Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Ապրիլ էջ 1-16
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ԱՊՐԻԼ 1-7
  • ԱՊՐԻԼ 8-14
  • ԱՊՐԻԼ 22-28
  • ԱՊՐԻԼ 29–ՄԱՅԻՍ 5
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Ապրիլ էջ 1-16

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ԱՊՐԻԼ 1-7

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7-9

«Ամուրիութիւնը պարգեւ է»

(Ա. Կորնթացիս 7։32) Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։

դ11 1/1 19 ¶3

Ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուէ՛

3 Ամուրի մը յաճախ աւելի ժամանակ եւ աւելի մեծ անձնական ազատութիւն ունի, քան՝ ամուսնացած անհատը (Ա. Կոր. 7։32-35)։ Ասոնք իւրայատուկ առաւելութիւններ են, որոնք կրնան իրեն թոյլ տալ իր ծառայութիւնը ընդարձակելու, ուրիշներու հանդէպ իր սէրը լայնցնելու եւ Եհովային մօտենալու։ Հետեւաբար, կարգ մը քրիստոնեաներ ամուրիութեան օգուտները սկսած են գնահատել, եւ որոշած են առնուազն ժամանակ մը ‘զայն տանիլ’։ Ուրիշներ թերեւս սկիզբը ամուրիութիւն ծրագրած չէին, բայց երբ իրենց պարագաները փոխուեցան, ջերմեռանդ աղօթքով իրենց կացութեան վրայ խոկացին ու գիտակցեցան, թէ Եհովայի օգնութեամբ իրենք ալ կրնան իրենց սրտին մէջ հաստատ ըլլալ։ Ուստի, անոնք իրենց փոխուած պարագաները ընդունեցին եւ ամուրիութիւնը որդեգրեցին (Ա. Կոր. 7։37, 38)։

(Ա. Կորնթացիս 7։33, 34) Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։ 34 Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։

դ08 7/1 15 ¶1

Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

7։33, 34—Ի՞նչ են «աշխարհիս բաները», զորս կը հոգայ ամուսնացած տղամարդը կամ կինը։ Պօղոս կ’ակնարկէ ամէնօրեայ կեանքի վերաբերող հարցերու, որոնցմով ամուսնացած Քրիստոնեաները պէտք է հետաքրքրուին։ Ասոնք կը պարփակեն ուտելիքը, հագուելիքը եւ պատսպարումը, բայց դուրս կը ձգեն աշխարհի գէշ բաները, որոնցմէ Քրիստոնեաները կը խուսափին։—Ա. Յովհ. 2։15-17

(Ա. Կորնթացիս 7։37, 38) Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։ 38 Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չ’ամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ։

դ97 2/1 19 ¶14

Ամուրիութիւն. բոլորանուէր կերպով ծառայելու պատեհութիւն մը

14 Ամուրի Քրիստոնեայ մը որ իր չամուսնացած վիճակը անձնասէր նպատակակէտեր հետապնդելու համար կը գործածէ, ամուսնացած Քրիստոնեաներէն «աղէկ» ըրած չըլլար։ Ան ամուրի կը մնայ ո՛չ թէ «երկնքի թագաւորութեանը համար», այլ՝ անձնական պատճառներով։ (Մատթէոս 19։12) Չամուսնացած մարդը կամ կինը «Տէրոջը գործով մտահոգ» պէտք է ըլլայ. անոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ ‘ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլալ’ եւ բոլորանուէր կերպով Տէրոջը ծառայել։ Ասիկա կը նշանակէ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի ծառայութեան անշեղ ուշադրութիւն ընծայել։ Միմիայն այսպէս ընելով է որ չամուսնացած Քրիստոնեայ այրեր ու կիներ կրնան ամուսնացած Քրիստոնեաներէն «աւելի աղէկ» ընել։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Կորնթացիս 7։11) (Իսկ եթէ զատուի ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։

ասմ 220-221

Որոշ ծայրայեղ պարագաներու, կարգ մը քրիստոնեաներ որոշած են իրենց կողակիցէն բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ, հակառակ անոր որ կողակիցը պոռնկութիւն գործած չէ։ Այսպիսի պարագաներու, Աստուածաշունչը պայման կը դնէ որ զատուողը «առանց ամուսնանալու մնայ», կամ իր կողակիցին հետ «հաշտուի» (Ա. Կորնթացիս 7։11)։ Այսինքն՝ քրիստոնեան ազատ չէ վերամուսնանալու (Մատթէոս 5։32)։ Այժմ քննարկենք կարգ մը բացառիկ պարագաներ, զորս ոմանք բաժանումի հիմ կը նկատեն։

Կամովին ապրուստ չճարել։ Ընտանիք մը կրնայ աղքատութեան սեմին հասնիլ եւ կեանքի հիմնական կարիքները չունենալ, քանի որ ամուսինը կարող ըլլալով հանդերձ՝ կը թերանայ ընտանիքին կարիքները հոգալու մէջ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը. . . իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է» (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Եթէ այսպիսի ամուսին մը մերժէ իր ընթացքը փոխել, կինը կրնայ որոշել, եթէ իր եւ իր զաւակներուն բարօրութեան համար, օրինականօրէն պէտք է բաժնուի կամ ոչ։ Անշուշտ, քրիստոնեայ երէցները պէտք է ուշադրութեամբ նկատի առնեն այն ամբաստանութիւնը՝ թէ քրիստոնեայ կողակիցը կը մերժէ իր ընտանիքին պէտքերը գոհացնել, քանի որ ընտանիքին կարիքները չհոգացող կողակիցը կրնայ վտարուիլ։

Ֆիզիքական ծայրայեղ չարչարանք։ Վայրագ կողակից մը այնքա՛ն գէշ կերպով կրնայ վերաբերիլ իր անմեղ կողակիցին հետ, որ անոր առողջութիւնը, նոյնիսկ կեանքը կրնայ վտանգել։ Եթէ վայրագ կողակիցը քրիստոնեայ է, ժողովքի երէցները պէտք է ներկայացուած ամբաստանութիւնները ստուգեն։ Բարկութեան նոպաները եւ վայրագ վերաբերմունքը՝ վտարումի առաջնորդող պատճառներ են (Գաղատացիս 5։19-21)։

Հոգեւոր կեանքին սպառնացող բացարձակ վտանգ։ Կողակիցներէն մէկը կրնայ յարատեւ փորձել իր կողակիցին ճշմարիտ պաշտամունք մատուցանելը անկարելի դարձնել կամ նոյնիսկ զինք պարտադրել որ ձեւով մը Աստուծոյ պատուէրը բեկանէ։ Այսպիսի պարագայի մը, վտանգուած կողակիցը կրնայ որոշել թէ արդեօք օրինական բաժանո՛ւմն է միակ ձեւը, որպէսզի ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդի, քան՝ թէ մարդոց’ (Գործք 5։29)։

(Ա. Կորնթացիս 7։36) Իսկ եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։

դ00 7/15 31 ¶2

Կրնա՛ք մաքուր մնալ անբարոյ աշխարհի մը մէջ

Հետեւաբար, հազիւ թէ երիտասարդներու մէջ սեռային խթանումներ սկսին արթննալ, անոնք շուտով պէտք չէ ամուսնութեան գիրկը նետուին։ Ամուսնութիւնը յանձնառութիւն կը պահանջէ, եւ այսպիսի պատասխանատուութեան մը հետ գլուխ ելլելը հասունութիւն կը պահանջէ։ (Ծննդոց 2։24) Նախընտրելի է որ անհատ մը սպասէ, մինչեւ որ ‘մատղաշ տարիքը անցընէ’, այն ժամանակաշրջանը երբ սեռային զգացումները զօրաւոր կ’ըլլան եւ կրնան անհատին դատողութիւնը խեղաթիւրել։ (Ա. Կորնթացիս 7։36, ՆԱ) Իսկ որքա՛ն անմտութիւն եւ մեղք է, որ ամուսնանալ փափաքող չափահաս մը անբարոյ յարաբերութիւններու միջամուխ ըլլայ, պարզապէս քանի որ հաւանական կողակից մը չկայ։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w12 11/15 20

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ըստ Մատթէոս 19։10-12–ին, Յիսուս ըսել կ’ուզէ՞ր որ անոնք որոնք կ’որոշեն ամուրի մնալ, խորհրդաւոր կերպով ստացած կ’ըլլան ամուրիութեան պարգեւը։

▪ Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ նիւթի մէջ նշեց ամուրիութեան մասին իր խօսքերը։ Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին ամուսնալուծման մասին, Յիսուս յստակացուց թէ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է ամուսնութեան նկատմամբ։ Ճիշդ է որ Օրէնքը թոյլ կու տար որ ամուսին մը արձակման թուղթ տար իր կնոջ, եթէ անարգութեան բան մը գտնէր անոր վրայ, բայց ասիկա սկիզբէն այսպէս չէր (Բ. Օր. 24։1, 2)։ Ետքը, Յիսուս ըսաւ. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատ. 19։3-9)։

Երբ ասիկա լսեցին, աշակերտները ըսին. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ամենուն չի յարմարիր ատիկա, հապա անոնց՝ որոնց տրուած է։ Վասն զի կան ներքինիներ՝ որոնք իրենց մօրը որովայնէն այնպէս ծնան եւ կան ներքինիներ՝ որոնք մարդոցմէ ներքինի եղան եւ կան ներքինիներ որոնք ինքզինքնին ներքինի ըրին երկնքի թագաւորութեանը համար։ Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի» (Մատ. 19։10-12)։

Բառացի ներքինիները անոնք էին, որոնք թերութիւններով կը ծնէին, կամ ներքինի կ’ըլլային արկածով մը կամ հաշմանդամ դարձուելով։ Բայց կային նաեւ անձեր, որոնք իրենք իրենց ներքինի կ’ընէին։ Թէեւ անոնք կարողութիւն ունէին ամուսնանալու, բայց ինքնազսպում ունենալով ամուրի կը մնային «երկնքի թագաւորութեան համար»։ Անոնք Յիսուսին պէս կ’որոշէին ամուրի մնալ, որպէսզի Թագաւորութեան գործին նուիրուին։ Անոնք ո՛չ ամուրիութեան պարգեւով կը ծնէին, ոչ ալ այդ պարգեւը կը տրուէր իրենց։ Անոնք անձամբ կ’որոշէին ամուրի մնալ, այսինքն՝ իրենց կամքով կը զարգացնէ՛ին այդ պարգեւը։

Հիմնուելով Յիսուսին ըսածին վրայ, Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ անոնք, որոնք ‘իրենց սրտին մէջ որոշած են’ ամուրի մնալ, ‘աւելի աղէկ կ’ընեն’։ Ինչպէ՞ս։ Ամուսնացածները իրենց ժամանակին եւ կորովին մէկ մասը կը տրամադրեն իրենց կողակիցին հոգ տանելու եւ հաճեցնելու։ Միւս կողմէ, ամուրիները կրնան առանց այդ պարտաւորութեան ծառայել Աստուծոյ։ Անոնք ասիկա Աստուծոյ կողմէ «պարգեւ» կը նկատեն (Ա. Կոր. 7։7, 32-38)։

Ուրեմն, յստակ է թէ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ քրիստոնեան խորհրդաւոր կերպով չի ստանար ամուրիութեան պարգեւը, հապա՝ զայն կը զարգացնէ ամուրի մնալով, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանի առանց շեղումի։ Ներկայիս շատեր այս պատճառով որոշած են ամուրի մնալ։ Լաւ է որ ուրիշներ զանոնք քաջալերեն իրենց այս որոշումին համար։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 61

ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 17։14-19 ՄԱՐԿՈՍ 9։13-28 ՂՈՒԿԱՍ 9։37-44

• ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ՊԷՏՔ Է ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԲԺՇԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Երբ Յիսուս, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս լեռնէն վար կ’իջնեն, մեծ բազմութիւն մը կը տեսնեն։ Սխալ բան մը կայ։ Դպիրները աշակերտներուն շուրջը հաւաքուած են եւ անոնց հետ կը վիճաբանին։ Ժողովուրդը կը խանդավառուի Յիսուսը տեսնելով եւ կը վազէ զինք դիմաւորելու։ «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք անոնց հետ», կը հարցնէ Յիսուս (Մարկոս 9։15)։

Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը Յիսուսին կը մօտենայ եւ ծունկի վրայ գալով՝ կը բացատրէ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան» (Մարկոս 9։16, 17)։

Այնպէս կ’երեւի որ դպիրները կը քննադատեն ու կը ծաղրեն աշակերտները, քանի որ անոնք չկրցան բժշկել տղան։ Անոր համար, Յիսուս փոխանակ մտահոգ հօր պատասխանելու, բազմութեան կ’ուղղէ իր խօսքը՝ ըսելով. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի համբերեմ»։ Այս խիստ խօսքերը վստահաբար ուղղուած են դպիրներուն, որոնք իր բացակայութեան՝ նեղութիւն կու տային իր աշակերտներուն։ Ետքը, տխուր հօր դառնալով, կ’ըսէ. «Հո՛ս բեր քու որդիդ» (Ղուկաս 9։41)։

Երբ տղան Յիսուսին քով կը մօտենայ, չար ոգին զինք գետին կը զարնէ ու սաստիկ կը ցնցէ։ Տղան գետինը կը գլտորուի եւ իր բերնէն փրփուր դուրս կու գայ։ Յիսուս հօր կը հարցնէ։ «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Ան կը պատասխանէ. «Տղայութենէն ի վեր։ Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ»։ Ետքը, ան Յիսուսին կ’աղաչէ. «Եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ» (Մարկոս 9։20, 21)։

Տղուն հայրը յուսահատ է, քանի որ նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները չկրցան օգտակար դառնալ։ Յիսուս մարդուն աղերսանքին կ’ընդառաջէ՝ վստահեցնելով. «Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։ Հայրը անմիջապէս կ’աղաղակէ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս» (Մարկոս 9։22, 23)։

Յիսուս կը նկատէ որ ժողովուրդը մեծ թիւով իր շուրջը կը հաւաքուի։ Բոլորին ներկայութեան ան դեւը կը յանդիմանէ՝ ըսելով. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մէյ մըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ Չար ոգին պատճառ կը դառնայ որ տղան կանչվռտէ ու ցնցուի, եւ ետքը անկէ դուրս կու գայ։ Տղան գետինը անշարժ կը մնայ։ Մարդիկ ասիկա տեսնելով, կ’ըսեն. «Մեռաւ» (Մարկոս 9։24, 25)։ Բայց Յիսուս տղուն ձեռքէն կը բռնէ, ոտքի կը հանէ եւ տղան ‘կը բժշկուի նոյն ժամուն’ (Մատթէոս 17։17)։ Զարմանալի չէ որ մարդիկ այս բոլորը տեսնելով՝ կ’ապշին։

Ասկէ առաջ, երբ Յիսուս իր աշակերտները ղրկած էր քարոզելու, անոնք կրցա՛ծ էին դեւեր հանել։ Անոր համար, երբ առանձին տուն մը կը մտնեն, Յիսուսին կը հարցնեն. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։ Յիսուս անոնց կը բացատրէ, որ պատճառը իրենց հաւատքի պակասն է՝ ըսելով. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով» (Մարկոս 9։27, 28)։ Աշակերտները պէտք էր զօրաւոր հաւատք ունենային եւ աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէին, որ կարենային այդ հզօր դեւը հանել։

Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի» (Մատթէոս 17։19)։ Իրապէս, հաւատքը կրնայ մեծ բաներ ընել։

Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եհովայի ծառայութեան մէջ, թերեւս խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ դիմագրաւենք այն աստիճան, որ անոնք հսկայ լեռի մը նման թուին մեզի։ Բայց եթէ զօրաւոր հաւատք ունենանք, կրնանք ատոնք յաղթահարել։

◇ Երբ Յիսուս լեռնէն վար կ’իջնէ, ի՞նչ կը տեսնէ։

◇ Ինչո՞ւ աշակերտները չկրցան դեւը տղային մէջէն հանել։

◇ Երբ զօրաւոր հաւատք ունենանք, ի՞նչ կրնանք ընել։

ԱՊՐԻԼ 8-14

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10-13

«Եհովան հաւատարիմ է»

(Ա. Կորնթացիս 10։13) Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։

դ17.02 29-30

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Պօղոս առաքեալ գրեց թէ Եհովան «ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք» (Ա. Կոր. 10։13)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովան առաջուընէ նկատի կ’առնէ թէ ո՛ր փորձութիւններուն կրնանք դիմանալ, եւ ատոր հիման վրայ կը զատէ այն փորձութիւնը որ պիտի դիմագրաւենք։

▪ Պահ մը մտածէ թէ եթէ ասիկա ճիշդ ըլլար, մեր կեանքին ինչպէ՛ս պիտի ազդէր։ Օրինակ, եղբայր մը, որուն տղան անձնասպան եղաւ, հարցուց. «Արդեօք Եհովան առաջուընէ՞ տեսաւ, թէ կինս ու ես կրնանք դիմանալ մեր զաւակին անձնասպանութեան, եւ ատոր համար ասիկա պատահեցաւ»։ Այս դրութեան մէջ, մեզմէ շատերու հետ գէշ բաներ պիտի պատահին։ Լաւ, պէ՞տք է հաւատանք, որ Եհովան մասնայատուկ կերպերով կ’ուղղէ դէպքերը մեր կեանքին մէջ։

Մինչ նկատի կ’առնենք Ա. Կորնթացիս 10։13–ը, պիտի տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը չի տար այն գաղափարը, որ Եհովան առաջուընէ կը տեսնէ թէ ինչի՛ն կրնանք դիմանալ, եւ ատոր հիման վրայ կ’որոշէ թէ ի՛նչ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւենք։ Քննենք չորս պատճառներ, թէ ինչո՛ւ այսպէս կ’ըսենք։

Առաջին, Եհովան մարդոց տուած է ազատ կամքի պարգեւը։ Ան կ’ուզէ որ մեր որոշումները անձամբ առնենք (Բ. Օր. 30։19, 20. Յես. 24։15)։ Երբ առնենք որոշումներ որ Եհովան կը հաճեցնեն, կրնանք իրմէ ակնկալել որ մեզ առաջնորդէ (Առ. 16։9)։ Բայց երբ գէշ որոշումներ առնենք, հետեւանքները պիտի կրենք (Գաղ. 6։7, 8)։ Ուրեմն, եթէ Եհովան ընտրէ թէ ինչ փորձութիւններ պիտի պատահին մեզի, ազատ կամքը ո՞ւր կը մնայ։

Երկրորդ, Եհովան մեզ չի պաշտպաներ ‘ժամանակէն ու դիպուածէն’ (Ժող. 9։11)։ Ցաւալի դէպքեր կրնան պատահիլ մէկու մը հետ, պարզապէս քանի որ սխալ ժամանակին՝ սխալ տեղ կը գտնուի։ Յիսուս խօսեցաւ դէպքի մը մասին, ուր 18 հոգիներ մահացան երբ աշտարակ մը ինկաւ իրենց վրայ։ Ան յստակացուց թէ անոնց մահուան պատճառը Աստուած չէր (Ղուկ. 13։1-5)։ Տրամաբանակա՞ն է մտածել որ Աստուած նախապէս կ’որոշէ թէ ո՛վ պիտի ապրի եւ ո՛վ պիտի մեռնի դիպուածներու պատճառաւ։

Երրորդ, իւրաքանչիւրս պէտք է Եհովային հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։ Յիշէ թէ Սատանան ըսած էր որ Եհովային ծառաները իրեն կը ծառայեն իրենց անձնական շահերուն համար։ Ան նաեւ ըսած էր որ եթէ փորձութիւններու հանդիպինք, հաւատարիմ պիտի չմնանք Եհովային (Յոբ 1։9-11. 2։4. Յայտ. 12։10)։ Եթէ Եհովան որոշ փորձութիւններ մեզմէ հեռու պահէ, ասիկա պիտի չփաստէ՞ թէ Սատանային ըսածը ճիշդ է։

Չորրորդ, Եհովան պէտք չունի առաջուընէ գիտնալու ամէ՛ն ինչ որ մեզի հետ պիտի պատահի։ Անշուշտ, եթէ Եհովան ուզէ՝ կրնայ գիտնալ թէ ապագային ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ (Եսա. 46։10)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ ան չ’ընտրեր գիտնալ ամէ՛ն ինչ որ ապագային պիտի պատահի (Ծն. 18։20, 21. 22։12)։ Եհովան սիրալիր ու արդար ըլլալով՝ կը յարգէ մեր ազատ կամքը որ անձնական որոշումներ առնենք (Բ. Օր. 32։4. Բ. Կոր. 3։17)։

Լաւ, Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Աստուած. . . ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք»։ Ան հոս կը բացատրէր թէ Եհովան ի՛նչ կ’ընէ փորձութիւններու ընթացքին, եւ ոչ թէ ատոնցմէ առաջ։ Առաքեալին ըսածը մեզի կը վստահեցնէ թէ ի՛նչ փորձութեան ալ հանդիպինք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ եթէ իրեն վստահինք (Սաղ. 55։22)։ Հիմա պիտի տեսնենք թէ Պօղոսին մխիթարիչ խօսքերը ի՛նչ երկու ճշմարտութիւններու վրայ հիմնուած են։

Առաջին, մեր դիմագրաւածը «մարդկային փորձութիւն» է։ Մեր փորձութիւնները ընդհանուր մարդկութեան պատահող բաներ են։ Կրնա՛նք այսպիսի փորձութիւններու դիմանալ, պայմանաւ որ Աստուծոյ վստահինք (Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Ա. Կորնթացիս 10–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս կը նշէ կարգ մը փորձութիւններ որ իսրայէլացիները դիմագրաւեցին անապատին մէջ (Ա. Կոր. 10։6-11)։ Այդ փորձութիւններէն ո՛չ մէկը մարդկային փորձառութենէն դուրս էր կամ հաւատարիմ իսրայէլացիներուն կարողութենէն վեր էր։ Բայց կարգ մը իսրայէլացիներ Եհովային անհնազանդ գտնուեցան։ Անոնք հաւատարիմ չմնացին քանի որ իրեն չապաւինեցան։

Երկրորդ, «Աստուած հաւատարիմ է»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ նայինք թէ Եհովան պատմութեան ընթացքին ինչպէ՛ս հոգ տարած է իր ծառաներուն, կը տեսնենք թէ ան հաւատարմօրէն կ’օգնէ «զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն» (Բ. Օր. 7։9)։ Նաեւ կը տեսնենք թէ ան միշտ իր խոստումներուն տէրն է (Յես. 23։14)։ Եթէ Եհովան կը սիրենք եւ իրեն կը հնազանդինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ՝ 1) ան բնա՛ւ թոյլ պիտի չտայ որ որեւէ փորձութիւն այնքան դժուարանայ որ դիմանալը անկարելի ըլլայ, եւ 2) «ազատութեան միջոց մը» պիտի տայ մեզի։

Լաւ, Եհովան ինչպէ՞ս «ազատութեան միջոց մը» կու տայ անոնց որ իրեն կ’ապաւինին։ Անշուշտ, ան կրնայ պարզապէս փորձութիւնը վերցնել։ Բայց յիշէ Պօղոսին ըսածը. «[Եհովան] փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ Ուրեմն, շատ մը պարագաներու մէջ, ան ազատութեան միջոց մը կու տայ մեզի՝ մեզ զօրացնելով որ կարենանք հաւատարիմ մնալ։ Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր որ Եհովան կը գործածէ մեզ զօրացնելու։

▪ Ան «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ան մեր միտքը, մեր սիրտը եւ մեր յուզումները կը հանդարտեցնէ իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ հաւատարիմ ծառային միջոցաւ (Մատ. 24։45. Յովհ. 14։16. Հռով. 15։4)։

▪ Ան կրնայ մեզ առաջնորդել իր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Յովհ. 14։26)։ Երբ փորձութիւններ ծագին, սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ աստուածաշնչական պատմութիւններ եւ սկզբունքներ յիշենք, որպէսզի իմաստուն որոշումներ առնենք։

▪ Ան կրնայ իր հրեշտակները գործածել մեզի օգնելու (Եբ. 1։14)։

▪ Ան կրնայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ մեզի օգնել։ Անոնք կրնան իրենց խօսքերով եւ գործերով մխիթարել կամ զօրացնել մեզ (Կող. 4։11)։

Լաւ, ի՞նչ սորվեցանք Ա. Կորնթացիս 10։13–ին մէջ Պօղոսի խօսքէն։ Եհովան չի զատեր այն փորձութիւնները որ պիտի դիմագրաւենք։ Բայց երբ փորձութիւններ ծագին մեր կեանքին մէջ, կրնանք այս բանէն վստահ ըլլալ. եթէ լման վստահինք Եհովային, ան բնա՛ւ պիտի չձգէ որ մեր փորձութիւնները այնքան սաստկանան որ դիմանալը անկարելի դառնայ, եւ ան միշտ ազատութեան միջոց մը պիտի տայ մեզի որպէսզի տոկանք։ Ասիկա որքա՜ն կը մխիթարէ մեզ։

(Ա. Կորնթացիս 10։13) Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։

(Ա. Կորնթացիս 10։13) Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Կորնթացիս 10։8) Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան։

դ04 5/1 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ինչո՞ւ Ա. Կորնթացիս 10։8–ն կ’ըսէ թէ պոռնկութիւն գործող Իսրայելացիները, որոնք մէկ օրուան մէջ սպաննուեցան, 23,000 հոգի էին, մինչդեռ Թուոց 25։9–ն կ’ըսէ թէ 24,000 հոգի էին։

Այս երկու համարներուն մէջ տրուած տարբեր թիւերուն առնչութեամբ մի քանի ազդակներ խնդրոյ առարկայ են։ Ամենէն պարզ բացատրութիւնը այն է թէ բուն թիւը 23,000–էն 24,000–ի միջեւ է, եւ այդ թիւը կլորցուած է։

Նկատի առէք այլ հաւանականութիւն մը։ Պօղոս առաքեալ Սատիմի մէջ Իսրայելացիներուն փորձառութիւնը իբր ազդարարութիւն թուեց վաղեմի Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն, քաղաք մը որ իր անառակութեամբ հռչակաւոր էր։ Ան գրեց. «Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան»։ Պոռնկութեան պատճառով Եհովայի կողմէ սպաննուածներուն ակնարկելով, Պօղոս անոնց թիւը կու տայ՝ 23,000։—Ա. Կորնթացիս 10։8

Բայց Թուոց 25–րդ գլուխը կ’ըսէ. «Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ»։ Ապա Եհովա պատուէր տուաւ Մովսէսի որ «ժողովուրդին բոլոր իշխանները» սպաննէ։ Իր կարգին, Մովսէս դատաւորներուն ըսաւ որ այդ պատուէրը կատարեն։ Վերջապէս, երբ Փենէհէս անմիջապէս սպաննեց Իսրայելացի մը որ բանակավայրին մէջ Մադիանացի կին մը բերած էր, ‘հարուածը դադրեցաւ’։ Պատմութիւնը վերջ կը գտնէ սա տեղեկութեամբ. «Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին»։ —Թուոց 25։1-9

Թուոցի մէջ յիշուած թիւը բացայայտօրէն կը բովանդակէր դատաւորներուն կողմէ սպաննուած ‘ժողովուրդին իշխանները’ եւ ուղղակիօրէն Եհովայի կողմէ սպաննուածները։ Հաւանաբար դատաւորները հազար իշխան սպաննեցին, թիւը հասցնելով 24,000–ի։ Այդ իշխաններուն կամ պարագլուխներուն ըրածը ի՛նչ որ ալ ըլլար՝ պոռնկութիւն, տօնախմբութեան մասնակցիլ, թէ մասնակցողներուն հաւանութիւն տալ, անոնք պատժուեցան ‘Բելփեգովրի յարելու’ յանցանքով։

‘Յարիլ’ բառին մասին Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ թէ անիկա կրնայ նշանակել՝ «անհատի մը սերտօրէն կապուիլ»։ Իսրայելացիները Եհովայի նուիրուած ժողովուրդ մըն էին, բայց երբ ‘Բելփեգովրի յարեցան’, Աստուծոյ հետ իրենց նուիրեալ յարաբերութիւնը խզեցին։ Շուրջ 700 տարի ետք, Ովսէէ մարգարէին միջոցով Եհովա Իսրայելացիներուն մասին ըսաւ. «Անոնք Բելփեգովր մտան ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան»։ (Ովսեայ 9։10) Այս բանը ընողները աստուածային դատապարտութեան արժանի էին։ Ուստի Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յիշեցուց. «Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրին ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրին ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսնցուց»։—Բ. Օրինաց 4։3

(Ա. Կորնթացիս 11։5, 6) Եւ ամէն կին, որ գլուխը բաց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը. վասն զի այնպէս կը սեպուի որպէս թէ ածիլուած էր։ 6 Վասն զի եթէ կինը չի ծածկուիր, թող իր մազերն ալ կտրէ. իսկ եթէ ամօթ է կնոջ մը իր մազերը կտրելը կամ ածիլուիլը, թող ծածկուի։

(Ա. Կորնթացիս 11։10) Այս պատճառաւ պէտք է որ կինը իր գլխուն շուք դնէ հրեշտակներուն համար։

դ15 2/15 30

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Քրիստոնեայ քոյր մը պէ՞տք է գլուխի ծածկոց գործածէ, եթէ արու հրատարակիչի մը ներկայութեան աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարէ։

▪ Դիտարան–ի 15 յուլիս 2002 թիւին մէջ (անգլերէնով), «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը նշեց թէ քոյրը իր գլուխը պէտք է ծածկէ, եթէ եղբօր մը կամ չմկրտուած արու հրատարակիչի մը ներկայութեան վարէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Այս նիւթը կրկին քննելով, յարմար տեսնուեցաւ ճշդում մը ընել։

Եթէ եղբայր մը քրոջ հետ է, որ հաստատուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պիտի վարէ, քոյրը անպայման գլուխի ծածկոց պէտք է գործածէ։ Այսպէս ան քրիստոնէական ժողովքին մէջ Եհովայի դրած գլխաւորութեան կարգադրութիւնը կը յարգէ, քանի որ դեր մը կը կատարէ, որ սովորաբար եղբօր պատասխանատուութիւնն է (Ա. Կոր. 11։5, 6, 10)։ Միւս կողմէ, քոյրը կրնայ եղբօրմէն խնդրել որ ուսումնասիրութիւնը վարէ, եթէ որակեալ ու կարող է։

Իսկ եթէ քրոջ հաստատուած ուսումնասիրութեան ներկայ է չմկրտուած արու հրատարակիչ մը, որ իր ամուսինը չէ, Աստուածաշունչը չի պահանջեր որ քոյրը իր գլուխը ծածկէ։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ այս պարագային՝ կարգ մը քոյրերու խղճմտանքը թերեւս զիրենք մղէ գլուխի ծածկոց գործածելու։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 62

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՍ

ՄԱՏԹԷՈՍ 17։21–18։5 ՄԱՐԿՈՍ 9։29-36 ՂՈՒԿԱՍ 9։44-48

• ՅԻՍՈՒՍ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

• ՅԻՍՈՒՍ ՏՈՒՐՔ ԿԸ ՎՃԱՐԷ՝ ՁՈՒԿԻՆ ԲԵՐՆԷՆ ԵԼԱԾ ԴՐԱՄՈՎ

• Ո՞Վ ՄԵԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Այլակերպութենէն եւ չար ոգի ունեցող տղան բժշկելէ ետք Փիլիպպոսի Կեսարիայի մէջ, Յիսուս Կափառնայում կ’ուղղուի։ Ան հոն գաղտնի կ’երթայ միայն իր աշակերտներուն հետ, քանի որ չ’ուզեր որ ժողովուրդէն «մէկը գիտնայ» (Մարկոս 9։29)։ Ասիկա իրեն առիթ կու տայ, որ աշակերտները աւելի պատրաստէ իր մահուան եւ այն գործին համար, որ պիտի կատարեն իր մահէն ետք։ Յիսուս կը բացատրէ. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մատթէոս 17։21, 22)։

Ասիկա իր աշակերտներուն համար նոր տեղեկութիւն չէ։ Ան ասկէ առաջ ալ խօսեցաւ իր սպանութեան մասին, թէեւ Պետրոս չուզեց հաւատալ որ ատանկ բան պիտի պատահի (Մատթէոս 16։21, 22)։ Եւ երեք առաքեալներ տեսան Յիսուսին այլակերպութիւնը եւ լսեցին իր «այս կեանքէն ելլել»ուն մասին եղած խօսակցութիւնը (Ղուկաս 9։31)։ Հիմա, Յիսուսին ըսածները իր հետեւորդները ‘խիստ կը տրտմեցնեն’, հակառակ անոր որ իր խօսքերուն լման իմաստը չեն հասկնար (Մատթէոս 17։22)։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կը վախնան աւելի հարցնելու իր մահուան մասին։

Ժամանակ մը ետք, անոնք կը հասնին Կափառնայում, որ Յիսուսի գործունէութեան գլխաւոր վայրն է եւ ուրկէ են կարգ մը առաքեալներ։ Հոն, տաճարի երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին քով կու գան։ Հաւանաբար, անոնք կ’ուզեն Յիսուսը ամբաստանել տուրք չվճարելու յանցանքով։ Անոր համար, կը հարցնեն. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ» (Մատթէոս 17։23)։

Պետրոս կը պատասխանէ. «Այո՛, կը հատուցանէ»։ Երբ Պետրոս տուն կու գայ, Յիսուս արդէն գիտէ ինչ պատահած է անոր հետ։ Փոխանակ սպասելու որ Պետրոսը նիւթը բանայ, Յիսուս կը հարցնէ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Օտարներէն»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ուրեմն որդիները ազատ են» (Մատթէոս 17։23-25)։

Յիսուսին Հայրը տիեզերքի Թագաւորն է եւ այն Անձնաւորութիւնն է, որ ժողովուրդը կը պաշտէ տաճարին մէջ։ Ուրեմն, օրինական գետնի վրայ, Աստուծոյ Որդիէն չէ պահանջուած տաճարին տուրքը վճարել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար» (Մատթէոս 17։26)։

Անկէ ետք, աշակերտները միասնաբար Յիսուսին քով կու գան, հարցնելու համար որ ո՛վ մեծ պիտի ըլլայ Թագաւորութեան մէջ։ Այս տղամարդիկը քիչ առաջ կը վախնային Յիսուսին հարցնելու իր մահուան մասին, բայց հիմա չեն վախնար իրե՛նց ապագային մասին հարցնելու։ Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ կը մտածեն, քանի որ Կափառնայում գալու ատեն, արդէն սկսած էին վիճաբանիլ այդ նիւթին շուրջ։ Անոր համար Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ» (Մարկոս 9։32)։ Աշակերտները երես չունին պատասխանելու, քանի որ իրարու միջեւ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ է մեծը։ Բայց ի վերջոյ բերաննին կը բանան՝ հարցնելով. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ» (Մատթէոս 18։1)։

Զարմանալի է որ աշակերտները այս նիւթին շուրջ կը վիճաբանին, հակառակ անոր որ երեք տարիէ ի վեր Յիսուսին հետն են եւ իր սորվեցուցածները կը լսեն։ Բայց անոնք անկատար են եւ մեծցած են այնպիսի կրօնական միջավայրի մը մէջ, որ դիրքին ու պաշտօնին շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս դեռ վերջերս Պետրոսին խոստացաւ տալ Թագաւորութեան «բանալիներ»ը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս պատճառով ան ինքզինք միւսներէն գերադաս կը սեպէ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին մասին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք ալ իրենք զիրենք գերադաս կը սեպեն, քանի որ Յիսուսին այլակերպութեան ականատես եղան։

Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Յիսուս անոնց մտածելակերպը կը ճշդէ։ Ան տղեկ մը կը կանչէ եւ անոնց մէջտեղը կը կայնեցնէ եւ կ’ըսէ. «Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ, եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի» (Մատթէոս 18։3-5)։

Սորվեցնելու ի՜նչ հոյակապ մեթոտ։ Յիսուս իր աշակերտներուն վրայ չի բարկանար, ոչ ալ կ’ըսէ որ անոնք ագահ են կամ փառքի կը տենչան։ Փոխարէն, ան գործնական դաս կը սորվեցնէ։ Փոքրիկները բարձր դիրքի կամ փառքի չեն ձգտիր։ Ուրեմն, այս օրինակով, Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց կու տայ որ պէտք է խոնարհ ու համեստ ըլլան։ Ան իր խօսքը կ’եզրափակէ՝ ըսելով. «Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ» (Ղուկաս 9։48)։

◇ Կափառնայում վերադառնալու ժամանակ, Յիսուս ի՞նչ կարեւոր իրողութիւն կը կրկնէ, իսկ աշակերտները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ պարտաւոր չէ տաճարի տուրքը վճարել, բայց ինչո՞ւ կը վճարէ։

◇ Ինչո՞ւ աշակերտները մտահոգուած են դիրքի միասին եւ Յիսուս ինչպէ՞ս զանոնք կը սրբագրէ։

ԱՊՐԻԼ 22-28

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 14-16

«Աստուած պիտի ըլլայ ‘ամէնը ամէն բանի մէջ’»

(Ա. Կորնթացիս 15։24, 25) Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ 25 Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։

դ98 7/1 28 ¶10

‘Մահը Պիտի Խափանուի’

10 Հոս յիշուած «վախճանը», Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանն է, երբ Յիսուս խոնարհութեամբ ու հաւատարմութեամբ Թագաւորութիւնը կը յանձնէ իր Աստուծոյն ու Հօրը։ (Յայտնութիւն 20։4) ‘Քրիստոսով ամէն բան բովանդակելու’ Աստուծոյ նպատակը կատարուած պիտի ըլլայ։ (Եփեսացիս 1։9, 10) Բայց նախ՝ Քրիստոս պէտք է կործանէ Գերիշխան Աստուծոյ կամքին հակառակող «ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն»։ Ասիկա Արմագեդոնին կատարուած կործանումէն աւելին պիտի բովանդակէ։ (Յայտնութիւն 16։16. 19։11-21) Պօղոս կ’ըսէ. «[Քրիստոս] պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։25, 26) Այո, ադամական մեղքի ու մահուան ամէն հետք վերցուած պիտի ըլլայ։ Ուստի անհրաժեշտ է որ Աստուած «գերեզմաններ»ը պարպած ըլլայ, մեռելները վերակենդանացնելով։—Յովհաննու 5։28

(Ա. Կորնթացիս 15։26) Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց»։

թկ 271 ¶21

Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը կը կատարէ երկրի վրայ

21 Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել մեղքին անխուսափելի հետեւանքին՝ մահուան մասին։ Անիկա մեր «վերջին թշնամին» է, որուն դիմաց անկատար մարդիկ ուշ կամ կանուխ կը պարտուին (Ա. Կոր. 15։26)։ Բայց մահը վախազդո՞ւ թշնամի մըն է Եհովային համար։ Նկատի առ թէ Եսային ի՛նչ մարգարէացաւ. «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսա. 25։8)։ Կրնա՞ս երեւակայել այդ ժամանակը երբ ա՛լ թաղումներ, գերեզմաններ եւ դառն արցունքներ պիտի չըլլան։ Ընդհակառակը, միայն ուրախութեա՛ն արցունքներ պիտի ըլլան, մինչ Եհովա Աստուած մեռելները ե՛տ կեանքի բերելու իր խոստումը կը կատարէ (կարդա՛ Եսայի 26։19)։ Վերջապէս, մահուան պատճառած անհամար ցաւերը պիտի անհետանան։

(Ա. Կորնթացիս 15։27, 28) Երբ կ’ըսէ թէ «Ամէն բան հնազանդած է», յայտնի կ’ըլլայ թէ բացի անկէ՝ որ բոլորը իրեն հնազանդեցուց։ 28 Ու երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ։

դ12 9/1 17 ¶17

Խաղաղութիւն՝ հազար տարի ե՛ւ անկէ ետք

17 «Որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» արտայայտութիւնը լաւագոյն կերպով կը նկարագրէ հոյակապ յանգումը։ Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Մտաբերէ այն ժամանակը Եդեմի մէջ, երբ կատարեալ զոյգը՝ Ադամ ու Եւա, Եհովայի խաղաղ ու ներդաշնակ տիեզերական ընտանիքին անդամներն էին։ Եհովան՝ Տիեզերքի Գերիշխանը, ուղղակիօրէն իշխեց իր ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ,– հրեշտակային ե՛ւ մարդկային։ Անոնք կարող էին իրեն հետ անձամբ հաղորդակցիլ, զինք պաշտել եւ իր կողմէ օրհնուիլ։ Ան ‘ամէն բան էր ամէնուն համար’։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Կորնթացիս 14։34, 35) Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու, հապա հնազանդ ըլլալու, ինչպէս օրէնքն ալ կ’ըսէ։ 35 Բայց եթէ բան սորվիլ կ’ուզեն, տունը իրենց այրերուն թող հարցնեն. քանզի կիներուն անվայել է եկեղեցիին մէջ խօսիլ։

