Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019) | Դեկտեմբեր
    • ԱՅԳԻԻՆ ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

      ՄԱՏԹԷՈՍ 20։1-16

      • ԱՅԳԻԻՆ «ՎԵՐՋԻՆ» ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐԸ «ԱՌԱՋԻՆ» ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

      Պերեայի մէջ, Յիսուս դեռ նոր իրեն մտիկ ընողներուն ըսած է, որ «շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին» (Մատթէոս 19։30)։ Ան այս կէտը կը շեշտէ՝ պատմելով այգիին բանուորներուն առակը.

      «Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։ Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, ըսաւ անոնց. ‘Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի’։ Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուրիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք’։ Ըսին իրեն. ‘Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց’։ Ըսաւ անոնց. ‘Դուք ալ այգին գացէք’» (Մատթէոս 20։1-7)։

      Յիսուսին մտիկ ընողները հաւանաբար կը մտածեն Եհովա Աստուծոյ մասին, երբ կը լսեն «երկնքի թագաւորութիւնը» եւ «տանտէր» արտայայտութիւնները։ Սուրբ Գրութիւնները Եհովան կը ներկայացնեն որպէս տէրը այգիի մը, որ կը պատկերացնէր իսրայէլ ազգը (Սաղմոս 80։8, 9. Եսայի 5։3, 4)։ Օրէնքի ուխտին տակ եղողները կը նմանցուին այգիին բանուորներուն կամ աշխատաւորներուն։ Բայց Յիսուս անցեալի իսրայէլացիներուն մասին չի խօսիր։ Ան կը նկարագրէ պարագայ մը, որ իր օրերուն կը տիրէ։

      Կրօնական առաջնորդներուն եւ փարիսեցիներուն պատասխանատուութիւնն է, որ Աստուծոյ ծառայութեամբ զբաղած ըլլան։ Անոնք կը նմանին լիաժամ աշխատաւորներուն, որոնք կ’ակնկալեն որ օրուան վերջաւորութեան ստանան իրենց մէկ օրուան լման աշխատավարձը՝ մէկ դահեկան։

      Քահանաները եւ միւս կրօնական առաջնորդները պարզ ժողովուրդը կը սեպեն անհատներ, որոնք Աստուծոյ աւելի քիչ կը ծառայեն. կարծես անոնք Աստուծոյ այգիին մէջ կիսաժամ աշխատաւորներ են։ Յիսուսի առակին մէջ, անոնք այն տղամարդիկն են, որոնք կու գան աշխատելու «ժամը երեքին», այսինքն՝ երրորդ ժամուն (կ.ա. 9։00) եւ աւելի ուշ՝ վեցերորդ, իններորդ եւ վերջապէս տասնմէկերորդ ժամուն (կ.ե. 5։00)։

      Կրօնական առաջնորդները Յիսուսին հետեւող տղամարդիկն ու կիները «նզովուած» կը նկատեն (Յովհաննէս 7։49)։ Յիսուսին հետեւորդները իրենց կեանքին մեծ մասը անցուցած են զբաղելով ձկնորսութեամբ կամ ուրիշ գործերով։ Բայց Ք.Ե. 29–ի աշնան, «այգիին տէրը» Յիսուսը ղրկեց որ այս պարզ ժողովուրդը աշխատելու հրաւիրէ իր այգիին մէջ, որպէս Քրիստոսի աշակերտներ։ Անոնք «վերջիններ»ն են՝ տասնմէկերորդ ժամուն բանուորները։

      Իր առակին վերջաւորութեան, Յիսուս կը նկարագրէ թէ աշխատանքի օրուան վերջաւորութեան ի՛նչ կը պատահի. «Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. ‘Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները’։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյ մէկ դահեկան առին։ Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյ մէկ դահեկան։ Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. ‘Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք’։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. ‘Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ’։ Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին» (Մատթէոս 20։8-16)։

      Աշակերտներուն մտքին մէջ թերեւս հարցման նշան կայ Յիսուսի առակին վերջին մասին նկատմամբ։ Ինչպէ՞ս հրեայ կրօնական առաջնորդները, որոնք իրենք զիրենք «առաջին» կը սեպեն, պիտի ըլլան «յետին»։ Եւ ինչպէ՞ս աշակերտները պիտի ըլլան «առաջին»։

      Յիսուսին աշակերտները, որոնք փարիսեցիներուն եւ ուրիշներուն կողմէ «յետիններ» կը սեպուին, առիթ ունին որ «առաջին» ըլլան եւ լման վարձատրութիւն ստանան։ Երբ Յիսուս մեռնի, Աստուած պիտի մերժէ երկրային Երուսաղէմը եւ ընտրէ նոր ժողովուրդ մը՝ «Աստուծոյ իսրայէլ»ը (Գաղատացիս 6։16. Մատթէոս 23։38)։ Յովհաննէս Մկրտիչ այս անհատները ի մտի ունէր, երբ ըսաւ որ ապագային սուրբ հոգիով մկրտութիւն պիտի ըլլայ։ «Յետինները» պիտի ըլլան առաջին անհատները, որոնք սուրբ հոգիով պիտի մկրտուին եւ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան Յիսուսին վկաները ըլլալու՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։5, 8. Մատթէոս 3։11)։ Աշակերտները Յիսուսի խօսքերէն որոշ չափով կը հասկնան, թէ ինչ մեծ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ եւ թէ ինչ խիստ ատելութիւն պիտի դիմագրաւեն կրօնական առաջնորդներէն, որոնք «յետիններ» պիտի ըլլան։

      ◇ Ինչո՞ւ տրամաբանական է եզրակացնել որ Եհովան «այգիին տէր»ն է, եւ որո՞նք են «բանուորներ»ը։

      ◇ Յիսուս այս առակով ի՞նչ մեծ փոփոխութեան մը կ’ակնարկէ։

      ◇ Այս փոփոխութիւնը ե՞րբ յստակ կը դառնայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել