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ [Աստուած] շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ» (Ղուկաս 18։8)։
Շատ անգամ խեղճերն ու աղքատները անարդարութեան զոհ կ’երթան, իսկ հեղինակաւոր ու հարուստ մարդիկը յատուկ պատիւի կ’արժանանան։ Բայց Աստուած բնաւ անարդար չէ։ Երբ իր նշանակած ժամանակը գայ, վստահ պիտի ըլլայ որ չարերը պատժուին, իսկ իր ծառաները յաւիտենական կեանք ստանան։
Որո՞նք որբեւայրիին պէս հաւատք ունին։ Քանի՞ հոգի իսկապէս կը հաւատայ, որ Աստուած «շուտով. . . իրաւունք պիտի ընէ»։ Յիսուս իր այս առակով ցոյց տուաւ, որ շատ կարեւոր է աղօթքի մէջ յարատեւել։ Իսկ հիմա, խօսելով աղօթքի զօրութեան հաւատալու մասին, ան կը հարցնէ. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» (Ղուկաս 18։8)։ Այնպէս կ’երեւի որ երբ ինք գայ, քիչեր այդպիսի հաւատք պիտի ունենան։
Յիսուսին մտիկ ընողներէն ոմանք համոզուած են, որ իրենք զօրաւոր հաւատք ունին։ Անոնք վստահ են որ արդար են եւ ցած աչքով կը նային ուրիշներուն։ Յիսուս այսպիսիներու համար առակ մը կը պատմէ.
«Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’» (Ղուկաս 18։10-12)։
Փարիսեցիները ճանչցուած են որ կը սիրեն իրենց ինքնարդարութիւնը ցուցադրել։ Անոնք այսպէս կ’ընեն ուրիշները տպաւորելու համար։ Անոնք սովորութիւն դարձուցած են երկուշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը ծոմ պահել, քանի որ այդ օրերուն մեծ շուկաներուն մէջ շատ մարդ կ’ըլլայ եւ շատեր կրնան զիրենք տեսնել։ Ասկէ զատ, անոնք այն աստիճան ծայրայեղ են որ նոյնիսկ փոքր բոյսերուն տասանորդը կը վճարեն (Ղուկաս 11։42) Քանի մը ամիս առաջ, անոնք պարզ ժողովուրդին հանդէպ իրենց արհամարհանքը դրսեւորելով, ըսած էին. «Այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը [Օրէնքին վերաբերեալ փարիսեցիներուն տուած մեկնաբանութիւնները] չեն գիտեր, նզովուած են» (Յովհաննէս 7։49)։
Յիսուս իր առակը կը շարունակէ՝ ըսելով. «Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’»։ Այո, մաքսաւորը խոնարհաբար կ’ընդունի իր սխալները։ Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղուկաս 18։13, 14)։
Այսպիսով Յիսուս կը յստակացնէ խոնարհ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Ասիկա շատ օգտակար դաս է իր աշակերտներուն համար, որոնք մեծցած են շրջանակի մը մէջ, ուր փարիսեցիները մեծ կարեւորութիւն կու տան դիրքի եւ հեղինակութեան։ Ասիկա նաեւ կարեւոր դաս է Յիսուսի բոլոր հետեւորդներուն համար։
◇ Յիսուս ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել որբեւայրիին եւ դատաւորին առակով։
◇ Յիսուս ի՞նչ տեսակ հաւատք պիտի փնտռէ երբ գայ։
◇ Յիսուսի հետեւորդները պէտք է փարիսեցիներուն ո՞ր կեցուածքը չորդեգրեն։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 16-22
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 13-16
«Վախնալիք գազաններէն մի՛ վախնար»
(Յայտնութիւն 13։1, 2) Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր եւ անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ու անոր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային։ 2 Այդ գազանը ինձի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն։
Եհովան «գաղտնիքները յայտնողն» է
6 Մ.թ. առաջին դարուն վերջաւորութեան, յարուցեալ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուաւ շարք մը ապշեցուցիչ տեսիլքներ (Յայտ. 1։1)։ Ատոնցմէ մէկուն մէջ, Յովհաննէս տեսաւ որ Բանսարկուն,– ներկայացուած որպէս վիշապ,– ծովուն աւազին վրայ կայնած էր (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։18–13։2)։ Յովհաննէս նաեւ տեսաւ անսովոր գազան մը որ ծովէն կ’ելլէ եւ Բանսարկուն անոր մեծ հեղինակութիւն կու տայ։ Ետքը, Յովհաննէս տեսաւ եօթգլխանի կարմիր գազան մը, որ Յայտնութիւն 13։1–ի գազանին պատկերն է։ Հրեշտակ մը Յովհաննէսի ըսաւ որ կարմիր գազանին եօթը գլուխները կը ներկայացնեն «եօթը թագաւորներ» կամ կառավարութիւններ (Յայտ. 13։14, 15. 17։3, 9, 10)։ Երբ Յովհաննէս Յայտնութիւնը կը գրէր, ատոնցմէ հինգը ինկած էին, մէկը կը տիրէր եւ ուրիշ մը «դեռ եկած չէ[ր]»։ Այդ թագաւորութիւնները կամ աշխարհակալ ուժերը որո՞նք են։ Նկատի առնենք Յայտնութիւն 13։1–ի մէջ նկարագրուած գազանին իւրաքանչիւր գլուխը։ Նաեւ այս թագաւորութիւններուն մասին յաւելեալ բաներ պիտի սորվինք Դանիէլի գրքէն։ Դանիէլի մարգարէութիւնները մանրամասնութիւններ տուին այս կառավարութիւններէն ոմանց մասին, իրենց գոյանալէն տարինե՜ր առաջ։
(Յայտնութիւն 13։11) Ուրիշ գազան մը տեսայ, որ երկրէն կ’ելլէր ու գառնուկի նման երկու եղջիւր ունէր ու կը խօսէր վիշապի պէս։
(Յայտնութիւն 13։15) Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ։
Պայքար՝ Երկու Կատաղի Գազաններու Հետ
26 Ասիկա ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը. առաջին գազանին եօթներորդ գլուխը՝ բայց մասնայատուկ դերով մը։ Այս գազանը անջատաբար նկատի առնելը մեզի կ’օգնէ աւելի յստակօրէն տեսնելու թէ անիկա ի՛նչպէս անկախաբար կը գործէ աշխարհի թատերաբեմին վրայ։ Այս այլաբանական երկեղջիւրաւոր գազանը գոյակից, իրարմէ անկախ, բայց համագործակցող երկու քաղաքական ուժերէ բաղկացած է։ Անոր «գառնուկի նման» երկու եղջիւրները կը թելադրէ որ անիկա ինքզինք հեզ եւ անվնաս կը ձեւացնէ, կառավարական լուսաւորուած վարչաձեւ մը ունենալով, որու պէտք է դառնայ ամբողջ աշխարհը։ Բայց անիկա «վիշապի պէս» կը խօսի, այն առումով որ ան ճնշում եւ սպառնալիք՝ նոյնիսկ ուղղակիօրէն բռնութիւն կը բանեցնէ հո՛ն՝ ուր իր իշխանութեան տեսակը ընդունուած չէ։ Անիկա Աստուծոյ Գառնուկին իշխանութեան ներքեւ գտնուող Աստուծոյ Թագաւորութեան հնազանդութիւն չէ քաջալերած, այլ, Սատանայի, մեծ վիշապին շահերը փնտռած է։ Անիկա ազգայնական բաժանումներ եւ ատելութիւն հրահրած է, որոնք առաջին գազանը պաշտելու նպաստած են։
