Հայր եւ երէց. երկու դերերն ալ կատարել
«Եթէ իր սեփական ընտանիքին վերակացու չի կրնար ըլլալ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ Աստուծոյ եկեղեցիին հոգ տանիլ»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։5, ՆԱԹ։
1, 2. (ա) Առաջին դարուն, ամուրի տեսուչները եւ զաւակ չունեցող ամուսնացած տեսուչները ի՞նչպէս կը ծառայէին իրենց եղբայրներուն։ (բ) Ակիւղասը եւ Պրիսկիղէն ներկայ ամուսնացած զոյգերուն ինչպէ՞ս օրինակ կը հանդիսանան։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ժողովքի սկզբնական շրջանին, տեսուչները կրնային ամուրի, կամ ամուսնացած՝ առանց զաւակի, կամ զաւակով՝ տղամարդիկ ըլլալ։ Անկասկած այդ Քրիստոնեաներէն ոմանք, Կորնթացիներու առաջին նամակին 7–րդ գլուխին մէջ Պօղոսի տուած խրատին հետեւելով՝ ամուրի մնալու կարող էին։ Յիսուս նշած էր. «Կան ներքինիներ որոնք ինքզինքնին ներքինի ըրին երկնքի թագաւորութեանը համար»։ (Մատթէոս 19։12) Պօղոսի եւ թերեւս անոր ուղեկիցներուն նման այսպիսի ամուրի այրեր, իրենց եղբայրներուն օգնելու ազատ պիտի ըլլային։
2 Աստուածաշունչը մեզի չ’ըսեր որ Բառնաբաս, Մարկոս, Շիղա, Ղուկաս, Տիմոթէոս եւ Տիտոս ամուրի էին թէ ոչ։ Եթէ ամուսնացած էին, ուրեմն որոշ չափով ազատ եղած պէտք էր ըլլային, որ այլազան նշանակումներու համար ճամբորդելու կարող ըլլային։ (Գործք 13։2. 15։39–41. Բ. Կորնթացիս 8։16, 17. Բ. Տիմոթէոս 4։9–11. Տիտոս 1։5) Թերեւս անոնք Պետրոսի եւ «միւս առաքեալներ»ուն նման իրենց կիները իրենց հետ կը տանէին, երբ տեղէ–տեղ կ’երթային։ (Ա. Կորնթացիս 9։5) Ակիւղաս եւ Պրիսկիղէ ամոլ մըն էին որ պատրաստ էին տեղափոխուելու, Պօղոսի հետեւելով Կորնթոսէն՝ Եփեսոս եւ ապա Հռովմ երթալով ու ետ Եփեսոս վերադառնալով։ Աստուածաշունչը չի յիշեր թէ անոնք զաւակներ ունէին թէ ոչ։ Իրենց եղբայրներուն մատուցած նուիրական ծառայութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ «հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներ»ուն կողմէ։ (Հռովմայեցիս 16։3–5. Գործք 18։2, 18. Բ. Տիմոթէոս 4։19) Ներկայիս ալ անկասկած բազմաթիւ ամուսնացած զոյգեր կան, որոնք Ակիւղասի եւ Պրիսկիղէի նման կրնան ուրիշ ժողովքներու մէջ ծառայել, թերեւս փոխադրուելով հո՛ն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ։
Հայր եւ Երէց
3. Ի՞նչ բան կը թելադրէ որ առաջին դարու երէցներէն շատեր ընտանիքներ ունեցող ամուսնացած այրեր էին։
3 Այնպէս կը թուի որ Հ.Դ. առաջին դարուն, Քրիստոնեայ երէցներէն շատեր զաւակներ ունեցող ամուսնացած այրեր էին։ Երբ Պօղոս ‘տեսչութեան ձգտող’ տղամարդէ մը պահանջուած որակումները կը թուէր, ան ըսաւ որ այսպիսի Քրիստոնեայ մը պէտք է «իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահել»ով։—Ա. Տիմոթէոս 3։1, 4, Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն։
4. Զաւակներ ունեցող ամուսնացած երէցներէն ի՞նչ պահանջուած է։
4 Ինչպէս տեսանք, հարկ չէր որ տեսուչ մը զաւակներ ունենար կամ նոյնիսկ ամուսնացած ըլլար։ Բայց եթէ ամուսնացած է, երէց կամ օգնական ծառայ ըլլալու որակելի ըլլալու համար, ան իր կնոջ համար պատշաճ եւ սիրալիր գլուխ պէտք է ըլլայ եւ պէտք է փաստէ որ կրնայ իր զաւակները հնազանդութեան մէջ պահել։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Ա. Տիմոթէոս 3։12, 13) Իր տունը կառավարելու մէջ լուրջ տկարութիւն մը, ժողովքին մէջ մասնաւոր առանձնաշնորհում մը ունենալու անորակելի կը դարձնէ եղբայր մը։ Ի՞նչու։ Պօղոս կը բացատրէ. «Եթէ իր սեփական ընտանիքին վերակացու չի կրնար ըլլալ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ Աստուծոյ եկեղեցիին հոգ տանիլ»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։5, ՆԱԹ) Եթէ իր ընտանիքէն եղողները չեն ուզեր իր վերատեսչութեան ենթարկուիլ, ուրիշներ ի՞նչպէս պիտի հակազդեն։
«Հաւատացեալ Զաւակներ Ունենայ»
5, 6. (ա) Պօղոս զաւակներու նկատմամբ ի՞նչ պահանջ յիշեցուց Տիտոսի։ (բ) Զաւակներ ունեցող երէցներէն ի՞նչ պահանջուած է։
5 Երբ Կրէտէի ժողովքներուն մէջ տեսուչներ նշանակելու մասին Տիտոսի հրահանգներ կու տար, Պօղոս պայմաններ դրաւ. «Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։ Վասն զի եպիսկոպոսը [«տեսուչը», ՆԱ] պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս»։ Իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատացեալ զաւակներ ունենայ» պահանջը։—Տիտոս 1։6, 7
6 «Հաւատացեալ զաւակներ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ երիտասարդ զաւակներու, որոնք արդէն Եհովայի նուիրուած եւ մկրտուած են, եւ կամ պատանիներու, որոնք դէպի նուիրում եւ մկրտութիւն կ’ընթանան։ Ժողովքի մը անդամները կ’ակնկալեն որ երէցներու զաւակները սովորաբար կրթուած եւ հնազանդ ըլլան։ Բացայայտ պէտք է ըլլայ որ երէց մը իր կարելին կ’ընէ իր զաւակներուն մէջ հաւատք կերտելու համար։ Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ որպէս զի ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ (Առակաց 22։6) Սակայն, եթէ այսպիսի մարզում ստացած երիտասարդ մը մերժէ Եհովայի ծառայել, կամ նոյնիսկ լուրջ մեղք մը գործէ. . .։
7. (ա) Ինչո՞ւ բացայայտ է որ Առակաց 22։6–ը անթեք օրէնք մը չի դներ։ (բ) Եթէ երէցի մը զաւակը չուզէ Եհովայի ծառայել, երէցը ինչո՞ւ ինքնաբերաբար իր առանձնաշնորհումները չի կորսնցներ։
7 Որոշ է որ վերոյիշեալ առակը անթեք կանոն մը չի դներ։ Անիկա ազատ կամքի սկզբունքը չեղեալ չի համարեր։ (Բ. Օրինաց 30։15, 16, 19) Երբ տղայ մը կամ աղջիկ մը պատասխանատու տարիքի մը հասնի, նուիրումի ու մկրտութեան համար անձնապէս պէտք է որոշէ։ Եթէ երէց մը պէտք եղած հոգեւոր օգնութիւնը, առաջնորդութիւնը եւ կրթութիւնը տուած է, բայց երիտասարդը չի փափաքիր Եհովայի ծառայել, հայրը ինքնաբերաբար որպէս տեսուչ ծառայելու անորակելի չի դառնար։ Միւս կողմէ, եթէ երէց մը տան մէջ մի քանի ոչ–չափահաս զաւակներ ունի, որոնք իրարու ետեւէ հոգեւորապէս կը հիւանդանան եւ խնդիրներու մէջ կ’իյնան, ան այլեւս չի կրնար նկատուիլ որպէս «իր տանը աղէկ վերակացութիւն» ընող մը։ (Ա. Տիմոթէոս 3։4) Շեշտուելիք կէտը հետեւեալն է. բացայայտ պէտք է ըլլայ որ տեսուչ մը իր լաւագոյնը կ’ընէ ‘հաւատացեալ զաւակներ ունենալու, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չեն’։a
‘Անհաւատ Կնոջ’ մը Հետ Ամուսնացած
8. Երէց մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի իր անհաւատ կնոջ հետ։
8 Անհաւատի հետ ամուսնացած Քրիստոնեայ այրերու մասին Պօղոս գրեց. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ Վասն զի . . . անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։ Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, . . . ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես»։ (Ա. Կորնթացիս 7։12–14, 16) Հոս գործածուած «անհաւատ» արտայայտութիւնը չ’ակնարկեր կնոջ մը որ կրօնական հաւատալիքներ չունի, այլ՝ մէկու մը, որ Եհովայի նուիրուած չէ։ Ան կրնայ Հրեայ մը կամ հեթանոս աստուածներու հաւատացող մը ըլլալ։ Կրնայ ըլլալ որ երէց մը ամուսնացած է կնոջ մը հետ, որ տարբեր կրօնքի կը հետեւի, երեւութապաշտ է, կամ նոյնիսկ անաստուած է։ Եթէ կինը կ’ուզէ իր հետ մնալ, ամուսինը զինք պէտք չէ ձգէ պարզ անոր համար որ ան տարբեր հաւատալիքներ ունի։ Ան պէտք է շարունակէ անոր հետ ‘խոհեմութիւնով ապրիլ, տկար անօթի պէս յարգելով զինք’, յուսալով որ օր մը կրնայ փրկել իր կինը։—Ա. Պետրոս 3։7. Կողոսացիս 3։19
9. Այն երկիրներու մէջ ուր օրէնքը թէ՛ ամուսինին եւ թէ կնոջ իրաւունք կու տայ իրենց պատկան կրօնական հաւատալիքները սորվեցնելու իրենց զաւակներուն, երէց մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի եւ ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ազդէ իր առանձնաշնորհումին։
9 Եթէ տեսուչ մը զաւակներ ունի, որպէս ամուսին եւ հայր իր գլխաւորութիւնը պատշաճ կերպով պէտք է գործադրէ, որպէսզի «զանոնք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը մեծցնէ»։ (Եփեսացիս 6։4) Շատ երկիրներու մէջ, օրէնքով՝ երկու կողակիցներն ալ իրենց զաւակներուն կրօնական կրթութիւն տալու իրաւունք ունին։ Այս պարագային, կինը կրնայ պահանջել որ զաւակները շփման մէջ բերէ իր կրօնական հաւատալիքներուն եւ սովորութիւններուն հետ, եւ թերեւս նոյնիսկ ուզէ իր եկեղեցին տանիլ զանոնք։b Անշուշտ, զաւակները կրնան Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճմտանքին հետեւիլ եւ կրօնական սուտ արարողութիւններու չմասնակցիլ։ Որպէս ընտանիքի գլուխ, հայրը իր իրաւունքը ի գործ պիտի դնէ, իր զաւակներուն հետ ուսումնասիրելով եւ, երբ կարելի է, ժողովներու համար Թագաւորութեան Սրահ տանիլ զանոնք։ Երբ անոնք անձնական որոշումներ տալու տարիքի հասնին, իրենք պիտի որոշեն իրենց հետեւելիք ճամբան։ (Յեսուայ 24։15) Եթէ միւս երէցները եւ ժողովքի անդամները տեսնեն թէ ինք օրէնքին համաձայն ամէն բան կ’ընէ որպէսզի իր զաւակները լաւ կերպով ճշմարտութեան մէջ դաստիարակէ, այդ պարագային ան որպէս տեսուչ անորակելի պիտի չըլլայ։
«Իր Տան Աղէկ Վերակացութիւն Ընէ»
10. Եթէ ընտանիքի գլուխը երէց մըն է, իր գլխաւոր պարտաւորութիւնը ի՞նչ է։
10 Նոյնիսկ երբ հայր եղող երէցի մը կինը Քրիստոնեայ հաւատակից մը ըլլայ, դիւրին չէ իր ժամանակը եւ ուշադրութիւնը լաւ կերպով բաժնել իր կնոջ, զաւակներուն եւ ժողովքի պատասխանատուութիւններուն միջեւ։ Աստուածաշունչը շատ յստակ է երբ կ’ըսէ որ Քրիստոնեայ հայր մը իր կնոջ եւ զաւակներուն պէտք է հոգ տանի։ Պօղոս գրեց. «Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Այդ նոյն նամակին մէջ, Պօղոս նշեց որ միայն այն ամուսնացած այրերը, որոնք կը փաստեն որ լաւ ամուսիններ եւ հայրեր են՝ որպէս տեսուչներ ծառայելու յանձնարարելի են։—Ա. Տիմոթէոս 3։1–5
11. (ա) Երէց մը ի՞նչ կերպով ‘իրեններուն հոգ պէտք է տանի’։ (բ) Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ օգնել երէցի մը որ իր ժողովքային պատասխանատուութիւնները կատարէ։
11 Երէց մը իրեններուն պէտք է «հոգ տանի» ո՛չ միայն նիւթական, այլ նաեւ՝ հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր ու տունդ ետքը շինէ»։ (Առակաց 24։27) Ուստի, մինչ իր կնոջ եւ զաւակներուն նիւթական, զգացական եւ ժամանցի կարիքներուն հոգ կը տանի, տեսուչ մը պէտք է նաեւ զանոնք կերտէ հոգեւոր գետնի վրայ։ Ասիկա ժամանակ կը պահանջէ. ժամանակ մը որ չի կրնար ժողովքային հարցերու տրամադրել։ Սակայն այդ ժամանակը մեծապէս կրնայ նպաստել ընտանեկան ուրախութեան եւ հոգեւորականութեան։ Որոշ ժամանակ ետք, եթէ ընտանիքը հոգեւորապէս զօրանայ, երէցը նուազ ժամանակ կրնայ տրամադրել ընտանեկան խնդիրներուն։ Այսպիսով ժողովքի հարցերուն հոգ տանելու համար աւելի առիթ կրնայ ունենալ։ Որպէս լաւ ամուսին եւ լաւ հայր մը իր օրինակը ժողովքին ալ հոգեւորապէս օգտակար պիտի ըլլայ։—Ա. Պետրոս 5։1–3
12. Հայր եղող երէցները ընտանեկան ո՞ր հարցերուն մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան։
12 Ընտանիքին լաւ կերպով վերակացութիւն ընել կը նշանակէ նաեւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան վերահսկելու համար ժամանակ տրամադրել։ Շատ կարեւոր է որ երէցները այս ուղղութեամբ օրինակ հանդիսանան, քանի որ զօրաւոր ընտանիքներ՝ զօրաւոր ժողովքներ կը կազմեն։ Տեսուչ մը ծառայութեան պատասխանատուութիւններով միշտ ա՛յնքան զբաղած պէտք չէ ըլլայ որ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ ուսումնասիրելու ժամանակ չունենայ։ Եթէ այս ըլլայ պարագան, ան վերաքննութեան պէտք է ենթարկէ իր յայտագիրը։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ ուրիշ բաներու տրամադրած ժամանակը զեղչէ կամ վերակազմէ իր յայտագիրը, նոյնիսկ երբեմն կարգ մը առանձնաշնորհումներ մերժելով։
Հաւասարակշռուած Վերատեսչութիւն
13, 14. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ի՞նչ խրատներ տուած է ընտանիքի տէր երէցներուն։
13 Ընտանեկան եւ ժողովքային պատասխանատուութիւնները հաւասարակշռելու մասին տրուած այս խրատը նոր բան մը չէ։ Տարիներէ ի վեր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» այս ուղղութեամբ խրատներ տուած է երէցներուն։ (Մատթէոս 24։45) Աւելի քան 37 տարիներ առաջ, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1959 թիւին (Անգլերէն) 553 եւ 554 էջերուն մէջ հետեւեալ խրատը կը գտնենք. «Արդարեւ, այս բոլորը կատարելու համար հաւասարակշռութիւն չի՞ պահանջուիր. մինչ այսպէս կը վարուիք, ձեր ընտանեկան շահերուն կարեւորութիւն տուէք։ Վստահաբար Եհովա Աստուած չ’ակնկալեր որ մարդ մը իր ամբողջ ժամանակը ժողովքի գործունէութիւններուն համար գործածէ, օգնելով իր եղբայրներուն եւ դրացիներուն որ փրկութիւն շահին, եւ սակայն իր իսկ ընտանիքին փրկութիւնը անտեսէ։ Մարդու մը գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է իր կինը եւ զաւակները»։
14 1 Նոյեմբեր 1986–ի (Անգլերէն) Դիտարանի 22–րդ էջին վրայ հետեւեալ խրատը տրուած էր. «Որպէս ընտանիք դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը ձեզ աւելի պիտի մտերմացնէ, բայց զաւակներուն գլխաւոր պահանջն է ձեր անձնական ժամանակը եւ գուրգուրանքը։ Հետեւաբար, հաւասարակշռութեան պէտք ունիք որոշելու թէ ո՛րքան ժամանակ պիտի անցընէք ժողովքային պարտաւորութիւններով, մինչ ‘ձերիններուն’ հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական կարիքներուն հոգ կը տանիք։ [Քրիստոնեայ մը] ‘նախ իր տան մէջ աստուածպաշտութիւնը պէտք է սորվի’։ (Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8, ՆԱ)»։
15. Կին եւ զաւակներ ունեցող երէց մը ինչո՞ւ իմաստութեան ու հանճարի կարիքը ունի։
15 Սուրբ գրային առակ մը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի»։ (Առակաց 24։3) Այո, որպէսզի տեսուչ մը իր աստուածպետական պարտաւորութիւնները կատարէ եւ միաժամանակ իր տունը շինէ, վստահաբար ան իմաստութեան ու հանճարի կարիքը ունի։ Սուրբ գրայինօրէն, ան մէկէ աւելի մարզերու վերահսկութիւն պէտք է ընէ. իր ընտանիքին եւ ժողովքային պատասխանատուութիւններուն։ Ասոնց միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար ան ներատեսութեան պէտք ունի։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Նախապատուութիւնները դասելու համար իմաստութեան պէտք ունի։ (Առակաց 2։10, 11) Սակայն, որքան որ իր ժողովքի առանձնաշնորհումներուն հոգ տանելու համար պատասխանատու զգայ, ան պէտք է գիտակցի որ, որպէս ամուսին եւ հայր, իր աստուածատուր գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է իր ընտանիքին փրկութիւնը։
Լաւ Հայրեր, Ինչպէս Նաեւ՝ Լաւ Երէցներ
16. Երէց մը ի՞նչ առաւելութիւն ունի եթէ միեւնոյն ժամանակ հայր ալ է։
16 Բարեկիրթ զաւակներ ունեցող երէց մը իրական օգնութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Եթէ ինք սորված է իր ընտանիքին լաւ հոգ տանիլ, ան ժողովքի մնացեալ ընտանիքներուն օգնելու ի վիճակի կ’ըլլայ։ Ան կրնայ աւելի լաւ հասկնալ անոնց խնդիրները եւ փորձառաբար կրնայ խրատներ տալ։ Բարեբախտաբար, համայն աշխարհի մէջ հազարաւոր երէցներ որպէս ամուսիններ, հայրեր եւ տեսուչներ շատ լաւ գործ մը կը կատարեն։
17. (ա) Թէ՛ հայր եւ թէ երէց եղող մարդ մը ի՞նչ բան բնաւ պէտք չէ մոռնայ։ (բ) Ժողովքի միւս անդամները ինչպէ՞ս հասկացողութեամբ պէտք է վարուին։
17 Ընտանիք ունեցող մը երէց ըլլալու համար, հասուն Քրիստոնեայ մը պէտք է ըլլայ. մինչ իր կնոջ եւ զաւակներուն հոգ կը տանի, ան կրնայ իր գործերը ա՛յնպէս մը կարգադրել որ կարենայ ժողովքին մէջ ուրիշներու ալ ժամանակ եւ ուշադրութիւն ընծայել։ Ան բնաւ պէտք չէ մոռնայ որ իր հովուական գործը իր տունէն կը սկսի։ Գիտնալով որ կին մը եւ զաւակներ ունեցող երէցներ թէ՛ իրենց ընտանիքին եւ թէ ժողովքին հանդէպ պատասխանատուութիւններ ունին, ժողովքի անդամները պիտի չփորձեն անտեղիօրէն անոնց ժամանակէն առնել։ Օրինակի համար, դպրոցական զաւակներ ունեցող երէց մը միշտ չի կրնար երեկոյեան ժողովներէն ետք երկար մնալ։ Ժողովքի մնացեալ անդամները ասիկա պէտք է հասկնան եւ կարեկից գտնուին։—Փիլիպպեցիս 4։5
Մեր Երէցները Մեզի Սիրելի Պէտք Է Ըլլան
18, 19. (ա) Ա. Կորնթացիս 7–րդ գլուխի քննարկումը ի՞նչ բան գիտակցելու օգնեց մեզի։ (բ) Այսպիսի Քրիստոնեայ այրեր ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
18 Կորնթացիներուն գրած Պօղոսի առաջին նամակին 7–րդ գլուխի քննարկումը մեզի օգնեց տեսնելու թէ Պօղոսի խրատին ընդառաջելով բազմաթիւ ամուրի այրեր, իրենց ազատութիւնը կը գործածեն Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ։ Կան նաեւ հազարաւոր ամուսնացած՝ բայց անզաւակ եղբայրներ, որոնք իրենց կիներուն պէտք եղած ուշադրութիւնը ընծայելով հանդերձ, իրենց կիներուն գովելի համագործակցութեամբ, որպէս լաւ տեսուչներ կը ծառայեն նահանգներու, շրջաններու, ժողովքներու եւ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղերուն մէջ։ Վերջապէս, Եհովայի ժողովուրդին մօտաւորապէս 80,000 ժողովքներուն մէջ, բազմաթիւ հայրեր կան, որոնք ո՛չ միայն իրենց կիներուն եւ զաւակներուն սիրալիր կերպով հոգ կը տանին, այլ նաեւ որպէս հոգածու հովիւներ՝ իրենց եղբայրներուն ծառայելու ժամանակ կը տրամադրեն։—Գործք 20։28
19 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17) Այո, իրենց տան եւ ժողովքին մէջ լաւ վերակացութիւն ընող երէցները մեր սիրոյն եւ յարգանքին արժանի են։ Արդարեւ, «այնպիսիները պատուականներու կարգը» պէտք է բռնենք։—Փիլիպպեցիս 2։29
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ Դիտարան 1 Փետրուար 1978, էջ 31–32, Անգլերէնով։
b Տես՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1960, էջ 735–736, Անգլերէնով։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Ի՞նչպէս գիտենք որ Հ.Դ. առաջին դարու երէցներէն շատեր ընտանիքի տէր էին։
◻ Զաւակներ ունեցող ամուսնացած երէցներէն ի՞նչ կը պահանջուի եւ ի՛նչու։
◻ «Հաւատացեալ զաւակներ» ունենալ արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ, բայց եթէ երէցի մը զաւակը չուզէ Եհովայի ծառայել, ի՞նչ կ’ըլլայ պարագան։
◻ Երէց մը ի՞նչ կերպով ‘իրեններուն հոգ պէտք է տանի’։
[Նկար՝ էջ 30]
Զօրաւոր ընտանիքներ՝ զօրաւոր ժողովքներ կը կազմեն