դ12 10/1 9 շրջանակ

Արդեօք Պօղոս առաքեալ կիները խօսելէ արգիլե՞ց

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան» (Ա. Կորնթացիս 14։34)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Արդեօք անոնց ուշիմութիւնը կը նսեմացնէ՞ր։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ան յաճախ կիներուն ուսուցանելու հոյակապ կերպին կ’ակնարկէր (Բ. Տիմոթէոս 1։5. Տիտոս 2։3-5)։ Կորնթացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս յորդորեց որ ոչ միայն կիները, այլ նաեւ լեզուներ խօսելու եւ մարգարէութիւն ընելու պարգեւը ունեցողները ‘լուռ կենային’, երբ հաւատակից մը խօսէր (Ա. Կորնթացիս 14։26-30, 33)։ Հաւանաբար կարգ մը կիներ այնքան խանդավառ էին իրենց նոր հաւատքով որ դասախօսին խօսքը կ’ընդհատէին, հարցումներ ուղղելու համար՝ ինչպէս որ էր սովորութիւնը յունական աշխարհին մէջ։ Ասկէ խուսափելու համար, Պօղոս զանոնք քաջալերեց, որ ‘տունը իրենց այրերուն հարցնեն’ (Ա. Կորնթացիս 14։35)։

(Ա. Կորնթացիս 15։53) Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։

it-1 1197-1198

Անապականութիւն

Յիսուսին ժառանգակիցներն ալ որպէս հոգեղէն արարածներ յարութիւն առնելով իրեն պէս կը ստանան անմահութիւն եւ անապականութիւն, եւ ոչ թէ պարզապէս յաւիտենական կեանք։ Ապականացու մարդկային մարմիններու մէջ ապրած, հաւատարմօրէն ծառայած եւ մեռած ըլլալով, անոնք հիմա կը ստանան անապականացու հոգեղէն մարմիններ, ինչպէս որ Պօղոս յստակօրէն կը նշէ Ա. Կորնթացիս 15։42-54–ին մէջ։ Ուրեմն, անմահութիւնը յստակօրէն կ’ակնարկէ անոնց վայելած կեանքին, որ անսահման եւ անկործանելի է։ Իսկ անապականութիւնը ըստ երեւոյթին կ’ակնարկէ այն մարմնին որ Աստուած կու տայ իրենց. մարմին մը որ չի փտիր, չի քայքայուիր կամ չի կործանիր։ Ուրեմն, կրնանք եզրակացնել որ Աստուած անոնց զօրութիւն կու տայ անձամբ պահպանելու իրենց կեանքը, առանց կախեալ ըլլալու ուժի արտաքին աղբիւրներէ, որոնցմէ կախեալ են մարմնաւոր եւ հոգեղէն միւս արարածները։ Ասիկա շատ մեծ փաստ է որ Աստուած կը վստահի իրենց։ Ճիշդ է որ անոնք անկախ եւ անկործանելի են, բայց ենթակայ են Աստուծոյ։ Անոնք իրենց Գլուխին՝ Քրիստոս Յիսուսին պէս կը շարունակեն հնազանդիլ իրենց Հօր կամքին եւ ուղղութիւններուն (Ա. Կոր. 15։23-28)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 63

ՅԻՍՈՒՍ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵՂՔԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԽՐԱՏ ԿՈՒ ՏԱՅ

ՄԱՏԹԷՈՍ 18։6-20 ՄԱՐԿՈՍ 9։37-49 ՂՈՒԿԱՍ 9։49, 50

• ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԽՐԱՏ

• ԵԹԷ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ ՄԵՂՔ ԳՈՐԾԷ

Յիսուս քիչ առաջ օրինակով մը բացատրեց որ իր հետեւորդները ինչ տեսակ մարդիկ պէտք է ըլլան։ Անոնք պէտք է նմանին երեխաներու, այսինքն՝ խոնարհ ու համեստ ըլլան։ Յիսուսը ընդօրինակելու համար, աշակերտները պէտք է զարգացնեն այն նոյն յատկութիւնները, որոնք երեխաները ունին (Մատթէոս 18։5)։

Կրնայ ըլլալ որ առաքեալները կը զգան, որ Յիսուսին կողմէ կը յանդիմանուին, քանի որ քիչ առաջ իրարու հետ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ իրենց մէջ մեծ է։ Իսկ հիմա, Յովհաննէս առաքեալ ուրիշ նիւթ կը բանայ բանի մը մասին, որ նոր պատահած է. «Մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր» (Ղուկաս 9։49)։

Արդեօք Յովհաննէս կը կարծէ որ միայն առաքեալնե՞րը հեղինակութիւն ունին, որ ուրիշները բժշկեն կամ դեւեր հանեն։ Եթէ այո, ուրեմն այս հրեայ մարդը ինչպէ՞ս դեւեր կրնայ հանել։ Յովհաննէս թերեւս կը կարծէ որ այդ մարդը պէտք չէ հրաշքներ ընէ, քանի որ Յիսուսին եւ առաքեալներուն չ’ընկերակցիր։

Բայց Յիսուսին պատասխանը Յովհաննէսը կը զարմացնէ։ Ան կ’ըսէ. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։ Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է։ Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’» (Մարկոս 9։38-40)։

Ուրեմն, այդ մարդը հիմակուհիմա պէտք չունի Քրիստոսին ընկերակցելու, որ իր կողմը ըլլայ։ Քրիստոնէական ժողովքը դեռ չէ կազմուած. հետեւաբար, Յիսուսին հետ չշրջիլը չի նշանակեր, որ այդ մարդը հակառակորդ է կամ սուտ կրօնք մը յառաջ կը մղէ։ Յստակ է որ ան Յիսուսի անուան հանդէպ հաւատք ունի. եւ Յիսուսին խօսքերը ցոյց կու տան, որ ան «իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։

Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ առաքեալները խօսքով ու գործով գայթակղեցնեն այդ մարդը։ Հետեւանքները շատ լուրջ կ’ըլլան։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր» (Մարկոս 9։41)։ Ետքը Յիսուս կ’ըսէ որ իր հետեւորդները պէտք է ձեռքին, ոտքին կամ աչքին պէս արժէքաւոր բաներէ ձերբազատուին, եթէ ատոնք կրնան զիրենք գայթակղեցնել։ Աւելի լաւ է ատոնցմէ ձերբազատուիլ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ ատոնց կառչիլ եւ Գեհեանը (Ենովմի ձորը) ձգուիլ։ Շատ հաւանաբար, առաքեալները տեսած են Երուսաղէմի մօտ գտնուող այդ ձորը, ուր աղբերը կ’այրուին. ուրեմն անոնց համար յստակ է, որ ատիկա կը խորհրդանշէ յաւիտենական կործանում։

Յիսուս նաեւ կը զգուշացնէ. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը»։ «Այս պզտիկները» որքա՞ն արժէքաւոր են իր Հօր համար։ Յիսուս օրինակ մը տալով, կը պատմէ որ մարդ մը 100 ոչխար ունէր, բայց օր մը այդ ոչխարներէն մէկը կը կորսնցնէ։ Ան 99 ոչխարները կը ձգէ եւ կ’երթայ փնտռելու այդ մէկ կորսուած ոչխարը, եւ երբ կը գտնէ, աւելի՛ կ’ուրախանայ այդ մէկ ոչխարին համար, քան՝ 99–ին համար։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատթէոս 18։10, 14)։

Անկէ ետք, թերեւս ի մտի ունենալով առաքեալներուն վիճաբանութիւնը, թէ ո՛վ է մեծ, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք» (Մարկոս 9։49)։ Աղը համ կու տայ ճաշին։ Այլաբանական աղը համ կու տայ անհատին խօսակցութեան եւ կ’օգնէ որ մարդիկ դիւրաւ ընդունին անոր խօսքերը. ինչ որ խաղաղութեան կը նպաստէ։ Իսկ վիճաբանութիւնը կը խանգարէ խաղաղութիւնը (Կողոսացիս 4։6)։

Ի՞նչ կարելի է ընել երբ լուրջ հարցեր ծագին։ Յիսուս կը բացատրէ ատոնք ինչպէս լուծել՝ ըսելով. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ»։ Եթէ ան մտիկ չընէ, Յիսուս կը խրատէ. «Քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի»։ Իսկ եթէ այդպիսով ալ հարցը չլուծուի, անոնք պէտք է «եկեղեցիին» ըսեն. այսինքն՝ երէցներուն, որոնք իրաւասութիւն ունին որոշում կայացնելու։ Եւ երբ մեղանչողը երէցներուն ալ մտիկ չընէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ Հրեաները այսպիսի մարդոց հետ չէին ընկերակցեր (Մատթէոս 18։15-17)։

Երէցները պէտք է Աստուծոյ Խօսքին կառչին։ Եթէ անոնք որոշեն որ մեղանչողը յանցաւոր է եւ խրատուելու պէտք ունի, անոնց որոշումը կ’արտացոլէ այն ինչ որ արդէն երկնքի մէջ որոշուած է կամ «կապուած» է։ Իսկ եթէ երէցները անհատը անմեղ գտնեն, անոնց որոշումը կ’արտացոլէ այն ինչ որ երկնքի մէջ որոշուած է կամ «արձակուած» է։ Այս ուղղութիւնները անկասկած գործնական պիտի ըլլան մէյ մը որ քրիստոնէական ժողովքը կազմուի։ Այսպիսի լուրջ քննարկութիւններու նկատմամբ, Յիսուս կ’ըսէ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ» (Մատթէոս 18։18-20)։

◇ Ինչո՞ւ դեւեր հանող մարդը հակառակորդ չի սեպուիր։

◇ Որքա՞ն լուրջ է «պզտիկներէն մէկը» գայթակղեցնել, եւ Յիսուս ի՞նչ օրինակով ցոյց կու տայ անոնց կարեւորութիւնը։

◇ Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընել, երբ եղբայր մը լուրջ մեղք գործէ։

ԱՊՐԻԼ 29–ՄԱՅԻՍ 5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1-3

«Եհովան ‘ամէն մխիթարութեան Աստուածն’ է»

(Բ. Կորնթացիս 1։3) Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը։

դ17.07 13 ¶4

«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»

4 Մեր գթասիրտ Աստուածը անձամբ կորսնցուցած է իր սրտին սիրելի անձեր, ինչպէս՝ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ, Մովսէս եւ Դաւիթ թագաւոր (Թւ. 12։6-8. Մատ. 22։31, 32. Գործք 13։22)։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը վստահեցնէ, թէ Եհովան իրապէս անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ յարութիւն պիտի տայ անոնց (Յոբ 14։14, 15)։ Այդ ժամանակ, անոնք ուրախ եւ կատարելապէս առողջ պիտի ըլլան։ Ասկէ զատ, Եհովան իր սիրելի Որդիին մահուան ցաւը ապրեցաւ։ Յիշենք որ Յիսուս Աստուծոյ «զուարճութիւնն» էր (Առ. 8։22, 30)։ Չենք կրնար երեւակայել թէ Եհովան որքա՜ն ցաւ զգաց, երբ իր Որդին չարչարուելով մահացաւ (Յովհ. 5։20. 10։17)։

(Բ. Կորնթացիս 1։4) Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք։

դ17.07 15 ¶14

«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»

14 Յստակ է թէ թերեւս չգիտնանք թէ ինչ պէտք է ըսենք սգաւորին։ Սակայն Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ. 12։18)։ Երբ սիրելի մը մեռնի գրքոյկին մէջ շատեր գտած են մխիթարական խօսքեր որ կրնան սգաւորին ըսել։ Բայց ատեններ՝ երբ ‘լացողներուն հետ լաս’, ամէնէն օգտակար բանը ըրած կ’ըլլաս (Հռով. 12։15)։ Կէպի, որուն ամուսինը մահացաւ, կը խոստովանի. «Այլեւս սիրտս արցունքներու միջոցաւ կը խօսի։ Ասոր համար, երբ բարեկամներս ինծի հետ լան, ձեւով մը կը մխիթարուիմ եւ այդ վայրկեան շատ առանձին չեմ զգար»։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Բ. Կորնթացիս 1։22) Որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։

դ16.04 32

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Աստուծոյ կողմէ իւրաքանչիւր օծեալ քրիստոնեայ ի՞նչ «գրաւ» (կամ՝ «գրաւական») եւ ‘կնքում’ կը ստանայ (Բ. Կոր. 1։21, 22)։

▪ Գրաւական. Ըստ աշխատասիրութեան մը, այն յունարէն բառը որ «գրաւ» կամ գրաւական թարգմանուած է Բ. Կորնթացիս 1։22–ի մէջ, «օրինական եւ առեւտրական արտայայտութիւն մըն է», որուն իմաստն է՝ «առաջին հաստատում, կանխիկ, կանխավճար, երաշխիք, որ հաշիւին մէկ մասը սկիզբէն կը վճարէ, եւ այսպիսով կ’ապահովէ ապրանքին վրայ օրինական իրաւունքը, կամ ալ համաձայնագիր մը վաւերական կը դարձնէ»։ Օծեալներուն պարագային, Եհովան իրենց ստանալիք վարձատրութեան գրաւականը տուած է իրենց։ Անոնց լման հաշիւը, կամ վարձատրութիւնը, Բ. Կորնթացիս 5։1-5–ի մէջ նկարագրուած է որպէս՝ երկնային անապական մարմին հագնիլ։ Վարձատրութիւնը նաեւ կը պարփակէ անմահութեան պարգեւը ստանալ (Ա. Կոր. 15։48-54)։

Արդի յունարէնին մէջ, նման արտայայտութիւն մը կը գործածուի նշանտուքի մատանիին համար։ Ասիկա տեղին նկարագրութիւն մըն է անոնց համար, որոնք Քրիստոսին այլաբանական կնոջ մէկ մասը պիտի ըլլան (Բ. Կոր. 11։2. Յայտ. 21։2, 9)։

▪ Կնքում. Անցեալին, կնիքը իբրեւ ստորագրութիւն կը գործածուէր, որպէսզի հաստատէ սեփականութիւնը, վաւերականութիւնը եւ համաձայնութիւնը։ Օծեալներուն պարագային, անոնք սուրբ հոգիով այլաբանօրէն «կնքուած» կամ դրոշմուած են որպէս Աստուծոյ ունեցուածքը (Եփ. 1։13, 14)։ Սակայն այս կնքումը մնայուն կ’ըլլայ միայն՝ անհատին հաւատարմօրէն մահանալէն ժամանակ մը առաջ, կամ ալ մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ (Եփ. 4։30. Յայտ. 7։2-4)։

(Բ. Կորնթացիս 2։14-16) Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով որ զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։ 15 Վասն զի մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։ 16 Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ եւ ոմանց՝ կենդանութեան հոտ՝ դէպի կեանք։ Ո՞վ կարող է այս գործը կատարել։

դ90 12/1 23

‘Յաղթական թափօրի մը մէջ’

Յաղթական թափօր մը թշնամիի մը դէմ տարուած յաղթանակի մը շքեղ տօնախմբութիւն մըն էր։ Յաղթական վերադարձող զօրավարին, Ծերակոյտին կողմէ տրուած մեծագոյն պատիւն էր, թոյլ տալ որ ան իր յաղթանակը տօնէր պաշտօնական եւ մեծածախս յաղթական թափօրով մը։ Պօղոս առաքեալ իր գրութիւններուն մէջ երկու անգամ կը յիշէ յաղթական թափօրը։ Իր խօսքերը նկատի առնելէ առաջ, մտապատկերացուցէք այսպիսի շքերթ մը։ Մինչ ան համրաքայլ կ’ընթանայ Յաղթական Պողոտայէն, եւ օձապտոյտ կը բարձրանայ Գաբիթոլի Բլուրը գտնուող Արամազդի տաճարը, երեւակայեցէք ճամբուն երկու կողմերը խռնուած բազմութիւնը։

«Այրող համեմներու բոյրը կը լեցնէր տաճարները եւ փողոցները, օդը ծանրացնելով իրենց բուրմունքով», կը գրէ պատմաբան Ճէյմս Ֆրիմէն։ «Շքերթին կը մասնակցէր ծերակոյտը եւ պետական կարեւոր անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին յաղթապանծ զօրավարը։ Պատերազմին արժէքաւոր աւարները, ոսկին, արծաթը, ամէն տեսակի զէնքերը, դրօշակները, արուեստի հազուագիւտ եւ արժէքաւոր գործերը, եւ ինչ որ յաղթողը կամ պարտուողը արժէքաւոր կը նկատէր, խճողուած փողոցներէն կը տանէին ամէնուն կողմէ տեսանելի կերպով։ Պատերազմի բանտարկեալներն ալ պարտադիր կը միանային շքերթին։ Այն զօրավարը որու ի պատիւ այս շքերթը կը կատարուէր, չորս ձիերով քաշուած մասնաւոր կառք մը կը վարէր։ Անոր հագուստը ոսկիով եւ թիկնոցը ծաղիկներով ասեղնագործուած էր։ Իր աջ ձեռքին մէջ դափնիի ճիւղ մը, իսկ ձախ ձեռքը մական մը ունէր. մինչ իր ճակատը զարդարուած էր Դելփիան դափնեպսակով։ Զինուորներուն պոռչտուքներուն եւ ժողովուրդին ծափահարութեան ներքեւ, յաղթակիրը փողոցներէն ընթանալով կ’երթար Արամազդի տաճարը, ուր զոհեր կը մատուցուէին եւ ապա հանրային տօնախմբութիւն տեղի կ’ունենար»։

Պօղոս այս յաղթական թափօրին պատկերը գործածեց, երբ մեր Հասարակ Դարաշրջանի 55–ին Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն իր երկրորդ նամակը գրեց։ Ան ըսաւ. «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ [յաղթական թափօրին մասնակից կ’ընէ] Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։ Վասնզի մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։ Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ եւ ոմանց՝ կենդանութեան հոտ՝ դէպի կեանք» (Բ. Կորնթացիս 2։14-16)։

Հոս Պօղոս եւ ուրիշ օծեալ Քրիստոնեաներ ներկայացուած են որպէս Աստուծոյ նուիրուած հպատակներ՝ «Քրիստոսով»։ Անոնք նկարագրուած են որպէս որդիներ, պաշտօնեաներ եւ զինուորներ, որոնք Եհովայի կողմէ առաջնորդուած բուրումնաւէտ փողոցներէն անցնող յաղթական թափօրին կը հետեւին։ (Տես Սեպտեմբեր 1990–ի Դիտարան–ը էջ 10-15) Այսպիսի շքերթի մը օրինակը նաեւ կը մատնանշէ թէ անոնք որոնք կը մերժեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը, միայն մահուան ակնկալութիւնը ունին։ Սակայն պարագան որքա՜ն տարբեր է Յիսուսի օծեալ հետեւորդներուն համար։ Անոնք Քրիստոսի հետ անմահ երկնային կեանքի տիրանալու յոյսը ունին։ Իսկ Աստուծոյ նուիրուած անոնց հաւատարիմ ընկերակիցներուն համար ի՞նչ կրնանք ըսել։ Անոնք երկրային դրախտի մը ցնծալի յոյսը ունին, ուր Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ (Յայտնութիւն 21։1-4. Ղուկաս 23։43) Դուք ալ այս ուրախ խումբին մաս կը կազմէ՞ք։

Կողոսացիս 2։15–ի մէջ տարբեր պատկեր մը ներկայացուած է, ուր Պօղոս կը գրէ. «Իշխանութիւններն ու պետութիւնները [Աստուած] մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց [անոնց յաղթական թափօրին մէջ առաջնորդելով] անով»։ Հոս, Բանսարկու Սատանային ներքեւ եղող թշնամի կառավարութիւնները եւ իշխանութիւնները նկարագրուած են որպէս գերիներ եւ բանտարկեալներ, յաղթական թափօրին մէջ։ Յաղթական Եհովան զանոնք կը մերկացնէ եւ հանրութեան կը ցուցադրէ որպէս պարտուածներ։ Անոնք «անով», այսինքն Յիսուսի ‘չարչարանքի ցիցով’ պարտութեան մատնուած են։ Ցիցին վրայ իր մահը հիմ մը հայթայթեց «պարտամուրհակը» այսինքն, Օրէնքի ուխտը վերցնելու եւ կարելի ըրաւ որ Քրիստոնեաները ազատագրուին խաւարի սատանայական զօրութեան կապանքէն։ (Կողոսացիս 2։ 13, 14) Որքա՜ն պէտք է գնահատենք այս Քրիստոնէական ազատութիւնը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 64

ՆԵՐԵԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

ՄԱՏԹԷՈՍ 18։21-35

• ԵՕ՞ԹԸ ԱՆԳԱՄ ՆԵՐԵԼ

• ՉՆԵՐՈՂ ԾԱՌԱՅԻՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուսէն լսելէ ետք, թէ մէկը ինչպէ՛ս պէտք է իր եղբօր հետ առանձին խնդիրները լուծէ, այնպէս կ’երեւի որ Պետրոս կ’ուզէ գիտնալ որ ճիշդ քանի՛ անգամ պէտք է այս քայլը առնէ։

Անոր համար Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կը սորվեցնեն, որ մէկը պէտք է միւսին մինչեւ 3 անգամ ներէ։ Ուրեմն, կրնայ ըլլալ որ Պետրոս կը կարծէ որ ինք շատ առատաձեռն պիտի գտնուի, եթէ իր եղբօր «մինչեւ եօթը անգամ» ներէ (Մատթէոս 18։21)։

Բայց սխալները հաշուելու գաղափարն իսկ Յիսուսի սորվեցուցածներուն կը հակասէ։ Ան Պետրոսին մտածելակերպը կը ճշդէ, ըսելով. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [«77 անգամ», ՆԱ]» (Մատթէոս 18։22)։ Այսինքն, պէտք է ներել անսահման կերպով։ Ուրեմն Պետրոս պէտք չէ հաշուէ քանի՛ անգամ կը ներէ իր եղբօր։

Ետքը, Յիսուս առակ մը կը պատմէ, Պետրոսին եւ միւս աշակերտներուն ցոյց տալու համար, որ անոնք պարտաւոր են ուրիշներուն ներել։ Այդ առակը ծառայի մը մասին է, որ չ’ընդօրինակեր իրեն հանդէպ ողորմած գտնուող իր տէրը, որ թագաւոր մըն է։ Օր մը, թագաւորը իր ծառաներէն կը պահանջէ, որ իրենց պարտքերը վճարեն։ Իրեն առջեւ կը բերուի ծառայ մը, որ մեծ գումար պարտական է իրեն. 10,000 տաղանդ [60,000,000 դահեկան]։ Ծառան կարողութիւն չունի իր պարտքը վճարելու։ Հետեւաբար, թագաւորը կը հրամայէ որ ծառան, անոր կինը եւ զաւակները ծախուին որ պարտքը վճարուի։ Ծառան իր տիրոջ առջեւ ծունկի կու գայ եւ կ’աղաչէ. «Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ» (Մատթէոս 18։26)։

Թագաւորը ծառային վրայ կը խղճայ եւ ողորմածաբար չեղեալ կը համարէ անոր հսկայ պարտքը։ Բայց անկէ անմիջապէս ետք, ծառան կ’երթայ եւ կը գտնէ իր ծառայակիցը, որ իրեն 100 դահեկան պարտք ունի։ Անոր վիզէն բռնելով կը խեղդէ ու կ’ըսէ. «Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ»։ Իր ծառայակիցը ծունկի կու գայ եւ աղաչելով կ’ըսէ. «Համբերէ ինծի ու քեզի վճարեմ» (Մատթէոս 18։28, 29)։ Բայց ծառան իր տէրը չ’ընդօրինակեր. ընդհակառա՛կը, իր ծառայակիցը բանտ նետել կու տայ, մինչեւ որ ան իր պարտքը վճարէ։

Յիսուս նաեւ կ’ըսէ, որ երբ միւս ծառաները կը տեսնեն այդ անողորմ ծառային ըրածը, կ’երթան եւ իրենց տիրոջ կը պատմեն եղածը։ Տէրը կը բարկանայ, ծառան կը կանչէ եւ կ’ըսէ. «Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ»։ Ետքը, թագաւորը բանտ նետել կու տայ այս ծառան, մինչեւ որ իր ամբողջ պարտքը վճարէ։ Յիսուս կ’եզրափակէ. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները» (Մատթէոս 18։32-35)։

Ասիկա ի՜նչ աղուոր դաս է ներելու մասին։ Աստուած ներած է մեր հսկայ պարտքը՝ մեր մեղքերը։ Եղբայր մը ի՛նչ սխալ ալ գործէ մեզի դէմ, շա՛տ չնչին է՝ անոր հետ բաղդատած։ Եւ Եհովան մեզի միայն մէկ անգամ չի ներեր, հապա հազարաւոր անգամներ։ Մենք ալ չե՞նք կրնար մեր եղբօր ներել բազմաթիւ անգամներ, նոյնիսկ եթէ պատճառ ունինք տրտնջալու։ Ինչպէս որ Յիսուս սորվեցուց Լերան քարոզին մէջ, Աստուած պիտի «ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն» (Մատթէոս 6։12)։

◇ Ի՞նչը Պետրոսը կը մղէ որ ներելու մասին հարցում հարցնէ, եւ ինչո՞ւ կը կարծէ որ մէկու մը եօթը անգամ ներելը առատաձեռնութիւն է։

◇ Թագաւորը ինչպէ՞ս կը վարուի ծառայի մը հետ, որ իրմէ ողորմութիւն կը խնդրէ, իսկ այդ ծառան ինչպէ՞ս կը վարուի իր ծառայակիցին հետ։

◇ Յիսուսին այս առակէն ի՞նչ դաս պէտք է սորվինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել