Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Դեկտեմբեր էջ 10-14
  • Պատուէ «զայն որ Աստուած միաւորեց»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատուէ «զայն որ Աստուած միաւորեց»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆ ՄԻԱԿ ՊԱՏՃԱՌԸ
  • ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՈՒԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ԼՈՒՐՋ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՆ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եթէ ձեր ամուսնութիւնը քայքայուելու վրայ է
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Եհովան ինչո՞ւ ամուսնութեան կարգադրութիւնը ըրաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Դեկտեմբեր էջ 10-14
Յիսուս իր շուրջը հաւաքուող բազմութեան կը սորվեցնէ

Պատուէ «զայն որ Աստուած միաւորեց»

«Զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ» (ՄԱՐ. 10։9)։

ԵՐԳԵՐ. 36, 87

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Եհովան եւ Յիսուս ամուսնութեան ի՞նչ աչքով կը նային։

  • Ամուսնալուծման միակ պատճառը ի՞նչ է, բայց թերեւս մէկը ինչո՞ւ որոշէ չամուսնալուծուիլ։

  • Այն անձը որ կը մտածէ իր կողակիցէն բաժնուիլ, ո՞ր խրատը պէտք է նկատի առնէ։

1, 2. Եբրայեցիս 13։4–ը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

ԲՈԼՈՐՍ կ’ուզենք Եհովան պատուել։ Ան պատիւի արժանի է եւ կը խոստանայ, որ ինքն ալ մեզ պիտի պատուէ (Ա. Թագ. 2։30. Առ. 3։9. Յայտ. 4։10բ)։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ մարդիկն ալ պատուենք, ինչպէս՝ կառավարական պաշտօնեաները (Հռով. 12։10. 13։7)։ Բայց կայ մարզ մը, ուր պէտք է մասնաւորաբար պատուենք ուրիշը։ Այդ մարզը ամուսնութիւնն է։

2 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի բոլորէն, ու անկողինը՝ անարատ պահուի» (Եբ. 13։4, ԱԾ)։ Ինչպէս նկատի առիր, Պօղոս պարզապէս իրողութիւն մը չէր ըսեր, հապա՝ ուղղութիւն կու տար որ քրիստոնեաները պատուեն ամուսնութիւնը, այսինքն՝ զայն արժէքաւոր նկատեն։ Իսկ դուն արժէքաւոր կը նկատե՞ս ամուսնութիւնը, նամանաւանդ քո՛ւ ամուսնութիւնդ եթէ ամուսնացած ես։

3. Յիսուս ամուսնութեան մասին ի՞նչ կարեւոր խրատ մը տուաւ (տե՛ս բացման նկարը)։

3 Եթէ ամուսնութիւնը պատուական կը նկատես, կը հետեւիս շատ լաւ օրինակի մը՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ պատուեց ամուսնութիւնը։ Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին ամուսնալուծման մասին, մէջբերեց ի՛նչ որ Աստուած ըսած էր առաջին ամուսնութեան նկատմամբ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Յիսուս աւելցուց. «Զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ» (կարդա՛ Մարկոս 10։2-12. Ծն. 2։24)։

4. Եհովան ամուսնութեան նկատմամբ ի՞նչ չափանիշ դրաւ։

4 Այսպիսով, Յիսուս համաձայնեցաւ որ Աստուած էր ամուսնութիւնը Հիմնողը եւ թէ ատիկա պէտք է մնայուն ըլլայ։ Աստուած Ադամին ու Եւային չըսաւ որ կրնան ամուսնալուծուիլ։ Ընդհակառակը, ան չափանիշ դրաւ, որ «երկուքը» յաւիտեան միացած պիտի մնան։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

5. Մահը ինչպէ՞ս ամուսնութեան ազդեց։

5 Սակայն գիտենք թէ երբ Ադամ մեղք գործեց, շատ մը բաներ փոխուեցան։ Օրինակ՝ մարդիկ սկսան մեռնիլ, ինչ որ ամուսնութեան ազդեց։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ մահը ամուսնութեան վերջ կը դնէ, եւ թէ ողջ կողակիցը կրնայ վերամուսնանալ (Հռով. 7։1-3)։

6. Մովսիսական օրէնքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ ամուսնութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտին մասին։

6 Այն Օրէնքը որ Աստուած իսրայէլ ազգին տուաւ, ամուսնութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ կը բովանդակէր։ Օրինակ՝ իսրայէլացի տղամարդ մը կրնար մէկէ աւելի կին առնել։ Այս սովորութիւնը կար նոյնիսկ առաջ որ Աստուած Օրէնքը տար։ Բայց Օրէնքը կարգի դրաւ այս սովորութիւնը, արգիլելով կիներուն եւ զաւակներուն հետ գէշ վարուիլը։ Օրինակ՝ եթէ իսրայէլացի տղամարդ մը ստրկուհիի մը հետ ամուսնանար եւ ետքը երկրորդ կին մը առնէր, չէր կրնար իր առաջին կնոջ պէտքերը անտեսել, ինչպէս՝ ուտելիքը, հագուելիքը եւ ամուսնական պարտքը։ Աստուած պահանջեց որ ան շարունակէ իր կինը պաշտպանել եւ հոգալ (Ել. 21։9, 10)։ Մենք Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, բայց ատոր միջոցաւ կրնանք տեսնել, որ Եհովային աչքին ամուսնութիւնը շատ արժէքաւոր է։ Ասիկա անկասկած մեզի կ’օգնէ որ ամուսնութիւնը պատուենք։

7, 8. ա) Ըստ Բ. Օրինաց 24։1–ին, Օրէնքը ի՞նչ ըսաւ ամուսնալուծման մասին։ բ) Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայի ամուսնալուծման։

7 Օրէնքը ի՞նչ ըսաւ ամուսնալուծման մասին։ Թէեւ բնա՛ւ Աստուծոյ նպատակը չէր որ ամուսին մը ու կին մը ամուսնալուծուին, բայց Օրէնքը արտօնեց որ իսրայէլացի տղամարդ մը իր կինը արձակէ, եթէ ‘անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնէ’ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 24։1)։ Օրէնքը չնկարագրեց թէ ‘անարգութեան բանը’ ի՛նչ էր։ Սակայն ատիկա ամօթալի վարք կամ անմաքուր բան մը պէտք էր ըլլար, եւ ոչ թէ աննշան բան մը (Բ. Օր. 23։14)։ Ցաւօք սրտի, Յիսուսի օրերուն, շատ մը հրեաներ «ամէն պատճառի համար» կ’ամուսնալուծուէին (Մատ. 19։3)։ Վստահաբար չենք ուզեր անոնց կեցուածքը ունենալ։

8 Մաղաքիա մարգարէին օրերուն, սովորական դարձած էր որ տղամարդ մը իր առաջին կինը արձակէ, թերեւս որպէսզի աւելի երիտասարդ հեթանոս աղջկայ մը հետ ամուսնանայ։ Բայց Աստուած շատ յստակօրէն ըսաւ, որ «ինք կ’ատէ կին արձակելը» (Մաղ. 2։14-16)։ Ասիկա համապատասխան էր այն բանին, որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ առաջին ամուսնութեան մասին. «[Այրը] իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն. 2։24)։ Եւ Յիսուս թիկունք կանգնեցաւ իր Հօր տեսակէտին, երբ ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։6)։

Աստուած ինչպէ՞ս հակազդեց Իսրայէլի շնութեան

Թէ՛ Իսրայէլը եւ թէ Յուդան Եհովային անհաւատարիմ գտնուեցան։ Անոնք հեթանոս ազգերու հետ դաշնակցութիւններ ըրին եւ չաստուածներ պաշտեցին։ Աստուած զանոնք դատապարտեց, քանի որ «քարի ու փայտի հետ շնութիւն» ըրին (Եր. 2։13, 20. 3։1-3, 9. համեմատէ՛ Եզեկիէլ 16։28. Յակոբոս 4։4)։ Երբ անոնք չփոխուեցան եւ շարունակեցին «պոռնիկի» պէս վարուիլ, Աստուած որոշում մը առաւ։ Ան ըսաւ. «Ապստամբ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառով զանիկա արձակեցի եւ արձակման թուղթը անոր տուի» (Եր. 3։6-8)։

ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆ ՄԻԱԿ ՊԱՏՃԱՌԸ

9. Մարկոս 10։11, 12–ին մէջ գրուած Յիսուսին խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։

9 Ոմանք թերեւս հարցնեն. ‘Կա՞յ պատճառ մը, որուն հիման վրայ քրիստոնեան կրնայ ամուսնալուծուիլ եւ վերամուսնանալ’։ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։ Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մար. 10։11, 12. Ղուկ. 16։18)։ Յստակ է թէ Յիսուս ամուսնութիւնը կը պատուէր եւ կ’ուզէր որ ուրիշներ ալ զայն պատուեն։ Եթէ այր մը իր հաւատարիմ կինը արձակէր եւ վերամուսնանար, շնութիւն ըրած կ’ըլլար։ Նոյնն էր պարագան եթէ կին մը արձակէր իր հաւատարիմ ամուսինը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամուսնալուծումը ինքնին վերջ չի դներ ամուսնութեան։ Աստուծոյ աչքին, երկուքը տակաւին «մէկ մարմին» են։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ եթէ այրը իր հաւատարիմ կինը արձակէ, կինը վտանգի մէջ կ’ըլլայ որ շնութիւն գործէ։ Ինչպէ՞ս։ Այդ ժամանակներուն, ամուսնալուծուած կին մը թերեւս մտածէր, որ պէտք է վերամուսնանայ նիւթական պատճառներու համար։ Այսպիսի ամուսնութիւն մը շնութեան համահաւասար կ’ըլլար։

Ամուսնալուծման միակ պատճառը

Յիսուս երկու առիթներով նշեց որ միակ պատճառը, որ անհատ մը ամուսնալուծուի եւ ազատ ըլլայ վերամուսնանալու, բոռ·նէա–ն է։ Այդ յունարէն բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ Ատիկա կ’ակնարկէ ապօրինի սեռային յարաբերութիւններուն, որոնք տեղի կ’ունենան աստուածաշնչական պայմանները գոհացնող ամուսնութենէ դուրս։ Ատիկա կը պարփակէ՝ շնութիւն, մարմնավաճառութիւն, չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ բերանային ու սրբանային սեռ եւ կողակիցը չեղողին սեռային անդամները գրգռել (տե՛ս Դիտարան–ի 1 մարտ 2004 թիւը, էջ 11, պարբ. 15)։

10. Միայն ինչի՞ հիման վրայ քրիստոնեան կրնայ ամուսնալուծուիլ եւ վերամուսնանալ։

10 Յիսուս նշեց այն պատճառը, որուն հիման վրայ անհատ մը կրնայ ամուսնալուծուիլ. «Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի [յունարէն՝ բոռ·նէա] իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’» (Մատ. 19։9)։ Ան նոյն կէտը նշած էր Լերան քարոզին մէջ (Մատ. 5։31, 32)։ Երկու առիթներուն ալ Յիսուս խօսեցաւ պոռնկութեան կամ սեռային անբարոյութեան մասին, որ կը պարփակէ՝ շնութիւն, մարմնավաճառութիւն, չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութիւններ, միասեռականութիւն եւ անասնապղծութիւն։ Օրինակ՝ եթէ ամուսնացած տղամարդ մը սեռային անբարոյութիւն գործէ, իր կինը կրնայ որոշել ամուսնալուծուիլ կամ ոչ։ Եթէ ամուսնալուծուի, ամուսնութիւնը վերջ կը գտնէ Աստուծոյ աչքին։

11. Քրիստոնեան թերեւս ինչո՞ւ որոշէ չամուսնալուծուիլ, թէեւ իր կողակիցը սեռային անբարոյութիւն գործեց։

11 Նկատէ թէ Յիսուս չըսաւ որ մէկու մը կողակիցին սեռային անբարոյութիւն գործելը անպայման պէտք է ամուսնալուծման հասցնէ։ Օրինակ՝ կինը թերեւս որոշէ իր ամուսինին հետ ամուսնացած մնալ, հակառակ որ իր ամուսինը սեռային անբարոյութիւն գործեց։ Ինչո՞ւ։ Ան թերեւս տակաւին զինք կը սիրէ եւ պատրաստ է անոր ներելու եւ անոր հետ համագործակցելու, որ իրենց ամուսնութիւնը բարելաւեն։ Խօսքին բացը, եթէ ան ամուսնալուծուի եւ չվերամուսնանայ, որոշ դժուարութիւններ պիտի ունենայ։ Անոր նիւթական կամ սեռային պէտքերուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Մինակ պիտի զգա՞յ։ Զաւակները ինչպէ՞ս պիտի ազդուին։ Աւելի՞ դժուար պիտի ըլլայ, որ զանոնք ճշմարտութեան մէջ մեծցնէ (Ա. Կոր. 7։14)։ Յայտնի է թէ ամուսնալուծուած անմեղ կողակիցը լուրջ դժուարութիւններ կ’ունենայ։

12, 13. ա) Ովսէէին ամուսնութեան մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Ովսէէն ինչո՞ւ Գոմերը ետ առաւ, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

12 Ովսէէ մարգարէին փորձառութիւնը շատ բան կը սորվեցնէ մեզի։ Աստուած Ովսէէին ըսաւ որ կին առնէ (Գոմեր), որ յետագային «պոռնկութեան կին» պիտի ըլլար եւ «պոռնկութեան տղաքներ» պիտի ունենար։ Գոմեր «յղացաւ ու [Ովսէէին] որդի մը ծնաւ» (Ով. 1։2, 3)։ Յետագային, Գոմեր ունեցաւ աղջիկ մը ու տղայ մը, շատ հաւանաբար շնութեան պատճառով։ Հակառակ որ ան կրկին անգամ շնութիւն գործեց, Ովսէէն ամուսնացած մնաց իրեն հետ։ Ի վերջոյ, Գոմեր ձգեց Ովսէէն եւ ստրկուհի դարձաւ։ Հակառակ ասոր, Ովսէէ գումար մը վճարելով զինք ետ բերաւ (Ով. 3։1, 2)։ Եհովան Ովսէէին օրինակը գործածեց, որպէսզի ցուցնէ թէ քանի՜ անգամ ներեց անհաւատարիմ իսրայէլին։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Եթէ քրիստոնեայի մը կողակիցը անբարոյութիւն գործէ, անմեղ քրիստոնեան որոշումի մը առջեւ կ’ըլլայ։ Յիսուս ըսաւ որ անմեղ կողակիցը վաւերական պատճառ մը կ’ունենայ որ ամուսնալուծուի, եւ ետքը ազատ կ’ըլլայ վերամուսնանալու։ Միւս կողմէ, սխալ չ’ըլլար եթէ ան որոշէ իր կողակիցին ներել։ Ովսէէն ալ ետ ընդունեց Գոմերը։ Երբ Գոմեր վերադարձաւ, այլեւս չէր կրնար ուրիշ տղամարդու մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Ովսէէն որոշ ժամանակ մը Գոմերին հետ սեռային յարաբերութիւն չունեցաւ (Ով. 3։3)։ Սակայն, շատ հաւանաբար ան ի վերջոյ սկսաւ դարձեալ յարաբերութիւն ունենալ իր կնոջ հետ։ Ասիկա ներկայացուց Եհովային պատրաստակամութիւնը, որ իր ժողովուրդը ետ ընդունի եւ անոնց հետ իր փոխյարաբերութիւնը շարունակէ (Ով. 1։11. 3։3-5)։ Ասիկա ներկայիս մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ ամուսնութեան մասին։ Եթէ անմեղ կողակիցը սկսի դարձեալ սեռային յարաբերութիւն ունենալ իր կողակիցին հետ, ասիկա կը ցուցնէ որ իրեն ներած է (Ա. Կոր. 7։3, 5)։ Այս պարագային, այլեւս վաւերական պատճառ մը չ’ունենար որ ամուսնալուծուի։ Ատկէ ետք, ամուսինն ու կինը որպէս զոյգ պէտք է ջանան Աստուծոյ աչքով նայիլ ամուսնութեան։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՈՒԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ԼՈՒՐՋ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՆ

14. Ըստ Ա. Կորնթացիս 7։10, 11–ին, ամուսնութեան մէջ ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

14 Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է ամուսնութիւնը պատուեն, Եհովային եւ Յիսուսին պէս։ Բայց ատեններ ոմանք զայն չեն պատուեր, քանի որ մարդ արարածը անկատար է (Հռով. 7։18-23)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ առաջին դարուն կարգ մը քրիստոնեաներ լուրջ խնդիրներ ունէին իրենց ամուսնութեան մէջ։ Պօղոս գրեց որ «կինը այրէն չզատուի»։ Բայց կարգ մը պարագաներու, այս մէկը պատահեցաւ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։10, 11)։

Երկու երէցներ ամուսնացած զոյգի մը կու տան սուրբգրային խրատներ

Կողակիցները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը փրկել (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15, 16. ա) Խնդիրներ ունեցող զոյգին նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ասիկա ինչպէ՞ս կը կիրարկուի այն պարագային, երբ կողակիցներէն մէկը Եհովային չի ծառայեր։

15 Պօղոս չբացատրեց թէ զոյգերը ի՛նչ պատճառներով կը բաժնուէին, բայց գրեց որ այն կինը որ իր ամուսինէն բաժնուած է, պէտք է «առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի»։ Ուրեմն, յստակ է թէ խնդիրը ինչ չէ՛ր կրնար ըլլալ։ Օրինակի համար, ամուսինը չէր կրնար անբարոյութիւն գործած ըլլալ, թէ ոչ կինը պատճառ կ’ունենար ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու։ Աստուծոյ աչքին, անոնք տակաւին միացած էին։ Պօղոս ըսաւ որ ի՛նչ ալ ըլլան զոյգի մը խնդիրները, եթէ սեռային անբարոյութիւն չկայ հարցին մէջ, անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ՝ իրենց խնդիրները լուծել եւ միասին մնալ։ Անոնք կրնան երէցներէն օգնութիւն խնդրել։ Երէցները կողմ չեն բռներ, սակայն կրնան Սուրբ Գիրքէն խրատներ տալ։