Պայքար՝ Երկու Կատաղի Գազաններու Հետ
30 Պատմութիւնը կ’օգնէ որ այս պատկերին ինքնութիւնը ճանչնանք. անիկա կազմակերպութիւն մըն է զոր Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները առաջարկած, խրախուսած եւ անոր սատար կանգնած են, եւ որ նախ ճանչցուեցաւ որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն։ Աւելի ետք, Յայտնութիւն 17–րդ գլուխին մէջ անիկա տարբեր խորհրդանիշով մը ի յայտ պիտի գայ. որպէս կենդանի ու շնչող կարմիր գազան մը, որ անկախաբար գոյութիւն ունի։ Այս միջազգային մարմինը, ‘կը խօսի’, այն առումով որ սնապարծօրէն կը դաւանի որ ինք միա՛կն է որ կարողութիւն ունի մարդկութեան խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերելու։ Բայց իրականութեան մէջ անիկա վիճաբանութեան վայր մը եղած է, ուր անոր անդամները իրար կը նախատեն։ Ան կը սպառնայ զրկել, կամ կենդանի մեռել մը դարձնել որեւէ ազգ կամ ժողովուրդ, որ իր հեղինակութեան երկրպագութիւն չընէր։ Անիկա նոյնիսկ կը սպառնայ իր մէջէն վտարել այն ազգերը, որոնք իր գաղափարախօսութիւնները չեն ողջուներ։ Մեծ նեղութեան սկիզբը, գազանին պատկերին այս զինուորական «եղջիւրները» կործանարար դեր մը պիտի խաղան։—Յայտնութիւն 7։14. 17։8, 16
31 Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր, գազանին պատկերը՝ ներկայիս ի յայտ եկած որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն՝ բառացիօրէն սպաննած է։ Օրինակի համար, 1950–ին, ՄԱԿ–ի ուժերը բաժին բերին Հիւսիսային Քորէայի եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ մղուած պատերազմին մէջ։ Հարաւային Քորէայի հետ ՄԱԿ–ի զինուորները սպաննեցին շուրջ 1,420,000 Հիւսիսային Քորէացիներ եւ Չինացիներ։ Նմանապէս, 1960-1964, Միացեալ Ազգերու բանակներ գործի լծուեցան Քոնկոյի մէջ։ Ասկէ զատ, աշխարհի առաջնորդներ, մէջը ըլլալով Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերը, շարունակած են հաստատել որ այս պատկերը խաղաղութեան համար մարդուն վերջին եւ լաւագոյն յոյսն է։ Անոնք կը պնդեն որ եթէ մարդիկ անոր չծառայեն, մարդկային ցեղը ինքզինք պիտի կործանէ։ Այս կերպով անոնք այլաբանօրէն պատճառ կ’ըլլան որ պատկերին հետ չհամագործակցող եւ զայն չպաշտող բոլոր մարդիկը սպաննուին։—Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 5։8, 9
(Յայտնութիւն 13։16, 17) Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, 17 որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։
Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)
13։16, 17. Հակառակ այն դժուարութիւններուն, զորս ‘գնելու կամ ծախելու’ նման ամէնօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին կրնանք դիմագրաւել, թոյլ պէտք չէ տանք որ ճնշումի ներքեւ գազանը մեր կեանքը ղեկավարէ։ ‘Գազանին դրոշմը մեր ձեռքին կամ ճակատին վրայ’ ընդունիլը պիտի նշանակէ, թէ գազանին թոյլ կու տանք որ մեր արարքները հակակշռի տակ առնէ կամ մեր մտածումին ազդէ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յայտնութիւն 16։13, 14) Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու գազանին բերնէն եւ սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ կ’ելլէին գորտերու նման. 14 վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ’ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն։
Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)
16։13-16. «Պիղծ ոգիներ»ը կը խորհրդանշեն դիւային պրոպականդ, որուն նպատակն է վստահ ըլլալ, թէ երկրի թագաւորները Աստուծոյ բարկութեան եօթը սկաւառակներուն թափուելով չեն ազդուիր, հապա՝ Եհովայի կը հակառակին (Մատ. 24։42, 44)։
(Յայտնութիւն 16։21) Եւ խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը։
«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»
9 Այդ ատեն այլեւս ‘Արքայութեան աւետարանը’ պիտի չքարոզուի, քանի որ անոր ժամանակը լրացած է եւ «վերջը» գալու վրայ է (Մատ. 24։14)։ Կասկած չկայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ծանուցանէ զօրաւոր դատաստանական պատգամ մը, որ շատ հաւանաբար բովանդակէ այն յայտարարութիւնը, թէ Սատանային չար աշխարհը լիովին կործանուելու վրայ է։ Աստուածաշունչը այս պատգամը կը նմանցնէ կարկուտի, ըսելով. «Խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը» (Յայտ. 16։21)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 95
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒՄԻ ԵՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ 19։1-15 ՄԱՐԿՈՍ 10։1-16 ՂՈՒԿԱՍ 18։15-17
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ
• ԱՄՈՒՐԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԸ
• ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՊԷՍ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԷՏՔԸ
Յիսուս եւ իր աշակերտները կը հեռանան Գալիլիայէն։ Անոնք Յորդանան գետը կտրելով՝ կ’երթան հարաւ եւ կ’անցնին Պերեայէն։ Վերջին անգամ երբ Յիսուս Պերեա էր, փարիսեցիներուն ըսած էր Աստուծոյ տեսակէտը ամուսնալուծման վերաբերեալ (Ղուկաս 16։18)։ Հիմա անոնք նորէն նոյն նիւթը կը բանան, որ Յիսուսը փորձեն։
Մովսէս գրեց որ տղամարդ մը կրնայ ամուսնալուծուիլ իր կնոջմէն, եթէ ‘անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնէ’ (Բ. Օրինաց 24։1)։ Բայց տարբեր կարծիքներ կան, թէ ինչ բաներ կրնան ամուսնալուծումի վաւերական պատճառներ ըլլալ։ Ոմանք կ’ըսեն որ կարելի է ամուսնալուծուիլ նոյնիսկ պզտիկ բաներու պատճառով։ Անոր համար, փարիսեցիները կը հարցնեն. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար» (Մատթէոս 19։3)։
Փոխանակ մարդկային տեսակէտներու վրայ հիմնուելով պատասխան տալու, Յիսուս կը խօսի ընտանեկան կառոյցի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին, ըսելով. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ. ‘Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին’։ Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է» (Մատթէոս 19։4-6, ԱԾ)։ Երբ Աստուած Ադամն ու Եւան միացնելով՝ ամուսնական կարգադրութիւնը դրաւ, բնաւ ամուսնալուծումի կարգադրութիւն չըրաւ։
Բայց փարիսեցիները կ’առարկեն, ըսելով. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել» (Մատթէոս 19։7)։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Մովսէս ձեր սրտերուն կարծրութեանը համար ձեզի հրաման տուաւ կիներնիդ արձակել, բայց սկիզբէն այնպէս չէր» (Մատթէոս 19։8)։ «Սկիզբ» բառը չ’ակնարկեր Մովսէսի օրերուն, հապա այն ժամանակուան՝ երբ Աստուած Եդեմի մէջ ամուսնութիւնը հաստատեց։
Ետքը Յիսուս կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը նշէ. «Ով որ առանց պոռնկութեան [յունարէն՝ բոռնէա] պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատթէոս 19։9)։ Ուրեմն, սեռային անբարոյութիւնը միակ աստուածաշնչական հիմն է, որպէսզի զոյգեր ամուսնալուծուին։
Այս բոլորը լսելով՝ աշակերտները կ’ըսեն. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է» (Մատթէոս 19։10)։ Յստակ է որ ան որ ամուսնանալու մասին կը մտածէ, պէտք է հաշուի առնէ որ ատիկա մնայուն է։
Ամուրիութեան մասին խօսելով՝ Յիսուս կը բացատրէ որ ոմանք ներքինի կը ծնին, այսինքն՝ ի ծնէ չեն կրնար սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Ուրիշներ մարդոց կողմանէ ներքինի կը դառնան, որպէսզի չկարենան սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Իսկ ուրիշներ ալ իրենց սեռային ցանկութիւնները կը զսպեն, որպէսզի կարենան աւելի կեդրոնանալ Թագաւորութեան գործին վրայ։ Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Ո՛վ որ կրնայ [ամուրիութիւնը] ընդունիլ՝ թող ընդունի» (Մատթէոս 19։12, ԱԾ)։
Ասիկա ըսելէ ետք, մարդիկ կը սկսին իրենց երեխաները Յիսուսին քով բերել։ Բայց աշակերտները կը յանդիմանեն ժողովուրդը, թերեւս քանի որ չեն ուզեր որ մարդիկ Յիսուսը խանգարեն։ Ասիկա տեսնելով՝ Յիսուս կը նեղանայ եւ անոնց կ’ըսէ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ» (Մարկոս 10։14, 15. Ղուկաս 18։15)։
Յիսուս ի՜նչ աղուոր դաս կը սորվեցնէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ընդունելու համար, պէտք է երեխաներու պէս խոնարհ ըլլանք եւ պատրաստ ըլլանք սորվելու։ Յիսուս երեխաները գրկելով՝ զանոնք կ’օրհնէ եւ սէր կը ցուցաբերէ։ Ան այսպիսի ջերմ սէր ունի բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս կ’ընդունին’ (Ղուկաս 18։17)։
◇ Փարիսեցիները ինչպէ՞ս Յիսուսը կը փորձեն ամուսնալուծման նիւթին շուրջ։
◇ Ըստ Յիսուսին, ի՞նչ է Աստուծոյ տեսակէտը ամուսնալուծման նկատմամբ։
◇ Ինչո՞ւ կարգ մը աշակերտներ թերեւս ընտրեն ամուրի մնալ։
◇ Երեխաներուն հետ իր վարուելու կերպով, Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 23-29
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 17-19
«Աստուծոյ պատերազմը վերջ պիտի դնէ բոլոր պատերազմներուն»
(Յայտնութիւն 19։11) Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։
(Յայտնութիւն 19։14-16) Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։ 15 Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ։ 16 Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց»։
Արմագեդոն՝ բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող Աստուծոյ պատերազմը
Այնքան ատեն որ ամբարիշտները կ’իշխեն, արդարները խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի չվայելեն։ (Առակաց 29։2. Ժողովող 8։9) Իրատեսօրէն, անօրէններէն չենք կրնար փտածութիւնն ու չարամտութիւնը արմատախիլ ընել։ Հետեւաբար մնայուն խաղաղութեան ու արդարութեան համար գին մը պէտք է վճարուի,– չարերուն վերացումը։ «Ամբարիշտը արդարին համար . . . փրկանք կ’ըլլայ», գրեց Սողոմոն։—Առակաց 21։18
Արմագեդոն՝ բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող Աստուծոյ պատերազմը
Աստուած Դատաւորը ըլլալով, կրնանք վստահ ըլլալ որ չարերուն դէմ դատավճիռները միշտ արդար պիտի ըլլան։ «Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞», հարցուց Աբրահամ։ Ան սորվեցաւ թէ Եհովա միշտ արդարադատ է։ (Ծննդոց 18։25) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա ամբարիշտները կործանելով հաճոյք չ’առներ. ան ասիկա կ’ընէ միայն իբրեւ վերջին լուծում։—Եզեկիէլ 18։32. Բ. Պետրոս 3։9
it-1 1146 ¶1
Ձի
Յովհաննէս առաքեալին այլաբանական տեսիլքին մէջ՝ փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս կը պատկերացուի որպէս ճերմակ ձիու վրայ հեծնող, որուն ետեւէն զօրք մը կ’երթայ եւ այդ զօրքին ամէն մէկ անդամը հեծած է ճերմակ ձիու վրայ։ Այս տեսիլքը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս, որ իր Աստուծոյն եւ Հօր Եհովային կողմէ նշանակուած է, արդարութեա՛մբ պիտի պատերազմի բոլոր թշնամիներուն դէմ (Յայտ. 19։11, 14)։ Նախապէս, տարբեր ձիեր եւ ձիաւորներ գործածուեցան ներկայացնելու համար, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս որպէս թագաւոր գործի կ’անցնի եւ թէ ի՛նչ աղէտներ կը պատահին ատկէ ետք (Յայտ. 6։2-8)։
(Յայտնութիւն 19։19, 20) Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ 20 Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։
Ռազմիկ Թագաւորը Յաղթական՝ Արմագեդոնին
24 Ծովէն ելլող եօթը գլուխով ու տասը եղջիւրով գազանը, որ կը ներկայացնէ Սատանայի քաղաքական կազմակերպութիւնը, մոռացութեան կը մատնուի եւ անոր հետ՝ սուտ մարգարէն, եօթներորդ աշխարհակալ ոյժը։ (Յայտնութիւն 13։1, 11-13. 16։13) Երբ տակաւին «ողջ» են, կամ՝ երբ տակաւին երկրի վրայ միասնաբար կը գործեն Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ, անոնք «կրակին լիճը» կը ձգուին։ Ասիկա բառացի՞ կրակի լիճ մըն է։ Ոչ, ինչպէս որ գազանը եւ սուտ մարգարէն բառացի անասուններ չեն։ Այլ, անիկա ամբողջական, վերջնական բնաջնջումի խորհրդանիշ մըն է. վայր մը ուրկէ վերադարձ չկայ։ Հոս է որ հետագային մահը եւ Հատէսը, ինչպէս նաեւ Սատանան պիտի նետուին։ (Յայտնութիւն 20։10, 14) Վստահաբար անիկա չարերուն համար յաւիտենական տանջանքի դժոխք մը չէ, քանի որ այդպիսի վայրի մը գաղափարն իսկ զզուելի է Եհովայի։—Երեմեայ 19։5. 32։35. Ա. Յովհաննու 4։8, 16
(Յայտնութիւն 19։21) Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան։
Ռազմիկ Թագաւորը Յաղթական՝ Արմագեդոնին
25 Մնացեալ բոլորը, որոնք ուղղակիօրէն կառավարութեան մաս չկազմելով հանդերձ, այս ապականած աշխարհի մարդկութեան անուղղայ անդամներն էին, անոնք ալ «սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն»։ Յիսուս զանոնք մահուան արժանի պիտի յայտարարէ։ Քանի որ իրենց պարագային կրակի լիճը յիշուած չէ, կրնա՞նք ակնկալել որ անոնք յարուցանուին։ Որեւէ տեղ չէ ըսուած թէ այն ատեն Եհովայի Դատաւորին ձեռքով մեռնողները պիտի յարուցանուին։ Ինչպէս Յիսուս ի՛նք ըսաւ, անոնք որոնք «ոչխարներ» չեն, պիտի երթան «յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար, ուրիշ խօսքով՝ «յաւիտենական կործանում»ի։ (Մատթէոս 25։33, 41, 46, ՆԱ) Ասով՝ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» իր յանգումին կը հասնի։—Բ. Պետրոս 3։7. Նաւումայ 1։2, 7-9. Մաղաքեայ 4։1
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յայտնութիւն 17։8) Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է ու երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ։
Ահաւոր Խորհուրդ մը կը Բացայայտուի
5 «Գազանը . . . կար»։ Այո, անիկա գոյութիւն ունեցաւ որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն, 10 Յունուար 1920–էն սկսեալ, որու մինչեւ 63 ազգեր մասնակից եղան։ Բայց Ճափոնը, Գերմանիան եւ Իտալիան կարգով քաշուեցան, իսկ նախկին Սովետական Միութիւնը Դաշնակցութենէն դուրս դրուեցաւ։ 1939–ի Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ Նացի բռնապետը Բ. Աշխարհամարտին ձեռնարկեց։ Աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը պահելու անկարող ըլլալով, Ազգերու Դաշնակցութիւնը փաստօրէն անգործունէութեան անդունդը գնաց։ 1942–ին, անիկա անցեալին պատկանած բան մը եղաւ։ Ճակատագրական ճի՛շդ այդ ժամանակին՝ ոչ անկէ առաջ եւ ոչ ալ այդ թուականէն ետք՝ Եհովա տեսիլքին մասին խոր ու ամբողջական հասկացողութիւն տուաւ իր ժողովուրդին։ Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովին, Նախագահ Նոր մարգարէութեան համաձայն, կրցաւ ըսել՝ «գազանը . . . չկայ»։ Ապա հարցուց. «Դաշնակցութիւնը անդունդին մէջ պիտի մնա՞յ»։ Յայտնութիւն 17։8–ը մէջբերելով, ան պատասխանեց. «Աշխարհի ազգերուն ընկերակցութիւնը դարձեալ պիտի ելլէ»։ Ճիշդ ա՛յս է որ տեղի ունեցաւ, Եհովայի մարգարէական Խօսքը ջատագովուելով։
Անդունդէն կ’Ելլէ
6 Արդարեւ, կարմիր գազանը անդունդէն դուրս եկաւ։ 26 Յունիս 1945–ին, Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ, Ա.Մ.Ն., 50 ազգեր աղմկարար փողերախումբի նուագներով քուէարկեցին, որպէսզի ընդունուի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Իրաւագիծը։ Այս անձնակազմին նպատակն էր «միջազգային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել»։ Շատ մը նմանութիւններ կային Ազգերու Դաշնակցութեան եւ ՄԱԿ–ի միջեւ։ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կը նշէ. «Շատ կերպերով ՄԱԿ–ը կը նմանի Ազգերու Դաշնակցութեան, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք կազմակերպուեցաւ . . . ՄԱԿ–ը հիմնող ազգերէն շատեր, Դաշնակցութիւնը հիմնելու ալ մասնակցած էին։ Դաշնակցութեան նման, ՄԱԿ–ը հաստատուեցաւ, որպէսզի ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը պահպանելու նպաստէ։ ՄԱԿ–ի գլխաւոր մարմինները շատ նման են Ազգերու Դաշնակցութեան մարմիններուն»։ Հետեւաբար, ՄԱԿ–ը կարմիր գազանին վերակենդանացումն է։ Անոր աւելի քան 180 անդամ ազգերը, Դաշնակցութեան 63 ազգերէն շատ աւելի են. անիկա իր նախորդէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ շալկած է։
(Յայտնութիւն 17։16, 17) Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի ամայացնեն ու մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ 17 Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։
Եհովան կը յայտնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»
17 Բայց սուտ կրօնքը պարզապէս պիտի չանհետանայ։ Պոռնիկը զօրեղ ոյժ մը պիտի մնայ եւ ջանք պիտի թափէ որ թագաւորները իր ամէն ուզածը ընեն, մինչեւ որ Աստուած հեղինակաւորներու սրտին մէջ գաղափար մը դնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։16, 17)։ Շուտով Եհովան պիտի մղէ Սատանայի աշխարհին քաղաքական տարրերը,– որոնք ՄԱԿ–ով կը ներկայացուին,– որ սուտ կրօնքին վրայ յարձակին։ Պոռնիկը ա՛լ կարող պիտի չըլլայ կառավարութիւններուն տիրել եւ իր հարստութիւնը պիտի կորսնցնէ։ Միայն տասնամեակներ առաջ, այսպիսի դէպք մը կրնար անհաւանական թուիլ։ Բայց այժմ պարագան փոխուած է։ Ասով հանդերձ, պոռնիկը պարզապէս աստիճանաբար վերջ պիտի չգտնէ։ Ան յանկարծ եւ վայրագ կերպով պիտի կործանուի (Յայտ. 18։7, 8, 15-19)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 96
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԻՇԽԱՆ ՄԸ
ՄԱՏԹԷՈՍ 19։16-30 ՄԱՐԿՈՍ 10։17-31 ՂՈՒԿԱՍ 18։18-30
• ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԷ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Մինչ Յիսուս Պերեայէն անցնելով Երուսաղէմ կ’ուղղուի, հարուստ երիտասարդ մը վազելով իրեն կը մօտենայ եւ ծունկի կու գայ։ Ան «իշխան» մըն է, թերեւս ժողովարանի մը պետը կամ Սենետրիոնի մէկ անդամը։ Ան Յիսուսին կը հարցնէ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ» (Ղուկաս 8։41. 18։18. 24։20)։
«Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես», Յիսուս կը պատասխանէ։ «Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած» (Ղուկաս 18։19)։ Հաւանաբար, երիտասարդը «բարի» բառը կը գործածէ որպէս տիտղոս մը. ինչպէս որ ռաբբիները կը գործածէին։ Ճիշդ է որ Յիսուս բարի ուսուցիչ է, բայց ան երիտասարդին կը յստակացնէ որ «Բարի» տիտղոսը միայն Աստուծոյ կը վայելէ։
Յիսուս երիտասարդը կը խրատէ. «Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։ Երիտասարդը կը հարցնէ. «Որո՞նք»։ Յիսուս կը մէջբերէ Տասը պատուիրաններէն հինգը. «Սպանութիւն մի՛ ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ Ետքը աւելի կարեւոր պատուիրան մը կ’աւելցնէ. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ» (Մատթէոս 19։17-19)։
Երիտասարդը կը պատասխանէ. «Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի» (Մատթէոս 19։20)։ Ան թերեւս կը կարծէ որ պէտք է բարի եւ հերոսական բան մը ընէ, որ յաւիտենական կեանքը ստանայ։ Յիսուս զգալով որ այս երիտասարդը անկեղծ սիրտ ունի, «սիրեց զանիկա» (Մարկոս 10։21)։ Բայց անոր առջեւ արգելք մը կայ։
Երիտասարդը իր ստացուածքներուն կապուած է, անոր համար Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս. . . ու եկուր իմ ետեւէս»։ Երիտասարդը կրնայ իր դրամը աղքատներուն բաժնել եւ Յիսուսին աշակերտը դառնալ։ Բայց ցաւօք սրտի, ան ոտքի կը կենայ եւ տխուր դէմքով Յիսուսէն կը հեռանայ, քանի որ այնքա՛ն կապուած է իր «շատ ստացուածք»ին, որ չի կրնար տեսնել ճշմարիտ գանձը (Մարկոս 10։21, 22)։ Յիսուս կ’ըսէ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին» (Ղուկաս 18։24)։
Աշակերտները շատ կը զարմանան Յիսուսին այս եւ յաջորդ խօսքերը լսելով. «Աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ Անոնք կը մղուին հարցնելու. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Անոնք կը կարծեն որ թերեւս անկարելի է որ մէկը փրկուի։ Յիսուս ուղղակի անոնց կը նայի ու կը պատասխանէ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են» (Ղուկաս 18։25-27)։
Պետրոս կ’ըսէ որ իրենք հարուստ երիտասարդէն տարբեր ընտրութիւն մը ըրած են. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուսն ալ կ’ըսէ որ իրենց լաւ ընտրութեան արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ. «Միւս անգամ գալուստին [«վերաստեղծման ժամանակ», ՆԱ] երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու» (Մատթէոս 19։27, 28)։
Յստակ է որ Յիսուս ի մտի ունի ապագայ ժամանակը, երբ երկրի վրայ դրախտային պայմաններ պիտի տիրեն, ինչպէս որ էր պարագան Եդեմի պարտէզին մէջ։ Պետրոս եւ միւս աշակերտները պիտի վարձատրուին՝ Յիսուսին հետ այդ դրախտային երկրին վրայ իշխելով. վարձատրութիւն մը՝ որուն համար կ’արժէ զոհողութիւններ ընել։
Բայց աշակերտները ոչ միայն ապագային օրհնութիւններ պիտի ստանան, անոնք արդէն կը վայելեն կարգ մը օրհնութիւններ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար, եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը» (Ղուկաս 18։29, 30)։
Այո, աշակերտները ուր որ ալ երթան, կրնան վայելել հաւատակիցներու ընկերակցութիւնը, որ աւելի ջերմ ու մտերիմ փոխյարաբերութիւն է, քան՝ ընտանիքի անդամներու հետ իրենց ունեցած փոխյարաբերութիւնները։ Ցաւօք սրտի, այնպէս կ’երեւի որ հարուստ երիտասարդը պիտի կորսնցնէ այդ օրհնութիւնը վայելելու առիթը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը մտնելու վարձատրութիւնը։
Յիսուս կ’աւելցնէ. «Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին» (Մատթէոս 19։30)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։
Հարուստ երիտասարդ իշխանը «առաջիններ»էն է, քանի որ հրեայ առաջնորդներէն է։ Եւ քանի՛ որ Աստուծոյ պատուիրանները գիտէ ու կը պահէ, իրմէ կրնայ ակնկալուիլ որ Յիսուսին հետեւորդը դառնայ եւ լաւ բաներ ընէ։ Բայց ան իր հարստութիւնն ու ստացուածքները ամէն բանէ առաջ կը դասէ։ Անոնք՝ որոնք կ’ընտրեն Յիսուսին չհետեւիլ «յետին» պիտի ըլլան։ Անոնց հակառակը, պարզ ժողովուրդը Յիսուսին սորվեցուցածները լսելով՝ կը տեսնեն որ ան կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը եւ կեանքի տանող ճամբան։ Անոնք «յետիններ» էին կրօնական առաջնորդներուն աչքով, բայց հիմա «առաջին» կը դառնան։ Անոնց առջեւ առիթ կայ որ Յիսուսի հետ երկինքը աթոռներու վրայ նստին եւ իշխեն դրախտային երկրին վրայ։
◇ Ո՞վ կը մօտենայ Յիսուսին։
◇ Յիսուս ինչո՞ւ կ’առարկէ երբ իրեն «Բարի» տիտղոսը կը տրուի։
◇ Յիսուս ի՞նչ վարձատրութիւններ կը խոստանայ իր հետեւորդներուն։
◇ Ինչպէ՞ս «առաջիններ»ը «յետին» կ’ըլլան, իսկ «յետիններ»ը՝ «առաջին»։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 30–ՅՈՒՆՈՒԱՐ 5
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 20-22
«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
(Յայտնութիւն 21։1) Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։
Նոր Երկինք մը ու Նոր Երկիր մը
2 Յովհաննէսի օրերէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովա ըսած էր Եսայիի. «Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ (Եսայեայ 65։17. 66։22) Այս մարգարէութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ, երբ հաւատարիմ Հրեաներ Երուսաղէմ վերադարձան Հ.Դ.Ա. 537–ին, Բաբելոնի մէջ 70 տարի աքսորուած մնալէ ետք։ Երբ վերահաստատուեցան, անոնք մաքրուած ընկերութիւն մը՝ «նոր երկիր մը» կազմեցին, վարչական նոր դրութեան մը՝ «նոր երկինք»ի ներքեւ։ Պետրոս առաքեալ սակայն, ցոյց տուաւ որ այս մարգարէութիւնը յաւելեալ կատարում մը պիտի ունենար, ըսելով. «Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Արդ, Յովհաննէս ցոյց կու տայ որ այս խոստումը կը կատարուի տէրունական օրուան ընթացքին։ «Առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը»՝ Սատանայի կազմակերպուած իրերու դրութիւնը, Սատանայի եւ իր դեւերուն ազդեցութեան ներքեւ եղող իր վարչական կառոյցով՝ պիտի անցնին։ Ամբարիշտ, ըմբոստ մարդկութեան ալեծուփ «ծով»ը գոյութենէ պիտի դադրի։ Անոր տեղը պիտի առնէ «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը». երկրային նոր ընկերութիւն մը, նոր կառավարութեան մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 20։11
(Յայտնութիւն 21։3, 4) Ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը 4 եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։
«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
«[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Ան ինչպիսի՞ արցունքներ պիտի սրբէ։ Ո՛չ ուրախութեան արցունքները, ոչ ալ աչքերը պաշտպանող արցունքները. հապա տառապանքին ու վիշտին պատճառած արցունքները։ Աստուած ոչ թէ պարզապէս այսպիսի արցունքներ պիտի չորցնէ, այլ զանոնք ամբողջովին պիտի սրբէ, արմատախիլ ընելով տառապանքն ու վիշտը։
«Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Որեւէ ազդակէ աւելի, մեր թշնամին՝ մահը՝ անփափաքելի արցունքներ պատճառած է։ Եհովան հնազանդ մարդիկը մահուան ճիրաններէն պիտի ազատէ։ Ինչպէ՞ս։ Չքացնելով մահուան իսկական պատճառը՝ Ադամէն ժառանգուած մեղքը (Հռովմայեցիս 5։12)։ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, Եհովան հնազանդ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասցնէ։ Ապա վերջին թշնամին՝ մահը՝ «պիտի խափանուի» (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ինչպէս որ Աստուած նպատակադրած էր, հաւատարիմները պիտի կարենան կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրիլ։
«Ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Ի՞նչ տեսակի ցաւ այլեւս պիտի չըլլայ։ Մտային, զգացական եւ ֆիզիքական ցաւերը, որոնք մեղքին ու անկատարութեան արդիւնքն են եւ անհամար միլիոնաւորներու կեանքը թշուառացուցած են։
(Յայտնութիւն 21։5) Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» ու ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։
Եհովա՝ ճշմարտութեան Աստուած
14 Իր Խօսքին մէջ Եհովայի մեզի ըսած բաները լուրջի պէտք է առնենք։ Ան իր մասին միշտ ճշմարտութիւնը կ’ըսէ, եւ միշտ կը կատարէ ինչ որ կ’ըսէ որ պիտի ընէ։ Աստուծոյ վստահելու ամէն պատճառ ունինք։ Կրնանք հաւատալ, երբ Եհովա կ’ըսէ թէ ‘վրէժ պիտի առնէ անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Կրնանք նաեւ Եհովայի հաւատալ, երբ կ’ըսէ թէ ինք կը սիրէ արդարութեան հետամուտ եղողները, երբ կ’ըսէ թէ հաւատք ընծայողներուն յաւիտենական կեանք պիտի շնորհէ, եւ երբ կ’ըսէ թէ ցաւը, աղաղակը եւ նոյնիսկ մահը պիտի բնաջնջէ։ Եհովա այս վերջին խոստումին վստահելի ըլլալը շեշտեց, Յովհաննէս առաքեալին տալով սա հրահանգը. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։—Յայտնութիւն 21։4, 5. Առակաց 15։9. Յովհաննու 3։36
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Յայտնութիւն 20։5) Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ։ Ասիկա է առաջին յարութիւնը։
Օձին Գլուխը կը Ջախջախուի
14 Արդ, այս թագաւորները որո՞նց պիտի դատեն, եթէ, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ հոս կ’աւելցնէ՝ «Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ»։ (Յայտնութիւն 20։5ա) Դարձեալ, ‘ապրեցան’ բառը բովանդակութեան համաձայն պէտք է հասկցուի։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ տարբեր իմաստներ ունենալ, տարբեր պարագաներու մէջ։ Օրինակ, Պօղոս իր օծեալ հաւատակից Քրիստոնեաներուն մասին ըսաւ. «Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց»։ (Եփեսացիս 2։1) Այո, հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները ‘կենդանացած էին’, նոյնիսկ առաջին դարուն, Յիսուսի զոհագործութեան վրայ իրենց ունեցած հաւատքին հիման վրայ արդար յայտարարուած էին։—Հռովմայեցիս 3։23, 24
15 Նոյն կերպով, նախաքրիստոնէական շրջանի Եհովայի վկաները արդար յայտարարուեցան Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած բարեկամութեան հիման վրայ. իսկ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի մասին խօսուած է որպէս «կենդանիներ», հակառակ անոր որ անոնք ֆիզիքապէս մեռած էին։ (Մատթէոս 22։31, 32. Յակոբու 2։21, 23) Սակայն, անոնք եւ ուրիշ յարուցանուածներ, ինչպէս նաեւ Արմագեդոնէն վերապրելիք հաւատարիմ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը եւ նոր աշխարհին մէջ անոնց ծնելիք զաւակները, տակաւին մարդկային կատարելութեան պէտք է բերուին։ Ասիկա պիտի իրագործուի հազարամեայ Դատաստանի Օրուան ընթացքին, Քրիստոսի եւ իր ընկերակից թագաւորներուն եւ քահանաներուն միջոցաւ, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Այդ Օրուան վերջաւորութեան, «միւս մեռելները» պիտի ‘ապրին’, այդ առումով որ կատարեալ անհատներ պիտի ըլլան։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, անոնք այդ ատեն վերջին փորձէ մը պիտի անցնին, բայց այդ փորձին պիտի ենթարկուին որպէս կատարեալ մարդիկ։ Երբ փորձէն յաջող կերպով անցնին, Աստուած զանոնք յաւիտեան ապրելու արժանի, բառին բուն իմաստով՝ արդարներ պիտի յայտարարէ։ Անոնք հետեւեալ խոստումին ամբողջական կատարումը պիտի վայելեն. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Ի՜նչ հաճելի ապագայ մը վերապահուած է հնազանդ մարդկութեան համար։
(Յայտնութիւն 20։14, 15) Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը։ 15 Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ։
Ռազմիկ Թագաւորը Յաղթական՝ Արմագեդոնին
Ծովէն ելլող եօթը գլուխով ու տասը եղջիւրով գազանը, որ կը ներկայացնէ Սատանայի քաղաքական կազմակերպութիւնը, մոռացութեան կը մատնուի եւ անոր հետ՝ սուտ մարգարէն, եօթներորդ աշխարհակալ ոյժը։ (Յայտնութիւն 13։1, 11-13. 16։13) Երբ տակաւին «ողջ» են, կամ՝ երբ տակաւին երկրի վրայ միասնաբար կը գործեն Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ, անոնք «կրակին լիճը» կը ձգուին։ Ասիկա բառացի՞ կրակի լիճ մըն է։ Ոչ, ինչպէս որ գազանը եւ սուտ մարգարէն բառացի անասուններ չեն։ Այլ, անիկա ամբողջական, վերջնական բնաջնջումի խորհրդանիշ մըն է. վայր մը ուրկէ վերադարձ չկայ։ Հոս է որ հետագային մահը եւ Հատէսը, ինչպէս նաեւ Սատանան պիտի նետուին։ (Յայտնութիւն 20։10, 14) Վստահաբար անիկա չարերուն համար յաւիտենական տանջանքի դժոխք մը չէ, քանի որ այդպիսի վայրի մը գաղափարն իսկ զզուելի է Եհովայի։—Երեմեայ 19։5. 32։35. Ա. Յովհաննու 4։8, 16
Օձին Գլուխը կը Ջախջախուի
26 Արդէն նշեցինք որ «կրակի ու ծծումբի լիճ»ը չի կրնար տանջանքի բառացի վայր մը ըլլալ։ (Յայտնութիւն 19։20) Եթէ Սատանան հոն յաւիտեան պիտի տանջուի, Եհովան պէտք է զինք ողջ պահէ։ Սակայն կեանքը պարգեւ մըն է եւ ոչ թէ պատիժ։ Մահը մեղքին պատիժն է եւ Աստուածաշունչին համաձայն, մեռած արարածները ցաւ չեն զգար։ (Հռովմայեցիս 6։23. Ժողովողի 9։5, 10) Ասկէ զատ, հետագային կը կարդանք որ մահը եւ Հատէսը կրակի ու ծծումբի նոյն լիճին մէջ կը նետուին։ Վստահաբար մահն ու Հատէսը չեն կրնար տանջուիլ։—Յայտնութիւն 20։14
28 Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուածաշունչը ինք կը բացատրէ կրակի ու ծծումբի լիճին իմաստը. «Ասիկա է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 20։14) Որոշ է ուրեմն, որ անիկա Յիսուսի յիշած Գեհենին հետ նոյնիմաստ է. վայր մը ուր ամբարիշտը կ’ոչնչանայ, ոչ թէ յաւիտեան կը տանջուի։ (Մատթէոս 10։28) Անիկա ամբողջական, լրիւ կործանում մըն է՝ առանց յարութեան յոյսի։ Անոր համար, թէեւ մահուան, Հատէսին եւ անդունդին համար բանալիներ կան, բայց կրակի ու ծծումբի լիճը բացող բանալի յիշուած չէ։ (Յայտնութիւն 1։18. 20։1) Անիկա իր մէջի գերիները բնաւ պիտի չարձակէ։—Համեմատել՝ Մարկոս 9։42-46
դ08 12/1 6, շրջանակ
Ի՞նչ է «կրակի լիճը»
Յայտնութիւն 20։9, 10–ը կ’ըսէ թէ Բանսարկուն ‘կրակի լիճին’ մէջ պիտի ձգուի եւ ‘հոն պիտի չարչարուի ցերեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից’։ Եթէ Բանսարկուն յաւիտեան պիտի չարչարուի, հարկ է որ Աստուած զինք ողջ պահէ, բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս պիտի «փճացնէ զանիկա» (Եբրայեցիս 2։14)։ Այլաբանական կրակի լիճը կը պատկերացնէ «երկրորդ մահը» (Յայտնութիւն 21։8)։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ նշուած առաջին մահը չէ,– Ադամի մեղքին պատճառած մահը,– որմէ կարելի է ազատուիլ՝ յարութեամբ (Ա. Կորնթացիս 15։21, 22)։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ «կրակի լիճը» իր մէջ եղողները պիտի արձակէ, «երկրորդ մահը» պէտք է նշանակէ տարբեր մահ մը,– անշրջելի։
«Կրակի լիճ»ին մէջ եղողները ի՞նչ առումով առյաւէտ կը չարչարուին։ Երբեմն, «չարչարել» կրնայ նշանակել՝ «արգելափակել»։ Անգամ մը, երբ Յիսուս դեւերուն հետ դէմ–դիմաց եկաւ, անոնք բացագանչեցին. «Ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ [անդունդին մէջ արգելափակելո՞ւ] համար հոս եկար» (Մատթէոս 8։29. Ղուկաս 8։30, 31)։ Ուստի «լիճին» մէջ բոլոր եղողները յաւիտենական արգելափակութեան «չարչարանք»ին՝ կամ «երկրորդ մահուան» պիտի ենթարկուին։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 97
ԱՅԳԻԻՆ ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
• ԱՅԳԻԻՆ «ՎԵՐՋԻՆ» ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐԸ «ԱՌԱՋԻՆ» ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ
Պերեայի մէջ, Յիսուս դեռ նոր իրեն մտիկ ընողներուն ըսած է, որ «շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին» (Մատթէոս 19։30)։ Ան այս կէտը կը շեշտէ՝ պատմելով այգիին բանուորներուն առակը.
«Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։ Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, ըսաւ անոնց. ‘Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի’։ Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուրիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք’։ Ըսին իրեն. ‘Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց’։ Ըսաւ անոնց. ‘Դուք ալ այգին գացէք’» (Մատթէոս 20։1-7)։
Յիսուսին մտիկ ընողները հաւանաբար կը մտածեն Եհովա Աստուծոյ մասին, երբ կը լսեն «երկնքի թագաւորութիւնը» եւ «տանտէր» արտայայտութիւնները։ Սուրբ Գրութիւնները Եհովան կը ներկայացնեն որպէս տէրը այգիի մը, որ կը պատկերացնէր իսրայէլ ազգը (Սաղմոս 80։8, 9. Եսայի 5։3, 4)։ Օրէնքի ուխտին տակ եղողները կը նմանցուին այգիին բանուորներուն կամ աշխատաւորներուն։ Բայց Յիսուս անցեալի իսրայէլացիներուն մասին չի խօսիր։ Ան կը նկարագրէ պարագայ մը, որ իր օրերուն կը տիրէ։
Կրօնական առաջնորդներուն եւ փարիսեցիներուն պատասխանատուութիւնն է, որ Աստուծոյ ծառայութեամբ զբաղած ըլլան։ Անոնք կը նմանին լիաժամ աշխատաւորներուն, որոնք կ’ակնկալեն որ օրուան վերջաւորութեան ստանան իրենց մէկ օրուան լման աշխատավարձը՝ մէկ դահեկան։
Քահանաները եւ միւս կրօնական առաջնորդները պարզ ժողովուրդը կը սեպեն անհատներ, որոնք Աստուծոյ աւելի քիչ կը ծառայեն. կարծես անոնք Աստուծոյ այգիին մէջ կիսաժամ աշխատաւորներ են։ Յիսուսի առակին մէջ, անոնք այն տղամարդիկն են, որոնք կու գան աշխատելու «ժամը երեքին», այսինքն՝ երրորդ ժամուն (կ.ա. 9։00) եւ աւելի ուշ՝ վեցերորդ, իններորդ եւ վերջապէս տասնմէկերորդ ժամուն (կ.ե. 5։00)։
Կրօնական առաջնորդները Յիսուսին հետեւող տղամարդիկն ու կիները «նզովուած» կը նկատեն (Յովհաննէս 7։49)։ Յիսուսին հետեւորդները իրենց կեանքին մեծ մասը անցուցած են զբաղելով ձկնորսութեամբ կամ ուրիշ գործերով։ Բայց Ք.Ե. 29–ի աշնան, «այգիին տէրը» Յիսուսը ղրկեց որ այս պարզ ժողովուրդը աշխատելու հրաւիրէ իր այգիին մէջ, որպէս Քրիստոսի աշակերտներ։ Անոնք «վերջիններ»ն են՝ տասնմէկերորդ ժամուն բանուորները։
Իր առակին վերջաւորութեան, Յիսուս կը նկարագրէ թէ աշխատանքի օրուան վերջաւորութեան ի՛նչ կը պատահի. «Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. ‘Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները’։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյ մէկ դահեկան առին։ Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյ մէկ դահեկան։ Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. ‘Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք’։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. ‘Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ’։ Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին» (Մատթէոս 20։8-16)։
Աշակերտներուն մտքին մէջ թերեւս հարցման նշան կայ Յիսուսի առակին վերջին մասին նկատմամբ։ Ինչպէ՞ս հրեայ կրօնական առաջնորդները, որոնք իրենք զիրենք «առաջին» կը սեպեն, պիտի ըլլան «յետին»։ Եւ ինչպէ՞ս աշակերտները պիտի ըլլան «առաջին»։
Յիսուսին աշակերտները, որոնք փարիսեցիներուն եւ ուրիշներուն կողմէ «յետիններ» կը սեպուին, առիթ ունին որ «առաջին» ըլլան եւ լման վարձատրութիւն ստանան։ Երբ Յիսուս մեռնի, Աստուած պիտի մերժէ երկրային Երուսաղէմը եւ ընտրէ նոր ժողովուրդ մը՝ «Աստուծոյ իսրայէլ»ը (Գաղատացիս 6։16. Մատթէոս 23։38)։ Յովհաննէս Մկրտիչ այս անհատները ի մտի ունէր, երբ ըսաւ որ ապագային սուրբ հոգիով մկրտութիւն պիտի ըլլայ։ «Յետինները» պիտի ըլլան առաջին անհատները, որոնք սուրբ հոգիով պիտի մկրտուին եւ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան Յիսուսին վկաները ըլլալու՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։5, 8. Մատթէոս 3։11)։ Աշակերտները Յիսուսի խօսքերէն որոշ չափով կը հասկնան, թէ ինչ մեծ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ եւ թէ ինչ խիստ ատելութիւն պիտի դիմագրաւեն կրօնական առաջնորդներէն, որոնք «յետիններ» պիտի ըլլան։
◇ Ինչո՞ւ տրամաբանական է եզրակացնել որ Եհովան «այգիին տէր»ն է, եւ որո՞նք են «բանուորներ»ը։
◇ Յիսուս այս առակով ի՞նչ մեծ փոփոխութեան մը կ’ակնարկէ։
◇ Այս փոփոխութիւնը ե՞րբ յստակ կը դառնայ։