16 Հարցը աւելի խրթին կ’ըլլայ եթէ կողակիցներէն մէկը Եհովային չի ծառայեր։ Եթէ անոնք խնդիրներ ունենան, ընդունելի՞ է որ իրարմէ բաժնուին։ Ինչպէս որ նախապէս նշեցինք, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ սեռային անբարոյութիւնը ամուսնալուծման վաւերական պատճառն է, բայց չ’ըսեր թէ զոյգ մը ի՛նչ պատճառներով կրնայ բաժնուիլ։ Պօղոս գրեց. «Եթէ կին մը անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա» (Ա. Կոր. 7։12, 13)։ Ասիկա մեր օրերուն ալ կը կիրարկուի։

17, 18. Կարգ մը քրիստոնեաներ ինչո՞ւ իրենց կողակիցին հետ կը մնան, հակառակ որ լուրջ դժուարութիւններ կ’ունենան։

17 Սակայն եղած են պարագաներ, ուր «անհաւատ այր»ը ցուցուցած է որ իրեն համար ‘հաճելի չէ իր կնոջ հետ բնակիլ’։ Օրինակ՝ թերեւս ան այնքան վայրագ է, որ իր կնոջ առողջութիւնը կամ կեանքը վտանգի կ’ենթարկէ, կամ կը մերժէ նիւթական գետնի վրայ հոգ տանիլ իր կնոջ եւ ընտանիքին, կամ ալ անկարելի կը դարձնէ որ իր կինը Աստուծոյ ծառայէ։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, քրիստոնեան թերեւս անձնապէս որոշէ, թէ իր կողակիցին ‘հաճելի չէ իրեն հետ բնակիլ’,– նոյնիսկ եթէ կ’ըսէ որ կ’ուզէ իրեն հետ մնալ,– եւ թէ բաժնուիլը անհրաժեշտ է։ Բայց նման պարագաներու մէջ, ուրիշ քրիստոնեաներ իրենց կողակիցին հետ մնացած են։ Անոնք տոկացած են եւ ջանացած են իրենց ամուսնութիւնը բարելաւել։ Ինչո՞ւ։

18 Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ զոյգը բաժնուի, երկուքը տակաւին կողակիցներ են։ Իւրաքանչիւրը դժուարութիւններ պիտի ունենայ, ինչպէս որ նախապէս նշեցինք։ Պօղոս առաքեալ ուրիշ պատճառ մըն ալ տուաւ, որ զոյգը միասին մնան։ Ան գրեց. «Անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են» (Ա. Կոր. 7։14)։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք իրենց կողակիցին հետ մնացին հակառակ որ վիճակը շատ դժուար էր, մասնաւորաբար ուրախ էին որ այդ զոհողութիւնը ըրին, երբ յետագային իրենց կողակիցը Եհովայի վկայ եղաւ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։16. Ա. Պետ. 3։1, 2)։

19. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ինչո՞ւ բազմաթիւ յաջող ամուսնութիւններ կան։

19 Յիսուս խրատ տուաւ ամուսնալուծման մասին, իսկ Պօղոս առաքեալ խրատ տուաւ բաժանումին մասին։ Երկուքն ալ կ’ուզէին որ Աստուծոյ ծառաները ամուսնութիւնը պատուեն։ Ներկայիս, աշխարհի տարածքին՝ քրիստոնէական ժողովքին մէջ բազմաթիւ յաջող ամուսնութիւններ կան։ Շատ հաւանաբար, կրնաս ուրախ զոյգեր տեսնել ժողովքիդ մէջ, ուր հաւատարիմ ամուսինը իր կինը կը սիրէ եւ սիրալիր կինը իր ամուսինը կը յարգէ։ Բոլորը կը ցուցնեն որ կարելի՛ է ամուսնութիւնը պատուել։ Կրնանք ուրախանալ որ միլիոնաւոր ամուսիններ ու կիներ կը փաստեն, թէ Աստուծոյ ըսածը ճիշդ է. «Մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Եփ. 5։31, 33)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել